Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Հիմա է ընդունելի ժամանակը»

«Հիմա է ընդունելի ժամանակը»

«Հիմա է ընդունելի ժամանակը»

«Ահա՛ հիմա է ընդունելի ժամանակը, ահա՛ հիմա է փրկութեան օրը» (Բ. ԿՈՐ. 6։2

1. Ինչո՞ւ հարկ է որ զատորոշենք թէ որեւէ տուեալ ժամանակի մէջ ի՛նչ բան կատարելու ենք։

«ԱՄԷՆ բանի ատենը կայ ու երկնքի տակ եղող ամէն գործի՝ ժամանակը» (Ժող. 3։1)։ Սողոմոն որեւէ արժէքաւոր գործունէութեան համար ամէնէն նպաստաւոր ժամանակը զատորոշելու կարեւորութեան մասին կը գրէր,– ըլլայ անիկա երկրագործութիւն, ճամբորդութիւն, առեւտուր կամ ուրիշներու հետ հաղորդակցութիւն։ Սակայն նաեւ հարկ է որ զատորոշենք, թէ որեւէ տուեալ ժամանակի մէջ ի՛նչն է ամենակարեւոր գործը, զոր պէտք է կատարենք։ Ուրիշ խօսքով, մեր նախապատուութիւնները յստակօրէն պէտք է գիտնանք։

2. Ինչպէ՞ս գիտենք, թէ երբ Յիսուս կը քարոզէր, իր ապրած ժամանակին քաջածանօթ էր։

2 Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս իր ապրած ժամանակին քաջածանօթ էր եւ գիտէր թէ ի՛նչ պէտք էր ընէր։ Իր նախապատուութիւնները յստակօրէն ի մտի ունենալով, ան գիտէր թէ երկար ատենէ սպասուած ժամանակը հասած էր, որ բազմաթիւ մեսիական մարգարէութիւններ կատարուէին (Ա. Պետ. 1։11. Յայտ. 19։10)։ Ան ընելիք գործ մը ունէր, որպէսզի յստակացնէր իր ինքնութիւնը իբրեւ խոստացեալ Մեսիան։ Ան Թագաւորութեան ճշմարտութեան մասին հիմնովին վկայութիւն պիտի տար ու հաւաքէր զանոնք, որոնք իրեն հետ ապագայ ժառանգակիցներ պիտի ըլլային Թագաւորութեան մէջ։ Եւ ան հիմը պիտի դնէր քրիստոնէական ժողովքին, որ քարոզչութիւնը եւ աշակերտելու գործը պիտի շարունակէր մինչեւ երկրին ծայրերը (Մար. 1։15

3. Ժամանակին քաջածանօթ ըլլալը ինչպէ՞ս Յիսուսի արարքներուն ազդեց։

3 Այդ գիտակցութիւնը Յիսուսի կեանքին մէջ դրական ոյժ մըն էր, զինք մղելով որ իր Հօր կամքը կատարելուն մէջ նախանձախնդիր ըլլար։ Ան իր աշակերտներուն ըսաւ. «Հունձքը շատ է բայց մշակները քիչ. ուստի հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք որ մշակներ հանէ իր հունձքին» (Ղուկ. 10։2. Մաղ. 4։5, 6)։ Յիսուս իր աշակերտներէն նա՛խ 12 ապա 70 հոգի ընտրեց, անոնց մասնայատուկ ցուցմունքներ տուաւ ու ղրկեց որ քարոզեն սա ոգեցունց պատգամը. «Երկնքի թագաւորութիւնը մօտեցած է»։ Իսկ Յիսուսին մասին կը կարդանք. «Երբ [ան] լմնցուց իր տասներկու աշակերտներուն պատուէր տալը, գնաց անոնց քաղաքներուն մէջ քարոզելու եւ սորվեցնելու» (Մատ. 10։5-7. 11։1. Ղուկ. 10։1

