Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ստեղծագործութեան մէջ սուրբ հոգիին գործունէութիւնը

Ստեղծագործութեան մէջ սուրբ հոգիին գործունէութիւնը

Ստեղծագործութեան մէջ սուրբ հոգիին գործունէութիւնը

«Տէրոջը խօսքովը երկինք ստեղծուեցաւ ու իր բերնին հոգիովը՝ անոր բոլոր զօրքը» (ՍԱՂ. 33։6

1, 2. ա) Ժամանակի ընթացքին, երկինքի եւ երկրագունդի մասին մարդուն գիտութիւնը ինչպէ՞ս աւելցած է։ բ) Ի՞նչ հարցում պատասխանի կը կարօտի։

ԵՐԲ Ալպերթ Այնշթայն յարաբերականութեան մասնաւոր տեսութիւնը հրատարակեց 1905–ին, թէ՛ ինք եւ թէ բազմաթիւ այլ գիտնականներ կը հաւատային, որ տիեզերքը կը բաղկանայ լոկ մէկ աստղախումբէ,– մեր Ծիր Կաթինը։ Անոնք տիեզերքին չափը ո՜րքան թերագնահատած էին։ Այժմ կը կարծուի, թէ երկինքը կը պարունակէ աւելի քան 100 միլիառ աստղախումբ, ոմանք միլիառաւոր աստղեր ունենալով։ Մինչ աւելի զօրաւոր աստղադիտակներ կը գործածուին երկրի վրայ կամ անոր շուրջ որոշ ուղեծիրի մը վրայ կը դրուին, ճանչցուած աստղախումբերուն թիւը հետզհետէ կ’աւելնայ։

2 Ճիշդ ինչպէս որ աստղագիտութիւնը 1905–ին սահմանափակ էր, նոյնպէս ալ՝ երկրաբանութիւնը։ Ճիշդ է որ մէկ դար առաջ ապրող մարդիկը աւելին գիտէին քան՝ իրենց նախահայրերը։ Սակայն, կեանքի գեղեցկութիւնն ու բարդութիւնը եւ անոր թիկունք կանգնող երկրային համակարգերը, ներկայիս շա՜տ աւելի լաւ կը հասկցուին քան այդ ատեն։ Եւ կասկած չկայ, թէ յառաջիկայ տարիներուն շատ աւելին պիտի սորվինք երկրագունդին ու երկինքին մասին։ Բայց յատկապէս պատշաճ է որ հարցնենք. «Այս բոլորը սկիզբը ինչպէ՞ս գոյացան»։ Այդ հարցումին պատասխանը կրնանք գիտնալ, միայն քանի որ Ստեղծիչը զայն յայտնած է Սուրբ Գրութիւններուն միջոցաւ։

Ստեղծագործութեան հրաշքը

3, 4. Աստուած տիեզերքը ինչպէ՞ս ստեղծեց, եւ իր գործերը զինք ինչպէ՞ս կը փառաւորեն։

3 Թէ ինչպէ՛ս տիեզերքը գոյացաւ, Աստուածաշունչի բացման խօսքերը կը բացատրեն. «Սկիզբէն Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց» (Ծն. 1։1)։ Մինչ նախագոյ նիւթեր չկային, Եհովա գործածեց իր սուրբ հոգին,– իր հզօր գործօն ուժը,– որպէսզի ստեղծէ ֆիզիքական երկինքը, երկրագունդը եւ տիեզերքին մէջ եղած բոլոր մնացած բաները։ Արհեստաւոր մը իր ձեռքերը եւ գործիքները գործածելով առարկաներ կը շինէ, բայց Աստուած սուրբ հոգին կը ղրկէ իր մեծամեծ գործերը իրագործելու համար։

4 Սուրբ Գրութիւնները այլաբանօրէն կ’ակնարկեն սուրբ հոգիին որպէս Աստուծոյ «մատ»ը (Ղուկ. 11։20. Մատ. 12։28)։ Եւ «անոր ձեռքերուն գործերը»,– ինչ որ Եհովա իր սուրբ հոգիին միջոցով ստեղծեց,– զինք մեծապէս կը փառաւորեն։ Սաղմոսերգու Դաւիթ տաղերգեց. «Երկինք Աստուծոյ փառքը կը պատմէ ու երկնքի հաստատութիւնը անոր ձեռքերուն գործերը կը ցուցնէ» (Սաղ. 19։1)։ Արդարեւ, ֆիզիքական ստեղծագործութիւնը կ’ապացուցանէ Աստուծոյ սուրբ հոգիին ահարկու զօրութիւնը (Հռով. 1։20)։ Ինչպէ՞ս։

