Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Չքմեղանքներ. Եհովա զանոնք ինչպէ՞ս կը նկատէ

Չքմեղանքներ. Եհովա զանոնք ինչպէ՞ս կը նկատէ

Չքմեղանքներ. Եհովա զանոնք ինչպէ՞ս կը նկատէ

«ԱՅՆ կինը, որ ինծի հետ ըլլալու տուիր, ա՛ն ինծի տուաւ ծառէն ու ես կերայ», ըսաւ մարդը։ «Օձը զիս խաբեց ու ես կերայ», պատասխանեց կինը։ Մեր առաջին ծնողքին՝ Ադամի ու Եւայի՝ կողմէ Աստուծոյ ուղղուած այս խօսքերը, չքմեղանքներ տալու երկա՜ր պատմութեան սկիզբը նշեցին (Ծն. 3։12, 13

Դիտումնաւոր կերպով անհնազանդ գտնուելով, Ադամի ու Եւայի դէմ Եհովայի դատաստանը բացայայտեց, թէ անոնց չքմեղանքները Իրեն ընդունելի չէին (Ծն. 3։16-19)։ Ուստի, պէ՞տք է եզրակացնենք թէ բոլոր չքմեղանքները Եհովայի անընդունելի են։ Ան կարգ մը չքմեղանքներ վաւերական կը նկատէ՞։ Եթէ այո՛, ինչպէ՞ս կրնանք զանոնք զատորոշել։ Պատասխանը առնելու համար, նա՛խ նկատի առնենք չքմեղանքին սահմանումը։

Չքմեղանքը տրուած պատճառ մըն է, բացատրելու թէ ինչո՛ւ բան մը կատարուեցաւ, չկատարուեցաւ կամ պիտի չկատարուի։ Չքմեղանքը կրնայ թերացումի մը վաւերական բացատրութիւն ըլլալ եւ անկեղծ ներողութիւն պարփակել, որ հիմ կը դնէ ողորմութեան կամ ներումին։ Սակայն, ինչպէս էր պարագան Ադամին ու Եւային, չքմեղանք մը կրնայ նաեւ պատրուակ ըլլալ,– կեղծ պատճառ՝ իսկականը ծածկելու համար։ Չքմեղանքները յաճախ այդ բնոյթը ունենալով, սովորաբար կասկածելի կը նկատուին։

Երբ չքմեղանքներ կը ներկայացնենք,– մանաւանդ եթէ Աստուծոյ մատուցած մեր ծառայութեան հետ կապ ունին,– ուշադիր պէտք է ըլլանք որ ‘ինքզինքնիս խաբելէ’ խուսափինք (Յակ. 1։22)։ Հետեւաբար, նկատի առնենք կարգ մը աստուածաշնչական օրինակներ ու սկզբունքներ, որոնք մեզի պիտի օգնեն ‘քննելու թէ ի՛նչ է Տէրոջը հաճելին’ (Եփ. 5։10

Աստուած մեզմէ ի՛նչ կ’ակնկալէ որ ընենք

Աստուծոյ Խօսքին մէջ կը գտնենք մասնայատուկ պատուէրներ, որոնց որպէս Եհովայի ժողովուրդ պէտք է հնազանդինք։ Օրինակ, «գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք» Քրիստոսի յանձնարարութիւնը պատուէր մըն է, որ Քրիստոսի բոլոր ճշմարիտ հետեւորդներուն համար տակաւին ի զօրու է (Մատ. 28։19, 20)։ Իրականութեան մէջ, այդ պատուէրը կատարելը ա՛յնքան կարեւոր է, որ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Վայ է ինծի՝ եթէ աւետարանը չքարոզեմ» (Ա. Կոր. 9։16

Այսուհանդերձ, ոմանք՝ որոնք երկար ատենէ մեզի հետ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրեն, տակաւին կ’ամչնան Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելէ (Մատ. 24։14)։ Ուրիշներ, որոնք նախապէս քարոզչութեան կը մասնակցէին, այլեւս չեն քարոզեր։ Քարոզչութեան չմասնակցողները երբեմն ի՞նչ պատճառներ կու տան։ Եհովա անցեալին ինչպէ՞ս հակազդեց, երբ անհատներ իր մասնայատուկ հրահանգներուն հնազանդելու վարանեցան։

