Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ո՞վ կրնայ օգնութիւն խնդրողները ազատել

Ո՞վ կրնայ օգնութիւն խնդրողները ազատել

Ո՞վ կրնայ օգնութիւն խնդրողները ազատել

«Ո՛վ Աստուած, քու իրաւունքներդ թագաւորին տուր. . . Վասն զի աղքատը պիտի փրկէ աղաղակելու ատենը» (ՍԱՂ. 72։1, 12

1. Աստուծոյ ողորմութեան մասին ի՞նչ կը սորվինք, Դաւիթի պարագան նկատի առնելով։

ՈՐՉԱ՜Փ սրտապնդիչ են այդ խօսքերը, զորս ըստ երեւոյթին վաղեմի Իսրայէլի Դաւիթ թագաւորը գրեց։ Զանոնք գրելէ տարիներ առաջ, ան խղճի խայթ ունեցաւ՝ Բերսաբէի հետ շնութիւն գործելէ ետք։ Այդ ժամանակ, Դաւիթ Աստուծոյ աղերսեց. «Քու առատ գթութեանդ համեմատ ջնջէ իմ յանցանքներս։ . . .Իմ մեղքս միշտ իմ առջեւս է։ . . .Ահա ես անօրէնութիւնով ծնայ ու իմ մայրս մեղքով յղացաւ զիս» (Սաղ. 51։1-5)։ Եհովա մեր ժառանգած մեղաւոր վիճակը ողորմածօրէն հաշուի կ’առնէ։

2. Ինչպէ՞ս կրնայ 72–րդ սաղմոսը մեզի օգնել։

2 Եհովա մեր ողբալի վիճակը կը հասկնայ։ Սակայն ինչպէս որ նախագուշակուած է, Աստուծոյ օծեալ Թագաւորը «աղքատը պիտի փրկէ աղաղակելու ատենը, խեղճն ալ ու զանիկա ալ, որ օգնական չունի։ Պիտի խղճայ աղքատին ու տնանկին եւ տնանկներուն անձերը պիտի ազատէ» (Սաղ. 72։12, 13)։ Ամոքումը ինչպէ՞ս պիտի հայթայթուի։ 72–րդ սաղմոսը պատասխանը կու տայ։ Դաւիթի որդիին՝ Սողոմոնի թագաւորութեան առնչութեամբ յօրինուած ըլլալով, այս երգը կը հայթայթէ նախանմոյշներ, թէ Աստուծոյ Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի իշխանութիւնը ինչպէ՛ս մարդկութիւնը տառապանքէն պիտի ազատէ։

Քրիստոսի իշխանութեան նախօրինակ մը

3. Սողոմոն ի՞նչ խնդրեց, եւ Աստուած ի՞նչ շնորհեց։

3 Հրամայելէ ետք որ Սողոմոն թագադրուի, տարիքը առած Դաւիթ մասնայատուկ ուղղութիւններ տուաւ, զորս Սողոմոն հաւատարմօրէն կատարեց (Գ. Թագ. 1։32-35. 2։1-3)։ Յետագային, Եհովա երազի մը մէջ Սողոմոնի երեւցաւ ու ըսաւ. «Բան մը խնդրէ որ քեզի տամ»։ Սողոմոն միայն մէկ խնդրանք ներկայացուց. «Քու ծառայիդ իմաստուն սիրտ տուր, որպէս զի քու ժողովուրդդ դատէ ու բարին ու չարը որոշէ»։ Սողոմոնի համեստ խնդրանքին որպէս արդիւնք, Աստուած անոր ուզածը եւ աւելին շնորհեց (Գ. Թագ. 3։5, 9-13

