Եհովայի օրհնութիւնը ջանադրութեամբ փնտռէ
Եհովայի օրհնութիւնը ջանադրութեամբ փնտռէ
«[Աստուած] վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ [«ջանադրութեամբ», ՆԱ] զինք կը փնտռեն» (ԵԲ. 11։6)։
1, 2. ա) Շատեր ինչպէ՞ս աստուածային օրհնութիւններ կը փնտռեն։ բ) Ինչո՞ւ Եհովայի օրհնութիւնը ձեռք բերելով յատկապէս հետաքրքրուած պէտք է ըլլանք։
«ԱՍՏՈՒԱԾ քեզ օրհնէ»։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, սովորական բան մըն է որ անծանօթ մը այս խօսքը ըսէ մէկու մը, որ կը փռնգտայ։ Զանազան կրօնքներու կղերներ կ’օրհնեն մարդիկ, անասուններ եւ առարկաներ։ Կարգ մը ուղեւորներ հրապուրուելով կրօնական վայրեր կ’այցելեն, որպէսզի օրհնութիւն մը ստանան։ Քաղաքագէտներ կանոնաւորաբար կը խնդրեն, որ Աստուծոյ օրհնութիւնը իրենց ազգին վրայ ըլլայ։ Օրհնութիւն մը ստանալու այդպիսի խնդրանքներ կը խորհի՞ս որ պատշաճ են։ Անոնք ազդո՞ւ են։ Իրապէս ո՞վ է որ Աստուծոյ օրհնութիւնը կը ստանայ, եւ ինչո՞ւ։
2 Եհովա նախագուշակեց թէ վերջին օրերուն, բոլոր ազգերէ մաքուր ու խաղաղասէր ժողովուրդ մը պիտի ունենար, որոնք Թագաւորութեան բարի լուրը պիտի քարոզէին մինչեւ երկրին ծայրերը, հակառակ ատելութեան եւ ընդդիմութեան (Եսա. 2։2-4. Մատ. 24։14. Յայտ. 7։9, 14)։ Մեզմէ անոնք, որոնք այս ներշնչեալ նկարագրութեան համաձայն ապրելու պատասխանատուութիւնը ընդունած են, Աստուծոյ օրհնութիւնը կ’ուզեն,– եւ անոր կարիքը ունին,– քանի որ առանց անոր բնաւ չեն կրնար յաջողիլ (Սաղ. 127։1)։ Բայց ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ օրհնութիւնը ձեռք բերել։
Օրհնութիւնները հնազանդ անհատներու վրայ կը հասնին
3. Եթէ իսրայէլացիները հնազանդ գտնուէին, արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլար։
3 Կարդալ՝ Առակաց 10։6, 7։ Իսրայէլ ազգը Խոստացեալ երկիր մտնելէ քիչ առաջ, Եհովա նշեց որ եթէ անոնք իր խօսքին հնազանդէին, արտակարգօրէն պիտի բարգաւաճէին ու պաշտպանուէին (Բ. Օր. 28։1, 2)։ Եհովայի օրհնութիւնները իր ժողովուրդին վրայ ‘պիտի հասնէին’։ Հնազանդ մարդոց համար՝ օրհնութիւնները բացարձակապէս ստոյգ պիտի ըլլային։
4. Իսկական հնազանդութիւնը ի՞նչ կը պարփակէ։
4 Իսրայէլացիները ի՞նչ կեցուածքով հնազանդ պէտք էր ըլլային։ Աստուծոյ Օրէնքը նշեց, թէ ան պիտի դժգոհէր եթէ իր ժողովուրդը «ուրախութեամբ եւ յօժար սրտով» իրեն չծառայէր (կարդալ՝ Բ. Օրինաց 28։45-47)։ Եհովա արժանի է որ իրեն մատուցուի աւելի քան մեքենայական հնազանդութիւն մասնայատուկ հրամաններու, զոր նոյնիսկ կենդանիները կամ դեւերը կրնան ընել (Մար. 1։27. Յակ. 3։3)։ Անկեղծօրէն Աստուծոյ հնազանդիլը սիրոյ արտայայտութիւն մըն է։ Անիկա յատկանշուած է ուրախութեամբ, որ յառաջ կու գայ հաւատալէն, թէ Եհովայի պատուիրանները ծանր բան չեն եւ թէ ան «վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ [«ջանադրութեամբ», ՆԱ] զինք կը փնտռեն» (Եբ. 11։6. Ա. Յովհ. 5։3)։
