Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

2 Որո՞ւ

2 Որո՞ւ

Աղօթք

2 Որո՞ւ

ԲՈԼՈՐ աղօթքները նո՞յն տեղը կ’երթան, առանց նկատի առնելու թէ որո՛ւ կ’ուղղուին։ Ներկայ աշխարհին մէջ, այդպէս ենթադրելը յաճախ ժողովրդական է։ Այս գաղափարը շատերուն հաճելի է, որոնք միջդաւանական շարժումները կը նախընտրեն եւ կ’ուզեն որ բոլոր կրօնքները ընդունելի ըլլան, հակառակ անոնց տարբերութիւններուն։ Սակայն կարելի՞ է որ այս գաղափարը շիտակ չէ։

Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ աղօթքներուն մեծամասնութիւնը սխալ հասցէի կ’ուղղուի։ Երբ Աստուածաշունչը կը գրուէր, սովորական էր որ մարդիկ իրենց աղօթքները քանդակուած արձաններու ուղղէին։ Այսուհանդերձ, Աստուած կրկին անգամ այդ սովորութեան դէմ ազդարարեց։ Օրինակ՝ Սաղմոս 115։4-6–ը կուռքերուն մասին կ’ըսէ. «Ականջներ ունին՝ բայց չեն լսեր»։ Կէտը յստակ է։ Ինչո՞ւ աղօթել աստուծոյ մը, որ բնաւ քեզ պիտի չլսէ։

Աստուածաշնչական վառ պատմութիւն մը այդ կէտը կը մանրամասնէ։ Ճշմարիտ մարգարէն՝ Եղիա ասպարէզ կարդաց Բահաղի մարգարէներուն, որ իրենց աստուծոյն աղօթեն, ապա ինք իր Աստուծոյն պիտի աղօթէր։ Եղիա ըսաւ թէ ճշմարիտ Աստուածը պիտի պատասխանէր, իսկ կեղծը՝ ոչ։ Մարտահրաւէրը ընդունելով, Բահաղի մարգարէները երկար ու ջերմեռանդ աղօթքներ մատուցանեցին, նոյնիսկ բարձրաձայն աղաղակելով,– բայց ի զուր։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Պատասխան տուող չկար ու մտիկ ընող չկար» (Գ. Թագաւորաց 18։29)։ Սակայն Եղիայի հետ ի՞նչ պատահեցաւ։

Եղիա աղօթելէ ետք, իր Աստուածը իսկոյն պատասխանեց՝ երկնքէն կրակ ղրկելով, իր պատրաստած ողջակէզը սպառելու համար։ Ի՞նչ էր տարբերութիւնը։ Գ. Թագաւորաց 18։36, 37–ի մէջ արձանագրուած Եղիայի աղօթքին մէջ էական բանալի մը կայ։ Անիկա շատ կարճ աղօթք մըն է,– Եբրայերէն բնագիրին մէջ միայն շուրջ 30 բառ։ Այսուհանդերձ, այդ քանի մը տողերուն մէջ, Եղիա երեք անգամ գործածեց Աստուծոյ անձնական անունը՝ Եհովա։

Բահաղ, որ կը նշանակէ «սեփականատէր» կամ «տէր», քանանացիներուն աստուածն էր, եւ այս աստուծոյն բազմաթիւ տեղական տարբերակները կային։ Սակայն Եհովա անունը անզուգական է եւ տիեզերքի մէջ միայն մէկ Անձնաւորութեան կ’ակնարկէ։ Այս Աստուածը իր ժողովուրդին ըսաւ. «Ես Եհովան եմ. իմ անունս այս է. իմ փառքս ուրիշին չեմ տար» (Եսայի 42։8

Եղիայի աղօթքը եւ Բահաղի մարգարէներուն աղօթքները նոյն տեղը գացի՞ն։ Բահաղի պաշտամունքը մարդիկը կը նուաստացնէր ծիսական պոռնկութեամբ եւ նոյնիսկ մարդկային զոհերով։ Միւս կողմէ, Եհովայի պաշտամունքը իր ժողովուրդը՝ իսրայէլը ազնուացուց, զիրենք այսպիսի նուաստացուցիչ սովորութիւններէ զերծ պահելով։ Ուստի պահ մը խորհէ. եթէ յատկապէս նամակ մը յղէիր մեծապէս յարգուած բարեկամի մը, պիտի ակնկալէի՞ր որ անիկա յանձնուէր մէկու մը, որ բարեկամիդ անունը չէր կրեր եւ որուն վատ համբաւը կը հակասէր բարեկամիդ բոլոր համոզումներուն։ Վստահաբար ո՛չ։

Եհովայի աղօթելով, կ’աղօթես Ստեղծիչին՝ մարդկութեան Հօր։ * Եսայի մարգարէն աղօթքի մը մէջ ըսաւ. «Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, մեր Հայրն ես» (Եսայի 63։16)։ Ուրեմն ասիկա է Ան, որուն մասին Յիսուս Քրիստոս խօսեցաւ, երբ իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Ես կ’ելլեմ իմ Հօրս քով ու ձեր Հօրը քով եւ իմ Աստուծոյս քով ու ձեր Աստուծոյն քով» (Յովհաննէս 20։17)։ Եհովա Յիսուսի Հայրն է։ Ան այն Աստուածն է, որուն Յիսուս աղօթեց եւ իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ Անոր աղօթեն (Մատթէոս 6։9

Աստուածաշունչը մեզի կը սորվեցնէ՞ աղօթել Յիսուսի, Մարիամի, սուրբերու կամ հրեշտակներու։ Ո՛չ. այլ միա՛յն Եհովայի։ Նկատի առ երկու պատճառ։ Առաջին, աղօթքը պաշտամունքի ձեւ մըն է, եւ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ պաշտամունքը բացարձակապէս Եհովայի պէտք է մատուցանուի (Ելից 20։5)։ Երկրորդ, Աստուածաշունչը կը յայտնէ թէ Ան «աղօթքի լսող» տիտղոսը կը կրէ (Սաղմոս 65։2)։ Թէեւ Եհովա ուրիշներուն առատօրէն պատասխանատուութիւններ կու տայ, բայց ա՛յս պատասխանատուութիւնը երբեք մէկու մը չէ յանձնած։ Ան է այն Աստուածը, որ կը խոստանայ մեր աղօթքները անձամբ լսել։

Ուստի, եթէ կ’ուզես որ Աստուած աղօթքներդ լսէ, մտաբերէ աստուածաշնչական սա յորդորը. «Ամէն ո՛վ որ Տէրոջը անունը կանչէ՝ պիտի փրկուի» (Գործք 2։21)։ Բայց Եհովա անպայմանօրէն բոլո՞ր աղօթքները կը լսէ, թէ ոչ կայ բան մը եւս, զոր պէտք է գիտնանք, եթէ կ’ուզենք որ մեր աղօթքները լսէ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 9 Կարգ մը կրօնական աւանդութիւններ կ’ըսեն, թէ Աստուծոյ անձնական անունը արտասանելը սխալ է՝ նոյնիսկ աղօթքի մէջ։ Սակայն, այդ անունը շուրջ 7000 անգամ կը նշուի Աստուածաշունչի բնագիրին մէջ, եւ շատ մը պարագաներուն՝ Եհովայի հաւատարիմ ծառաներուն աղօթքներուն ու սաղմոսներուն մէջ։

[Նկար՝ էջ 5]

Եղիայի ասպարէզ կարդալը Բահաղի մարգարէներուն, ապացուցանեց թէ բոլոր աղօթքները նոյն տեղը չեն երթար