Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ամուրիութենէդ լաւագոյնս օգտուէ՛

Ամուրիութենէդ լաւագոյնս օգտուէ՛

Ամուրիութենէդ լաւագոյնս օգտուէ՛

«Ով որ կրնայ տանիլ՝ թող տանի» (ՄԱՏ. 19։12

1, 2. ա) Յիսուս, Պօղոս եւ ուրիշներ ամուրիութիւնը ինչպէ՞ս նկատեցին։ բ) Ոմանք ինչո՞ւ ամուրիութիւնը կրնան պարգեւ չնկատել։

ԱՆԿԱՍԿԱԾ, ամուսնութիւնը Աստուծոյ կողմէ մարդկութեան տրուած ամէնէն թանկարժէք պարգեւներէն մէկն է (Առ. 19։14)։ Բայց եւ այնպէս, բազմաթիւ ամուրի քրիստոնեաներ ալ ճոխ ու գոհունակ կեանք մը կը վայելեն։ Հէրոլտ, 95 տարեկան եղբայր մը՝ որ բնաւ չամուսնացաւ, կ’ըսէ. «Թէպէտ ուրիշներուն հետ ըլլալէն եւ հիւրասիրութիւն ցոյց տալէն հաճոյք կ’առնեմ, բայց երբ առանձին եմ՝ բնա՜ւ միայնակ չեմ։ Կարծեմ թէ իրապէս կարելի է ըսել, թէ ամուրիութեան պարգեւը ունիմ»։

2 Արդարեւ, թէ՛ Յիսուս Քրիստոս եւ թէ Պօղոս առաքեալ ամուրիութեան մասին խօսեցան. Պօղոս նոյնիսկ՝ ամուսնութեան նման՝ ամուրիութեան ակնարկեց որպէս Աստուծմէ պարգեւ մը (կարդա՛ Մատթէոս 19։11, 12. Ա. Կորնթացիս 7։7Սակայն իրականութեան մէջ, բոլոր ամուրիները ընտրութեամբ ամուրի չեն։ Երբեմն, պարագաները կը դժուարացնեն յարմար կողակից գտնելը։ Կամ, տարիներ ամուսնացած ըլլալէ ետք, ոմանք անսպասելիօրէն իրենք զիրենք առանձին կը գտնեն, ի պատճառ ամուսնալուծման կամ իրենց լծակիցին մահուան։ Արդ, ամուրիութիւնը ի՞նչ առումով կրնայ պարգեւ մը ըլլալ։ Եւ ամուրի քրիստոնեաները ինչպէ՞ս կրնան իրենց ամուրիութենէն լաւագոյնս օգտուիլ։

Իւրայատուկ պարգեւ

3. Ամուրի քրիստոնեաները յաճախ ի՞նչ առաւելութիւններ կը վայելեն։

3 Ամուրի մը յաճախ աւելի ժամանակ եւ աւելի մեծ անձնական ազատութիւն ունի, քան՝ ամուսնացած անհատը (Ա. Կոր. 7։32-35)։ Ասոնք իւրայատուկ առաւելութիւններ են, որոնք կրնան իրեն թոյլ տալ իր ծառայութիւնը ընդարձակելու, ուրիշներու հանդէպ իր սէրը լայնցնելու եւ Եհովային մօտենալու։ Հետեւաբար, կարգ մը քրիստոնեաներ ամուրիութեան օգուտները սկսած են գնահատել, եւ որոշած են առնուազն ժամանակ մը ‘զայն տանիլ’։ Ուրիշներ թերեւս սկիզբը ամուրիութիւն ծրագրած չէին, բայց երբ իրենց պարագաները փոխուեցան, ջերմեռանդ աղօթքով իրենց կացութեան վրայ խոկացին ու գիտակցեցան, թէ Եհովայի օգնութեամբ իրենք ալ կրնան իրենց սրտին մէջ հաստատ ըլլալ։ Ուստի, անոնք իրենց փոխուած պարագաները ընդունեցին եւ ամուրիութիւնը որդեգրեցին (Ա. Կոր. 7։37, 38

