Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Միութիւնը կը բնորոշէ ճշմարիտ պաշտամունքը

Միութիւնը կը բնորոշէ ճշմարիտ պաշտամունքը

Միութիւնը կը բնորոշէ ճշմարիտ պաշտամունքը

«Իրենց փարախին մէջ եղող հօտերուն պէս, [զանոնք] մէկտեղ պիտի բերեմ» (ՄԻՔ. 2։12

1. Ստեղծագործութիւնը ինչպէ՞ս Աստուծոյ իմաստութիւնը կ’ապացուցանէ։

ՍԱՂՄՈՍԵՐԳՈՒ մը բացագանչեց. «Ո՛վ Տէր, որչա՜փ շատ են քու գործերդ. որոնք՝ բոլորը՝ իմաստութիւնով ըրիր։ Երկիրը լեցուած է քու ստեղծածներովդ» (Սաղ. 104։24)։ Երկրագունդի ապշեցուցիչ կեանքի բարդ ոստայնին մէջ միլիոնաւոր բոյսերու, միջատներու, անասուններու եւ մանրէներու փոխկախուածութիւնը կ’ապացուցանէ Աստուծոյ իմաստութիւնը։ Նաեւ, մարմնիդ մէջ հազարաւոր մեքենականութիւններ,– մեծ գործարաններէն մինչեւ բջիջին մէջ մասնկային սարքեր,– միասնաբար կը գործեն, որպէսզի ըլլաս լման եւ առողջ անձ մը։

2. Ինչպէս որ այս էջի պատկերը ցոյց կու տայ, քրիստոնեաներուն միութիւնը ինչո՞ւ հրաշալի թուած ըլլալու էր։

2 Եհովա մարդ արարածը փոխկախեալ ստեղծեց։ Մարդկային ցեղը դրսերեւոյթներու, անձնաւորութիւններու եւ հմտութիւններու հսկայ այլազանութիւն մը ունի։ Ասկէ զատ, ան առաջին զոյգը օժտեց աստուածային յատկութիւններով, որոնց միջոցով պիտի կարենային իրարու հետ համագործակցիլ եւ իրարմէ կախեալ ըլլալ (Ծն. 1։27. 2։18)։ Այսուհանդերձ, մարդկային աշխարհը այժմ ընդհանուր առմամբ օտարացած է Աստուծմէ եւ որպէս ամբողջութիւն՝ բնաւ չէ կրցած միութեամբ գործել (Ա. Յովհ. 5։19)։ Նկատի ունենալով որ առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքը զանազան մարդոցմէ կազմուած էր,– եփեսացի ստրուկներ, երեւելի յոյն կիներ, ուսեալ հրեայ տղամարդիկ եւ նախկին կռապաշտներ,– անոնց միութիւնը հրաշալի թուած ըլլալու էր (Գործք 13։1. 17։4. Ա. Թես. 1։9. Ա. Տիմ. 6։1

3. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կը նկարագրէ քրիստոնեաներուն միութիւնը, եւ այս ուսումնասիրութեան մէջ ի՞նչ բաներ պիտի քննարկենք։

3 Ճշմարիտ պաշտամունքը մարդիկը կարող կը դարձնէ, որ մարմնի անդամներուն նման ներդաշնակօրէն համագործակցին (կարդալ՝ Ա. Կորնթացիս 12։12, 13Այս յօդուածին մէջ մեր քննարկելիք կարգ մը կէտերն են. ճշմարիտ պաշտամունքը ինչպէ՞ս մարդիկը կը միացնէ։ Ինչո՞ւ միայն Եհովա կրնայ բոլոր ազգերէ միլիոնաւորներ միացնել։ Եհովա մեզի կ’օգնէ յաղթահարելու միութեան ի՞նչ խոչընդոտներ։ Եւ միութեան առնչութեամբ, ճշմարիտ քրիստոնէութիւնը ինչպէ՞ս կը տարբերի քրիստոնեայ աշխարհէն։

