Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հաւատակիցներուն պատիւ տալու մէջ առաջինը կ’ըլլա՞ս

Հաւատակիցներուն պատիւ տալու մէջ առաջինը կ’ըլլա՞ս

Հաւատակիցներուն պատիւ տալու մէջ առաջինը կ’ըլլա՞ս

«Եղբայրսիրութեան մէջ իրարու գորովալից եղէ՛ք. պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք» (ՀՌՈՎ. 12։10

1, 2. ա) Հռոմայեցիներուն յղած իր նամակին մէջ, Պօղոս ի՞նչ յորդոր կու տայ։ բ) Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ յղած իր նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ ժողովքէն ներս սէր ցոյց տալու կարեւորութիւնը կը շեշտէ մեզի որպէս քրիստոնեաներ։ Ան մեզի կը յիշեցնէ, թէ մեր սէրը «առանց կեղծաւորութեան» պէտք է ըլլայ։ Ան նաեւ կը նշէ ‘եղբայրսիրութիւնը’ եւ կ’ըսէ թէ անիկա «գորով»ով պէտք է ցուցաբերուի (Հռով. 12։9, 10ա

2 Անշուշտ, եղբայրսիրութիւն ունենալը պարզապէս ուրիշներուն հանդէպ ջերմ զգացումներ ունենալէ աւելին կը պարփակէ։ Այդ զգացումները պէտք է արարքներով դրսեւորուին։ Իրականութեան մէջ, ո՛չ մէկը պիտի գիտնայ մեր սիրոյն ու խանդաղատանքին մասին, եթէ նմոյշներ չներկայացնենք, այլաբանօրէն խօսելով։ Ուստի Պօղոս սա յորդորը կ’աւելցնէ. «Պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք» (Հռով. 12։10բ)։ Պատուելը ի՞նչ կը պարփակէ։ Ինչո՞ւ կարեւոր է որ նախաքայլը առնենք հաւատակիցները պատուելու։ Ինչպէ՞ս կրնանք ասիկա ընել։

Յարգել ու պատուել

3. Աստուածաշունչի բնագիր լեզուներուն մէջ, «պատիւ» բառը ի՞նչ իմաստ կը կրէ։

3 «Պատիւ» թարգմանուած եբրայերէն գլխաւոր բառը, բառացիօրէն կը նշանակէ «ծանրութիւն»։ Այն անհատը, որուն պատիւ կը տրուի, ծանրակշիռ կամ շատ կարեւոր կը նկատուի։ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ, սոյն եբրայերէն բառը նաեւ յաճախ թարգմանուած է «փառք», ինչ որ դարձեալ կը յայտնէ պատիւ ստացողին ցոյց տրուած բարձր համարումը (Ծն. 45։13)։ Աստուածաշունչին մէջ «պատիւ» թարգմանուած յունարէն բառը կը հաղորդէ համարումի, արժէքի եւ թանկագին ըլլալու իմաստը (Ղուկ. 14։10)։ Այո, այն անհատները՝ զորս կը պատուենք, մեզի համար թանկագին եւ արժէքաւոր են։

4, 5. Պատուելն ու յարգելը ինչպէ՞ս յարակից են. լուսաբանէ։

4 Ուրիշները պատուելը ի՞նչ կը պարփակէ։ Անոր սկիզբը՝ յարգելն է։ Իրականութեան մէջ, «պատիւ» եւ «յարգանք» բառերը յաճախ միասին գործածուած են, քանի որ սերտօրէն յարակից են։ Պատիւ տալը յարգանք կը յայտնէ կամ կը դրսեւորէ։ Ուրիշ խօսքով, յարգելը գլխաւորաբար կ’ակնարկէ թէ մեր եղբայրը ինչպէ՛ս կը նկատենք, իսկ պատուելը կ’ակնարկէ թէ մեր եղբօր հետ ինչպէ՛ս կը վարուինք։

