Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Մի՛ վախնար, ես քեզի պիտի օգնեմ»

«Մի՛ վախնար, ես քեզի պիտի օգնեմ»

«Մի՛ վախնար, ես քեզի պիտի օգնեմ»

ՅԻՍՈՒՍ իր հետեւորդները նախազգուշացուց. «Բանսարկուն ձեզմէ մէկ քանիները բանտը պիտի ձգէ, որպէս զի փորձուիք»։ Սակայն այդ զգուշացումէն ճիշդ առաջ, Յիսուս ըսաւ. «Բնաւ մի՛ վախնար այն բաներէն որոնք պիտի կրես»։ Որովհետեւ Սատանան կը շարունակէ բանտարկութեան սպառնալիքը գործածել իբրեւ Թագաւորութեան քարոզչութիւնը կասեցնելու միջոց, շատ հաւանական է որ կարգ մը կառավարութիւններ ճշմարիտ քրիստոնեաները հալածեն (Յայտ. 2։10. 12։17)։ Արդ, ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ, որ Սատանայի հնարքներուն պատրաստուած ըլլանք ու ‘չվախնանք’, ինչպէս Յիսուս յորդորեց։

Անշուշտ շատերս ատեն–ատեն վախի որոշ զգացումներ ունեցած ենք։ Այսուհանդերձ, Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը հաւաստիացնէ, թէ Եհովայի օգնութեամբ կրնանք վախի յանձնուելէ խուսափիլ։ Ինչպէ՞ս։ Սատանային ու իր գործակալներուն կողմէ գործածուած ռազմավարութիւնները բնորոշելը կերպ մըն է, որով Եհովա մեզի կ’օգնէ, որ պատրաստ ըլլանք հակառակութիւն դիմագրաւելու (Բ. Կոր. 2։11)։ Ասիկա լուսաբանելու համար, քննարկենք Աստուածաշունչի ժամանակներուն տեղի ունեցած դէպք մը։ Նաեւ նկատի պիտի առնենք այժմու հաւատարիմ հաւատակիցներու օրինակներ, որոնք ‘կրցան Սատանայի հնարքներուն դէմ դնել’ (Եփ. 6։11-14

Աստուածավախ թագաւոր մը կը դիմագրաւէ չար կառավարիչ մը

Մ.թ.ա. ութերորդ դարուն, Ասորեստանի Սենեքերիմ չար թագաւորը բազմաթիւ ազգերու վրայ յաղթանակներ տարաւ։ Ինքնավստահութեան զգացումով, ան իր ուշադրութիւնը դարձուց Եհովայի ժողովուրդին ու անոնց մայրաքաղաքին՝ Երուսաղէմի վրայ, ուր աստուածավախ Եզեկիա թագաւորը կ’իշխէր (Դ. Թագ. 18։1-3, 13)։ Անկասկած, Սատանան այս կացութիւնը կը շահագործէր, Սենեքերիմը դրդելով որ ճշմարիտ պաշտամունքը երկրագունդին վրայէն բնաջնջելու իր ծրագիրը իրագործէր (Ծն. 3։15

Սենեքերիմ պատուիրակութիւն մը ուղարկեց Երուսաղէմ, պահանջելով անոր յանձնուիլը։ Պատուիրակութեան մէջ կար Ռափսակ,– թագաւորին գլխաւոր բանբերը (Դ. Թագ. 18։17 * Ռափսակի նպատակակէտն էր՝ հրեաները յուսալքել եւ մղել, որ առանց կռուելու յանձնուին։ Ռափսակ հրեաներուն սիրտին մէջ վախ ձգելու համար ի՞նչ մեթոտներ գործածեց։

Հաւատարիմ՝ հակառակ մեկուսացման

Ռափսակ Եզեկիայի ներկայացուցիչներուն ըսաւ. «Մեծ թագաւորը, Ասորեստանի թագաւորը, այսպէս կ’ըսէ. ‘Ի՞նչ է այդ յոյսը, որուն դուն կ’ապաւինիս. . . Ահա դուն այն ջախջախուած եղէգէ ցուպին՝ Եգիպտոսին ապաւինեցար, որու եթէ մարդ մը կռթնի, ձեռքը պիտի մտնէ ու զանիկա պիտի ծակէ’» (Դ. Թագ. 18։19, 21)։ Ռափսակի ամբաստանութիւնը սուտ էր, քանի որ Եզեկիա Եգիպտոսի հետ դաշնակցութիւն չէր կնքած։ Այսուհանդերձ, այս ամբաստանութիւնը շեշտեց ինչ որ Ռափսակ կ’ուզէր հրեաներուն մտքին մէջ յստակօրէն դրոշմել. ‘Ո՛չ ոք ձեր օգնութեան պիտի փութայ։ Դուք առանձի՛ն էք,– մեկուսացած’։