Ճշմարիտ պաշտամունքը ինչպէ՞ս մարդիկը կը միացնէ

4. Ճշմարիտ պաշտամունքը ինչպէ՞ս մարդիկը կը միացնէ։

4 Ճշմարիտ պաշտամունքի հետեւողները կը գիտակցին, թէ Եհովա տիեզերքի արդարացի Գերիշխանն է, քանի որ ի՛նք ամէն բան ստեղծեց (Յայտ. 4։10)։ Ուստի իսկական քրիստոնեաները բազմաթիւ համայնքներու մէջ եւ տարբեր պայմաններու ներքեւ ապրելով հանդերձ, բոլորն ալ Աստուծոյ նոյն օրէնքներուն կը հնազանդին եւ Աստուածաշունչի նոյն սկզբունքներուն համաձայն իրենց կեանքը կը վարեն։ Բոլոր ճշմարիտ երկրպագուները պատշաճօրէն կ’ակնարկեն Եհովայի որպէս «Հայր» (Եսա. 64։8. Մատ. 6։9)։ Արդ, անոնք բոլորն ալ հոգեւոր եղբայրներ են եւ կրնան վայելել սաղմոսերգուի նկարագրած գեղեցիկ միութիւնը. «Ահա ո՜րչափ բարի ու ո՜րչափ վայելուչ է որ եղբայրները իրարու հետ միաբանութեամբ բնակին» (Սաղ. 133։1

5. Ո՞ր յատկութիւնը ճշմարիտ երկրպագուներու միութեան կը նպաստէ։

5 Անկատար ըլլալով հանդերձ, ճշմարիտ քրիստոնեաները միութեամբ միասնաբար կը պաշտեն, քանի որ սորված են մէկզմէկ սիրել։ Եհովա անզուգական կերպով անոնց սիրել կը սորվեցնէ (կարդալ՝ Ա. Յովհաննէս 4։7, 8Իր Խօսքը կ’ըսէ. «Հագէ՛ք գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը, իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ. ինչպէս Քրիստոս ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դո՛ւք։ Եւ այս բոլոր բաներուն վրայ սէրը հագէք, որ կատարելութեան կապն է» (Կող. 3։12-14)։ Միութեան այս կատարեալ կապը,– սէրը,– ա՛յն յատկութիւնն է, որ գլխաւորաբար կը բնորոշէ ճշմարիտ քրիստոնեաները։ Փորձառաբար չե՞ս նկատած, թէ այս միութիւնը ճշմարիտ պաշտամունքի զատորոշիչ մէկ երեսակն է (Յովհ. 13։35

6. Թագաւորութեան յոյսը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ միութիւն վայելելու։

6 Ճշմարիտ երկրպագուները նաեւ միացած են, քանի որ Աստուծոյ Թագաւորութեան կը նային որպէս մարդկութեան միակ յոյսը։ Անոնք գիտեն թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը շուտով մարդկային կառավարութիւնները պիտի փոխարինէ եւ իսկական ու մնայուն խաղաղութեամբ հնազանդ մարդկութիւնը պիտի օրհնէ (Եսա. 11։4-9. Դան. 2։44)։ Այսպէս, քրիստոնեաները ուշադրութիւն կ’ընծայեն իր հետեւորդներուն մասին Յիսուսի ըսած խօսքին. «Անոնք աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ» (Յովհ. 17։16)։ Ճշմարիտ քրիստոնեաները աշխարհի կռիւներուն մէջ չէզոք կը մնան. հետեւաբար անոնք ի վիճակի են միութիւն վայելելու, նոյնիսկ երբ իրենց շուրջինները պատերազմի մէջ են։

