Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աղօթք. Ինչի՞ մասին

Աղօթք. Ինչի՞ մասին

Աղօթք

4 Ինչի՞ մասին

ԱՆԻԿԱ ամենաշատ կրկնուած քրիստոնէական աղօթքը կոչուած է։ Ասիկա ճիշդ է կամ ոչ, Յիսուսի տիպար աղօթքը,– երբեմն կոչուած՝ տէրունական աղօթքը կամ Հայր մերը,– վստահաբար մեծապէս սխալ հասկցուած աղօթք մըն է։ Միլիոնաւորներ ամէն օր զայն անգիր կ’արտասանեն, թերեւս օրը քանի մը անգամ։ Բայց Յիսուս երբեք ըսել չուզեց որ աղօթքը այդ կերպով գործածուի։ Ինչպէ՞ս գիտենք։

Այդ աղօթքը տալէ առաջ, Յիսուս ըսաւ. «Երբ աղօթք կ’ընէք, հեթանոսներուն պէս շատախօս մի՛ ըլլաք» (Մատթէոս 6։7)։ Ան սկսա՞ւ իր անձին հակասել, գոց սորվելիք ու կրկնուելիք շարք մը խօսքեր տալով։ Վստահաբար ո՛չ։ Փոխարէն, Յիսուս մեզի կը սորվեցնէր թէ ի՛նչ բանի մասին պէտք է աղօթենք՝ ի մտի ունենալով նախապատուութիւններու յստակ ցանկ մը։ Այժմ իր ըսածներուն վրայ մօտէն ակնարկ մը նետենք։ Աղօթքը արձանագրուած է Մատթէոս 6։9-13–ի մէջ։

«Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ»։

Յիսուս այս կերպով իր հետեւորդներուն յիշեցուց, թէ բոլոր աղօթքները պէտք է ուղղուին իր Հօր՝ Եհովայի։ Բայց գիտե՞ս թէ Աստուծոյ անունը ինչո՛ւ այսքան կարեւոր է եւ ինչո՛ւ պէտք է սրբացուի։

Մարդկային պատմութեան սկիզբէն ի վեր, Աստուծոյ սրբազան անունին վրայ սուտեր կուտակուած են։ Աստուծոյ թշնամին՝ Սատանան, Եհովան կոչած է ստախօս, անձնասէր Կառավարիչ մը՝ որ Իր ստեղծագործութիւնները ղեկավարելու իսկական իրաւասութիւն չունի (Ծննդոց 3։1-6)։ Շատեր Սատանայի կողքին դիրք բռնած են, սորվեցնելով թէ Աստուած անտարբեր, անգութ ու ոխակալ է, կամ բոլորովին ուրանալով թէ Ան է Ստեղծիչը։ Ոմանք նոյնիսկ Անոր անունին վրայ յարձակում կատարած են, Եհովա անունը Աստուածաշունչի թարգմանութիւններէն վերցնելով եւ անոր գործածութիւնը արգիլելով։

Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ Աստուած այս բոլոր անիրաւութիւնները պիտի սրբագրէ (Եզեկիէլ 39։7)։ Ասիկա ընելով, ան նաեւ նկատի պիտի առնէ բոլոր կարիքներդ ու խնդիրներդ։ Ինչպէ՞ս։ Յիսուսի աղօթքին մէջ յաջորդ խօսքերը պատասխանը կու տան։

«Քու թագաւորութիւնդ գայ»։

Ներկայիս, Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին շատ շփոթութիւն կայ կրօնական ուսուցիչներու մէջ։ Բայց ինչպէս որ Յիսուսի ունկնդիրները գիտէին, Աստուծոյ մարգարէները հինուց նախագուշակած էին թէ Մեսիան,– Աստուծմէ ընտրուած Փրկիչ մը,– պիտի ստանձնէր Թագաւորութիւն մը, որ աշխարհը պիտի փոխէր (Եսայի 9։6, 7. Դանիէլ 2։44)։ Այդ Թագաւորութիւնը Աստուծոյ անունը պիտի սրբացնէ, Սատանայի սուտերը քօղազերծելով եւ ապա՝ զինք եւ իր բոլոր գործերը կործանելով։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը վերջ պիտի դնէ պատերազմին, հիւանդութեան, սովին,– նոյնիսկ մահուան (Սաղմոս 46։9. 72։12-16. Եսայի 25։8. 33։24)։ Երբ կ’աղօթես որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ, կ’աղօթես որ այդ բոլոր խոստումները իրականանան։

«Քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։

Յիսուսի խօսքերը կը թելադրեն, որ Աստուծոյ կամքը երկրի վրայ անպայման պիտի կատարուի՝ ինչպէս որ կը կատարուի երկնքի մէջ, ուր Աստուած կը բնակի։ Աստուծոյ կամքին ոչինչ արգելք հանդիսացած է երկինքի մէջ. հոն, Աստուծոյ Որդին Սատանայի եւ անոր գումարտակներուն դէմ պատերազմ մղեց ու զանոնք դէպի երկիր վտարեց (Յայտնութիւն 12։9-12)։ Տիպար աղօթքին այս երրորդ խնդրանքը, առաջին երկուքին նման, մեզի կ’օգնէ կեդրոնացած մնալու ամենակարեւոր բանին վրայ,– Աստուծոյ կամքը, եւ ոչ թէ մեր կամքը։ Անո՛ր կամքն է որ ամբողջ ստեղծագործութեան համար միշտ մեծագոյն բարիքները կը բերէ։ Ուստի, նոյնիսկ կատարեալ մարդը՝ Յիսուս՝ իր Հօր ըսաւ. «Ոչ թէ իմ կամքս՝ հապա քուկդ թող ըլլայ» (Ղուկաս 22։42

«Մեր ամէն օրուան հացը այսօր ալ մեզի տուր»։

Ապա Յիսուս ցոյց տուաւ, թէ կրնանք աղօթել նաեւ մեր անձնական հարցերուն մասին։ Սխալ չէ Աստուծոյ աղօթել մեր առօրեայ ու գործնական կարիքներուն մասին։ Իրականութեան մէջ, ասիկա ընելը մեզի կը յիշեցնէ, թէ Եհովան է որ «կու տայ ամենուն կեանք ու շունչ եւ ամէն բան» (Գործք 17։25)։ Աստուածաշունչը կը յայտնէ թէ ան սիրառատ ծնող մըն է, որ ուրախութեամբ իր զաւակներուն կու տայ ինչ որ պէտք ունին։ Սակայն, բարի ծնողի մը նման, ան պիտի չշնորհէ խնդրանքներ, որոնք անոնց լաւագոյն շահերուն չեն ծառայեր։

«Մեզի ներէ մեր պարտքերը»։

Իրապէս Աստուծոյ պարտք մը ունի՞ս։ Իր ներումին կարիք ունի՞ս։ Ներկայիս շատեր մեղքին իրականութեան ու լրջութեան չեն գիտակցիր։ Բայց Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ, թէ մեր ամենագէշ խնդիրներուն արմատը մեղքն է, քանի որ մարդոց մահուան հիմնական պատճառն է։ Մեղաւոր ծնած ըլլալով, բոլորս ալ յաճախ մեղք կը գործենք, եւ մնայուն ապագայի մը համար մեր միակ յոյսը կախեալ է Աստուծոյ ներումէն (Հռովմայեցիս 3։23. 5։12. 6։23)։ Թարմացուցիչ է գիտնալ, թէ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, բարի ու ներող ես» (Սաղմոս 86։5

«Չարէն մեզ ազատէ»։

Կը գիտակցի՞ս թէ ո՜րքան հրատապ եւ անհրաժեշտ է որ Աստուծոյ պաշտպանութիւնը ունենաս։ Շատեր բոլորովին կը մերժեն հաւատալ թէ ‘չարը’, Սատանան, գոյութիւն ունի։ Բայց Յիսուս սորվեցուց թէ Սատանան իրական է, նոյնիսկ զայն կոչելով «այս աշխարհին իշխանը» (Յովհաննէս 12։31. 16։11)։ Սատանան ապականած է այս աշխարհը, զոր իր հակակշռին տակ առած է, եւ սաստիկ փափաք ունի քեզ ալ ապականելու եւ թոյլ չտալու, որ Հօրդ՝ Եհովայի հետ սերտ փոխյարաբերութիւն մը զարգացնես (Ա. Պետրոս 5։8)։ Սակայն, Եհովա Սատանայէն շա՜տ աւելի զօրաւոր է եւ Զինք սիրողները ուրախութեամբ կը պաշտպանէ։

Յիսուսի տիպար աղօթքին գլխաւոր կէտերուն սոյն ամփոփումը, աղօթքի յարմար եղող բոլոր նիւթերը չի ծածկեր։ Մտաբերէ թէ Ա. Յովհաննէս 5։14–ը Աստուծոյ մասին կ’ըսէ. «Ինչ որ խնդրելու ըլլանք իր կամքին համեմատ, պիտի լսէ մեզի»։ Ուստի մի՛ մտահոգուիր, թէ խնդիրներդ ա՛յնքան աննշան են, որ չ’արժեր անոնց մասին Աստուծոյ աղօթել (Ա. Պետրոս 5։7

Սակայն ի՞նչ կրնանք ըսել ժամանակին ու վայրին մասին։ Տարբերութիւն կ’ընէ՞ թէ ե՛րբ եւ ո՛ւր կ’աղօթենք։