Վերջերս, ճշմարիտ պաշտամունքի հակառակորդները նոյնպէս մեկուսացման սպառնալիքը գործածեցին, ջանալով ճշմարիտ քրիստոնեաներուն սրտին մէջ վախ յառաջացնել։ Քրիստոնեայ քոյր մը, որ երկար տարիներ իր հաւատքին համար բանտարկուած եւ իր հաւատակիցներէն մեկուսացուած էր, յետագային պատմեց թէ ի՛նչ բան իրեն օգնեց վախին տեղի չտալու։ Ան ըսաւ. «Աղօթքը ինծի օգնեց Եհովայի մօտենալու. . . Մտաբերեցի Եսայի 66։2–ի երաշխիքը, թէ Աստուած կը նայի ‘խոնարհին եւ կոտրած հոգի ունեցողին’։ Ասիկա ինծի համար միշտ զօրութեան աղբիւր ու մեծ մխիթարութիւն էր»։ Նմանապէս, տարիներ առանձնացած բանտարկութեան ենթարկուած եղբայր մը ըսաւ. «Անդրադարձայ թէ փոքր եւ ուղղանկիւն խուց մը կրնայ նաեւ տիեզերք մը ըլլալ, երբ անհատը Աստուծոյ հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն կը վայելէ»։ Այո, Եհովայի հետ սերտ փոխյարաբերութիւն ունենալը, այդ երկու քրիստոնեաներուն տուաւ հարկ եղած զօրութիւնը, որ մեկուսացման տոկան (Սաղ. 9։9, 10)։ Անոնց հալածիչները կրնային զիրենք բաժնել ընտանիքէն, բարեկամներէն ու հաւատակիցներէն, բայց բանտարկուած Վկաները գիտէին, որ իրենց հակառակորդները երբեք չէին կրնար զիրենք Եհովայէ անջատել (Հռով. 8։35-39

Ուստի ո՜րքան կարեւոր է, որ մատչելի ամէն առիթ օգտագործենք, Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութիւնը ամրապնդելու համար (Յակ. 4։8)։ Կանոնաւորաբար մենք մեզի պէտք է հարց տանք. ‘Եհովան ինծի համար ո՞րքան իրական է։ Անոր խօսքերը խորապէս կ’ազդե՞ն ինծի, մինչ առօրեայ կեանքին մէջ պզտիկ կամ մեծ որոշումներ կը կայացնեմ’ (Ղուկ. 16։10)։ Եթէ Աստուծոյ հետ մեր սերտ փոխյարաբերութիւնը պահպանելու համար ծանր աշխատինք, բնաւ վախնալու պատճառ չ’ըլլար։ Երեմիա մարգարէն, տառապեալ հրեաներուն բերանով խօսելով՝ ըսաւ. «Խորունկ գուբէն քու անունդ կանչեցի, ո՛վ Տէր։ . . .Քեզի կանչած օրս մօտեցար ու ըսիր. ‘Մի՛ վախնար’» (Ողբք 3։55-57

Կասկածներ ցանելը չի՛ յաջողիր

Ռափսակ խորամանկ պատճառաբանութիւն գործածեց, ջանալով կասկածներ ցանել։ Ան ըսաւ. «Ասիկա [Եհովան] չէ՞, որուն բարձր տեղերն ու սեղանները Եզեկիան վերցուց. . . Ինծի Եհովան ըսաւ. ‘Այն երկրին վրայ ելիր ու զանիկա աւերէ՛’» (Դ. Թագ. 18։22, 25)։ Այսպէս, Ռափսակ պատճառաբանեց թէ Եհովա Իր ժողովուրդին ի նպաստ պիտի չպատերազմէր, քանի որ անոնց չէր հաճած։ Բայց հակառակը ճիշդ էր։ Եհովա Եզեկիայի եւ ճշմարիտ պաշտամունքին վերադարձած հրեաներուն կը հաճէր (Դ. Թագ. 18։3-7

