Որո՞նք կը քարոզեն աւետարանը
Որո՞նք կը քարոզեն աւետարանը
«Բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի» (ՄԱՏԹԷՈՍ 24։14)։
ԲՈՎԱՆԴԱԿ աշխարհի մէջ, Եհովայի վկաներուն կողմէ աւետարանը կը քարոզուի։ Անոնք ասիկա բազմազան կերպերով կ’ընեն։ Կերպերէն մէկն է՝
Խօսելով։ Յիսուսին եւ անոր աշակերտներուն պէս, Եհովայի վկաները աւետարանը մարդոց կը հասցնեն (Ղուկաս 8։1. 10։1)։ Անոնք պարզապէս չեն ակնկալեր որ մարդիկ իրենց քովը գան։ Բոլոր Վկաները,– որոնց թիւը եօթը միլիոնէ աւելի է,– Աստուծոյ Արքայութեան մասին կը վկայեն։ Անոնք կը քարոզեն տունէ տուն, փողոցները, հեռաձայնով եւ այլ կերպերով։ Անցեալ տարի, Վկաները աւելի քան մէկուկէս միլիառ ժամ տրամադրեցին այս գործունէութեան համար։
Անոնք ուրիշներուն ոչ միայն Աստուծոյ Արքայութեան մասին կը սորվեցնեն, այլ նաեւ ‘այն բոլոր բաները, զորս [Յիսուս] պատուիրեց’ (Մատթէոս 28։20)։ Անոնք կանոնաւորաբար աւելի քան ութ միլիոն աստուածաշնչական ձրի տնային ուսումնասիրութիւններ կը վարեն։
Վկաները կը քարոզեն համայն աշխարհին մէջ,– 236 երկիրներու մէջ։ Անոնք ամէն ենթահողէ եկող մարդոց կը քարոզեն։ Անոնք կը քարոզեն գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ, Ամազոնի անտառներուն եւ Սիպերիոյ ձիւնապատ եղեւնաստաններուն մէջ, Ափրիկէի անապատներուն եւ Հիմալայեան լեռներուն մէջ։ Անոնք այս գործը կատարելով դրամ չեն առներ, հապա իրենց գրպանին եւ ժամանակին հաշւոյն զայն կը կատարեն, Աստուծոյ եւ ընկերոջ հանդէպ սէրէ մղուած։ Անոնք աւետարանը նաեւ կը գիտցնեն՝
Տպուած էջերով։ Այս պարբերաթերթը, որուն լման վերնագիրն է՝ Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը, այժմ 185 լեզուներով կը հրատարակուի եւ իւրաքանչիւր թիւէն աւելի քան 42 միլիոն օրինակներ կը բաշխուին։ Ընկերակցող պարբերաթերթը՝ Զարթի՛ր–ը, որ դարձեալ Արքայութիւնը կը հրապարակէ, 83 լեզուներով կը հրատարակուի եւ իւրաքանչիւր թիւէն կը բաշխուին շուրջ 40 միլիոն օրինակներ։
Մօտաւորապէս 540 լեզուներով գիրքեր, գրքոյկներ, թերթիկներ, CD–ներ, MP3–ներ ու DVD–ներ մատչելի են, որոնք աստուածաշնչական ուսուցումներ կը բացատրեն։ Միայն անցած տասը տարիներուն մէջ, Վկաները այս հրատարակութիւններէն աւելի քան 20 միլիառ օրինակներ արտադրած ու բաշխած են, համայն աշխարհին մէջ միջին հաշիւով՝ երեք հրատարակութիւն իւրաքանչիւր անհատի։
Եհովայի վկաները նաեւ Աստուածաշունչի զանազան թարգմանութիւններ տպած են կամ անոնց տպագրութիւնը հովանաւորած են։ Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը,– որ Վկաներուն կողմէ կը թարգմանուի, կը տպուի եւ կը բաշխուի,– այժմ ամբողջութեամբ կամ մասնակի՝ 96 լեզուներով մատչելի է։ Աւելի քան 166 միլիոն օրինակներ բաշխուած են։ Վկաները Արքայութեան աւետարանը նաեւ կը հաղորդեն՝
Քրիստոնէական ժողովներու մէջ։ Տեղական Թագաւորութեան սրահներու մէջ կայացուած շաբաթական ժողովները պարզապէս կրօնական ծառայութիւններ չեն. անոնք ծրագրուած են ուսուցումի համար։ Աստուածաշունչի վերաբերեալ նիւթերու
շուրջ դասախօսութիւններ կը տրուին, եւ Աստուածաշունչը կը սերտուի Դիտարան պարբերաթերթին եւ այլ հրատարակութիւններու օգնութեամբ։ Ժողովներու մէջ, Վկաները նաեւ կը սորվին աւետարանի աւելի ազդու ծանուցանողներ ըլլալ։Աշխարհի տարածքին, Վկաները միեւնոյն նիւթերը կ’ուսումնասիրեն աւելի քան 107,000 ժողովքներու մէջ, իրենց միութեան նպաստելով։ Այս ժողովները հանրութեան առջեւ բաց են։ Երբեք հանգանակութիւն չի կատարուիր։ Անշուշտ, ասոնցմէ ո՛չ մէկը նշանակալից պիտի ըլլար, եթէ Վկաները իրենց քարոզած բաները ի գործ չդնէին։ Հետեւաբար, անոնք կը ջանան աւետարանը յանձնարարել՝
Անհատապէս օրինակ հանդիսանալով։ Անոնք ճիգ կը թափեն որ քրիստոնէական վարքի մէջ օրինակելի ըլլան, իրենց լաւագոյնը ընելով որ ուրիշներուն հետ վարուին այնպէս՝ ինչպէս որ կ’ուզեն որ ուրիշներ իրենց հետ վարուին (Մատթէոս 7։12)։ Թէեւ անոնք անկատար են ու երբեմն կը թերանան, սակայն անկեղծօրէն կը տենչան բոլոր մարդոց հանդէպ սիրալիր ըլլալ ոչ միայն աւետարանը հաղորդելով, այլ նաեւ՝ երբոր կարելի է՝ օգնութեան ձեռք հասցնելով։
Եհովայի վկաները չեն փորձեր իրենց քարոզչութեամբ աշխարհը հաւատափոխութեան ենթարկել։ Փոխարէն, երբ այդ գործը Եհովայի ուզած տարողութեամբ կատարուի, վերջը պիտի գայ, ինչպէս որ Յիսուս նախագուշակեց։ Ատիկա ի՞նչ պիտի նշանակէ երկրագունդին եւ անոր բնակչութեան։
[Նկար՝ էջ 7]
Բովանդակ աշխարհի մէջ, Եհովայի վկաներուն կողմէ աւետարանը կը քարոզուի