Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Անօրէնութիւնը կ’ատե՞ս

Անօրէնութիւնը կ’ատե՞ս

Անօրէնութիւնը կ’ատե՞ս

«[Յիսուս] անօրէնութիւնը ատեցիր» (ԵԲ. 1։9

1. Սիրոյ առնչութեամբ, Յիսուս ի՞նչ սորվեցուց։

ՇԵՇՏԸ դնելով սիրոյ կարեւորութեան վրայ, Յիսուս Քրիստոս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, որ դուք ալ մէկզմէկ սիրէք։ Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք» (Յովհ. 13։34, 35)։ Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրեց, որ իրարու հանդէպ անձնուրաց սէր ցուցաբերեն։ Այդ սէ՛րը պիտի ըլլար զիրենք բնորոշող նշանը։ Յիսուս զանոնք նաեւ յորդորեց. «Սիրեցէք ձեր թշնամիները. . . եւ աղօթք ըրէք անոնց համար որ ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն» (Մատ. 5։44

2. Քրիստոսի հետեւորդները ի՞նչ բանի հանդէպ ատելութիւն պէտք է զարգացնեն։

2 Սակայն, սիրոյ մասին սորվեցնելու կողքին, Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց թէ ի՛նչ բան ատեն։ Յիսուսի նկատմամբ ըսուած էր. «Արդարութիւնը սիրեցիր ու անօրէնութիւնը ատեցիր» (Եբ. 1։9. Սաղ. 45։7)։ Ասիկա ցոյց կու տայ, թէ արդարութեան հանդէպ սէր զարգացնելու կողքին, նաեւ պէտք է ատելութիւն զարգացնենք մեղքի կամ անօրէնութեան հանդէպ։ Ուշադրութեան արժանի է թէ Յովհաննէս առաքեալ յատկապէս նշեց. «Ամէն ով որ մեղք կը գործէ, անիկա անօրէնութիւն ալ կը գործէ եւ բուն մեղքը անօրինութիւն է» (Ա. Յովհ. 3։4

3. Անօրէնութիւնը ատելուն առնչութեամբ, այս յօդուածը կեանքի ո՞ր մարզերը նկատի պիտի առնէ։

3 Արդ, որպէս քրիստոնեաներ, լաւ է որ մենք մեզի հարց տանք. ‘Անօրէնութիւնը կ’ատե՞մ’։ Քննարկենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք գէշ բաներու հանդէպ մեր ատելութիւնը ցոյց տալ կեանքի հետեւեալ չորս մարզերուն մէջ. 1) մեր կեցուածքը ալքոլի չափազանց գործածութեան հանդէպ, 2) մեր տեսակէտը խորհրդապաշտութեան մասին, 3) մեր հակազդեցութիւնը անբարոյութեան նկատմամբ, եւ 4) մեր տեսակէտը անո՛նց հանդէպ, որոնք կը սիրեն անօրէնութիւնը։

Ալքոլը իր տեղը պահէ

4. Չափազանց խմելուն մասին զգուշացնելու ատեն, Յիսուս ինչո՞ւ համարձակութիւն ունէր։

4 Յիսուս երբեմն գինի խմեց, զայն ընդունելով որպէս պարգեւ մը Աստուծոյ կողմէ (Սաղ. 104։14, 15)։ Սակայն, ան այս պարգեւը բնա՛ւ սխալ կերպով չգործածեց՝ չափազանց խմելուն անձնատուր ըլլալով (Առ. 23։29-33)։ Այսպէս, Յիսուս համարձակութիւն ունէր, երբ այդ սովորութեան դէմ խրատներ կու տար (կարդա՛ Ղուկաս 21։34Ալքոլի սխալ գործածութիւնը կրնայ առաջնորդել ուրիշ լուրջ մեղքերու։ Արդ, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Մի՛ գինովնաք գինիով, որուն մէջ անառակութիւն կայ, հապա Հոգիո՛վ լեցուեցէք» (Եփ. 5։18)։ Ան նաեւ ժողովքի տարեց կիները յորդորեց, որ «գինեմոլ» չըլլան (Տիտ. 2։3

