Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Պատանինե՛ր, Աստուծոյ Խօսքով առաջնորդուեցէք

Պատանինե՛ր, Աստուծոյ Խօսքով առաջնորդուեցէք

Պատանինե՛ր, Աստուծոյ Խօսքով առաջնորդուեցէք

«Իմաստութիւն ստացիր, խոհեմութիւն ստացիր» (ԱՌ. 4։5

1, 2. ա) Ի՞նչ բան Պօղոս առաքեալին օգնեց, որ ներքին պայքարներու հետ գլուխ ելլէ։ բ) Ինչպէ՞ս կրնաս իմաստութիւն ու խոհեմութիւն ստանալ։

«ԵՐԲ բարին ընելը կամենամ, չարը իմ քովս կ’ըլլայ»։ Գիտե՞ս թէ այդ խօսքերը ո՛վ ըսաւ։ Անիկա Պօղոս առաքեալն էր։ Թէեւ ան Եհովան կը սիրէր, բայց կային պահեր՝ երբ բարին ընելը պայքար մըն էր։ Այս ներքին պայքարին առնչութեամբ ան ինչպէ՞ս զգաց։ «Ի՜նչ խղճալի մարդ եմ ես», գրեց ան (Հռով. 7։21-24)։ Կրնա՞ս Պօղոսի զգացումը հասկնալ։ Բարին ընելը երբեմն դժուար կը գտնե՞ս։ Ասիկա քեզ կ’ընդվզեցնէ՞, ինչպէս որ ընդվզեցուց Պօղոսը։ Եթէ այո՛, մի՛ վհատիր։ Պօղոս իր դիմագրաւած մարտահրաւէրները յաջողապէս ձեռք առաւ, եւ դուն ալ կրնաս նոյնը ընել։

2 Պօղոս յաջողեցաւ, քանի որ թոյլ տուաւ «ողջամիտ խօսքեր»ուն որ զինք առաջնորդեն (Բ. Տիմ. 1։13, 14)։ Որպէս արդիւնք, ան մարտահրաւէրներու հետ գլուխ ելլելու եւ շիտակ որոշումներ կայացնելու հարկ եղած իմաստութիւնն ու խոհեմութիւնը ձեռք ձգեց։ Եհովա Աստուած կրնայ քեզի օգնել, որ իմաստութիւն ու խոհեմութիւն ստանաս (Առ. 4։5)։ Ան կարելի եղած լաւագոյն խրատները հայթայթած է իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ (կարդալ՝ Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17Նկատի առ թէ ինչպէ՛ս Սուրբ Գրութիւններուն մէջ նշուած սկզբունքներէն կրնաս օգտուիլ, երբ ծնողքիդ հետ կը վարուիս, երբ դրամ կը գործածես եւ երբ առանձին ես։

Ընտանիքէն ներս՝ Աստուծոյ Խօսքով առաջնորդուիլ

3, 4. Ծնողքիդ կանոններուն հնազանդիլը ինչո՞ւ թերեւս դժուար գտնես, բայց ծնողներ ինչո՞ւ կանոններ կը դնեն։

3 Ծնողքիդ կանոններուն համաձայն ապրիլը դժուար կը գտնե՞ս։ Ինչո՞ւ պարագան կրնայ այդպէս ըլլալ։ Որոշ չափով անկախութիւն ցանկալդ կրնայ պատճառներէն մէկը ըլլալ։ Այս հակումը բնական է, եւ չափահաս դառնալու մէկ մասն է։ Սակայն մինչ ծնողքիդ հետ կ’ապրիս, պարտաւոր ես անոնց հնազանդիլ (Եփ. 6։1-3

4 Եթէ հասկնաս թէ ծնողքդ ինչո՛ւ կանոններ ու պահանջներ կը դնեն, դիւրաւ անոնց կը կառչիս։ Արդարեւ, ատեն–ատեն թերեւս զգաս 18 տարեկան Պրիէլի * նման, որ իր ծնողքին մասին ըսաւ. «Անոնք բոլորովին մոռցած են, թէ տարիքս ինչպիսի՛ բան մըն է։ Անոնք չեն ուզեր որ կարծիքս տամ, ընտրութիւններ ընեմ կամ չափահաս ըլլամ»։ Պրիէլի նման, թերեւս զգաս թէ ծնողքդ հարկ եղածէն աւելի նուազ ազատութիւն կու տան քեզի։ Սակայն ծնողքդ կանոններ կը դնեն գլխաւորաբար քանի որ քեզմով հետաքրքրուած են։ Ասկէ զատ, քրիստոնեաներ ըլլալով, ծնողքդ գիտեն թէ Եհովայի համարատու են քեզի հոգ տանելու կերպին համար (Ա. Տիմ. 5։8