4. Ամուրի քրիստոնեաները ինչո՞ւ կրնան Աստուծոյ ծառայութեան մէջ անպակաս զգալ։

4 Ամուրի քրիստոնեաները գիտեն, թէ ամուսնանալը պայման մը չէ, որպէսզի Եհովան կամ իր կազմակերպութիւնը զիրենք ճանչնայ կամ գնահատէ։ Աստուծոյ սէրը իւրաքանչիւրիս անհատապէս կը հասնի (Մատ. 10։29-31)։ Ոեւէ անհատ եւ որեւէ բան չեն կրնար մեզ զատել Աստուծոյ սէրէն (Հռով. 8։38, 39)։ Ըլլա՛նք ամուսնացած թէ ամուրի, ամէն պատճառ ունինք՝ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ անպակաս զգալու։

5. Ամուրիութեան լման վարձատրութիւնները ձեռք ձգելու համար, ի՞նչ բանի կարիքը կայ։

5 Սակայն ինչպէս որ է պարագան որոշ պարգեւներու, ինչպէս՝ երաժշտական կամ մարզական տաղանդը, ամուրիութեան պարգեւէն լաւագոյնս օգտուիլը ջանք կը պահանջէ։ Ուստի ամուրի քրիստոնեաները,– ըլլա՛ն եղբայր թէ քոյր, անչափահաս թէ չափահաս, ընտրութեամբ ամուրի թէ պարագաներուն բերմամբ ամուրի,– ներկայիս ինչպէ՞ս կրնան իրենց կեանքի կացութենէն լաւագոյնս օգտուիլ։ Նկատի առնենք նախկին քրիստոնէական ժողովքէն կարգ մը քաջալերական օրինակներ ու տեսնենք թէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ։

Ամուրիութիւն՝ երիտասարդութեան մէջ

6, 7. ա) Աստուծոյ ծառայութեան մէջ, Փիլիպպոսի կոյս աղջիկները ի՞նչ առանձնաշնորհում ստացան։ բ) Տիմոթէոս ի՞նչ կերպերով իր ամուրիութեան տարիները լաւագոյնս գործածեց, եւ իր երիտասարդութեան մէջ ծառայելու պատրաստակամութեան համար ինչպէ՞ս օրհնուեցաւ։

6 Փիլիպպոս աւետարանիչը չորս կոյս աղջիկ ունէր, որոնք իրեն պէս նախանձախնդիր էին աւետարանելու համար (Գործք 21։8, 9)։ Մարգարէանալը սուրբ հոգիին հրաշալի պարգեւներէն մէկն էր, եւ այս երիտասարդուհիները զայն գործածեցին առ ի կատարում Յովէլ 2։28, 29–ին։

7 Տիմոթէոս երիտասարդ մըն էր, որ իր ամուրիութենէն լաւագոյնս օգտուեցաւ։ Ան մանկութենէն սորված էր «սուրբ գրքերը» իր մօրմէն՝ Եւնիկէէն, եւ մեծ–մօրմէն՝ Լաւոդիայէն (Բ. Տիմ. 1։5. 3։14, 15)։ Բայց անոնք հաւանաբար քրիստոնէութիւնը ընդունեցին միայն երբ Պօղոս առաջին անգամ այցելեց իրենց քաղաքը՝ Լիւստրա, շուրջ մ.թ. 47–ին։ Երկու տարի ետք, երբ Պօղոս երկրորդ անգամ այցելեց, Տիմոթէոս հաւանաբար շուրջ 20 տարեկան էր։ Թէ՛ տարիքով ու թէ ճշմարտութեան մէջ յարաբերաբար փոքր ըլլալով հանդերձ, ան Լիւստրայի եւ մօտակայ Իկոնիոնի քրիստոնեայ երէցներէն «բարի վկայուած էր» (Գործք 16։1, 2)։ Ուստի Պօղոս Տիմոթէոսը հրաւիրեց, որ իրեն հետ ճամբորդէ (Ա. Տիմ. 1։18. 4։14)։ Չենք կրնար ստուգապէս ըսել, թէ Տիմոթէոս բնաւ չամուսնացաւ։ Բայց գիտե՛նք թէ որպէս երիտասարդ, ան Պօղոսի հրաւէրը ցնծութեամբ ընդունեց, եւ ապա երկար տարիներ հաճոյքով ծառայեց որպէս ամուրի միսիոնար ու տեսուչ (Փլպ. 2։20-22