Աստուծոյ անսահման զօրութիւնը

5. Եհովայի սուրբ հոգիին ստեղծագործական զօրութիւնը լուսաբանէ՛։

5 Մեր աներեւակայելիօրէն հսկայական տիեզերքը կ’ապացուցանէ, թէ Եհովայի զօրութիւնը եւ ուժը անսպառ են (կարդա՛ Եսայի 40։26Արդի գիտութիւնը իրազեկ է, թէ նիւթը կրնայ ուժի վերածուիլ, իսկ ուժը՝ նիւթի վերածուիլ։ Նիւթը ուժի վերածուելու մէկ օրինակն է՝ մեր արեւը, որ աստղ մըն է։ Ամէն երկվայրկեան, արեւը շուրջ չորս միլիոն թոն նիւթ կը վերածէ լոյսի եւ շողարձակ ուժի այլ տեսակներու։ Այդ ուժէն մեզի հասած չնչին մասը բաւարար է երկրագունդին վրայ կեանքը պահպանելու։ Բացայայտ է որ ահագի՜ն զօրութիւն եւ ոյժ պահանջուեցան ստեղծելու համար ոչ միայն արեւը, հապա նաեւ՝ բոլոր միւս միլիառաւոր աստղերը։ Եհովա ունի այս հարկ եղած ուժը,– եւ շատ աւելին։

6, 7. ա) Ինչո՞ւ կրնանք ըսել, թէ Աստուած իր սուրբ հոգին կարգապահ ձեւով գործածած է։ բ) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, թէ տիեզերքը դիպուածով մէջտեղ չեկաւ։

6 Մեր չորս կողմը ապացոյցներ կան, թէ Աստուած իր սուրբ հոգին շա՜տ կարգապահ ձեւով գործածեց։ Լուսաբանենք. սեպենք թէ տարբեր գոյներով գնդիկներ պարունակող տուփ մը ունիս։ Տուփը ցնցելով՝ մէջի գնդիկները իրարու կը խառնես։ Ապա զանոնք միաժամանակ գետինը կը նետես։ Պիտի ակնկալե՞ս որ գնդիկները իրենց գոյնին համաձայն քով–քովի հաւաքուին,– կապոյտ գնդիկները մէկ կողմ, դեղին գնդիկները միւս կողմ. . . ։ Անշուշտ ո՛չ։ Անղեկավարելի արարքներուն արդիւնքը միշտ կ’ըլլայ նուա՛զ կարգուկանոն եւ ոչ թէ՝ աւելի։ Այս իրողութիւնը ընդունուած է որպէս՝ բնութեան հիմնական մէկ օրէնքը։ *

7 Արդ, երբ մեր աչքերը եւ աստղադիտակները դէպի երկինք ուղղենք, ի՞նչ կը տեսնենք։ Անհուն եւ մեծապէս կարգապահ համակարգ մը կը գտնենք՝ աստղախումբերու, աստղերու եւ մոլորակներու, որոնք բոլորն ալ ամենայն ճշգրտութեամբ կը շարժին։ Ասիկա չի կրնար դիպուածի մը կամ չծրագրուած եւ անհակակշռելի տիեզերական արկածի մը արդիւնքը ըլլալ։ Ուստի պէտք է հարցնենք. «Մեր կարգապահ տիեզերքը մէջտեղ բերելու համար, սկիզբը ի՞նչ ոյժ գործածուեցաւ»։ Մարդ արարածը կարողութեամբ սահմանափակ է այդ ուժը միայն գիտական հետազօտութեամբ եւ փորձարկութեամբ բնորոշելու։ Սակայն Աստուածաշունչը զայն բնորոշած է որպէս Աստուծոյ սուրբ հոգին, տիեզերքին մէջ ամենազօրաւոր ուժը։ Սաղմոսերգուն տաղերգեց. «Տէրոջը խօսքովը երկինք ստեղծուեցաւ ու իր բերնին հոգիովը՝ անոր բոլոր զօրքը» (Սաղ. 33։6)։ Եւ մինչ գիշերուան երկինքը կը դիտենք, մեր աչքերը այդ աստղերու «զօրք»ին չնչին մասը միայն կը տեսնեն։

