Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ամենայն լրջութեամբ Եհովային ծառայենք

Ամենայն լրջութեամբ Եհովային ծառայենք

Ամենայն լրջութեամբ Եհովային ծառայենք

‘Ինչ որ լուրջ ուշադրութեան արժանի է, շարունակ ատոր մասին մտածեցէք’ (ՓԼՊ. 4։8, ՆԱ

1, 2. Ի՞նչ բան պատճառ եղած է, որ այս աշխարհին մէջ շատեր կեանքին նկատմամբ մակերեսային տեսակէտ ունենան, յառաջ բերելով ի՞նչ հարցումներ։

Կ’ԱՊՐԻՆՔ աշխարհի մը մէջ, որ մարդկային պատմութեան ամէնէն դժուար ու ողբերգական ժամանակները կը դիմագրաւէ։ Հոգեւոր գետնի վրայ զօրաւոր հիմ չունեցողներուն համար, այս «չար ժամանակներ»ուն հետ գլուխ ելլելը գրեթէ անկարելի է (Բ. Տիմ. 3։1-5)։ Անոնք իրենց առօրեայ խնդիրներուն հետ առանձին կը մաքառին, չնչին յաջողութիւն գտնելով։ Փորձելով կեանքը չափէ դուրս լուրջի չառնել, շատեր ժամանցի աշխարհին անվերջ զուարճութիւններուն կը դիմեն։

2 Կեանքի ճնշումներուն դիմանալու համար, մարդիկ յաճախ հաճոյասիրութիւնը առաջին տեղը կը դնեն։ Եթէ քրիստոնեաները ուշադիր չըլլան, դիւրաւ կրնան այս կենցաղակերպին բռնուիլ։ Ինչպէ՞ս կրնանք ասկէ խուսափիլ։ Արդեօք ասիկա պիտի պահանջէ՞ որ ամէն ատեն լուրջ ըլլանք։ Հաճոյքներուն եւ պատասխանատուութիւններուն միջեւ ինչպէ՞ս հաւասարակշռութիւն կը գտնենք։ Աստուածաշնչական ի՞նչ սկզբունքներ մեզ պէտք է առաջնորդեն, որպէսզի կեանքին նկատմամբ զգաստ ըլլալով հանդերձ, չափազանց լուրջ չըլլանք։

Հեշտասէր աշխարհի մը մէջ լուրջ ըլլալ

3, 4. Սուրբ Գրութիւնները ինչպէ՞ս կ’օգնեն մեզի, որ լուրջ ըլլալու կարիքը արժեւորենք։

3 Կասկած չկայ թէ այս աշխարհը ‘հեշտասիրութեան’ անտեղի կարեւորութիւն կու տայ (Բ. Տիմ. 3։4)։ Լաւ ժամանակ անցընելու վրայ անոր դրած շեշտը կրնայ մեր հոգեւորութեան սպառնալ (Առ. 21։17)։ Ուստի վաւերական պատճառով, Տիմոթէոսին եւ Տիտոսին ուղղուած Պօղոս առաքեալին նամակները նաեւ լրջութեան վերաբերեալ խրատներ կը պարփակեն։ Այս խրատները գործադրելը մեզի պիտի օգնէ, որ կեանքի նկատմամբ աշխարհի մակերեսային տեսակէտէն չազդուինք (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 2։1, 2. Տիտոս 2։2-8

4 Դարեր առաջ, Սողոմոն գրեց թէ ատեն–ատեն հաճոյքներէ ետ կենալը կարեւոր է՝ կեանքը լուրջի առնելու համար (Ժող. 3։4. 7։2-4)։ Արդարեւ, որովհետեւ կեանքը կարճ է, պէտք է ‘ջանք ընենք’ փրկուելու համար (Ղուկ. 13։24)։ Այս նպատակով, հարկ է որ ‘լուրջ ուշադրութեան արժանի եղող’ բաներուն մասին շարունակ մտածենք (Փլպ. 4։8, 9, ՆԱ)։ Ասիկա կը նշանակէ՝ քրիստոնէական կեանքի բոլոր երեսակներուն լաւ ուշադրութիւն ընծայել։