5. Անոնք որոնք կ’ընտրեն ոգելից ըմպելիներ խմել, իրենք իրենց ի՞նչ հարցումներ կրնան ուղղել։

5 Եթէ կ’ընտրես ոգելից ըմպելիներ խմել, նաեւ լաւ կ’ըլլայ որ դուն քեզի հարց տաս. ‘Չափազանց խմելուն առնչութեամբ, Յիսուսի կեցուածքը ունի՞մ։ Եթէ հարկ կայ որ այս հարցին շուրջ խրատեմ, համարձակութիւն ունի՞մ։ Մտահոգութիւններէ փախչելու կամ ճնշուածութիւնը թեթեւցնելու համա՞ր է որ կը խմեմ։ Ամէն շաբաթ ո՞րքան ալքոլ կը սպառեմ։ Ինչպէ՞ս կը հակազդեմ, եթէ մէկը հասկցնէ թէ հաւանաբար շատ կը խմեմ։ Ինքզինքս կը պաշտպանե՞մ կամ նոյնիսկ կը զայրանա՞մ’։ Եթէ թոյլ տանք որ գերի ըլլանք ոգելից ըմպելիներու չափազանց խմելուն, ասիկա կրնայ արգելք ըլլալ հարցերը պատշաճօրէն վերլուծելու եւ իմաստուն որոշումներ կայացնելու։ Քրիստոսի հետեւորդները կը ջանան իրենց մտային կարողութիւնը պաշտպանել (Առ. 3։21, 22

Խորհրդապաշտական սովորութիւններէ խուսափէ՛

6, 7. ա) Յիսուս ինչպէ՞ս վարուեցաւ Սատանային եւ դեւերուն հետ։ բ) Ներկայիս, խորհրդապաշտական սովորութիւնները ինչո՞ւ շատ համատարած են։

6 Մինչ երկրի վրայ էր, Յիսուս հաստատօրէն դէմ կեցաւ Սատանային ու դեւերուն։ Ան իր հաւատարմութեան վրայ եղած Սատանայի անմիջական յարձակումները մերժեց (Ղուկ. 4։1-13)։ Ան նաեւ զատորոշեց ու դիմադրեց այն խորամանկ փորձերը, որոնց նպատակն էր իր մտածումին եւ արարքներուն ազդել (Մատ. 16։21-23)։ Յիսուս արժանաւորներուն օգնեց, որ դեւերուն անգութ իշխանութենէն փախչին (Մար. 5։2, 8, 12-15. 9։19, 24-26

7 1914–ին իր գահակալութենէն ետք, Յիսուս երկինքը մաքրեց Սատանայի ու դեւերուն ապականիչ ազդեցութենէն։ Որպէս արդիւնք, այժմ Սատանան որեւէ ժամանակէ աւելի վճռած է ‘բոլոր աշխարհ մոլորեցնել’ (Յայտ. 12։9, 10)։ Ուրեմն պէտք չէ զարմանանք, որ խորհրդապաշտութեամբ հրապուրուիլը համատարած է ու կ’աւելնայ։ Մենք մեզ պաշտպանելու համար, ի՞նչ քայլեր կրնանք առնել։

8. Մեր ժամանցի ընտրութեան առնչութեամբ, ի՞նչ ինքնաքննութիւն տեղին է։

8 Աստուածաշունչը ոգեհարցութեան հետ կապ ունեցող վտանգներէն յստակօրէն կը զգուշացնէ (կարդա՛ Բ. Օրինաց 18։10-12Ներկայիս, Սատանան ու դեւերը մարդոց մտածումներուն կ’ազդեն, շարժապատկերներու, գիրքերու եւ ելեկտրոնական խաղերու միջոցով, որոնք խորհրդապաշտական սովորութիւններ կը քաջալերեն։ Ուստի ժամանց մը ընտրելու ատեն, իւրաքանչիւրս մենք մեզի հարց պէտք է տանք. ‘Վերջին ամիսներուն, ընտրա՞ծ եմ զուարճանալ այնպիսի ֆիլմերով, հեռատեսիլի յայտագիրներով, ելեկտրոնական խաղերով, գիրքերով կամ զաւեշտաթերթերով, որոնք անհնարին արարքներ կը ներկայացնեն։ Խորհրդապաշտական ազդեցութիւնները մերժելուն կարեւորութիւնը կը հասկնա՞մ, թէ ոչ այս վտանգները կը նսեմացնեմ։ Արդեօք նկատի առա՞ծ եմ, թէ Եհովա՛ն ինչպէս կրնայ զգալ իմ ժամանցի ընտրութեանս նկատմամբ։ Եթէ այդպիսի սատանայական ազդեցութիւններու դիմաց դուռը բացեր եմ, Եհովային եւ իր արդար սկզբունքներուն հանդէպ իմ սէրս զիս պիտի խթանէ՞, որ վճռականօրէն գործի անցնիմ ու դուռը ուժգին գոցեմ’ (Գործք 19։19, 20

