Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Ո՞վ գիտցաւ Տէրոջը միտքը»

«Ո՞վ գիտցաւ Տէրոջը միտքը»

«Ո՞վ գիտցաւ Տէրոջը միտքը»

«Ո՞վ գիտցաւ Տէրոջը միտքը, որ անոր խրատ տուող ալ ըլլայ. բայց մենք Քրիստոսին միտքը ունինք» (Ա. ԿՈՐ. 2։16

1, 2. ա) Շատեր ի՞նչ դժուարութիւն կ’ունենան։ բ) Մեր մտածումին եւ Եհովայի մտածումին մասին ի՞նչ պէտք է յիշենք։

ԲՆԱՒ ուրիշ անհատի մը մտածելակերպը հասկնալու դժուարութիւն ունեցա՞ծ ես։ Թերեւս վերջերս ամուսնացար, եւ կը զգաս թէ կողակիցիդ մտածելակերպը լիովին հասկնալու կերպ մը չունիս։ Արդարեւ, տղամարդիկ ու կիներ տարբեր կերպով կը մտածեն եւ նոյնիսկ կը խօսին։ Կարգ մը մշակոյթներու մէջ, տղամարդիկ ու կիներ միեւնոյն լեզուին տարբեր բարբառներ կը խօսին։ Ասկէ զատ, մշակութային եւ լեզուական տարբերութիւնները կրնան մտածելու եւ վարուելու տարբեր կերպեր պատճառել։ Սակայն, ո՛րքան աւելի ծանօթանաս ուրիշներուն, ա՛յնքան աւելի պատեհութիւն կ’ունենաս որ սկսիս իրենց մտածելակերպը հասկնալ։

2 Ուստի պէտք չէ զարմանանք, որ մեր մտածումը շա՜տ տարբեր է Եհովայի մտածումէն։ Իր Եսայի մարգարէին միջոցով, Եհովա իսրայէլացիներուն ըսաւ. «Իմ խորհուրդներս ձեր խորհուրդները չեն ու իմ ճամբաներս ձեր ճամբաները չեն»։ Ապա այս իրողութիւնը լուսաբանելով, Եհովա աւելցուց. «Որչափ երկինք երկրէն բարձր է, այնչափ իմ ճամբաներս ձեր ճամբաներէն բարձր են եւ իմ խորհուրդներս՝ ձեր խորհուրդներէն» (Եսա. 55։8, 9

3. Ի՞նչ են երկու կերպեր, որոնցմով կրնանք ջանալ «Տէրոջը բարեկամութիւնը» ձեռք ձգել։

3 Սակայն ասիկա կը նշանակէ՞, թէ պէտք չէ նոյնիսկ փորձենք Եհովայի մտածելակերպը հասկնալ։ Ո՛չ։ Թէեւ բնաւ չենք կրնար լիովին հասկնալ Եհովայի բոլոր խորհուրդները, բայց Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ, որ «Տէրոջը բարեկամութիւնը» ձեռք ձգենք (կարդալ՝ Սաղմոս 25։14. Առակաց 3։32Եհովայի աւելի մօտենալու մէկ կերպն է՝ իր Խօսքին, Աստուածաշունչին, մէջ արձանագրուած իր գործունէութիւնները նկատի առնել եւ անոնց ուշադրութիւն ընծայել (Սաղ. 28։5)։ Ուրիշ կերպ մըն է՝ «Քրիստոսին միտքը» գիտնալ, որ «աներեւոյթ Աստուծոյ պատկերն է» (Ա. Կոր. 2։16. Կող. 1։15)։ Աստուածաշնչական արձանագրութիւնները ուսումնասիրելու եւ անոնց վրայ խոկալու ժամանակ տրամադրելով, կրնանք Եհովայի յատկութիւնները եւ իր մտածելակերպը հասկնալու սկսիլ։

Սխալ հակումէ մը զգուշացիր

4, 5. ա) Ի՞նչ սխալ հակումէ պէտք է խուսափինք. բացատրէ։ բ) Իսրայէլացիները ի՞նչ սխալ մտածելակերպ ունեցան։