5. Եհովայի խոստումին հաւատալը ինչպէ՞ս պիտի օգնէր անհատի մը, որ Բ. Օրինաց 15։7, 8–ի մէջ նշուած օրէնքին հնազանդէր։
5 Նկատի առ թէ այսպիսի վստահութեամբ լի հնազանդութիւն մը ինչպէ՛ս կրնար ցոյց տրուիլ՝ Բ. Օրինաց 15։7, 8–ի մէջ նշուած օրէնքը պահելով (կարդալ)։ Դժկամակելով այդ օրէնքին ենթարկուիլը կրնար աղքատներուն որոշ օգնութիւն մը բերել, բայց արդեօք Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ լաւ փոխյարաբերութիւններ եւ ջերմութեան մթնոլորտ մը պիտի յառաջացնէ՞ր։ Աւելի կարեւորը, անիկա իր ծառաներուն ֆիզիքապէս օգնելու Եհովայի կարողութեան վրայ հաւատք եւ իր առատաձեռնութիւնը ընդօրինակելու պատեհութեան հանդէպ գնահատութիւն պիտի արտացոլացնէ՞ր։ Բնաւ երբեք։ Աստուած իսկապէս առատաձեռն եղող անհատին սրտի վիճակը նկատի առաւ եւ խոստացաւ զինք օրհնել իր բոլոր գործերուն ու ձեռնարկներուն մէջ (Բ. Օր. 15։10)։ Այդ խոստումին հաւատալը գործի պիտի մղէր ու բազմաթիւ ճոխ օրհնութիւններ պիտի բերէր (Առ. 28։20)։
6. Եբրայեցիս 11։6–ը ի՞նչ բանի նկատմամբ մեզ կը հաւաստիացնէ։
Եբրայեցիս 11։6–ը կ’ընդգծէ այլ յատկութիւն մը, որուն կարիքը կայ Աստուծոյ օրհնութիւնը ստանալու համար։ Նշմարէ որ Եհովա կը վարձատրէ զանոնք, որոնք «ջանադրութեամբ զինք կը փնտռեն»։ Հոս գործածուած բնագրական բառը, ուժգնութեան եւ կեդրոնացած ջանքի կ’ակնարկէ։ Այս համարը ո՜րքան երաշխիք կու տայ մեզի։ Եթէ անխոնջ ջանք թափենք, օրհնութիւնը պիտի ստանանք։ Անոր աղբիւրը միակ ճշմարիտ եւ «անսուտն» Աստուածն է (Տիտ. 1։2)։ Հազարամեակներու ընթացքին, ան ցոյց տուած է թէ իր խոստումները բացարձակապէս վստահելի են։ Իր խօսքերը երբեք չեն ձախողիր. անոնք մի՛շտ ճշմարիտ կ’ելլեն (Եսա. 55։11)։ Ուստի կրնանք լիովին վստահ ըլլալ, որ եթէ իսկական հաւատք դրսեւորենք, ան մեր պարագային Վարձատրող պիտի ըլլայ։
6 Հաւատալէ զատ, թէ Եհովա Վարձատրող է,7. Ինչպէ՞ս կրնանք Աբրահամի «սերունդ»ին միջոցով օրհնութեան արժանանալ։
