Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

‘Եհովայի անունին ապաւինեցէ՛ք’

‘Եհովայի անունին ապաւինեցէ՛ք’

‘Եհովայի անունին ապաւինեցէ՛ք’

«Խոնարհ ու աղքատ ժողովուրդ մը իբր մնացորդ պիտի թողում, որոնք Տէրոջը անուանը պիտի յուսան [«Եհովայի անունին պիտի ապաւինին», ՆԱ]» (ՍՈՓ. 3։12

1, 2. Մօտ ատենէն ի՞նչ այլաբանական փոթորիկ մը մարդկութիւնը պիտի հարուածէ։

ԵՐԲԵՔ հարկ տեսա՞ծ ես տեղատարափ անձրեւի մը կամ կարկտաբեր փոթորիկի մը պատճառով, կամուրջի մը տակ ապաստանիլ։ Կամուրջ մը թերեւս քեզի բաւարար պատսպարան հանդիսանայ տեղատարափ անձրեւէ կամ կարկտաբեր փոթորիկէ, բայց ան հաւանաբար չնչին պաշտպանութիւն պիտի հայթայթէ փոթորկահովէ կամ ոլորամրրիկէ։

2 Տարբեր տեսակի փոթորիկ մը կը մօտենայ,– փոթորիկ մը, որ մարդկային ցեղին գոյութեան կը սպառնայ։ Անիկա այլաբանական «փոթորիկի օր» մըն է (ՆԱ)։ «Տէրոջը [այս] մեծ օրը» ամբողջ մարդկութեան պիտի ազդէ։ Սակայն կրնա՛նք մեզի հարկ եղած ապաստանը գտնել (կարդա՛ Սոփոնիա 1։14-18Ասիկա ինչպէ՞ս կրնանք ընել՝ շուտով սկսելիք «Տէրոջը բարկութեան օր»ուան ընթացքին։

Փոթորիկի օրեր՝ աստուածաշնչական ժամանակներուն մէջ

3. Իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութեան վրայ ի՞նչ «կարկուտի փոթորիկ» մը եկաւ։

3 Եհովայի օրը պիտի սկսի՝ երկրագունդին վրայ եղող բոլոր սուտ կրօնական դրութիւններուն կործանումով։ Թէ ինչպէ՛ս ապաստան գտնել, կրնանք Աստուծոյ վաղեմի ժողովուրդին պատմութեան մէջէն պատասխանը պրպտել։ Եսայի, որ մ.թ.ա. 8–րդ դարուն ապրեցաւ, հաւատուրաց Իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութեան վրայ Եհովայի դատաստանը նմանցուց «կարկուտի փոթորիկ»ի մը, որուն մարդիկ պիտի չկարենային արգելք հանդիսանալ (կարդա՛ Եսայի 28։1, 2Այդ մարգարէութիւնը կատարուեցաւ մ.թ.ա. 740–ին, երբ Ասորեստան ներխուժեց այդ ցեղերուն երկիրը, որոնց մէջ Եփրեմը ամէնէն կարկառունն էր։

4. Մ.թ.ա. 607–ին, «Տէրոջը մեծ օր» մը ինչպէ՞ս Երուսաղէմը հարուածեց։

4 Անհաւատարիմ իսրայէլի դատաստանին յաջորդեց մ.թ.ա. 607–ին՝ «Տէրոջը մեծ օր» մը Երուսաղէմի եւ Յուդայի թագաւորութեան դէմ։ Այդ դէպքը պատահեցաւ, քանի որ Յուդայի բնակիչներն ալ հաւատուրաց դարձած էին։ Նաբուգոդոնոսորի առաջնորդութեան ներքեւ բաբելոնացիները սպառնացին Յուդային եւ անոր մայրաքաղաքին՝ Երուսաղէմին։ Յուդայի բնակիչները օգնութեան համար դիմած էին «ստութեան պատսպարան»ին, այսինքն՝ Եգիպտոսի հետ իրենց քաղաքական դաշնակցութեան։ Սակայն բաբելոնացիները կործանարար փոթորիկի մը պէս այդ «պատսպարան»ը սրբեցին (Եսա. 28։14, 17

