Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Պատանինե՛ր, ինչպէ՞ս պիտի գործածէք ձեր կեանքը

Պատանինե՛ր, ինչպէ՞ս պիտի գործածէք ձեր կեանքը

Պատանինե՛ր, ինչպէ՞ս պիտի գործածէք ձեր կեանքը

«Ես բռնամարտութիւն կ’ընեմ, ոչ թէ հովը ծեծելով» (Ա. ԿՈՐ. 9։26

1, 2. Որպէսզի յաջողակ ըլլաս մինչ չափահասութեան կը դիմես, ի՞նչ բաներ պէտք է ունենաս։

ԵԹԷ անծանօթ շաւիղով մը պիտի ճամբորդէիր, թերեւս ուզէիր հետդ քարտէս եւ կողմնացոյց առնել։ Քարտէսը քեզի պիտի օգնէր ո՛ւր ըլլալդ բնորոշելու եւ ընթացք մը ծրագրելու։ Իսկ կողմնացոյցին շնորհիւ ուղղութիւնդ պիտի գտնէիր։ Սակայն թէ՛ քարտէսը եւ թէ կողմնացոյցը չնչին օգուտ պիտի բերէին, եթէ երթալիք տեղդ չգիտնայիր։ Աննպատակօրէն թափառելէ խուսափելու համար, որոշեալ վայրդ ճշգրտօրէն պէտք էր գիտնայիր։

2 Համանման կացութիւն մը կը դիմագրաւես, մինչ չափահասութեան կը դիմես։ Քեզի մատչելի են թէ՛ վստահելի քարտէս եւ թէ կողմնացոյց։ Աստուածաշունչը քարտէս մըն է, որ կրնայ քեզի օգնել որ գիտնաս թէ ի՛նչ ուղի ընտրես (Առ. 3։5, 6)։ Եթէ խղճմտանքդ պատշաճօրէն մարզուած ըլլայ, անիկա կրնայ քեզի մեծապէս օգնել, որ շիտակ ընթացքին մէջ մնաս (Հռով. 2։15)։ Անիկա կրնայ որպէս կողմնացոյց ծառայել։ Սակայն կեանքդ յաջողակ ըլլալու համար, նաեւ պէտք է գիտնաս թէ դէպի ո՛ւր կ’ուղղուիս։ Հարկ է որ ունենաս յստակ նպատակակէտեր։

3. Ա. Կորնթացիս 9։26–ի մէջ, Պօղոս նպատակակէտեր ունենալուն ի՞նչ օգուտներու կ’ակնարկէ։

3 Պօղոս առաքեալ նպատակակէտեր դնելու եւ անոնց հասնիլ ջանալու օգուտները ամփոփեց, երբ գրեց. «Ես կը վազեմ, ոչ թէ անստուգութեամբ. ես բռնամարտութիւն կ’ընեմ, ոչ թէ հովը ծեծելով» (Ա. Կոր. 9։26)։ Եթէ նպատակակէտեր ունիս, կրնաս ստուգութեամբ վազել։ Մօտ ատենէն կարեւոր որոշումներ պիտի կայացնես որոշ հարցերու շուրջ, ինչպէս՝ պաշտամունք, աշխատանք, ամուսնութիւն եւ ընտանիք։ Ատեններ թերեւս զգաս, թէ շատ մը շփոթեցուցիչ ընտրանքներ կը դիմագրաւես։ Բայց եթէ ընթացքդ կանխաւ ծրագրես, որոշումներդ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւններուն եւ սկզբունքներուն վրայ հիմնելով, պիտի չփորձուիս սխալ ուղղութիւնը բռնել (Բ. Տիմ. 4։4, 5

4, 5. ա) Ի՞նչ կրնայ պատահիլ, եթէ քեզի համար նպատակակէտեր չդնես։ բ) Ընտրութիւններդ ինչո՞ւ Աստուած հաճեցնելու փափաքով պէտք է ղեկավարուին։

