Կատարելապէս Եհովային վստահիլը ապահովութեան զգացում կու տայ
Կատարելապէս Եհովային վստահիլը ապահովութեան զգացում կու տայ
«Տէրը պիտի լսէ իրեն կանչելու ատենս» (ՍԱՂ. 4։3)։
1, 2. ա) Դաւիթ ի՞նչ վտանգաւոր կացութիւն դիմագրաւեց։ բ) Ո՞ր սաղմոսները պիտի քննարկենք։
ՈՐՈՇ ժամանակէ մը ի վեր Դաւիթ թագաւոր Իսրայէլի վրայ կ’իշխէ, բայց այժմ ան վտանգաւոր կացութիւն մը կը դիմագրաւէ։ Իր դաւադիր որդին՝ Աբիսողոմ, ինքզինք թագաւոր հռչակած է, եւ Դաւիթ կը ստիպուի Երուսաղէմէն հեռանալ։ Ան նաեւ մտերիմ բարեկամէ մը կը դաւաճանուի եւ այժմ, հաւատարիմ անհատներու ընկերակցութեամբ, Ձիթենեաց լերան վրայ բոկոտն կը քալէ եւ կու լայ։ Ասկէ զատ, Սեմէին՝ Սաւուղ թագաւորի տան գերդաստանէն, Դաւիթին անէծք կու տայ, քարեր կը նետէ ու հող կը ցանէ (Բ. Թագ. 15։30, 31. 16։5-14)։
2 Այս նեղութիւնը պատճառ պիտի ըլլա՞յ որ Դաւիթ տառապանքով ու նախատինքով մեռնի։ Ո՛չ, քանի որ ան Եհովային կը վստահի։ Ասիկա բացայայտ է 3–րդ սաղմոսին մէջ, զոր Դաւիթ յօրինեց իր փախուստին առնչութեամբ։ Ան 4–րդ սաղմոսն ալ գրեց։ Այս երկու սաղմոսները կ’արտայայտեն այն համոզումը, թէ Աստուած աղօթքները կը լսէ ու կը պատասխանէ (Սաղ. 3։4. 4։3)։ Այս սաղմոսները մեզ կը հաւաստիացնեն, որ Եհովան գիշեր–ցերեկ իր հաւատարիմ ծառաներուն հետ է՝ զիրենք օրհնելով իր աջակցութեամբ, ինչպէս նաեւ խաղաղութեամբ եւ ապահովութեան զգացումով (Սաղ. 3։5. 4։8)։ Հետեւաբար նկատի առնենք այս սաղմոսները ու տեսնենք, թէ անոնք ինչպէ՛ս մեզի ապահովութեան զգացում կու տան եւ Աստուծոյ հանդէպ վստահութիւն կը յառաջացնեն։
Երբ ‘շատեր մեր վրայ ելլեն’
3. Ինչպէս որ Սաղմոս 3։1, 2–ը ցոյց կու տայ, Դաւիթ ի՞նչ կացութեան մէջ էր։
3 «Իսրայէլի մարդոց սիրտը Աբիսողոմին հետ մէկ եղաւ», կ’ըսէ լրաբեր մը (Բ. Թագ. 15։13)։ Հարց տալով թէ Աբիսողոմ ինչպէ՛ս կրցած է բազմաթիւ մարդիկ համոզել, Դաւիթ կ’աղաղակէ. «Ո՛վ Տէր, իմ թշնամիներս որչա՜փ շատցան։ Իմ վրաս ելլողները շատուոր են։ Շատերը իմ անձիս համար կ’ըսեն թէ՝ ‘Ասոր փրկութիւն չկայ Աստուծմէն’» (Սաղ. 3։1, 2)։ Իսրայէլացիներէն շատեր կը խորհին, թէ Եհովան պիտի չազատէ Դաւիթը, Աբիսողոմի եւ անոր գումարտակներու բերելիք չարիքէն։
4, 5. ա) Դաւիթ ի՞նչ բանէ վստահ էր։ բ) «Իմ գլուխս բարձրացնողը» արտայայտութեան իմաստը ի՞նչ է։
4 Բայց Դաւիթ ապահով կը զգայ, քանի որ Աստուծոյ հանդէպ մեծ վստահութիւն ունի։ Ան կը գովերգէ. «Բայց, ո՛վ Տէր, դուն ես իմ ասպարս, իմ փառքս ու իմ գլուխս բարձրացնողը» (Սաղ. 3։3)։ Դաւիթ վստահ է որ Եհովան զինք պիտի պաշտպանէ, ինչպէս որ ասպարը կը պաշտպանէ զինուոր մը։ Այո, տարիքը առած թագաւորը նուաստացումի պատճառով գլուխը ծածկած ու ծռած կը փախչի։ Բայց Բարձրեալը Դաւիթի վիճակը փառաց վիճակի պիտի վերածէ։ Եհովա զինք կարող պիտի դարձնէ որ իր կռնակը շտկէ եւ անգամ մը եւս իր գլուխը բարձրացնէ։ Դաւիթ վստահութեամբ կ’ըսէ թէ Աստուած իրեն պիտի պատասխանէ։ Եհովայի հանդէպ նոյնանման վստահութիւն կը դրսեւորե՞ս։