5. Բոլոր սուտ կրօնքներու կործանումին ընթացքին, Աստուծոյ ժողովուրդին՝ որպէս խումբ՝ ի՞նչ պիտի պատահի։

5 Երուսաղէմը հարուածող Եհովայի մեծ օրը մատնանշում մըն էր մեր օրերուն հաւատուրաց քրիստոնեայ աշխարհին վրայ գալիք դատաստանին։ Աւելին, «Մեծ Բաբելոն»ին՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան մնացեալ մասը պիտի կործանուի։ Անկէ ետք, Սատանայի իրերու ամբարիշտ դրութեան մնացած մասերը պիտի բնաջնջուին։ Բայց Աստուծոյ ժողովուրդը՝ որպէս խումբ՝ պիտի վերապրի, որովհետեւ Եհովայի անունին կ’ապաւինի (Յայտ. 7։14. 18։2, 8. 19։19-21

Հոգեւոր ու ֆիզիքական ապաստանարան

6. Եհովայի ժողովուրդը ինչպէ՞ս կրնայ ապաստանարան գտնել։

6 Այս վերջին ժամանակին ընթացքին, Աստուծոյ ժողովուրդը ինչպէ՞ս կրնայ նոյնիսկ հիմա ապաստանարան գտնել։ Հոգեւոր ապաստանարան կը գտնենք, ջերմեռանդ աղօթքով ‘Աստուծոյ անուան վրայ մտածելով’ եւ նախանձախնդրօրէն իրեն ծառայելով (կարդա՛ Մաղաքիա 3։16-18Սակայն կը գիտակցինք, թէ իր անունին վրայ լոկ մտածելէն աւելի՛ն պէտք է ընենք։ Կը կարդանք. «Ով որ Տէրոջը անունը կը կանչէ՝ պիտի փրկուի» (Հռով. 10։13)։ Եհովայի անունը կանչելուն եւ անոր կողմէ եղած փրկութեան միջեւ կապ մը կայ։ Եւ բազմաթիւ պարկեշտամիտ անհատներ կրնան տարբերութիւնը տեսնել՝ ճշմարիտ քրիստոնեաներու, որոնք ակնածանքով ‘անոր անուան վրայ կը մտածեն’ ու որպէս իր Վկաները կը ծառայեն, եւ ա՛յն մարդոց միջեւ, որոնք իրեն չեն ծառայեր։

7, 8. Առաջին դարու քրիստոնեաները ի՞նչ կերպով ֆիզիքապէս փրկուեցան, եւ ի՞նչ արդի նմանութիւն կրնանք գտնել։

7 Ասով մէկտեղ, մեզի մատչելի եղած փրկութիւնը սահմանափակուած չէ հոգեւոր ապաստանարան գտնելուն։ Աստուծոյ ժողովուրդին համար ֆիզիքական փրկութիւն խոստացուած է։ Ասոր մատնանշումը կը տեսնենք՝ մ.թ. 66–ին տեղի ունեցած դէպքով, Սեսդիոս Գաղիոսի առաջնորդութեամբ հռոմէական բանակը Երուսաղէմին վրայ յարձակելէ ետք։ Յիսուս նախագուշակած էր թէ այդ նեղութեան օրերը ‘պիտի կարճնային’ (Մատ. 24։15, 16, 21, 22, ԱԾ)։ Ասիկա պատահեցաւ, երբ հռոմէական գունդերը անսպասելիօրէն քաղաքին պաշարումը լքեցին, ինչ որ թոյլ տուաւ որոշ «մարմին»ի, այսինքն՝ ճշմարիտ քրիստոնեաներու, որ ‘փրկուի’։ Անոնք քաղաքէն ու մօտակայ շրջանէն կրցան փախչիլ։ Ոմանք Յորդանանը կտրեցին եւ արեւելեան կողմը լեռներուն մէջ ապաստանարան գտան։

