Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Սիրառատ բարութեան օրէնքը» թող լեզուդ պաշտպանէ

«Սիրառատ բարութեան օրէնքը» թող լեզուդ պաշտպանէ

«Սիրառատ բարութեան օրէնքը» թող լեզուդ պաշտպանէ

«Իր բերանը իմաստութեամբ կը բանայ եւ իր լեզուին վրայ քաղցրութեան [«սիրառատ բարութեան», ՆԱ] օրէնք կայ» (ԱՌ. 31։26

1, 2. ա) Եհովայի երկրպագուներուն քաջալերութիւն տրուած է, որ ի՞նչ յատկութիւն մշակեն։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկուի։

ԼԵՄՈՒԷԼ թագաւոր իր մօրմէն ստացաւ ծանրակշիռ պատգամ մը, որ առաքինի կնոջ կարեւոր մէկ որակումը պարփակեց. «Իր բերանը իմաստութեամբ կը բանայ եւ իր լեզուին վրայ քաղցրութեան [«սիրառատ բարութեան», ՆԱ] օրէնք կայ» (Առ. 31։1, 10, 26 * Փափաքելի է որ սիրառատ բարութիւն ըլլայ իմաստուն կնոջ լեզուին վրայ, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց լեզուին վրայ՝ որոնք կ’ուզեն Եհովա Աստուած հաճեցնել (կարդալ՝ Առակաց 19։22Սիրառատ բարութիւնը պէտք է բացայայտ ըլլայ բոլոր ճշմարիտ երկրպագուներուն խօսակցութեան մէջ։

2 Ի՞նչ է սիրառատ բարութիւնը։ Անիկա որո՞նց հանդէպ պէտք է ցուցաբերուի։ Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ, որ «սիրառատ բարութեան օրէնքը» մեր լեզուին վրայ ըլլայ։ Ասիկա ընելը ինչպէ՞ս պիտի ազդէ ընտանիքի անդամներուն եւ հաւատակիցներուն հետ մեր ունեցած հաղորդակցութեան։

Հաւատարիմ սէրէ մղուած քաղցրութիւն

3, 4. ա) Ի՞նչ է սիրառատ բարութիւնը։ բ) Սիրառատ բարութիւնը ինչպէ՞ս կը տարբերի սովորական քաղցրութենէն, կամ մարդասիրութենէն։

3 Սիրառատ բարութիւնը կ’ընդգրկէ սիրոյ ու քաղցրութեան յատկանիշները։ Անիկա կը պարփակէ քաղցրութիւն, այսինքն՝ ուրիշներու հանդէպ անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերել, օգտակար արարքներով ու կշռուած խօսքերով։ Որովհետեւ սէրը նաեւ ազդակ մըն է, սիրառատ բարութիւն ցուցաբերելը կը պահանջէ, որ սէրէ մղուած՝ ուրիշներու բարօրութեամբ հետաքրքրուինք։ Սակայն բնագիր լեզուին մէջ, սիրառատ բարութիւն թարգմանուած բառը շատ աւելին կը նշանակէ, քան՝ սէրէ բխած քաղցրութիւն։ Սիրառատ բարութիւնը այն քաղցրութիւնն է, որ անհատի մը կամաւ ու հաւատարմաբար կը կառչի՝ մինչեւ որ անհատին առնչութեամբ իր նպատակը իրագործէ։

4 Սիրառատ բարութիւնը ուրիշ առումով մըն ալ կը տարբերի քաղցրութենէն։ Սովորական քաղցրութիւնը, կամ մարդասիրութիւնը, կրնայ նոյնիսկ օտարներուն ցոյց տրուիլ։ Պօղոս առաքեալ եւ 275 անհատներ, որոնք նաւաբեկութեան հանդիպած էին, այս տեսակի քաղցրութիւն շօշափեցին Մելիտէ կղզիի բնակիչներուն կողմէ, որոնք բոլորովին օտար էին (Գործք 27։37–28։2)։ Իսկ միւս կողմէ, սիրառատ բարութիւնը առնչուած է ա՛յն անհատներուն, որոնք արդէն իսկ իրարու միջեւ հաւատարիմ փոխյարաբերութիւն հաստատած են։ * Կենեցիները ա՛յս յատկութիւնը ցոյց տուին «բոլոր Իսրայէլի որդիներուն. . . անոնց Եգիպտոսէն ելած ատենը» (Ա. Թագ. 15։6