4 Եթէ քեզի համար նպատակակէտեր չդնես, հաւանական է որ հասակակիցներդ եւ ուսուցիչներդ քեզ մղեն ընելու բան մը, որ իրենց կարծիքով քեզի յարմար է։ Անշուշտ, նոյնիսկ եթէ յստակ նպատակակէտեր ունիս, ոմանք թերեւս շարունակեն իրենց գաղափարները ներկայացնել։ Երբ անոնց առաջարկները մտիկ կ’ընես, դուն քեզի հարց տուր. ‘Անոնց նշած նպատակակէտերը ինծի պիտի օգնե՞ն, որ Ստեղծիչս յիշեմ մինչ պատանի եմ, թէ ոչ զիս պիտի շեղեն ատիկա ընելէ’ (կարդալ՝ Ժողովող 12։1

5 Ընտրութիւններդ ինչո՞ւ Աստուած հաճեցնելու փափաքով պէտք է ղեկավարուին։ Պատճառներէն մէկը այն է, թէ մեր ունեցած բոլոր բարի բաները Եհովայէ ստացած ենք (Յակ. 1։17)։ Արդարեւ, ամէն մարդ կը պարտի երախտագէտ ըլլալ Եհովայի (Յայտ. 4։10)։ Գնահատանքդ ցոյց տալու աւելի լաւ կերպ մը կա՞յ, քան՝ Եհովան ի մտի ունենալ երբ նպատակակէտեր կը դնես։ Նկատի առնենք թէ ի՛նչ նպատակակէտեր կ’արժէ ունենալ եւ ի՛նչ պէտք է ընես որ անոնց հասնիս։

Ի՞նչ նպատակակէտեր կրնաս դնել

6. Ի՞նչ էական նպատակակէտ կրնաս դնել եւ ինչո՞ւ։

6 Ինչպէս որ նախորդ յօդուածին մէջ նշուեցաւ, կրնաս սա էական նպատակակէտը դնել. անձամբ քննել թէ Աստուածաշունչին ըսածները շիտակ են (Հռով. 12։2. Բ. Կոր. 13։5)։ Թերեւս հասակակիցներդ բարեշրջութեան կամ կեղծ կրօնական վարդապետութիւններու կը հաւատան, որովհետեւ ուրիշներ իրենց ըսած են, որ այս բաներուն պէտք է հաւատան։ Սակայն կրնաս այդպիսի մտածում չորդեգրել, երբ հարցը կը վերաբերի հաւատալիքներուդ։ Յիշէ՛ թէ Եհովա կ’ուզէ, որ ամբողջ մտքովդ իրեն ծառայես (կարդալ՝ Մատթէոս 22։36, 37Մեր երկնաւոր Հայրը կ’ուզէ որ հաւատքդ ապացոյցներու վրայ կերտես (Եբ. 11։1

7, 8. ա) Ի՞նչ կարճատեւ նպատակակէտեր դնելը քեզի պիտի օգնէ, որ հաւատքդ զօրացնես։ բ) Կարճատեւ նպատակակէտերէդ ոմանց հասնելով, ի՞նչ պիտի վայելես։

7 Հաւատքդ զօրացնելու համար, ինչո՞ւ կարգ մը կարճատեւ նպատակակէտեր չդնես։ Ամէն օր աղօթելը կրնայ նպատակակէտ մը ըլլալ։ Աղօթքներդ թարմ եւ մասնայատուկ պահելու համար, կրնաս յիշողութեան յանձնել կամ նոթագրել օրուան մասնայատուկ իրադարձութիւններ, զորս կ’ուզես աղօթքներուդ մէջ պարփակել։ Ոչ միայն դիմագրաւած մարտահրաւէրներդ նշէ, այլ նաեւ՝ վայելած բաներդ (Փլպ. 4։6)։ Ուրիշ նպատակակէտ մըն է՝ իւրաքանչիւր օր Աստուածաշունչը կարդալ։ Գիտէի՞ր որ եթէ օրը շուրջ չորս էջ կարդաս, միայն մէկ տարուան մէջ ամբողջ Աստուածաշունչը կարդացած կ’ըլլաս։ * «Երանելի է այն մարդը. . . [որուն] հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է, եւ ցորեկ ու գիշեր անոր օրէնքին վրայ կը մտածէ», կ’ըսէ Սաղմոս 1։1, 2–ը։

