Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մեղքի զգացումը կորսնցուցա՞ծ ենք

Մեղքի զգացումը կորսնցուցա՞ծ ենք

Մեղքի զգացումը կորսնցուցա՞ծ ենք

ՈՉ ՇԱՏ առաջ, եկեղեցասէրներ կանոնաւորաբար կը լսէին իրենց քարոզիչը, որ ամպիոնէն խստօրէն կը խօսէր այդպէս կոչուած «եօթը մահացու մեղքեր»ուն դէմ,– տռփանք, որկրամոլութիւն, ագահութիւն, ծուլութիւն, բարկութիւն, նախանձ ու հպարտութիւն։ Յաճախ քարոզիչը մեղքին ահռելի հետեւանքները կը նկարագրէր եւ իր ունկնդիրները կը յորդորէր որ ապաշխարեն։ Գրող մը կ’ըսէ. «Այժմ, կրօնական պատգամներուն մեծ մասը չի խօսիր մեղքին անախորժելի իրականութեան մասին, այլ կը կեդրոնանայ այն նիւթերուն վրայ, որոնցմով ունկնդիրները ինքզինքնին լաւ կը զգան»։

Կարգ մը լրագրողներ նոյն հոսանքը նկատած են։ Հետեւեալները մամուլէն քաղուած քանի մը մեկնաբանութիւններ են.

▪ «Մեղքի, ապաշխարութեան ու փրկութեան վերաբերող հին նիւթերը դուրս ձգուած են, իսկ ինքնահամարումի բուժական ոճը եւ անձնասիրութիւնը ներս առնուած են» (Star Beacon Ashtabula Ohio)։

▪ «Մեղաւոր ըլլալու գիտակցութիւնը գրեթէ անհետացած է» (Newsweek

▪ «Այլեւս չենք հարցներ. ‘Աստուած ինձմէ ի՞նչ կը պահանջէ’, այլ՝ ‘Աստուած ի՞նչ կրնայ ընել ինծի համար’» (Chicago Sun-Times

Այսօրուան բազմակարծիք ու հանդուրժող ընկերութեան մէջ, մարդիկ կը վարանին բարոյական դատողութիւններ ընելու։ Մեզի կ’ըսուի թէ ասիկա ընելը, քաղաքական գետնի վրայ շիտակ չէ։ Այնպէս կը թուի որ ուրիշի մը արարքները դատելը մեծագոյն մեղքն է։ Արդարեւ դիտել կը տրուի. ‘Հաւատալիքներդ քեզի՛ համար լաւ են, բայց մտածելակերպդ պէտք չէ ուրիշին պարտադրես։ Այս օրերուս, մարդիկ իրենց կեանքը շարք մը տարբեր արժանիքներու համաձայն կը կազմակերպեն։ Միակը չես որ բարոյապէս շիտակը գիտես։ Ուրիշներուն արժանիքները նո՛յնքան վաւերական են ո՛րքան արժանիքներդ’։

Այսպիսի պատճառաբանութիւն՝ մարդոց բառամթերքին մէջ փոփոխութիւն մտցուցած է։ Այժմ «մեղք» բառը լուրջ նիւթերու մէջ հազուադէպ կը գործածուի։ Շատերու համար, անիկա կատակի նիւթ դարձած է։ Երբ չամուսնացած զոյգ մը բնակակից կ’ըլլան, այլեւս չեն ըսեր թէ անոնք «մեղաւոր կեանք մը կը վարեն», այլ՝ պարզապէս «իրարու հետ կ’ապրին»։ Անոնք այլեւս «շնացողներ» չեն, հապա՝ «սիրային կապի մէջ են»։ Անոնք այլեւս «միասեռականներ» չեն, այլ՝ կը նախընտրեն «տարբեր կենցաղակերպ մը»։

Կասկած չկայ, թէ բան մը որպէս «բնական» ընդունելու կամ որպէս «մեղք» դատապարտելու մարդոց պատրաստակամութիւնը փոխուած է։ Բայց կեցուածքները ինչո՞ւ փոխուած են։ Մեղքին ի՞նչ պատահեցաւ։ Եւ իրօք տարբերութիւն կ’ընէ՞ թէ ի՛նչ է տեսակէտդ։