Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մեղքին նկատմամբ ի՞նչ փոխուած է

Մեղքին նկատմամբ ի՞նչ փոխուած է

Մեղքին նկատմամբ ի՞նչ փոխուած է

«ՍԿԶԲՆԱԿԱՆ մեղքին գաղափարը,– թէ բոլորս ալ նախնական սոսկալի աղէտի մը առնչուած ենք,– այժմէական մտքին չի համապատասխաներ. բայց ոչ ալ մեղքին գաղափարը ինքնին կը համապատասխանէ։ . . .Ատոլֆ Հիթլերի եւ Ճոզէֆ Սթալինի նման մարդիկ թերեւս մեղանչած են, բայց մնացեալներս պարագաներու եւ թերի յարմարման զոհեր ենք» (The Wall Street Journal

Ինչպէս վերոյիշեալ մէջբերումը ցոյց կու տայ, ներկայիս մեղքի ըմբռնումը խոր տագնապի մէջ է։ Բայց ինչո՞ւ։ Ի՞նչ բան փոխուած է։ Արդարեւ, ի՞նչ է մեղքի գաղափարը, զոր մարդիկ այժմ շատ առարկելի կը գտնեն։

Գաղափարը երկու երեսակ ունի,– ժառանգուած մեղք եւ անհատական մեղաւոր վարք։ Առաջինը բան մըն է՝ զոր ունինք, ուզենք կամ չուզենք, մինչ երկրորդը բան մըն է, զոր գիտակցաբար կը գործենք։ Այժմ իւրաքանչիւր երեսակ մօտէն քննենք։

Սկզբնական մեղքով արատաւորուա՞ծ ենք

Աստուածաշունչը կը նշէ, թէ մեր առաջին ծնողքին բարոյական թերացումը,– սկզբնական մեղքը,– ամբողջ մարդկութեան փոխանցուեցաւ։ Հետեւաբար, բոլորս ալ անկատարութեան բիծով կը ծնինք։ «Ամէն անիրաւութիւն մեղք է», կ’ըսէ Աստուածաշունչը (Ա. Յովհաննէս 5։17

Սակայն շատ մը եկեղեցասէրներու համար անըմբռնելի եւ անընդունելի է այն գաղափարը, թէ բոլոր մարդիկը ի ծնէ անկատար են յանցագործութեան մը պատճառաւ, որուն մէջ բաժին չեն բերած եւ որուն համար պատասխանատուութիւն չեն կրեր։ Աստուածաբանութեան ուսուցչապետ Էտուարտ Օքս կ’ըսէ, թէ մարդիկ այս վարդապետութեան նկատմամբ «լռելեայն կ’ամչնան, բացայայտօրէն զայն կը ժխտեն, կամ առնուազն զայն կիսասիրտ կը դաւանին,– վարդապետութիւնը ուղղակի չեն ուրանար, բայց չեն գիտեր թէ ինչպէ՛ս բարեպաշտ կեանքին մէջ անոր տեղ տան»։

Ինչ որ եկեղեցիները սորվեցուցած են սկզբնական մեղքին մասին, ազդակ մըն է՝ որ կը դժուարացնէ զայն ընդունիլը։ Օրինակ՝ Թրէնթի խորհրդաժողովին (1545-1563), եկեղեցին դատապարտեց ոեւէ անհատ, որ կ’ուրանար թէ նորածինները պէտք է մկրտուին իրենց մեղքերուն թողութեան համար։ Աստուածաբաններ ըսին, որ եթէ մանկիկ մը առանց մկրտուելու մահանայ, անոր չմաքրուած մեղքերը առյաւէտ արգելք պիտի ըլլան, որ երկնքի մէջ Աստուծոյ ներկայութեան գտնուի։ Կալվին նոյնիսկ սորվեցուց, թէ մանուկները ‘իրենց մօր արգանդէն իրենց հետ կը բերեն իրենց դատապարտութիւնը’։ Ան պնդեց թէ անոնց բնոյթը ‘Աստուծոյ աչքին ատելի ու զզուելի է’։