Խորհրդածութիւնը եւ աղօթքը էական են

5. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ, որ մեր լեզուն սանձենք։

5 Մեր խօսակցութեան մէջ սիրառատ բարութիւն դրսեւորելը երբեք դիւրին չէ։ Լեզուին ակնարկելով, Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Մարդ լեզուն չի կրնար նուաճել։ Անիկա անզուսպ չար է ու մահաբեր թոյնով լեցուն» (Յակ. 3։8)։ Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել, որ սանձենք մարմնի այս անդամը, զոր հակակշռի տակ առնելը դժուար է։ Ժամանակակից կրօնական առաջնորդներուն ուղղուած Յիսուսի խօսքերը մեզի խորատեսութիւն կու տան։ Ան ըսաւ. «Բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի» (Մատ. 12։34)։ Սիրառատ բարութիւնը մեր լեզուն պաշտպանելու համար, զայն պէտք է դրոշմենք մեր սրտին մէջ,– ներքին անձը։ Այս ուղղութեամբ, տեսնենք թէ խորհրդածութիւնը եւ աղօթքը ինչպէ՛ս կ’օգնեն մեզի։

6. Ինչո՞ւ պէտք է գնահատութեամբ խոկանք Եհովայի սիրառատ բարութեան արարքներուն վրայ։

6 Եհովա Աստուած ‘առատ է ողորմութիւնով [«սիրառատ բարութեամբ», ՆԱ]’, կ’ըսէ Աստուածաշունչը (Ել. 34։6)։ Սաղմոսերգուն տաղերգեց. «Ո՛վ Տէր, երկիրը լեցուն է քու ողորմութիւնովդ [«սիրառատ բարութեամբդ», ՆԱ]» (Սաղ. 119։64)։ Սուրբ Գրութիւնները բազմաթիւ արձանագրութիւններ կը բովանդակեն, թէ Եհովա ինչպէ՛ս սիրառատ բարութիւն ցոյց տուաւ իր երկրպագուներուն։ ‘Եհովայի ըրածներուն’ վրայ գնահատութեամբ խոկալու ժամանակ տրամադրելը կրնայ այս աստուածային յատկութիւնը մշակելու փափաքը քանդակել մեր մէջ (կարդալ՝ Սաղմոս 77։12

7, 8. ա) Ղովտին եւ անոր ընտանիքին ի նպաստ, Եհովա սիրառատ բարութեան ի՞նչ արարք կատարեց։ բ) Աստուծոյ սիրառատ բարութիւնը վայելելով, Դաւիթ ինչպէ՞ս զգաց։

7 Օրինակ՝ մտածէ թէ Եհովա ինչպէ՛ս ազատեց Աբրահամի զարմիկը՝ Ղովտը եւ անոր ընտանիքը, երբ անոնց բնակած քաղաքը՝ Սոդոմը կործանեց։ Մինչ ժամանակը կը մօտենար, Ղովտին այցելող հրեշտակները զինք յորդորեցին, որ իր ընտանիքը առնէ եւ անմիջապէս քաղաքը ձգէ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Երբ անիկա կը տնտնար, այն [հրեշտակները] բռնեցին անոր ձեռքէն ու անոր կնոջ ձեռքէն եւ անոր աղջիկներուն ձեռքէն, Տէրոջը անոր ողորմելովը ու հանեցին զանիկա եւ քաղաքին դուրսի դին դրին»։ Մեր սիրտը չի՞ տոգորուիր, երբ այս փրկարար արարքին վրայ կը խոկանք, եւ չե՞նք մղուիր ընդունելու թէ անիկա Աստուծոյ սիրառատ բարութեան մէկ արտայայտութիւնն էր (Ծն. 19։16, 19