7 Յիսուս Քրիստոս Աբրահամի «սերունդ»ին գլխաւոր մասը եղաւ։ Օծեալ քրիստոնեաները նախագուշակուած «սերունդ»ին երկրորդական մասը կը կազմեն։ Անոնց յանձնարարութիւն տրուած է որ ‘հռչակեն անոր առաքինութիւնները, որ զիրենք խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց’ (Գաղ. 3։7-9, 14, 16, 26-29. Ա. Պետ. 2։9)։ Չենք կրնար Եհովայի հետ լաւ փոխյարաբերութիւն մը ձեռք բերել, եթէ անտեսենք զանոնք, որոնք Յիսուսի կողմէ նշանակուած են իր ինչքը հոգալու։ Առանց «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ի օգնութեան, Աստուծոյ Խօսքէն մեր կարդացածը լման կերպով պիտի չհասկնայինք, ոչ ալ գիտնայինք անոր կիրարկելու կերպը (Մատ. 24։45-47)։ Սուրբ Գրութիւններէն մեր սորվածը գործադրելով, կրնա՛նք Աստուծոյ օրհնութեան արժանանալ։
Աստուծոյ կամքին վրայ կեդրոնացած մնալ
8, 9. Յակոբ նահապետ ինչպէ՞ս Աստուծոյ խոստումին համաձայն անխոնջ ջանք թափեց։
8 Աստուծոյ օրհնութիւնը ձեռք ձգելու համար անխոնջ ջանք թափելու գաղափարը, մեր միտքը կը բերէ Յակոբ նահապետը։ Ան չէր գիտեր թէ Աբրահամի տրուած Աստուծոյ խոստումը ինչպէ՛ս պիտի կատարուէր, բայց եւ այնպէս հաւատաց, թէ Եհովա իր մեծ–հօր զարմը մեծապէս պիտի շատցնէր ու մեծ ազգ մը դարձնէր։ Ուստի մ.թ.ա. 1781–ին, Յակոբ Խառան ճամբորդեց կին մը գտնելու համար։ Ան պարզապէս իրեն հաճելի ընկերակից մը գտնելով հետաքրքրուած չէր. փոխարէն, ան փնտռեց հոգեւոր մտայնութիւն ունեցող կին մը, որ Եհովայի երկրպագու մըն էր ու լաւ մայր մը պիտի ըլլար իր զաւակներուն։
9 Գիտենք որ Յակոբ իր ազգականին՝ Ռաքէլին հանդիպեցաւ։ Ան սիրեց Ռաքէլը եւ համաձայնեցաւ անոր հօր՝ Լաբանին քով եօթը տարի աշխատիլ, որպէսզի Ռաքէլ իր կինը ըլլայ։ Ասիկա պարզապէս յիշատակելի ռոմանթիկ սիրոյ պատմութիւն մը չէր։ Յակոբ վստահաբար տեղեակ էր այն խոստումին, զոր ամենակալ Աստուած իր մեծ հօր՝ Աբրահամի տուած էր եւ իր հօր՝ Իսահակի կրկնած էր (Ծն. 18։18. 22։17, 18. 26։3-5, 24, 25)։ Իր կարգին, Իսահակ Յակոբին ըսաւ. «Ամենակարող Աստուածը քեզ օրհնէ ու քեզ աճեցնէ եւ քեզ շատցնէ ու շատ ժողովուրդներու հայր ըլլաս։ Եւ քեզի Աբրահամին օրհնութիւնը տայ, քեզի ու քեզի հետ քու սերունդիդ. որպէս զի ժառանգես քու պանդխտացած երկիրդ, որ Աստուած Աբրահամին տուաւ» (Ծն. 28։3, 4)։ Արդ, լաւ կին մը գտնելու եւ ընտանիք մը կազմելու Յակոբի թափած ջանքը, Եհովայի ըսածներուն հանդէպ իր վստահութիւնը արտացոլացուց։
10. Եհովա ինչո՞ւ հաճեցաւ Յակոբի աղերսանքին համաձայն զինք օրհնել։
10 Յակոբ իր ընտանիքին համար հարստութիւն չէր փնտռեր։ Անոր մտածումին առանցքն էր՝ իր ժառանգը։ Անոր կեդրոնացումը Եհովայի կամքին կատարման վրայ էր։ Յակոբ վճռած էր իր կարելին ընել, որ Աստուծոյ օրհնութիւնը ստանար, հակառակ խոչընդոտներու։ Ան մինչեւ ծերութիւն իր կեցուածքը պահեց, եւ այդ պատճառով Եհովա զինք օրհնեց (կարդալ՝ Ծննդոց 32։24-29)։