Սուրբ հոգին ու երկրագունդը

8. Եհովայի գործերուն մասին իրապէս ո՞րքան գիտենք։

8 Բնութեան մասին մեր ներկայ հասկացողութիւնը շա՜տ չնչին է, երբ բաղդատենք թէ ո՜րչափ տակաւին պիտի սորվինք։ Աստուծոյ արարչական գործերուն մասին մեր ունեցած գիտութեան տարողութեան առնչութեամբ, հաւատարիմ Յոբ եզրակացուց. «Ահա ասոնք են անոր ճամբաներուն ծայրերը, բայց անոր վրայով լսածնիս որչա՜փ քիչ է» (Յոբ 26։14)։ Դարեր ետք, Սողոմոն թագաւոր՝ Եհովայի ստեղծագործութեան խորագէտ դիտորդ մը՝ ըսաւ. «[Աստուած] ամէն բան իր ժամանակին վայելուչ ըրաւ եւ մարդուն մտքին մէջ յաւիտենականութիւնը ճանչնալու փափաքը դրաւ. բայց Աստուծոյ ըրած գործը մարդ չի կրնար սկիզբէն մինչեւ վերջը հասկնալ» (Ժող. 3։11. 8։17

9, 10. Աստուած երկրագունդը ստեղծելու ատեն ի՞նչ ոյժ գործածեց, եւ առաջին երեք ստեղծագործական օրերուն ընթացքին եղած կարգ մը զարգացումները ի՞նչ էին։

9 Սակայն Եհովա իր գործերուն մասին էական մանրամասնութիւններ յայտնած է։ Օրինակ՝ Սուրբ Գրութիւնները մեզի կը տեղեկացնեն, թէ Աստուծոյ հոգին երկա՜ր դարեր առաջ երկրագունդին վրայ գործունեայ էր (կարդա՛ Ծննդոց 1։2Այդ ատենները երկրագունդի մակերեսին վրայ ո՛չ ցամաք, ո՛չ լոյս եւ ակներեւաբար ո՛չ շնչելիք օդ կար։

10 Աստուածաշունչը կը շարունակէ նկարագրել ինչ որ Աստուած ըրաւ՝ շարք մը ստեղծագործական օրերու ընթացքին։ Ասոնք 24 ժամուան օրեր չեն, հապա՝ դարաշրջաններ։ Առաջին ստեղծագործական օրը, Եհովա պատճառեց որ լոյս սկսի երեւիլ երկրագունդի մակերեսին վրայ։ Այս գործընթացը պիտի ամբողջանար, երբ յետագային արեւն ու լուսինը երկրագունդին վրայէն յստակօրէն տեսանելի ըլլային (Ծն. 1։3, 14)։ Երկրորդ օրը, մթնոլորտը սկսաւ կազմուիլ (Ծն. 1։6)։ Այդ հանգրուանին, երկրագունդը ունէր ջուր, լոյս եւ օդ, բայց տակաւին ցամաք չունէր։ Երրորդ ստեղծագործական օրուան սկիզբը, Եհովա ցամաք մէջտեղ բերելու համար իր սուրբ հոգին գործածեց, հաւանաբար երկրաբանական զօրաւոր ուժեր օգտագործելով, որ աշխարհածաւալ ծովէն ցամաքամասեր դուրս հանեն (Ծն. 1։9)։ Ուրիշ ապշեցուցիչ զարգացումներ պիտի ըլլային երրորդ օրը եւ յաջորդ ստեղծագործական շրջաններու ընթացքին։

Սուրբ հոգին եւ ապրող արարածները

11. Ապրող էակներու բարդութեամբ, համաչափութեամբ եւ գեղեցկութեամբ ի՞նչ բան կը յայտնուի։