8. Ի՞նչ բան Յովհաննէս Մարկոսը կարող դարձուց որ հոգեւոր նպատակակէտեր հետապնդէ, եւ ասիկա ընելով ի՞նչ օրհնութիւններ քաղեց։

8 Յովհաննէս Մարկոս ալ իր երիտասարդութեան մէջ, իր ամուրիութեան տարիներէն լաւագոյնս օգտուեցաւ։ Ան եւ իր մայրը՝ Մարիամ, ինչպէս նաեւ իր զարմիկը՝ Բառնաբաս, Երուսաղէմի ժողովքին առաջին անդամներէն էին։ Մարկոսի ընտանիքը թերեւս նաեւ հանգստաւէտ կեանք մը կը վայելէր, որովհետեւ քաղաքին մէջ սեփական տուն մը եւ աղախին մը ունէր (Գործք 12։12, 13)։ Բայց այս առաւելութիւններով հանդերձ, նոյնիսկ որպէս պատանի, Մարկոս անձնահաճ կամ անձնակեդրոն չէր. ոչ ալ ուզեց հաստատուիլ եւ ընտանեկան հանգստաւէտ կեանք մը վարել։ Առաքեալներուն հետ իր սկիզբի ընկերակցութիւնը հաւանաբար իր մէջ միսիոնարական ծառայութեան հանդէպ փափաք մը քանդակեց։ Ուստի ան անձկութեամբ ընկերակցեցաւ Պօղոսին եւ Բառնաբասին, անոնց առաջին միսիոնարական շրջապտոյտին մէջ, ու ծառայեց որպէս անոնց սպասաւորը (Գործք 13։5)։ Յետագային, ան Բառնաբասին հետ ճամբորդեց, եւ ետքն ալ Պետրոսին հետ ծառայեց Բաբելոնին մէջ (Գործք 15։39. Ա. Պետ. 5։13)։ Թէ ո՛րքան ատեն Մարկոս ամուրի մնաց, չենք գիտեր։ Բայց ան հոյակապ համբաւ մը շահեցաւ, իբրեւ անհատ մը, որ յօժար էր ուրիշներուն ծառայելու եւ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ աւելին ընելու։

9, 10. Ներկայիս երիտասարդ՝ ամուրի քրիստոնեաները ի՞նչ պատեհութիւններ ունին իրենց ծառայութիւնը ընդարձակելու համար։ Օրինակ մը տո՛ւր։

9 Ներկայիս, ժողովքին մէջ բազմաթիւ երիտասարդներ նոյնպէս իրենց ամուրիութեան տարիները ուրախութեամբ կը գործածեն, որպէսզի Աստուծոյ ծառայութեան մէջ իրենց բերած բաժինը ընդարձակեն։ Մարկոսի եւ Տիմոթէոսի նման, անոնք կը գիտակցին որ ամուրիութիւնը «առանց զբաղումի Տէրոջը ծառայելու» առիթ կու տայ (Ա. Կոր. 7։35)։ Ասիկա իսկական առաւելութիւն մըն է։ Պատեհութիւնները շատ են. ռահվիրայութիւն, ծառայել հո՛ն՝ ուր Թագաւորութեան հրատարակիչներու աւելի մեծ կարիք կայ, օտար լեզու մը սորվիլ, Թագաւորութեան սրահի կամ մասնաճիւղի շինարարութեան մէջ օգնական ըլլալ, Ծառաներու մարզումի դպրոցը յաճախել ու Պէթէլի մէջ ծառայել։ Եթէ տակաւին երիտասարդ եւ ամուրի ես, պատեհութիւններէդ լաւագոյնս կ’օգտուի՞ս։

