Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Ո՛վ Աստուած իմ, զիս քաղցրութեամբ յիշէ՛»

«Ո՛վ Աստուած իմ, զիս քաղցրութեամբ յիշէ՛»

Աստուծոյ մօտեցիր

«Ո՛վ Աստուած իմ, զիս քաղցրութեամբ յիշէ՛»

«ԿԱՐԾԵՑԻ թէ Եհովան, որ զիս շատ լաւ կը ճանչնայ, բնաւ չի կրնար զիս սիրել կամ հաւանիլ», գրեց հաւատարիմ քրիստոնեայ կին մը, որ մաքառած է ինքզինք անարժէք զգալու դէմ։ Երբեք նոյնանման զգացումներով տանջուե՞ր ես, խորհելով որ Աստուծոյ ուշադրութեան արժանի չես, իր հաւանութիւնը ունենալը դեռ հաշուի չառնելով։ Եթէ այո՛, Նէեմիա 13։31–ի մէջ արձանագրուած խօսքերը կրնան քեզ քաջալերել։

Նէեմիան՝ մ.թ.ա. 5–րդ դարուն հրեաներու կառավարիչը, իր լաւագոյնը ըրաւ Աստուած հաճեցնելու։ Հակառակ թշնամիներու ընդդիմութեան, ան Երուսաղէմի պարիսպներուն վերակառուցումը ղեկավարեց։ Ան Աստուծոյ Օրէնքը պարտադրեց, հարստահարուածները հոգաց եւ ջանաց իր հայրենակիցներուն հաւատքը կերտել։ Աստուած նշմարե՞ց այս հաւատարիմ մարդուն կատարած բարութիւնը։ Նէեմիան Եհովայի հաւանութիւնը ունեցա՞ւ։ Պատասխանները կրնանք գիտնալ իր անուանակիր գիրքին եզրափակիչ խօսքերէն։

Նէեմիա կ’աղօթէ. «Ո՛վ Աստուած իմ, զիս քաղցրութեամբ յիշէ՛»։ * Արդեօք Նէեմիան կը վախնայ որ իր բարի արարքները Աստուծոյ քով աննկա՞տ մնացած են, կամ թէ Աստուած զինք պիտի մոռնա՞յ։ Ո՛չ։ Անկասկած Նէեմիա տեղեակ է Աստուածաշունչի նախկին գրողներու ըսածին, թէ Եհովա մեծապէս կը հետաքրքրուի Իր հաւատարիմ երկրպագուներով եւ անոնց բարի արարքներով (Ելից 32։32, 33. Սաղմոս 56։8)։ Ուստի ան Աստուծմէ ի՞նչ կը խնդրէ որ ընէ։ Աշխատասիրութիւն մը կը նշէ, թէ «յիշել» թարգմանուած եբրայերէն բառը՝ «գուրգուրանքով մտածելու եւ մտաբերելով գործելու» գաղափարը կու տայ։ Աղօթքի զօրութենէն լիովին վստահ ըլլալով՝ Նէեմիա Աստուծմէ կը խնդրէ որ զինք գուրգուրանքով յիշէ եւ օրհնէ (Նէեմիա 2։4

Եհովա պիտի պատասխանէ՞ Նէեմիայի սոյն աղօթքին։ Ան արդէն իսկ ձեւով մը պատասխանած է։ Այն իրողութիւնը թէ Եհովա յարմար տեսաւ որ Նէեմիայի աղօթքին մնայուն արձանագրութիւն մը ըլլայ, զայն Սուրբ Գրութիւններուն մէկ մասը դարձնելով, մեզ կը հաւաստիացնէ թէ ան գուրգուրանքով կը յիշէ Նէեմիան։ Բայց «աղօթքի լսող»ը աւելին պիտի ընէ, որ Նէեմիայի սրտագին խնդրանքին պատասխանէ (Սաղմոս 65։2

Աստուած տակաւին պիտի վարձատրէ Նէեմիան, մաքուր պաշտամունքին ի նպաստ անոր ըրած բոլոր բարիքներուն համար (Եբրայեցիս 11։6)։ Իր խոստացած արդար նոր աշխարհին մէջ, Եհովա Նէեմիան պիտի օրհնէ՝ զինք մեռելներէն յարուցանելով (Բ. Պետրոս 3։13. Յայտնութիւն 21։3, 4 * Հոն, դրախտային երկրի մը վրայ յաւիտեան ապրելու հեռանկարը ունենալով, Նէեմիա պիտի տեսնէ թէ Եհովան արդարեւ զինք յիշած է իր բարութեան համար։

Նէեմիային աղօթքը կը հաստատէ Դաւիթ թագաւորին խօսքերուն ճշմարիտ ըլլալը. «Դուն պիտի օրհնես արդարը, ո՛վ Տէր, բարի կամեցողութիւնով անոր չորս կողմը պիտի պատես՝ որպէս թէ վահանով մը» (Սաղմոս 5։12)։ Այո, Աստուած կը նշմարէ եւ կ’արժեւորէ մեր անկեղծ ջանքերը զինք հաճեցնելու։ Այնքան ատեն որ լաւագոյնդ կ’ընես իրեն ծառայելու, կրնա՛ս վստահ ըլլալ թէ ան քեզ գուրգուրանքով պիտի յիշէ եւ առատապէս օրհնէ։

ՓԵՏՐՈՒԱՐ ԱՄՍՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ ԹԵԼԱԴՐՈՒԱԾ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆ.

Նէեմիա 1-13

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 5 Ասիկա չորրորդ եւ վերջին անգամն է Աստուածաշունչի այս գիրքին մէջ, ուր Նէեմիա իր հաւատարիմ արարքներուն համար՝ աղօթքով Աստուծմէ կը խնդրէ լաւ կամ նպաստաւոր արդիւնք մը (Նէեմիա 5։19. 13։14, 22, 31

^ պարբ. 7 Երկրի վրայ հաւատարիմ մարդոց նկատմամբ Աստուծոյ նպատակին մասին յաւելեալ տեղեկութեան համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին 3–րդ եւ 7–րդ գլուխները, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։