Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ հաւանութիւնը շահիլը յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ

Աստուծոյ հաւանութիւնը շահիլը յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ

Աստուծոյ հաւանութիւնը շահիլը յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ

«Դուն պիտի օրհնես արդարը, ո՛վ Տէր, բարի կամեցողութիւնով [«հաւանութեամբ», ՆԱ] անոր չորս կողմը պիտի պատես՝ որպէս թէ վահանով մը» (ՍԱՂ. 5։12

1, 2. Սարեփթայի մէջ, Եղիա ի՞նչ խնդրեց այրի կնոջմէն, եւ անոր ի՞նչ երաշխիք տուաւ։

ԿԻՆԸ եւ անոր տղան, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ մարգարէն անօթի էին։ Սարեփթայի մէջ այս այրի կինը մինչ կը պատրաստուէր եփելու կրակ վառելու, Եղիա մարգարէն իրմէ ջուր ու հաց խնդրեց։ Կինը յօժար էր անոր խմելիք տալու, բայց ուտելիքի համար իր ամէն ունեցածն էր՝ ‘կարասին մէջ մէկ բուռի չափ ալիւր ու կուժին մէջ քիչ մը իւղ’։ Ան զգաց թէ ի վիճակի չէր մարգարէին որեւէ ուտելիք տալու, եւ այդպէս ալ ըսաւ անոր (Գ. Թագ. 17։8-12

2 Եղիան պնդեց. «Ինծի համար պզտիկ շօթ մը շինէ՛ ու ինծի բե՛ր եւ քեզի ու քու տղուդ համար ետքը շինէ, քանզի Իսրայէլին Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Կարասէն ալիւրը պիտի չհատնի ու կուժէն իւղը պիտի չպակսի’» (Գ. Թագ. 17։13, 14

3. Բոլորիս առջեւ ի՞նչ կարեւոր հարց մը դրուած է։

3 Այրի կնոջ դիմագրաւած հարցը աւելի լուրջ էր քան՝ որոշել թէ ի՛նչ պիտի ընէր իր վերջին պատառով։ Արդեօք ան պիտի վստահէ՞ր Եհովային, որ զինք եւ իր տղան ազատէ, թէ ոչ իր նիւթական կարիքները պիտի դասէր Աստուծոյ հաւանութիւնն ու բարեկամութիւնը շահելէն առաջ։ Նոյնանման հարց մը կայ բոլորիս առջեւ։ Աւելի կարեւորութիւն պիտի տա՞նք Եհովայի հաւանութիւնը շահելուն, քան՝ նիւթական ապահովութիւն փնտռելուն։ Ամէն պատճառ ունինք Աստուծոյ վստահելու եւ ծառայելու։ Եւ կան քայլեր, զորս կրնանք առնել իր հաւանութիւնը փնտռելու եւ շահելու համար։

‘Պաշտուելու արժանի ես’

4. Եհովան ինչո՞ւ արժանի է մեր պաշտամունքը ստանալու։

4 Եհովա իրաւունք ունի ակնկալելու, որ մարդիկ ընդունելի կերպով իրեն պիտի ծառայեն։ Իր երկնային ծառաներէն բաղկացած խումբ մը, միաձայնութեամբ հաստատեց այդ իրողութիւնը, ըսելով. «Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասն զի ամէն բան դուն ստեղծեցիր եւ քու կամքովդ եղան ու ստեղծուեցան» (Յայտ. 4։10բ)։ Որովհետեւ Եհովան մեր Արարիչն է, արժանի՛ է մեր պաշտամունքին։

5. Աստուծոյ սէրը մեզ ինչո՞ւ պէտք է մղէ իրեն ծառայելու։

5 Եհովային ծառայելու մէկ այլ պատճառն է՝ մեզի հանդէպ իր աննման սէրը։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աստուած՝ իր պատկերովը ստեղծեց մարդը. Աստուծոյ պատկերովը ստեղծեց զանիկա, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք» (Ծն. 1։27)։ Մարդ արարածը ազատ կամք ունի, մտածելու եւ որոշումներ կայացնելու աստուածատուր կարողութեամբ։ Մեզի կեանք տալով, Եհովա մարդկութեան Հայրը եղաւ (Ղուկ. 3։38)։ Ոեւէ լաւ հօր նման, ան ամէն բան ըրած է՝ իր որդիներուն եւ աղջիկներուն հարկ եղածը հայթայթելու, որպէսզի կեանքը վայելեն։ Ան «իր արեւը կը ծագեցնէ եւ անձրեւ կը ղրկէ», որպէսզի Երկիր մոլորակը մեզի համար առատ ուտելիք արտադրէ՝ գեղեցիկ միջավայրի մը մէջ (Մատ. 5։45