10 Մարք անունով եղբայր մը քսան տարեկան ըլլալէ առաջ սկսաւ ռահվիրայութիւն ընել, ետքը Ծառաներու մարզումի դպրոցը յաճախեց եւ աշխարհի տարածքին զանազան նշանակումներու մէջ ծառայած է։ 25 տարուան լիաժամ ծառայութեան վրայ ակնարկ մը նետելով, ան կ’ըսէ. «Ժողովքին մէջ փորձած եմ բոլորը քաջալերել, անոնց հետ ծառայութեան ելլելով, անոնց հովուական այցելութիւններ տալով, զանոնք իմ տունս ճաշի հրաւիրելով եւ նոյնիսկ հոգեւոր հաւաքոյթներ սարքելով։ Այս բոլորը ինծի մեծ ուրախութիւն բերած են»։ Ինչպէս որ Մարքին խօսքերը ցոյց կու տան, կեանքին մէջ մեծագոյն ուրախութիւնը տալէն յառաջ կու գայ, եւ սրբազան ծառայութեան մէջ լման կեանք մը՝ ուրիշներուն տալու բազմաթիւ պատեհութիւններ կ’ընծայէ (Գործք 20։35)։ Անձնական հետաքրքրութիւններդ, հմտութիւններդ կամ կեանքի փորձառութիւնդ ի՛նչ ալ ըլլան, այսօր երիտասարդներուն համար շատ բան կայ ընելիք Տէրոջ գործին մէջ (Ա. Կոր. 15։58

11. Ամուսնանալու չաճապարելու կարգ մը օգուտները ի՞նչ են։

11 Թէեւ երիտասարդներու մեծամասնութիւնը ի վերջոյ կ’ուզէ ամուսնանալ, բայց ամուսնանալու չաճապարելու լաւ պատճառներ կան։ Պօղոս երիտասարդները կը քաջալերէ որ սպասեն առնուազն մինչեւ որ «երիտասարդութեան ծաղկուն շրջանը» անցնի, երբ սեռային ցանկութիւնները շատ զօրաւոր կ’ըլլան (Ա. Կոր. 7։36, ՆԱ)։ Ժամանակ կ’առնէ որ ինքզինքդ հասկնաս ու հարկ եղած կեանքի փորձառութիւնը ձեռք ձգես, յարմար կողակից մը ընտրելու համար։ Ամուսնական ուխտ ընելը լուրջ որոշում մըն է, որ ցկեանս պէտք է տեւէ (Ժող. 5։2-5

Ամուրիութիւն՝ կեանքի որոշ հանգրուանէ մը ետք

12. ա) Այրի Աննա ինչպէ՞ս գլուխ ելաւ իր փոխուած պարագաներուն հետ։ բ) Ան ի՞նչ առանձնաշնորհում ունեցաւ։

12 Ղուկասի Աւետարանին մէջ նշուած Աննան հաւանաբար խորապէս տխրեցաւ, երբ իր ամուսինը անսպասելիօրէն մեռաւ, իրենց ամուսնութենէն միայն եօթը տարի ետք։ Թէ անոնք ոեւէ զաւակ ունէին կամ թէ Աննա երբեք մտածեց վերամուսնանալ, չենք գիտեր։ Բայց Աստուածաշունչը կը տեղեկագրէ, թէ Աննա 84 տարեկանին դեռ այրի էր։ Աստուածաշունչին ըսածէն կրնանք եզրակացնել, թէ Աննա իր փոխուած պարագաները գործածեց, որ Եհովային աւելի մօտենայ։ Ան «տաճարէն չէր զատուեր, հապա ծոմով եւ աղօթքով Աստուծոյ ծառայութիւն կ’ընէր գիշեր ու ցորեկ» (Ղուկ. 2։36, 37)։ Ուստի անոր կեանքին մէջ հոգեւոր բաները առաջին տեղը գրաւեցին։ Ասիկա իսկական վճռականութիւն ու ջանք պահանջեց, բայց Աննա մեծապէս վարձատրուեցաւ։ Ան առանձնաշնորհումը ունեցաւ մանուկ Յիսուսը տեսնելու, եւ ուրիշներուն վկայեց այն ազատագրութեան մասին, որ պիտի իրագործուէր այս գալիք Մեսիային միջոցով (Ղուկ. 2։38