Հոգեւոր հրահանգի միակ աղբիւրը

7, 8. Աստուածաշնչական ուսուցումը ի՞նչ կերպով մեր միութեան կը նպաստէ։

7 Առաջին դարու քրիստոնեաները միութիւն վայելեցին, քանի որ բոլորն ալ նոյն աղբիւրէն քաջալերութիւն ստացան։ Անոնք գիտակցեցան թէ Յիսուս ժողովքին կը սորվեցնէր եւ ուղղութիւն կու տար կառավարիչ մարմինի մը միջոցաւ, որ Երուսաղէմի մէջ եղող առաքեալներէն ու երէցներէն կազմուած էր։ Այս նուիրեալ տղամարդիկը իրենց որոշումները հիմնեցին Աստուծոյ Խօսքին վրայ, եւ ճամբորդող տեսուչներու միջոցով իրենց հրահանգները հաղորդեցին բազմաթիւ երկիրներու մէջ գտնուող ժողովքներուն։ Այսպիսի կարգ մը տեսուչներու առնչութեամբ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Կարգ մը քաղաքներէ անցնելով, Երուսաղէմ եղած առաքեալներէն ու երէցներէն ապսպրուած հրամանները կ’աւանդէին անոնց որ պահեն» (Գործք 15։6, 19-22. 16։4

8 Նմանապէս այսօր, հոգիէն–օծուած քրիստոնեաներէ կազմուած Կառավարիչ մարմին մը համաշխարհային ժողովքին միութեան կը նպաստէ։ Կառավարիչ մարմինը բազմաթիւ լեզուներով հոգեւորապէս քաջալերական հրատարակութիւններ ի լոյս կ’ընծայէ։ Այս հոգեւոր սնունդը Աստուծոյ Խօսքին վրայ հիմնուած է։ Արդ, ի՛նչ որ կ’ուսուցանուի՝ մարդոց կողմէ չէ, հապա Եհովայի կողմէ է (Եսա. 54։13

9. Մեր աստուածատուր գործը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ միացած ըլլալու։

9 Քրիստոնեայ տեսուչներն ալ միութիւն կը յառաջացնեն՝ քարոզչութեան մէջ առաջնորդութիւն առնելով։ Այն ընկերակցական հոգին, որ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ միասնաբար աշխատողները կը միացնէ, շա՜տ աւելի զօրաւոր է այն հոգիէն, որ աշխարհի մէջ եղողները կը միացնէ, որոնք պարզապէս իրարու կ’ընկերակցին։ Քրիստոնէական ժողովքը հաստատուեցաւ ոչ թէ ընկերային հաւաքատեղի մը ըլլալու, հապա՝ Եհովան պատուելու եւ գործ մը կատարելու համար,– բարի լուրը քարոզել, աշակերտել ու ժողովքը կերտել (Հռով. 1։11, 12. Ա. Թես. 5։11. Եբ. 10։24, 25)։ Ուստի Պօղոս առաքեալ կրցաւ քրիստոնեաներու մասին ըսել. «Դուք հաստատուն կը կենաք մէկ հոգիով ու մէկ շունչով պատերազմակից կ’ըլլաք աւետարանին հաւատքին համար» (Փլպ. 1։27

10. Ի՞նչ են կարգ մը կերպեր, որոնցմով միացած ենք որպէս Աստուծոյ ժողովուրդ։

10 Հետեւաբար, որպէս Եհովայի ժողովուրդ, մենք միացած ենք, քանի որ կ’ընդունինք Եհովայի գերիշխանութիւնը, կը սիրենք մեր եղբայրները, կը յուսանք Աստուծոյ Թագաւորութեան եւ կը յարգենք զանոնք՝ որոնք Աստուծոյ կողմէ կը գործածուին առաջնորդութիւն առնելու։ Եհովա մեզի կ’օգնէ որ յաղթահարենք որոշ կեցուածքներ, որոնք մեր անկատարութեան պատճառով կրնան մեր միութեան սպառնալ (Հռով. 12։2

Հպարտութիւնն ու նախանձը յաղթահարել

11. Հպարտութիւնը ինչո՞ւ բաժանարար է, եւ Եհովա ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ զայն յաղթահարելու։