Աստուծոյ ընդունելի չեղող չքմեղանքներ

«Շա՜տ դժուար է»։ Քարոզչութեան մասնակցիլը կրնայ շատ դժուար թուիլ յատկապէս անոնց, որոնք բնոյթով երկչոտ են։ Սակայն նկատի առ թէ Յովնանի օրինակէն ի՛նչ կարելի է սորվիլ։ Ան իր աչքին չափազանց դժուար երեւցող նշանակում մը ստացաւ,– Եհովա իրեն ըսաւ որ Նինուէի մօտալուտ կործանումը յայտարարէ։ Դժուար չէ հասկնալ թէ Յովնան ինչո՛ւ այս պարտականութիւնը կատարելը ճնշիչ գտաւ։ Նինուէն Ասորեստանի մայրաքաղաքն էր, եւ ասորեստանցիները շատ անգութ ըլլալու համբաւը ունէին։ Յովնան թերեւս հարց տուած էր. ‘Այս ժողովուրդին մէջ ինչպէ՞ս պիտի վարուիմ։ Անոնք ինծի ի՞նչ պիտի ընեն’։ Շատ չանցած, ան խոյս տուաւ։ Բայց Եհովա Յովնանի չքմեղանքը չընդունեց, եւ զինք դարձեալ նշանակեց որ նինուէցիներուն քարոզէ։ Այս անգամ Յովնան իր նշանակումը քաջաբար կատարեց, եւ Եհովա արդիւնքը օրհնեց (Յովն. 1։1-3. 3։3, 4, 10

Եթէ կը խորհիս թէ բարի լուրը քարոզելու նշանակումը քեզի համար շատ դժուար է, մտաբերէ թէ «Աստուծոյ կողմէն ամէն բան կարելի է» (Մար. 10։27)։ Կրնաս վստահ ըլլալ թէ Եհովա քեզ պիտի ամրապնդէ, երբ շարունակես իր օգնութիւնը խնդրել, եւ թէ քեզ պիտի օրհնէ, երբ քաջութիւն հաւաքես ծառայութիւնդ կատարելու համար (Ղուկ. 11։9-13

«Չեմ ուզեր»։ Ի՞նչ կրնաս ընել եթէ քրիստոնէական ծառայութիւնդ կատարելու սրտագին փափաքը չունիս։ Ի մտի ունեցիր թէ Եհովա կրնայ մէջդ ներգործել եւ փափաքներուդ ազդել։ Պօղոս ըսաւ. «Աստուած է որ ձեր մէջ կը ներգործէ կամենալը ու ընելը իր հաճութեանը համար» (Փլպ. 2։13)։ Ուստի, կրնաս Եհովայէ խնդրել որ քեզի տայ իր կամքը կատարելու փափաքը։ Դաւիթ թագաւոր ճիշդ ասիկա ըրաւ։ Ան Եհովայի աղաչեց. «Քու ճշմարտութեանդ մէջ ինծի առաջնորդէ» (Սաղ. 25։4, 5)։ Կրնաս նոյնը ընել, ջերմեռանդօրէն աղօթելով որ Եհովա քեզ մղէ, որ ուզես իրեն հաճելի եղածը ընել։

Ճիշդ է որ, երբ յոգնած կամ վհատած ըլլանք, երբեմն մենք մեզ կը ստիպենք, որ Թագաւորութեան սրահին մէջ ժողովի մը ներկայ գտնուինք կամ ծառայութեան մասնակցինք։ Այս պարագային, պէ՞տք է եզրակացնենք թէ Եհովան իսկապէս չենք սիրեր։ Բնա՛ւ երբեք։ Անցեալին Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներն ալ իր կամքը ընելու համար մեծ ջանք թափեցին։ Օրինակ՝ Պօղոս նշեց որ այլաբանօրէն ‘իր մարմինը կը ճնշէր’, որպէսզի կարենար Աստուծոյ պատուիրաններուն հնազանդիլ (Ա. Կոր. 9։26, 27)։ Ուստի, նոյնիսկ երբ մենք մեզ ստիպենք որ ծառայութեան մասնակցինք, կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եհովա մեզ պիտի օրհնէ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ կը մղուինք Աստուծոյ կամքը ընելու պատշաճ պատճառով,– Եհովայի հանդէպ սէր։ Ասիկա ընելով, կու տանք պատասխան մը Սատանայի դաւանութեան, թէ Աստուծոյ ծառաները Զինք կ’ուրանան եթէ փորձութեան ենթարկուին (Յոբ 2։4