13. ա) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, թէ Այծեմնիկ ժողովքին մէջ գործօն բաժին կը բերէր։ բ) Այծեմնիկ ինչպէ՞ս վարձատրուեցաւ իր բարութեան եւ ազնուութեան համար։

13 Այծեմնիկ կամ Տաբիթա անունով կին մը կ’ապրէր Յոպպէի մէջ,– Երուսաղէմի հիւսիս–արեւմտեան կողմը գտնուող վաղեմի նաւահանգիստ մը։ Որովհետեւ Աստուածաշունչը ամուսին չի նշեր, հաւանաբար այդ ժամանակ ան ամուրի էր։ Այծեմնիկ «լեցուած էր բարի գործերով ու ողորմութիւններով»։ Ան ակներեւօրէն բազմաթիւ հանդերձներ շինած էր կարիքաւոր այրիներուն եւ ուրիշներուն, եւ ասոր համար մեծապէս սիրուած էր։ Արդ, երբ ան յանկարծ հիւանդացաւ ու մեռաւ, ամբողջ ժողովքը Պետրոսը կանչեց եւ աղաչեց որ իրենց սիրելի քոյրը յարուցանէ։ Անոր յարութեան լուրը ամբողջ Յոպպէի մէջ տարածուելով, շատեր հաւատացեալ եղան (Գործք 9։36-42)։ Այծեմնիկ իր արտասովոր ազնուութեամբ թերեւս բաժին բերած էր անոնցմէ ոմանց օգնելուն մէջ։

14. Ի՞նչ բան կը մղէ ամուրի քրիստոնեաները Եհովային աւելի մօտենալու։

14 Աննայի եւ Այծեմնիկի նման, ներկայիս ժողովքներուն մէջ շատեր ինքզինքնին ամուրի կը գտնեն՝ կեանքի որոշ հանգրուանէ մը ետք։ Ոմանք կրնան յարմար կողակից մը գտած չըլլալ։ Ուրիշներ ամուսնալուծուած կամ այրի են։ Սրտակից կողակից մը չունենալով, ամուրի քրիստոնեաներ յաճախ կը սորվին աւելի շատ վստահիլ Եհովային (Առ. 16։3)։ Սիլվիա, ամուրի քոյր մը որ աւելի քան 38 տարի Պէթէլի մէջ ծառայած է, ասիկա օրհնութիւն մը կը նկատէ։ Ան կը խոստովանի. «Երբեմն զօրաւո՛րը ըլլալէն կը յոգնիմ։ Հարց կու տամ. ‘Ո՞վ զիս պիտի քաջալերէ’»։ Բայց յետոյ ան կ’աւելցնէ. «Վստահիլը, թէ Եհովա կարիքներս ինձմէ աւելի լաւ գիտէ, ինծի կ’օգնէ իրեն աւելի մօտենալու։ Իսկ քաջալերութիւնը միշտ կու գայ, երբեմն բոլորովին անսպասելի աղբիւրներէ»։ Երբոր Եհովային աւելի կը մօտենանք, ան միշտ ամէնէն ջերմ եւ հաւաստիացուցիչ կերպով կ’ընդառաջէ։