6, 7. ա) Ադամ իր ամբողջ սերունդին ի՞նչ վնաս հասցուց։ բ) Քրիստոսի զոհաբերութիւնը ի՞նչ պիտի ընէ անո՛նց համար, որոնք Աստուծոյ հաւանութիւնը կը փնտռեն։

6 Եհովա նաեւ օգնութեան հասած է՝ մեղքին ահռելի հետեւանքներէն մեզ ազատելու համար։ Մեղանչելով, Ադամ խաղամոլի մը պէս եղաւ, որ բախտախաղի միջամուխ ըլլալու համար՝ իր ընտանիքէն կը գողնայ։ Եհովայի դէմ ըմբոստանալով, Ադամ իր զաւակներէն խլեց իրենց հեռանկարը,– յաւերժական երջանկութիւն։ Իր անձնասիրութիւնը մարդկութիւնը ենթարկեց դաժան տիրոջ մը ստրկութեան, որ է անկատարութիւնը։ Այսպէս բոլոր մարդիկը ենթակայ են որ հիւանդանան, տխրին եւ ի վերջոյ մահանան։ Ստրուկ մը ազատ արձակելը վճարում կը պահանջէ, եւ Եհովա ըրած է այն վճարումը, որ կրնայ մեզ ազատել այդ սոսկալի հետեւանքներէն (կարդա՛ Հռովմայեցիս 5։21Իր Հօր կամքին հետ ներդաշնակ գործելով, Յիսուս Քրիստոս «իր կեանքը շատերու համար փրկանք» տուաւ (Մատ. 20։28)։ Անոնք որոնք Աստուծոյ հաւանութիւնը կը շահին, մօտ ատենէն այդ փրկանքի վճարման լմա՛ն օգուտները պիտի ստանան։

7 Մեր Արարիչը՝ Եհովան, ոեւէ մէկէ աւելի ըրած է՝ երջանիկ ու նպատակալից կեանք մը տալու մեզի։ Իր հաւանութիւնը ունենալով, մենք պիտի կարենանք տեսնել, թէ ան ինչպէ՛ս գործի կ’անցնի որ ջնջէ մարդկային ցեղին հասած բոլոր վնասները։ Եհովա պիտի շարունակէ մեզի անհատապէս ցոյց տալ, թէ ինչպէ՛ս «վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն» (Եբ. 11։6

«Ժողովուրդդ. . . յօժարակամ պիտի ըլլայ»

8. Եսայիի փորձառութիւնը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ Աստուծոյ ծառայելու մասին։

8 Աստուծոյ հաւանութիւնը շահիլը կը պարփակէ՝ մեր ազատ կամքի պատշաճ գործածութիւնը։ Պարագան այս է՝ քանի որ Եհովա ոեւէ մէկը չի ստիպեր իրեն ծառայել։ Եսայիի օրերուն, Ան հարցուց. «Ո՞վ ղրկեմ եւ մեզի համար ո՞վ պիտի երթայ»։ Մարգարէին որոշելու իրաւունքը ճանչնալով, Եհովա զինք պատուեց։ Մտապատկերէ Եսայիի գոհունակութիւնը, երբ պատասխանեց. «Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ» (Եսա. 6։8

9, 10. ա) Ի՞նչ շարժառիթով պէտք է ծառայենք Աստուծոյ։ բ) Մեզի համար ինչո՞ւ պատշաճ է, որ բոլորանուէր կերպով Եհովային ծառայենք։