Շատեր բնազդաբար կը զգան, թէ նորածինները ա՛յնքան անմեղ արարածներ են, որ անմարդկային է խորհիլ թէ անոնք ժառանգուած մեղքին պատճառաւ պէտք է տառապին։ Դիւրին է նկատել թէ այսպիսի եկեղեցական ուսուցումներ ինչո՛ւ մարդիկը հեռացուցած են սկզբնական մեղքի վարդապետութենէն։ Իրականութեան մէջ, կարգ մը եկեղեցական առաջնորդներ չկրցան չմկրտուած մանկիկը դժոխքի կրակին դատապարտել։ Անոնց համար, մանկիկին վերջնական ճակատագիրը աստուածաբանական երկսայրաբանութիւն մը մնաց։ Բնաւ եկեղեցական վարդապետութիւն մը չդառնալով հանդերձ, դարեր շարունակ կաթողիկէ աւանդական ուսուցումը այն էր՝ թէ չմկրտուած անմեղներուն հոգիները Լիմպոսի մէջ պիտի բնակին։ *

Սկզբնական մեղքին հաւատալը տկարացնող այլ ազդակ մը այն էր, որ 19–րդ դարուն, փիլիսոփաներ, գիտնականներ եւ աստուածաբաններ սկսան Աստուածաշունչի արձանագրութիւններու պատմականութիւնը հարցականի տակ դնել։ Տարուինի բարեշրջութեան տեսութեան պատճառ, շատեր սկսան Ադամի ու Եւայի պատմութիւնը առասպել նկատել։ Հետեւաբար ներկայիս բազմաթիւ անհատներ կը սեպեն, թէ Աստուածաշունչը կը բովանդակէ իր գրողներուն մտայնութիւնն ու աւանդութիւնները, եւ ոչ թէ աստուածային յայտնութիւն։

Ասիկա սկզբնական մեղքին վարդապետութեան ինչպէ՞ս կ’ազդէ։ Բացայայտօրէն, եթէ եկեղեցասէրներ համոզուին թէ Ադամ ու Եւա որպէս իրական անձեր երբեք գոյութիւն չեն ունեցած, տրամաբանօրէն պիտի եզրակացնեն թէ սկզբնական մեղքը երբեք չէ գործուած։ Նոյնիսկ անոնք, որոնք յօժար են ընդունելու թէ մարդկութիւնը հիմնականօրէն թերութիւն ունի, սկզբնական մեղքի գաղափարը կը սեպեն ըսելու կերպ մը, թէ մարդը անկատար է։

Սկզբնական մեղքը այսքան քննարկելէ ետք, այժմ ի՞նչ կրնանք ըսել անհատական մեղքերուն մասին։

Միթէ ասիկա իրապէ՞ս մեղք է

Երբ անհատական մեղքերու մասին հարցուին, շատեր կը խորհին Տասը պատուիրաններուն մասին,– արգիլուած են սպանութիւնը, անհաւատարմութիւնը, հեշտասիրութիւնը, նախամուսնական սեռը, գողութիւնը, եւայլն։ Եկեղեցիներու աւանդական ուսուցումը այն էր, թէ ոեւէ անհատ, որ այսպիսի մեղքեր կը գործէ ու կը մեռնի առանց զղջում յայտնելու, դժոխքի կրակին յաւիտենական չարչարանքին պիտի ենթարկուի։ *

Այսպիսի ճակատագրէ մը խնայուելու համար, Կաթողիկէ եկեղեցին կը պահանջէ որ անհատը իր մեղքերը խոստովանի քահանայի մը, որպէսզի զինք անոնցմէ ձերբազատէ։ Սակայն կաթողիկէներու մեծամասնութեան համար, խոստովանութեան, արձակման եւ ապաշխարանքի ծէսը անցեալին պատկանող բան մը դարձած է։ Օրինակ՝ վերջերս կատարուած փորձագիտանք մը կը յայտնէ, թէ իտալացի կաթողիկէներուն աւելի քան 60 տոկոսը այլեւս խոստովանութեան չ’երթար։

