Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ի՞նչ է

Երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ի՞նչ է

Աստուծոյ Խօսքէն սորվէ՛

Երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ի՞նչ է

Այս յօդուածը կ’ուղղէ հարցումներ, որոնք թերեւս միտքէդ անցած են, եւ ցոյց կու տայ թէ Աստուածաշունչիդ մէջ ո՛ւր կրնաս պատասխանները կարդալ։ Եհովայի վկաները ուրախ պիտի ըլլան այս պատասխանները քեզի հետ քննարկելու։

1. Երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ի՞նչ է։

Երկիրը մարդկութեան տունն է։ Երկինքի մէջ ապրող հրեշտակներ ստեղծելէ ետք, Աստուած մարդը շինեց երկիրը վայելելու (Յոբ 38։4, 7)։ Այսպէս, Եհովա առաջին մարդը Եդեմ կոչուող հիանալի դրախտի մը մէջ դրաւ եւ անոր ու անոր ապագայ սերունդին տուաւ երկրի վրայ անվերջ կեանք մը վայելելու հեռանկարը (Ծննդոց 2։15-17. կարդա՛ Սաղմոս 115։16

Եդեմի պարտէզը երկրագունդէն միայն պզտիկ մաս մըն էր։ Մարդկային առաջին զոյգը՝ Ադամն ու Եւան, զաւակներ պիտի ունենային։ Հետզհետէ բազմացող մարդկային ընտանիքը երկիրը պիտի մշակէր ու զայն դրախտի մը վերածէր (Ծննդոց 1։28)։ Երկիրը բնա՛ւ պիտի չկործանի (կարդա՛ Սաղմոս 104։5

2. Այժմ երկիրը ինչո՞ւ դրախտ չէ։

Ադամն ու Եւան Աստուծոյ չհնազանդեցան, ուստի Եդեմէն վռնտուեցան։ Դրախտը անհետացաւ, ու չկայ մարդ մը որ կրցած է զայն վերահաստատել։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Երկիրը ամբարշտին ձեռքը տրուեցաւ» (Յոբ 9։24. կարդա՛ Ծննդոց 3։23, 24

Բայց Եհովա մարդկութեան նկատմամբ իր սկզբնական նպատակը չէ մոռցած ու երբեք ձախողութեան չի մատնուիր (Եսայի 45։18)։ Ան մարդկային ցեղը պիտի վերահաստատէ այն վիճակին մէջ, զոր ի մտի ունէր (կարդա՛ Սաղմոս 37։11

3. Աստուած երկրի վրայ խաղաղութիւնը ինչպէ՞ս պիտի վերահաստատէ։

Որպէսզի մարդկութիւնը խաղաղութիւն վայելէ, նախ եւ առաջ Աստուած պէտք է չար մարդիկը անհետացնէ։ Արմագեդոնի պատերազմին, Աստուծոյ հրեշտակները իրեն հակառակ կեցող բոլոր մարդիկը պիտի բնաջնջեն։ Սատանան 1000 տարի պիտի բանտարկուի, բայց աստուածասէր մարդիկը պիտի վերապրին եւ երկրի վրայ իրերու նոր դրութիւն մը պիտի վայելեն (կարդա՛ Յայտնութիւն 16։14, 16. 20։1-3. 21։3, 4

4. Տառապանքը ե՞րբ պիտի վերջանայ։

Հազար տարուան ընթացքին, Յիսուս երկինքէն պիտի իշխէ երկրի վրայ ու զայն դրախտի մը վերածէ։ Նաեւ, ան աստուածասէր մարդոց մեղքերը պիտի ջնջէ։ Այսպէս՝ Յիսուս հիւանդութիւնը, ծերութիւնն ու մահը պիտի չքացնէ (կարդա՛ Եսայի 11։9. 25։8. 33։24. 35։1

Աստուած երկրի վրայէն չարութիւնը ե՞րբ պիտի վերցնէ։ Յիսուս «նշան» մը տուաւ, վախճանին մօտ ըլլալը զատորոշելու համար։ Ներկայ աշխարհի վիճակները մարդկութեան վերապրումին կը սպառնան ու ցոյց կու տան, թէ «աշխարհիս վերջին» ատենը կ’ապրինք (կարդա՛ Մատթէոս 24։3, 7-14, 21, 22. Բ. Տիմոթէոս 3։1-5

5. Որո՞նք ապագայ Դրախտին մէջ պիտի ապրին։

Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրեց, որ աշակերտեն եւ Աստուծոյ սիրոյ ճամբաները մարդոց սորվեցնեն (Մատթէոս 28։19, 20)։ Համայն աշխարհի մէջ, Եհովա միլիոնաւոր անհատներ կը պատրաստէ, որ երկրի վրայ իրերու նոր դրութեան մը մէջ ապրին (Սոփոնիա 2։3)։ Եհովայի վկաներու Թագաւորութեան սրահներուն մէջ, մարդիկ աւելի լաւ ամուսիններ ու հայրեր եւ աւելի լաւ կիներ ու մայրեր ըլլալու կերպերը կը սորվին։ Ծնողներ ու զաւակներ միասնաբար կը սորվին, թէ ի՛նչ է հիմը հաւատալու որ աւելի լաւ ապագայ մը կայ (կարդա՛ Միքիա 4։1-4

Թագաւորութեան սրահին մէջ, պիտի հանդիպիս մարդոց, որոնք Աստուած կը սիրեն եւ կ’ուզեն սորվիլ որ զինք հաճեցնեն (կարդա՛ Եբրայեցիս 10։24, 25

Յաւելեալ տեղեկութեան համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կը սորվեցնէ գիրքին 3–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։