5. Ծնողքիդ հնազանդ ըլլալդ ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգուտ բերել։

5 Արդարեւ, ծնողքիդ կանոններուն հնազանդիլը կը նմանի դրամատունէն առած դրամական պարտքդ վճարելուն,– վճարումներդ կատարելուն մէջ ո՛րքան աւելի վստահելի ըլլաս, ա՛յնքան աւելի հակամէտ կ’ըլլայ դրամատունը, որ շարունակէ դրամական պարտք տալ քեզի։ Նմանապէս, յարգանք ու հնազանդութիւն կը պարտիս ծնողքիդ (կարդալ՝ Առակաց 1։8Ո՛րքան աւելի հնազանդ ըլլաս, ա՛յնքան աւելի հաւանական պիտի ըլլայ, որ ծնողքդ աւելի ազատութիւն տան քեզի (Ղուկ. 16։10)։ Անշուշտ, եթէ կանոնները շարունակաբար բեկանես, մի՛ զարմանար եթէ ծնողքդ քեզի «տրուելիք գումարը» նուազեցնեն կամ չեղեալ նկատեն։

6. Ծնողներ ինչպէ՞ս կրնան պատանիներուն օգնել հնազանդ ըլլալու։

6 Ծնողները օրինակ հանդիսանալով կրնան օգնել իրենց պատանիներուն, որ դրուած կանոններուն հնազանդին։ Անոնք կամովին Եհովայի պահանջներուն հնազանդելով կ’ապացուցանեն Իր կանոններուն տրամաբանական ըլլալը։ Ասիկա պատանիներուն աւելի պիտի դիւրացնէ, որ ծնողական կանոնները նոյն աչքով դիտեն (Ա. Յովհ. 5։3)։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը կը նշէ առիթներ, երբ Եհովա իր ծառաներուն նոյնիսկ պատեհութիւն տուաւ, որ որոշ հարցերու շուրջ իրենց գաղափարը յայտնեն (Ծն. 18։22-32. Գ. Թագ. 22։19-22)։ Արդեօք կա՞ն ժամանակներ, երբ ծնողներ կրնան իրենց զաւակներուն առիթ տալ, որ զանազան նիւթերու շուրջ իրենց կարծիքը արտայայտեն։

7, 8. ա) Կարգ մը պատանիներ ի՞նչ մարտահրաւէր կը դիմագրաւեն։ բ) Ի՞նչ բանի գիտակցիլը կրնայ քեզի օգնել խրատէն օգտուելու։

7 Պատանիներուն համար թերեւս նաեւ մարտահրաւէր է այն ինչ որ կը նկատեն անարդար քննադատութիւն իրենց ծնողներուն կողմէ։ Երբեմն, թերեւս զգացած ես Գրէյկ անունով պատանիին պէս, որ ըսաւ. «Մայրս կարծես թէ գաղտնի ոստիկան մըն էր,– միշտ անյաջող կէտերս կը փնտռէր»։

8 Սրբագրութիւնը կամ խրատը յաճախ քննադատական ձեւով կը տրուի։ Աստուածաշունչը կը հաստատէ թէ խրատ ընդունիլը դժուար է, նոյնիսկ երբ տեղին տրուած է (Եբ. 12։11)։ Ի՞նչ բան կրնայ քեզի օգնել, որ ստացած խրատէդ օգտուիս։ Յիշելիք կարեւոր կէտ մըն է՝ թէ ծնողքդ հաւանաբար քեզի հանդէպ իրենց ունեցած սէրէն մղուած կը խրատեն (Առ. 3։12)։ Անոնք կ’ուզեն քեզի օգնել, որ գէշ սովորութիւններէ խուսափիս ու մշակես բարի սովորութիւններ։ Ծնողքդ հաւանաբար կը գիտակցին, որ քեզ չսրբագրելը համահաւասար է քեզ ատելուն (կարդալ՝ Առակաց 13։24Նաեւ, ըմբռնէ թէ մէկը իր սխալներէն կը սորվի։ Ուստի երբ կը սրբագրուիս, ինչո՞ւ իմաստութեան գոհարներ չփնտռես քեզի ուղղուած խօսքերուն մէջ։ «[Իմաստութեան] շահը արծաթի շահէն աղէկ է ու անոր արդիւնքը՝ զուտ ոսկիէն» (Առ. 3։13, 14