4. Պօղոս ի՞նչ կերպով Յիսուս Քրիստոսին նմանեցաւ։

4 Իր բոլոր հետեւորդներուն համար, Յիսուս նախանձախնդրութեան ու նուիրումի կատարեալ տիպար մըն էր։ Պօղոս առաքեալ զայս մատնանշեց, երբ իր հաւատակիցները յորդորեց. «Ինծի նմանեցէ՛ք, ինչպէս ես ալ՝ Քրիստոսին» (Ա. Կոր. 11։1)։ Պօղոս ի՞նչ կերպով Քրիստոսին նմանեցաւ։ Գլխաւորաբար՝ անխոնջօրէն բարի լուրը քարոզելով։ Ժողովքներու յղուած Պօղոսի նամակներուն մէջ այսպիսի արտայայտութիւններ կը գտնենք. «Ջանքի մէջ թուլասիրտ մի՛ ըլլաք», «Տէրոջը ծառայեցէ՛ք», «Ամէն ատեն աւելցէ՛ք Տէրոջը գործին մէջ», եւ «Ինչ որ կ’ընէք՝ սրտանց ըրէք, որպէս թէ Տէրոջը» (Հռով. 12։11. Ա. Կոր. 15։58. Կող. 3։23)։ Պօղոս բնաւ չմոռցաւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի հանդիպումը՝ դէպի Դամասկոս տանող ճամբուն վրայ, եւ Յիսուսի խօսքերը, զորս Անանիա աշակերտ իրեն հաղորդած ըլլալու էր. «Անիկա ինծի ընտիր աման մըն է, իմ անունս կրելու հեթանոսներուն ու թագաւորներուն եւ Իսրայէլի որդիներուն առջեւ» (Գործք 9։15. Հռով. 1։1, 5. Գաղ. 1։16

«Ընդունելի ժամանակը»

5. Ի՞նչ բան Պօղոսը մղեց, որ իր ծառայութիւնը նախանձախնդրութեամբ կատարէ։

5 Գործք Առաքելոց գիրքը կարդալով, յստակօրէն կը տեսնենք այն քաջութիւնն ու նախանձախնդրութիւնը, զորս Պօղոս ցոյց տուաւ իր ծառայութեան մէջ (Գործք 13։9, 10. 17։16, 17. 18։5)։ Պօղոս իր ապրած ժամանակին կարեւորութիւնը զատորոշեց։ Ան ըսաւ. «Ահա՛ հիմա է ընդունելի ժամանակը, ահա՛ հիմա է փրկութեան օրը» (Բ. Կոր. 6։2)։ Մ.թ.ա. 537–ին, ընդունելի ժամանակն էր Բաբելոնի մէջ եղող աքսորեալներուն համար, որ իրենց հայրենիքը վերադառնային (Եսա. 49։8, 9)։ Բայց Պօղոս հոս ի՞նչ բանի կ’ակնարկէր։ Բովանդակութիւնը մեզի կ’օգնէ, որ հասկնանք թէ ան ի՛նչ ի մտի ունէր։

6, 7. Ներկայիս օծեալ քրիստոնեաներուն ի՞նչ մեծ պատիւ տրուած է, իսկ որո՞նք օծեալներուն հետ կը գործեն։

6 Նախապէս, իր նամակին մէջ Պօղոս խօսեցաւ իրեն ու միւս օծեալ քրիստոնեաներուն տրուած մեծ պատիւի մը մասին (կարդալ՝ Բ. Կորնթացիս 5։18-20Ան բացատրեց թէ իրենք Աստուծոյ կողմէ կանչուած էին մասնայատուկ նպատակի մը համար, որ «հաշտութեան պաշտօնը» կատարեն, մարդոց աղաչեն որ ‘հաշտուին Աստուծոյ հետ’։ Ասիկա նշանակեց Աստուծոյ հետ բարեկամութիւն կամ համերաշխութիւն վերահաստատել։