8 Նկատի առ նաեւ վաղեմի Իսրայէլի Դաւիթ թագաւորին օրինակը, որ տաղերգեց. «[Եհովա] կը քաւէ բոլոր անօրէնութիւններդ ու կը բժշկէ քու բոլոր հիւանդութիւններդ»։ Դաւիթ ո՜րքան գնահատած ըլլալու էր՝ Բերսաբէի հետ իր գործած մեղքին ներումը։ Ան Եհովան գովաբանեց, ըսելով. «Որչափ որ երկինքը երկրէն բարձր է, այնչափ իր ողորմութիւնը [«սիրառատ բարութիւնը», ՆԱ] իրմէ վախցողներուն վրայ զօրաւոր է» (Սաղ. 103։3, 11)։ Աստուածաշնչական այս եւ ուրիշ արձանագրութիւններու վրայ խոկալը, մեր սրտերը երախտապարտութեամբ կը լեցնէ Եհովայի սիրառատ բարութեան համար, եւ կը մղուինք զինք փառաբանելու եւ շնորհակալութիւն յայտնելու։ Ո՛րքան աւելի սրտանց երախտապարտ ըլլանք, ա՛յնքան աւելի հակամէտ կ’ըլլանք ճշմարիտ Աստուածը ընդօրինակելու (Եփ. 5։1

9. Եհովայի երկրպագուները ի՞նչ զօրաւոր պատճառ մը ունին, որ սիրառատ բարութիւն դրսեւորեն իրենց առօրեայ կեանքին մէջ։

9 Աստուածաշնչական օրինակներ կը յայտնեն, թէ Եհովա իր սիրառատ բարութիւնը,– իր հաւատարիմ սէրը,– ցոյց կու տայ անոնց, որոնք արդէն իրեն հետ ընդունելի փոխյարաբերութիւն ունին։ Իսկ ի՞նչ ըսել անոնց մասին, որոնք ապրող Աստուծոյ հետ այդպիսի կապ մը չունին։ Միթէ Եհովա անոնց հանդէպ անազնի՞ւ է։ Բնաւ երբեք։ «[Աստուած] բարերար է ապերախտներուն ու չարերուն», կը նշէ Ղուկաս 6։35–ը։ «[Ան] իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը ղրկէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ» (Մատ. 5։45)։ Ճշմարտութիւնը սորվելէ եւ զայն կիրարկելէ առաջ, մենք կը վայելէինք Աստուծոյ քաղցրութիւնը կամ սովորական քաղցրութիւնը։ Սակայն իր երկրպագուներն ըլլալով, կը վայելենք իր հաւատարիմ սէրը,– իր անխախտ սիրառատ բարութիւնը (կարդալ՝ Եսայի 54։10Ուստի որչա՜փ շնորհակալ ենք։ Եւ ասիկա ի՜նչ զօրաւոր պատճառ մըն է, որ սիրառատ բարութիւն դրսեւորենք մեր խօսակցութեան մէջ, ինչպէս նաեւ մեր առօրեայ կեանքի այլ մարզերուն մէջ։

10. Սիրառատ բարութիւնը մեր անձնաւորութեան մէկ մասը դարձնելուն մէջ, աղօթքը ինչո՞ւ անգին օգնութիւն մըն է։

10 Աղօթքի առանձնաշնորհումը անգին օգնութիւն մըն է, որ սիրառատ բարութիւն ցուցաբերենք, քանի որ սէրն ու քաղցրութիւնը,– սիրառատ բարութեան տարրերը,– Եհովայի սուրբ հոգիին պտուղին երեսակներն են (Գաղ. 5։22, 23Այդ հոգիին ազդեցութեան տակ գալով, կրնանք մեր սրտերուն մէջ սիրառատ բարութիւն քանդակել։ Եհովայի սուրբ հոգին ստանալու ուղղակի կերպն է՝ զայն աղօթքով խնդրել (Ղուկ. 11։13)։ Պատշաճ է որ աղօթքով Աստուծոյ հոգին կրկին անգամ խնդրենք ու հոգիին առաջնորդութիւնը ընդունինք։ Այո, խորհրդածութիւնը եւ աղօթքը էական են, եթէ կ’ուզենք որ սիրառատ բարութիւնը մեր լեզուին վրայ ըլլայ։