5 Քրիստոնեայ մը ինչպէ՞ս կրնայ հաւատակիցները իսկապէս պատուել, եթէ անոնց հանդէպ սրտագին յարգանք չունի (Գ. Յովհ. 9, 10)։ Ինչպէս որ աղէկ հողի մէջ արմատացած բոյսը կրնայ աճիլ ու երկար ժամանակ դիմանալ, նոյնպէս պատիւ տալը կրնայ իսկական ու մնայուն ըլլալ, միայն եթէ արմատացած ըլլայ սրտագին յարգանքի մէջ։ Կեղծօրէն պատուելը իսկական յարգանքէն յառաջ չգալով, անիկա ուշ կամ կանուխ պիտի թառամի։ Ուստի զարմանալի չէ, որ Պօղոս պատուելու յորդորը տալէ առաջ, սա պարզ ու յստակ խօսքը ըսաւ. «Սէրը առանց կեղծաւորութեան ըլլայ» (Հռով. 12։9. կարդալ՝ Ա. Պետրոս 1։22

Պատուէ զանոնք՝ որոնք «Աստուծոյ նմանութիւնով» ստեղծուած են

6, 7. Ինչո՞ւ ուրիշները պէտք է յարգենք։

6 Որովհետեւ պատուելու համար սրտագին յարգանք ունենալը կարեւոր ազդակ մըն է, մեր բոլոր եղբայրները յարգելու աստուածաշնչական պատճառները բնաւ պէտք չէ մոռնանք։ Ուստի նկատի առնենք այս պատճառներէն երկուքը։

7 Երկրագունդի այլ արարածներէն տարբեր ըլլալով, մարդիկը «Աստուծոյ նմանութիւնով» ստեղծուած են (Յակ. 3։9)։ Ուստի մենք աստուածային յատկութիւններ ունինք, ինչպէս՝ սէր, իմաստութիւն եւ արդարութիւն։ Նշմարէ թէ ուրիշ ի՛նչ ալ ստացած ենք մեր Ստեղծիչէն։ Սաղմոսերգուն կ’ըսէ. «Ո՛վ Տէր. . . քու փառքդ երկինքներէն վեր դրիր։ . . .Քիչ մը վար ըրիր [մարդը] հրեշտակներէն, փառքով ու պատուով պսակեցիր զանիկա» (Սաղ. 8։1, 4, 5. 104։1 * Մարդիկ ընդհանուր առմամբ Աստուծոյ կողմէ որոշ չափով պսակուած են արժանապատուութեամբ, փառքով եւ պատիւով։ Հետեւաբար, երբ ուրիշ մը կը պատուենք, իրականութեան մէջ կը ճանչնանք մարդոց արժանապատուութեան Աղբիւրը՝ Եհովան։ Արդ, եթէ վաւերական պատճառներ ունինք՝ ընդհանուր առմամբ մարդիկը յարգելու, ո՜րքան աւելի պէտք է յարգենք հաւատակիցները (Յովհ. 3։16. Գաղ. 6։10

Մէկ ընտանիքի անդամներ

8, 9. Պօղոս հաւատակիցները յարգելու ի՞նչ պատճառ կը նշէ։

8 Պօղոս կը նշէ մէկզմէկ յարգելու յաւելեալ պատճառ մը։ Պատիւ տալու յորդորը ներկայացնելէ ճիշդ առաջ, ան կ’ըսէ. «Եղբայրսիրութեան մէջ իրարու գորովալից եղէ՛ք»։ «Գորով» թարգմանուած յունարէն արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ այն զօրաւոր կապին, որ կը միացնէ սիրալիր ու փոխադարձաբար աջակցող ընտանիքը։ Այսպէս, Պօղոս այդ արտայայտութիւնը գործածելով կ’ընդգծէ, թէ ժողովքին մէջ փոխյարաբերութիւնները պէտք է ըլլան նո՛յնքան ամուր ու ջերմ, ո՛րքան սերտօրէն միացած ընտանիքին մէջ (Հռով. 12։5)։ Ասկէ զատ, ի մտի ունեցիր թէ Պօղոս այդ խօսքերը գրեց օծեալ քրիստոնեաներուն, որոնք բոլորն ալ որդեգրուած էին միեւնոյն Հօր՝ Եհովայի կողմէ։ Ուստի շատ նշանակալից առումով մը, անոնք մտերիմ ընտանիք մըն էին։ Հետեւաբար Պօղոսի օրերուն, օծեալ քրիստոնեաները իրապէս զօրաւոր պատճառ մը ունէին մէկզմէկ յարգելու։ Ներկայիս, պարագան նոյնն է օծեալներուն։