9 Մարդիկը ազատ են Աստուծոյ ծառայելու կամ չծառայելու։ Եհովա կ’ուզէ որ յօժարութեա՛մբ իրեն ծառայենք (կարդա՛ Յեսու 24։15Ոեւէ անձ որ դժկամակելով Աստուած կը պաշտէ, չի կրնար անոր հաճելի ըլլալ։ Աստուած նաեւ չ’ընդունիր անո՛նց նուիրուածութիւնը, որոնց իսկական միտումը միայն ուրիշները հաճեցնելն է (Կող. 3։22)։ Եթէ ‘ուշանալո՛վ’ սրբազան ծառայութիւն մատուցանենք, թոյլ տալով որ աշխարհային հետաքրքրութիւնները մեր պաշտամունքին միջամտեն, Աստուծոյ հաւանութիւնը պիտի չշահինք (Ել. 22։29)։ Եհովա գիտէ թէ բոլորանուէր կերպով իրեն ծառայելը մեզի օգտակար է։ Մովսէս իսրայէլացիները յորդորեց որ կեանքը ընտրեն, ‘Տէր Աստուածը սիրելով՝ անոր խօսքին հնազանդութիւն ընելով եւ անոր յարելով’ (Բ. Օր. 30։19, 20

10 Վաղեմի Իսրայէլի Դաւիթ թագաւորը Եհովային տաղերգեց. «Ժողովուրդդ քու զօրութեանդ օրը յօժարակամ պիտի ըլլայ սրբութեան զարդարանքներով. քու երիտասարդներդ արշալոյսին արգանդի ցօղէն աւելի պիտի ըլլան քեզի» (Սաղ. 110։3)։ Ներկայիս շատեր ֆինանսական ապահովութեան եւ զբօսանքի համար կ’ապրին։ Սակայն Եհովան սիրողներուն համար, իրենց սրբազան ծառայութիւնը ամէն բանէ առաջ կու գայ։ Բարի լուրը քարոզելու իրենց նախանձախնդրութիւնը կը փաստէ, թէ իրենց նախապատուութիւնները ի՛նչ են։ Անոնք լիուլի կը վստահին Եհովայի կարողութեան, որ իրենց ամէնօրեայ կարիքները լեցնէ (Մատ. 6։33, 34

Աստուծոյ հաւանութիւնը ունեցող զոհեր

11. Եհովային զոհեր մատուցանելով, իսրայէլացիները ի՞նչ օգուտ յուսացին ստանալ։

11 Օրէնքի ուխտին ներքեւ, Աստուծոյ ժողովուրդը ընդունելի զոհեր մատուցանեցին, իր հաճութիւնը շահելու համար։ Ղեւտացւոց 19։5–ը կ’ըսէ. «Եթէ խաղաղութեան զոհ մատուցանէք Տէրոջը, այնպէս մատուցանեցէք, որ ընդունելի ըլլայ»։ Աստուածաշունչի սոյն գիրքին մէջ կը կարդանք. «Երբ գոհութեան զոհ մատուցանէք Տէրոջը, այնպէս պէտք է մատուցանէք, որ ձեզի համար ընդունելի ըլլայ» (Ղեւ. 22։29)։ Երբ իսրայէլացիները Եհովայի զոհասեղանին վրայ պատշաճ անասնական զոհեր մատուցանեցին, քուլայ–քուլայ բարձրացող ծուխը «անուշահոտ»ի մը պէս էր ճշմարիտ Աստուծոյ քով (Ղեւ. 1։9, 13)։ Ան հանդարտեցաւ ու թարմացաւ իր ժողովուրդի ցուցաբերած այդ սիրոյ արտայայտութիւններով (Ծն. 8։21)։ Օրէնքին այս յատկանշական երեսակներուն մէջ, կը գտնենք սկզբունք մը որ ներկայիս կը կիրարկուի։ Եհովային ընդունելի՛ զոհեր մատուցանողները կը ստանան իր հաւանութիւնը։ Ան ի՞նչ զոհեր կ’ընդունի։ Նկատի առ կեանքի երկու մարզեր. մեր վարքը եւ մեր խօսքերը։

12. Ի՞նչ սովորութիւններ պատճառ կ’ըլլան, որ ‘մեր մարմինները իբր զոհ ընծայելը’ գարշելի ըլլայ Աստուծոյ առջեւ։

