Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Զօրացած՝ փորձութեան դիմադրելու եւ վհատութեան հետ գլուխ ելլելու

Զօրացած՝ փորձութեան դիմադրելու եւ վհատութեան հետ գլուխ ելլելու

Զօրացած՝ փորձութեան դիմադրելու եւ վհատութեան հետ գլուխ ելլելու

«Սուրբ Հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք» (ԳՈՐԾՔ 1։8

1, 2. Յիսուս իր աշակերտներուն ի՞նչ օգնութիւն խոստացաւ, եւ անոնք ինչո՞ւ ատոր կարիքը պիտի ունենային։

ՅԻՍՈՒՍ գիտէր, թէ իր աշակերտները իրենց ուժովը չէին կրնար իր տուած բոլոր պատուիրանքները կատարել։ Նկատի ունենալով անոնց քարոզելու յանձնարարութեան տարողութիւնը, անոնց հակառակորդներուն զօրութիւնը եւ մարդկային մարմնի տկարութիւնը, յստակ էր թէ անոնք գերմարդկային ուժի կարիք ունէին։ Հետեւաբար, երկինք համբառնալէն քիչ առաջ, Յիսուս իր աշակերտները հաւաստիացուց. «Սուրբ Հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք ու ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 1։8

2 Այդ խոստումը սկսաւ կատարուիլ մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէին, երբ սուրբ հոգին Յիսուս Քրիստոսի հետեւորդները զօրացուց, որ իրենց քարոզչութեամբ Երուսաղէմը լեցնեն։ Ո՛չ մէկ հակառակութիւն կրցաւ զայն կասեցնել (Գործք 4։20)։ «Ամէն օր. . . մինչեւ աշխարհիս վերջը» Յիսուսի հաւատարիմ հետեւորդները, ի ներառեալ մենք, այդ նոյն աստուածատուր զօրութեան հրատապ կարիքը պիտի ունենային (Մատ. 28։20

3. ա) Սուրբ հոգիին եւ զօրութեան տարբերութիւնը բացատրէ՛։ բ) Եհովայի կողմէ տրուած զօրութիւնը կրնայ մեզի օգնել որ ի՞նչ ընենք։

3 Յիսուս իր աշակերտներուն խօսք տուաւ, թէ ‘սուրբ հոգին իրենց վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէին’։ «Հոգի» եւ «զօրութիւն» բառերը իմաստով իրարմէ տարբեր են։ Աստուծոյ հոգին՝ իր գործօն ուժը, կը ներկայացնէ ոյժ մը, որ կ’արձակուի ու կը բանեցուի անհատներու կամ առարկաներու վրայ, Աստուծոյ կամքը իրագործելու համար։ Սակայն զօրութիւնը կրնայ սահմանուիլ որպէս՝ «գործելու կամ արդիւնք մը մէջտեղ հանելու կարողութիւնը»։ Անիկա կրնայ մէկու մը կամ բանի մը մէջ անգործունեայ կերպով մնալ, մինչեւ որ տուեալ արդիւնք մը մէջտեղ բերելու կարիք ըլլայ։ Արդ, սուրբ հոգին կրնայ նմանցուիլ այն ելեկտրական հոսանքին, որ վերալիցքաւորելի մարտկոցի մը ոյժ կը հայթայթէ, մինչդեռ զօրութիւնը աւելի կը նմանի այն թաքուն ուժին, որ մարտկոցին մէջ կ’ամբարուի։ Այն զօրութիւնը, զոր Եհովա սուրբ հոգիին միջոցով կը շնորհէ իր ծառաներուն, իւրաքանչիւրիս կարողութիւն կու տայ, որ մեր քրիստոնէական նուիրումին համաձայն ապրինք եւ, երբ անհրաժեշտ ըլլայ, մեր վրայ բանեցուած ժխտական ուժերուն դիմադրենք (կարդա՛ Միքիա 3։8. Կողոսացիս 1։29

4. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ բաներ նկատի պիտի առնուին, եւ ինչո՞ւ։