Անբարոյութեան մասին Յիսուսի ազդարարութեան ակա՛նջ տուր

9. Մէկը ինչպէ՞ս կրնայ անօրէնութեան հանդէպ սէր տածել։

9 Յիսուս սեռային բարոյականութեան վերաբերեալ Եհովայի չափանիշը վեր պահեց։ Ան ըսաւ. «Չէ՞ք կարդացեր թէ ան որ սկիզբէն ստեղծեց, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք, ու աւելցուց. ‘Ասոր համար մարդ իր հայրը ու մայրը պիտի ձգէ եւ իր կնոջ պիտի յարի ու երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան’։ Ուստի ա՛լ երկուք չեն, հապա մէկ մարմին. ուրեմն զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ» (Մատ. 19։4-6)։ Յիսուս գիտէր, թէ այն բանը զոր մեր աչքերով ներս կ’առնենք, կրնայ մեր սրտին ազդել։ Հետեւաբար, իր Լերան քարոզին մէջ, ան ըսաւ. «Լսեր էք որ ըսուեցաւ, ‘Շնութիւն մի՛ ըներ’, բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ով որ կին մարդու կը նայի անոր ցանկալու համար, ալ անիկա իր սրտին մէջ շնութիւն ըրաւ անոր հետ’» (Մատ. 5։27, 28)։ Իրականութեան մէջ, անոնք որոնք Յիսուսի զգուշացումը կ’անտեսեն, անօրէնութեան սէրը կը տածեն։

10. Պատմէ՛ փորձառութիւն մը, ցոյց տալով թէ անհատ մը կրնա՛յ պոռնկագրութենէն ձերբազատուիլ։

10 Սատանան սեռային անբարոյութիւն յառաջ կը մղէ պոռնկագրութեան միջոցով։ Իրերու ներկայ դրութիւնը ատով շատ լեցուն է։ Անոնք որոնք պոռնկագրութիւն կը դիտեն, դժուարութիւն կ’ունենան անբարոյ տեսարանները իրենց մտքերէն ջնջելու։ Անոնք կրնան նոյնիսկ մոլի դառնալ պոռնկագրութեան։ Նկատի առ թէ քրիստոնեայի մը ի՛նչ պատահեցաւ։ Ան կ’ըսէ. «Ես գաղտնաբար պոռնկագրութիւն կը դիտէի։ Երեւակայական աշխարհ մը ստեղծեցի, որ կարծիքովս անջատուած էր ա՛յն աշխարհէն, ուր Եհովային կը ծառայէի։ Գիտէի՛ թէ այս սովորութիւնը սխալ էր, բայց ես ինծի կ’ըսէի որ Աստուծոյ մատուցած ծառայութիւնս տակաւին ընդունելի է»։ Ի՞նչ բան այս եղբօր մտածելակերպը փոխեց։ Ան կ’ըսէ. «Ցարդ իմ ըրած ամենադժուար բանը ըլլալով հանդերձ, որոշեցի խնդիրս երէցներուն պատմել»։ Այս եղբայրը ի վերջոյ ձերբազատուեցաւ այս նուաստացուցիչ սովորութենէն։ Ան կը խոստովանի. «Իմ կեանքս սա մեղքէն մաքրելէ ետք, վե՛րջապէս զգացի թէ իսկապէս մաքուր խղճմտանք մը ունիմ»։ Անոնք որոնք անօրէնութիւնը կ’ատեն, պոռնկագրութիւնը ատել պէտք է սորվին։