7 Եդեմական ըմբոստութենէն ի վեր, ամբողջ մարդկութիւնը Եհովայէ օտարացած է (Հռով. 3։10, 23)։ Այս օտարացումը ընդհանուր առմամբ մարդկութիւնը մխրճած է հոգեւոր խաւարի մէջ, տառապանքի ու մահուան առաջնորդելով։ «Գիտենք թէ բոլոր ստեղծուածները մինչեւ հիմա մէկտեղ կը հառաչեն ու ծնանելու ցաւ կը քաշեն», գրեց Պօղոս (Հռով. 8։22)։ Բայց Աստուած քայլեր առած է, որ մարդոց թախանձէ, արդարեւ «աղաչէ», որ իրեն վերադառնան, կամ իրեն հետ հաշտուին։ Ասիկա էր Պօղոսին եւ միւս օծեալ քրիստոնեաներուն վստահուած պաշտօնը։ Այդ «ընդունելի ժամանակը» կրնար «փրկութեան օր» ըլլալ անոնց, որոնք Յիսուսի հաւատացին։ Բոլոր օծեալ քրիստոնեաները եւ անոնց ընկերակիցները՝ «ուրիշ ոչխարներ»ը, որոնք իրենց հետ կը գործեն, կը շարունակեն մարդիկը հրաւիրել որ «ընդունելի ժամանակ»էն օգտուին (Յովհ. 10։16

8. Ի՞նչ բան հաշտութեան կոչը աչքառու կը դարձնէ։

8 Հաշտութեան կոչը աւելի աչքառու դարձնողը այն է, որ խրամատին ծագումը միայն միակողմանի ըլլալով հանդերձ,– ի պատճառ Եդեմի մէջ մարդուն ըմբոստութեան,– Աստուած ինք նախաքայլը առաւ որ խրամատը գոցէ (Ա. Յովհ. 4։10, 19)։ Ան ի՞նչ ըրաւ։ Պօղոս պատասխանեց. «Աստուած էր, որ Քրիստոսով աշխարհս իրեն հետ հաշտեցուց եւ անոնց յանցանքները իրենց ներեց ու մեզի վստահեցաւ հաշտութեան պատգամը» (Բ. Կոր. 5։19. Եսա. 55։6

9. Աստուծոյ ողորմութեան հանդէպ իր գնահատանքը ցոյց տալու համար, Պօղոս ի՞նչ ըրաւ։

9 Փրկանքի զոհը հայթայթելով, Եհովա կարելի դարձուց հաւատք ընծայողներուն, որ իրենց յանցանքները ներուին եւ իրեն հետ վերստին բարեկամութիւն կամ համերաշխութիւն վայելեն։ Ասկէ զատ, ան իր պատուիրակները ղրկեց՝ ամէնուրեք մարդիկը յորդորելու, որ իրեն հետ խաղաղութիւն ընեն, մինչ կրնան (կարդալ՝ Ա. Տիմոթէոս 2։3-6Աստուծոյ կամքը ըմբռնելով եւ իր ապրած ժամանակը զատորոշելով, Պօղոս անխոնջօրէն ջանադիր եղաւ «հաշտութեան պաշտօն»ին մէջ։ Եհովայի կամքը չէ փոխուած։ Մեր օրերուն, ան իր ձեռքը տակաւին երկարած է։ Պօղոսի խօսքերը՝ «հիմա է ընդունելի ժամանակը» եւ «հիմա է փրկութեան օրը»՝ տակաւին ի զօրու են։ Եհովա ի՜նչ ողորմած ու կարեկից Աստուած է (Ել. 34։6, 7

«Ատոր նպատակը չկորսնցնէք»

10. Վաղեմի եւ այժմու օծեալ քրիստոնեաներուն համար, «փրկութեան օրը» ի՞նչ նշանակած է։