11. Աստուծոյ յայտնուած կամքին հետ ներդաշնակ ի՞նչ ջանք պէտք է թափենք։
11 Յակոբի նման, Եհովայի նպատակին կատարման բոլոր մանրամասնութիւնները չենք գիտեր։ Այսուհանդերձ Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելով, ‘Տէրոջ օրուան’ առնչութեամբ ակնկալելիք բաներու ընդհանուր ուրուագիծը կ’ըմբռնենք (Բ. Պետ. 3։10, 17)։ Օրինակ՝ ճշգրտօրէն չենք գիտեր թէ այդ օրը ե՛րբ պիտի գայ, բայց գիտենք թէ անիկա մօտ է։ Կը հաւատանք Աստուծոյ Խօսքին, երբ կ’ըսէ թէ մնացած կարճ ժամանակուան մէջ հիմնովին վկայութիւն տալով, թէ՛ մեզ պիտի ապրեցնենք եւ թէ զանոնք, որոնք մեզի մտիկ կ’ընեն (Ա. Տիմ. 4։16)։
12. Ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։
12 Կը գիտակցինք թէ վախճանը կրնայ որեւէ ժամանակ գալ. Եհովայի ժամանակաւորումը կախեալ չէ՝ երկրագունդին վրայ ապրող իւրաքանչիւր անհատի անձնական վկայութիւն տալէն (Մատ. 10։23)։ Ասկէ զատ, լաւ ցուցմունքներ կը ստանանք մեր քարոզչութիւնը ազդուօրէն կատարելու համար։ Հաւատքով, մեր ամբողջ կարողութեամբ այս գործին կը մասնակցինք, գործածելով որեւէ միջոց՝ որ մեր տրամադրութեան տակ է։ Միշտ ամէնէն արդիւնաբեր թաղամասի՞ն մէջ պիտի քարոզենք։ Իրականութեան մէջ, ինչպէ՞ս կրնանք առաջուընէ գիտնալ (կարդալ՝ Ժողովող 11։5, 6)։ Մեր գործն է՝ քարոզել, վստահ ըլլալով որ Եհովա իր օրհնութիւնը մեզի պիտի շնորհէ (Ա. Կոր. 3։6, 7)։ Վստահութիւն ունինք որ ան մեր անխոնջ ջանքերը կը նկատէ, եւ իր սուրբ հոգիին միջոցով մեզի պիտի տայ հարկ եղած որեւէ մասնայատուկ ուղղութիւն (Սաղ. 32։8)։
Սուրբ հոգին փնտռել
13, 14. Աստուծոյ ծառաները որակեալ դարձնելու սուրբ հոգիին կարողութիւնը ինչպէ՞ս ցոյց տրուած է։
13 Եթէ նշանակում մը կատարելու կամ քարոզչութեան մասնակցելու անատակ կը զգանք, Եհովայէ պէտք է խնդրենք որ իր սուրբ հոգին տայ, որպէսզի իր ծառայութեան մէջ մեր ունեցած կարողութիւնները բարելաւէ (կարդալ՝ Ղուկաս 11։13)։ Աստուծոյ հոգին կրնայ գործի մը կամ ծառայութեան առանձնաշնորհումի մը համար մարդիկը որակեալ դարձնել, ինչ որ ալ ըլլան անոնց նախկին պարագաներն ու փորձառութիւնները։ Օրինակ՝ Եգիպտոսի Ելքէն անմիջապէս ետք, Աստուծոյ հոգին կարող դարձուց հովիւներ եւ ստրուկներ, որ պատերազմի մէջ իրենց թշնամիները նուաճեն, հակառակ անոր որ պատերազմելու մէջ անփորձ էին (Ել. 17։8-13)։ Անկէ քիչ ետք, սոյն հոգին կարողութիւն տուաւ Բեսելիէլին եւ Ոողիաբին, որ Աստուծոյ կողմէ տրուած խորանի ճարտարապետական շքեղ ծրագիրը իրագործեն (Ել. 31։2-6. 35։30-35)։