4 Մինչ Եհովայի գործունէութիւններուն վրայ կը խոկանք, մարդկային չափանիշներով Աստուած դատելու հակումէն պէտք է խուսափինք։ Սաղմոս 50։21–ի մէջ արձանագրուած Եհովայի խօսքը, այս հակումին կ’ակնարկէ. «Կարծեցիր թէ ես բոլորովին քեզի կը նմանիմ»։ Այս առնչութեամբ, աւելի քան 175 տարի առաջ, Աստուածաշունչի ուսումնական մը նշեց. «Մարդիկ հակամէտ են իրենց չափանիշներուն համաձայն Աստուած դատելու, եւ ենթադրելու թէ իրենց հետեւելիք օրէնքներով Աստուած սահմանափակուած է»։

5 Ուշադիր պէտք է ըլլանք, որ Եհովայի մասին մեր ըմբռնումը չկաղապարենք այնպիսի կերպով մը, որ կը համակերպի մեր չափանիշներուն ու փափաքներուն։ Ասիկա ինչո՞ւ կարեւոր է։ Սուրբ Գրութիւնները ուսումնասիրելու ատեն, թերեւս Եհովայի կարգ մը գործունէութիւնները շատ շիտակ չթուին, մեր սահմանափակ եւ անկատար տեսանկիւնէն դիտուած։ Վաղեմի իսրայէլացիները այդ մտածելակերպը ունեցան եւ իրենց հետ Եհովայի գործառնութեանց առնչութեամբ սխալ եզրակացութեան յանգեցան։ Նկատէ թէ Եհովա անոնց ի՛նչ ըսաւ. «Դուք կ’ըսէք թէ՝ ‘Տէրոջը ճամբան ուղիղ չէ’։ Հիմա մտիկ ըրէք, ո՛վ Իսրայէլի տուն, միթէ ի՞մ ճամբաս ուղիղ չէ։ Չէ՞ որ ձեր ճամբան ուղիղ չէ» (Եզեկ. 18։25, 26ա

6. Յոբ ի՞նչ դաս սորվեցաւ, եւ ինչպէ՞ս կրնանք իր փորձառութենէն օգտուիլ։

6 Մեր չափանիշներով Եհովան դատելու ծուղակէն խուսափելու մէկ բանալին է՝ ընդունիլ, թէ մեր տեսակէտը սահմանափակ եւ երբեմն լրջօրէն թերի է։ Յոբ այս դասը սորվելու կարիք ունէր։ Իր տառապանքին ընթացքին, ան յուսահատութեան հետ մաքառեցաւ եւ որոշ չափով անձնակեդրոն եղաւ։ Ան աւելի մեծ հարցերը անտեսեց։ Բայց Եհովա սիրալիրօրէն իրեն օգնեց, որ իր տեսակէտը ընդարձակէ։ Աւելի քան 70 հարցում ուղղելով,– որոնց Յոբ չկրցաւ պատասխանել,– Եհովա Յոբի հասկացողութեան սահմանափակումները ընդգծեց։ Յոբ խոնարհ կերպով ընդառաջեց, իր տեսակէտը ճշդելով (կարդալ՝ Յոբ 42։1-6

«Քրիստոսին միտքը» ձեռք ձգել

7. Յիսուսի գործունէութիւնները քննելը ինչո՞ւ մեզի կ’օգնէ Եհովայի մտածումը հասկնալու։

7 Յիսուս իր Հայրը կատարելապէս ընդօրինակեց, իր բոլոր խօսքերուն եւ գործերուն մէջ (Յովհ. 14։9)։ Ուստի Յիսուսի գործունէութիւնները քննելը մեզի կ’օգնէ, որ Եհովայի մտածելակերպը հասկնանք (Հռով. 15։5. Փլպ. 2։5)։ Արդ, քննենք աւետարանական երկու արձանագրութիւններ։

8, 9. Յովհաննէս 6։1-5–ի արձանագրութեան համաձայն, ի՞նչ կացութիւն մղեց Յիսուսը որ հարցում մը ուղղէ Փիլիպպոսին, եւ Յիսուս ինչո՞ւ այդպէս ըրաւ։