«Շա՜տ զբաղած եմ»։ Եթէ ծառայութեան չես մասնակցիր՝ քանի որ կը զգաս թէ շատ զբաղած ես, չափազանց կարեւոր է որ նախապատուութիւններդ վերստին քննես։ Յիսուս ըսաւ. «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը» (Մատ. 6։33)։ Այս ուղղութիւն տուող սկզբունքին հետեւելու համար, թերեւս հարկ է որ կենցաղակերպդ պարզ դարձնես կամ ժամանցին տրամադրուած ժամանակէն առնես ու ծառայութեան համար գործածես։ Անշուշտ, զբօսանքը եւ այլ անհատական հետապնդումներ իրենց տեղը ունին, բայց վաւերական չքմեղանք չեն՝ ծառայութիւնը անտեսելու համար։ Աստուծոյ ծառան իր կեանքին մէջ առաջնակարգ տեղը կը վերապահէ Թագաւորութեան շահերուն։

«Բաւարար որակում չունիմ»։ Թերեւս այն զգացումը ունիս, թէ բարի լուրի քարոզիչ մը ըլլալու որակեալ չես։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, Եհովայի հաւատարիմ ծառաներէն ոմանք զգացին, թէ բաւարար որակում չունէին իրենց նշանակուած պարտականութիւնները ձեռք առնելու։ Նկատի առ Մովսէսի օրինակը։ Երբ Եհովայէ մասնայատուկ յանձնարարութիւն մը ստացաւ, Մովսէս ըսաւ. «Ո՜հ, Տէ՛ր իմ, ես ճարտարախօս չեմ ո՛չ երէկ, ո՛չ միւս օր եւ ո՛չ ալ ծառայիդ հետ խօսելէդ յետոյ, հապա ես ծանրախօս ու ծանրալեզու եմ»։ Թէեւ Եհովա զինք հաւաստիացուց, սակայն Մովսէս պատասխանեց. «Ո՜հ, Տէ՛ր իմ, կ’աղաչեմ, այս պատգամը որո՛ւ ձեռքով ղրկել կ’ուզես՝ ղրկէ» (Ել. 4։10-13)։ Ի՞նչ եղաւ Եհովայի հակազդեցութիւնը։

Եհովա Մովսէսը զերծ չպահեց այդ նշանակումը կատարելէ։ Սակայն ան Ահարոնը նշանակեց, որպէսզի Մովսէսի օգնէ այդ պարտականութիւնը կատարելու (Ել. 4։14-17)։ Ասկէ զատ, յաջորդ տարիներուն ընթացքին, Եհովա Մովսէսի կողքին կեցաւ եւ անոր հարկ եղածը հայթայթեց, որպէսզի աստուածատուր նշանակումները յաջողապէս կատարէ։ Ներկայիս, կրնաս վստահ ըլլալ թէ Եհովա փորձառու հաւատակիցներ պիտի մղէ քեզի ալ օգնելու, որ ծառայութիւնդ կատարես։ Ամէն բանէ առաջ, Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը հաւաստիացնէ, թէ Եհովա մեզ որակեալ պիտի դարձնէ, որպէսզի իր յանձնարարած գործը կատարենք (Բ. Կոր. 3։5. տե՛ս  «Կեանքիս ամէնէն երջանիկ տարիները» շրջանակը)։