4. Ժամանակակից թագուհի մը ինչպէ՞ս նկարագրեց Սողոմոնի իշխանութիւնը։

4 Եհովայի օրհնութեամբ, Սողոմոնի իշխանութիւնը խաղաղութեան ու բարգաւաճութեան աչքառու ժամանակաշրջան մը մէջտեղ բերաւ, որուն նմանը երկրագունդին վրայ որեւէ կառավարութիւն բնաւ չէ իրագործած (Գ. Թագ. 4։25)։ Հսկայ շքախումբով Սաբայի թագուհին եկաւ տեսնելու, թէ Սողոմոնի իշխանութիւնը ինչպիսի՛ բան մըն էր։ Ան Սողոմոնի ըսաւ. «Իմ երկրիս մէջ լսած խօսքերս ճշմարիտ են եղեր. . . ինծի ասոր կէսը պատմած չէին։ Քու իմաստութիւնդ ու երջանկութիւնդ իմ լսած համբաւէս աւելի է» (Գ. Թագ. 10։1, 6, 7)։ Սակայն Յիսուս շա՜տ աւելի մեծ իմաստութիւն ցոյց տուաւ։ Ան իր մասին իրաւացիօրէն կրցաւ ըսել. «Ահա Սողոմոնէն մեծ մէկը կայ հոս» (Մատ. 12։42

Ամոքում՝ Մեծագոյն Սողոմոնի իշխանութեան ներքեւ

5. 72–րդ սաղմոսը ի՞նչ կը յայտնէ եւ ի՞նչ նախանմոյշ մը կը հայթայթէ։

5 Այժմ քննենք 72–րդ սաղմոսի երեսակները, Մեծագոյն Սողոմոնին՝ Յիսուս Քրիստոսին իշխանութեան օրհնութիւններուն մասին սորվելու նպատակով (կարդալ՝ Սաղմոս 72։1-4Այս սաղմոսը կը յայտնէ, թէ Եհովա իր Որդիին՝ «Խաղաղութեան Իշխան»ին՝ Յիսուս Քրիստոսի իշխանութեան մասին ինչպէ՛ս կը զգայ (Եսա. 9։6, 7)։ Աստուծոյ առաջնորդութեան ներքեւ, Մեծագոյն Սողոմոնը «արդարութիւնով պիտի դատէ աղքատները, եւ տնանկին զաւակները պիտի ազատէ»։ Իր իշխանութիւնը խաղաղութեան եւ արդարութեան իշխանութիւն պիտի ըլլայ։ Մինչ երկրի վրայ էր, Յիսուս իր գալիք հազարամեայ իշխանութեան իրագործումներուն մասին նախանմոյշ մը տուաւ (Յայտ. 20։4

6. Յիսուս Թագաւորութեան իշխանութեան օրհնութիւններուն մասին ի՞նչ գաղափար մը տուաւ։

6 Նկատի առ Յիսուս Քրիստոսի կարգ մը գործունէութիւնները, որոնք մեզի գաղափար մը կու տան, թէ ան ի՛նչ պիտի ընէ մարդկութեան համար, առ ի կատարում 72–րդ սաղմոսին։ Պատշաճօրէն կը տպաւորուինք իր մեծ կարեկցութեամբ, զոր ցոյց տուաւ տառապեալներուն (Մատ. 9։35, 36. 15։29-31)։ Օրինակ՝ բորոտ մը Յիսուսին մօտենալով աղերսեց. «Եթէ ուզես, կրնաս զիս մաքրել»։ Յիսուս պատասխանեց. «Կ’ուզե՛մ, մաքրուէ»։ Եւ մարդը բժշկուեցաւ (Մար. 1։40-42)։ Ուրիշ առիթով, Յիսուս այրի կնոջ մը հանդիպեցաւ, որուն մէկ հատիկ զաւակը մահացած էր։ ‘Խղճալով’, Յիսուս ըսաւ. «Ելի՛ր», եւ իսկոյն անոր տղան ելաւ։ Ան դարձեալ ողջ էր (Ղուկ. 7։11-15

7, 8. Յիսուսի բուժիչ զօրութեան կարգ մը ապացոյցները ի՞նչ էին։

7 Եհովա Յիսուսին կարողութիւն տուաւ հրաշքներ կատարելու։ ‘Տասներկու տարի արիւնի տեռատեսութեան մէջ եղող կնոջ մը’ պարագան ասիկա լուսաբանեց։ Ան «շատ նեղութիւն կրած էր շատ բժիշկներէ եւ իր բոլոր ունեցածը վատներ էր», առանց օգուտ մը գտնելու։ Կինը բազմութեան մէջ մտաւ ու Յիսուսին դպաւ,– Օրէնքը բեկանելով որպէս ‘արեան ծորում ունեցող’ (Ղեւ. 15։19, 25)։ Յիսուս զգաց թէ իրմէ զօրութիւն մը ելաւ ու հետեւաբար հարցուց թէ ո՛վ էր իրեն դպչողը։ Կինը «վախցաւ ու դողաց» եւ «անոր առջեւ ինկաւ ու բոլոր բաները շիտկէ շիտակ ըսաւ անոր»։ Գիտակցելով որ կինը բժշկողը Եհովան էր, Յիսուս անոր հետ ազնուութեամբ վարուելով ըսաւ. «Ա՛ղջիկ, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց. գնա խաղաղութեամբ եւ բժշկուի՛ր քու տանջանքէդ» (Մար. 5։25-27, 30, 33, 34