8 Տեսարանը մտապատկերէ։ Մ.թ. 32–ի Պասեքէն քիչ առաջ, Յիսուսի առաքեալները վերջերս վերադարձած էին ամբողջ Գալիլիայի մէջ արտակարգ քարոզչական շրջապտոյտէ մը։ Անոնք այս գործունէութենէն յոգնած ըլլալով, Յիսուս զանոնք ամայի վայր մը տարաւ՝ Գալիլիայի ծովուն հիւսիս–արեւելեան ափը։ Սակայն հազարաւորներ իրենց ետեւէն գացին։ Յիսուս այս բազմութիւնը բժշկելէ եւ անոնց բազմաթիւ բաներ սորվեցնելէ ետք, տրամաբանական խնդիր մը ծագեցաւ։ Այդ մեկուսացած վայրին մէջ, այս բոլոր մարդիկը ինչպէ՞ս պիտի կարենային ուտելու բան մը գտնել։ Կարիքին գիտակցելով, Յիսուս այդ շրջանէն եղող Փիլիպպոսին հարցուց. «Ուրկէ՞ հաց ծախու առնենք, որպէս զի ատոնք ուտեն» (Յովհ. 6։1-5

9 Յիսուս ինչո՞ւ այս հարցումը ուղղեց Փիլիպպոսին։ Արդեօք Յիսուս մտահոգուա՞ծ էր թէ ի՛նչ ընէր։ Ո՛չ։ Իր միտքը իրապէս ի՞նչ էր։ Յովհաննէս առաքեալ, որ նաեւ ներկայ էր, կը բացատրէ. «[Յիսուս] այս կ’ըսէր զանիկա փորձելու համար, քանզի ինք գիտէր թէ ի՛նչ պիտի ընէր» (Յովհ. 6։6)։ Հոս Յիսուս իր աշակերտներուն հոգեւոր յառաջդիմութիւնը քննեց։ Այս հարցումը ուղղելով, ան անոնց ուշադրութիւնը գրաւեց եւ պատեհութիւն մը ընծայեց, որ իր կարողութեան հանդէպ իրենց հաւատքը արտայայտեն։ Բայց անոնք այս պատեհութիւնը կորսնցուցին եւ ցոյց տուին, թէ իրենց տեսակէտը իրապէս որչա՜փ սահմանափակ էր (կարդալ՝ Յովհաննէս 6։7-9Յետոյ, Յիսուս յայտնեց թէ կրնայ ընել բան մը, զոր նոյնիսկ չէին երեւակայած։ Ան հրաշալիօրէն այդ հազարաւոր անօթիները կերակրեց (Յովհ. 6։10-13

10-12. ա) Յիսուս հաւանաբար ինչո՞ւ անմիջապէս չշնորհեց յոյն կնոջ խնդրանքը. բացատրէ։ բ) Այժմ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

10 Այս արձանագրութիւնը կրնայ մեզի օգնել, որ Յիսուսի մտածումը հասկնանք մէկ այլ դէպքի մէջ։ Այդ հոծ բազմութիւնը կերակրելէ կարճ ժամանակ մը ետք, Յիսուս եւ իր առաքեալները դէպի հիւսիս ճամբորդեցին, Իսրայէլի սահմաններէն անդին, Տիւրոսի եւ Սիդոնի շրջակայքը։ Մինչ անոնք հոն էին, հանդիպեցան յոյն կնոջ մը, որ Յիսուսին աղաչեց որ իր աղջիկը բժշկէ։ Սկիզբը Յիսուս զինք անտեսեց։ Բայց երբ կինը շարունակեց պնդել, Յիսուս իրեն ըսաւ. «Թող տուր որ առաջ տղաքը կշտանան, քանզի աղէկ չէ տղոցը հացը առնել ու շուներուն [«շնիկներուն», ՆԱ] ձգել» (Մար. 7։24-27