11 Հպարտութիւնը մարդիկը կը բաժնէ։ Հպարտ անհատը կ’ուզէ ինքզինք գերադաս նկատել եւ սովորաբար՝ յոխորտալէն հաճոյք կ’առնէ։ Բայց ասիկա յաճախ միութիւնը կը խոչընդոտէ. յոխորտանքը լսողները թերեւս նախանձելու սկսին։ Յակոբոս աշակերտ յստակօրէն մեզի կ’ըսէ. «Բոլոր պարծանքները չարութիւն են» (Յակ. 4։16)։ Ուրիշները ստորադաս նկատելը անսիրալիր բան մըն է։ Յատկանշականօրէն, Եհովա խոնարհութեան տիպար է, քանի որ անկատար մարդոց հետ գործառնութիւն կ’ունենայ։ Դաւիթ գրեց. «Քու [Աստուծոյ] քաղցրութիւնդ [«խոնարհութիւնդ», ՆԱ] զիս մեծցուց» (Բ. Թագ. 22։36)։ Աստուծոյ Խօսքը մեզի կ’օգնէ հպարտութիւնը յաղթահարելու, սորվեցնելով որ պատշաճօրէն մտածենք։ Ներշնչման ներքեւ Պօղոս գրեց. «Ո՞վ է ան որ քեզ տարբեր կ’ընէ ուրիշներէն եւ ի՞նչ ունիս որ չես առեր եւ եթէ առիր, ինչո՞ւ չառածի պէս կը պարծենաս» (Ա. Կոր. 4։7

12, 13. ա) Նախանձիլը ինչո՞ւ դիւրին է։ բ) Ուրիշներու նկատմամբ Եհովայի տեսակէտը որդեգրելը ի՞նչ արդիւնք կու տայ։

12 Նախանձը՝ միութեան այլ սովորական խոչընդոտ մըն է։ Ժառանգուած անկատարութեան պատճառով, բոլորս ‘նախանձի կը տենչանք’, եւ նոյնիսկ երկար տարիներ քրիստոնեայ եղողներ թերեւս ատեն–ատեն նախանձին ուրիշներու պարագաներուն, ստացուածքներուն, առանձնաշնորհումներուն կամ կարողութիւններուն (Յակ. 4։5, ԱԾ)։ Օրինակ՝ ընտանիքի տէր եղբայր մը թերեւս նախանձի լիաժամ ծառայի մը առանձնաշնորհումներուն, առանց անդրադառնալու որ լիաժամ ծառան թերեւս քիչ մը կը նախանձի երեխաներ ունեցող մարդուն։ Ինչպէ՞ս կրնանք թոյլ չտալ այսպիսի նախանձի մը, որ մեր միութիւնը քայքայէ։

13 Նախանձելէ խուսափելու համար, մտաբերէ թէ Աստուածաշունչը քրիստոնէական ժողովքի օծեալ անդամները կը համեմատէ մարդկային մարմնի մասերուն հետ (կարդալ՝ Ա. Կորնթացիս 12։14-18Օրինակ՝ աչքդ սրտէդ աւելի տեսանելի ըլլալով հանդերձ, քեզի համար երկուքն ալ արժէքաւոր չե՞ն։ Նմանապէս, Եհովա ժողովքի բոլոր անդամները կ’արժեւորէ, նոյնիսկ եթէ անոնցմէ ոմանք ժամանակ մը աւելի երեւելի ըլլան, քան՝ ուրիշներ։ Ուստի մեր եղբայրներուն նկատմամբ Եհովայի տեսակէտը որդեգրենք։ Փոխանակ ուրիշներու նախանձելու, կրնանք անոնց հոգածութիւն եւ անձնական հետաքրքրութիւն ցոյց տալ։ Այսպէս, ճշմարիտ քրիստոնեաներու եւ քրիստոնեայ աշխարհի եկեղեցասէրներու միջեւ եղած տարբերութեան կը նպաստենք։

