Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աղօթք. Ինչպէ՞ս

Աղօթք. Ինչպէ՞ս

Աղօթք

3 Ինչպէ՞ս

ԱՂՕԹՔԻ մարզին մէջ, բազմաթիւ կրօնական աւանդութիւններ շեշտը ֆիզիքական հարցերու վրայ կը դնեն, ինչպէս՝ մարմնի կեցուածք, շարադրութիւն եւ ծէս։ Սակայն Աստուածաշունչը մեզի կ’օգնէ այսպիսի հարցեր մէկ կողմ դնելու եւ «Ինչպէ՞ս պէտք է աղօթենք» հարցումին աւելի կարեւոր երեսակներուն վրայ կեդրոնանալու։

Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները զանազան վայրերու մէջ եւ մարմնի տարբեր կեցուածքներով աղօթեցին։ Պարագաներուն համաձայն, անոնք լռելեայն կամ բարձրաձայն աղօթեցին։ Անոնք երկինք նայելով կամ ծնրադրելով աղօթեցին։ Փոխանակ պատկերներ, վարդարաններ կամ աղօթագիրքեր գործածելու որպէս աղօթքի նպաստող իրեր, անոնք պարզապէս սրտանց եւ իրենց բառերով աղօթեցին։ Ի՞նչ բան անոնց աղօթքները ազդու դարձուց։

Ինչպէս որ նախորդ յօդուածին մէջ նշուեցաւ, անոնք իրենց աղօթքները ուղղեցին միայն մէկ Աստուծոյ՝ Եհովայի։ Ուրիշ կարեւոր ազդակ մըն ալ կայ։ Ա. Յովհաննէս 5։14–ի մէջ կը կարդանք. «Մենք համարձակութիւնը ունինք անոր քով, քանզի գիտենք թէ ինչ որ խնդրելու ըլլանք իր կամքին համեմատ, պիտի լսէ մեզի»։ Մեր աղօթքները Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակ պէտք է ըլլան։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։

Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակ աղօթելու համար, հարկ է որ գիտնանք թէ ի՛նչ է իր կամքը։ Ուստի, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը աղօթքին էական մէկ բաղադրատարրն է։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ Աստուած պիտի մերժէ մեզ լսել, բացի եթէ Աստուածաշունչի ուսումնականներ ենք։ Ո՛չ, բայց Աստուած մեզմէ կ’ակնկալէ որ իր կամքը փնտռենք, ջանանք զայն հասկնալ եւ անոր համաձայն գործենք (Մատթէոս 7։21-23)։ Մեր սորվածին հետ ներդաշնակ պէտք է աղօթենք։

Մինչ Եհովայի եւ իր կամքին մասին կը սորվինք, կ’աճի մեր հաւատքը,– աղօթքին մէջ այլ էական ազդակ մը։ Յիսուս ըսաւ. «Ամէն ինչ որ աղօթքի մէջ հաւատքով կը խնդրէք, պիտի առնէք» (Մատթէոս 21։22)։ Հաւատքը դիւրախաբութիւն չի նշանակեր։ Փոխարէն, անիկա կը նշանակէ հաւատալ բանի մը, որ անտեսանելի ըլլալով հանդերձ, իրեն թիկունք կը կանգնին շատ զօրաւոր ապացոյցներ (Եբրայեցիս 11։1)։ Աստուածաշունչը լեցուն է ապացոյցներով, թէ Եհովա՝ զոր չենք կրնար տեսնել՝ իրական է, վստահելի է, եւ յօժար է իրեն հաւատացողներուն աղօթքներուն պատասխանելու։ Ասկէ զատ, միշտ կրնանք յաւելեալ հաւատք խնդրել, եւ Եհովա կը սիրէ մեզի հարկ եղածը տալ (Ղուկաս 17։5. Յակոբոս 1։17

Ինչպէ՛ս աղօթելու առնչութեամբ, ահաւասիկ յաւելեալ կարեւոր երեսակ մը։ Յիսուս ըսաւ. «Մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինձմով» (Յովհաննէս 14։6)։ Ուստի, Յիսուսի միջոցաւ է որ Հօր՝ Եհովայի՝ կը մօտենանք։ Հետեւաբար, Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ որ իր անունով աղօթեն (Յովհաննէս 14։13. 15։16)։ Ասիկա չի նշանակեր թէ Յիսուսի պէտք է աղօթենք։ Փոխարէն, Յիսուսի անունով կ’աղօթենք, յիշելով թէ Յիսուսի շնորհիւ է որ կրնանք մեր կատարեալ ու սուրբ Հօր մօտենալ։

Յիսուսի ամենամտերիմ հետեւորդները անգամ մը իրմէ խնդրեցին. «Տէ՛ր, մեզի աղօթք ընել սորվեցուր» (Ղուկաս 11։1)։ Բացայայտօրէն, անոնք մեր այս քննարկած հիմնական բաներուն մասին չէին հարցներ։ Անոնք իրապէս կ’ուզէին գիտնալ բովանդակութեան մասին,– խորքին մէջ՝ ըսելով. ‘Ի՞նչ բանի մասին պէտք է աղօթենք’։

[Մէջբերում՝ էջ 6]

Ազդու աղօթքները Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակ են, հաւատքով կը մատուցանուին ու Յիսուսի անունով կը ներկայացուին