8 Այդ քրիստոնեաներուն եւ Աստուծոյ այժմու ժողովուրդին միջեւ կրնանք համեմատութիւն դնել։ Անցեալին, առաջին դարու քրիստոնեաները ապաստանարան փնտռեցին, եւ Աստուծոյ այժմու ծառաներն ալ նոյնը պիտի ընեն։ Բայց այս անգամ, ապաստանիլը պիտի չպարփակէ բառացի փախուստ դէպի աշխարհագրական մէկ վայր, որովհետեւ ճշմարիտ քրիստոնեաները համայն երկրագունդին վրայ կը գտնուին։ Սակայն որպէս ժողովուրդ, «ընտրեալներ»ը եւ իրենց հաւատարիմ ընկերակիցները հաւատուրաց քրիստոնեայ աշխարհին վախճանէն ֆիզիքապէս պիտի վերապրին, Եհովային եւ իր լեռնանման կազմակերպութեան ապաստանելով։

9. Որո՞նք փորձած են Եհովայի անունը մոռացութեան մատնել։ Օրինակ մը տո՛ւր։

9 Միւս կողմէ, քրիստոնեայ աշխարհը գալիք կործանումին արժանի է, քանի որ եկեղեցասէրներու մէջ հասարակաց հոգեւոր տգիտութեան կը նպաստէ եւ Աստուծոյ անունը բացայայտօրէն կ’ատէ։ Միջին դարերուն, Եւրոպայի մէջ Աստուծոյ անձնական անունը հանրածանօթ էր։ Քառագիր կոչուող եբրայերէն չորս տառերով ներկայացուած եւ յաճախ YHWH (կամ JHVH) տառադարձուած այդ անունը երեւցաւ մետաղադրամներու վրայ, շէնքերու ճակատամուտքերուն վրայ, բազմաթիւ գիրքերու եւ Աստուածաշունչերու մէջ, եւ նոյնիսկ կարգ մը կաթողիկէ ու բողոքական եկեղեցիներու մէջ։ Սակայն վերջերս հակումը եղած է՝ արմատախիլ ընել Աստուծոյ անունը Աստուածաշունչի թարգմանութիւններէն եւ այլ գործածութիւններէ։ Զայս մատնանշող մէկ բանն է՝ եպիսկոպոսներու խորհրդաժողովներուն յղուած 29 յունիս 2008 թուակիր նամակը ‘Աստուծոյ անունին’ մասին, հրատարակուած՝ Աստուածային պաշտամունքի եւ խորհուրդներու գիտութեան ժողովին կողմէ։ Անոր մէջ, հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցին յանձնարարեց, որ Քառագիրը՝ իր բոլոր թարգմանութիւններով՝ պէտք է փոխարինուի «Տէր» բառով։ Վատիկանը հրահանգեց, որ կաթողիկէ կրօնական ծառայութիւններու ընթացքին, Աստուծոյ անձնական անունը պէտք չէ գործածուի կամ արտասանուի շարականներու եւ աղօթքներու մէջ։ Եւ ուրիշ կրօնքներու առաջնորդներ, քրիստոնեայ աշխարհին մէջ եւ անկէ դուրս, նոյնպէս թաքուն պահած են ճշմարիտ Աստուծոյ ինքնութիւնը միլիոնաւո՜ր երկրպագուներէ։

Պաշտպանութիւն՝ Աստուծոյ անունը սրբացնողներուն համար

10. Ներկայիս Աստուծոյ անունը ինչպէ՞ս կը պատուուի։

10 Այլ կրօնքներու ըրածին ճիշդ հակառակը, Եհովայի վկաները կը պատուեն ու կը փառաւորեն աստուածային անունը։ Անոնք զայն կը սրբացնեն՝ յարգալից կերպով գործածելով զայն։ Եհովա կը հաճի անոնց, որոնք իրեն կը վստահին, ու կ’ըլլայ ի՛նչ որ անհրաժեշտ է իր ժողովուրդը օրհնելու եւ պաշտպանելու համար։ Ան «իրեն ապաւինողները կը ճանչնայ» (Նաւ. 1։7. Գործք 15։14

11, 12. Վաղեմի Յուդայի մէջ որո՞նք Եհովայի անունը վեր բռնեցին, իսկ արդի ժամանակներուն որո՞նք նոյնը ըրած են։