8 Իւրաքանչիւր ժողովքային հանդիպումին համար պատասխան մը նախապատրաստելը, երրորդ կարճատեւ նպատակակէտ մըն է։ Սկիզբը թերեւս փափաքիս պատասխանը կամ համար մը կարդալ։ Յետագային, կրնաս նպատակակէտ դնել որ քու բառերովդ պատասխանես։ Արդարեւ, ամէն անգամ որ կը պատասխանես, Եհովայի ընծայ կը մատուցանես (Եբ. 13։15)։ Այս նպատակակէտերէն ոմանց հասնելով, ինքնավստահութիւնդ պիտի զօրանայ, Եհովայի հանդէպ գնահատանքդ պիտի խորանայ, եւ պատրաստ պիտի ըլլաս երկարատեւ նպատակակէտեր դնելու։

9. Եթէ տակաւին Թագաւորութեան հրատարակիչ մը չես, քեզի համար ի՞նչ երկարատեւ նպատակակէտեր կրնաս դնել։

9 Քեզի համար ի՞նչ երկարատեւ նպատակակէտեր կրնաս դնել։ Եթէ տակաւին չես սկսած բարի լուրը հանրապէս ծանուցանել, Թագաւորութեան հրատարակիչ մը ըլլալու երկարատեւ նպատակակէտը կրնաս դնել։ Անգամ մը որ այս պատուաւոր նպատակակէտին հասնիս, պիտի ուզես կանոնաւոր եւ ազդու ըլլալ, բնաւ ծառայութեան ամիս մը չկորսնցնելով։ Նաեւ պիտի ուզես սորվիլ Աստուածաշունչը գործածել ծառայութեան մէջ։ Ասիկա ընելով, հաւանաբար պիտի նկատես թէ քարոզչութենէն ա՛լ աւելի հաճոյք կ’առնես։ Ապա կրնաս տունէ տուն քարոզելու յատկացուցած ժամանակդ աւելցնել, կամ նոյնիսկ ջանալ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարել։ Չմկրտուած հրատարակիչ մը ըլլալով, ի՞նչ աւելի լաւ նպատակակէտ կրնաս ունենալ, քան՝ որակեալ դառնալ մկրտուելու եւ ըլլալ Եհովա Աստուծոյ նուիրուած ու մկրտուած վկայ մը։

10, 11. Մկրտուած պատանիները իրենց համար ի՞նչ երկարատեւ նպատակակէտեր կրնան դնել։

10 Եթէ արդէն Եհովայի մկրտուած ծառայ մըն ես, ահաւասիկ կարգ մը երկարատեւ նպատակակէտեր, որոնց կրնաս ձգտիլ։ Կրնաս ատեն–ատեն ժողովքներու օգնել, հազուադէպ–աշխատցուած թաղամասի մը մէջ քարոզելով։ Կրնաս նաեւ որոշել ուժդ եւ լաւ առողջութիւնդ գործածել օժանդակ կամ կանոնաւոր ռահվիրայութեան մէջ։ Տասնեակ հազարաւոր երջանիկ ռահվիրաներ քեզի պիտի ըսեն, թէ լիաժամ ծառայութիւնը վարձահատոյց կերպ մըն է՝ Ստեղծիչդ պատանեկութեանդ ընթացքին յիշելու։ Ասոնք նպատակակէտեր են, զորս կրնաս իրագործել մինչ կ’ապրիս ծնողքիդ հետ։ Զանոնք իրագործելով, ժողովքդ ալ պիտի օգտուի։

11 Ուրիշ երկարատեւ նպատակակէտեր կրնան քեզի թոյլ տալ, որ ժողովքէդ դուրս ալ օգտակար դառնաս։ Օրինակ՝ կրնաս ծրագրել, որ ծառայես ուրիշ շրջանի մը կամ երկրի մը մէջ, ուր կարիքը աւելի մեծ է։ Թերեւս փափաքիս օտար երկիրներու մէջ Թագաւորութեան սրահներ կամ մասնաճիւղի համալիրներ կառուցանելու մէջ բաժին բերել։ Թերեւս նոյնիսկ կարենաս Պէթէլի ծառայութեան ձեռնարկել կամ միսիոնար մը ըլլալ։ Անշուշտ, հոս նշուած երկարատեւ նպատակակէտերուն մեծամասնութեան անցնելէ առաջ, հարկ է որ առաջին կարեւոր նպատակակէտը իրագործես, որ է՝ մկրտուիլը։ Եթէ տակաւին չես մկրտուած, նկատի առ թէ կեանքիդ մէջ այս յատկանշական իրադարձութեան հասնիլը ի՛նչ կը պարփակէ։