14 Այդ հզօր հոգին Աստուծոյ արդի ծառաներուն կարողութիւն տուաւ, որ կազմակերպութեան կարիքները հոգան, երբ անհրաժեշտ եղաւ որ իրենց սեփական տպագրութիւնը սկսին։ Այդ ատենուան գործարանի տեսուչը՝ Եղբայր Ռ. Ճ. Մարթին, նամակի մը մէջ բացատրեց ինչ որ իրագործուած էր մինչեւ 1927։ Ան ըսաւ. «Տէրը յարմար ժամանակին դուռը բացաւ, եւ մեծ տպագրամեքենայ մը ստացանք, մենք որ ոչինչ գիտէինք անոր կազմուածքին եւ աշխատանքին մասին։ Բայց Տէրը գիտէ ինչպէ՛ս սրել այն անհատներուն միտքը, որոնք իրենց
լաւագոյնը նուիրած են իրեն։ . . .Քանի մը շաբաթէն կրցանք այդ տպագրամեքենան աշխատցնել. եւ անիկա տակաւին կ’աշխատի, կատարելով գործ մը, որ նոյնիսկ զայն շինողները բնաւ չէին գիտեր որ կրնար ընել»։ Մինչեւ օրս, Եհովա կը շարունակէ այդպիսի անխոնջ ջանքեր օրհնել։15. Հռովմայեցիս 8։11–ը ինչպէ՞ս կրնայ փորձութիւն դիմագրաւողները քաջալերել։
15 Եհովայի հոգին զանազան կերպերով կը գործէ։ Ան Աստուծոյ բոլոր ծառաներուն մատչելի է եւ կ’օգնէ որ դժուարին խոչընդոտները յաղթահարեն։ Եթէ փորձութեամբ ջախջախուած զգանք, կրնանք զօրութիւն ստանալ Հռովմայեցիս 7։21, 25–ի եւ 8։11–ի մէջ գտնուած Պօղոսի խօսքերէն։ Այո, «Յիսուսը մեռելներէն յարուցանողին Հոգին» կրնայ մեզի ի նպաստ գործի լծուիլ, մեզ զօրացնելով որ մարմնաւոր ցանկութիւններուն դէմ մղուած պատերազմէն յաղթական դուրս գանք։ Այդ հատուածը հոգիէն–օծուած քրիստոնեաներուն գրուած էր, բայց եւ այնպէս սկզբունքը Աստուծոյ բոլոր ծառաներուն կը կիրարկուի։ Բոլորս կեանք կը ստանանք՝ Քրիստոսին հաւատք ընծայելով, անպատշաճ ցանկութիւնները սպաննելու լուրջ ջանք թափելով եւ հոգիին ուղղութեան համաձայն ապրելով։
16. Աստուծոյ սուրբ հոգին ստանալու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։
16 Կրնա՞նք առանց որեւէ ջանք թափելու Աստուծմէ ակնկալել, որ իր գործօն ուժը մեզի շնորհէ։ Ո՛չ։ Աղօթքով զայն խնդրելէ զատ, պէտք է որ փութաջանութեամբ սնուցանուինք Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքով (Առ. 2։1-6)։ Աւելին, Աստուծոյ հոգին քրիստոնէական ժողովքին վրայ կը հանգչի։ Ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիլը ցոյց կու տայ մեր փափաքը ‘լսելու թէ հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն’ (Յայտ. 3։6)։ Նաեւ, խոնարհաբար պէտք է ընդառաջենք մեր սորվածներուն։ Առակաց 1։23–ը մեզ կը խրատէ. «Իմ յանդիմանութեանս դարձէ՛ք։ Ահա իմ Հոգիս ձեր վրայ պիտի թափեմ»։ Արդարեւ, Աստուած իր սուրբ հոգին կու տայ «իրեն հնազանդ եղողներուն» (Գործք 5։32)։