Բացայայտ է թէ անհատական մեղքին եւ անոր հետեւանքներուն աւանդական գաղափարը,– ինչպէս որ եկեղեցիները կը բացատրեն,– մարդոց չէ օգնած մեղք գործելու սովորութիւնը յաղթահարելու։ Բազմաթիւ եկեղեցասէրներ այլեւս չեն հաւատար, թէ այս բոլոր բաները սխալ են։ Օրինակ՝ ոմանք կը պատճառաբանեն թէ ո՛ւր է սխալը, եթէ երկու չափահասներ փոխադարձ հաւանութեամբ սեռային յարաբերութիւն ունենան եւ ուրիշ մը չվնասուի։

Այդ պատճառաբանութեան հաւանական մէկ բացատրութիւնն է, թէ անհատները մեղքի մասին իրենց սորված բաներով չեն համոզուած։ Արդարեւ, շատեր դժուարութիւն կ’ունենան հաւատալու, թէ սիրալիր Աստուած մը մեղաւորները յաւիտեան կը չարչարէ դժոխքի կրակին մէջ։ Եւ թերեւս այսպիսի սկեպտիկութիւն մը կը բացատրէ, առնուազն մասամբ, թէ ինչո՛ւ «մեղքը» իր լրջութիւնը մեծապէս կորսնցուցած է։ Բայց ուրիշ ազդակներ ալ ճամբան հարթած են, որ մեղքի զգացումը կորսուի։

Աւանդական արժանիքներու մերժում

Վերջին քանի մը դարերու իրադարձութիւնները, ընկերութեան ու մարդոց մտայնութեան մէջ հսկայ փոփոխութիւններ յառաջ բերած են։ Երկու համաշխարհային պատերազմները, անհամար փոքր պատերազմներն ու այլազան ցեղասպանութիւնները պատճառ եղած են, որ շատեր աւանդական արժանիքներուն օգուտը հարցականի տակ դնեն։ Անոնք հարց կու տան. ‘Արուեստագիտականօրէն յառաջացած դարու մը մէջ, տրամաբանակա՞ն է ապրիլ չափանիշներու համաձայն, որոնք դարեր առաջ սահմանուած են եւ արդի իրողութիւններուն հետ բոլորովին քայլ չեն պահեր’։ Բազմաթիւ բանապաշտներ ու բարոյախօսներ եզրակացուցած են, թէ ասիկա տրամաբանական չէ։ Անոնք կը հաւատան թէ ընկերութիւնը պէտք է որոշ բարոյական կապանքներէ ու նախապաշարումներէ ձերբազատուի եւ ուսման միջոցաւ ջանայ մարդուն լման կարելիութիւնները զարգացնել։

Այս մտածումը ծայրայեղօրէն աշխարհիկ մշակոյթ մը յառաջ բերած է։ Եւրոպական շատ մը երկիրներու մէջ, քիչեր եկեղեցի կ’երթան։ Հետզհետէ աւելի մեծ թիւով անհատներ որոշ բանի մը չեն հաւատար, իսկ շատեր բացէ ի բաց կը հակառակին եկեղեցիներու հաւատքի հանգանակին, զայն անիմաստ նկատելով։ Անոնք կը պատճառաբանեն, որ եթէ մարդ արարածը պարզապէս իր միջավայրին ու բնական ընտրութեան արդիւնքն է, բարոյական յանցագործութեան համար մեղապարտ ըլլալու մասին խօսելու ի՞նչ հարկ կայ։

20–րդ դարուն, Արեւմտեան աշխարհին մէջ բարոյական ընդհանուր թոյլտուութիւնը առաջնորդած է, ուրիշ բաներու կողքին, այդպէս կոչուած սեռային յեղափոխութեան։ Աշակերտական բողոքները, հակամշակութային շարժումները եւ յղութիւնը արգիլող բժշկական միջոցառումները, պատշաճութեան աւանդական գաղափարներուն մերժումին մէջ իրենց դերը խաղցած են։ Շատ չանցած, աստուածաշնչական արժանիքները մէկ կողմ դրուեցան։ Նոր սերունդին տրուեցան նոր բարոյականութիւն մը եւ մեղքին հանդէպ նոր կեցուածք մը։ Անկէ ի վեր, կ’ըսէ գրող մը, «միակ օրէնքը՝ սիրոյ օրէնքն էր»,– որ հիմնականօրէն արտայայտուեցաւ անօրէն սեռով, որ ամէնուրեք ընդունելի դարձաւ։