Ներկայիս, դաւ լարող հալածիչներ կրնան կարգ մը շիտակ տեղեկութիւններ տալ, որպէսզի հասարակաց գետին մը հաստատեն, բայց անոնք խորամանկութեամբ որոշ սուտեր ալ կը խառնեն, յուսալով կասկածներ ցանել։ Օրինակ, երբեմն բանտարկեալ եղբայրներու ու քոյրերու ըսուած է, թէ իրենց երկրին մէջ առաջնորդութիւն առնող եղբայր մը համակերպած է, եւ հետեւաբար սխալ չէ եթէ իրենք ալ նոյնն ընեն, իրենց համոզումներէն հրաժարելով։ Սակայն այսպիսի պատճառաբանութիւն մը, խորատես քրիստոնեաներուն մտքին մէջ կասկածներ չ’արթնցներ։

Նկատի առ թէ ինչ պատահեցաւ քրիստոնեայ քրոջ մը, Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին։ Մինչ ան բանտն էր, անոր ցոյց տրուեցան փաստաթուղթեր, որոնք կը նշէին թէ պատասխանատու եղբայր մը իր հաւատքը ուրացած էր։ Հարցաքննիչը քրոջ հարցուց, թէ արդեօք այդ Վկային կը հաւատա՛ր։ Քոյրը պատասխանեց. «[Ան] պարզապէս անկատար մարդ մըն է»։ Ապա աւելցուց, թէ այնքան ատեն որ եղբայրը աստուածաշնչական սկզբունքներուն կը հետեւէր, Աստուած զինք կը գործածէր, «բայց քանի որ անոր խօսքերը Աստուածաշունչէն շեղած են, ան այլեւս եղբայրս չէ»։ Այդ հաւատարիմ քոյրը խոհեմօրէն հետեւեցաւ Աստուածաշունչի սա խրատին. «Մի՛ յուսաք իշխաններուն, մարդու որդիին՝ որուն քով փրկութիւն չկայ» (Սաղ. 146։3

Աստուծոյ Խօսքին ճշգրիտ գիտութիւնը ունենալը եւ անոր խրատները կիրարկելը, մեզի պիտի օգնեն զգուշանալու խաբէական պատճառաբանութենէն, որ կրնայ տոկալու մեր վճռականութիւնը տկարացնել (Եփ. 4։13, 14. Եբ. 6։19)։ Ուստի, որպէսզի պատրաստուինք ճնշումի ներքեւ յստակօրէն մտածելու, նախապատուութիւնը պէտք է տանք Աստուածաշունչի առօրեայ ընթերցանութեան եւ անձնական ուսումնասիրութեան (Եբ. 4։12)։ Այո, հի՛մա է ժամանակը մեր գիտութիւնը խորացնելու եւ մեր հաւատքը ամրապնդելու։ Եղբայր մը, որ երկար տարիներ առանձնացած բանտարկութեան տոկաց, ըսաւ. «Կ’ուզեմ բոլորը քաջալերել, որ մատակարարուած ամբողջ հոգեւոր սնունդը գնահատեն, քանի որ չենք գիտեր թէ անիկա ճիշդ ինչպէ՛ս եւ ե՛րբ օգտակար պիտի ըլլայ մեզի»։ Արդարեւ, եթէ Աստուծոյ Խօսքը եւ ծառայ դասակարգին հայթայթած հրատարակութիւնները ուշադրութեամբ ուսումնասիրենք, կեանքի ճգնաժամային պահերուն՝ սուրբ հոգին ‘մտքերնիս պիտի բերէ’ ինչ որ սորված ենք (Յովհ. 14։26

Պաշտպանուած՝ վախի դէմ

Ռափսակ փորձեց հրեաները վախցնել։ Ան ըսաւ. «Իմ տիրոջս, Ասորեստանի թագաւորին հետ հաշտուէ ու քեզի երկու հազար ձի տամ, եթէ դուն անոնց վրայ հեծնողներ դնելու կարող ես։ Եւ իմ տիրոջս ամենէն պզտիկ ծառաներէն մէկ կուսակալին ի՞նչպէս կրնաս դէմ դնել» (Դ. Թագ. 18։23, 24)։ Մարդկային տեսանկիւնէն դիտուած, կարելի չէր որ Եզեկիան եւ իր ժողովուրդը Ասորեստանի հզօր բանակին դէմ դնէին։