Քրիստոնեայ աշխարհը բաժանումով յատկանշուած

14, 15. Հաւատուրաց քրիստոնէութիւնը ինչպէ՞ս բաժնուեցաւ։

14 Ճշմարիտ քրիստոնեաներու միութիւնը հակապատկերն է այն պայքարին, որ գոյութիւն ունի քրիստոնեայ աշխարհի եկեղեցիներուն մէջ։ Չորրորդ դարուն, հաւատուրաց քրիստոնէութիւնը արդէն ա՛յնքան լայնատարած էր, որ Հռոմի հեթանոս կայսր մը զայն իր հակակշռին տակ առաւ, քրիստոնեայ աշխարհի զարգացման նպաստելով։ Ետքը, իրարայաջորդ պառակտումներով, շատ մը թագաւորութիւններ Հռոմէն անջատուեցան եւ իրենց պետական եկեղեցիները հաստատեցին։

15 Դարեր շարունակ, այդ թագաւորութիւններէն շատեր իրարու դէմ պատերազմեցան։ 17–րդ եւ 18–րդ դարերու ընթացքին՝ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, մարդիկ իրենց պետութեան նուիրուիլը յառաջ տարին, այնպէս որ ազգայնականութիւնը իրօք կրօնքի մը պէս եղաւ։ 19–րդ եւ 20–րդ դարերու ընթացքին՝ ազգայնականութիւնը սկսաւ մարդոց մեծամասնութեան մտածմունքին տիրել։ Ի վերջոյ, քրիստոնեայ աշխարհի եկեղեցիները բազմաթիւ աղանդներու բաժնուեցան, որոնց մեծ մասը ազգայնականութիւնը կը հանդուրժէ։ Եկեղեցասէրներ նոյնիսկ պատերազմի գացած են իրենց հաւատակիցներուն դէմ, որոնք ուրիշ ազգի մը կը պատկանին։ Ներկայիս, քրիստոնեայ աշխարհը բաժնուած է թէ՛ աղանդապաշտ հաւատալիքներով եւ թէ ազգայնականութեամբ։

16. Քրիստոնեայ աշխարհի մարդիկը ինչպիսի՞ հարցերով բաժնուած են։

16 20–րդ դարուն, քրիստոնեայ աշխարհի հարիւրաւոր աղանդներէն ոմանք ընդհանրական շարժումը հաստատեցին, միութիւն յառաջ բերելու համար։ Բայց տասնամեակներ ջանք թափելէ ետք, եկեղեցիներէն քիչեր համաձայնած են մէկ եկեղեցիի վերածուիլ, եւ եկեղեցասէրներ տակաւին տարակարծիք են որոշ հարցերու շուրջ, ինչպէս՝ բարեշրջութիւն, վիժում, միասեռականութիւն եւ կիներու ձեռնադրութիւն։ Քրիստոնեայ աշխարհի կարգ մը մասերու մէջ, եկեղեցապետներ կը ջանան տարբեր աղանդներէ մարդիկ միացնել, բաժանական վարդապետութիւններուն կարեւորութիւն չտալով։ Սակայն, վարդապետութիւններ նսեմացնելը մարդոց հաւատքը կը տկարացնէ, եւ վստահաբար քրիստոնեայ աշխարհի պառակտուած տունը չի միացներ։

Ազգայնականութիւնը յաղթահարել

17. Ինչպէ՞ս նախագուշակուած էր թէ «վերջին օրերը» ճշմարիտ պաշտամունքը մարդիկը պիտի միացնէր։