Հաճոյակատար կրօնական մշակոյթ մը

Միացեալ Նահանգներուն մէջ գոյութիւն ունեցող կացութեան մասին մեկնաբանելով, Newsweek պարբերաթերթը անկեղծօրէն ըսաւ. «Բազմաթիւ կղերներ կը զգան, թէ պէտք է քարոզեն ինչ որ մարդոց հաճոյալի է, ապա թէ ոչ՝ անհատները այլուր պիտի երթան»։ Անոնք կը վախնան, որ եթէ իրենց ունկնդիրներուն վրայ բարոյական մեծ պահանջներ դնեն, զիրենք կորսնցնեն որպէս ծուխեր։ Մարդիկ չեն ուզեր լսել, թէ պէտք է մշակեն խոնարհութիւն, ինքնակրթութիւն եւ առաքինութիւն, կամ թէ պէտք է ականջ տան իրենց խղճմտանքին ու զղջում յայտնեն։ Ուստի շատ մը եկեղեցիներ կ’որդեգրեն ինչ որ Chicago Sun-Times կոչեց՝ «բուժական, օգտապաշտ, նոյնիսկ եսապաշտ ‘միայն իմ մասիս’ քրիստոնէական պատգամ մը, ետին ձգելով աւետարանը»։

Այս մտածելակերպը յառաջ կը բերէ կրօնական մշակոյթ մը, որ իր ուզած կերպով Աստուած կը սահմանէ, եւ եկեղեցիներ, որոնք կը կեդրոնանան ոչ թէ Աստուծոյ ու Իր պահանջներուն վրայ, այլ՝ մարդուն եւ իր ինքնահամարումը աւելցնող բաներուն վրայ։ Միակ նպատակն է՝ ժողովքին կարիքները մատակարարել։ Արդի՞ւնքը։ Կրօնք մը՝ որ վարդապետութիւններ չունի։ «Ի՞նչ բան կը լեցնէ այն պարապութիւնը, ուր քրիստոնէական բարոյական չափանիշները կային։ Աչքի զարնող կարեկցութեան բարոյագիտութիւնը, ուր ‘ազնիւ անհատ ըլլալը’ ամէն բան կը չքմեղացնէ» (The Wall Street Journal

Տրամաբանօրէն, այս ամէնը յառաջ բերած է կեցուածք մը, թէ որեւէ կրօնք որ հաճոյակատար է, լաւ է։ The Wall Street Journal կը նշէ, թէ այս տեսակէտը որդեգրող անհատը «կրնայ որեւէ կրօնք ընդունիլ, այնքան ատեն որ անիկա իսկական բարոյական պահանջներ չի դներ,– կը մխիթարէ բայց չի դատեր»։ Իսկ եկեղեցիները, իրենց կարգին, պատրաստ են անհատները ընդունելու «ճիշդ ինչպէս որ են», առանց որեւէ բարոյական պահանջ դնելու անոնց վրայ։

Վերոնշեալը թերեւս Աստուածաշունչի ընթերցողներուն միտքը բերէ մարգարէութիւն մը, զոր մ.թ. առաջին դարուն Պօղոս առաքեալ գրեց։ Ան ըսաւ. «Ժամանակ պիտի գայ, երբ մարդիկ ականջ պիտի չկախեն առողջ վարդապետութեան, այլ՝ իրենց սեփական ցանկութիւններուն համապատասխանող եւ զիրենք հաճոյացնող բաներու մասին խօսող ուսուցիչներ պիտի փնտռեն։ Պիտի չուզեն ճշմարտութիւնը լսել» (Բ. Տիմոթէոս 4։3, 4, Անթիլիաս

