Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Պօղոս առաքեալ ի՞նչ բանի կ’ակնարկէր, երբ ըսաւ. «Ես Յիսուսի կը պատկանիմ, ինչպէս մարմնիս վրայ վէրքերուն սպիները կը վկայեն» (Գաղատացիս 6։17, Անթիլիաս

Առաջին դարու ընթերցողները կրնային Պօղոսի խօսքերը զանազան կերպերով հասկնալ։ Օրինակ՝ վաղեմի ժամանակներուն, պատերազմի բանտարկեալները, տաճարներու աւազակները եւ փախստական ստրուկները բնորոշելու համար, շիկացած երկաթ մը կը գործածուէր։ Մարդոց վրայ ասոր պատճառած վէրքերու սպիները անարգալից բան մը կը նկատուէին։

Սակայն ուրիշներ մարմնի վրայ նշան ունենալուն հանդէպ դրական տեսակէտ ունէին։ Բազմաթիւ վաղեմի ժողովուրդներ մարմնի վրայ նշան կ’ունենային, մասնայատուկ տոհմի մը կամ կրօնքի մը անդամ ըլլալնին ցոյց տալու համար։ Օրինակ՝ գիրք մը կ’ըսէ թէ «սուրիացիները Ադադ եւ Ադարկադիս աստուածներուն կը նուիրուէին, դաստակին կամ վզին վրայ նշաններ խարանելով. . . Դիոնիսոսի նուիրուած անհատներուն վրայ բաղեղի տերեւի մը նշանը կը խարանուէր» (Theological Dictionary of the New Testament

Բազմաթիւ այժմու մեկնաբաններ կ’ենթադրեն, թէ Պօղոս կ’ակնարկէր իր սպիներուն, զորս ստացաւ քրիստոնէական միսիոնարական գործունէութեան ընթացքին, կրկին անգամ ֆիզիքական չարչարանքի ենթարկուելով (Բ. Կորնթացիս 11։23-27)։ Սակայն Պօղոս թերեւս ըսել ուզեց թէ իր ապրելակերպը, եւ ոչ թէ որեւէ բառացի նշան, զինք բնորոշեց որպէս քրիստոնեայ։

Վաղեմի Իսրայէլի մէջ ապաստանի քաղաքները ոճրագործներու համար ապաստանարաններ դարձա՞ն։

Վաղեմի հեթանոս աշխարհին մէջ, բազմաթիւ տաճարներ փախստականներու կամ ոճրագործներու համար որպէս ապաստանարաններ կը ծառայէին։ Միջնադարեան քրիստոնեայ աշխարհին մէջ, վանքերն ու եկեղեցիները նոյն դերը կը կատարէին։ Սակայն վաղեմի Իսրայէլին ապաստանի քաղաքները ղեկավարող կանոնները կ’երաշխաւորէին, որ անոնք ոճրագործներու համար ապաստանարաններ չդառնային։

Մովսիսական օրէնքը նշեց, թէ ապաստանի քաղաքները միայն սխալմամբ մարդ սպաննողը պաշտպանեցին (Բ. Օրինաց 19։4, 5)։ Ան կրնար մօտակայ ապաստանի քաղաքը փախչիլ, հեռանալով զոհին ամենամօտ արու ազգականէն, որ այլապէս կրնար թափուած արեան վրէժը լուծել։ Իր հարցը քաղաքին ծերերուն ներկայացնելէ ետք, փախստականը դատի կը տարուէր այն քաղաքը, որուն իշխանութեան ներքեւ կ’իյնար մահուան վայրը։ Հոն ան պատեհութիւնը ունէր իր անմեղութիւնը ապացուցանելու։ Ծերերը փախստականին ու զոհին փոխյարաբերութիւնը կը քննէին, նկատի առնելով թէ նախապէս անոնց միջեւ ատելութիւն կա՛ր թէ ոչ (Թուոց 35։20-24. Բ. Օրինաց 19։6, 7. Յեսու 20։4, 5

Եթէ անմեղ գտնուէր, փախստականը ապաստանի քաղաքը կը վերադառնար եւ անոր անմիջական շրջակայքէն դուրս պէտք չէր ելլէր։ Այս քաղաքները բանտեր չէին։ Փախստականը կ’աշխատէր ու կը ծառայէր որպէս ընկերութեան պիտանի մէկ անդամը։ Քահանայապետին մահէն ետք, բոլոր ապաստանեալները կրնային ապահովութեամբ ապաստանի քաղաքները ձգել (Թուոց 35։6, 25-28

[Քարտէս՝ էջ 13]

(Լման շարադրանքին համար, տե՛ս հրատարակութիւնը)

ԱՊԱՍՏԱՆԻ ՔԱՂԱՔՆԵՐԸ

1 ԿԱԴԷՍ

2 ԳՈՎՂԱՆ

3 ՌԱՄՈՎԹ–ԳԱՂԱԱԴ

4 ՍԻՒՔԷՄ

5 ԲՈՍՈՐ

6 ՔԵԲՐՈՆ

Յորդանան գետ