11 Յիսուս ինչո՞ւ սկիզբը մերժեց կնոջ օգնել։ Արդեօք Յիսուս զինք կը փորձէ՞ր, ինչպէս որ ըրաւ Փիլիպպոսին, տեսնելու համար թէ ինչպէ՛ս պիտի ընդառաջէր, առիթ տալով որ իր հաւատքը ցուցաբերէ։ Յիսուսի ձայնին թոնը, թէեւ գրութեան մէջ յայտնի չէ, կինը չվհատեցուց։ Իր գործածած «շնիկներ» արտայայտութիւնը համեմատութիւնը մեղմացուց։ Ուստի Յիսուս հաւանաբար կը վարուէր ծնողի մը պէս, որ կը մտադրէ երեխային խնդրանքը շնորհել, բայց այդ մտադրութեան որեւէ արտաքին նշան կը թաքցնէ, որպէսզի փորձէ զաւակին լրջութիւնը։ Յամենայնդէպս, երբ կինը իր հաւատքը արտայայտեց, Յիսուս կամովին շնորհեց անոր խնդրանքը (կարդալ՝ Մարկոս 7։28-30

12 Աւետարանական այս երկու արձանագրութիւնները՝ «Քրիստոսին միտք»ին նկատմամբ մեզի թանկարժէք խորատեսութիւն կու տան։ Այժմ տեսնենք, թէ այս արձանագրութիւնները ինչպէ՛ս կրնան օգնել մեզի, որ աւելի լաւ հասկնանք Եհովայի միտքը։

Մովսէսի հետ Եհովայի գործառնութիւնները

13. Յիսուսի մտածելակերպին նկատմամբ խորատեսութիւն ձեռք բերելը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի։

13 Յիսուսի մտածելակերպին նկատմամբ խորատեսութիւն ձեռք բերելը մեզի կ’օգնէ, որ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ դժուարահասկնալի հատուածներ ըմբռնենք։ Օրինակ՝ նկատի առ Մովսէսի ուղղուած Եհովայի խօսքերը, երբ իսրայէլացիները պաշտամունքի համար ոսկի հորթ մը շինեցին։ Աստուած ըսաւ. «Ես տեսայ այս ժողովուրդը եւ ահա այս խստապարանոց ժողովուրդ մըն է, ուստի հիմա զիս առանձին թողո՛ւր, որպէս զի իմ բարկութիւնս անոնց վրայ բորբոքի ու փճացնեմ զանոնք։ Բայց քեզ մեծ ազգ մը ընեմ» (Ել. 32։9, 10

14. Մովսէս Եհովայի խօսքերուն ինչպէ՞ս հակազդեց։

14 Արձանագրութիւնը կը շարունակէ ըսել. «Մովսէս իր Տէր Աստուծոյն առջեւ աղաչեց ու ըսաւ. ‘Ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ քու բարկութիւնդ բորբոքի քու ժողովուրդիդ վրայ, որ Եգիպտոսի երկրէն հանեցիր մեծ զօրութիւնով ու զօրաւոր ձեռքով։ Ինչո՞ւ համար Եգիպտացիք խօսին ու ըսեն թէ՝ «Չարութեան համար հանեց զանոնք, որպէս զի լեռներուն մէջ մեռցնէ ու զանոնք երկրի երեսէն փճացնէ»։ Դարձի՛ր քու սաստիկ բարկութենէդ ու դադարէ այս չարիքը քու ժողովուրդիդ վրայ բերելէ։ Յիշէ՛ քու ծառաներդ՝ Աբրահամը, Իսահակը ու Իսրայէլը, որոնց դուն քու անձովդ երդում ըրիր ու ըսիր անոնց. «Ձեր սերունդը երկնքի աստղերուն պէս պիտի շատցնեմ եւ բոլոր այս երկիրը՝ որուն վրայով խօսեցայ, ձեր սերունդին պիտի տամ ու զայն պիտի ժառանգեն յաւիտեան»’։ Տէրը զղջաց այն չարիքին համար, որ ըսեր էր թէ իր ժողովուրդին պիտի ընէ» (Ել. 32։11-14 *

15, 16. ա) Եհովայի խօսքը ի՞նչ պատեհութիւն ընծայեց Մովսէսին։ բ) Եհովա ի՞նչ առումով «զղջաց»։

