Մեր գործօն Առաջնորդը այսօր
Մեր գործօն Առաջնորդը այսօր
«Անիկա յաղթող էր ու յաղթելու գնաց» (ՅԱՅՏ. 6։2)։
1, 2. ա) Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կը նկարագրէ Քրիստոսի արքայական գործունէութիւնը 1914–էն ի վեր։ բ) Իր գահակալումէն ետք, Քրիստոս ի՞նչ բաներ կատարած է։
ՔՐԻՍՏՈՍ որպէս Եհովայի մեսիական Թագաւորութեան Թագաւորը թագադրուեցաւ 1914–ին։ Այժմ զինք մեր մտքի աչքով ինչպէ՞ս կը տեսնենք։ Որպէս հայեցողակա՞ն թագաւոր մը, որ իր աթոռին վրայ նստած, ատեն–ատեն երկրին ակնարկ կը նետէ, տեսնելու համար թէ իր ժողովքը ինչպէ՛ս կ’ընթանայ։ Եթէ այո՛, ուրեմն պէտք է մեր կարծիքը փոխենք։ Սաղմոսներու գիրքը եւ Յայտնութիւն գիրքը զինք կը նկարագրեն իբրեւ աշխոյժ թագաւոր, որ ձիավարելով ‘կը յաղթէ ու յաղթելու կ’երթայ’ մինչեւ վերջնական ‘յաջողութիւն’ (Յայտ. 6։2. Սաղ. 2։6-9. 45։1-4, ԱԾ)։
2 Քրիստոսի գահակալումէն ետք, իր առաջին արքայական արարքը եղաւ՝ իր յաղթանակը ‘վիշապին եւ անոր հրեշտակներուն’ վրայ։ Քրիստոս որպէս Միքայէլ հրեշտակապետ, իր հրեշտակներուն հետ մէկտեղ, Բանսարկուն եւ անոր դեւերը սուրբ երկինքէն վռնտեց ու զանոնք երկրագունդին շրջակայքը արգելափակեց (Յայտ. 12։7-9)։ Ետքը, որպէս Եհովայի «ուխտին հրեշտակը», Յիսուս իր Հօր հետ եկաւ՝ հոգեւոր տաճարը քննելու (Մաղ. 3։1)։ Ան դատեց քրիստոնեայ աշխարհը՝ «մեծ Բաբելոն»ին ամէնէն մեղադրելի մասը, արիւնահեղութեամբ եւ այս աշխարհի քաղաքական դրութեան հետ հոգեւոր շնութեամբ յանցաւոր գտնելով զինք (Յայտ. 18։2, 3, 24)։
Իր երկրային ծառան մաքրել
3, 4. ա) Որպէս Եհովայի «հրեշտակ»ը, Քրիստոս ի՞նչ գործ կատարեց։ բ) Տաճարին քննութիւնը ի՞նչ բան յայտնեց, եւ որպէս ժողովքին Գլուխը՝ Յիսուս ի՞նչ նշանակում ըրաւ։
3 Եհովայի եւ իր «հրեշտակ»ին կողմէ եղած քննութիւնը նաեւ յայտնեց, թէ այդ հոգեւոր տաճարին երկրային գաւիթին մէջ կար խումբ մը ճշմարիտ քրիստոնեաներ, որոնք քրիստոնեայ աշխարհի եկեղեցիներուն մաս չէին կազմեր։ Սակայն նոյնիսկ այս օծեալ քրիստոնեաները, կամ «Ղեւիին որդիները», մաքրուելու Մաղ. 3։3)։ Այս հոգեւոր իսրայէլացիները մաքրելու համար, Եհովա իր «ուխտին հրեշտակը»՝ Քրիստոս Յիսուսը գործածեց։