10 Այս անարժան բարութեան արտայայտութենէն առաջին օգտուողներն էին՝ «Քրիստոսին մէջ» եղողները (Բ. Կոր. 5։17, 18)։ Անոնց համար, «փրկութեան օրը» սկսաւ մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէին։ Անկէ ի վեր, այդպիսիներու վստահուած է «հաշտութեան պատգամը» յայտարարելու պարտականութիւնը։ Ներկայիս, օծեալ քրիստոնեաներու մնացորդը տակաւին «հաշտութեան պաշտօնը» կը կատարէ։ Անոնք կը գիտակցին, թէ մարգարէական տեսիլքի մը մէջ Յովհաննէս առաքեալի տեսած չորս հրեշտակները ‘երկրին չորս հովերը բռներ են, որպէսզի երկրի վրայ հով չփչէ’։ Ուստի տակաւին «փրկութեան օր»ն ու «ընդունելի ժամանակ»ն է (Յայտ. 7։1-3)։ Այս պատճառով, 20–րդ դարուն սկիզբէն ի վեր, օծեալ մնացորդը նախանձախնդրաբար ջանադիր եղած է «հաշտութեան պաշտօն»ին մէջ, մինչեւ երկրին ծայրերը։

11, 12. 20–րդ դարուն սկիզբը, օծեալ քրիստոնեաները ինչպէ՞ս ցոյց տուին թէ ժամանակին վերաբերեալ գիտակից էին (տե՛ս էջ 21–ի պատկերը)։

11 Օրինակ՝ ինչպէս որ Եհովայի վկաներ. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ գիրքին մէջ նշուած է, 1800–ական թուականներուն վերջաւորութեան, «Չ. Թ. Ռասըլ եւ իր ընկերակիցները ուժգնօրէն հաւատացին, թէ հունձքի ժամանակի մը մէջ էին եւ հարկ էր որ մարդիկ լսէին ազատագրող ճշմարտութիւնը»։ Անոնք այս առնչութեամբ ի՞նչ ըրին։ Գիտակցելով թէ հունձքի ժամանակի մը՝ «ընդունելի ժամանակ»ի մը՝ մէջ էին, այս եղբայրները ինքնագոհ չեղան, պարզապէս մարդիկը հրաւիրելով որ որոշ կրօնական ծառայութեան մը ներկայ գտնուին։ Քրիստոնեայ աշխարհի կղերականները հինուց ճիշդ այդ բանը կ’ընէին։ Փոխարէն, այդ օծեալ քրիստոնեաները բարի լուրը տարածելու ուրիշ գործնական կերպեր սկսան փնտռել։ Ի միջի այլոց, անոնք ամենավերջին արուեստագիտութիւնը իմաստութեամբ գործածեցին, իրենց գործը յառաջ տանելու։

12 Թագաւորութեան բարի լուրը տարածելու համար, նախանձախնդիր ծառաներու այդ խմբակը գործածեց թերթիկներ, գրքոյկներ, պարբերաթերթեր ու գիրքեր։ Անոնք նաեւ քարոզներ ու յօդուածներ պատրաստեցին հազարաւոր լրագիրներու համար։ Ազգային եւ միջազգային ձայնասփռման կայաններու ցանցին միջոցով, անոնք աստուածաշնչական յայտագիրներ ձայնասփռեցին։ Անոնք համաժամանակ ձայնագրութիւններով շարժապատկերներ արտադրեցին ու գործածեցին, նոյնիսկ ֆիլմի ճարտարարուեստը հանրութեան համար ձայնով շարժապատկերներ ի լոյս ընծայելէ առաջ։ Այդ անդուլ նախանձախնդրութեան արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Ներկայիս շուրջ եօթը միլիոն անհատներ՝ «հաշտուեցէ՛ք Աստուծոյ հետ» պատգամին ընդառաջած են եւ իրենց կարգին զայն կը յայտարարեն։ Արդարեւ, Եհովայի այդ նախկին ծառաները նախանձախնդրութեան ընտիր օրինակներ էին, հակառակ աննպաստ պայմաններուն։