15 Մովսէս իսկապէս պէտք ունէ՞ր Եհովայի մտածումը սրբագրելու։ Բնա՛ւ երբեք։ Թէեւ Եհովա յայտնեց թէ ի՛նչ ընելու հակամէտ էր, բայց ասիկա իր վերջնական դատավճիռը չէր։ Իրականութեան մէջ, Եհովա հոս Մովսէսը կը փորձէր, ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս յետագային Փիլիպպոսն ու յոյն կինը փորձեց։ Մովսէսին պատեհութիւն տրուեցաւ որ իր տեսակէտը արտայայտէ։ * Եհովա Մովսէսը նշանակած էր որպէս միջնորդ Իր եւ իսրայէլին միջեւ, եւ Մովսէսին նշանակուած այս դերը յարգեց։ Արդեօք Մովսէս յուսախաբութեան տեղի պիտի տա՞ր։ Ան այս պատեհութիւնը պիտի օգտագործէ՞ր Եհովան քաջալերելու, որ իսրայէլը մոռնայ եւ իր զարմը հզօր ազգ ընէ։

16 Մովսէսին ընդառաջումը երեւան հանեց Եհովայի արդարութեան հանդէպ իր հաւատքն ու վստահութիւնը։ Իր հակազդեցութիւնը անձնասէր շահագրգռութիւն ցոյց չտուաւ, այլ՝ Եհովայի անուան նկատմամբ մտահոգութիւն յայտնեց։ Ան չէր ուզեր որ անունը վարկաբեկուի։ Այսպէս Մովսէս ցոյց տուաւ, թէ այս հարցին առնչութեամբ «Տէրոջը միտքը» հասկցած էր (Ա. Կոր. 2։16)։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Որովհետեւ Եհովա հաստատօրէն հարկադրուած չէր որոշ ընթացքի մը հետեւելու, ներշնչեալ արձանագրութիւնը կ’ըսէ թէ ան «զղջաց»։ Եբրայերէն լեզուին մէջ այս արտայայտութիւնը կրնայ պարզապէս նշանակել, թէ Եհովա չպատճառեց այն աղէտը, որ նշեց թէ ամբողջ ազգին վրայ բերելու հակամէտ էր։

Աբրահամի հետ Եհովայի գործառնութիւնները

17. Եհովա ինչպէ՞ս մեծ համբերութիւն ցոյց տուաւ, երբ Աբրահամ իր մտահոգութիւնը արտայայտեց։

17 Սոդոմի առնչութեամբ Աբրահամի խնդրանքը ուրիշ օրինակ մըն է, թէ Եհովա ինչպէ՛ս Իր ծառաներուն պատեհութիւն կու տայ, որ իրենց հաւատքն ու վստահութիւնը արտայայտեն։ Այդ արձանագրութեան մէջ, Եհովա մեծ համբերութիւն ցոյց տուաւ, Աբրահամին թոյլ տալով որ ութ հարցում ուղղէ։ Որոշ մէկ հանգրուանին, Աբրահամ սա ջերմայոյզ խօսքը ըսաւ. «Քա՛ւ լիցի որ այսպիսի բան մը կատարես, որ արդարը ամբարշտին հետ մեռցնես ու արդարը ամբարշտի պէս ըլլայ։ Քա՛ւ լիցի, միթէ բոլոր երկրի Դատաւորը արդարութիւն պիտի չընէ՞» (Ծն. 18։22-33

18. Ի՞նչ կը սորվինք այն կերպէն, որով Եհովա վարուեցաւ Աբրահամին հետ։

18 Այս արձանագրութենէն ի՞նչ կը սորվինք Եհովայի մտածումին մասին։ Եհովա Աբրահամի հետ պատճառաբանելու կարիքը ունէ՞ր, որպէսզի շիտակ որոշումը կայացնէր։ Ո՛չ։ Անշուշտ Եհովա իր որոշումին պատճառները կրնար պարզապէս սկիզբը նշել։ Բայց այս հարցումներուն միջոցով, Եհովա Աբրահամին ժամանակ տուաւ, որպէսզի որոշումը ընդունի եւ հասկնայ Իր մտածումը։ Հարցումները նաեւ թոյլ տուին Աբրահամին, որ Եհովայի կարեկցութեան եւ արդարութեան խորութիւնը ըմբռնէ։ Այո, Եհովա Աբրահամին հետ որպէս բարեկամ վարուեցաւ (Եսա. 41։8. Յակ. 2։23