5. Ի՞նչ է կեանքի մարզերէն մէկը, զոր լուրջի պէտք է առնենք։

5 Օրինակ՝ Եհովան ու Յիսուսը ընդօրինակելով, քրիստոնեաները ծանր աշխատելու իրենց պատասխանատուութիւնը լուրջի կ’առնեն (Յովհ. 5։17)։ Առ ի արդիւնք, անոնք յաճախ գովասանք կը ստանան իրենց աշխատանքի լաւ սովորութիւններուն ու վստահելիութեան համար։ Յատկապէս ընտանիքի գլուխին կարեւոր է որ ծանր աշխատի՝ տան անդամներուն հոգ տանելու համար։ Ի վերջոյ, ընտանիքին նիւթապէս հոգ չտանիլը՝ ‘հաւատքը ուրանալ’ է, որ համահաւասար է Եհովան ուրանալուն (Ա. Տիմ. 5։8

Մեր պաշտամունքին նկատմամբ լուրջ բայց ուրախ տեսակէտ մը

6. Ինչպէ՞ս գիտենք թէ Եհովայի պաշտամունքը լուրջի պէտք է առնենք։

6 Եհովա ճշմարիտ պաշտամունքը բնաւ թեթեւի չէ առած։ Օրինակի համար, մովսիսական օրէնքին ներքեւ, իսրայէլացիները դաժան հետեւանքներ կրեցին, երբ Եհովայի պաշտամունքէն շեղեցան (Յես. 23։12, 13)։ Մ.թ. առաջին դարուն, Քրիստոսի հետեւորդներուն հարկ էր որ ուժգնօրէն պայքարէին՝ ճշմարիտ պաշտամունքը ապականուած ուսուցումներէ եւ կեցուածքներէ զերծ պահելու համար (Բ. Յովհ. 7-11. Յայտ. 2։14-16)։ Ներկայիս, ճշմարիտ քրիստոնեաները կը շարունակեն իրենց պաշտամունքը լուրջի առնել (Ա. Տիմ. 6։20

7. Պօղոս իր ծառայութեան համար ինչպէ՞ս նախապատրաստուեցաւ։

7 Մեր դաշտի ծառայութիւնը ուրախութեան աղբիւր մըն է։ Սակայն, ծառայութեան մէջ ուրախութիւն պահպանելու համար, հարկ է որ ատոր մասին լրջօրէն մտածենք եւ առաջուընէ պատրաստուինք։ Պօղոս բացատրեց թէ ինչպէ՛ս իր սորվեցուցած անհատները նկատի առաւ։ Ան գրեց. «Ամենուն հետ ամէն բան եղայ, որպէս զի մէկ քանիները ապրեցնեմ։ Եւ ասիկա աւետարանին համար կ’ընեմ, որպէս զի անոր կցորդ ըլլամ» (Ա. Կոր. 9։22, 23)։ Պօղոս մարդոց հոգեւորապէս օգնելու մէջ հաճոյք գտաւ, եւ լրջօրէն մտածեց թէ իր ունկնդիրներուն մասնայատուկ կարիքները ինչպէ՛ս պիտի լեցնէր։ Այսպէս, ան կրցաւ զանոնք քաջալերել ու մղել որ Եհովան պաշտեն։

8. ա) Ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր կեցուածքը անոնց հանդէպ՝ որոնց կը սորվեցնենք մեր ծառայութեան մէջ։ բ) Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարելը ինչպէ՞ս կրնայ ուրախ ծառայութեան նպաստել։

8 Պօղոս իր ծառայութեան նկատմամբ ո՞րքան լուրջ էր։ Ան պատրաստ էր ‘ծառայելու’ թէ՛ Եհովային եւ թէ անոնց՝ որոնք ճշմարտութեան պատգամը պիտի լսէին (Հռով. 12։11. Ա. Կոր. 9։19)։ Երբ Աստուծոյ Խօսքը մարդոց սորվեցնելու պատասխանատուութիւնը կը ստանձնենք,– ըլլա՛յ Աստուածաշունչի տնային ուսումնասիրութեան մը, քրիստոնէական ժողովի մը կամ Ընտանեկան պաշտամունքի նիստի մը ընթացքին,– մեր սորվեցուցած անհատներուն հանդէպ մեր պատասխանատուութեան կը գիտակցի՞նք։ Թերեւս զգանք թէ Աստուածաշունչի կանոնաւոր ուսումնասիրութիւն մը վարելը ծանր բեռ կը դնէ մեր վրայ։ Ճիշդ է որ ատիկա սովորաբար կը պահանջէ, որ մեր զբաղմունքներուն յատկացուցած ժամանակէն մաս մը տրամադրենք ուրիշներուն օգնելու, բայց ասիկա ներդաշնակ չէ՞ Յիսուսի խօսքին հետ, թէ «աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (Գործք 20։35)։ Փրկութեան ճամբան անձամբ ուրիշներուն սորվեցնելը մեզի պիտի բերէ ուրախութիւն մը, որ չի կրնար բաղդատուիլ որեւէ այլ գործունէութեան հետ։