Կողակիցներու լեզուին վրայ

11. ա) Ինչպէ՞ս գիտենք, թէ Եհովա ամուսիններէն կ’ակնկալէ որ իրենց կիներուն հանդէպ սիրառատ բարութիւն ցուցաբերեն։ բ) Սիրառատ բարութեան օրէնքը ի՞նչ կերպով կրնայ օգնել ամուսինին, որ իր լեզուն պաշտպանէ։

11 Պօղոս առաքեալ ամուսինները կը յորդորէ. «Սիրեցէ՛ք ձեր կիները, ինչպէս Քրիստոս ալ սիրեց եկեղեցին ու իր անձը մատնեց անոր համար» (Եփ. 5։25)։ Պօղոս նաեւ անոնց կը յիշեցնէ Եհովայի խօսքը Ադամի ու Եւայի։ Ան կը գրէ. «Մարդը պիտի ձգէ իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ պիտի յարի ու երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան» (Եփ. 5։31)։ Բացորոշ է թէ Եհովա ամուսիններէն կ’ակնկալէ, որ իրենց կիներուն հաւատարմաբար յարին, անոնց միշտ սիրառատ բարութիւն ցոյց տալով։ Ամուսին մը, որուն լեզուն հաւատարիմ սիրով ղեկավարուած է, իր կնոջ թերութիւնները չի հրապարակեր, ոչ ալ անոր մասին անարգաբար կը խօսի։ Ան ուրախութեամբ զինք կը գովէ (Առ. 31։28)։ Եթէ որոշ պատճառով մը լարուածութիւն ծագի, սիրառատ բարութիւնը կը մղէ ամուսինը, որ իր լեզուն զսպելով իր կինը չնուաստացնէ։

12. Կնոջ խօսակցութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ ցոյց տալ, թէ սիրառատ բարութեան օրէնքը անոր լեզուն կը ղեկավարէ։

12 Կնոջ լեզուն ալ պէտք է սիրառատ բարութեան օրէնքով ղեկավարուի։ Աշխարհի հոգին պէտք չէ անոր խօսքին ազդէ։ ‘Իր այրէն ակնածելով’, կինը հրապարակաւ անոր նկատմամբ լաւ կը խօսի, եւ անոր հանդէպ ուրիշներու ունեցած յարգանքը կ’աւելցնէ (Եփ. 5։33)։ Ան զաւակներուն առջեւ անոր հետ իր տարակարծիք ըլլալը չի յայտներ, ոչ ալ անոր գաղափարը հարցականի տակ կը դնէ, որպէսզի իրենց հօր հանդէպ զաւակներուն յարգանքը չնուազի։ Ան այսպիսի հարցեր առանձնաբար կը լուծէ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Իմաստուն կիները իրենց տուները կը շինեն» (Առ. 14։1)։ Ամբողջ ընտանիքին համար, անոր տունը հաճելի ու հանգստաւէտ վայր մըն է։

13. Սիրառատ բարութեան օրէնքը յատկապէս ո՞ւր պէտք է տիրէ, եւ ինչպէ՞ս։

13 Նոյնիսկ երբ կողակիցները տունին մէջ առանձին են, անոնք պէտք է շարունակեն իրենց լեզուն այնպիսի կերպով մը գործածել, որ ցոյց կու տայ թէ զիրար կը յարգեն։ Պօղոս գրեց. «Մէկդի՛ ձգեցէք դուք ալ այն ամէնը՝ բարկութիւնը, սրտմտութիւնը, չարութիւնը, հայհոյութիւնը, անհամեստ խօսքերը ձեր բերաններէն»։ Ան աւելցուց. «Ձեր վրայ հագէ՛ք գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը. . . սէրը հագէք, որ կատարելութեան կապն է» (Կող. 3։8, 12-14)։ Երբ երեխաներ տունէն ներս սիրալիր ու քաղցր խօսակցութիւն սովորաբար լսեն, անոնք ոչ միայն պիտի ուռճանան, հապա աւելի հակամէտ պիտի ըլլան իրենց ծնողքին խօսելակերպը ընդօրինակելու։