9 Իսկ ի՞նչ ըսենք անոնց մասին, որոնք «ուրիշ ոչխարներ»էն են (Յովհ. 10։16)։ Աստուծոյ կողմէ տակաւին որդեգրուած չըլլալով հանդերձ, անոնք պատշաճօրէն կրնան զիրար եղբայր եւ քոյր կոչել, քանի որ աշխարհածաւալ քրիստոնէական մէկ ընտանիք կը կազմեն (Ա. Պետ. 2։17. 5։9)։ Ուստի, եթէ ուրիշ ոչխարներէ եղողները լիովին կը գնահատեն իրենց գործածած «եղբայր» եւ «քոյր» բառերը, ուրեմն անո՛նք ալ զօրաւոր պատճառ մը ունին, որ իրենց հաւատակիցները սրտանց յարգեն (կարդալ՝ Ա. Պետրոս 3։8

Ինչո՞ւ շատ կարեւոր է

10, 11. Յարգելն ու պատուելը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։

10 Յարգելն ու պատուելը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։ Սա պատճառով. մեր եղբայրներն ու քոյրերը պատուելով, ամբողջ ժողովքին բարօրութեան եւ միութեան մեծապէս կը նպաստենք։

11 Անշուշտ, կը գիտակցինք թէ Եհովայի հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն ունենալը եւ իր հոգիին աջակցութիւնը վայելելը, զօրութեան ամենահզօր աղբիւրներն են, զորս ունինք որպէս ճշմարիտ քրիստոնեաներ (Սաղ. 36։7. Յովհ. 14։26)։ Միեւնոյն ատեն, կը քաջալերուի՛նք երբ հաւատակիցներ մեզ գնահատեն (Առ. 25։11)։ Գնահատանքի եւ յարգանքի անկեղծ խօսքերը կրնան մեր հոգեկան վիճակը բարձրացնել։ Ասիկա մեզի յաւելեալ զօրութիւն կու տայ, որ շարունակենք ուրախութեամբ ու վճռականութեամբ ընթանալ կեանքի տանող ճամբուն մէջ։ Կասկած չկայ թէ այդպիսի զգացումներ ունեցած ես։

12. Իւրաքանչիւրս ինչպէ՞ս կրնանք ժողովքին մէջ ջերմ ու սիրալիր մթնոլորտին նպաստել։

12 Արդ, յարգանք վայելելու մեր բնածին կարիքը գիտնալով, Եհովա իր Խօսքին միջոցով պատշաճօրէն մեզ կը յորդորէ, որ ‘յարգելու մէջ իրար գերազանցենք’ (Հռով. 12։10, Անթիլիաս. կարդալ՝ Մատթէոս 7։12)։ Այդ անվախճան խրատին անսացող բոլոր քրիստոնեաները կը նպաստեն քրիստոնէական եղբայրութեան մէջ տիրող մտերմութեան ու սիրոյ մթնոլորտին։ Ուստի, լաւ կ’ըլլայ որ կանգ առնելով մենք մեզի հարց տանք. ‘Վերջին անգամ ե՞րբ էր, որ ժողովքին մէջ եղբօր մը կամ քրոջ մը յայտնեցի սրտագին յարգանքս՝ խօսքերով եւ արարքներով’ (Հռով. 13։8