9, 10. ա) Լուրջ ըլլալը կը նշանակէ՞ թէ չենք կրնար հանգստանալ եւ հաճոյք առնել՝ ուրիշներու հետ ժամանակ անցընելով. բացատրէ՛։ բ) Ի՞նչ բան պիտի օգնէ երէցի մը, որ քաջալերական եւ դիւրամերձ ըլլայ։

9 Լուրջ ըլլալը չի նշանակեր թէ չենք կրնար ուրիշներու հետ հանգիստ ու հաճոյալի ժամանակ անցընել։ Յիսուս կատարեալ օրինակ հանդիսացաւ՝ ժամանակ յատկացնելով ոչ միայն սորվեցնելու, այլ նաեւ հանգստանալու եւ ուրիշներուն հետ իմաստալից փոխյարաբերութիւններ զարգացնելու համար (Ղուկ. 5։27-29. Յովհ. 12։1, 2)։ Լուրջ ըլլալը նաեւ չի նշանակեր թէ միշտ խստերես պէտք է ըլլանք։ Եթէ Յիսուսի բնաւորութիւնը խիստ ու չափազանց լուրջ ըլլար, վստահաբար մարդիկ անոր պիտի չմօտենային։ Մինչեւ իսկ երեխաները անոր քով հանգիստ կը զգային (Մար. 10։13-16)։ Ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսի հաւասարակշռուած վարուելակերպը ընդօրինակել։

10 Երէցի մը առնչութեամբ, եղբայր մը ըսաւ. «Ան իր անձէն շատ բան կ’ակնկալէ, բայց ուրիշներէն բնաւ կատարելութիւն չ’ակնկալեր»։ Այս խօսքը քու մասիդ կրնա՞յ ըսուիլ։ Ուրիշներու առնչութեամբ տրամաբանական ակնկալութիւններ ունենալը պատշաճ է։ Օրինակի համար, երեխաները լաւ կերպով կ’ընդառաջեն, երբ ծնողներ իրենց առջեւ տրամաբանական նպատակակէտեր կը դնեն եւ կ’օգնեն որ զանոնք իրագործեն։ Նմանապէս, երէցները կրնան ժողովքին մէջ անհատներ քաջալերել որ հոգեւորապէս աճին, եւ ասիկա ընելու կերպին մասին կրնան մասնայատուկ թելադրութիւններ տալ։ Աւելին, երբ երէց մը իր անձին մասին հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենայ, իր վարուելակերպը ջերմ ու թարմացուցիչ պիտի ըլլայ (Հռով. 12։3)։ Քոյր մը ըսաւ. «Չեմ ուզեր որ երէց մը ամէն բան կատակի առնէ։ Բայց եթէ ան ամէն ատեն լուրջ է, իրեն մօտենալը դժուար է»։ Ուրիշ քոյր մը ըսաւ թէ երէցներէն ոմանք «կրնան վախ ներշնչել, քանի որ չափազանց լուրջ բնաւորութիւն ունին»։ Երէցները բնա՛ւ պիտի չուզեն տկարացնել այն ուրախալի տեսակէտը, զոր բոլոր հաւատացեալները պէտք է ունենան Եհովայի՝ «երանելի Աստուծոյ»՝ պաշտամունքին նկատմամբ (Ա. Տիմ. 1։11