11 Աստուծոյ հոգին նաեւ մէջտեղ բերաւ մեծապէս կազմակերպուած գործեր՝ ստեղծագործութեան կենսաբանական ծիրին մէջ։ Իր սուրբ հոգիին միջոցով, երրորդէն մինչեւ վեցերորդ ստեղծագործական օրուան ընթացքին, Աստուած բուսականութեան եւ կենդանիներու ապշեցուցիչ բազմազանութիւն մը ստեղծեց (Ծն. 1։11, 20-25)։ Այսպէս, ապրող էակները անհաշիւ օրինակներ կը ներկայացնեն բարդութեան, համաչափութեան եւ գեղեցկութեան, որոնք բարձրագոյն մակարդակի ծրագրում կը յայտնեն։

12. ա) Տի.Էն.Էյ.–ը ի՞նչ պաշտօն կը կատարէ։ բ) Ի՞նչ պէտք է սորվինք Տի.Էն.Էյ.–ի շարունակական յաջող պաշտօնէն։

12 Նկատի առ Տի.Էն.Էյ.–ը (deoxyribonucleic acid), կենդանի մարմիններու յատկանիշները սերունդէ սերունդ անցնելուն մէջ պարփակուած մէկ քիմիական մեքենականութիւնը։ Երկրագունդին վրայ ապրող բոլոր էակները,– ի ներառեալ մանրէները, խոտը, փիղերը, կապոյտ կէտերը եւ մարդիկը,– Տի.Էն.Էյ.–ը գործածելով կը շատնան։ Թէեւ երկրագունդի արարածները իրարմէ մեծապէս կը տարբերին, սակայն անոնց ժառանգուած յատկանիշներէն շատերը ղեկավարող ծածկագիրը շա՜տ կայուն է։ Անիկա դարե՜ր շարունակ պահպանած է արարածներու հիմնական տեսակներուն միջեւ եղած ինքնուրոյնութիւնը։ Ուստի Եհովա Աստուծոյ նպատակին համաձայն, երկրագունդի բազմատեսակ կենդանի մարմինները կը շարունակեն իրենց պաշտօնները կատարել՝ կեանքի խրթին ոստայնին մէջ (Սաղ. 139։16)։ Այս շատ ազդեցիկ եւ կարգապահ կարգադրութիւնը յաւելեալ ապացոյց կու տայ, թէ ստեղծագործութիւնը Աստուծոյ «մատ»ին կամ սուրբ հոգիին գործն է։

Երկրային ստեղծագործութեան յանգումը

13. Աստուած մարդը ինչպէ՞ս ստեղծեց։

13 Երկար դարեր անցնելէ եւ Աստուած անկենդան ու կենդանի անհամար բաներ մէջտեղ բերելէ ետք, երկրագունդը այլեւս «անձեւ ու պարապ» չէր։ Այսուհանդերձ, Եհովա իր հոգին ստեղծագործական նպատակներու համար գործածելը չէր վերջացուցած։ Ան իր երկրային բարձրագոյն ստեղծագործութիւնը մէջտեղ պիտի բերէր։ Վեցերորդ ստեղծագործական օրուան վերջաւորութեան, Աստուած մարդը ստեղծեց։ Եհովա ասիկա ինչպէ՞ս ըրաւ։ Իր սուրբ հոգին ու երկրագունդին տարրերը գործածելով (Ծն. 2։7

14. Մարդ արարածը ի՞նչ կարեւոր կերպով կը տարբերի անասուններէն։

14 Ծննդոց 1։27–ն կը նշէ. «Աստուած՝ իր պատկերովը ստեղծեց մարդը. Աստուծոյ պատկերովը ստեղծեց զանիկա, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք»։ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուիլը կը նշանակէ, թէ Եհովա մեզի կարողութիւնը տուաւ սէր դրսեւորելու, ազատ կամք գործածելու եւ նոյնիսկ մեր Արարիչին հետ անձնական փոխյարաբերութիւն մը հաստատելու։ Արդ՝ մեր ուղեղը մեծապէս կը տարբերի անասուններու ուղեղէն։ Յատկապէս, Եհովա մարդկային ուղեղը ծրագրեց, այնպէս որ կարենանք ուրախութեամբ իր եւ իր գործերուն մասին յաւիտեան սորվիլ։

15. Ադամին ու Եւային առջեւ ի՞նչ հեռանկար դրուեցաւ։

15 Մարդկութեան սկիզբը, Աստուած Ադամին եւ իր կնոջ՝ Եւային՝ տուաւ երկրագունդը եւ անոր մէջի բոլոր հրաշալիքները, որ հետազօտեն ու վայելեն (Ծն. 1։28)։ Եհովա անոնց առատ ուտելիք եւ դրախտային տուն մը հայթայթեց։ Անոնք առյաւէտ ապրելու եւ իրենցմէ սերած միլիառաւոր կատարեալ մարդոց սիրալիր ծնողքը ըլլալու պատեհութիւնը ունէին։ Սակայն իրերը այդ կերպով չընթացան։