8 Յիսուսի աստուածատուր բուժիչ զօրութիւնը հիւանդները բժշկեց, բայց անիկա նաեւ դիտորդներուն վրայ շշմեցուցիչ ազդեցութիւն մը բանեցուցած ըլլալու էր։ Օրինակ՝ հռչակաւոր Լերան քարոզէն առաջ, շատեր անկասկած տպաւորուեցան, երբ տեսան թէ Յիսուս մարդիկը կը բժշկէր (Ղուկ. 6։17-19)։ Երբ Յովհաննէս Մկրտիչ երկու պատգամաբերներ ղրկեց՝ Յիսուսի Մեսիա ըլլալը հաստատելու համար, անոնք տեսան թէ Յիսուս ‘շատերը կը բժշկէր իրենց հիւանդութիւններէն ու հարուածներէն եւ չար ոգիներէն ու շատ կոյրերու տեսութիւն կը շնորհէր’։ Ապա Յիսուս անոնց ըսաւ. «Գացէք Յովհաննէսին պատմեցէք ինչ որ տեսաք ու լսեցիք, թէ կոյրերը կը տեսնեն, կաղերը կը քալեն, բորոտները կը մաքրուին, խուլերը կը լսեն, մեռելները յարութիւն կ’առնեն, աղքատներուն աւետարան կը քարոզուի» (Ղուկ. 7։19-22)։ Այդ պատգամը ո՜րքան քաջալերած ըլլալու էր Յովհաննէսը։

9. Յիսուսի հրաշքները ի՞նչ բանի նախանմոյշ էին։

9 Ճիշդ է որ իր երկրային ծառայութեան ընթացքին Յիսուսի հայթայթած ամոքումը միայն առժամեայ էր,– բժշկուած կամ յարուցանուած անհատները ի վերջոյ մահացան։ Սակայն երկրի վրայ Յիսուսի կատարած հրաշքները նախանմոյշ էին այն մնայուն ամոքումին, զոր մարդկութիւնը պիտի վայելէ մեսիական իշխանութեան ներքեւ։

Մօտալուտ աշխարհածաւալ Դրախտ մը

10, 11. ա) Թագաւորութեան օրհնութիւնները ո՞րքան պիտի գոյատեւեն, եւ Յիսուսի իշխանութիւնը ինչպիսի՞ բան մը պիտի ըլլայ։ բ) Ո՞վ Քրիստոսի հետ Դրախտին մէջ պիտի ըլլայ, եւ ան ինչպէ՞ս պիտի կարենայ առյաւէտ ապրիլ։

10 Փորձէ մտապատկերել թէ ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ կեանքը Դրախտին մէջ երկրագունդին վրայ (կարդալ՝ Սաղմոս 72։5-9Միակ ճշմարիտ Աստուծոյ երկրպագուները պիտի կարենան Դրախտին մէջ կեանքը վայելել, այնքան ատեն որ արեգակն ու լուսինը կը գոյատեւեն,– այո, յաւիտեա՛ն։ Թագաւոր Յիսուս Քրիստոս սփոփարար պիտի ըլլայ, ‘հնձուած խոտի վրայ իջած անձրեւի պէս, եւ տեղատարափներու պէս՝ որոնք երկիրը կը թրջեն’։

11 Մինչ այս սաղմոսին կատարումը կը մտապատկերես, երկրային դրախտին մէջ յաւիտեան ապրելու յոյսով սիրտդ չի՞ տոգորուիր։ Ցցահարուած չարագործը վստահաբար հրճուեցաւ, երբ Յիսուս իրեն ըսաւ. «Ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս» (Ղուկ. 23։43)։ Յիսուսի հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին, այդ մարդը պիտի վերակենդանանայ։ Եթէ Քրիստոսի իշխանութեան ենթարկուի, ան պիտի կարենայ երկրի վրայ կատարեալ առողջութեամբ եւ ուրախութեամբ առյաւէտ ապրիլ։

12. Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին, յարուցանուած անարդարներուն ի՞նչ պատեհութիւն մատչելի պիտի ըլլայ։

12 Մեծագոյն Սողոմոնի՝ Յիսուս Քրիստոսի իշխանութեան ներքեւ, «արդարը պիտի ծաղկի», այսինքն՝ պիտի բարգաւաճի կամ ուռճանայ (Սաղ. 72։7)։ Այն ատեն Քրիստոսի սէրը եւ գորովալից հոգածութիւնը առատ պիտի ըլլան, ճիշդ ինչպէս որ էին՝ երբ ան երկրի վրայ էր։ Աստուծոյ խոստացեալ նոր աշխարհին մէջ, նոյնիսկ «մեղաւորներուն»՝ որոնք կը յարուցանուին, սիրալիր պատեհութիւն պիտի տրուի, որ Եհովայի չափանիշներուն ենթարկուելով ապրին (Գործք 24։15)։ Անշուշտ, աստուածային պահանջներուն հետ ներդաշնակ գործելը մերժող անհատներուն թոյլ պիտի չտրուի, որ շարունակեն ապրիլ եւ խանգարել նոր աշխարհի խաղաղութիւնն ու անդորրութիւնը։

13. Թագաւորութեան իշխանութիւնը ո՞րչափ ընդարձակ պիտի ըլլայ, իսկ անոր խաղաղութիւնը ինչո՞ւ բնաւ պիտի չխանգարուի։

13 Մեծագոյն Սողոմոնի իշխանութեան աշխարհածաւալ տարողութիւնը նշուած է սա խօսքերով. «Ծովէն մինչեւ ծովը պիտի տիրէ անիկա ու [Եփրատ] գետէն մինչեւ երկրին ծայրերը։ Անոր առջեւ անապատին բնակիչները ծունկ պիտի ծռեն ու անոր թշնամիները փոշի պիտի լզեն» (Սաղ. 72։8, 9)։ Այո, Յիսուս Քրիստոս ամբողջ երկրագունդին վրայ պիտի իշխէ (Զաք. 9։9, 10)։ Այս իշխանութիւնը եւ անոր օրհնութիւնները գնահատողները «ծունկ պիտի ծռեն», յօժարակամ հպատակում ցոյց տալով։ Միւս կողմէ, անզեղջ մեղաւորները պիտի կորսուին, կարծես թէ երբ «հարիւր տարեկան» են (Եսա. 65։20)։ Անոնք «փոշի պիտի լզեն»։

Մեզի հանդէպ կարեկցական հոգածութիւն

14, 15. Ինչպէ՞ս գիտենք թէ Յիսուս մարդկային զգացումները կը հասկնայ եւ «աղքատը պիտի փրկէ աղաղակելու ատենը»։

14 Մեղաւոր մարդկութիւնը խղճալի վիճակի մէջ է ու մեծապէս կարիք ունի օգնութեան։ Բայց մեզի համար յոյս մը կայ (կարդալ՝ Սաղմոս 72։12-14Յիսուս՝ Մեծագոյն Սողոմոնը, մեզի հանդէպ կարեկցութիւն ունի, քանի որ մեր անկատար վիճակը կը հասկնայ։ Ասկէ զատ, Յիսուս արդարութեան սիրոյն տանջուեցաւ, եւ Աստուած թոյլ տուաւ որ ան առանձին փորձութիւններ դիմագրաւէ։ Արդարեւ, Յիսուս ա՛յնքան զգացական տառապանք կրեց, որ ‘իր քրտինքը արիւնի մեծ կաթիլներու պէս եղաւ, որ գետինը կը թափուէր’ (Ղուկ. 22։43, 44)։ Ետքը, տանջանքի ցիցին վրայ, ան աղաղակեց. «Աստուա՜ծ իմ, Աստուա՜ծ իմ, ինչո՞ւ զիս թողուցիր» (Մատ. 27։45, 46)։ Հակառակ իր քաշած բոլոր չարչարանքներուն, եւ հակառակ Սատանայի ամէն ջանքին որ զինք Եհովայէ հեռացնէ, Յիսուս հաւատարիմ մնաց Եհովա Աստուծոյ։