14. Ընտանիքի գլուխը ի՞նչ կերպով կրնայ իր լեզուն գործածել մխիթարելու զանոնք, որոնք իր հոգատարութեան ներքեւ են։

14 Սաղմոսերգուն Եհովայի ըսաւ. «Հիմա թող ողորմութիւնդ [«սիրառատ բարութիւնդ», ՆԱ] ինծի մխիթարութիւն ըլլայ» (Սաղ. 119։76)։ Իր ծառաները մխիթարելու Եհովայի ուշագրաւ մէկ կերպն է՝ անոնց յորդորանք եւ ուղղութիւն տալ (Սաղ. 119։105)։ Ընտանիքի գլուխը ինչպէ՞ս կրնայ երկնաւոր Հօր օրինակէն օգտուիլ եւ իր լեզուն գործածել մխիթարելու զանոնք, որոնք իր հոգատարութեան ներքեւ են։ Ան կրնայ մխիթարել՝ հարկ եղած ուղղութիւնն ու քաջալերութիւնը տալով։ Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոն հոգեւոր գանձեր յայտնաբերելու ի՜նչ ընտիր պատեհութիւն մը կ’ընծայէ (Առ. 24։4

Հաւատակիցներուն հանդէպ հաւատարիմ սէր ցուցաբերէ

15. Երէցներ ու հոգեւորապէս հասուն այլ քրիստոնեաներ ինչպէ՞ս կրնան իրենց լեզուն գործածել ժողովքի անդամները պաշտպանելու։

15 Դաւիթ թագաւոր աղօթեց. «Քու ողորմութիւնդ [«սիրառատ բարութիւնդ», ՆԱ] ու ճշմարտութիւնդ ամէն ժամանակ թող պաշտպանեն զիս» (Սաղ. 40։11)։ Երէցներ ու հոգեւորապէս հասուն այլ քրիստոնեաներ ինչպէ՞ս կրնան այս առնչութեամբ Եհովան ընդօրինակել։ Մեր լեզուն գործածելը աստուածաշնչական տեղեկութեան վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելու, անտարակոյս սիրառատ բարութեան արարք մըն է (Առ. 17։17

16, 17. Ի՞նչ են այն քանի մը կերպերը, որոնցմով կրնանք ցոյց տալ, թէ սիրառատ բարութեան օրէնքը մեր լեզուն կը ղեկավարէ։

16 Ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ նկատենք թէ քրիստոնեայ մը կ’ընթանայ այնպիսի ուղղութեամբ, որ աստուածաշնչական սկզբունքներուն հակառակ է։ Պէտք չէ՞ սիրառատ բարութիւնը մեզ մղէ, որ մեր լեզուն գործածելով ջանանք զինք սրբագրել (Սաղ. 141։5)։ Եթէ գիտնանք թէ հաւատակից մը լուրջ մեղք մը գործած է, հաւատարիմ սէրը մեզ կը մղէ զինք քաջալերելու, որ ‘եկեղեցիին երէցները կանչէ’, որպէսզի կարենան ‘իր վրայ աղօթք ընել ու Տէրոջ անունով իւղով օծել զինք’ (Յակ. 5։14)։ Եթէ յանցագործը երէցներուն չդիմէ, մեր կողմէ զանոնք տեղեակ չպահելը ո՛չ սէր է, ոչ ալ քաղցրութիւն։ Մեզմէ ոմանք թերեւս վհատած, միայնակ, անարժէք ըլլալու զգացումներով վշտացած կամ յուսախաբութիւններով ջախջախուած են։ ‘Վատասիրտները մխիթարելը’ ընտիր կերպ մըն է, որով ցոյց կու տանք թէ սիրառատ բարութեան օրէնքը մեր լեզուին վրայ է (Ա. Թես. 5։14

