Մարդիկ ինչո՞ւ գէշ բաներ կ’ընեն
Մարդիկ ինչո՞ւ գէշ բաներ կ’ընեն
ԿԱՅ մէկ բան, որուն շուրջ քիչեր պիտի վիճաբանին. բոլորս ալ անկատար ենք ու հետեւաբար սխալներ կը գործենք եւ կ’ընենք բաներ՝ որոնց համար կը զղջանք։ Բայց ասիկա կը բացատրէ՞ այն բազմաթիւ գէշ արարքները, մեծ թէ պզտիկ, զորս գրեթէ ամէն օր կը տեսնենք կամ կը լսենք՝ անձամբ կամ հաղորդամիջոցներով։
Անկատար ըլլալով հանդերձ՝ մարդիկ ընդհանրապէս կը գիտակցին թէ բարոյական սահմաններ կան, որոնցմէ դուրս պէտք չէ անցնիլ, եւ թէ մարդ արարածը կրնա՛յ չար արարքներէ ետ կենալ։ Շատեր նաեւ իսկոյն կը համաձայնին, թէ տարբերութիւն կայ անուշադիր ստախօսութեան եւ բացայայտ զրպարտութեան միջեւ, պատահական վիրաւորանքի եւ կանխամտածուած ոճրագործութեան միջեւ։ Սակայն, շրջակայքը ապրող երեւութապէս հասարակ մարդոց կողմէ յաճախ ահռելի արարքներ կը կատարուին։ Ինչո՞ւ։ Մարդիկ ինչո՞ւ գէշ բաներ կ’ընեն։
Աստուածաշունչը այս նիւթին վրայ լոյս կը սփռէ։ Անիկա ճշգրտօրէն կը բնորոշէ բանալի պատճառներ, թէ մարդիկ ինչո՛ւ գիտակցաբար գէշ կերպով կը վարուին։ Նկատի առ անոր ըսածները։
▪ «Բռնութիւնը իմաստունը յիմար կ’ընէ» (ԺՈՂՈՎՈՂ 7։7)։
Աստուածաշունչը կը հաստատէ, թէ երբեմն մարդիկ պարագաներու բերմամբ կը ստիպուին ընել բաներ, զորս այլապէս պիտի չընէին։ Ոմանք թերեւս նոյնիսկ ոճրային արարքներ գործեն, ջանալով բերել ինչ որ լուծում կը նկատեն դժուարութիւններու եւ անիրաւութիւններու։ Urban Terrorism գիրքը կ’ըսէ. «Շատ մը պարագաներու. . . ահաբեկիչի մը գլխաւոր շարժառիթն է՝ իսկական յուսախաբութիւն, երեւութապէս անհակակշռելի քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական ուժերուն նկատմամբ»։
▪ «Բոլոր չարութիւններուն արմատը արծաթսիրութիւնն է» (Ա. ՏԻՄՈԹԷՈՍ 6։10)։
Հին առածը,– ամէն մարդ իր գինը ունի,– կը հասկցնէ թէ նոյնիսկ բարի մարդիկ յօժար են պարկեշտութեան ու բարոյականութեան կանոնները բեկանելու, երբ բաւարար դրամ պարփակուած է։ Բնական պայմաններու ներքեւ շնորհալի եւ ազնիւ թուող կարգ մը անհատներ, երբ դրամին վերաբերեալ հարցեր ունենան, կարծես թէ անձնաւորութեան փոփոխութեան կ’ենթարկուին եւ ատելի ու չարակամ կ’ըլլան։ Խորհէ այն բազմաթիւ ոճիրներուն մասին, որոնց արմատը ագահութիւնն է,– սպառնալիքով դրամ կորզելը, կողոպուտ, խարդախութիւն, առեւանգում, եւ նոյնիսկ սպանութիւն։
▪ «Որովհետեւ գէշ գործին վրայ վճիռը շուտով չի կատարուիր, այս պատճառով մարդոց որդիներուն սիրտը չարութիւն ընելու փափաքով լեցուած է» (ԺՈՂՈՎՈՂ 8։11)։