4 Սուրբ հոգիով մեզի տրուած զօրութիւնը ինչպէ՞ս յայտնի կ’ըլլայ։ Ինչպիսի՞ արարքներ կամ հակազդեցութիւններ կրնան անոր ազդեցութեան արդիւնքը ըլլալ։ Մինչ կը ջանանք հաւատարմօրէն Աստուծոյ ծառայել, բազմաթիւ խոչընդոտներ կը դիմագրաւենք, որոնք ծագում կ’առնեն Սատանայէն, անոր իրերու դրութենէն կամ մեր անկատար մարմինէն։ Կարեւոր է որ այդպիսի խոչընդոտներ յաղթահարենք, որպէսզի յարատեւենք որպէս քրիստոնեաներ, ծառայութեան կանոնաւորաբար մասնակցինք, եւ Եհովայի հետ լաւ փոխյարաբերութիւն մը պահպանենք։ Նկատի առնենք թէ սուրբ հոգին ինչպէ՛ս մեզի կ’օգնէ, որ փորձութեան դիմադրենք եւ յոգնածութեան ու վհատութեան հետ գլուխ ելլենք։

Զօրացած՝ փորձութեան դիմադրելու

5. Աղօթքը ինչպէ՞ս կրնայ մեզ զօրացնել։

5 Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ աղօթեն. «Մեզ փորձութեան մի՛ տանիր, հապա չարէն մեզ ազատէ» (Մատ. 6։13)։ Եհովա պիտի չլքէ իր հաւատարիմ ծառաները, որոնք այս խնդրանքը կը ներկայացնեն։ Ուրիշ առիթով մը, Յիսուս ըսաւ թէ «Հայրը երկնքէն Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն» (Ղուկ. 11։13)։ Ո՜րքան հաւաստիացուցիչ բան մըն է, որ Եհովա կը խոստանայ մեզի շնորհել այս ուժը, որ արդարութիւն գործելու կը մղէ։ Անշուշտ ասիկա չի նշանակեր թէ Եհովա մեզ ետ պիտի պահէ փորձուելէն (Ա. Կոր. 10։13)։ Բայց երբ փորձութիւն դիմագրաւենք, ժամանակն է որ աւելի ջերմեռանդօրէն աղօթենք (Մատ. 26։42

6. Յիսուս Սատանայի փորձութիւններուն իր պատասխանները ի՞նչ բանի վրայ հիմնեց։

6 Առ ի պատասխան Բանսարկուի փորձութիւններուն, Յիսուս համարներ մէջբերեց։ Յիսուս Աստուծոյ Խօսքը յստակօրէն իր մտքին մէջ ունէր, երբ ըսաւ. «Գրուած է. . . Դարձեալ գրուած է. . . Ետիս գնա, Սատանա՛յ, վասն զի գրուած է թէ՝ ‘Քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընես ու միայն զանիկա պաշտես’»։ Եհովայի եւ անոր Խօսքին հանդէպ Յիսուսի սէրը զինք խթանեց, որ Փորձողին ներկայացուցած հրապոյրները մերժէ (Մատ. 4։1-10)։ Յիսուս կրկին անգամ փորձութեան դիմադրելէ ետք, Սատանան թողուց զինք։

7. Աստուածաշունչը մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ փորձութեան դիմադրելու։

7 Որովհետեւ Յիսուս Բանսարկուին փորձութիւններուն դիմադրելու համար Սուրբ Գրութիւններուն ապաւինեցաւ, ո՜րքան աւելի մե՛նք պէտք է նոյնը ընենք։ Արդարեւ, Բանսարկուին եւ անոր գործակալներուն դիմադրելու մեր կարողութիւնը կը սկսի վճռելով Աստուծոյ չափանիշներուն ծանօթանալ եւ լիովին անոնց կառչիլ։ Շատեր մղուեցան Աստուածաշունչի չափանիշներով ապրելու, մինչ Սուրբ Գրութիւնները ուսումնասիրեցին եւ սկսան գնահատել Աստուծոյ իմաստութիւնը եւ արդարութիւնը։ Արդարեւ, «Աստուծոյ խօսքը» կը բանեցնէ զօրութիւն մը, որ կրնայ քննել «սրտին խորհուրդները ու մտածումները» (Եբ. 4։12)։ Մէկը ո՛րչափ աւելի կարդայ ու խոկայ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ, ա՛յդքան աւելի կրնայ ‘Եհովայի ճշմարտութեան խելամուտ ըլլալ’ (Դան. 9։13)։ Պարագան այս ըլլալով, լաւ կ’ընենք որ խոկանք այն համարներուն վրայ, որոնք կապ ունին մեր մասնայատուկ տկարութիւններուն հետ։