կարիք ունէին, ինչպէս որ Մաղաքիա մարգարէն նախագուշակած էր. «Անիկա [Եհովա] արծաթ հալեցնողի ու մաքրողի պէս պիտի նստի։ Ղեւիին որդիները պիտի մաքրէ, զանոնք ոսկիի պէս ու արծաթի պէս պիտի զտէ։ Անոնք արդարութեամբ Տէրոջը ընծայ պիտի մատուցանեն» (4 Ասկէ զատ, Քրիստոս նկատեց որ սոյն հաւատարիմ օծեալ քրիստոնեաները իրենց ամբողջ կարելին կ’ընէին, որ ատենին հոգեւոր կերակուր հայթայթէին հաւատքի ընտանիներուն։ 1879–էն ի վեր, հակառակ ամէն խոչընդոտի, անոնք այս պարբերաթերթին մէջ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին աստուածաշնչական ճշմարտութիւններ կը հրատարակէին։ Յիսուս մարգարէացած էր, թէ «աշխարհիս վերջին» ընթացքին, իր ծառաները քննելու «եկած ատեն», պիտի գտնէր ծառայ մը, որ «ատենին անոնց կերակուր» կը հայթայթէր։ Ան այդ ծառան երանելի պիտի կոչէր եւ երկրի վրայ ‘իր բոլոր ունեցածին վրայ պիտի կեցնէր զանիկա’ (Մատ. 24։3, 45-47)։ Քրիստոնէական ժողովքին Գլուխը ըլլալով, Քրիստոս այս «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» գործածած է՝ երկրի վրայ Իր Թագաւորութեան շահերը մատակարարելու։ Ան Կառավարիչ մարմինի մը միջոցով ուղղութիւն տուած է օծեալ «ծառաներ»ուն եւ անոնց ընկերակից «ուրիշ ոչխարներ»ուն (Յովհ. 10։16)։
Երկիրը հնձել
5. Տեսիլքի մը մէջ, Յովհաննէս առաքեալ ի՞նչ արքայական գործունէութիւն մը տեսաւ։
5 Յովհաննէս առաքեալ տեսիլքի մը մէջ տեսաւ, որ մեսիական Թագաւորը ուրիշ բան մըն ալ պիտի ընէր տէրունական օրը, 1914–ին Իր գահակալումէն ետք։ Յովհաննէս գրեց. «Տեսայ ճերմակ ամպ մը ու այն ամպին վրայ մէկը նստեր էր Որդի մարդոյ նման եւ իր գլուխը ոսկիէ պսակ մը ու իր ձեռքը սուր մանգաղ մը ունէր» (Յայտ. 1։10. 14։14)։ Յովհաննէս լսեց, որ Եհովայէն հրեշտակ մը այս Հնձողին կ’ըսէ, որ իր մանգաղը երկարէ, քանի որ «երկրի հունձքը հասունցած է» (Յայտ. 14։15, 16)։
6. Ըստ Յիսուսի, ժամանակի ընթացքին ի՞նչ բան պիտի զարգանար։
6 Այս «երկրի հունձքը» մեզի կը յիշեցնէ Յիսուսի պատմած որոմին առակը։ Յիսուս ինքզինք նմանցուց մարդու մը, որ իր արտը ցորենի հունտեր ցանեց, ընտիր ցորենով լի բերք մը հնձելու հեռանկարով։ Ընտիր ցորենը կը ներկայացնէ «թագաւորութեանը որդիներ»ը,– ճշմարիտ քրիստոնեաներ՝ որոնք օծուած են իրեն հետ ընկերակցելու իր Թագաւորութեան մէջ։ Բայց գիշերուան մութին, թշնամի մը՝ «Սատանան», արտին մէջ ցանեց որոմ,– «չարին որդիներ»ը։ Արտին տէրը իր գործաւորներուն հրահանգեց, որ թոյլ տան ցորենին եւ որոմին որ մէկտեղ աճին մինչեւ հունձքին ատենը՝ «աշխարհիս վերջը»։ Այդ ատեն, ան իր հրեշտակները պիտի ղրկէր, որպէսզի ցորենը որոմէն զատեն (Մատ. 13։24-30, 36-41)։
7. Քրիստոս ինչպէ՞ս կը կատարէ «երկրի հունձքը»։