17 Ինչպէ՞ս պէտք է հակազդենք, երբ Աստուծոյ թշնամիները մեր հաւատակիցներուն մասին տարաձայնութիւններ հանեն։ Մեր եղբայրներուն ուղղամտութեան վրայ կասկածելու փոխարէն, պէտք է այդ խօսքերուն ականջ չկախենք, կամ հարցնենք ամբաստանողին թէ արդեօք իր ըսածը տրամաբանական կը գտնէ՛, թէ իրապէս վստա՛հ է որ իր դիտողութիւնները հիմնաւոր են։ Եթէ Աստուծոյ ժողովուրդին թշնամիները վնաս հասցնելու միտումով ջանան մեր եղբայրներուն որտեղ ըլլալը իմանալ, մեր հաւատարիմ սէրը մեզ կը պարտադրէ, որ անոնց պահանջած տեղեկութիւնները չհաղորդենք (Առ. 18։24

‘Սիրառատ բարութեան հետեւողը կեանք պիտի գտնէ’

18, 19. Հաւատակիցներուն հետ մեր գործառնութեանց մէջ, ինչո՞ւ սիրառատ բարութեան օրէնքը մեր լեզուէն պէտք չէ զատուի։

18 Եհովայի երկրպագուներուն հետ մեր բոլոր գործառնութեանց մէջ հաւատարիմ սէրը բացայայտ պէտք է ըլլայ։ Նոյնիսկ դժուար պարագաներու ներքեւ, սիրառատ բարութեան օրէնքը մեր լեզուէն պէտք չէ զատուի։ Եհովա չհաճեցաւ, երբ Իսրայէլի որդիներուն սիրառատ բարութիւնը «շուտով ցնդող ցօղի պէս» եղաւ (Ով. 6։4, 6)։ Միւս կողմէ, Եհովա հաճոյք կ’առնէ, երբ սիրառատ բարութիւնը կանոնաւորաբար ցուցաբերուի։ Նկատի առ թէ ան ինչպէ՛ս կ’օրհնէ զանոնք, որոնք անոր հետամուտ կ’ըլլան։

19 Առակաց 21։21–ը կ’ըսէ. «Արդարութեան ու ողորմածութեան [«սիրառատ բարութեան», ՆԱ] հետեւողը կեանք, արդարութիւն եւ փառք պիտի գտնէ»։ Այսպիսի անհատ մը բազմաթիւ օրհնութիւններ պիտի վայելէ, ի ներառեալ՝ կեանք,– ոչ թէ կարճատեւ գոյութիւն, այլ՝ անվերջ կեանք։ Եհովա անոր կ’օգնէ ‘յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգելու’ (Ա. Տիմ. 6։12, 19)։ Ուստի, ամէն գնով ‘իրարու հետ սիրառատ բարութեամբ վարուինք’ (Զաք. 7։9, ՆԱ

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 1 «Սիրառատ բարութիւն» կամ «հաւատարիմ սէր» բնագրական արտայայտութիւնը, արեւմտահայերէն Աստուածաշունչին մէջ թարգմանուած է զանազան կերպերով, ինչպէս՝ «ողորմութիւն», «ողորմածութիւն», «բարութիւն», «բարիք» եւ «քաղցրութիւն»։ Ուստի այս յօդուածին մէջ, այս բառերը գործածող բոլոր համարները կ’ակնարկեն «սիրառատ բարութիւն» կամ «հաւատարիմ սէր» արտայայտութեան։

^ պարբ. 4 Յաւելեալ քննարկութեան համար, թէ ինչպէ՛ս սիրառատ բարութիւնը կամ հաւատարիմ սէրը կը տարբերի քաղցրութենէն, հաւատարմութենէն եւ սէրէն, տե՛ս Դիտարան–ի 1 յունիս 2002 թիւը, էջ 9-10, 15։

Կրնա՞ս բացատրել

• Սիրառատ բարութիւնը ինչպէ՞ս կը սահմանես։

• Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ, որ սիրառատ բարութեան օրէնքը մեր լեզուին վրայ ըլլայ։

• Կողակիցները ինչպէ՞ս կրնան հաւատարիմ սէր դրսեւորել իրենց խօսակցութեան մէջ։

• Հաւատակիցներուն հետ մեր գործառնութեանց մէջ, ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ սիրառատ բարութեան օրէնքը մեր լեզուին վրայ է։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 28]

Կանոնաւոր Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոյ մը ունի՞ք