Ներկայիս հալածիչները նոյնպէս կրնան չափազանց հզօր թուիլ, յատկապէս երբ պետութիւնը լիովին անոնց ետին կը կանգնի։ Պարագան նոյնն էր նացի հալածիչներուն, Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին։ Անոնք ջանացին Աստուծոյ ծառաներէն շատերը վախցնել։ Տարիներ բանտարկուած եղբայր մը, յետագային նկարագրեց թէ ինչպէ՛ս սպառնալիքի ենթարկուեցաւ։ Առիթով մը, սպայ մը հարցուց. «Տեսա՞ր ինչպէս եղբայրդ գնդակահարուեցաւ։ Ատկէ ի՞նչ դաս սորվեցար»։ Եղբօր պատասխանը եղաւ. «Ես Եհովայի վկայ մըն եմ եւ այդպէս ալ պիտի մնամ»։ «Ուրեմն յաջորդ գնդակահարուողը դո՛ւն պիտի ըլլաս», սպառնաց սպան։ Ասով մէկտեղ, եղբայրը հաստատ մնաց, իսկ թշնամին ետ քաշուեցաւ։ Ի՞նչ բան զինք կարող դարձուց, որ այսպիսի սպառնալիքի մը առջեւ հաստատ կենայ։ Ան պատասխանեց. «Եհովայի անուան վստահեցայ» (Առ. 18։10

Եհովայի հանդէպ կատարեալ հաւատք ունենալով, կը կրենք հսկայ վահան մը, որ մեզ կը պաշտպանէ Սատանայի գործածած բոլոր միջոցներէն, որ հոգեւորապէս մեզի վնաս հասցնէ (Եփ. 6։16)։ Ուստի տեղին է որ աղօթքով Եհովայէ խնդրենք, որ մեզի օգնէ մեր հաւատքը ամրացնելու (Ղուկ. 17։5)։ Նաեւ, լաւ կերպով պէտք է օգտագործենք հաւատարիմ ծառայ դասակարգին հաւատք–զօրացնող կարգադրութիւնները։ Երբ սպառնալիքներ դիմագրաւենք, կ’ամրապնդուինք մտաբերելով Եհովայի երաշխիքը, զոր տուաւ Եզեկիէլ մարգարէին, որ պնդագլուխ ժողովուրդի մը պատգամ պիտի հաղորդէր։ Եհովա անոր ըսաւ. «Անոնց երեսին դէմ քու երեսդ պինդ ու անոնց ճակատին դէմ քու ճակատդ պինդ ըրի։ Քու ճակատդ վէմէն ամուր՝ ադամանդի պէս ըրի» (Եզեկ. 3։8, 9)։ Ի պահանջել հարկին, Եհովա կրնայ մեզի օգնել, որ ադամանդի պէս ամուր ըլլանք, ինչպէս որ Եզեկիէլ պէտք էր ըլլար։

Փորձութիւններուն դէմ դնել

Հակառակորդները նկատած են, թէ երբ իրենց այլազան մեթոտները ձախողին, փորձիչ վարձատրութիւններ կրնան երբեմն անհատի մը ուղղամտութիւնը բեկանել։ Ռափսակ ալ այս մեթոտը գործածեց։ Ան Երուսաղէմի բնակիչներուն ըսաւ. «Ասորեստանի թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ինծի հետ հաշտութիւն ըրէ՛ք ու ինծի եկէ՛ք. . . մինչեւ որ ես գամ ու ձեզ ձեր երկրին պէս երկիր մը, ցորենի ու գինիի երկիր մը, հացի ու այգիներու երկիր մը, իւղ տուող ձիթենիներու ու մեղրի երկիր մը տանիմ, որպէս զի ապրիք ու չմեռնիք’» (Դ. Թագ. 18։31, 32)։ Պաշարուած քաղաքին պարիսպներուն ետին արգելափակուած անհատներուն համար, թարմ հաց ուտելու եւ նոր գինի խմելու հեռանկարը շա՜տ գրաւիչ ըլլալու էր։