Բոլորին համար մասնայատուկ նշանակում

13. ա) Պատուելու մէջ որո՞նք պէտք է առաջինը ըլլան։ բ) Հռովմայեցիս 1։7–ի մէջ Պօղոսի խօսքերը ի՞նչ ցոյց կու տան։

13 Պատուելու մէջ ո՞վ պէտք է առաջինը ըլլայ։ Եբրայեցիներուն յղած իր նամակին մէջ, Պօղոս քրիստոնեայ երէցները կը նկարագրէ որպէս «ձեր առաջնորդներ»ը (Եբ. 13։17)։ Շիտակ է որ երէցները առաջնորդութիւն կ’առնեն բազմաթիւ գործունէութիւններու մէջ, սակայն իբրեւ հօտին հովիւներ, վստահաբար առաջինը պէտք է ըլլան՝ հաւատակիցները,– ի ներառեալ բոլոր երէցները,– պատուելու մէջ։ Օրինակ՝ երբ երէցներ կը ժողվուին ժողովքին հոգեւոր կարիքները նկատի առնելու, անոնք մէկզմէկ կը պատուեն՝ իւրաքանչիւրին ըսածը ուշադրութեամբ մտիկ ընելով։ Աւելին, անոնք զիրար կը պատուեն, իւրաքանչիւրին տեսակէտներն ու արտայայտութիւնները նկատի առնելով, երբ որոշում կը կայացնեն (Գործք 15։6-15)։ Սակայն պէտք է յիշենք, թէ հռոմայեցիներուն յղուած Պօղոսի նամակը միայն երէցներուն ուղղուած չէր, այլ՝ ամբողջ ժողովքին (Հռով. 1։7)։ Հետեւաբար, ընդարձակ կիրարկումով, պատուելու մէջ առաջինը ըլլալու յորդորը մեր բոլորին ուղղուած է այսօր։

14. ա) Պատիւ տալու եւ պատուելու մէջ առաջինը ըլլալու միջեւ եղած տարբերութիւնը լուսաբանէ։ բ) Ի՞նչ հարցում կրնանք մենք մեզի ուղղել։

14 Պօղոսի խրատին սա երեսակն ալ նշմարէ։ Ան Հռոմի մէջ եղող հաւատակիցները յորդորեց, որ ոչ թէ պարզապէս պատուեն, այլ՝ պատուելու մէջ իրարմէ անցնին։ Ասիկա ինչո՞ւ տարբերութիւն կ’ընէ։ Սա օրինակը նկատի առ։ Ուսուցիչ մը պիտի քաջալերէ՞ր խումբ մը գրագէտ աշակերտներ, որ կարդալ սորվին։ Ո՛չ. անոնք արդէն կարդալ գիտեն։ Փոխարէն, ուսուցիչը պիտի ուզէր աշակերտներուն օգնել, որ աւելի լաւ կարդան։ Նմանապէս, իրարու հանդէպ սէր ունենալը, որ մեզ կը մղէ պատիւ տալու, արդէն իսկ ճշմարիտ քրիստոնեաներուն բնորոշ նշանն է (Յովհ. 13։35)։ Սակայն, ճիշդ ինչպէս որ գրագէտ աշակերտները կրնան յառաջդիմել՝ իրենց ընթերցանութեան հմտութիւնները բարելաւելով, նոյնպէս մենք կրնանք աւելի յառաջդիմել, պատուելու մէջ առաջինը ըլլալով (Ա. Թես. 4։9, 10)։ Այդ մասնայատուկ նշանակումը մեր իւրաքանչիւրին տրուած է։ Կրնանք մենք մեզի հարց տալ. ‘Կը կատարե՞մ զայն,– ժողովքին մէջ ուրիշները պատուելու նախաքայլը առնել’։

«Խոնարհները» պատուէ

15, 16. ա) Երբ կը պատուենք, զորո՞նք պէտք չէ անտեսենք եւ ինչո՞ւ։ բ) Ի՞նչ բան կրնայ յայտնել, թէ բոլոր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ սրտագին յարգանք ունինք։

