Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Ճռաքաղութեան սովորութիւնը ի՞նչ էր, եւ որո՞նք ատկէ օգտուեցան։

Մովսիսական Օրէնքը արգիլեց հողագործները որ իրենց հողամասերուն բերքը ամբողջական կերպով հնձեն։ Փոխարէն, հացահատիկ հնձողները արտին եզերքը լման պէտք չէր հնձէին։ Խաղող հաւաքողները մնացած ողկոյզները պէտք չէր քաղէին կամ վերադառնային քաղելու զանոնք՝ որոնք առաջին անգամ դեռ խակ էին։ Ձիթենիներու ոստեր թօթուողները՝ չինկած ձիթապտուղները պէտք էր ձգէին (Ղեւտացւոց 19։9, 10. Բ. Օրինաց 24։19-21)։ Ետքը, աղքատները, որբերը, այրիները եւ օտարականները կրնային ճռաքաղել,– կամ հաւաքել,– հունձքին աւելցուքը։

Ճռաքաղութեան այս օրէնքը իսրայէլի ամբողջ համայնքին օգտեց։ Անիկա հողատէրը քաջալերեց որ առատաձեռն ու անձնուրաց ըլլայ եւ Աստուծոյ օրհնութիւններուն վստահի։ Անիկա ճռաքաղութիւն ընողներուն մէջ ջանասիրութիւն քաջալերեց, որովհետեւ ճռաքաղութիւնը ծանր աշխատանք էր (Հռութ 2։2-17)։ Ճռաքաղութիւնը երաշխաւորեց որ աղքատները անօթի չմնան կամ համայնքին վրայ բեռ մը չըլլան։ Աւելին, անիկա աղքատները մուրալու կամ բարեգործութիւններու վստահելու անպատուութենէն խնայեց։

Երուսաղէմի տաճարին կառուցման համար, Սողոմոն գերանները ինչո՞ւ հեռու տեղէ՝ Լիբանանէն՝ բերաւ։

Գ. Թագաւորաց 5։1-10–ի արձանագրութիւնը, Սողոմոնին եւ Տիւրոսի թագաւորին՝ Քիրամին միջեւ եղած մէկ համաձայնագիրը կը նկարագրէ։ Ըստ այդ համաձայնագրին, ծովու ճամբով Լիբանանէն եղեւնափայտեր ու մայրիի փայտեր պիտի բերուէին Իսրայէլ, ու գործածուէին տաճարի շինարարութեան մէջ։

Վաղեմի Միջին Արեւելքի մէջ, եղեւնափայտը կարեւոր վաճառանիւթ մըն էր։ Եգիպտոսի եւ Միջագետքի մէջ, անիկա կանոնաւորաբար կը գործածուէր տաճարներու եւ պալատներու սիւներուն եւ տախտակներուն համար։ Արքայական արխիւներ, գրական գործեր եւ քանդակագրութիւններ կը հաստատեն, թէ Միջագետքի հարաւային պետական–քաղաքները եղեւնափայտը շարունակաբար կը ներածէին, երբեմն որպէս աւար կամ տուրք։ Եգիպտոսի մէջ, անիկա կը գործածուէր արքայական մակոյկներ, դագաղներ եւ յուղարկաւորութեան այլ իրեր շինելու համար։

Լիբանանի եղեւնափայտերը յատկապէս հանրածանօթ էին իրենց տոկունութեան, գեղեցկութեան եւ անուշ բուրմունքին համար, ինչպէս նաեւ միջատներու յարձակման իրենց դիմադրութեան համար։ Արդ՝ Սողոմոն տաճարին համար լաւագոյն նիւթերը կը գործածէր։ Ներկայիս, ի՛նչ որ մնացած է եղեւնափայտի այն անտառներէն, որոնք ատեն մը Լիբանանի լեռները կը ծածկէին, սակաւաթիւ, պզտիկ եւ մեկուսացած պուրակներ են։

[Նկար՝ էջ 10]

Լիբանանեան եղեւնափայտի փոխադրութիւն, ասորական քանդակ՝ սարգոնի պալատէն

[Նկարին աղբիւրը]

Erich Lessing/Art Resource NY