15. Չամուսնացած քրիստոնեաները ինչպէ՞ս կրնան իրենց սիրոյն մէջ ‘լայննալ’։

15 Ամուրիութիւնը մասնայատուկ պատեհութիւն կ’ընծայէ, որ սիրոյ մէջ ‘լայննանք’ (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 6։11-13Ճոլին, ամուրի քոյր մը որ վերջին 34 տարիները անցուցած է լիաժամ ծառայութեան մէջ, կ’ըսէ. «Փորձած եմ ծանր աշխատիլ, որ ջերմ փոխյարաբերութիւններ հաստատեմ ոչ միայն հասակակիցներուս հետ, այլ նաեւ՝ ամէն տեսակի մարդոց հետ։ Ամուրիութիւնը իսկական պատեհութիւն մըն է, որ տաս Եհովային, ընտանիքիդ, եղբայրներուդ ու քոյրերուդ, ինչպէս նաեւ՝ դրացիներուդ։ Ո՛րքան աւելի մեծնամ, ա՛յնքան աւելի ուրախ կ’ըլլամ իմ ամուրի վիճակովս»։ Ժողովքին մէջ տարեցները, անկարողները, միածնողները, պատանիները եւ ուրիշներ, անտարակոյս կը գնահատեն ամուրիներուն ներկայացուցած անձնուրաց աջակցութիւնը։ Արդարեւ, երբոր ուրիշներու հանդէպ սէր կը ցուցաբերենք, մեր մասին աւելի լաւ կը զգանք։ Դուն ալ կրնա՞ս ուրիշները սիրելու մէջ ‘լայննալ’։

Ցկեանս ամուրի

16. ա) Յիսուս ինչո՞ւ ցկեանս ամուրի մնաց։ բ) Պօղոս իր ամուրի վիճակը ինչպէ՞ս իմաստութեամբ գործածեց։

16 Յիսուս չամուսնացաւ. ան իր նշանակուած ծառայութեան պէտք էր նախապատրաստուէր ու զայն կատարէր։ Ան շատ անգամ ճամբորդեց, առտուն կանուխէն մինչեւ ուշ գիշեր աշխատեցաւ եւ ի վերջոյ՝ իր կեանքը զոհաբերեց։ Իր պարագային, ամուրիութիւնը առաւելութիւն էր։ Պօղոս առաքեալ ծառայութեան մէջ հազարաւոր քիլոմեթրներ կտրեց ու մեծ դժուարութիւններ դիմագրաւեց (Բ. Կոր. 11։23-27)։ Թէպէտ Պօղոս նախապէս ամուսնացած կրնար ըլլալ, բայց ան ընտրեց ամուրի մնալ, առաքեալ ըլլալու յանձնարարութիւնը ստանալէ ետք (Ա. Կոր. 7։7. 9։5)։ Ծառայութեան սիրոյն, թէ՛ Յիսուս եւ թէ Պօղոս ուրիշները քաջալերեցին, որ զիրենք ընդօրինակեն, եթէ կարելիութիւն կայ։ Այսուհանդերձ, անոնցմէ ո՛չ մէկը ամուրիութիւնը որպէս պահանջ սահմանեց Աստուծոյ ծառաներուն համար (Ա. Տիմ. 4։1-3

17. Ներկայիս ոմանք ինչպէ՞ս հետեւած են Յիսուսի եւ Պօղոսի ոտնահետքերուն, եւ ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ, թէ Եհովա կը գնահատէ զանոնք, որոնք այսպիսի զոհողութիւններ կ’ընեն։