Մկրտութեան նպատակակէտին հասնիլ

12. Ոմանք ի՞նչ պատճառներով կը մկրտուին, եւ այս պատճառները ինչո՞ւ բաւարար չեն։

12 Մկրտութեան նպատակը ինչպէ՞ս կը նկարագրես։ Ոմանք թերեւս խորհին, թէ անիկա զիրենք պաշտպանելու համար է, որ մեղքի անձնատուր չըլլան։ Ուրիշներ թերեւս զգան թէ պէտք է մկրտուին, քանի որ իրենց հասակակիցները մկրտուած են։ Կարգ մը պատանիներ թերեւս ուզեն իրենց ծնողքը հաճեցնել։ Սակայն, մկրտութիւնը պայմանագիր մը չէ, որ քեզ ետ կը պահէ ընելէ բաներ, զորս գաղտնաբար պիտի ուզէիր ընել. նաեւ պէտք չէ մկրտուիս ուրիշներու ճնշումին ընդառաջելով։ Մկրտութեան քայլը կ’առնես, երբ լիովին կը գիտակցիս թէ Եհովայի վկայ ըլլալը ի՛նչ կը պարփակէ, եւ երբ վստահ կ’ըլլաս թէ այս պատասխանատուութիւնը ստանձնելու պատրաստ ու յօժար ես (Ժող. 5։4, 5

13. Ինչո՞ւ պէտք է մկրտուիս։

13 Մկրտուելու պատճառներէն մէկը այն է, թէ Յիսուս իր հետեւորդներուն յանձնարարեց որ ‘աշակերտեն ու մկրտեն’։ Ան նաեւ օրինակ հանդիսացաւ՝ մկրտուելով (կարդալ՝ Մատթէոս 28։19, 20. Մարկոս 1։9Ասկէ զատ, մկրտութիւնը կարեւոր քայլ մըն է անոնց, որոնք կ’ուզեն փրկուիլ։ Տապանին կառուցման ակնարկելէ ետք, որուն մէջ Ջրհեղեղին ընթացքին Նոյ եւ իր ընտանիքը պահպանուեցան, Պետրոս առաքեալ նշեց. «Որ մեզ ալ՝ այն օրինակին պէս՝ մկրտութիւնը հիմա կ’ապրեցնէ. . . Յիսուս Քրիստոսին յարութիւնովը» (Ա. Պետ. 3։20, 21)։ Սակայն ասիկա չի նշանակեր, թէ մկրտութիւնը ապահովագրական պայմանագրութեան մը պէս է, զոր ձեռք կը ձգես՝ աղէտէ մը վախնալով։ Փոխարէն, կը մկրտուիս քանի որ Եհովան կը սիրես եւ կ’ուզես իրեն ծառայել քու ամբողջ սիրտովդ, անձովդ, միտքովդ ու զօրութեամբդ (Մար. 12։29, 30

14. Ոմանք թերեւս ի՞նչ պատճառներով կը վարանին մկրտուելու, բայց ի՞նչ երաշխիք ունիս։

14 Ոմանք վտարուելէ վախնալով թերեւս վարանին մկրտուելու։ Այս վախը ունի՞ս։ Եթէ այո՛, այս վախը ինքնին անպայմանօրէն վատառողջ չէ։ Անիկա կրնայ նշանակել, թէ Եհովայի վկայ մը ըլլալու լուրջ պատասխանատուութիւնը կը գնահատես։ Արդեօք ուրիշ պատճառ մըն ալ կա՞յ։ Թերեւս տակաւին չես համոզուած, թէ Աստուծոյ չափանիշներուն համաձայն ապրիլը, կեանքի լաւագոյն ճամբան է։ Այս պարագային, մտածելդ այն հետեւանքներուն մասին, զորս աստուածաշնչական չափանիշները անտեսողները կը կրեն, կ’օգնէ քեզի որոշում կայացնելու։ Միւս կողմէ, կրնայ ըլլալ որ Աստուծոյ չափանիշները կը սիրես, բայց վստահ չես թէ կրնաս անոնց համաձայն ապրիլ։ Խորքին մէջ, ասիկա կրնայ լաւ նշան մը ըլլալ, քանի որ խոնարհութիւնդ ցոյց կու տայ։ Ի վերջոյ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ բոլոր անկատար մարդկային սիրտերը խաբեբայ են (Եր. 17։9)։ Բայց կրնա՛ս յաջողիլ, եթէ յարատեւաբար ‘Աստուծոյ խօսքին համեմատ զգուշութիւն ընես’ (կարդալ՝ Սաղմոս 119։9Մկրտուելու վարանելու պատճառներդ ի՛նչ որ ալ ըլլան, հարկ է որ այդ հարցերն ու մտահոգութիւնները լուծես։ *

