Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աշխարհի վախճանին վերաբերեալ չորս հարցումներու պատասխանել

Աշխարհի վախճանին վերաբերեալ չորս հարցումներու պատասխանել

Աշխարհի վախճանին վերաբերեալ չորս հարցումներու պատասխանել

ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ նախագուշակեց, թէ որոշ թուականի մը մէջ «վերջը պիտի գայ»։ Այդ ժամանակը նկարագրելով, ան ըսաւ. «Այն ատեն այնպիսի մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ, որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ» (Մատթէոս 24։14, 21

Աշխարհի վախճանին մասին Յիսուսի խօսքերը եւ Աստուածաշունչի այլ հատուածներ, կարգ մը կարեւոր հարցումներ կը յարուցեն։ Հաճիս Աստուածաշունչդ բաց ու կարդա՛ անոր պատասխանը այս հարցումներուն։

1 Ի՞նչ բան վերջ պիտի գտնէ

Աստուածաշունչը չի սորվեցներ թէ բառացի երկրագունդը պիտի կործանի։ Սաղմոսերգուն գրեց. «[Աստուած] հաստատեց երկիրը իր հիմերուն վրայ, որպէս զի յաւիտեանս յաւիտենից չխախտի» (Սաղմոս 104։5)։ Աստուածաշունչը նաեւ չի սորվեցներ, թէ աշխարհածաւալ բախումներով ամէն կեանք պիտի բնաջնջուի (Եսայի 45։18)։ Յիսուս ի՛նք նշեց թէ կարգ մը մարդիկ աշխարհի վախճանէն պիտի վերապրին (Մատթէոս 24։21, 22)։ Արդ, ըստ Աստուածաշունչին, ի՞նչ բաներ վերջ պիտի գտնեն։

Ձախող մարդկային կառավարութիւնները վերջ պիտի գտնեն։ Ներշնչման ներքեւ Դանիէլ մարգարէն գրեց. «Երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի։ Անիկա այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ» (Դանիէլ 2։44

Պատերազմն ու ապականութիւնը վերջ պիտի գտնեն։ Նկարագրելով թէ Աստուած ի՛նչ պիտի ընէ, Սաղմոս 46։9–ն կ’ըսէ. «Պատերազմները կը դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը. աղեղը կը կոտրտէ ու նիզակը կը ջարդէ, կառքերը կրակով կ’այրէ»։ Աստուածաշունչը նաեւ կը սորվեցնէ, թէ Աստուած ‘պիտի ապականէ երկիրը ապականողները’ (Յայտնութիւն 11։18

Ոճիրն ու անիրաւութիւնը վերջ պիտի գտնեն։ Աստուծոյ Խօսքը կը խոստանայ. «Ուղիղները երկրի վրայ պիտի բնակին եւ կատարեալները անոր մէջ պիտի մնան։ Բայց ամբարիշտները երկրէն պիտի կորսուին ու անօրէնները անկէ պիտի մերժուին» (Առակաց 2։21, 22 *

2 Աշխարհի վախճանը ե՞րբ պիտի գայ

Եհովա Աստուած «նշանակուած ժամանակ» մը սահմանած է, որպէսզի չարութեան վերջ դնէ եւ իր Թագաւորութեան կառավարութիւնը ամբողջ երկրի վրայ իշխէ (Մարկոս 13։33, ՆԱ)։ Բայց Աստուածաշունչը յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ չենք կրնար աշխարհի վախճանին մասնայատուկ թուականը գիտնալ։ Յիսուս ըսաւ. «Այն օրուան ու ժամուն համար մէ՛կը չի գիտեր, ո՛չ երկնքի մէջ եղող հրեշտակները եւ ո՛չ Որդին. հապա՝ միայն Հայրը» (Մարկոս 13։32)։ Սակայն Յիսուս եւ իր աշակերտները նախագուշակեցին, թէ Աստուած վախճանը բերելէ առաջ, երկրի վրայ ի՛նչ վիճակներ պիտի ըլլան։ Աշխարհի վախճանը մօտալուտ է, երբ հետեւեալ բոլոր իրադարձութիւնները միաժամանակ ու համայն աշխարհի մէջ տեղի կ’ունենան։