12 Հռոմայեցիներուն յղած իր նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ձեր մարմինները [ընծայեցէք] կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի, որ է ձեր բանաւոր պաշտօնը» (Հռով. 12։1)։ Աստուծոյ հաւանութիւնը շահիլը կը պահանջէ, որ անհատը իր մարմինը ընդունելի պահէ Աստուծոյ։ Եթէ ան ինքզինք ապականէ ծխախոտով, փուփալի հունտով, ապօրինի թմրադեղերով կամ խմիչքի չափազանց գործածութեամբ, այդ մատուցուած զոհը ո՛չ մէկ արժէք պիտի ունենայ (Բ. Կոր. 7։1)։ Աւելին, որո՛վհետեւ այն անձը որ «կը պոռնկանայ, իր մարմնին դէմ կը մեղանչէ», որեւէ տեսակի անբարոյ վարք պատճառ կ’ըլլայ, որ իր զոհը Եհովային առջեւ գարշելի ըլլայ (Ա. Կոր. 6։18)։ Աստուած հաճեցնելու համար, անհատ մը պէտք է ‘սուրբ ըլլայ իր բոլոր վարմունքներուն մէջ’ (Ա. Պետ. 1։14-16

13. Ինչո՞ւ պատշաճ է որ Եհովան փառաբանենք։

13 Եհովան հաճեցնող մէկ այլ զոհը կապ ունի մեր խօսելու կարողութեան հետ։ Եհովան սիրողները մի՛շտ իր մասին աղէկ խօսած են՝ հրապարակաւ եւ իրենց տան մէջ (կարդա՛ Սաղմոս 34։1-3Կարդա՛ Սաղմոս 148-150, եւ նկատէ թէ որքան յաճախ այս երեք սաղմոսները մեզ կը քաջալերեն, որ Եհովան փառաբանենք։ Իրապէս, «ուղիղներուն կը վայլէ օրհնութիւն երգել» (Սաղ. 33։1)։ Իսկ մեր Տիպարը, Յիսուս Քրիստոս, բարի լուրը քարոզելով Աստուած փառաբանելուն կարեւորութիւնը շեշտեց (Ղուկ. 4։18, 43, 44

14, 15. Ովսէէ իսրայէլացիները յորդորեց որ ինչպիսի՞ զոհեր մատուցանեն, եւ Եհովա ինչպէ՞ս ընդառաջեց։

14 Նախանձախնդրաբար քարոզելով կ’ապացուցանենք, թէ Եհովան կը սիրենք ու կը տենչանք իր հաւանութեան։ Օրինակ՝ նկատի առ թէ Ովսէէ մարգարէն ինչպէ՛ս յորդորեց իսրայէլացիները, որոնք կեղծ պաշտամունք որդեգրած էին եւ Աստուծոյ հաճութիւնը կորսնցուցած էին (Ով. 13։1-3)։ Ովսէէ անոնց ըսաւ որ Եհովային աղաչեն. «Ներէ՛ բոլոր անօրէնութիւնները, եւ բարութեա՛մբ ընդունէ մեզ, ու մեր շրթունքներուն զոհերը [կամ՝ զուարակները] պիտի մատուցանենք քեզի» (Ով. 14։1, 2, ԱԾ

15 Զուարակը ամէնէն ծախսալից անասունն էր, զոր իսրայէլացի մը կրնար մատուցանել Եհովային։ Ուստի ‘մեր շրթունքներուն զուարակները’ ակնարկեցին անկեղծ՝ լաւ–մտածուած խօսքերու, ի փառք ճշմարիտ Աստուծոյ։ Եհովա ինչպէ՞ս ընդառաջեց այսպիսի զոհեր մատուցանողներուն։ Ան ըսաւ. «Զանոնք յօժարութեամբ պիտի սիրեմ» (Ով. 14։4)։ Եհովա փառաբանութեան այսպիսի զոհեր մատուցանողներուն շնորհեց իր ներումը, հաւանութիւնը եւ բարեկամութիւնը։

16, 17. Երբ Աստուծոյ հանդէպ հաւատքը անհատ մը կը մղէ բարի լուրը քարոզելու, Եհովա անոր փառաբանութիւնը ինչպէ՞ս կ’ընդունի։