Սուրբ հոգիին դերը ճանչնալ

16. Առաջին զոյգը ըմբոստանալով հանդերձ, մենք ի՞նչ յոյս ունինք։

16 Իրենց Արարիչին երախտապարտօրէն հնազանդելու փոխարէն, Ադամն ու Եւան անձնասիրաբար ըմբոստացան։ Առ ի հետեւանք, բոլոր անկատար մարդիկը իրենցմէ սերած են ու տառապած են։ Բայց Աստուածաշունչը կը բացատրէ, թէ Աստուած ինչպէ՛ս պիտի ջնջէ մեր առաջին ծնողքի մեղաւոր ընթացքին պատճառած բոլոր վնասները։ Սուրբ Գրութիւնները նաեւ ցոյց կու տան, որ Եհովա իր սկզբնական նպատակը պիտի իրագործէ։ Երկրագունդը դրախտ մը պիտի ըլլայ, երջանիկ եւ առողջ ու յաւիտենական կեանքով օրհնուած մարդկութեամբ լի (Ծն. 3։15)։ Այդ սրտաշէն հեռանկարին հանդէպ հաւատք պահպանելու համար, մենք Աստուծոյ սուրբ հոգիին օգնութեան պէտք ունինք։

17. Ինչպիսի՞ մտածումէ պէտք է խուսափինք։

17 Աղօթքով Եհովայէն սուրբ հոգին պէտք է խնդրենք (Ղուկ. 11։13)։ Ասիկա ընելը վերստին պիտի զօրացնէ մեր համոզումը, թէ ստեղծագործութիւնը Աստուծոյ ձեռքին գործն է։ Ներկայիս, անաստուածներու եւ բարեշրջականներու կողմէ՝ թերի եւ անհիմն տրամաբանութենէ կախեալ պրոպականդի մեծ ալիք մը կայ։ Թոյլ պէտք չէ տանք, որ այս թերի մտածումի հեղեղը մեզ շփոթեցնէ կամ վհատեցնէ։ Բոլոր քրիստոնեաները պէտք է նախապատրաստուին այս յարձակումին եւ անոր ընկերակցած հասակակիցներու ճնշումին դիմադրելու (կարդա՛ Կողոսացիս 2։8

18. Տիեզերքին եւ մարդկութեան ծագումը նկատի առնելու ատեն, ուշիմ Արարիչ մը անտեսելը ինչո՞ւ կարճատեսութիւն է։

18 Ստեղծագործութեան ապացոյցները անկեղծօրէն քննելը, վստահաբար Աստուածաշունչի եւ Աստուծոյ հանդէպ հաւատքը կը զօրացնէ։ Շատեր երբ կը խոկան տիեզերքին եւ մարդկութեան ծագումին վրայ, կը նախընտրեն նկատի չառնել ֆիզիքական ծիրէն դուրս եղող որեւէ ուժի ազդեցութիւնը։ Սակայն, եթէ հարցերը այդ հայեցակէտով քննարկենք, բոլոր ապացոյցները անաչառօրէն կշռած չենք ըլլար։ Աւելին, կարգապահ ու նպատակալից «անթիւ» ստեղծագործութիւններու բացայայտ գոյութիւնը անտեսած կ’ըլլանք (Յոբ 9։10. Սաղ. 104։25)։ Որպէս քրիստոնեաներ՝ վստահ ենք, թէ ստեղծագործութեան մէջ պարփակուած գործօն ուժը սուրբ հոգին էր, Եհովայի իմաստուն ղեկավարման ներքեւ։

Սուրբ հոգին եւ Աստուծոյ հանդէպ մեր հաւատքը

19. Ի՞նչ բան անձնապէս քեզի կ’ապացուցանէ Աստուծոյ գոյութիւնը եւ իր հոգիին գործունէութիւնը։