15 Երբ պատիւ կու տանք, ժողովքին մէջ զորո՞նք պէտք չէ անտեսենք։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Աղքատին ողորմութիւն ընողը Տէրոջը փոխ կու տայ ու Անիկա անոր հատուցում պիտի ընէ» (Առ. 19։17)։ Այս խօսքերուն ներկայացուցած սկզբունքը ինչպէ՞ս մեզի պէտք է ազդէ, մինչ կը ջանանք պատուելու մէջ առաջինը ըլլալ։

16 Պիտի համաձայնիս, թէ շատեր իրենցմէ գերադաս եղողները կը պատուեն, բայց չնչին կամ ո՛չ մէկ յարգանք ցոյց կու տան անոնց, զորս իրենցմէ ստորադաս կը նկատեն։ Սակայն Եհովա այդպէս չէ։ Ան կ’ըսէ. «Ես զիս փառաւորողները պիտի փառաւորեմ» (Ա. Թագ. 2։30. Սաղ. 113։5-7)։ Եհովա կը պատուէ բոլոր զանոնք, որոնք իրեն կը ծառայեն ու զինք կը պատուեն։ Ան «խոնարհներ»ը կամ չքաւորները չ’անտեսեր (կարդալ՝ Եսայի 57։15. Բ. Մն. 16։9)։ Անշուշտ կը փափաքինք Եհովան ընդօրինակել։ Արդ, եթէ կ’ուզենք գիտնալ թէ իսկական պատիւ տալու մէջ ինչպէ՛ս ենք, լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարց տանք. ‘Ինչպէ՞ս կը վարուիմ անոնց հետ, որոնք ժողովքին մէջ երեւելի կամ պատասխանատու դիրք մը չունին’ (Յովհ. 13։14, 15)։ Այս հարցումին պատասխանը շատ բան կը յայտնէ՝ ուրիշներուն հանդէպ մեր ունեցած սրտագին յարգանքին աստիճանին մասին (կարդալ՝ Փիլիպպեցիս 2։3, 4

Պատուել՝ մեր ժամանակէն տալով

17. Ի՞նչ է գլխաւոր մէկ կերպը, որով կրնանք պատուելու մէջ առաջինը ըլլալ, եւ ինչո՞ւ։

17 Ի՞նչ է գլխաւոր մէկ կերպը, որով կրնանք ժողովքէն ներս բոլորը պատուելու մէջ առաջինը ըլլալ։ Մեր ժամանակէն տալով ուրիշներուն։ Ինչո՞ւ։ Քրիստոնեաներ ըլլալով, բազմազբաղ կեանք մը կը վարենք, եւ ժողովքային բազմաթիւ կարեւոր գործունէութիւններ կատարելը, մեր ժամանակին մեծ մասը կը սպառէ։ Ուստի զարմանալի չէ, որ ժամանակը թանկագին կը սեպենք։ Նաեւ կը գիտակցինք, թէ մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն պէտք չէ պահանջենք, որ մեզի չափազանց ժամանակ տրամադրեն։ Նմանապէս կը գնահատենք, երբ ժողովքին մէջ ուրիշներ կը հասկնան, թէ մեզմէ ժամանակ առնելու ատեն պահանջկոտ պէտք չէ ըլլան։

18. Ինչպէս որ էջ 26–ի պատկերը ցոյց կու տայ, ինչպէ՞ս կրնանք հաւատակիցներուն որոշ ժամանակ տալու մեր կամեցողութիւնը ցոյց տալ։