16 Եհովան հրապարակաւ փառաբանելը միշտ եղած է ճշմարիտ պաշտամունքին ուշագրաւ մէկ մասը։ Սաղմոսերգուին համար ճշմարիտ Աստուածը փառաւորելը ա՛յդքան կարեւոր էր, որ Աստուծոյ աղաչեց. «Իմ բերնիս կամաւոր զոհերը ընդունէ՛, ո՛վ Տէր» (Սաղ. 119։108)։ Իսկ այսօր. . . ։ Մեր օրերուն ապրող մարդոց մեծ բազմութեան մը մասին խօսելով, Եսայի մարգարէացաւ. «Տէրոջը փրկութիւնը պիտի աւետեն. . . [Անոնց ընծաները Աստուծոյ սեղանին] վրայ պիտի ելլեն՝ ընդունելի զոհ ըլլալու» (Եսա. 60։6, 7)։ Առ ի կատարում, միլիոնաւորներ Աստուծոյ ‘օրհնութեան պատարագ կը մատուցանեն, այսինքն իրենց շրթունքներուն պտուղը, որոնք իր անունը կը դաւանին’ (Եբ. 13։15

17 Իսկ դուն. . . ։ Աստուծոյ ընդունելի զոհեր կը մատուցանե՞ս։ Եթէ ոչ, հարկ եղած փոփոխութիւններ ընելով՝ պիտի սկսի՞ս հրապարակաւ Եհովան փառաբանել։ Երբ հաւատքը քեզ մղէ որ սկսիս բարի լուրը քարոզել, մատուցած զոհդ «զուարակէն աւելի՛ ընդունելի պիտի ըլլայ Տէրոջը» (կարդա՛ Սաղմոս 69։30, 31Վստահ եղիր, թէ փառաբանութեան զոհիդ ‘անոյշ հոտը’ պիտի հասնի Եհովային քով, եւ թէ ան իր հաւանութիւնը պիտի շնորհէ քեզի (Եզեկ. 20։41)։ Ուրախութիւնը, որ այն ատեն պիտի զգաս, աննման է։

‘Եհովա պիտի օրհնէ արդարը’

18, 19. ա) Ներկայիս շատեր ի՞նչ աչքով կը դիտեն Աստուծոյ ծառայելը։ բ) Աստուծոյ հաւանութիւնը կորսնցնելը ի՞նչ բանի կ’առաջնորդէ։

18 Ներկայիս շատեր կ’եզրակացնեն ինչ որ Մաղաքիայի օրերուն ոմանք եզրակացուցին. «Աստուծոյ ծառայութիւն ընելը պարապ է։ Եւ անոր պահպանութիւնը պահելէն. . . ի՞նչ շահեցանք» (Մաղ. 3։14)։ Նիւթապաշտական ցանկութիւններով առաջնորդուելով, անոնք Աստուծոյ նպատակը անիրագործելի կը նկատեն, իսկ անոր օրէնքները՝ ժամանակավրէպ։ Անոնց համար, բարի լուրը քարոզելը ժամանակի կորուստ ու ջղագրգռութեան աղբիւր է։

19 Այսպիսի գաղափարներու դրդիչ ուժը գոյութիւն ունէր Եդեմի պարտէզին մէջ։ Սատանան ինքն էր որ Եւան համոզեց, որ Եհովայի կողմէ իրեն տրուած սքանչելի կեանքին իսկական արժէքը արհամարհէր եւ Անոր հաւանութիւնը չարժեւորէր։ Ներկայիս՝ Սատանան յարատեւաբար կը ջանայ մարդիկը համոզել հաւատալու, որ Աստուծոյ կամքը կատարելէն բան մը պիտի չշահին։ Սակայն Եւա եւ իր ամուսինը փորձառաբար գիտցան, թէ Աստուծոյ հաւանութիւնը կորսնցնելը նշանակեց իրենց կեանքը կորսնցնել։ Այժմ անոնց գէշ օրինակին հետեւողները շուտով պիտի սկսին ըմբռնել նոյն դառն ճշմարտութիւնը (Ծն. 3։1-7, 17-19