11 Թէեւ վաղեմի Յուդայի մէջ մարդոց մեծամասնութիւնը հաւատուրաց եղած էր, բայց կային ոմանք՝ որոնք ‘Եհովայի անունին ապաւինեցան’ (ՆԱ) (կարդա՛ Սոփոնիա 3։12, 13Այո, երբ Աստուած անհաւատ Յուդան պատժեց, բաբելոնացիներուն արտօնելով որ երկիրը նուաճեն ու ժողովուրդը գերեվարեն, կարգ մը անհատներ խնայուեցան, ինչպէս՝ Երեմիա, Բարուք եւ Աբդեմելէք։ Անոնք հաւատուրաց ազգի մը «մէջ» ապրած էին։ Ուրիշներ հաւատարիմ մնացին, մինչ գերի էին։ Մ.թ.ա. 539–ին, Կիւրոսին առաջնորդութեան ներքեւ, մարերն ու պարսիկները նուաճեցին Բաբելոնը։ Կիւրոս շուտով հրամանագիր մը հանեց, հրեայ մնացորդի մը թոյլ տալով որ իրենց հայրենիքը վերադառնան։

12 Ինչ կը վերաբերի անոնց, որոնք ճշմարիտ պաշտամունքին այդ վերահաստատումը պիտի վայելէին, Սոփոնիա նախագուշակեց թէ Եհովա զանոնք պիտի փրկէր եւ անոնցմով ուրախանար (կարդա՛ Սոփոնիա 3։14-17Մեր օրերուն ալ ասիկա պատահած է։ Երկինքին մէջ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հաստատուելէն ետք, Եհովա Մեծ Բաբելոնի հոգեւոր գերութենէն ազատագրեց օծեալներու հաւատարիմ մնացորդը։ Եւ ան անոնցմով կ’ուրախանայ մինչեւ օրս։

13. Բոլոր ազգերէ մարդիկ ի՞նչ ազատագրում կը վայելեն։

13 Երկրագունդին վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունեցողներն ալ Մեծ Բաբելոնէն դուրս եկած են, ու սուտ կրօնական ուսուցումներէն հոգեւոր ազատագրում կը վայելեն (Յայտ. 18։4)։ Արդ, Սոփոնիա 2։3–ի գլխաւոր կատարումը մեր օրերուն կ’ըլլայ. «Տէրը փնտռեցէ՛ք, ո՛վ երկրի բոլոր խոնարհներ»։ Բոլոր ազգերէ խոնարհ մարդիկ, ըլլա՛ն անոնք երկնային յոյսին վրայ գուրգուրացողներ թէ երկրային յոյսին վրայ, այժմ Եհովայի անունին կ’ապաւինին։

Աստուծոյ անունը հմայեակ մը չէ

14, 15. ա) Ոմանք ի՞նչ բաներ գործածած են որպէս հմայեակ։ բ) Ի՞նչ բան պէտք չէ գործածուի որպէս հմայք։

14 Կարգ մը իսրայէլացիներ տաճարը հմայեակ մը նկատեցին, որ զիրենք թշնամիներէն պիտի պաշտպանէր (Եր. 7։1-4)։ Նախապէս, իսրայէլացիները ուխտին տապանակը հմայք մը նկատեցին, որ պատերազմի մէջ զիրենք պիտի պաշտպանէր (Ա. Թագ. 4։3, 10, 11)։ Մեծն Կոստանդին իր զինուորներուն վահաններուն վրայ ներկել տուաւ յունարէն խի եւ րօ տառերը,– յունարէնով «Քրիստոս» տիտղոսին առաջին երկու գիրերը,– յուսալով որ ասիկա պատերազմին մէջ իր զինուորները պաշտպանէ։ Եւ կը կարծուի, թէ Շուէտի թագաւորը՝ Կուսթավ Ատոլֆ Բ.–ը, որ Երեսունամեայ պատերազմին մէջ պատերազմեցաւ, զրահ մը հագաւ, որուն մանեակին վրայ ցայտուն կերպով Iehova անունը դրուած էր։