Դասեր մեզի համար

19. Ինչպէ՞ս կրնանք Յոբը ընդօրինակել։

19 Ի՞նչ սորվեցանք «Տէրոջը միտք»ին մասին։ Պէտք է թոյլ տանք Աստուծոյ Խօսքին, որ Եհովայի միտքին նկատմամբ մեր հասկացողութիւնը կաղապարէ։ Բնաւ պէտք չէ մեր սահմանափակումները պարտադրենք Եհովայի, եւ զինք դատենք մեր չափանիշներով ու մտածումով։ Յոբ նշեց. «[Աստուած] ինծի պէս մարդ չէ, որ անոր պատասխան տամ ու մէկտեղ դատաստանի երթանք» (Յոբ 9։32)։ Յոբին նման, երբ սկսինք հասկնալ Եհովայի միտքը, կը մղուինք բացագանչելու. «Ահա ասոնք են անոր ճամբաներուն ծայրերը, բայց անոր վրայով լսածնիս որչա՜փ քիչ է. եւ ո՞վ կրնայ իմանալ անոր զօրութեան որոտումը» (Յոբ 26։14

20. Ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ դժուարահասկնալի հատուածի մը հանդիպինք։

20 Մինչ Սուրբ Գրութիւնները կը կարդանք, ի՞նչ պէտք է ընենք եթէ դժուարահասկնալի հատուածի մը հանդիպինք, յատկապէս եթէ հարցը Եհովայի մտածումին առնչուած է։ Եթէ հարցին մասին պրպտում ընելէ ետք, տակաւին յստակ պատասխան մը չունինք, կրնանք ասիկա Եհովայի հանդէպ մեր վստահութեան փորձ մը նկատել։ Յիշէ թէ երբեմն որոշ խօսքեր մեզի պատեհութիւն կու տան, որ Եհովայի յատկութիւններուն հանդէպ մեր հաւատքը արտայայտենք։ Խոնարհաբար ընդունինք, որ չենք հասկնար ամէն ինչ որ Ան կ’ընէ (Ժող. 11։5)։ Այսպէս պիտի մղուինք համաձայն գտնուելու Պօղոս առաքեալի սա խօսքերուն հետ. «‘Ո՜վ Աստուծոյ մեծութեան ու իմաստութեան եւ գիտութեան խորունկութիւնը. ի՜նչպէս անքննելի են իր դատաստանները ու անզննելի են իր ճամբաները։ Վասն զի ո՞վ գիտցաւ Տէրոջը միտքը, կամ ո՞վ անոր խորհրդակից եղաւ. կամ ո՞վ նախապէս անոր բան մը տուաւ, որ փոխարէնը իրեն տրուի’։ Վասն զի ամէն բաները անկէ ու անով եւ անոր համար են. իրեն փառք յաւիտեանս։ Ամէն» (Հռով. 11։33-36

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 14 Նոյնանման արձանագրութիւն մը կը գտնուի՝ Թուոց 14։11-20–ի մէջ։

^ պարբ. 15 Ըստ կարգ մը ուսումնականներու, Ելից 32։10–ի մէջ թարգմանուած «զիս առանձին թողո՛ւր» կամ «ձգէ՛ զիս» (ԱԾ) եբրայերէն յատկաբանութիւնը կրնայ հրաւէր սեպուիլ, առաջարկ մը՝ թէ Մովսէսին պիտի թոյլատրուէր որ միջամտէ, կամ Եհովայի եւ ազգին ‘մէջտեղը կայնի’ (Սաղ. 106։23. Եզեկ. 22։30)։ Ի՛նչ որ ալ ըլլայ պարագան, բացայայտ է որ Մովսէս հանգիստ զգաց ազատօրէն իր կարծիքը արտայայտելու Եհովայի։

Կը յիշե՞ս

• Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ, որ մեր չափանիշներով Եհովան դատելու հակումէն խուսափինք։

• Յիսուսի արարքները հասկնալը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել, որ «Տէրոջը բարեկամութիւնը» ձեռք ձգենք։

• Մովսէսին եւ Աբրահամին հետ Եհովայի ունեցած խօսակցութիւններէն ի՞նչ դասեր սորվեցար։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 17]

Ի՞նչ կը սորվինք Եհովայի մտածումին մասին այն կերպէն, որով վարուեցաւ Մովսէսի եւ Աբրահամի հետ