20, 21. ա) Սարեփթացի այրի կինը ի՞նչ ըրաւ, եւ իրեն համար արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ բ) Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ պէտք է ընդօրինակենք սարեփթացի այրի կինը։

20 Ադամին ու Եւային տխուր վախճանը հակադրէ՛ Եղիայի եւ սարեփթացի այրի կնոջ առնչութեամբ նախապէս նշուած դէպքերուն արդիւնքին հետ։ Եղիայի քաջալերական խօսքերը լսելէն ետք, կինը սկսաւ թխել եւ նա՛խ մարգարէին հաց տուաւ։ Այդ ատեն Եհովա Եղիայի միջոցով Իր տուած խոստումը կատարեց։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Անիկա եւ ինք ու իր ընտանիքը երկար ատեն կերան։ Կարասէն ալիւրը չհատաւ ու կուժէն իւղը չպակսեցաւ, Տէրոջը՝ Եղիային միջոցով ըսած խօսքին համեմատ» (Գ. Թագ. 17։15, 16

21 Սարեփթացի այրի կինը ըրաւ բան մը, զոր այժմ ապրող միլիառաւորներէն քիչեր յօժար են ընելու։ Ան իր լման վստահութիւնը փրկութեան Աստուծոյն վրայ դրաւ, իսկ Ան թոյլ չտուաւ որ դժուարութեան մէջ մնայ։ Այս եւ այլ աստուածաշնչական արձանագրութիւններ կը հաստատեն, թէ Եհովա արժանի է մեր վստահութեան (կարդա՛ Յեսու 21։43-45. 23։14Եհովայի արդի Վկաներուն կեանքը յաւելեալ ապացոյց կու տայ, թէ ան իր հաւանութիւնը ունեցողները բնա՜ւ պիտի չթողու (Սաղ. 34։6, 7, 17-19 *

22. Ինչո՞ւ հրատապ է որ Աստուծոյ հաւանութիւնը անյապաղ փնտռենք։

22 «Բոլոր երկրին երեսը բնակողներուն ամենուն վրայ» Աստուծոյ դատաստանի օրը մօտալուտ է (Ղուկ. 21։34, 35)։ Անկէ փախուստ չկայ։ ի՜նչ արժէքաւոր է լսել Աստուծոյ նշանակած Դատաւորին խօսքը. «Եկէք իմ Հօրս օրհնածները. . . ձեզի համար պատրաստուած թագաւորութիւնը ժառանգեցէք» (Մատ. 25։34)։ Ո՛չ մէկ հարստութիւն կամ նիւթական հանգստաւէտութիւն կրնայ անոր հետ նոյնիսկ բաղդատուիլ։ Այո, ‘Եհովան պիտի օրհնէ արդարը, բարի կամեցողութիւնով [«հաւանութեամբ», ՆԱ] անոր չորս կողմը պիտի պատէ՝ որպէս թէ վահանով մը’ (Սաղ. 5։12)։ Ուստի պէտք չէ՞ Աստուծոյ հաւանութիւնը փնտռենք։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 21 Տե՛ս Դիտարան–ի 1 ապրիլ 2005 թիւը, էջ 11, պարբերութիւն 15. եւ 1 օգոստոս 1997, էջ 20-25 (անգլերէն)։

Կը յիշե՞ս

• Եհովա ինչո՞ւ մեր սրտագին պաշտամունքին արժանի է։

• Եհովա ի՞նչ զոհեր կ’ընդունի այսօր։

• ‘Մեր շրթունքներուն զուարակները’ արտայայտութիւնը ի՞նչ բանի կ’ակնարկէ, եւ ինչո՞ւ պէտք է զանոնք Եհովային մատուցանենք։

• Ինչո՞ւ Աստուծոյ հաւանութիւնը պէտք է փնտռենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 19]

Աստուծոյ մարգարէն ի՞նչ կարեւոր հարց մը դրաւ կարիքաւոր մօր մը առջեւ

[Նկար՝ էջ 21]

Ի՞նչ օգուտ կը ստանանք՝ փառաբանութեան զոհ մատուցանելով Եհովային

[Նկար՝ էջ 23]

Եհովայի հանդէպ հարազատ վստահութիւնդ բնա՜ւ յուսախաբութեան պիտի չառաջնորդէ