15, 16. Ինչպէ՞ս կրնաս գիտնալ, թէ պատրաստ ես մկրտուելու։

15 Բայց ինչպէ՞ս կրնաս գիտնալ, թէ պատրաստ ես մկրտուելու։ Կերպերէն մէկն է, որ դուն քեզի որոշ հարցումներ ուղղես, ինչպէս՝ ‘Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումները կրնա՞մ ուրիշներուն բացատրել։ Ծառայութեան կը մասնակցի՞մ, նոյնիսկ երբ ծնողներս չեն մասնակցիր։ Կը ջանա՞մ բոլոր քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուիլ։ Կրնա՞մ վերյիշել մասնայատուկ միջադէպեր, երբ հասակակիցներու ճնշումին դիմադրեցի։ Պիտի շարունակե՞մ Եհովայի ծառայել, նոյնիսկ եթէ ծնողքս եւ բարեկամներս դադրին ասիկա ընելէ։ Աստուծոյ հետ փոխյարաբերութեանս մասին աղօթա՞ծ եմ։ Եւ աղօթքով իրապէս ինքզինքս Եհովայի անվերապահօրէն նուիրա՞ծ եմ’։

16 Մկրտութիւնը կեանք փոխող քայլ մըն է, զոր պէտք չէ թեթեւի առնել։ Բաւական հասո՞ւն ես, որ այս քայլը լրջօրէն նկատի առնես։ Հասունութիւնը աւելին կը նշանակէ, քան՝ կարենալ ամպիոնէն լաւ բաժիններ ներկայացնել կամ ժողովին ընթացքին տպաւորիչ պատասխաններ տալ։ Անիկա կը պահանջէ որ կարենաս որոշումներ կայացնել, աստուածաշնչական սկզբունքները հասկնալով (կարդալ՝ Եբրայեցիս 5։14Եթէ կեանքի այն հանգրուանին մէջ ես, ուր կրնաս ասիկա ընել, ուրեմն առջեւդ կը գտնուի մեծագոյն առանձնաշնորհումը,– ամբողջ սիրտով Եհովայի ծառայել եւ ապրիլ այնպիսի կերպով մը, որ ցոյց կու տայ թէ իրապէս իրեն նուիրուած ես։

17. Մկրտութենէդ ետք ծագած փորձութիւններուն հետ գլուխ ելլելու համար, ի՞նչ բաներ կրնան քեզի օգնել։

17 Մկրտութենէն անմիջապէս ետք, Աստուծոյ ծառայելու համար թերեւս շատ խանդավառուիս։ Բայց շուտով թերեւս դիմագրաւես փորձութիւններ, որոնք հաւատքդ ու դիմադրութիւնդ պիտի քննեն (Բ. Տիմ. 3։12)։ Մի՛ խորհիր թէ այդ փորձութիւնները առանձին պէտք է դիմագրաւես։ Ծնողքիդ խրատը հայցէ։ Օգնութեան համար՝ ժողովքին մէջ հասուն անհատներուն դիմէ։ Բարեկամութիւններ հաստատէ անո՛նց հետ, որոնք քեզի թիկունք պիտի կանգնին։ Բնաւ մի՛ մոռնար թէ Եհովա քեզ կը հոգայ, եւ քեզի հարկ եղած զօրութիւնը պիտի տայ, որ դիմագրաւես որեւէ պարագայ որ կրնայ ծագիլ (Ա. Պետ. 5։6, 7

