Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բարեկամներդ իմաստութեամբ ընտրէ

Բարեկամներդ իմաստութեամբ ընտրէ

Գաղտնիք 4

Բարեկամներդ իմաստութեամբ ընտրէ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ։ «Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ» (Առակաց 13։20

ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ Ի՞ՆՉ Է։ Մեր բարեկամները մեր գոհունակութիւնը կա՛մ պիտի աւելցնեն եւ կամ պիտի տկարացնեն։ Անոնց կեցուածքներն ու զրոյցները կրնան կեանքի հանդէպ մեր հայեցակէտին ազդել (Ա. Կորնթացիս 15։33

Նկատի առ, զոր օրինակ, Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը 12 տղամարդոց մասին, որոնք Քանանի մէջ շրջելէ ետք վերադարձան։ Անոնց մեծամասնութիւնը «իրենց լրտեսած երկրին համար գէշ լուր բերին Իսրայէլի որդիներուն»։ Այսուհանդերձ, անոնցմէ երկուքը Քանանի մասին դրականօրէն խօսեցան, զայն կոչելով «խիստ լաւ երկիր մը»։ Բայց տասը լրտեսներուն բացասական կեցուածքը տարածուեցաւ ժողովուրդին մէջ։ Արձանագրութիւնը կը նշէ. «Բոլոր ժողովուրդը ձայնը վերցնելով աղաղակեց ու. . . Իսրայէլի բոլոր որդիները տրտնջեցին» (Թուոց 13։31–14։9

Նմանապէս այսօր, շատեր «տրտնջողներ ու քրթմնջողներ են» (Յուդա 16)։ Դժուար է գոհունակ մնալ՝ ընկերակցելով այնպիսի բարեկամներու հետ, որոնք երբեք գոհ չեն։

Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ։ Բարեկամներուդ հետ ունեցած զրոյցներդ վերլուծէ։ Բարեկամներդ յաճախ իրենց ստացուածքներով կը պարծենա՞ն, կամ իրենց չունեցածներուն համար միշտ կը գանգատի՞ն։ Իսկ դուն իրենց համար ինչպիսի՞ բարեկամ մըն ես։ Կը ջանա՞ս բարեկամներդ մղել որ քեզի նախանձին, թէ ոչ զիրենք կը քաջալերես որ իրենց ունեցածովը բաւարարուին։

Նկատի առ Դաւիթ, որ թագաւոր պիտի ըլլար, եւ Յովնաթան՝ Սաւուղ թագաւորին որդին։ Դաւիթ անապատին մէջ կ’ապրէր որպէս փախստական մը։ Սաւուղ թագաւոր Դաւիթը սպառնալիք նկատելով՝ ուզեց որ ան սպաննուի։ Թէեւ Յովնաթան բնականաբար յաջորդ թագաւորը կրնար ըլլալ, բայց ինք Դաւիթի սերտ բարեկամներէն մէկը եղաւ։ Յովնաթան գիտակցեցաւ թէ Աստուած Դաւիթը նշանակած էր որ յաջորդ թագաւորը ըլլար, եւ իր բարեկամին զօրավիգ կանգնելով գոհունակ էր (Ա. Թագաւորաց 19։1, 2. 20։30-33. 23։14-18

Դուն այդպիսի բարեկամներու կարիքը ունիս, որոնք կը ջանան գոհունակ ըլլալ եւ լաւագոյն շահերդ ի մտի ունին (Առակաց 17։17)։ Անշուշտ, այս տեսակ բարեկամներ ունենալու համար, հարկ է որ դուն ալ նոյն յատկութիւնները արտացոլացնես (Փիլիպպեցիս 2։3, 4

[Նկար՝ էջ 7]

Բարեկամներդ գոհունակութիւնդ կ’աւելցնե՞ն, թէ ոչ կը տկարացնեն