8. Ի՞նչ միջոցներով կրնանք սուրբ հոգին ստանալ։

8 Յիսուս կրնա՛ր փորձութեան դիմադրել, որովհետեւ Սուրբ Գրութիւնները գիտնալու կողքին, «Սուրբ Հոգիով լեցուած» էր (Ղուկ. 4։1)։ Նոյնանման զօրութիւն եւ կարողութիւն ունենալու համար, հարկ է որ Եհովային մօտենանք՝ լիովին օգտուելով այն բոլոր կարգադրութիւններէն, զորս ըրած է՝ մեզ իր հոգիով լեցնելու համար (Յակ. 4։7, 8)։ Այս կարգադրութիւններէն ոմանք են՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը, աղօթքը եւ հաւատակիցներուն ընկերակցութիւնը։ Շատեր նաեւ գնահատած են օգուտը՝ քրիստոնէական գործունէութիւններով լի յայտագիր մը պահելուն, որ կ’օգնէ միտքը կեդրոնացած պահելու շինիչ հոգեւոր գաղափարներու վրայ։

9, 10. ա) Ի՞նչ են կարգ մը սովորական փորձութիւններ, զորս քրիստոնեաները կրնան դիմագրաւել։ բ) Խոկալը եւ աղօթելը ինչպէ՞ս կրնան քեզ զօրացնել, որ փորձութեան դիմադրես նոյնիսկ երբ յոգնած զգաս։

9 Սխալ գործելու ի՞նչ դրդումներու պէտք է դիմադրես։ Երբեք փորձուե՞ր ես անլուրջ սիրախօսութիւն ընելու մէկու մը հետ, որ քու կողակիցդ չէ։ Եթէ ամուսնացած չես, երբեք տենչ ունեցա՞ծ ես անհաւատի մը հետ ժամադրութիւն առնելու։ Հեռատեսիլ դիտելու ժամանակ կամ համացանցը գործածելու ատեն, քրիստոնեաներ թերեւս յանկարծ փորձուին, որ անմաքուր բան մը դիտեն։ Քեզի հետ այդպիսի բան մը եղա՞ծ է, եւ եթէ այո՛, ինչպէ՞ս հակազդեցիր։ Իմաստութիւն է խոկալ, թէ ինչպէ՛ս մէկ սխալ քայլը կրնայ ուրիշ սխալ քայլի առաջնորդել, ու յետոյ՝ լուրջ յանցագործութեան (Յակ. 1։14, 15)։ Մտածէ՛ այն ցաւին մասին, զոր անհաւատարիմ արարքը կրնայ պատճառել Եհովային, ժողովքին եւ ընտանիքիդ։ Միւս կողմէ, մաքուր խղճմտանքը յառաջ կու գայ աստուածային սկզբունքները հաւատարմօրէն պահելէն (կարդա՛ Սաղմոս 119։37. Առակաց 22։3Երբոր այսպիսի փորձութիւններ դիմագրաւես, վճռէ՝ աղօթքով զօրութիւն խնդրել, անոնց դիմադրելու համար։

10 Բանսարկուին փորձութիւններուն մասին յիշելիք ուրիշ բան մըն ալ կայ։ Յիսուս 40 օր անապատին մէջ ծոմ պահելէն ետքն էր, որ Սատանան անոր մօտեցաւ։ Անկասկած Բանսարկուն խորհեցաւ, թէ Յիսուսի ուղղամտութիւնը փորձելու «յարմար ժամանակ»ը յատկապէս ասիկա էր (Ղուկ. 4։13, ՆԱ)։ Սատանան մեր ուղղամտութիւնն ալ փորձելու համար յարմար ժամանակներ կը փնտռէ։ Ուստի կենսական է որ ինքզինքնիս հոգեւորապէս զօրաւոր պահենք։ Յաճախ, Սատանան կը յարձակի այն ատեն, երբ կը նկատէ թէ իր թիրախը մեծապէս տկարացած է։ Ուստի ամէն անգամ որ յոգնած կամ վհատած զգանք, ա՛լ աւելի պէտք է վճռենք Եհովայէն խնդրել իր պաշտպանիչ օգնութիւնն ու սուրբ հոգին (Բ. Կոր. 12։8-10