15 Աստուծոյ ժողովուրդէն ոմանք՝ որոնց վրայ դեւերը յարձակած են, Եհովային քով ապաստան գտած են՝ իր անունը բարձրաձայն կանչելով։ Այսուհանդերձ, Աստուծոյ անունը ցուցադրող առարկայ մը պէտք չէ հմայեակ նկատուի, կամ առօրեայ կեանքին մէջ գործածուի որպէս հմայք, կարծես թէ պաշտպանելու որոշ կախարդական զօրութիւն ունի։ Եհովայի անունին ապաւինելուն նշանակութիւնը ասիկա չէ։

Ներկայիս ապաստանիլ

16. Ներկայիս ինչպէ՞ս կրնանք հոգեւորապէս ապաստանիլ։

16 Ներկայիս ապաստան կը գտնենք ա՛յն հոգեւոր ապահովութեան մէջ, զոր Աստուծոյ ժողովուրդը՝ որպէս խումբ՝ կը վայելէ (Սաղ. 91։1)։ «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին եւ ժողովքին երէցներուն միջոցով, մեզի զգուշացում կը տրուի աշխարհի հոսանքներուն մասին, որոնք կրնան այդ ապահովութիւնը վտանգել (Մատ. 24։45-47. Եսա. 32։1, 2)։ Խորհէ՛ թէ քանի՜ անգամ մեզի ազդարարութիւն տրուած է նիւթապաշտութեան մասին, եւ նկատի առ թէ այդպիսի զգուշացումներ ինչպէ՛ս հոգեւոր աղէտէ մեզ պաշտպանած են։ Իսկ ինչ կը վերաբերի անհոգ կեցուածք մը զարգացնելու վտանգին, որ կրնայ մեզ անգործունեայ դարձնել Եհովայի ծառայութեան մէջ, Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Յիմարներուն անհոգութիւնը զիրենք պիտի կորսնցնէ։ Բայց ինծի մտիկ ընողը ապահովութեամբ պիտի բնակի ու չարիքներու վախէն հանդարտ պիտի ըլլայ» (Առ. 1։32, 33)։ Բարոյապէս մաքուր մնալու ջանքն ալ մեզի կ’օգնէ, որ մեր հոգեւոր ապահովութիւնը պահպանենք։

17, 18. Ի՞նչ բան միլիոնաւորներու կ’օգնէ, որ ներկայիս Եհովայի անունին ապաւինին։

17 Նաեւ մտածէ՛ հաւատարիմ ծառային տուած քաջալերութեան մասին, որ հետեւինք Յիսուսի պատուէրին,– Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզել բովանդակ աշխարհի մէջ (Մատ. 24։14. 28։19, 20)։ Սոփոնիա նշեց փոփոխութիւն մը, որ մարդոց պիտի օգնէր Աստուծոյ անունին ապաւինելու։ Կը կարդանք. «Այն ժամանակ ժողովուրդներուն շրթունքները մաքուր շրթունքներու [«լեզուի մը», ՆԱ] պիտի դարձնեմ, որպէս զի ամէնքը Տէրոջը անունը կանչեն ու մէկ սրտով [«ուս ուսի», ՆԱ] անոր ծառայութիւն ընեն» (Սոփ. 3։9

18 Ի՞նչ է այս մաքուր լեզուն։ Մաքուր լեզուն Եհովա Աստուծոյ եւ իր նպատակներուն մասին ճշմարտութիւնն է, ինչպէս որ կը գտնուի իր ներշնչեալ Խօսքին մէջ։ Առումով մը այդ լեզուն կը գործածես, երբ ուրիշներուն կը հաղորդես՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին շիտակ հասկացողութիւնը եւ թէ ատիկա ինչպէ՛ս պիտի սրբացնէ իր անունը, երբ Աստուծոյ գերիշխանութեան ջատագովման վրայ շեշտ կը դնես, ու երբ ուրախութեամբ կը խօսիս այն յաւիտենական օրհնութիւններուն մասին, զորս հաւատարիմ մարդիկը պիտի վայելեն։ Շատերու կողմէ այս այլաբանական լեզուն խօսուելուն առ ի արդիւնք, հետզհետէ աւելցող թիւով անհատներ ‘Տէրոջը անունը կը կանչեն’ եւ ‘ուս ուսի անոր ծառայութիւն կ’ընեն’։ Այո, համայն աշխարհին մէջ միլիոնաւորներ այժմ Եհովային քով ապաստան կը գտնեն (Սաղ. 1։1, 3