Ժողովքին մէջ պատասխանատուութիւն ստանձնել

11. Ժողովքին մէջ ‘ցանկալը’ ի՞նչ կը նշանակէ։

11 Երբ Պօղոս ժողովքին մէջ տղամարդիկը քաջալերեց, որ ջանան աւելի մեծ պատասխանատուութիւններու որակեալ ըլլալ, իր միտումը չէր զանոնք քաջալերել որ անձնական փառասիրութեան գոհացում տային։ Փոխարէն, ան գրեց. «Եթէ մէկը եպիսկոպոսութեան կը ցանկայ, աղէկ գործի կը ցանկայ» (Ա. Տիմ. 3։1, 4)։ ‘Ցանկալը’ կը պահանջէ քրիստոնեայ տղամարդոցմէ, որ զօրաւոր փափաք զարգացնեն ծանր աշխատելու, որ իրենց եղբայրներուն ծառայելու համար հարկ եղած հոգեւոր յատկութիւնները ձեռք բերեն։ Եթէ եղբայր մը առնուազն մէկ տարի է որ մկրտուած է, եւ բաւարար չափով գոհացում կու տայ օգնական ծառաներու աստուածաշնչական որակումներուն, որոնք նշուած են Ա. Տիմոթէոս 3։8-13–ի մէջ, կրնայ նշանակումին համար յանձնարարուիլ։ Նշմարէ թէ 8–րդ համարը յատկապէս կ’ըսէ. «Նոյնպէս ալ սարկաւագները ըլլան ծանրաբարոյ»։

12, 13. Նշէ կերպեր՝ որոնցմով պատանի եղբայրները կրնան պատասխանատուութիւններու ձգտիլ։

12 Երիտասարդութեան սեմին եղող մկրտուած լուրջ եղբա՞յր մըն ես։ Շատ մը կերպերով կրնաս ձգտիլ։ Կերպերէն մէկն է՝ դաշտի ծառայութեան մէջ բերած բաժինդ բարելաւել։ Դուն անոնցմէ՞ ես, որոնք հաճոյք կը զգան դաշտի ծառայութեան մէջ ամէն տարիքի պատկանող եղբայրներու հետ աշխատելով։ Կը փորձե՞ս գտնել մէկը, որուն հետ կրնաս Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Երբ ժողովքային հանդիպումներուն մէջ տրուած թելադրութիւններուն համաձայն Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարես, ուսուցանելու կարողութիւնդ պիտի բարելաւես։ Աւելին, պիտի սորվիս կարեկցութիւն ունենալ այն անհատին հանդէպ, որ Եհովայի ճամբաները կը սորվի։ Մինչ աշակերտդ կը սկսի փոփոխութիւններ ընելու կարիքը տեսնել, համբերութեամբ եւ խոհեմութեամբ պիտի սորվիս իրեն օգնել, որ աստուածաշնչական սկզբունքները կիրարկէ։

13 Ո՛վ պատանի եղբայրներ, կրնաք ժողովքին մէջ տարեցներուն ձեռնտու ըլլալ, կարելի եղած որեւէ կերպով անոնց օգնելով։ Նաեւ կրնաք Թագաւորութեան սրահին երեւոյթով հետաքրքրուիլ, ձեռք տալով որ մաքուր ու կոկիկ մնայ։ Երբ կ’առաջարկէք օգնել որեւէ կերպով որ կրնաք, ձեր յօժարակամ հոգին կը փաստէ թէ ձեր ծառայութեան նկատմամբ լուրջ էք։ Տիմոթէոսի նման, կրնաք սորվիլ ժողովքին կարիքները անկեղծօրէն հոգալ (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 2։19-22

14. Ժողովքին մէջ ծառայելու առնչութեամբ, պատանի եղբայրները ինչպէ՞ս կրնան ‘փորձուիլ’։

14 Ո՛վ երէցներ, ուշադի՛ր եղէք որ պարտականութիւններ տաք այն պատանի եղբայրներուն, որոնք ջանք կը թափեն ‘երիտասարդական ցանկութիւններէն փախչելու’ եւ կ’երթան «արդարութեան, հաւատքի, սիրոյ, խաղաղութեան» եւ այլ լուրջ յատկութիւններու ետեւէ (Բ. Տիմ. 2։22)։ Ժողովքին մէջ անոնց պարտականութիւններ նշանակելով, անոնք կրնան պատասխանատուութիւն շալկելու առնչութեամբ ‘փորձուիլ’, որպէսզի իրենց ‘յառաջդիմութիւնը ամէնուն յայտնի ըլլայ’ (Ա. Տիմ. 3։10. 4։15

Ժողովքէն եւ ընտանիքէն ներս՝ լրջութիւն ցուցաբերել

15. Ա. Տիմոթէոս 5։1, 2–ի համաձայն, ուրիշներու նկատմամբ մեր տեսակէտին մէջ ինչպէ՞ս կրնանք լրջութիւն ցուցաբերել։