Այս համարը կը մատնանշէ մարդկային հակումը խորհելու, թէ անհատ մը կրնայ որեւէ պատիժէ խուսափիլ, երբ հեղինակաւոր անհատներ չեն հսկեր։ Այս է պարագան անոնց՝ որոնք մայրուղիներու վրայ շատ արագ կը քշեն, քննութիւններու ատեն խարդախութիւն կ’ընեն, պետական հիմնադրամները կը շորթեն, եւ աւելի գէշ բաներ կ’ընեն։ Երբ օրէնքին գործադրումը թոյլ է, կամ երբ յանցանքի մէջ բռնուելու վախ չկայ, մարդիկ՝ որոնք սովորաբար օրինապահ են, թերեւս յանդգնին ընել բաներ, զորս այլապէս պիտի չընէին։ Arguments and Facts պարբերաթերթը դիտել կու տայ. «Այն դիւրութիւնը, որով ոճրագործներ անպատիժ կը մնան, կարծես թէ սովորական քաղաքացիները կ’ոգեւորէ, որ ամէնէն վայրագ ոճիրները գործեն»։
▪ «Ամէն մէկը կը փորձուի՝ իր ցանկութիւններէն հրապուրուած ու խաբուած. անկէ յետոյ ցանկութիւնը յղանալով՝ մեղք կը ծնանի» (ՅԱԿՈԲՈՍ 1։14, 15)։
Ամէն մարդ սխալ մտածումի ենթակայ է։ Իւրաքանչիւր օր, սխալ բաներ գործելու անհամար թելադրութիւններ ու փորձութիւններ կը դիմագրաւենք։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, քրիստոնեաներուն ըսուեցաւ. «Ձեզի մարդկային փորձութենէն զատ ուրիշ բան չէ պատահած» (Ա. Կորնթացիս 10։13)։ Այսուհանդերձ, արդիւնքը անհատին ընտրութենէն կախեալ է,– գէշ խորհուրդը իր մտքէն շուտով վանել կամ անոր վրայ խոկալ ու թոյլ տալ որ աճի։ Յակոբոսի ներշնչեալ նամակին վերոնշեալ համարը կը զգուշացնէ, թէ եթէ անհատ մը թոյլ տայ սխալ ցանկութեան որ ‘յղանայ’, վստահաբար չար արարքներ պիտի յաջորդեն։
ԱՌԱԿԱՑ 13։20, ԱԾ)։
▪ «Իմաստուններուն հետ ընթացողը իմաստուն կ’ըլլայ, իսկ անմիտներուն բարեկամացողը չարիքի կը հանդիպի» (Մեր ընկերակիցները կրնան շատ մեծ ազդեցութիւն ունենալ մեր վրայ,– լաւ կամ գէշ։ Շատ յաճախ, մարդիկ իրենց չմտադրած բանը կ’ընեն, պարզապէս շրջապատի ճնշումին պատճառաւ, կամ ինչպէս շատեր կ’ըսեն, վատ ընկերակցութեան զոհ երթալով, եւ աղէտալի հետեւանքներ կը կրեն։ Աստուածաշունչի լեզուով, «անմիտներ» բառը կ’ակնարկէ ոչ թէ ուշիմութիւն չունեցողներուն, այլ՝ անոնց որոնք Աստուծոյ Խօսքին իմաստուն խրատը կ’անտեսեն։ Երիտասարդ թէ տարեց, եթէ մեր բարեկամներն ու ընկերակիցները խոհեմութեամբ չընտրենք, այսինքն՝ Աստուածաշունչի լաւ չափանիշներուն համաձայն, կրնանք ակնկալել որ ‘չարիքի պիտի հանդիպինք’։
Ասոնք եւ Աստուածաշունչի բազմաթիւ այլ համարներ համառօտաբար կը բացատրեն, թէ ինչո՛ւ մարդիկ,– թերեւս այլապէս սովորական անհատներ,– կը գործեն գէշ, նոյնիսկ ահռելի բաներ։ Մինչ օգտաշատ է ըմբռնել այն ուժերը, որոնք մարդիկը կը մղեն սոսկալի բաներ ընելու, արդեօք բարելաւուելու յոյս մը կա՞յ։ Այո՛, քանի որ Աստուածաշունչը ոչ միայն կը բացատրէ, թէ մարդիկ ինչո՛ւ չար արարքներ կը գործեն, այլ նաեւ կը խոստանայ, թէ այսպիսի արարքներ այլեւս պիտի չըլլան։ Ի՞նչ են այս խոստումները։ Աշխարհի մէջ եղող բոլոր գէշ բաները իրապէս վերջ պիտի գտնե՞ն։ Յաջորդ յօդուածը պատասխանները կու տայ։