9. Երեւութական անիրաւութեան շուրջ շարունակ մտածելու տեղ, պատանիները ի՞նչ կրնան ընել։

9 Սակայն ծնողներն ալ կը սխալին (Յակ. 3։2)։ Քեզ կրթելու ժամանակ, թերեւս անոնք երբեմն անմտօրէն խօսին (Առ. 12։18)։ Ի՞նչ բան կրնայ պատճառ ըլլալ, որ ծնողքդ այս կերպով վարուին։ Թերեւս անոնք ճնշուածութեան տակ են կամ սխալներդ կը նկատեն թերացում իրենց կողմէ։ Փոխանակ աչքիդ անիրաւ եղող բաներուն շուրջ շարունակ մտածելու, ինչո՞ւ չգնահատես անոնց անկեղծ փափաքը օգնական ըլլալու։ Խրատ ընդունելու կարողութիւնը քեզի օգտակար պիտի ըլլայ, երբ չափահաս դառնաս։

10. Ինչպէ՞ս կրնաս դիւրաւ ծնողական կանոններն ու սրբագրութիւնը ընդունիլ եւ օգտուիլ։

10 Ծնողքիդ կանոններն ու սրբագրութիւնը ընդունիլը եւ անոնցմէ օգտուիլը կ’ուզե՞ս որ աւելի դիւրին ըլլան քեզի։ Եթէ այո՛, հարկ է որ հաղորդակցութեան հմտութիւններդ բարելաւես։ Ինչպէ՞ս կրնաս ասիկա ընել։ Առաջին քայլն է՝ մտիկ ընել։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. ‘Արագ եղէք լսելու մէջ եւ ծանր՝ խօսելու եւ ծանր՝ բարկանալու մէջ’ (Յակ. 1։19)։ Անմիջապէս ինքզինքդ արդարացնելու տեղ, ջանա՛ զգացումներդ հակակշռի տակ առնել եւ ծնողքիդ ըսելիքը իւրացնել։ Ըսուածի՛ն վրայ կեդրոնացիր եւ ոչ թէ ըսելու կերպին վրայ։ Ապա ծնողքիդ դիտողութիւնները յարգալից կերպով քու բառերովդ իրենց ըսէ։ Ասիկա ընելդ զիրենք պիտի հաւաստիացնէ, թէ իրենց ըսածը մտիկ ըրիր։ Իսկ եթէ կ’ուզես խօսքերուդ կամ գործերուդ համար բացատրութիւն մը տալ, իմաստութիւն է որ ‘շրթներդ զսպես’ մինչեւ որ ծնողքիդ ուզածը կատարես (Առ. 10։19)։ Անգամ մը որ ծնողքդ տեսնեն թէ իրենց մտիկ ըրիր, անոնք աւելի հակամէտ պիտի ըլլան քեզ լսելու։ Այսպիսի հասուն մօտեցում կ’ապացուցանէ, թէ Աստուծոյ Խօսքով կ’առաջնորդուիս։

Դրամ գործածելու առնչութեամբ՝ Աստուծոյ Խօսքով առաջնորդուիլ

11, 12. ա) Դրամի առնչութեամբ, Աստուծոյ Խօսքը մեզ ի՞նչ կը քաջալերէ որ ընենք, եւ ինչո՞ւ։ բ) Դրամ գործածելու նկատմամբ ծնողքդ ինչպէ՞ս կրնան քեզի օգնել։