11, 12. Երբ երաժշտութիւն կ’ընտրենք, ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ թէ անօրէնութիւնը կ’ատենք։

11 Երաժշտութիւնը եւ անոր ընկերակցող բառերը կրնան զօրաւոր կերպով մեր զգացումներուն ազդել, ու հետեւաբար՝ մեր այլաբանական սրտին։ Երաժշտութիւնը ինքնին պարգեւ մըն է Աստուծոյ կողմէ, ու երկար ատենէ ի վեր տեղ ունեցած է ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ (Ել. 15։20, 21. Եփ. 5։19)։ Բայց Սատանայի ամբարիշտ աշխարհը անբարոյութիւնը փառաւորող երաժշտութիւն կը քաջալերէ (Ա. Յովհ. 5։19)։ Ինչպէ՞ս կրնաս գիտնալ, թէ ունկնդրած երաժշտութիւնդ քեզ կը պղծէ՛ կամ ոչ։

12 Կրնաս սկսիլ՝ դուն քեզի հարց տալով. ‘Այն երգերը զորս կ’ունկնդրեմ, մարդասպանութիւնը, շնութիւնը, պոռնկութիւնն ու հայհոյանքը կը փառաւորե՞ն։ Եթէ կարգ մը երգերու բառերը կարդայի մէկու մը առջեւ, այդ անձը պիտի ունենա՞ր այն տպաւորութիւնը որ անօրէնութիւնը կ’ատեմ, թէ ոչ բառերը պիտի մատնանշէին թէ սիրտս պղծուած է’։ Չե՛նք կրնար դաւանիլ թէ անօրէնութիւնը կ’ատենք, մինչ զայն երգերով կը փառաւորենք։ Յիսուս ըսաւ. «Բերնէն ելած բաները սրտէն յառաջ կու գան եւ անոնք կը պղծեն մարդը։ Վասն զի սրտէն կ’ելլեն չար խորհուրդներ, սպանութիւններ, շնութիւններ, պոռնկութիւններ, գողութիւններ, սուտ վկայութիւններ ու հայհոյութիւններ» (Մատ. 15։18, 19. համեմատէ՛ Յակոբոս 3։10, 11

Անօրէնութիւնը սիրողներու նկատմամբ Յիսուսի տեսակէտը որդեգրէ

13. Յիսուս ինչպէ՞ս նկատեց զանո՛նք, որոնք մեղքին մէջ խստացան։

13 Յիսուս ըսաւ որ եկաւ մեղաւորները կամ անօրէնները կանչելու, որ զղջան (Ղուկ. 5։30-32)։ Սակայն, ան ինչպէ՞ս նկատեց զանո՛նք, որոնք մեղքի ընթացքի մը մէջ խստացած էին։ Ան այդպիսիներէ ազդուելուն դէմ ուժգին զգուշացումներ տուաւ (Մատ. 23։15, 23-26)։ Ան նաեւ յստակօրէն նշեց. «Ոչ թէ ամէն ով որ ինծի ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր’, կ’ըսէ, պիտի մտնէ երկնքի թագաւորութիւնը, հապա անիկա՝ որ իմ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ։ Շատերը այն օրը [երբ Աստուած դատաստան ի գործ դնէ] ինծի պիտի ըսեն. ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր, չէ՞ որ քու անունովդ մարգարէութիւն ըրինք եւ քու անունովդ դեւեր հանեցինք ու քու անունովդ շատ հրաշքներ ըրինք’»։ Սակայն ան պիտի մերժէ անզեղջօրէն անօրէնութիւն գործողները, ըսելով. «Մէկդի՛ գացէք քովէս» (Մատ. 7։21-23)։ Ինչո՞ւ այսպիսի դատաստան։ Քանի որ այդպիսի անհատներ իրենց անօրէն սովորութիւններով կ’անպատուեն Աստուած ու վնաս կը հասցնեն ուրիշներուն։

