Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ո՞վ է Յիսուս Քրիստոս

Ո՞վ է Յիսուս Քրիստոս

Աստուծոյ Խօսքէն սորվէ՛

Ո՞վ է Յիսուս Քրիստոս

Այս յօդուածը կ’ուղղէ հարցումներ, որոնք թերեւս միտքէդ անցած են, եւ ցոյց կու տայ թէ Աստուածաշունչիդ մէջ ո՛ւր կրնաս պատասխանները կարդալ։ Եհովայի վկաները ուրախ պիտի ըլլան այս պատասխանները քեզի հետ քննարկելու։

1. Ո՞վ է Յիսուս Քրիստոս։

Ի տարբերութիւն ոեւէ մարդու, Յիսուս երկինքի մէջ որպէս հոգեղէն անձ ապրեցաւ, նախքան երկրի վրայ իր ծնիլը (Յովհաննէս 8։23)։ Ան Աստուծոյ առաջին ստեղծագործութիւնն էր, եւ բոլոր միւս բաները ստեղծելուն մէջ օգնեց։ Ան միակն է որ ուղղակիօրէն ստեղծուած է Եհովայի կողմէ, եւ այսպէս՝ կոչուած է Աստուծոյ «միածին» Որդին։ Յիսուս ծառայեց որպէս Աստուծոյ Խօսնակը, ուստի նաեւ կոչուած է՝ «Բանը» (Յովհաննէս 1։1-3, 14. կարդա՛ Առակաց 8։22, 23, 30. Կողոսացիս 1։15, 16

2. Յիսուս ինչո՞ւ երկիր եկաւ։

Աստուած իր Որդին երկիր ղրկեց, անոր կեանքը երկնքէն փոխադրելով Մարիամ անունով հրեայ կոյսի մը արգանդը։ Ուստի Յիսուս մարդկային հայր մը չունէր (Ղուկաս 1։30-35)։ Յիսուս երկիր եկաւ 1) Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը սորվեցնելու, 2) Աստուծոյ կամքը կատարելուն մէջ օրինակ հանդիսանալու եւ 3) իր կատարեալ կեանքը որպէս «փրկանք» տալու (կարդա՛ Մատթէոս 20։28. Յովհաննէս 18։37

3. Ինչո՞ւ փրկանքի մը պէտք ունինք։

Փրկանքը վճարուած գին մըն է, որ անհատ մը գերութենէ կ’ազատէ։ Մահն ու ծերութիւնը մարդկութեան համար Աստուծոյ սկզբնական նպատակին մաս չէին կազմեր։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Աստուած առաջին մարդուն՝ Ադամին ըսաւ, որ պիտի մեռնէր եթէ գործէր ինչ որ Աստուածաշունչը կը կոչէ մեղք։ Եթէ Ադամ մեղանչած չըլլար, բնաւ մեռած պիտի չըլլար։ Թէեւ իր կեանքը դարեր անցնելէ ետք վերջ գտաւ, բայց Ադամ սկսաւ մեռնիլ այն օրէն, երբ Աստուծոյ չհնազանդեցաւ (Ծննդոց 2։16, 17. 5։5)։ Ադամ իր ամբողջ զարմին փոխանցեց մեղքը եւ ատոր պատիժը՝ մահը։ Այսպիսով մահը Ադամին միջոցաւ մարդկութեան աշխարհը «մտաւ»։ Ասոր համար է որ փրկանքի մը պէտք ունինք (կարդա՛ Հռովմայեցիս 5։12. 6։23

4. Յիսուս ինչո՞ւ մեռաւ։

Մեզ մահէն ազատելու փրկանքը ո՞վ կրնար վճարել։ Երբ կը մեռնինք, միայն մե՛ր մեղքերուն պատիժը կը վճարենք։ Ո՛չ մէկ անկատար մարդ կրնայ ուրիշներու մեղքերուն համար վճարել (կարդա՛ Սաղմոս 49։7-9

Որովհետեւ Յիսուս մարդկային հօրմէ մը անկատարութիւն չժառանգեց, ան մեռաւ ոչ թէ իր մեղքերուն պատճառաւ, հապա՝ ուրիշներու մեղքերուն համար։ Որպէս մարդկութեան հանդէպ Իր արտասովոր սիրոյն մէկ արտայայտութիւնը, Աստուած իր Որդին ղրկեց որ մեզի համար մեռնի։ Յիսուս ալ մեզի հանդէպ սէր ցուցաբերեց, իր Հօր հնազանդելով եւ մեր մեղքերուն համար իր կեանքը տալով (կարդա՛ Յովհաննէս 3։16. Հռովմայեցիս 5։18, 19

5. Յիսուս հիմա ի՞նչ կ’ընէ։

Հիւանդներ բժշկելով, մեռելներ յարուցանելով եւ իր կեանքը տալով որ մարդիկը փրկէ մեղքէն ու մահէն, Յիսուս ցոյց տուաւ թէ ի վերջոյ ի՛նչ պիտի ընէ բոլոր հնազանդ մարդկութեան համար (Ղուկաս 18։35-42. Յովհաննէս 5։28, 29)։ Յիսուսի մահէն ետք, Աստուած զինք ետ կեանքի բերաւ որպէս հոգեղէն անձ (Ա. Պետրոս 3։18)։ Յետոյ, Յիսուս Եհովայի աջ կողմը սպասեց մինչեւ որ Ան իրեն հեղինակութիւն տուաւ, որ ամբողջ երկրագունդին վրայ որպէս Թագաւոր իշխէ (Եբրայեցիս 10։12, 13)։ Այժմ Յիսուս երկինքի մէջ կը թագաւորէ, ու երկրի վրայ իր հետեւորդները համայն աշխարհի մէջ բարի լուրը կը ծանուցանեն (կարդա՛ Դանիէլ 7։13, 14. Մատթէոս 24։14

Մօտ ատենէն, Յիսուս որպէս Թագաւոր իր հեղինակութիւնը պիտի գործածէ, որպէսզի բոլոր տառապանքներուն եւ զանոնք պատճառողներուն վերջ դնէ։ Յիսուսին հաւատացող ու հնազանդող միլիոնաւորներ երկրի վրայ դրախտի մը մէջ կեանքը պիտի վայելեն (կարդա՛ Սաղմոս 37։9-11

Յաւելեալ տեղեկութեան համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կը սորվեցնէ գիրքին 4–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

[Նկար՝ էջ 21]

Յիսուսին հաւատացող ու հնազանդող միլիոնաւորներ երկրի վրայ դրախտի մը մէջ կեանքը պիտի վայելեն