11 «Արծաթն ալ հովանի է», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ Բայց նոյն համարը ցոյց կու տայ, թէ իմաստութիւնը դրամէն աւելի արժէքաւոր է (Ժող. 7։12, ԱԾ)։ Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը քաջալերէ, որ դրամին յարգը գիտնանք, եւ ոչ թէ զայն սիրենք։ Ինչո՞ւ դրամասիրութիւն զարգացնելէ պէտք է խուսափիս։ Նկատի առ սա լուսաբանութիւնը. հմուտ խոհարարապետի մը ձեռքերուն մէջ սուր դանակը պիտանի գործիք մըն է։ Բայց անուշադիր կամ անհոգ անհատին ձեռքերուն մէջ, այդ նոյն դանակը կրնայ լուրջ վնասուածք պատճառել։ Դրամն ալ կրնայ պիտանի ըլլալ, եթէ հմտօրէն գործածուի։ Սակայն «անոնք որ հարստանալ կ’ուզեն», յաճախ կը զոհեն բարեկամութիւններ, ընտանեկան փոխյարաբերութիւններ եւ նոյնիսկ Աստուծոյ հետ իրենց փոխյարաբերութիւնը։ Որպէս արդիւնք, անոնք իրենք զիրենք «շատ ցաւերով» կը խոցեն (կարդալ՝ Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10

12 Ինչպէ՞ս կրնաս սորվիլ դրամը հմտօրէն գործածել։ Ինչո՞ւ ծնողքէդ չխնդրես, որ դրամական նախահաշիւ ընելու նկատմամբ քեզի խրատներ տան։ «Իմաստունը թող լսէ ու իր իմաստութիւնը աւելցնէ ու հանճարեղ մարդը խոհեմութիւն ստանայ», գրեց Սողոմոն (Առ. 1։5)։ Աննա անունով պատանուհի մը իր ծնողքէն գործնական ուղղութիւններ խնդրեց։ Ան կ’ըսէ. «Հայրս ինծի սորվեցուց ինչպէ՛ս պիւտճէ կամ ելեւմտացոյց պատրաստել, եւ ցոյց տուաւ ընտանեկան դրամը գործածելուն մէջ կազմակերպուած ըլլալուն կարեւորութիւնը»։ Աննայի մայրն ալ իրեն գործնական կէտեր սորվեցուց։ «Ան ինծի ցոյց տուաւ բան մը գնելէ առաջ գիները բաղդատելու արժէքը», կ’ըսէ Աննա։ Պատանուհին ինչպէ՞ս օգտուած է։ Ան կը պատասխանէ. «Այժմ իմ եկամուտս հոգալու կարող եմ։ Ուշադրութեամբ ծախսերս հակակշռի տակ կ’առնեմ. հետեւաբար ազատութիւն ու մտքի խաղաղութիւն կը վայելեմ, անտեղի պարտքերէ խուսափելով»։

13. Դրամ ծախսելու առնչութեամբ, ինչպէ՞ս կրնաս ինքզինքդ զսպել։

13 Թերեւս ինքզինքդ պարտքերու մէջ մխրճուած գտնես, եթէ հրապուրուելով իրեր գնես կամ դրամ ծախսես պարզապէս բարեկամներդ տպաւորելու սիրոյն։ Ի՞նչ բան կրնայ քեզի օգնել այս թակարդներէն խուսափելու։ Դրամ ծախսելու առնչութեամբ, պէտք է սորվիս ինքնազսպում գործադրել։ 20–ական տարիքը թեւակոխած Էլնա՝ ճիշդ ասիկա կ’ընէ։ Ան կ’ըսէ. «Երբ բարեկամներով գնումի պիտի երթամ, կանխաւ ծրագրելով կ’որոշեմ թէ ո՛րչափ կրնամ ծախսել։ . . .Նաեւ կը խորհիմ, թէ իմաստութիւն է գնումի երթալ միայն ա՛յն բարեկամներուս հետ, որոնք իրենց դրամը բծախնդրութեամբ կը գործածեն եւ զիս պիտի քաջալերեն, որ շուկան պտըտիմ եւ առաջին տեսած բանս չգնեմ»։