Պատմութեան մէջ աննախընթաց տարողութեամբ տեղի կ’ունենայ քաղաքական, կենսոլորտային եւ ընկերային տակնուվրայութիւն։ Աշխարհի վախճանին մասին աշակերտներուն ուղղած հարցումներուն առ ի պատասխան, Յիսուս ըսաւ. «Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ եւ տեղ տեղ երկրաշարժներ պիտի ըլլան. սովեր ու խռովութիւններ ալ պիտի ըլլան։ Ասոնք ցաւերուն սկիզբն են» (Մարկոս 13։8)։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան. վասն զի մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, արծաթասէր, ամբարտաւան, հպարտ, հայհոյիչ, ծնողներու անհնազանդ, ապերախտ, անսուրբ, անգութ, անհաշտ, բանսարկու, անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող, մատնիչ, յանդուգն, գոռոզ, աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր» (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5

Համաշխարհային, բազմալեզու քարոզչական արշաւ մը տեղի կ’ունենայ։ Յիսուս ըսաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ» (Մատթէոս 24։14

3 Աշխարհի վախճանին ի՞նչ պիտի յաջորդէ

Աստուածաշունչը չի սորվեցներ թէ բոլոր բարի մարդիկը երկրէն պիտի առնուին, որպէսզի երկնային երանութեան մէջ յաւիտեան ապրին։ Փոխարէն, Յիսուս սորվեցուց թէ մարդկութեան նկատմամբ Աստուծոյ սկզբնական նպատակը պիտի իրագործուի։ «Երանի՜ հեզերուն, վասն զի անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը», ըսաւ Յիսուս (Մատթէոս 5։5. 6։9, 10)։ Անոնք որոնք աշխարհի վախճանը գալէ առաջ կը մահանան, Աստուածաշունչը անոնց կը ներկայացնէ ապագայ յարութեան խոստումը (Յոբ 14։14, 15. Յովհաննէս 5։28, 29)։ Աշխարհի վախճանին ի՞նչ պիտի յաջորդէ։

Յիսուս երկինքէն պիտի իշխէ որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը։ Դանիէլ մարգարէն գրեց. «Գիշերը տեսիլքի մէջ կը տեսնէի, թէ ամպերով Որդի մարդոյ նման մէկը [յարուցեալ Յիսուս] կու գար, մինչեւ հասաւ անոր որ յաւիտեան կենդանի է [Եհովա Աստուած] ու Որդին մարդոյ անոր մօտեցուցին։ Անոր [Յիսուս] իշխանութիւն, պատիւ ու թագաւորութիւն տրուեցաւ, որպէս զի բոլոր ժողովուրդները, ազգերն ու լեզուները անոր ծառայութիւն ընեն։ Անոր իշխանութիւնը յաւիտենական իշխանութիւն է, որ պիտի չանցնի ու թագաւորութիւնը պիտի չաւրուի» (Դանիէլ 7։13, 14. Ղուկաս 1։31, 32. Յովհաննէս 3։13-16

Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակները պիտի վայելեն կատարեալ առողջութիւն, մնայուն ապահովութիւն ու յաւիտենական կեանք։ Եսայի մարգարէն գրեց. «Տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին, այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն։ Անոնք պիտի չշինեն, որպէս զի ուրիշները բնակին, անոնք պիտի չտնկեն, որպէս զի ուրիշները ուտեն» (Եսայի 65։21-23)։ Յովհաննէս առաքեալ այդ ժամանակին մասին գրեց. «Ահա՛ Աստուծոյ խորանը մարդոց մէջ։ Անիկա հոն պիտի բնակի եւ անոնք անոր ժողովուրդը պիտի ըլլան եւ Աստուած ինք անոնց հետ պիտի ըլլայ իբրեւ անոնց Աստուածը եւ ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան» (Յայտնութիւն 21։3, 4