18 Այսուհանդերձ, նաեւ կը գիտակցինք (մանաւանդ անոնք՝ որոնք ժողովքին մէջ որպէս հովիւներ կը ծառայեն), թէ մեր գործունէութիւնները ընդհատելու կամեցողութիւնը, մեր ժամանակէն մաս մը հաւատակիցներուն տրամադրելու համար, ցոյց կու տայ թէ զիրենք կը յարգենք։ Ի՞նչ կերպով։ Մեր եղբօր որոշ ժամանակ տալու համար մեր գործունէութիւնը դադրեցնելով, իրականութեան մէջ անոր կ’ըսենք. ‘Աչքիս ա՛յնքան արժէքաւոր ես, որ հետդ ժամանակ անցընելը ինծի համար աւելի կարեւոր է, քան՝ գործս շարունակելը’ (Մար. 6։30-34)։ Հակառակն ալ շիտակ է։ Եթէ մեր եղբօր որոշ ժամանակ տալու համար կը վարանինք մեր գործունէութիւնները դադրեցնելու, կրնանք զինք զգացնել թէ մեզի համար չնչին արժէք ունի։ Անշուշտ, հասկնալի է թէ կան ժամանակներ, երբ հրատապ հարց մը կարելի չէ ընդհատել։ Բայց եւ այնպէս, ուրիշներուն որոշ ժամանակ տալու մեր կամեցողութիւնը,– կա՛մ մեր դժկամակութիւնը,– մեծապէս կը յայտնէ թէ մեր սրտին մէջ ի՛նչ տարողութեամբ կը յարգենք մեր եղբայրներն ու քոյրերը (Ա. Կոր. 10։24

Վճռէ՛ նախաքայլը առնել

19. Մեր ժամանակէն տալէն զատ, ուրիշ ի՞նչ կերպով կրնանք հաւատակիցները պատուել։

19 Ուրիշ կարեւոր կերպերով ալ կրնանք հաւատակիցները պատուել։ Օրինակ՝ երբ մեր ժամանակէն անոնց կու տանք, պէտք է նաեւ անոնց ուշադրութիւն ընծայենք։ Դարձեալ, Եհովա օրինակ կը հանդիսանայ։ Սաղմոսերգու Դաւիթ կը նշէ. «Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են ու անոր ականջները՝ անոնց աղաղակին» (Սաղ. 34։15)։ Կը ջանանք Եհովան ընդօրինակել՝ մեր աչքերը եւ ականջները,– լման ուշադրութիւնը,– մեր եղբայրներուն դարձնելով, մանաւանդ անոնց՝ որոնք օգնութեան համար մեզի կը դիմեն։ Այսպիսով զանոնք կը պատուենք։

20. Պատուելու մասին ի՞նչ յիշեցումներ կ’ուզենք ի մտի ունենալ։

20 Ինչպէս որ նկատի առինք, կ’ուզենք յստակօրէն ի մտի ունենալ, թէ ինչո՛ւ հաւատակիցներուն հանդէպ սրտագին յարգանք պէտք է ունենանք։ Աւելին, պատեհութիւններ կը փնտռենք, որպէսզի բոլորը՝ ի ներառեալ չքաւորները՝ պատուելու մէջ առաջինը ըլլանք։ Այս քայլերը առնելով, ժողովքին մէջ միութեան եւ եղբայրսիրութեան կապը պիտի զօրացնենք։ Ուստի, բոլո՛րս շարունակենք ոչ միայն պատիւ տալ, հապա յատկապէս զիրար պատուելու մէջ իրարմէ անցնիլ։ Վճռա՞ծ ես ճիշդ ասիկա ընել։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 7 8–րդ սաղմոսին մէջ, Դաւիթի արտայայտութիւնները նաեւ մարգարէական են, մատնանշելով կատարեալ մարդը՝ Յիսուս Քրիստոս (Եբ. 2։6-9

Կը յիշե՞ս

• Պատուելն ու յարգելը ինչպէ՞ս յարակից են։

• Մեր հաւատակիցները պատուելու ի՞նչ պատճառներ ունինք։

• Մէկզմէկ պատուելը ինչո՞ւ կարեւոր է։

• Ի՞նչ կերպերով կրնանք հաւատակիցները պատուել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 26]

Ինչպէ՞ս կրնանք հաւատակիցները պատուել