15 Կրնանք վստահ ըլլալ թէ Յիսուս մեր վիշտը կը տեսնէ եւ «աղքատը պիտի փրկէ աղաղակելու ատենը, խեղճն ալ ու զանիկա ալ, որ օգնական չունի»։ Իր Հօր նման սիրալիր հոգածութիւն ունենալով, Յիսուս ‘տնանկները պիտի լսէ’ եւ ‘սրտով կոտրածները պիտի բժշկէ, անոնց խոցերը փաթթելով’ (Սաղ. 69։33. 147։3)։ Յիսուս կրնայ «մեր տկարութիւններուն կարեկից ըլլալ», քանի որ «ինք ամէն կերպով փորձը առած է մեզի նման» (Եբ. 4։15)։ Ի՜նչ լաւ է գիտնալ, թէ Թագաւոր Յիսուս Քրիստոս այժմ երկնքին մէջ կ’իշխէ եւ կը տենչայ տառապանք կրող մարդիկը ազատել։

16. Սողոմոն ինչո՞ւ կրցաւ իր հպատակներուն կարեկցիլ։

16 Որովհետեւ Սողոմոն իմաստութիւն ու խորատեսութիւն ունէր, ան անկասկած «խղճաց աղքատին»։ Աւելին, իր կեանքը վշտագին իրադարձութիւններով յատկանշուած էր։ Ամնոն՝ իր եղբայրը, բռնաբարեց Թամարը՝ իր քոյրը, եւ այս պատճառով սպաննուեցաւ իր եղբօր՝ Աբիսողոմի կողմէ (Բ. Թագ. 13։1, 14, 28, 29)։ Աբիսողոմ Դաւիթի գահը բռնակալեց, բայց իր դաւը ձախողելով՝ Յովաբ զինք սպաննեց (Բ. Թագ. 15։10, 14. 18։9, 14)։ Յետագային, Սողոմոնի եղբայրը՝ Ադոնիա, փորձեց գահը խլել։ Եթէ ան յաջողէր, անտարակոյս Սողոմոն մահուան պիտի մատնուէր (Գ. Թագ. 1։5Եհովայի տաճարին նաւակատիքին առթիւ Սողոմոնի մատուցած աղօթքը բացայայտ կը դարձնէ, թէ ան մարդկային տառապանքը հասկցած էր։ Իր հպատակներուն առնչութեամբ, թագաւորը աղօթեց. ‘Իւրաքանչիւր մարդ իր ախտն ու ցաւը կը ճանչնայ. . . դուն լսէ՛ ու ներէ՛ եւ ամէն մարդու իր բոլոր ճամբաներուն համեմատ հատուցում ըրէ՛’ (Բ. Մն. 6։29, 30

17, 18. Աստուծոյ ծառաներէն ոմանք ի՞նչ ցաւ դիմագրաւած են, եւ ի՞նչ բան իրենց օգնած է։

17 Անցեալ փորձառութիւններու ազդեցութիւնները կրնան ‘մեր ցաւին’ պատճառը ըլլալ։ Մէրի, * 30–ական տարիքի մէջ եղող Եհովայի վկայ մը, կը գրէ. «Երջանիկ ըլլալու ամէն պատճառ ունիմ, բայց իմ անցեալս յաճախ նախատինքի եւ զզուանքի զգացումներ կ’արթնցնէ։ Արդիւնքը կ’ըլլայ խոր տրտմութիւն ու կը սկսիմ լալ, կարծես թէ ամէն բան երէկ պատահեցաւ։ Արմատացած յիշողութիւններ տակաւին յառաջ կը բերեն անարժանաւորութեան ու յանցապարտութեան ջախջախիչ զգացումներ»։