Այսպիսի հեռանկար մը անգամ մը ներկայացուեցաւ, բանտարկուած միսիոնարի մը հաստատամտութիւնը տկարացնելու միտումով։ Անոր ըսուեցաւ, թէ պիտի տարուի «գեղեցիկ պարտէզ»ով շրջապատուած «հաճելի բնակարան» մը եւ հոն վեց ամիս պիտի մնայ, որպէսզի կարենայ խորհրդածել։ Սակայն եղբայրը հոգեւորապէս զգաստ մնաց եւ իր քրիստոնէական սկզբունքներուն մէջ զիջումներ չըրաւ։ Ի՞նչ բան իրեն օգնեց։ Յետագային, ան բացատրեց. «Թագաւորութեան մասին կը մտածէի որպէս իսկական յոյս։ . . .Զիս չկրցան համոզել, քանի որ Աստուծոյ արքայութեան մասին ունեցած գիտութիւնս զիս ամրապնդած էր. ատկէ վստահ էի եւ պահ մը իսկ ատոր մասին չկասկածեցայ»։

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մեզի համար ո՞րքան իրական է։ Աբրահամ նահապետ, Պօղոս առաքեալ եւ Յիսուս կրցան դժուար փորձութիւններու տոկալ, քանի որ Թագաւորութիւնը իրենց համար իրական էր (Փլպ. 3։13, 14. Եբ. 11։8-10. 12։2)։ Եթէ շարունակենք Թագաւորութիւնը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնել եւ անոր մնայուն օրհնութիւնները մեր մտքին մէջ վառ պահել, մենք ալ կրնանք նեղութիւններէ առժամեայ հանգստութիւն խոստացող առաջարկները ընդունելու փորձութեան դէմ դնել (Բ. Կոր. 4։16-18

Եհովա մեզ պիտի չլքէ

Հակառակ հրեաները վախցնելու Ռափսակի բոլոր ջանքերուն, Եզեկիա եւ իր հպատակները իրենց անսասան վստահութիւնը Եհովայի վրայ դրին (Դ. Թագ. 19։15, 19. Եսա. 37։5-7)։ Իր կարգին, Եհովա անոնց աղօթքներուն պատասխանեց, ղրկելով հրեշտակ մը՝ որ մէկ գիշերուան մէջ ասորեստանցիներու բանակավայրին մէջ 185,000 զինուոր սպաննեց։ Յաջորդ օրն իսկ, Սենեքերիմ արտորնօք եւ ամօթահար իր մայրաքաղաքը՝ Նինուէ վերադարձաւ, ողջ մնացած խումբ մը զինուորներով (Դ. Թագ. 19։35, 36

Բացայայտօրէն, Եհովա իրեն վստահողները չլքեց։ Փորձութեան ներքեւ հաստատ մնացող մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն օրինակը ցոյց կու տայ, թէ Եհովա տակաւին նոյնն է։ Ուստի վաւերական պատճառով մը, մեր երկնաւոր Հայրը մեզ կը հաւաստիացնէ. «Ես քու Տէր Աստուածդ եմ, որ քու աջ ձեռքէդ կը բռնեմ ու քեզի կ’ըսեմ. ‘Մի՛ վախնար, ես քեզի պիտի օգնեմ’» (Եսա. 41։13

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 6 «Ռափսակ» ասորեստանցի բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը տիտղոսն էր։ Անհատին անձնական անունը չէ յայտնուած արձանագրութեան մէջ։

[Մէջբերում՝ էջ 13]

Իր Խօսքին մէջ, Եհովա աւելի քան 30 անգամ իր ծառաները կը հաւաստիացնէ՝ ըսելով. «Մի՛ վախնար»

[Նկար՝ էջ 12]

Աստուծոյ ծառաներուն արդի թշնամիներուն գործածած ռազմավարութիւնները, ինչպէ՞ս համանման են Ռափսակի ռազմավարութիւններուն

[Նկարներ՝ էջ 15]

Եհովայի հետ սերտ փոխյարաբերութիւնը մեզ կարող կը դարձնէ, որ փորձութեան ներքեւ ուղղամիտ մնանք