15 Լրջութիւնը կը պարփակէ՝ մեր եղբայրներն ու քոյրերը պատուել։ Տիմոթէոսին տուած իր խրատին մէջ, Պօղոս ուրիշները յարգելու կարիքը ընդգծեց (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 5։1, 2Ասիկա մասնաւորաբար կարեւոր է, երբ կը վարուինք հակառակ սեռի պատկանողներուն հետ։ Ընդօրինակուելու արժանի է Յոբի օրինակը, որ պատուեց կիները, մանաւանդ իր կողակիցը։ Ան գիտակից ջանք թափեց որ ցանկութեամբ ուրիշ կնոջ մը չնայի (Յոբ 31։1)։ Մեր եղբայրներն ու քոյրերը լուրջի առնելը դուրս պիտի ձգէ անոնց հետ անլուրջ սիրախօսութիւն ընելը, կամ ընել որեւէ բան, որ եղբայր մը կամ քոյր մը պիտի անհանգստացնէ մեր ներկայութեան։ Ուրիշները պատուելը յատկապէս կարեւոր է, երբ երկու անհատներ ամուսնութեան նպատակով ռոմանթիկ փոխյարաբերութիւն մը կը զարգացնեն։ Լուրջ քրիստոնեան հակառակ սեռի պատկանող անհատի մը զգացումներուն հետ բնաւ պիտի չխաղայ (Առ. 12։22

16. Աշխարհի մէջ ոմանք ի՞նչ տեսակէտ ունին ամուսինին եւ հօր դերին նկատմամբ, իսկ Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կը նկարագրէ անոր դերը։

16 Նաեւ ուշադիր պէտք է ըլլանք՝ ընտանիքին մէջ մեր աստուածատուր դերերուն նկատմամբ լուրջ տեսակէտ մը պահպանելու։ Սատանայի աշխարհը ամուսինին եւ հօր դերը ծաղրանքի առարկայ կը դարձնէ։ Ժամանցի ճարտարարուեստը ընտանիքի գլուխը լոկ հեգնանքի եւ անարգանքի նիւթ դարձնելէն հաճոյք կ’առնէ։ Սակայն Սուրբ Գրութիւնները ամուսինին վրայ մեծ պատասխանատուութիւն կը դնեն, զինք նշանակելով որպէս իր «կնոջ գլուխը» (Եփ. 5։23. Ա. Կոր. 11։3

17. Բացատրէ՛ թէ ընտանեկան պաշտամունքին մասնակցիլը ինչպէ՛ս ցոյց կու տայ, թէ մեր պատասխանատուութիւններուն նկատմամբ լուրջ ենք։

17 Ամուսին մը կրնայ իր ընտանիքին նիւթապէս հոգ տանիլ։ Բայց եթէ ան հոգեւոր ուղղութիւն չհայթայթէ, խոհեմութեան եւ իմաստութեան պակաս դրսեւորած պիտի ըլլայ (Բ. Օր. 6։6, 7)։ Հետեւաբար Ա. Տիմոթէոս 3։4–ը կ’ըսէ, որ եթէ ընտանիքի գլուխ ես եւ ժողովքին մէջ յաւելեալ առանձնաշնորհումներու կը ձգտիս, հարկ է որ ‘տանդ աղէկ վերակացութիւն ընես, զաւակներդ հնազանդութեան եւ պարկեշտութեան մէջ պահելով’։ Այս առնչութեամբ, դուն քեզի հարց տուր. ‘Տանս մէջ ընտանեկան պաշտամունքի համար կանոնաւորաբար ժամանակ կը տրամադրե՞մ’։ Իրականութեան մէջ, քրիստոնեայ կիներէն ոմանք կը ստիպուին իրենց ամուսիններուն աղաչել, որ հոգեւոր գետնի վրայ առաջնորդութիւն առնեն։ Իւրաքանչիւր ամուսին այս պատասխանատուութեան նկատմամբ իր տեսակէտին վրայ լրջօրէն պէտք է մտածէ։ Անշուշտ, քրիստոնեայ կինը Ընտանեկան պաշտամունքի կարգադրութեան թիկունք պէտք է կանգնի եւ զայն յաջողցնելու համար՝ իր ամուսինին հետ համագործակցի։