Զօրացած՝ յոգնածութեան եւ վհատութեան հետ գլուխ ելլելու

11, 12. ա) Ներկայիս շատեր ինչո՞ւ կը վհատին։ բ) Ի՞նչ բան կրնայ մեզ զօրացնել որ վհատութեան դիմադրենք։

11 Անկատար ըլլալով, ատեն–ատեն կը վհատինք։ Յատկապէս ներկայիս պարագան կրնայ այսպէս ըլլալ, որովհետեւ մեր ապրած ժամանակաշրջանը մասնաւորապէս ճնշիչ է։ Թերեւս մինչեւ հիմա ամբողջ մարդկութեան տեսած ամենադժուար ժամանակներէն կ’անցնինք (Բ. Տիմ. 3։1-5)։ Մինչ Արմագեդոնը կը մօտենայ, տնտեսական, զգացական եւ այլ տեսակի ճնշումներ կը կուտակուին։ Ուստի զարմանալի չէ, թէ ոմանք հետզհետէ դժուար կը գտնեն իրենց ընտանիքին հոգ տանելու եւ ապրուստը ճարելու պատասխանատուութիւնը կատարելը։ Անոնք յոգնած, բեռնաւորուած, մաշած եւ նոյնիսկ սպառուած կը զգան։ Եթէ պարագադ այդպէս է, ինչպէ՞ս կրնաս ճնշումին հետ գլուխ ելլել։

12 Մտաբերէ թէ Յիսուս իր աշակերտները հաւաստիացուց, որ իրենց պիտի տար օգնական մը,– Աստուծոյ սուրբ հոգին (կարդա՛ Յովհաննէս 14։16, 17Ասիկա տիեզերքին մէջ ամենազօրաւոր ուժն է։ Եհովա մեզի հարկ եղած զօրութիւնը կրնայ «աւելի առատացնել» սուրբ հոգիով, որպէսզի կարենանք որեւէ փորձութեան տոկալ (Եփ. 3։20)։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ, թէ ատոր վստահելով՝ «անսահման զօրութիւն» կը ստանանք, թէեւ «ամէն տեսակ նեղութիւն ունինք» (Բ. Կոր. 4։7, 8, Անթիլիաս)։ Եհովա ճնշուածութիւնը վերցնելու խօսք չի տար, բայց մեզ կը հաւաստիացնէ թէ իր հոգիին միջոցով, մեզի զօրութիւն պիտի տայ որ ճնշուածութեան հետ գլուխ ելլենք (Փլպ. 4։13

13. ա) Պատանուհի մը ինչպէ՞ս զօրացած է դժուար կացութեան մը հետ գլուխ ելլելու համար։ բ) Նոյնանման օրինակներ գիտե՞ս։