14. Անզեղջ մեղաւորները ինչո՞ւ ժողովքէն կը վերցուին։

14 Աստուծոյ Խօսքը կը պատուիրէ, որ անզեղջ մեղաւորները ժողովքէն վերցուին (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 5։9-13Ասիկա անհրաժեշտ է առնուազն երեք պատճառներով. 1) Եհովայի անունը նախատինքէ զերծ պահել, 2) ժողովքը ապականութենէ պաշտպանել, եւ 3) մեղաւորին օգնել որ զղջայ, եթէ հնարաւոր է։

15. Եթէ կ’ուզենք հաւատարիմ մնալ Եհովային, մենք մեզի ի՞նչ լուրջ հարցումներ պէտք է ուղղենք։

15 Իրենց անօրէն ընթացքին մէջ հաստատուած անհատներուն հանդէպ Յիսուսի տեսակէտը կը բաժնե՞նք։ Հարկ է որ սա հարցումներուն մասին խորհրդածենք. ‘Պիտի ընտրե՞մ կանոնաւորաբար ընկերակցիլ մէկու մը հետ, որ վտարուած է կամ քրիստոնէական ժողովքին հետ իր ընկերակցութիւնը խզած է։ Իսկ ի՞նչ պիտի ընեմ եթէ այդ անհատը ընտանիքիս մէկ անդամն է, որ այլեւս տան մէջ չ’ապրիր’։ Այսպիսի կացութիւն մը կրնայ իսկական փորձ մը ըլլալ արդարութեան հանդէպ մեր սիրոյն եւ Աստուծոյ հանդէպ մեր հաւատարմութեան։ *

16, 17. Քրիստոնեայ մայր մը ի՞նչ դժուարութիւն դիմագրաւեց, եւ ի՞նչ բան իրեն օգնեց որ անզեղջ յանցագործները վտարելու կարգադրութիւնը վեր բռնէ։

16 Նկատի առ քրոջ մը փորձառութիւնը, որուն չափահաս որդին ժամանակ մը սէր ունէր Եհովային հանդէպ։ Սակայն յետագային, զաւակը անզեղջօրէն ընտրեց անօրէնութիւն գործել։ Հետեւաբար, ան ժողովքէն վտարուեցաւ։ Մեր քոյրը կը սիրէր Եհովան, բայց նաեւ կը սիրէր իր որդին ու չափազանց դժուար գտաւ կիրարկել աստուածաշնչական պատուէրը, որ անոր հետ ընկերակցելէ խուսափի։

17 Ի՞նչ խրատ կու տայիր այս քրոջ։ Երէց մը իրեն օգնեց որ գիտակցի, թէ Եհովան իր զգացած ցաւը կը հասկնայ։ Եղբայրը քրոջ մտածել տուաւ, թէ Եհովա՛ն ինչ ցաւ ունեցած ըլլալու էր, երբ իր հրեշտակային որդիներէն ոմանք ըմբոստացան։ Երէցը անոր հետ պատճառաբանեց, որ թէպէտեւ Եհովան գիտէ թէ այդպիսի պարագայ մը ո՜րքան ցաւագին կրնայ ըլլալ, բայց կը պահանջէ որ անզեղջ մեղաւորները վտարուին։ Քոյրը յիշեցումները լուրջի առաւ ու հաւատարմօրէն վեր բռնեց վտարումի կարգադրութիւնը։ * Այդպիսի հաւատարմութիւն կ’ուրախացնէ Եհովայի սիրտը (Առ. 27։11

18, 19. ա) Անօրէնութիւն գործողի մը հետ հաղորդակցութեան գիծը կտրելը, ի՞նչ բանի հանդէպ մեր ատելութիւնը կ’ապացուցանէ։ բ) Ի՞նչ կրնայ ըլլալ արդիւնքը, երբ Աստուծոյ եւ իր կարգադրութեան հաւատարիմ ենք։

18 Եթէ նոյնանման կացութիւն մը դիմագրաւես, հաճիս մտաբերէ թէ Եհովա քեզի կը կարեկցի։ Վտարուածին հետ կամ ընկերակցութիւնը խզած անհատին հետ հաղորդակցութեան գիծը կտրելով ցոյց կու տաս, թէ կ’ատես այն կեցուածքներն ու արարքները, որոնք այդ հետեւանքին հասցուցին։ Սակայն նաեւ ցոյց տուած կ’ըլլաս, թէ յանցագործը ա՛յնքան կը սիրես, որ իրեն համար լաւագոյնը կը ցանկաս ընել։ Եհովայի հանդէպ հաւատարմութիւնդ կրնայ աւելցնել այն հաւանականութիւնը, թէ կրթուած անհատը պիտի զղջայ ու ետ Եհովային դառնայ։

19 Կին մը, որ վտարուած էր ու յետագային վերահաստատուեցաւ, գրեց. «Ես ուրախ եմ որ Եհովան իր ժողովուրդը ա՛յնքան կը սիրէ, որ վստահ կ’ըլլայ թէ իր կազմակերպութիւնը մաքուր կը մնայ։ Ինչ որ դրսեցիներուն անախորժ կը թուի, թէ՛ անհրաժեշտ է ու թէ իրապէս սիրալիր բան մըն է»։ Կը կարծե՞ս թէ այս անհատը պիտի հասնէր այդ եզրակացութեան, եթէ ժողովքի անդամները, ի ներառեալ իր ընտանիքը, շարունակէին կանոնաւորաբար իրեն հետ հաղորդակցիլ՝ մինչ վտարուած էր։ Վտարումի աստուածաշնչական կարգադրութեան մեր թիկունք կանգնիլը կը փաստէ, թէ արդարութիւնը կը սիրենք ու վարքագծի չափանիշներ սահմանելու Եհովայի իրաւունքը կ’ընդունինք։

«Չարութիւնը ատեցէ՛ք»

20, 21. Ինչո՞ւ կարեւոր է սորվիլ անօրէնութիւնը ատել։

20 «Արթուն եւ պատրաստ եղէք», ազդարարեց Պետրոս առաքեալ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ «ձեր թշնամին՝ Սատանան առիւծի պէս մռնչելով կը շրջի եւ կլլելու համար մէկը կը փնտռէ» (Ա. Պետ. 5։8, Անթիլիաս)։ Այդ մէկը դուն պիտի ըլլա՞ս։ Շատ բան կախեալ է թէ ո՛րքանով լաւ կը սորվիս անօրէնութիւնը ատել։

21 Չարութեան հանդէպ ատելութիւն զարգացնելը դիւրին չէ։ Մենք մեղքի մէջ ծնած ենք ու կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, որ մարմնաւոր ցանկութիւններ կը քաջալերէ (Ա. Յովհ. 2։15-17)։ Սակայն, Յիսուս Քրիստոսը ընդօրինակելով եւ Եհովա Աստուծոյ հանդէպ խորունկ սէր մշակելով, կրնա՛նք յաջողապէս ատելութիւն մշակել անօրէնութեան հանդէպ։ Վճռե՛նք ‘չարութիւնը ատել’, լիովին վստահ ըլլալով թէ Եհովա «իր սուրբերուն անձերը կը պահէ, ամբարիշտներուն ձեռքէն կը փրկէ զանոնք» (Սաղ. 97։10

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 15 Այս նիւթին շուրջ մանրամասն քննարկութեան համար, տե՛ս Դիտարան–ի 1 հոկտեմբեր 1982 թիւը, էջ 18-23։

^ պարբ. 17 Տե՛ս նաեւ Դիտարան–ի 15 յունուար 2007 թիւը, էջ 17-20 (անգլերէն)։

Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանես

• Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ, որ ոգելից ըմպելիներու նկատմամբ մեր կեցուածքը քննենք։

• Խորհրդապաշտական սովորութիւններու դէմ ի՞նչ պաշտպանողական միջոցներ կրնանք ձեռք առնել։

• Պոռնկագրութիւնը ինչո՞ւ վտանգաւոր է։

• Անօրէնութեան նկատմամբ ինչպէ՞ս ատելութիւն ցոյց կու տանք, երբ մեզի սիրելի եղող անհատ մը վտարուի։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 29]

Եթէ ընտրես ոգելից ըմպելիներ խմել, ի՞նչ բաներ նկատի պէտք է առնես

[Նկար՝ էջ 30]

Ժամանցի մէջ սատանայական ազդեցութիւններէն զգուշացի՛ր

[Նկար՝ էջ 31]

Պոռնկագրութիւն դիտող անհատը ի՞նչ բանի հանդէպ սէր կը տածէ