17 Թէեւ մարդկութիւնը այժմ որեւէ ժամանակէ աւելի ահռելիօրէն բաժնուած է, սակայն միութիւնը կը շարունակէ զատորոշել ճշմարիտ երկրպագուները։ Աստուծոյ Միքիա մարգարէն նախագուշակեց. «Իրենց փարախին մէջ եղող հօտերուն պէս, [զանոնք] մէկտեղ պիտի բերեմ» (Միք. 2։12)։ Միքիա նախագուշակեց թէ ճշմարիտ պաշտամունքը պիտի բարձրանար ամէն տեսակ պաշտամունքէ վեր, ըլլա՛յ չաստուածներու կամ պետութեան որպէս աստուած։ Ան գրեց. «Վերջին օրերը Տէրոջը տանը լեռը լեռներուն գլխուն վրայ պիտի հաստատուի, բլուրներէն վեր պիտի բարձրանայ, ժողովուրդները հեղեղի պէս անոր պիտի դիմեն. . . Քանզի բոլոր ժողովուրդները՝ ամէն մէկը իր աստուծոյն անունովը կը քալէ, բայց մենք յաւիտեանս յաւիտենից մեր Տէր Աստուծոյն անունովը պիտի քալենք» (Միք. 4։1, 5

18. Ճշմարիտ պաշտամունքը մեզի օգնած է ի՞նչ փոփոխութիւններ ընելու։

18 Միքիա նաեւ նկարագրեց, թէ ճշմարիտ պաշտամունքը ինչպէ՛ս պիտի միացնէր նախկին թշնամիները։ Շատ ազգերէ մարդիկ «պիտի երթան ու ըսեն. ‘Եկէ՛ք, Եհովային լեռը, Յակոբին Աստուծոյն տո՛ւնը ելլենք, որպէս զի մեզի իր ճամբաները սորվեցնէ, որ անոր շաւիղներուն մէջ քալենք’։ . . .Անոնք իրենց սուրերը՝ խոփեր, իրենց նիզակները յօտոցներ պիտի շինեն։ Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ եւ ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին» (Միք. 4։2, 3)։ Անոնք որոնք Եհովայի պաշտամունքը որդեգրելու համար մարդակերտ աստուածներու կամ ազգերու պաշտամունքը կը լքեն, աշխարհածաւալ միութիւն կը վայելեն։ Աստուած սիրոյ ուղիներուն նկատմամբ անոնց ցուցմունքներ կու տայ։

19. Ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ միլիոնաւորներու միութիւնը ի՞նչ բանի յստակ ապացոյց է։

19 Ներկայիս՝ ճշմարիտ քրիստոնեաներու աշխարհածաւալ միութիւնը անզուգական է եւ յստակ ապացոյց է, թէ Եհովա կը շարունակէ իր հոգիին միջոցաւ իր ժողովուրդը առաջնորդել։ Բոլոր ազգերէ անհատներ կը միանան այնպիսի տարողութեամբ, որ բնաւ չէ տեսնուած մարդկութեան պատմութեան մէջ։ Ասիկա Յայտնութիւն 7։9, 14–ի արտակարգ կատարում մըն է, եւ ցոյց կու տայ թէ Աստուծոյ հրեշտակները շուտով պիտի արձակեն «հովեր»ը, որոնք իրերու ներկայ ամբարիշտ դրութիւնը պիտի կործանեն (կարդալ՝ Յայտնութիւն 7։1-4, 9, 10, 14Համաշխարհային եղբայրութեան մէջ միացած ըլլալը առանձնաշնորհում մը չէ՞։ Իւրաքանչիւրս ինչպէ՞ս կրնանք այդ միութեան նպաստել։ Ասիկա պիտի քննարկուի յաջորդ յօդուածին մէջ։

Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանես

• Ճշմարիտ պաշտամունքը ինչպէ՞ս մարդիկը կը միացնէ։

• Ինչպէ՞ս կրնանք նախանձին թոյլ չտալ որ մեր միութիւնը քանդէ։

• Ազգայնականութիւնը ինչո՞ւ ճշմարիտ երկրպագուները չի բաժներ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 15]

Առաջին դարու քրիստոնեաները բազմաթիւ ենթահողերէ եկան

[Նկարներ՝ էջ 17]

Թագաւորութեան սրահի ձեռնարկներուն աջակցիլդ ինչպէ՞ս միութեան կը նպաստէ