19 Հարկ չկայ ստեղծագործութեան մասին ամէն բան գիտնալու, որպէսզի Աստուծոյ հանդէպ հաւատք ունենանք, ինչպէս նաեւ՝ սէր եւ ակնածանք։ Մարդու մը հետ բարեկամանալու նման, Եհովայի հանդէպ հաւատքը հիմնուած է աւելի քան՝ պաղ իրողութիւններու վրայ։ Ճիշդ ինչպէս որ բարեկամներու միջեւ եղած փոխյարաբերութիւնը կ’աճի մինչ իրարու աւելի կը ծանօթանան, Աստուծոյ հանդէպ մեր հաւատքը կ’աւելնայ մինչ իր մասին աւելի՛ն կը սորվինք։ Արդարեւ, իր գոյութիւնը կը շօշափենք, երբ մեր աղօթքներուն կը պատասխանէ ու կը նշմարենք մեր կեանքին մէջ իր սկզբունքները կիրարկելու լաւ արդիւնքները։ Եհովային ա՛լ աւելի կը մօտենանք, մինչ կը տեսնենք բազմաթիւ ապացոյցներ, թէ ան մեր քայլերը կ’առաջնորդէ, մեզ կը պաշտպանէ, իր ծառայութեան մէջ մեր ջանքերը կ’օրհնէ, եւ մեզի հարկ եղած բաները կը հայթայթէ։ Այս բոլորը ուժգնօրէն կը հաստատեն Աստուծոյ գոյութիւնը եւ իր սուրբ հոգիին գործունէութիւնը։

20. ա) Աստուած տիեզերքն ու մարդը ինչո՞ւ ստեղծեց։ բ) Եթէ շարունակենք Աստուծոյ սուրբ հոգիին առաջնորդութեան հետեւիլ, արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։

20 Աստուածաշունչը արտակարգ օրինակ մըն է, թէ Եհովա ինչպէ՛ս իր գործօն ուժը գործածեց, որովհետեւ զայն գրողները «Սուրբ Հոգիէն շարժուած՝ խօսեցան» (Բ. Պետ. 1։21)։ Սուրբ Գրութիւնները ուշադրութեամբ ուսումնասիրելը կրնայ մեր հաւատքը կերտել Աստուծոյ հանդէպ որպէս ամէն բանի Արարիչը (Յայտ. 4։10բ)։ Իր ուշագրաւ սիրոյ յատկութիւնը արտայայտելով, Եհովա Արարիչը դարձաւ (Ա. Յովհ. 4։8)։ Ուստի մեր լաւագո՛յնը ընենք ուրիշներուն օգնելու, որ մեր սիրառատ երկնաւոր Հօր ու Բարեկամին մասին սորվին։ Իսկ եթէ շարունակե՛նք Աստուծոյ հոգիով առաջնորդուիլ, առանձնաշնորհումը պիտի ունենաք իր մասին յաւիտեան սորվելու (Գաղ. 5։16, 25)։ Իւրաքանչիւրս շարունակե՛նք Եհովայի եւ իր մեծամեծ գործերուն մասին սորվիլ, ու մեր կեանքին մէջ արտացոլացնենք իր անհո՜ւն սէրը որ ցուցաբերեց, երբ իր սուրբ հոգին գործածեց ստեղծելու երկինքը, երկրագունդը եւ մարդկութիւնը։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 6 Տե՛ս Հոգատար Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի՞ գիրքը, էջ 24 եւ 25։

Կրնա՞ս բացատրել

• Երկինքին ու երկրագունդին գոյութիւնը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ Աստուծոյ կողմէ սուրբ հոգիին գործածութեան մասին։

• Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած ըլլալը մեզի ի՞նչ պատեհութիւններ կու տայ։

• Ինչո՞ւ ստեղծագործութեան ապացոյցները քննելու կարիքը ունինք։

• Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութիւնը ի՞նչ կերպերով կրնայ աճիլ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 15]

Տիեզերքին մէջ տեսնուած կարգուկանոնը, ստեղծագործութեան մասին մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ

[Նկարին աղբիւրը]

Stars: Anglo-Australian Observatory/David Malin Images

[Նկարներ՝ էջ 16]

Այս բոլո՜ր բաներուն մէջ, Տի.Էն.Էյ.–ը ինչպէ՞ս հասարակաց է

[Նկար՝ էջ 18]

Նախապատրաստուա՞ծ ես հաւատքդ պաշտպանելու