19, 20. Աստուածաշնչական ժամանակներուն մէջ, «ստութեան պատսպարան»ին վստահիլը ինչպէ՞ս ձախողեցաւ։

19 Աշխարհին մէջ մարդիկ երեւութապէս անյաղթահարելի խնդիրներու հետ պէտք է գլուխ ելլեն։ Իրենց խնդիրները լուծելու յուսահատ ըլլալով, շատեր անկատար մարդոց կը դիմեն։ Կամ անոնք քաղաքական հաստատութիւններէն լուծումներ կը յուսան, ճիշդ ինչպէս որ վաղեմի իսրայէլը օգնութեան համար ատեն–ատեն դիմեց մերձակայ ազգերուն, անոնց հետ դաշնակցութիւններ կնքելով։ Բայց դուն գիտես թէ այդ քայլը իսրայէլին չօգնեց։ Եւ ներկայիս ո՛չ մէկ պետութիւն, ոչ ալ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը, լիովին պիտի լուծէ մարդկութեան խնդիրները։ Ուստի ինչո՞ւ մէկը ապաստան նկատէ քաղաքական հաստատութիւններն ու դաշնակցութիւնները։ Աստուածաշունչը զանոնք մարգարէաբար կը կոչէ՝ «ստութեան պատսպարան»։ Կրնաս զանոնք իրաւացիօրէն այդպէս նկատել, որովհետեւ բոլոր անոնք, որոնք իրենց յոյսը անոնց վրայ կը դնեն, դառնօրէն յուսախաբ պիտի ըլլան (կարդա՛ Եսայի 28։15, 17

20 Մօտ ատենէն, Եհովայի օրուան այլաբանական կարկտաբեր փոթորիկը երկիրը պիտի հարուածէ։ Մարդկային ծրագիրները կարող պիտի չըլլան պաշտպանութիւն հայթայթելու, ոչ ալ՝ հիւլէական պատսպարանները կամ հարստութիւնը։ Եսայի 28։17–ն կը մատնանշէ. «Կարկուտը ստութեան պատսպարանը պիտի տանի ու ջուրերը պահուելու տեղը պիտի կոխեն»։

21. 2011–ի տարուան համարին հետեւելով, ի՞նչ օգուտ կրնանք ստանալ։

21 Թէ՛ ներկայիս եւ թէ այդ ապագայ զարգացումին ընթացքին, Աստուծոյ ժողովուրդը իսկական ապահովութիւն պիտի գտնէ իր Եհովա Աստուծոյն քով։ Սոփոնիայի անունը, որ կը նշանակէ «Եհովա հովանաւորած է», կը մատնանշէ հովանաւորութեան այս ճշմարիտ աղբիւրը։ Տեղին ըլլալով, 2011–ի տարուան համարն է սա իմաստուն խրատը. ‘Եհովայի անունին ապաւինեցէք’ (Սոփ. 3։12, ՆԱ)։ Նոյնիսկ հիմա կրնանք ու հարկ է որ Եհովայի անունին ապաւինինք, անվերապահօրէն իրեն վստահելով (Սաղ. 9։10)։ Ամէն օր ի մտի ունենանք սա ներշնչեալ երաշխիքը. «Տէրոջը անունը ամուր աշտարակ է, արդարը անոր կը դիմէ ու ապահով ապաստանարան կ’ունենայ» (Առ. 18։10

Կը յիշե՞ս

• Այժմ ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի անունին ապաւինիլ։

• Ինչո՞ւ պէտք չէ վստահինք «ստութեան պատսպարան»ին։

• Ապագային համար ի՞նչ ապաստան երաշխաւորուած է մեզի։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Մէջբերում՝ էջ 14]

2011–ի տարուան համարը. ‘Եհովայի անունին ապաւինեցէք’ (Սոփոնիա 3։12, ՆԱ