13 Ստեֆանի անունով 19 տարեկան կանոնաւոր ռահվիրայի մը օրինակը նկատի առ։ 12 տարեկանին, ան կաթուած ունեցաւ, իսկ ախտաճանաչումը եղաւ՝ ուղեղի ուռեցք։ Անկէ ի վեր, ան երկու վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ, շողաբուժութիւն ստացաւ եւ երկու կաթուած եւս ունեցաւ, որոնք պատճառ եղան որ իր ձախ կողմը ազատօրէն չշարժէ եւ տեսողութիւնը սահմանափակուի։ Ստեֆանի ստիպուած է իր կորովը պահել այնպիսի բաներու, զորս աւելի կարեւոր կը նկատէ, ինչպէս՝ քրիստոնէական ժողովները եւ դաշտի ծառայութիւնը։ Այսուհանդերձ ան կ’ըմբռնէ, թէ Եհովայի զօրացուցիչ ձեռքը շատ մը կերպերով իրեն կ’օգնէ տոկալու։ Վհատութեան պահերուն, հաւատակիցներու փորձառութիւններ բովանդակող աստուածաշնչական հրատարակութիւնները անոր տրամադրութիւնը բարելաւած են։ Եղբայրներն ու քոյրերը իրեն թիկունք կանգնած են, նամակներ ղրկելով կամ ժողովներէն առաջ ու ետք՝ իրեն քաջալերական խօսքեր ըսելով։ Հետաքրքրուած անհատներն ալ գնահատած են ինչ որ Ստեֆանի իրենց կը սորվեցնէ, իրենց աստուածաշնչական ուսուցումը ստանալու համար իր տունը երթալով։ Այս բոլորին համար, Ստեֆանի շա՜տ երախտապարտ է Եհովային։ Անոր ամէնէն սիրած համարն է՝ Սաղմոս 41։3–ը, եւ ան կը հաւատայ թէ այս համարը իրեն կիրարկուած է։

14. Վհատութեան պահերուն, ի՞նչ բանէ պէտք է խուսափինք եւ ինչո՞ւ։

14 Երբ յոգնած կամ ճնշումի տակ ենք, բնա՜ւ պէտք չէ պատճառաբանենք, թէ ճնշուածութեան հետ վարուելու կերպն է՝ հոգեւոր գործունէութիւնները թեթեւցնել։ Ասիկա ամէնէն գէշ բանն է որ կրնանք ընել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այդպիսի գործունէութիւններ, ինչպէս՝ Աստուածաշունչի անձնական եւ ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը, դաշտի ծառայութիւնը եւ ժողովներուն ներկայ գտնուիլը, միջոցներ են՝ որոնցմով կը ստանանք վերակազդուրիչ սուրբ հոգին։ Քրիստոնէական գործունէութիւնները մի՛շտ թարմացուցիչ են (կարդա՛ Մատթէոս 11։28, 29Ո՜րքան յաճախ եղբայրներն ու քոյրերը յոգնած զգալով ժողովի կու գան, բայց երբ տուն երթալու ժամանակը գայ, կարծես թէ անոնց ուժը վերանորոգուած է, անոնց հոգեւոր մարտկոցները լեցուն են։

15. ա) Արդեօք Եհովա խօսք կու տա՞յ, թէ քրիստոնեային համար կեանքը դիւրին պիտի դարձնէ. Աստուածաշունչով պատասխանէ։ բ) Աստուած մեզի ի՞նչ կը խոստանայ, եւ ասիկա ի՞նչ հարցումի կ’առաջնորդէ։

15 Անշուշտ ասիկա չի նշանակեր, թէ քրիստոնեայ աշակերտ ըլլալու բեռը անկշիռ է։ Հաւատարիմ քրիստոնեայ ըլլալը ջա՛նք կը պահանջէ (Մատ. 16։24-26. Ղուկ. 13։24)։ Այսուհանդերձ, Եհովա սուրբ հոգիին միջոցով կրնայ յոգնածին զօրութիւն տալ։ Եսայի մարգարէն գրեց. «Տէրոջը ապաւինողներուն ոյժը պիտի նորոգուի եւ անոնք արծիւներու պէս թեւերով վեր պիտի ելլեն, պիտի վազեն ու չթուլնան, պիտի քալեն ու չյոգնին» (Եսա. 40։29-31)։ Պարագան այս ըլլալով, լաւ կ’ընենք որ մենք մեզի հարց տանք. «Հոգեւոր յոգնութեան իսկական պատճառը ի՞նչ է»։

16. Յոգնածութեան կամ վհատութեան հաւանական պատճառները ջնջելու համար, ի՞նչ կրնանք ընել։