13. Աստուծոյ ո՞ր նպատակին ուշադրութիւն պէտք է ընծայենք։

13 Պօղոսի խօսքը՝ «հիմա է ընդունելի ժամանակը», տակաւին ի զօրու է։ Մենք, որ ճաշակած ենք Եհովայի անարժան բարութիւնը, երախտապարտ ենք որ մեզի պատեհութիւնը տրուեցաւ հաշտութեան պատգամը լսելու եւ ընդունելու։ Ինքնագոհ զգալու տեղ, կ’անսանք Պօղոսի յաջորդ խօսքերուն. «Կ’աղաչենք որ Աստուծոյ շնորհքը պարապ տեղ ընդունած չըլլաք [«ատոր նպատակը չկորսնցնէք», ՆԱ]» (Բ. Կոր. 6։1)։ Աստուծոյ շնորհքին նպատակն է՝ Քրիստոսով ‘աշխարհս իրեն հետ հաշտեցնել’ (Բ. Կոր. 5։19

14. Շատ մը երկիրներու մէջ, ի՞նչ պատեհութիւններ կը ներկայանան։

14 Մարդկութեան մեծամասնութիւնը, Սատանային կողմէ կուրցած ըլլալով, տակաւին Աստուծմէ օտարացած է եւ Անոր շնորհքին նպատակին անծանօթ է (Բ. Կոր. 4։3, 4. Ա. Յովհ. 5։19)։ Սակայն աշխարհի վատթարացող վիճակները պատճառ եղած են որ շատեր ընդառաջեն, երբ իմանան թէ մարդկային չարութեան ու տառապանքին արմատը՝ Աստուծմէ օտարանալն է։ Նոյնիսկ այն երկիրներուն մէջ, ուր մարդոց մեծամասնութիւնը մեր քարոզչութեան նկատմամբ անտարբեր եղած է, այժմ շատեր բարի լուրը կ’ընդունին եւ քայլեր կ’առնեն որ Աստուծոյ հետ հաշտուին։ Ուստի կը գնահատե՞նք թէ ասիկա է ժամանակը, որ ա՛լ աւելի նախանձախնդիր կերպով ջանանք յայտարարել սա աղերսանքը. «Հաշտուեցէ՛ք Աստուծոյ հետ»։

15. Հաճոյակատար պատգամ մը քարոզելու տեղ, կ’ուզենք որ ամէնուրեք մարդիկ ի՞նչ գիտնան։

15 Մեր պարտականութիւնը չէ մարդոց պարզապէս ըսել, որ եթէ Աստուծոյ դառնան, ան իրենց պիտի օգնէ իրենց բոլոր խնդիրներուն մէջ եւ աւելի լաւ պիտի զգան։ Շատեր միայն այս բանին համար եկեղեցի կ’երթան, իսկ եկեղեցիներն ալ կը տենչան այս փափաքը գոհացնել (Բ. Տիմ. 4։3, 4)։ Մեր ծառայութեան նպատակակէտը ասիկա չէ։ Մեր քարոզած բարի լուրը այն է, թէ սէրէ մղուած՝ Եհովա պատրաստ է յանցանքներ ներելու, Քրիստոսի միջոցով։ Այսպէս, անհատներ կրնա՛ն օտարացումէ ձերբազատուիլ եւ Աստուծոյ հետ հաշտուիլ (Հռով. 5։10. 8։32)։ Սակայն «ընդունելի ժամանակը» արագօրէն վերջ գտնելու վրայ է։

«Հոգիով բորբոքեցէ՛ք»

