Մարդի՛կը սիրէ, ոչ թէ դրամն ու ստացուածքները
Գաղտնիք 1
Մարդի՛կը սիրէ, ոչ թէ դրամն ու ստացուածքները
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ։ «Բոլոր չարութիւններուն արմատը արծաթսիրութիւնն է» (Ա. Տիմոթէոս 6։10)։
ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ Ի՞ՆՉ Է։ Ծանուցանողներ մեր վրայ ճնշում կը բանեցնեն, որ մեր ունեցածով գոհունակ չըլլանք։ Անոնք կ’ուզեն որ գիշեր–ցերեկ աշխատինք դրամ շահելու համար, որպէսզի կարենանք աւելի նոր, աւելի լաւ եւ աւելի մեծ իրեր գնել։ Դրամը հրապուրիչ է եւ դիւրաւ կրնանք զայն սիրել։ Սակայն Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ, թէ հարստութիւն սիրողը երբեք գոհունակ պիտի չըլլայ։ Սողոմոն թագաւոր գրեց. «Արծաթ սիրողը արծաթէն չի կշտանար, ո՛չ ալ հարստութիւն սիրողը՝ երկրի բերքէն» (Ժողովող 5։10)։
Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ։ Յիսուսը ընդօրինակէ եւ սորվէ ինչքէն աւելի մարդի՛կը սիրել։ Յիսուս յօժար էր հրաժարելու իր ամէն ունեցածէն,– նոյնիսկ իր կեանքէն,– քանի որ մարդիկը կը սիրէր (Յովհաննէս 15։13)։ Ան ըսաւ. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (Գործք 20։35)։ Եթէ մեր ժամանակէն ու նիւթականէն ուրիշներուն տալը սովորութիւն դարձնենք, անոնք նոյն կերպով պիտի ընդառաջեն։ Յիսուս ըսաւ. «Տուէ՛ք ու ձեզի պիտի տրուի» (Ղուկաս 6։38)։ Դրամի ու ստացուածքի հետամուտ եղողները, իրենց վրայ ցաւ ու տառապանք կը բերեն (Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10)։ Միւս կողմէ, իսկական գոհունակութիւնը յառաջ կու գայ սիրելէն ու սիրուելէն։
Ինչո՞ւ չարժեւորես թէ արդեօք կրնա՛ս ապրելակերպդ պարզ դարձնել։ Կրնա՞ս նուազեցնել ստացուածքներուդ քանակը կամ ձեռք ձգելիք ինչքդ։ Եթէ ասիկա ընես, թերեւս նկատես թէ յաւելեալ ժամանակ ու կորով ունիս կեանքի մէջ աւելի կարեւոր բաներուն համար,– մարդոց օգնել եւ Աստուծոյ ծառայել, որ քեզի տուած է ամէն ունեցածդ (Մատթէոս 6։24. Գործք 17։28)։
[Նկար՝ էջ 4]
«Տուէ՛ք ու ձեզի պիտի տրուի»