7 Առ ի կատարում Յովհաննէսին տրուած տեսիլքին, Յիսուս աշխարհածաւալ հունձքի գործ մը կը վարէ։ «Երկրի հունձքը» սկսաւ «ցորեն»ին՝ 144,000 «թագաւորութեանը որդիներ»ուն մնացորդին հաւաքումով։ Ճշմարիտ քրիստոնեաներու եւ կեղծ քրիստոնեաներու տարբերութիւնը ա՛լ աւելի ակներեւ եղաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք, նպաստելով «երկրի հունձք»ին երկրորդ մասին,– ուրիշ ոչխարներուն հաւաքումը։ Ասոնք ոչ թէ «թագաւորութեանը որդիներ»ն են, հապա՝ Թագաւորութեան յօժարակամ հպատակներու «մեծ բազմութիւն մը»։ Անոնք բոլոր ‘ժողովուրդներէ, ազգերէ ու լեզուներէ’ կը հնձուին։ Անոնք կ’ենթարկուին մեսիական Թագաւորութեան, որ կազմուած է Քրիստոս Յիսուսէ եւ 144,000 «սուրբեր»է, որոնք այդ երկնային կառավարութեան մէջ իրեն հետ պիտի ընկերակցին (Յայտ. 7։9, 10. Դան. 7։13, 14, 18)։
Ժողովքները ղեկավարել
8, 9. ա) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, թէ Քրիստոս ոչ միայն ամբողջ ժողովքին վարքը կը նկատէ, այլ նաեւ՝ անոր իւրաքանչիւր անդամին ապրելակերպը։ բ) Ինչպէս որ էջ 30–ի պատկերը ցոյց կու տայ, «Սատանայի [ի՞նչ] ծածուկ բաներ»է պէտք է խուսափինք։
8 Նախորդ յօդուածին մէջ տեսանք, թէ Մատ. 28։18. Կող. 1։18)։ Եհովա զինք օծեալներու ‘եկեղեցիին գլուխը դրած է բոլոր բաներուն վրայ’ (Եփ. 1։22)։ Այս հանգամանքով, Եհովայի վկաներու աւելի քան 100,000 ժողովքներուն մէջ պատահած ո՛չ մէկ բան կը վրիպի անոր աչքէն։
մ.թ. առաջին դարուն՝ Քրիստոս ինչպէ՛ս մօտէն նկատեց իւրաքանչիւր ժողովքին հոգեւոր վիճակը։ Մեր օրերուն, որպէս իշխող Թագաւոր, որուն տրուած է «ամէն իշխանութիւն. . . երկնքի ու երկրի մէջ», Քրիստոս՝ մեր Առաջնորդը՝ համայն աշխարհի մէջ գործօն գլխաւորութիւն կը բանեցնէ ժողովքներուն եւ անոնց տեսուչներուն վրայ (9 Յիսուս վաղեմի Թիւատիր ժողովքին սա պատգամը ուղարկեց. «Այսպէս կ’ըսէ Աստուծոյ Որդին, որ կրակի բոցի պէս աչքեր ունի. . . Գիտեմ քու գործերդ» (Յայտ. 2։18, 19)։ Ան այդ ժողովքէն անհատներ յանդիմանեց՝ իրենց անբարոյ, ինքնագոհ կենցաղակերպին համար, ըսելով. «Ես ան եմ՝ որ երիկամունքները ու սրտերը կը քննեմ. իւրաքանչիւրիդ ձեր գործերուն համեմատ պիտի հատուցանեմ» (Յայտ. 2։23)։ Այս խօսքը ցոյց կու տայ թէ Քրիստոս ոչ միայն իւրաքանչիւր ժողովքի հաւաքական վարքը կը նկատէ, այլ նաեւ՝ անոր իւրաքանչիւր անդամին ապրելակերպը։ Յիսուս գովեց Թիւատիրի այն քրիստոնեաները, որոնք ‘չճանչցան Սատանային ծածուկ բաները’ (Յայտ. 2։24)։ Ներկայիս, ան նոյնպէս կը հաճի անոնց, որոնք՝ երիտասարդ թէ տարեց, ետ կը կենան «Սատանայի ծածուկ բաները» պեղելէն, համացանցին կամ տեսաերիզի վայրագ խաղերու միջոցաւ կամ մարդկային թոյլատու պատճառաբանութիւններով։ Ան ո՜րքան ուրախ է նկատելով բազմաթիւ քրիստոնեաներու ջանքերն ու զոհողութիւնները, որոնք իրենց ամբողջ կարելին կ’ընեն, որ իրենց կեանքի բոլոր երեսակներուն մէջ իր առաջնորդութեան հետեւին։