4 Աշխարհի վախճանէն վերապրելու համար ի՞նչ պէտք է ընես

Պետրոս առաքեալ հաստատեց թէ աշխարհի վախճանի ժամանակին մէջ ապրողներէն ոմանք պիտի ծաղրեն այն գաղափարը, թէ Աստուած մարդկային հարցերուն պիտի միջամտէ ու չարութեան վերջ պիտի դնէ (Բ. Պետրոս 3։3, 4)։ Պետրոս մեր օրերուն ապրողները կը յորդորէ, որ հետեւեալ քայլերը առնեն։

Պատմութենէն սորվէ։ Աստուած «առաջուան աշխարհին ալ չխնայեց. միայն թէ Նոյը, ութերորդ անձը, արդարութեան քարոզիչը՝ պահեց, երբ ջրհեղեղը ամբարիշտներուն աշխարհին վրայ բերաւ», գրեց Պետրոս (Բ. Պետրոս 2։5)։ Ծաղր ընողներուն նկատմամբ՝ Պետրոս ըսաւ. «Անոնք որոնց ուզածը այս է, այն բանը մոռցեր են, թէ երկինք առաջուընէ կար ու երկիր ջուրերէն եւ ջուրերով հաստատ կեցեր է Աստուծոյ խօսքովը. որով հին ապականուած աշխարհը ջրհեղեղով կորսուեցաւ։ Հիմա երկինք ու երկիր * պահուած են նոյն խօսքով կրակի համար, մինչեւ դատաստանին ու ամբարիշտ մարդոց կորստեան օրը» (Բ. Պետրոս 3։5-7

Աստուծոյ բարոյական չափանիշներուն համաձայն ապրէ։ Անոնք որոնք կը փափաքին աշխարհի վախճանէն վերապրիլ, ‘մաքուր եւ աստուածապաշտ կեանք մը պէտք է ապրին’, գրեց Պետրոս (Բ. Պետրոս 3։11, Անթիլիաս)։ Նկատի առ թէ Պետրոս շեշտը արարքներուն վրայ կը դնէ։ Ուստի, պարզապէս հաւատք ունենալ դաւանելէն կամ վերջին վայրկեանին Աստուած հաճեցնելու ջանքէն աւելին պարփակուած է։

Աստուած ի՞նչ մասնայատուկ արարքներ կ’ընդունի։ Այս նիւթին շուրջ ինչո՞ւ գիտցածդ չբաղդատես Աստուածաշունչին սորվեցուցածին հետ։ Եհովայի վկաները սիրով պիտի ուզեն քեզի օգնել։ Անոնցմէ խնդրէ որ քու Աստուածաշունչէդ ցոյց տան իրենց պատասխաններուն հիմը։ Ասիկա ընելը կրնայ քեզի օգնել, որ ապագան քաջութեամբ ու վստահութեամբ դիմագրաւես, հակառակ մեզ շրջապատող վախի պատճառներուն։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 19 Հոս Պետրոս երկրին մասին այլաբանօրէն կը խօսի։ Աստուածաշունչի մէկ գրողը՝ Մովսէս, նմանապէս այլաբանական առումով երկրին ակնարկեց։ Ան գրեց. «Բոլոր երկրին լեզուն ու խօսուածքը մէկ էր» (Ծննդոց 11։1)։ Ինչպէս որ բառացի երկիրը ‘մէկ լեզու’ չի խօսիր, նոյնպէս բառացի երկիրը չէ որ պիտի կործանի։ Փոխարէն, ինչպէս որ Պետրոս կը նշէ, ամբարիշտ մարդիկն են՝ որոնք կործանումի պիտի ենթարկուին։

[Մէջբերում՝ էջ 7]

Երկրագունդը վերջ պիտի չգտնէ, բայց զայն ապականողները պիտի չքանան