«Անհատ մը զգացումներս վիրաւորեց»։ Ոմանք կը դադրին ծառայութեան մասնակցելէ կամ ժողովներու ներկայ գտնուելէ, քանի որ վիրաւորուած կը զգան, պատճառաբանելով թէ Եհովա իրենց հոգեւոր անգործունէութեան այս չքմեղանքը վստահաբար պիտի ընդունի։ Մինչ հասկնալի է որ նեղանանք, երբ անհատ մը մեր զգացումները վիրաւորէ, ասիկա քրիստոնէական գործունէութիւններուն չմասնակցելու իսկապէս վաւերակա՞ն չքմեղանք մըն է։ Պօղոսի եւ իր հաւատակիցին՝ Բառնաբասի զգացումները վիրաւորուած ըլլալու էին, երբ իրարու հետ անհամաձայն գտնուելով՝ իրենց մէջ «գժտութիւն մը եղաւ» (Գործք 15։39)։ Բայց անոնցմէ մէկը ասոր պատճառաւ դադրեցա՞ւ ծառայութեան մասնակցելէ։ Բնա՛ւ երբեք։

Նոյնպէս, երբ հաւատակիցի մը կողմէ վիրաւորուած ըլլաս, մի՛ մոռնար թէ թշնամիդ անկատար քրիստոնեայ եղբայրդ չէ, այլ՝ Սատանան, որ կ’ուզէ քեզ կլլել։ Բայց Բանսարկուն պիտի չյաջողի, եթէ ‘անոր դէմ կենաս՝ հաւատքով հաստատուած’ (Ա. Պետ. 5։8, 9. Գաղ. 5։15)։ Այսպիսի հաւատք մը ունենալով, ո՛չ մէկ կերպով ‘յուսախաբ պիտի ըլլաս’ (Հռով. 9։33, Անթիլիաս

Երբ մեր ըրածը սահմանափակ է

Այս քանի մը չքմեղանքները նկատի առնելով, բացայայտ կը դառնայ թէ աստուածաշնչական վաւերական չքմեղանքներ չկան, որ չկատարենք Եհովայի մասնայատուկ պատուէրները, ի ներառեալ՝ բարի լուրը քարոզելու յանձնարարութիւնը։ Այսուհանդերձ, ծառայութեան մէջ մեր սահմանափակ մասնակցութեան համար իսկական պատճառներ կրնանք ունենալ։ Աստուածաշնչական այլ պատասխանատուութիւններ կրնան նուազեցնել այն ժամանակը, որ կրնանք քարոզչութեան յատկացնել։ Նաեւ, ատեն–ատեն իրապէս շատ յոգնած կամ շատ հիւանդ ըլլալով, կրնանք Եհովայի ծառայութեան մէջ մեր ուզածին չափ չընել։ Սակայն Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը հաւաստիացնէ, թէ Եհովա գիտէ մեր սրտագին փափաքը եւ հաշուի կ’առնէ մեր սահմանափակումները (Սաղ. 103։14. Բ. Կոր. 8։12

Հետեւաբար, պէտք է զգոյշ ըլլանք որ այս հարցերուն մէջ մենք մեզ կամ ուրիշները անգթօրէն չդատենք։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Դուն ո՞վ ես որ ուրիշին ծառան կը դատես. իր Տէրոջը կը կանգնի կամ կ’իյնայ» (Հռով. 14։4)։ Փոխանակ մեր կացութիւնը ուրիշին կացութեան հետ բաղդատելու, պէտք է յիշենք թէ «մեզմէ ամէն մէկը Աստուծոյ հաշիւ պիտի տայ իր անձին համար» (Հռով. 14։12. Գաղ. 6։4, 5)։ Երբ աղօթքով Եհովայի մօտենանք եւ իրեն ներկայացնենք մեր չքմեղանքները, իւրաքանչիւրս կ’ուզենք ‘մաքուր խղճով’ ասիկա ընել (Եբ. 13։18

Եհովայի ծառայելը ինչո՛ւ մեզ կ’ուրախացնէ

Բոլորս կրնա՛նք սրտագին ուրախութեամբ Եհովայի ծառայել, որովհետեւ իր պահանջները,– ի՛նչ ալ ըլլան մեր պարագաները,– միշտ տրամաբանական ու հասանելի են։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսենք։