10. Ինչպէ՞ս խորհրդանշուած է թէ Քրիստոս ժողովքի երէցները կ’առաջնորդէ, բայց անոնք ի՞նչ կարգադրութիւն պէտք է ընդունին։
10 Քրիստոս նշանակուած երէցներու միջոցով երկրի վրայ իր ժողովքներուն սիրալիր վերատեսչութիւն կը հայթայթէ (Եփ. 4։8, 11, 12)։ Առաջին դարուն, բոլոր տեսուչները հոգիէն ծնած էին։ Յայտնութիւն գրքին մէջ անոնք նկարագրուած էին որպէս աստղեր Քրիստոսի աջ ձեռքին մէջ (Յայտ. 1։16, 20)։ Ներկայիս, ժողովքի երէցներուն մեծամասնութիւնը ուրիշ ոչխարներէն է։ Անոնք կը նշանակուին աղօթքէ ետք եւ սուրբ հոգիին առաջնորդութեան ներքեւ. ուստի անո՛նք ալ կրնան սեպուիլ թէ Քրիստոսի ուղղութեան կամ առաջնորդող ձեռքին տակ են (Գործք 20։28)։ Սակայն անոնք կը գիտակցին, թէ Քրիստոս օծեալ տղամարդոցմէ բաղկացած պզտիկ խումբ մը կը գործածէ որպէս Կառավարիչ մարմին, որպէսզի երկրի վրայ իր աշակերտները առաջնորդէ եւ անոնց ուղղութիւն տայ (կարդալ՝ Գործք 15։6, 28-30)։
«Եկո՛ւր, Տէր Յիսուս»
11. Ինչո՞ւ կը տենչանք տեսնել մեր Առաջնորդին շուտով գալը։
11 Յովհաննէս առաքեալին տրուած յայտնութեան մէջ, Յիսուս բազմիցս ըսաւ որ շուտով կու գայ (Յայտ. 2։16. 3։11. 22։7, 20)։ Անկասկած ան կ’ակնարկէր իր գալուն, որ Մեծն Բաբելոնի եւ Սատանայի իրերու ամբարիշտ դրութեան մնացեալ մասին վրայ դատաստան ի գործ դնէ (Բ. Թես. 1։7, 8)։ Նախագուշակուած բոլոր սքանչելի դէպքերուն կատարման ականատես ըլլալու մեծ փափաքը ունենալով, տարիքը առած Յովհաննէս առաքեալ բացագանչեց. «Ամէ՛ն, եկո՛ւր, Տէր Յիսուս»։ Մենք՝ որ այս իրերու ամբարիշտ դրութեան վախճանին ատենը կ’ապրինք, նոյնպէս կը տենչանք տեսնել՝ թագաւորական հեղինակութեամբ մեր Առաջնորդին ու Թագաւորին գալը, որպէսզի իր Հօր անունը սրբացնէ եւ Անոր գերիշխանութիւնը ջատագովէ։
12. Կործանումի հովերը արձակուելէն առաջ, Քրիստոս ի՞նչ գործ պիտի ամբողջացնէ։
12 Նախ քան Յիսուսի գալը Սատանայի տեսանելի կազմակերպութեան դէմ, հոգեւոր իսրայէլի՝ 144,000–ի՝ վերջին անդամները պիտի ստանան վերջնական կնքումը։ Աստուածաշունչը յստակօրէն կը նշէ, թէ 144,000–ին այս կնքումը ամբողջանալէ առաջ, կործանումի հովերը պիտի չարձակուին Սատանայի դրութեան վրայ (Յայտ. 7։1-4)։
13. Քրիստոս իր ներկայութիւնը ինչպէ՞ս յայտնի պիտի ընէ ‘մեծ նեղութեան’ առաջին հանգրուանին ընթացքին։