16 Եհովայի Խօսքը մեզ կը յորդորէ, որ ‘լաւ բաները ընտրենք’ (Փլպ. 1։10)։ Քրիստոնէական կեանքի ընթացքը երկար մրցավազքի մը նմանցնելով, Պօղոս առաքեալ ներշնչման ներքեւ յանձնարարեց. «Ամէն ծանրութիւն մեր վրայէն մէկդի ձգենք եւ. . . համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը» (Եբ. 12։1)։ Իր միտք բանին այն էր, որ պէտք է խուսափինք աւելորդ հետապնդումներէ, անհարկի ծանրութիւններէ, որոնք մեզ պիտի մաշեցնեն։ Կրնայ ըլլալ որ մեզմէ ոմանք արդէն իսկ բազմազբաղ կեանքին մէջ պարզապէս կը փորձեն բազմաթի՜ւ բաներ թխմել։ Ուստի եթէ յաճախ յոգնած եւ ճնշումի տակ կը զգաս, կրնաս օգտուիլ վերաքաղ ընելով, թէ ինչպէ՛ս աշխարհային գործիդ պահանջներուն գոհացում կու տաս, քանի՛ անգամ կը ճամբորդես հաճոյքի համար, եւ ո՛ր տարողութեամբ հետամուտ կ’ըլլաս մարմնամարզանքին կամ այլ ժամանցներու։ Խոհեմութիւնն ու համեստութիւնը բոլորս պէտք է մղեն, որ մեր սահմանափակումներուն գիտակից ըլլանք եւ անհարկի պարտաւորութիւնները նուազագոյնի իջեցնենք։

17. Ոմանք թերեւս ինչո՞ւ վհատին, բայց Եհովա այս ուղղութեամբ ի՞նչ երաշխիք կու տայ։

17 Նաեւ կրնայ ըլլալ, որ մեզմէ ոմանք որոշ չափով վհատին, քանի որ այս իրերու դրութեան վախճանը մեր ակնկալածին պէս կանուխ չէ եկած (Առ. 13։12)։ Սակայն ոեւէ անձ որ այս կերպով կը զգայ, կրնայ քաջալերուիլ Ամբակում 2։3–ի խօսքերով. «Տեսիլքը որոշուած ժամանակի համար է, բայց դէպի վախճանը կ’արտորայ եւ սուտ պիտի չելլէ. եթէ ուշանայ՝ անոր սպասէ, քանզի անշուշտ պիտի գայ, ետ պիտի չմնայ»։ Եհովա մեզի երաշխիք տուած է, թէ այս իրերու դրութեան վախճանը իր որոշած ճիշդ ժամանակին պիտի գայ։

18. ա) Ի՞նչ խոստումներ քեզ կը զօրացնեն։ բ) Յաջորդ յօդուածը մեզի ինչպէ՞ս օգտաբեր պիտի ըլլայ։

18 Վստահաբար, Եհովայի բոլոր հաւատարիմ ծառաները մեծ փափաքով կը սպասեն այն օրուան, երբ յոգնածութիւնը եւ վհատութիւնը պիտի անհետանան, երբ բոլոր ապրողները «երիտասարդական աւիւն» պիտի վայելեն (Յոբ 33։25 ՆԱ)։ Նոյնիսկ հիմա կրնանք սուրբ հոգիին գործունէութեամբ ներսէն զօրաւոր դառնալ, մինչ կազդուրիչ հոգեւոր գործունէութիւններու կը մասնակցինք (Բ. Կոր. 4։16. Եփ. 3։16)։ Թոյլ մի՛ տար յոգնածութեան որ պատճառ ըլլայ, որ յաւերժական օրհնութիւնները փախցնես։ Ամէն դժուարութիւն,– որուն պատճառը ըլլա՛յ փորձութիւն, յոգնածութիւն կամ վհատութիւն,– պիտի անցնի, եթէ ոչ անմիջապէս, ուրեմն Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ։ Յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք, թէ սուրբ հոգին ինչպէ՛ս կը զօրացնէ քրիստոնեաները որ հալածանքին դիմանան, հասակակիցներու վնասակար ճնշումին դիմադրեն, եւ զանազան այլ նեղութիւններու տոկան։

Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանես

• Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը ինչպէ՞ս մեզ կը զօրացնէ։

• Աղօթքն ու խոկալը ինչպէ՞ս մեզ կը զօրացնեն։

• Վհատութեան հաւանական պատճառները ինչպէ՞ս կրնաս ջնջել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 26]

Քրիստոնէական ժողովները կրնան մեզ հոգեւորապէս կազդուրել