Երբ կրօնական առաջնորդներ մեղքը կը չքմեղացնեն, անոր գոյութիւնը կ’ուրանան եւ Աստուածաշունչի ըսածներուն փոխարէն՝ իրենց ծուխերը «հաճոյացնող բաներու մասին» կը խօսին, անոնք անհատներուն լուրջ վնաս կը հասցնեն։ Այսպիսի պատգամ մը սուտ ու վտանգաւոր է։ Անիկա քրիստոնէութեան հիմնական մէկ ուսուցումը կը խեղաթիւրէ։ Մեղքն ու ներումը, Յիսուսի եւ իր առաքեալներուն ուսուցանած բարի լուրին մէջ կեդրոնական տեղ կը գրաւեն։ Այս իրողութիւնը քննարկուած է յաջորդ յօդուածին մէջ։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 9 Թերեւս այս անաստուածաշնչական վարդապետութեան յառաջացուցած շփոթութեան պատճառաւ է, որ Լիմպոսը ընթացիկ կաթողիկէ կրօնագիտութենէն վերցուած է։ Տե՛ս «Աստուածաբանական արմատական փոփոխութիւն մը» շրջանակը, էջ 10։

^ պարբ. 14 Աստուածաշունչը կրակոտ դժոխքի մը մէջ առյաւէտ չարչարուելու հաւատալիքին թիկունք չի կանգնիր։ Մանրամասնութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 6–րդ գլուխը՝ «Ո՞ւր են մեռելները», հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

[Մէջբերում՝ էջ 7]

Հաճոյակատար կրօնական մշակոյթը վատ պտուղներ կ’արտադրէ

[Շրջանակ՝ էջ 6]

Մե՞ղք. «այլեւս հարց մը չէ»

▪ «Այժմ այս հարցը եկեղեցիին դիմագրաւած մեծագոյն մէկ խոչընդոտն է։ Այլեւս մենք մեզ չենք նկատեր ‘մեղաւորներ’, որոնք ներումի կարիք ունին։ Թերեւս անցեալին մեղքը խնդիր մըն էր, բայց հիմա այլեւս հարց մը չէ։ Ուստի, թէեւ եկեղեցին մեղքի խնդրին համար լուծում ունի, բայց ամերիկացիներուն մեծամասնութեան աչքին անիկա խնդիր չէ,– առնուազն լուրջ հարց չէ» (Ճոն Ա. Սթուտըպէյքըր՝ Կրտսեր, կրօնական գրող)։

▪ «Մարդիկ կ’ըսեն. ‘Բարոյական բարձր ակնկալութիւններ ունիմ, սակայն գիտեմ որ բոլորս ալ մարդ ենք, ուստի կը փորձեմ պարզապէս լաւագոյնս ընել’։ Բարոյականութեան հանգստաւէտ վայր մը կը գտնենք, միջակ դասակարգի միջակ մակարդակ մը, ուր կը խորհինք թէ լաւ ենք։ Բարի դրացի մը կ’ըլլանք։ Բայց կ’անտեսենք մեղքին առնչուած մեծ հարցերը» (Ալպերթ Մօլըր, Հարաւային մկրտչական դպրեվանքի նախագահ)։

▪ «Այժմ մարդիկ կը գովեն այն բաները, զորս անցեալին ամօթալից կը նկատէին [ինչպէս՝ այդպէս կոչուած եօթը մահացու մեղքերը]. ծնողներ հպարտութիւնը կը քաջալերեն՝ ինքնահամարումի համար էական նկատելով. խումբ մը ֆրանսացի խոհարարապետներ Վատիկանի խնդրագիր ներկայացուցած են, թէ որկրամոլ ըլլալը մեղք չէ։ Նախանձն է որ մարդիկը կը մղէ ժողովրդական հաղորդամիջոցներով հմայուելու։ Տռփանքը գովազդի ռազմավարութիւն մըն է. իսկ բարկութիւնը պատշաճ է, երբ անհատը դառնացած է։ Երբեմն իրապէս կ’ուզեմ ծոյլ ըլլալ» (Նենսի Կիպզ, Time պարբերաթերթ)։

[Նկար՝ էջ 5]

Ներկայիս շատեր Ադամի ու Եւայի պատմութիւնը առասպել կը նկատեն