14. Ինչո՞ւ պէտք է զգուշանաս «հարստութեան խաբէութիւններ»էն։

14 Դրամ վաստկիլն ու գործածելը կեանքի կարեւոր մէկ մասն է։ Սակայն Յիսուս ըսաւ, թէ իսկական երջանկութիւնը ձեռք կը ձգեն անոնք, որոնք «գիտակից են իրենց հոգեւոր կարիքներուն» (Մատ. 5։3, ՆԱ)։ Ան զգուշացուց, թէ «հարստութեան խաբէութիւնները» կրնան հոգեւոր հարցերու նկատմամբ անհատի մը հետաքրքրութիւնը խեղդել (Մար. 4։19)։ Ուրեմն ո՜րքան կարեւոր է, որ Աստուծոյ Խօսքով առաջնորդուիս եւ դրամին նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը պահպանես։

Առանձին եղած ատեն՝ Աստուծոյ Խօսքով առաջնորդուիլ

15. Հաւանաբար ե՞րբ է որ Աստուծոյ հաւատարիմ ըլլալդ մեծապէս փորձի կ’ենթարկուի։

15 Ըստ կարծիքիդ, ե՞րբ է որ Աստուծոյ հաւատարիմ ըլլալդ մեծապէս փորձի կ’ենթարկուի,– երբ ուրիշներու հե՞տ ես, թէ ոչ երբ առանձին ես։ Դպրոցին մէջ կամ գործատեղը, աւելի կը զգուշանաս որեւէ բանէ, որ կրնայ Աստուծոյ հետ փոխյարաբերութեանդ վնաս հասցնել։ Իսկ երբ կը հանգստանաս եւ անզգոյշ ես, ա՛յն ատեն է որ աւելի անպաշտպան կը դառնաս բարոյական չափանիշներուդ վրայ կատարուած յարձակումի մը դիմաց։

16. Նոյնիսկ երբ առանձին ես, ինչո՞ւ պիտի ուզես Եհովայի հնազանդիլ։

16 Նոյնիսկ առանձին եղած ժամանակ, ինչո՞ւ պիտի ուզես Եհովայի հնազանդիլ։ Հետեւեալը յիշէ. կրնաս կա՛մ Եհովայի զգացումները վիրաւորել եւ կամ իր սիրտը ուրախացնել (Ծն. 6։5, 6. Առ. 27։11)։ Արարքներդ Եհովայի կ’ազդեն, քանի որ ‘ան քեզի համար կը հոգայ’ (Ա. Պետ. 5։7)։ Ան կ’ուզէ որ իրեն մտիկ ընես, որպէսզի կարենաս օգտուիլ (Եսա. 48։17, 18)։ Երբ վաղեմի Իսրայէլի մէջ Եհովայի ծառաներէն ոմանք իր խրատը անտեսեցին, զինք նեղացուցին (Սաղ. 78։40, 41)։ Միւս կողմէ, Եհովա Դանիէլ մարգարէին հանդէպ խոր խանդաղատանք զգաց,– հրեշտակ մը զինք կոչեց՝ «սիրելի մարդ» (Դան. 10։11)։ Ինչո՞ւ։ Դանիէլ Աստուծոյ հաւատարիմ մնաց ոչ միայն հրապարակաւ, այլ նաեւ՝ երբ առանձին էր (կարդալ՝ Դանիէլ 6։10

17. Ժամանց ընտրելու ատեն, դուն քեզի ի՞նչ հարցումներ կրնաս ուղղել։

17 Որպէսզի առանձին եղած ատենդ Աստուծոյ հաւատարիմ մնաս, ‘չարն ու բարին զանազանելու զգայարանքդ’ պէտք է մշակես, ապա զայն ‘վարժութեան ճամբով կրթես’, ընելով այն ինչ որ գիտես թէ շիտակ է (Եբ. 5։14, Անթիլիաս)։ Օրինակ՝ երբ պիտի ընտրես ունկնդրելիք երաժշտութիւնդ, դիտելիք շարժապատկերդ կամ այցելելիք ցանցակայքերդ, հետեւեալը քեզի պիտի օգնէ, որ բարին ընտրես ու սխալ բաներէն խուսափիս։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Ասիկա զիս պիտի քաջալերէ՞ որ գութ ունենամ, թէ ոչ զիս պիտի խթանէ որ ուրիշին «ձախորդութեան վրայ» ուրախանամ’ (Առ. 17։5)։ ‘Ասիկա ինծի պիտի օգնէ՞ որ «բարութիւնը սիրեմ», թէ ոչ աւելի պիտի դժուարացնէ որ «չարութիւնը ատեմ»’ (Ամովս 5։15)։ Առանձին եղած ատեն ի՛նչ որ կ’ընես, իսկապէս գնահատած արժանիքներդ կը յայտնէ (Ղուկ. 6։45