18 Աստուծոյ ծառաներէն շատեր կրնան այս զգացումները ունենալ, բայց ի՞նչ բան կրնայ տոկալու հարկ եղած զօրութիւնը տալ իրենց։ Մէրի կ’ըսէ. «Այժմ հարազատ բարեկամներս եւ հոգեւոր ընտանիքը զիս կ’երջանկացնեն։ Նաեւ կը ջանամ ապագայի նկատմամբ Եհովայի խոստումներուն վրայ կեդրոնանալ, եւ վստահ եմ որ օգնութեան աղաղակներս պիտի վերածուին ցնծութեան աղաղակներու» (Սաղ. 126։5)։ Մեր յոյսը պէտք է դնենք Աստուծոյ Որդիին՝ իր նշանակած Կառավարիչին վրայ։ Անոր առնչութեամբ նախագուշակուած է. «Պիտի խղճայ աղքատին ու տնանկին եւ տնանկներուն անձերը պիտի ազատէ։ Հարստահարութենէ ու բռնութենէ պիտի փրկէ անոնց անձը եւ անոնց արիւնը պատուական պիտի ըլլայ իր առջեւ» (Սաղ. 72։13, 14)։ Ասիկա որչա՜փ սրտապնդիչ է։

Առատութեան նոր աշխարհ մը մեզի կը սպասէ

19, 20. ա) Ինչպէս որ 72–րդ սաղմոսը կը նշէ, Թագաւորութեան իշխանութիւնը ի՞նչ խնդիր պիտի լուծէ։ բ) Քրիստոսի իշխանութեան համար, գլխաւորաբար վարկը որո՞ւն պէտք է երթայ, իսկ անոր իրագործումներուն մասին ինչպէ՞ս կը զգաս։

19 Անգամ մը եւս փորձէ արդարամիտ մարդկութեան ապագան մտապատկերել, Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ՝ Մեծագոյն Սողոմոնի իշխանութեան ներքեւ։ Մեզի խոստում կը տրուի. «Ցորենի յորդառատութիւն պիտի ըլլայ երկրին մէջ՝ լեռներուն գագաթը» (Սաղ. 72։16, ԱԾ)։ Որովհետեւ սովորաբար լեռներուն գագաթը ցորեն չ’աճիր, այս խօսքերը կ’ընդգծեն թէ երկրագունդը ո՜րքան բերրի պիտի ըլլայ։ Անոր բերքը պիտի ըլլայ «Լիբանանի ծառերուն պէս»,– շրջան մը որ Սողոմոնի իշխանութեան ատեն շատ արգասաբեր էր։ Պահ մը մտածէ։ Այլեւս ուտելիքի պակաս չկայ, եւ ո՛չ ոք սովաբեկ է։ Այդ ժամանակ բոլորը ‘պարարտ բաներու կոչունք մը’ պիտի վայելեն (Եսա. 25։6-8. 35։1, 2

20 Այս բոլոր օրհնութիւններուն վարկը որո՞ւն պիտի երթայ։ Գլխաւորաբար՝ Յաւերժական Թագաւորին ու Տիեզերական Կառավարիչին՝ Եհովա Աստուծոյ։ Իրականութեան մէջ, այդ ժամանակ բոլորս ուրախութեամբ պիտի կրկնենք այս գեղեցիկ ու սրտաշէն երգին եզրափակիչ խօսքերը. «Անոր [Թագաւոր Յիսուս Քրիստոս] անունը յաւիտեան պիտի մնայ։ Որչափ ատեն որ արեգակը կը մնայ, անոր անունն ալ պիտի մնայ ու մարդիկ անով պիտի օրհնուին։ Բոլոր ազգերը երանութիւն պիտի տան անոր։ Օրհնեալ ըլլայ Տէր Աստուածը, Իսրայէլի Աստուածը։ Միայն ինքն է հրաշքներ ընողը։ Անոր փառաւոր անունը յաւիտեան օրհնեալ պիտի ըլլայ։ Ու բոլոր երկիր թող լեցուի անոր փառքովը։ Ամէն ու ամէն» (Սաղ. 72։17-19

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 17 Անունը փոխուած է։

Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանես

72–րդ սաղմոսը մարգարէաբար ի՞նչ բանի նախանմոյշը տուաւ։

• Մեծագոյն Սողոմոնը ո՞վ է, եւ անոր իշխանութիւնը ո՞րքան ընդարձակ պիտի ըլլայ։

72–րդ սաղմոսին մէջ նախագուշակուած օրհնութիւններուն նկատմամբ ի՞նչ բան գրաւիչ կը գտնես։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 29]

Սողոմոնի իշխանութեան բարգաւաճութիւնը ի՞նչ նախապատկերացուց