Աստուծոյ Խօսքը կը նշէ. «Երբ ձեռքէդ աղէկութիւն ընել կու գայ, կարօտ եղողէն մի՛ խնայեր զանիկա» (Առ. 3։27)։ Այս առակին մէջ Աստուծոյ պահանջներուն նկատմամբ ի՞նչ նկատեցիր։ Եհովա քեզմէ չի պահանջեր որ ջանաս եղբօրդ ձեռքէն եկածին չափ ընել, այլ՝ ‘ձեռքէդ եկածին’ չափ Իրեն ծառայես։ Արդարեւ, իւրաքանչիւրս,– մեր ձեռքէն եկածը ըլլայ շատ թէ քիչ,– կրնանք ամբողջ սրտով Եհովայի ծառայել (Ղուկ. 10։27. Կող. 3։23

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 12]

 «Կեանքիս ամէնէն երջանիկ տարիները»

Նոյնիսկ եթէ ֆիզիքական կամ զգացական լուրջ սահմանափակումներ ունինք, պէտք չէ հապճեպով եզրակացնենք, թէ ասոնք մեզի արգելք պիտի հանդիսանան ծառայութեան մէջ լման բաժին բերելու։ Լուսաբանելու համար, նկատի առ թէ ի՛նչ պատահեցաւ Էրնէսթի,– Քանատայի մէջ քրիստոնեայ եղբայր մը։

Էրնէսթ խօսելու դժուարութիւն ունէր եւ շատ ամչկոտ էր։ Կռնակը լրջօրէն վնասուելէ ետք, ան ստիպուեցաւ շինարարական ասպարէզէն հրաժարիլ։ Անկարող դառնալով հանդերձ, իր նոր պարագաները թոյլ տուին որ ծառայութեան մէջ աւելի ժամանակ անցընէ։ Ժողովքային հանդիպումներուն մէջ օժանդակ ռահվիրայութեան նկատմամբ տրուած քաջալերութիւնը իր սրտին դպաւ։ Բայց ան ինքզինք որակեալ չզգաց այդ ծառայութեան համար։

Իր անձին ապացուցանելու համար, թէ օժանդակ ռահվիրայութիւնը իր կարողութենէն անդին է, ան մէկ ամսուան համար օժանդակ ռահվիրայութեան դիմումնագիր ներկայացուց։ Ան շատ զարմացաւ, երբ կրցաւ նշանակումը յաջողութեամբ կատարել։ Ապա ան խորհեցաւ. ‘Գիտեմ թէ երբեք ասիկա չեմ կրնար կրկին ընել’։ Այս կէտը փաստելու համար, ան դարձեալ դիմումնագիր ներկայացուց,– եւ անգամ մը եւս յաջողեցաւ։

Էրնէսթ տարի մը որպէս օժանդակ ռահվիրայ ծառայեց, բայց ըսաւ. «Ստոյգ գիտեմ թէ երբեք կանոնաւոր ռահվիրայ չեմ կրնար ըլլալ»։ Դարձեալ, այս կէտը ապացուցանելու համար, ան կանոնաւոր ռահվիրայութեան դիմումնագիր ներկայացուց։ Ան անակնկալի եկաւ, երբ կրցաւ կանոնաւոր ռահվիրայութեան իր առաջին տարին ամբողջացնել։ Ան որոշեց շարունակել եւ երկու տարի որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ ծառայելու ուրախութիւնը վայելեց, մինչեւ որ իր վնասուածքին բարդութիւնները իր կեանքին վերջ դրին։ Սակայն իր մահէն առաջ, ան արտասուալից աչքերով յաճախ կ’ըսէր այցելուներուն. «Որպէս ռահվիրայ Եհովայի ծառայած տարիներս, կեանքիս ամէնէն երջանիկ տարիներն էին»։

[Նկար՝ էջ 11]

Կրնա՛նք մեզ ծառայութենէն ետ պահող որեւէ խոչընդոտ յաղթահարել

[Նկար՝ էջ 13]

Եհովա կը հաճի, երբ բոլորանուէր կերպով իրեն ծառայենք, ընելով ամէն ինչ որ մեր պարագաները կը ներեն