17. Մեր ջանքերուն վրայ Աստուծոյ օրհնութեան ազդեցութիւնը ի՞նչ բանի կրնանք նմանցնել։
17 Մինչ Աստուծոյ օրհնութիւնը ձեռք ձգելու համար անխոնջ ջանքի հարկ կայ, յիշէ թէ ծանր աշխատանքը միակ պատճառը չէ այն առատ բարիքներուն, զորս Եհովա տեղացուցած է իր ժողովուրդին վրայ։ Մեր ջանքերուն վրայ իր օրհնութեան ձգած ազդեցութիւնը կրնայ համեմատուիլ ա՛յն կերպին հետ, որով մեր մարմինը կ’օգտուի առողջարար ուտելիքներէ։ Աստուած մեր մարմինը այնպիսի կերպով մը կազմեց, որ ուտելիքէն հաճոյք առնենք ու կենսական սնունդ ստանանք։ Ան նաեւ ուտելիքը կը հայթայթէ։ Մենք մանրամասնօրէն չենք գիտեր, թէ մեր ուտելիքը ի՛նչ կերպով սնուցիչներ կ’ունենայ, ոչ ալ մեր մեծամասնութիւնը կրնայ բացատրել, թէ մեր մարմինը ինչպէ՛ս ոյժ կ’արտադրէ մեր կերած ուտելիքներէն։ Պարզապէս գիտենք, թէ այդ համակարգը իր գործը կը տեսնէ եւ թէ ուտելով անոր հետ կը համագործակցինք։ Եթէ ընտրենք սննդարար կերակուրներ ուտել, արդիւնքը աւելի լաւ կ’ըլլայ։ Նոյն կերպով, Եհովա յաւիտենական կեանքի պահանջները կը սահմանէ, եւ մեզի հարկ եղած օգնութիւնը կու տայ՝ այդ պահանջներուն գոհացում տալու համար։ Բացայայտ է որ գործին մեծ մասը ի՛նք կը կատարէ եւ արժանի է փառաբանութեան։ Սակայն, որպէսզի օրհնութիւնը ստանանք, Աստուծոյ հետ պէտք է համագործակցինք, իր կամքին հետ ներդաշնակ գործելով (Ան. 2։18, 19)։
18. Ի՞նչ վճռած ես ընել եւ ինչո՞ւ։
18 Ուրեմն, ամէն նշանակում սրտանց կատարէ։ Յաջողութեան համար մի՛շտ Եհովայի դիմէ (Մար. 11։23, 24)։ Մինչ այդպէս կ’ընես, վստահ եղիր թէ «ով որ կը փնտռէ՝ կը գտնէ» (Մատ. 7։8)։ Հոգիէն–օծուած քրիստոնեաները երկինքին մէջ պիտի օրհնուին ‘կենաց պսակով’ (Յակ. 1։12)։ Քրիստոսի «ուրիշ ոչխարներ»ը, որոնք կը ջանան Աբրահամի սերունդին միջոցաւ օրհնութիւն մը ստանալ, պիտի ցնծան՝ երբ ան ըսէ. «Եկէք իմ Հօրս օրհնածները, աշխարհի սկիզբէն ձեզի համար պատրաստուած թագաւորութիւնը ժառանգեցէք» (Յովհ. 10։16. Մատ. 25։34)։ Այո, «[Աստուծոյ] օրհնածները պիտի ժառանգեն երկիրը. . . ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Սաղ. 37։22, 29)։
Կրնա՞ս բացատրել
• Իսկական հնազանդութիւնը ի՞նչ կը պարփակէ։
• Աստուծոյ օրհնութիւնը ստանալու համար ի՞նչ պահանջուած է։
• Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ սուրբ հոգին ստանալ, եւ անիկա ինչպէ՞ս կրնայ մեզի ի նպաստ գործել։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկարներ՝ էջ 13]
Եհովայի օրհնութիւնը ստանալու համար Յակոբ հրեշտակի մը հետ գօտեմարտեցաւ։
Նմանապէս անխոնջ ջանք կը թափե՞ս