16. Ի՞նչ բան Պօղոսին օգնեց, որ քաջութիւն ու նախանձախնդրութիւն ցոյց տայ։

16 Արդ, ճշմարիտ պաշտամունքին համար ինչպէ՞ս կրնանք մեր նախանձախնդրութիւնը մշակել ու պահպանել։ Ոմանք թերեւս բնոյթով ամչկոտ կամ վերապահ են եւ կրնան իրենց զգացումները դրսեւորելու կամ ընկերային ըլլալու դժուարութիւն ունենալ։ Սակայն լաւ կ’ընենք որ յիշենք, թէ նախանձախնդրութիւնը միայն յուզումի կամ ոգեւորումի արտաքին ցուցադրութիւն մը չէ. ոչ ալ կախեալ է անհատին անձնաւորութենէն։ Պօղոս բանալի ազդակը մատնանշեց, երբ քրիստոնեաները յորդորեց. «Հոգիով բորբոքեցէ՛ք» (Հռով. 12։11)։ Եհովայի հոգին մեծ դեր խաղցաւ, որ առաքեալը քարոզչութեան մէջ քաջութիւն ու համբերատարութիւն ունենար։ Յիսուսի կողմէ կանչուելէ մինչեւ իր վերջին բանտարկութիւնն ու նահատակուիլը Հռոմի մէջ,– աւելի քան 30 տարուան ժամանակաշրջան,– Պօղոսի նախանձախնդրութիւնը չսասանեցաւ։ Ան միշտ Աստուծոյ դիմեց եւ իրեն հարկ եղած զօրութիւնը հոգիին միջոցով ստացաւ։ «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց», ըսաւ Պօղոս (Փլպ. 4։13)։ Եթէ իր օրինակէն սորվինք, որչա՜փ կրնանք օգտուիլ։

17. Ինչպէ՞ս կրնանք ‘հոգիով բորբոքիլ’։

17 ‘Բորբոքիլ’ թարգմանուած բառը բառացիօրէն կը նշանակէ «եռալ» (Թագաւորութեան տողընդմիջեայ թարգմանութիւն)։ Որպէսզի ջուրը շարունակէ եռալ կաթսայի մը մէջ, հարկ է որ անդադար տաքութիւն հայթայթենք։ Նմանապէս, ‘հոգիով բորբոքելու’ համար, հարկ է որ յարատեւաբար Աստուծոյ հոգին ստանանք։ Կերպը այն է՝ որ գործածենք բոլոր կարգադրութիւնները, զորս Եհովա կ’ընէ մեզ հոգեւորապէս ամրապնդելու համար։ Ասիկա կը նշանակէ լուրջի առնել մեր ընտանեկան ու ժողովքային պաշտամունքը,– կանոնաւոր ըլլալ՝ անձնական եւ ընտանեկան ուսումնասիրութեան մէջ, աղօթելուն մէջ եւ հաւատակից քրիստոնեաներուն հետ մէկտեղ հաւաքուելուն մէջ։ Ասիկա մեզի պիտի օգնէ «կրակ» ունենալու «եռացման» համար, որ մեզ պիտի պահէ ‘հոգիով բորբոքած’ վիճակի մէջ (կարդալ՝ Գործք 4։20. 18։25

18. Որպէս նուիրուած քրիստոնեաներ, ի՞նչ նպատակի վրայ պէտք է կեդրոնանանք։

18 Նուիրուած անհատ մը ամբողջովին կը կեդրոնանայ նպատակի մը վրայ, եւ անոր հետամուտ ըլլալու նկատմամբ դիւրաւ մտացիր չ’ըլլար կամ չի վհատիր։ Որպէս նուիրուած քրիստոնեաներ, մեր նպատակն է ընել ի՛նչ որ Եհովա կ’ուզէ որ ընենք, նոյնիսկ ինչպէս որ Յիսուս ըրաւ (Եբ. 10։7)։ Ներկայիս՝ Եհովայի կամքը այն է, որ կարելի եղածին չափ շատ անհատներ իրեն հետ հաշտուին։ Ուստի, Յիսուսի եւ Պօղոսի նմանելով, նախանձախնդրօրէն ջանադիր ըլլանք ներկայիս կատարուելիք այս ամենակարեւոր ու հրատապ գործին մէջ։

Կը յիշե՞ս

• Պօղոսի եւ ուրիշ օծեալ քրիստոնեաներու վստահուած «հաշտութեան պաշտօնը» ի՞նչ էր։

• Օծեալ մնացորդը «ընդունելի ժամանակը» ինչպէ՞ս օգտագործած է։

• Քրիստոնեայ քարոզիչները ինչպէ՞ս կրնան ‘հոգիով բորբոքիլ’։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 20]

Պօղոս բնաւ չմոռցաւ իր հանդիպումը Տէր Յիսուս Քրիստոսին հետ