Ինչպէ՞ս կրնաս նպատակակէտերուդ հասնիլ

18, 19. Նախապատուութիւններդ քննելով ինչպէ՞ս կրնաս օգտուիլ։

18 Հակառակ լաւագոյն միտումներուդ, այնպէս մը կը թուի՞ թէ երբեք բաւարար ժամանակ չունիս ընելու այն ինչ որ կ’ուզես եւ պէտք է որ ընես։ Եթէ այո՛, հարկ է որ նախապատուութիւններդ քննես։ Լուսաբանենք. դոյլ մը բե՛ր եւ մէջը քանի մը մեծ քարեր դի՛ր, ապա զայն աւազով լեցո՛ւր։ Այսպէս, քարերով եւ աւազով լեցուն դոյլ մը ունեցար։ Պարպէ՛ դոյլը, բայց քարերն ու աւազը նոյնը ձգէ՛։ Այս անգամ, դոյլին մէջ նա՛խ աւազը լեցուր, ապա փորձէ քարերը տեղաւորել։ Տեղ չկա՞յ։ Պատճառը այն է՝ թէ դոյլին մէջ նա՛խ աւազը լեցուցիր։

19 Ժամանակդ գործածելու նկատմամբ համանման մարտահրաւէր մը կը դիմագրաւես։ Եթէ զբօսանքի նման բաներ առաջին տեղը դնես, պիտի թուի թէ կեանքիդ մէջ երբեք բաւարար տեղ չունիս մեծ բաներուն համար,– հոգեւոր հետապնդումները։ Բայց եթէ ‘աւելի կարեւոր բաները ընտրելու’ Աստուածաշունչի յորդորին հետեւիս, պիտի նկատես որ տեղ ունիս թէ՛ Թագաւորութեան շահերուն եւ թէ որոշ չափով զբօսանքի համար (Փլպ. 1։10, ՆԱ

20. Ի՞նչ պէտք է ընես եթէ մտահոգութիւններ եւ կասկածներ ունենաս, մինչ կը ճգնիս նպատակակէտերուդ հասնիլ։

20 Մինչ կը ճգնիս նպատակակէտերուդ հասնիլ, ի ներառեալ մկրտութիւնը, թերեւս երբեմն մտահոգութիւններ ու կասկածներ ունենաս։ Այդ պարագային, «հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛ ու ան քեզ պիտի խնամէ» (Սաղ. 55։22)։ Ներկայիս պատեհութիւնը ունիս բաժին բերելու՝ մարդկային պատմութեան մէջ ամէնէն հետաքրքրաշարժ եւ կարեւոր գործին մէջ, որ է՝ ուսուցումի եւ քարոզչութեան աշխարհածաւալ արշաւ մը (Գործք 1։8)։ Կրնաս ընտրել հանդիսատես ըլլալ եւ դիտել ուրիշները, որոնք այս գործը կը կատարեն։ Կամ, կրնաս գործօն բաժին բերել անոր մէջ։ Ետ մի՛ կենար տաղանդներդ գործածելէ, Թագաւորութեան շահերը յառաջ մղելու։ Բնա՛ւ պիտի չզղջաս՝ ‘երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ քու Ստեղծիչիդ’ ծառայելուդ համար (Ժող. 12։1

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 7 Տե՛ս Դիտարան–ի 1 օգոստոս 2009 թիւը, էջ 15-18 (անգլերէն)։

^ պարբ. 14 Այս ուղղութեամբ օգնութիւն ստանալու համար, տե՛ս Պատանիները կը հարցնեն. գործնական պատասխաններ գիրքը, հատոր 2, գլուխ 34։

Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանես

• Ինչո՞ւ նպատակակէտեր պէտք է դնես։

• Ի՞նչ են կարգ մը նպատակակէտեր, զորս կ’արժէ իրագործել։

• Մկրտութեան նպատակակէտին հասնելուն մէջ ի՞նչ պարփակուած է։

• Նախապատուութիւններդ քննելը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել, որ նպատակակէտերուդ հասնիս։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 21]

Աստուածաշունչը ամէն օր կարդալու նպատակակէտը ունի՞ս

[Նկար՝ էջ 23]

Ի՞նչ բաներ քեզի պիտի օգնեն, որ մկրտուելու նպատակակէտիդ հասնիս

[Նկար՝ էջ 24]

Այս լուսաբանութենէն ի՞նչ դաս կը սորվիս