18. Ի՞նչ պէտք է ընես, եթէ գաղտնաբար սխալ վարքի միջամուխ եղած ես, եւ ինչո՞ւ։

18 Ի՞նչ պէտք է ընես, եթէ գաղտնաբար միջամուխ եղած ես բանի մը, որ գիտես թէ սխալ է։ Յիշէ՛ թէ «իր յանցանքները ծածկողը յաջողութիւն չի գտներ, բայց զանոնք խոստովանողն ու մէկդի ձգողը ողորմութիւն կը գտնէ» (Առ. 28։13)։ Ի՜նչ անմտութիւն է յարատեւել սխալ ընթացքին մէջ եւ ‘Աստուծոյ սուրբ հոգին տրտմեցնել’ (Եփ. 4։30)։ Յանցագործութիւնները խոստովանիլը իրապէս կը պարտիս Աստուծոյ, ծնողքիդ եւ քու անձիդ։ Այս առնչութեամբ, «եկեղեցիին երէցները» կրնան քեզի համար շատ բան ընել։ Յակոբոս աշակերտ կ’ըսէ. «Երէցները թող. . . [յանցագործին] վրայ աղօթք ընեն ու Տէրոջը անունով թող իւղով օծեն զինք։ Հաւատքով եղած աղօթքը պիտի փրկէ հիւանդը ու Տէրը զանիկա ոտքի պիտի հանէ։ Եւ եթէ մեղք ալ գործեր է, պիտի ներուի անոր» (Յակ. 5։14, 15)։ Ճիշդ է որ ասիկա կրնայ քեզ նեղ կացութեան մատնել կամ անախորժ հետեւանքներ ունենալ։ Բայց եթէ օգնութիւն խնդրելու քաջութիւնը ունենաս, ինքզինքդ յաւելեալ վնասներէ պիտի խնայես եւ զգաս այն ամոքումը, որ մաքուր խղճմտանք վերստանալէն յառաջ կու գայ (Սաղ. 32։1-5

Եհովայի սիրտը ուրախացուր

19, 20. Եհովա քեզի համար ի՞նչ կ’ուզէ, իսկ դուն ի՞նչ պէտք է ընես։

19 Եհովա ‘երանելի Աստուած’ է, եւ կ’ուզէ որ երջանիկ ըլլաս (Ա. Տիմ. 1։11)։ Ան խորապէս քեզմով հետաքրքրուած է։ Նոյնիսկ եթէ ոչ ոք կը նշմարէ այն ջանքը, որ շիտակը ընելու համար կը թափես, Ան կը նշմարէ։ Եհովայի աչքերէն ծածկուած բան մը չկայ։ Ան կը նայի ոչ թէ թերութիւններ գտնելու նպատակով, այլ՝ բարին ընելու ջանքերուդ թիկունք կանգնելու համար։ Աստուծոյ «աչքերը բոլոր երկիրը կը դիտեն, որպէս զի իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնէ» (Բ. Մն. 16։9

20 Ուստի Աստուծոյ Խօսքով առաջնորդուէ եւ անոր խրատները գործադրէ։ Այսպէս, հարկ եղած իմաստութիւնն ու խոհեմութիւնը պիտի ստանաս, որ փշոտ խնդիրներ յաղթահարես եւ կեանքի մէջ դժուար ընտրութիւններ ընես։ Ծնողքդ եւ Եհովան հաճեցնելէ զատ, իսկապէս երջանիկ կեանք մը պիտի վայելես։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 4 Անունները փոխուած են։

Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանես

• Պատանիները ինչպէ՞ս կրնան դիւրաւ ծնողական կանոններն ու սրբագրութիւնը ընդունիլ եւ օգտուիլ։

• Դրամին առնչութեամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը ունենալը ինչո՞ւ կարեւոր է։

• Ինչպէ՞ս կրնաս Եհովայի հաւատարիմ մնալ, նոյնիսկ երբ առանձին ես։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 14]

Աստուծոյ հաւատարիմ պիտի մնա՞ս, երբ առանձին ես