13 1914–էն ի վեր Քրիստոսի «ներկայութիւն»ը աննկատ մնացած է երկրագունդի բնակիչներուն մեծամասնութեան կողմէ (Բ. Պետ. 3։3, 4, ՆԱ)։ Սակայն ան շուտով իր ներկայութիւնը յայտնի պիտի ընէ, Սատանայի իրերու դրութեան զանազան տարրերուն վրայ Եհովայի դատաստանները գործադրելով։ «Անօրէնութեան մարդ»ուն՝ քրիստոնեայ աշխարհի կղերականներուն՝ կործանումը, յստակօրէն պիտի յայտնէ իր «ներկայութիւն»ը (կարդալ՝ Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։3, 8)։ Ատիկա ստոյգ ապացոյց պիտի հայթայթէ, թէ Քրիստոս որպէս Եհովայի նշանակած Դատաւորը՝ գործի լծուած է (կարդալ՝ Բ. Տիմոթէոս 4։1)։ Մեծն Բաբելոնի ամէնէն մեղադրելի բաժինին բնաջնջումը պիտի ծառայէ որպէս նախերգանք՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան ամբողջական կործանման։ Եհովա քաղաքական առաջնորդներուն սիրտին մէջ պիտի դնէ, որ կործանեն այս հոգեւոր պոռնիկը (Յայտ. 17։15-18)։ Ատիկա ‘մեծ նեղութեան’ առաջին հանգրուանը պիտի ըլլայ (Մատ. 24։21)։
14. ա) Մեծ նեղութեան առաջին հանգրուանը ինչո՞ւ պիտի կարճեցուի։ բ) Եհովայի ժողովուրդին համար, «Որդի մարդոյ նշանը» ի՞նչ պիտի նշանակէ։
14 Յիսուս նշեց թէ այդ նեղութեան օրերը պիտի քիչնան «ընտրեալներուն համար»,– օծեալ քրիստոնեաներու մնացորդը, որ տակաւին երկրի վրայ է (Մատ. 24։22)։ Եհովա թոյլ պիտի չտայ սուտ կրօնքը կործանող յարձակումին, որ օծեալ քրիստոնեաները եւ անոնց ընկերակից ուրիշ ոչխարները բնաջնջէ։ Յիսուս աւելցուց թէ «այն նեղութեան օրերէն յետոյ», արեգակին, լուսինին եւ աստղերուն մէջ նշաններ պիտի ըլլան, ու «այն ատեն Որդի մարդոյ նշանը պիտի երեւնայ երկնքի մէջ»։ Ասիկա պատճառ պիտի ըլլայ որ երկրի ազգերը ‘կոծ ընեն’, իսկ օծեալները՝ որոնք երկնային յոյս ունին, եւ իրենց ընկերակիցները՝ որոնք երկրային յոյս ունին, ‘պիտի ելլեն ու գլուխնին բարձրացնեն, վասնզի իրենց փրկութիւնը մօտ է’ (Մատ. 24։29, 30. Ղուկ. 21։25-28)։
15. Երբ Քրիստոս գայ, ի՞նչ պիտի ընէ։
15 Իր յաղթանակը ամբողջացնելէ առաջ, Որդի մարդոյ դեռ ուրիշ կերպով մըն ալ կու գայ։ Ան մարգարէացաւ. «Երբ Որդին մարդոյ իր փառքովը գայ եւ բոլոր սուրբ հրեշտակները իրեն հետ, այն ատեն իր փառաց աթոռը պիտի նստի։ Անոր առջեւ պիտի ժողվուին բոլոր ազգերը ու զանոնք իրարմէ պիտի զատէ, ինչպէս հովիւ մը ոչխարները այծերէն կը զատէ։ Ոչխարները իր աջ կողմը պիտի կայնեցնէ ու այծերը՝ ձախ կողմը» (Մատ. 25։31-33)։ Ասիկա կ’ակնարկէ Քրիստոսի գալուն իբրեւ Դատաւոր, որ ‘բոլոր ազգերէն’ մարդիկ երկու խումբի բաժնէ. «ոչխարներ», անոնք որոնք աշխուժօրէն աջակցած են իր հոգեւոր եղբայրներուն (երկրի վրայ օծեալ քրիստոնեաները), եւ «այծեր», անոնք որոնք «մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աւետարանին չեն հնազանդիր» (Բ. Թես. 1։7, 8)։ Ոչխարները, որոնք «արդարներ» են, պիտի ստանան «յաւիտենական կեանք» երկրի վրայ, իսկ այծերը «պիտի երթան յաւիտենական տանջանքը»՝ կամ կործանումը (Մատ. 25։34, 40, 41, 45, 46)։
Յիսուս իր յաղթանակը կ’ամբողջացնէ
16. Քրիստոս՝ մեր Առաջնորդը, ինչպէ՞ս պիտի ամբողջացնէ իր յաղթանակը։
16 Իր թագաւոր–քահանայ ընկերակիցներուն լման թիւը կնքուած ըլլալով եւ ոչխարները բնորոշուած ու փրկութեան համար իր աջ կողմը դրուած ըլլալով, Քրիստոս կրնայ շարունակել իր ‘յաղթանակը’ ամբողջացնել (Յայտ. 5։9, 10. 6։2)։ Հզօր հրեշտակներէ եւ անկասկած իր յարուցեալ եղբայրներէն բաղկացած բանակ մը առաջնորդելով, ան պիտի կործանէ Սատանայի ամբողջ քաղաքական, զինուորական եւ առեւտրական դրութիւնը երկրի վրայ (Յայտ. 2։26, 27. 19։11-21)։ Քրիստոսի յաղթանակը պիտի ամբողջանայ, երբ ան կործանէ Սատանայի ամբարիշտ դրութիւնը։ Ետքը, ան Սատանան ու դեւերը անդունդը պիտի ձգէ հազար տարի (Յայտ. 20։1-3)։
17. Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին, Քրիստոս իր ուրիշ ոչխարները ի՞նչ բանի պիտի առաջնորդէ, եւ ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։
17 Խօսելով ուրիշ ոչխարներու ‘մեծ բազմութեան’ մասին, որոնք մեծ նեղութենէն պիտի վերապրին, Յովհաննէս առաքեալ մարգարէացաւ թէ «Գառնուկը, որ աթոռին մէջ է, պիտի հովուէ զանոնք ու դէպի կենդանի ջուրերու աղբիւրները պիտի առաջնորդէ զանոնք» (Յայտ. 7։9, 17)։ Այո, իր ամբողջ հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին Քրիստոս պիտի շարունակէ առաջնորդել ուրիշ ոչխարները, որոնք իսկապէս իր ձայնը մտիկ կ’ընեն, եւ ուղղել զանոնք դէպի յաւիտենական կեանք (կարդալ՝ Յովհաննէս 10։16, 26-28)։ Հաւատարմօրէն հետեւինք մեր արքայական Առաջնորդին,– հիմա եւ մինչեւ Եհովայի խոստացեալ նոր աշխարհը։
Վերաքաղի համար
• Քրիստոս իր գահակալումէն ետք ի՞նչ ըրաւ։
• Ժողովքները առաջնորդելու համար, Քրիստոս ի՞նչ տեսանելի միջոցներ կը գործածէ։
• Քրիստոս՝ մեր Առաջնորդը, դեռ ի՞նչ կերպերով պիտի գայ։
• Նոր աշխարհին մէջ, Քրիստոս ինչպէ՞ս պիտի շարունակէ մեզ առաջնորդել։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 31]
Սատանայի ամբարիշտ դրութեան կործանումը պիտի յայտնէ Քրիստոսի ներկայութիւնը