17 Ներկայիս ալ ոմանք գիտակցաբար ընտրած են ամուրի մնալ, որպէսզի կարենան իրենց ծառայութեան աւելի լաւ կերպով հետամուտ ըլլալ։ Հէրոլտ, զոր նախապէս նշեցինք, աւելի քան 56 տարի Պէթէլի մէջ ծառայած է։ Ան կ’ըսէ. «Երբ Պէթէլի մէջ տասը տարի անցուցած էի, արդէն տեսած էի շատ մը ամուսնացած զոյգեր, որոնք հիւանդութեան պատճառաւ կամ տարիքաւոր ծնողի մը հոգ տանելու կարիքին համար՝ Պէթէլը ձգած էին։ Իմ ծնողքս երկուքն ալ ննջած էին։ Բայց ես Պէթէլը ա՛յնչափ կը սիրէի, որ չուզեցի ամուսնանալով այդ առանձնաշնորհումը վտանգել»։ Նմանապէս, տարիներ առաջ, Մարկրէդ անունով երկար ատենէ ռահվիրայ մը նշեց. «Կեանքիս մէջ ամուսնութեան առիթներ եղած են, բայց ես պարզապէս այդ քայլէն հեռու մնացի։ Փոխարէն, ես կրցայ ամուրիութեան տուած յաւելեալ ազատութիւնը օգտագործել, որպէսզի բազմազբաղ մնամ ծառայութեան մէջ, եւ ասիկա ինծի մե՜ծ ուրախութիւն բերած է»։ Վստահաբար, Եհովա բնա՛ւ պիտի չմոռնայ ոեւէ անձ, որ ճշմարիտ պաշտամունքին համար այսպիսի անձնուրաց զոհողութիւններ կ’ընէ (կարդա՛ Եսայի 56։4, 5

Պարագաներէդ լաւագոյնս օգտուէ՛

18. Ուրիշներ ինչպէ՞ս կրնան ամուրի քրիստոնեաները քաջալերել եւ անոնց աջակցիլ։

18 Բոլոր չամուսնացած քրիստոնեաները, որոնք իրենց լաւագոյնը կ’ընեն Եհովային ծառայելու, արժանի են մեր սրտագին գովասանքին եւ քաջալերութեան։ Մենք կը սիրենք զանոնք ինչպէս որ են, եւ այն նշանակալից նպաստին համար, զոր կը բերեն ժողովքին։ Անոնք բնա՛ւ միայնակ պիտի չզգան, եթէ ի՛րապէս ըլլանք անոնց հոգեւոր ‘եղբայրները եւ քոյրերը ու մայրերը եւ որդիները’ (կարդա՛ Մարկոս 10։28-30

19. Ի՞նչ կրնաս ընել, որպէսզի ամուրիութենէդ լաւագոյնս օգտուիս։

19 Ըլլաս ամուրի ընտրութեա՛մբ թէ պարագաներու բերումով, թող այս աստուածաշնչական եւ արդի օրինակները քեզ հաւաստիացնեն, թէ կրնա՛ս երջանիկ եւ արդիւնաբեր կեանք մը վարել։ Կարգ մը պարգեւներ անձկագին կ’ակնկալուին, մինչդեռ ուրիշներ բոլորովին անսպասելի են։ Ոմանք անմիջապէս կը գնահատուին, մինչդեռ ուրիշներ միայն ժամանակի ընթացքին կ’արժեւորուին։ Ուստի շատ բան կախեալ է մեր կեցուածքէն։ Ի՞նչ կրնաս ընել, որպէսզի ամուրիութենէդ լաւագոյնս օգտուիս։ Եհովային աւելի մօտեցի՛ր, Աստուծոյ ծառայութեան մէջ ընելիք շատ բան ունեցի՛ր, եւ ուրիշներու հանդէպ սէրդ լայնցո՛ւր։ Ամուսնութեան նման, ամուրիութիւնը կրնայ վարձատրելի ըլլալ, երբ զայն դիտենք Աստուծոյ հայեցակէտով եւ այս պարգեւը իմաստութեամբ գործածենք։

Կը յիշե՞ս

• Ամուրիութիւնը ի՞նչ կերպերով կրնայ պարգեւ մը ըլլալ։

• Երիտասարդութեան մէջ ամուրիութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ օրհնութիւն մը ըլլալ։

• Ամուրի քրիստոնեաները ի՞նչ պատեհութիւններ ունին Եհովային աւելի մօտենալու եւ սիրոյ մէջ լայննալու։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 20]

Աստուծոյ ծառայութեան մէջ ունեցած պատեհութիւններէդ լաւագոյնս կ’օգտուի՞ս