18. Երեխաները ինչպէ՞ս կրնան սորվիլ լուրջ ըլլալ։

18 Երեխաներուն ալ քաջալերութիւն կը տրուի, որ կեանքը լուրջի առնեն (Ժող. 12։1)։ Երեխաները չեն վնասուիր երբ սորվին ծանր աշխատիլ, կատարելով տնային մանր պարտականութիւններ, որոնք իրենց տարիքին եւ կարողութիւններուն համապատասխան են (Ողբք 3։27)։ Երբ Դաւիթ թագաւորը տակաւին երեխայ էր, սորվեցաւ լաւ հովիւ մը ըլլալ։ Ան նաեւ սորվեցաւ երաժիշտ ու երգագիր մը ըլլալ,– հմտութիւններ՝ որոնց շնորհիւ Իսրայէլի կառավարիչին առջեւ ծառայեց (Ա. Թագ. 16։11, 12, 18-21)։ Անկասկած, տղեկ մը ըլլալով, Դաւիթ գիտէր ինչպէս խաղասէր ըլլալ, բայց ան նաեւ սորվեցաւ արժէքաւոր հմտութիւններ, զորոնք յետագային գործածեց Եհովան փառաբանելու։ Որպէս հովիւ իր հմտութիւնները իրեն օգնեցին, որ իսրայէլ ազգը համբերատարութեամբ առաջնորդէ։ Ո՛վ պատանիներ, քանի՞ տեսակ օգտակար հմտութիւններ կը սորվիք,– հմտութիւններ որոնք ձեզի պիտի օգնեն Ստեղծիչին ծառայելու եւ նախապատրաստեն ապագայ պատասխանատուութիւններու համար։

Հաւասարակշռուած տեսակէտ մը պահպանել

19, 20. Քու անձիդ եւ պաշտամունքիդ նկատմամբ ի՞նչ հաւասարակշռուած կեցուածք մը վճռած ես պահպանել։

19 Բոլորս կրնանք ջանալ մեր անձին նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը պահպանել,– չափազանց լուրջ չըլլալ։ Պիտի չուզենք «խիստ շատ արդար» ըլլալ (Ժող. 7։16)։ Քիչ մը զուարթամիտ ըլլալը կրնայ լարուած պահերը փարատել, ըլլա՛ն ատոնք տան մէջ, գործատեղին կամ երբ մեր քրիստոնեայ եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ գործառնութիւն կ’ունենանք։ Ընտանիքի անդամները պիտի ուզեն ուշադիր ըլլալ՝ չափէ աւելի քննադատական չըլլալու, որպէսզի չքայքայեն այն խաղաղութեան ապահով ապաստանը, որ տան կը վայելէ ըլլալ։ Ժողովքին մէջ, բոլորը կրնան սորվիլ իրարու հետ խնդալ ու լաւ ժամանակ անցընել, խօսակցութիւնները եւ մեր ուսուցանելու կերպը շինիչ ու դրական պահելով (Բ. Կոր. 13։10. Եփ. 4։29

20 Կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, որ Եհովան կամ անոր օրէնքները լուրջի չ’առներ։ Առ ի հակապատկեր, Եհովայի ծառաները իրեն հնազանդ եւ հաւատարիմ ըլլալու հարցով խորապէս հետաքրքրուած են։ Ի՜նչ ուրախութիւն է ըլլալ ժողովուրդի մը մէջ, որ ամենայն լրջութեամբ Եհովան կը պաշտէ։ Թող որ վճռենք մեր կեանքին եւ պաշտամունքին նկատմամբ լուրջ տեսակէտ մը պահպանել։

Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանես

• Կեանքի նկատմամբ աշխարհի մակերեսային տեսակէտէն ինչո՞ւ պէտք չէ ազդուինք։

• Մեր ծառայութեան նկատմամբ ինչպէ՞ս կրնանք ուրախ բայց լուրջ ըլլալ։

• Պատասխանատուութիւն ստանձնելու մեր տեսակէտը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, թէ լուրջ ենք կամ ոչ։

• Բացատրէ՛ թէ մեր եղբայրներն ու ընտանիքի անդամները պատուելը ինչո՛ւ լուրջ հարց մըն է։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 14]

Ամուսին մը իր ընտանիքին թէ՛ նիւթապէս եւ թէ հոգեւորապէս հոգ պէտք է տանի