5 «Իմ գլուխս բարձրացնողը» արտայայտութեամբ, Դաւիթ Եհովային կը վերագրէ այն օգնութիւնը, զոր կ’ակնկալէ ստանալ։ Ուրիշ թարգմանութիւն մը կ’ըսէ. «Բայց դուն, ո՛վ Տէր, վտանգի դիմաց միշտ իմ վահանս ես. դուն ինծի յաղթանակ կու տաս ու խիզախութիւնս կը վերահաստատես» (Today’s English Version)։ «Իմ գլուխս բարձրացնողը» արտայայտութեան առնչութեամբ, աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ. «Երբ Աստուած կը բարձրացնէ. . . մէկու մը ‘գլուխը’, անոր յոյս եւ ապահովութեան զգացում կու տայ»։ Գահազրկուելով, Դաւիթ յուսահատելու պատճառ ունի։ Սակայն, երբ Աստուած իր գլուխը բարձրացնէ, ան դարձեալ խիզախութիւն պիտի գտնէ եւ Աստուծոյ հանդէպ իր վստահութիւնը եւ ապահովութեան զգացումը պիտի զօրացնէ։
‘Եհովան պիտի պատասխանէ’
6. Դաւիթ ինչո՞ւ նշեց թէ իր աղօթքը պիտի պատասխանուէր Եհովայի սուրբ լեռնէն։
6 Որովհետեւ Եհովային կը վստահի ու գիտէ թէ Սաղ. 3։4)։ Դաւիթի պատուէրին համաձայն, Աստուծոյ ներկայութիւնը խորհրդանշող ուխտին տապանակը փոխադրուած է Սիօն լեռը (կարդա՛ Բ. Թագաւորաց 15։23-25)։ Պատշաճօրէն ուրեմն, Դաւիթ կը նշէ թէ իր աղօթքը պիտի պատասխանուի Եհովայի սուրբ լեռնէն։
աղօթքներուն կը պատասխանէ, Դաւիթ կը շարունակէ գովերգել. «Իմ ձայնովս Տէրոջը կանչեցի ու իր սուրբ լեռնէն ինծի պատասխանեց» (7. Դաւիթ ինչո՞ւ չսարսափեցաւ։
7 Վստահ ըլլալով որ Աստուծոյ աղօթելը ի զուր պիտի չըլլայ, Դաւիթ չի սարսափիր։ Փոխարէն, ան կը գովերգէ. «Ես պառկեցայ ու քնացայ. արթնցայ, վասն զի Տէրը զիս պաշտպանեց» (Սաղ. 3։5)։ Նոյնիսկ գիշերը՝ անակնկալ յարձակումի ամենավտանգաւոր ատենը, Դաւիթ քնանալէ չի վախնար։ Ան վստահ է որ պիտի արթննայ, քանի որ իր առաջուան փորձառութիւններէն գիտէ, թէ կրնա՛յ Աստուծոյ հաստատ աջակցութեան վստահիլ։ Մենք ալ կրնանք, եթէ «Տէրոջը ճամբաներ»ուն կառչինք ու բնա՛ւ իրմէ չհեռանանք (կարդա՛ Բ. Թագաւորաց 22։21, 22)։
8. Սաղմոս 27։1-4–ը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, թէ Դաւիթ Աստուծոյ վստահեցաւ։
8 Դաւիթի ապահովութեան զգացումը եւ Աստուծոյ հանդէպ իր կատարեալ վստահութիւնը կը բացայայտուին իր յօրինած մէկ այլ սաղմոսի մէջ, որ կ’ընդգրկէ սա ներշնչուած խօսքերը. «Տէրը իմ լոյսս ու փրկութիւնս է, ես որմէ՞ պիտի վախնամ։ Տէրը իմ կեանքիս ապաւէնն է, ես որմէ՞ պիտի դողամ։ . . .Եթէ վրաս զօրքի բանակ ելլէ, սիրտս պիտի չվախնայ։ . . .Բան մը կը խնդրեմ Տէրոջմէն ու ասիկա կ’աղաչեմ, որ կեանքիս բոլոր օրերը Տէրոջը տանը մէջ բնակիմ՝ Տէրոջը վայելչութիւնը տեսնելու ու անոր տաճարին մէջ զինք խնդրելու համար» (Սաղ. 27։1-4)։ Եթէ նոյնանման զգացումներ ունիս ու պարագաներդ կը ներեն, հաւատակիցներուդ հետ կանոնաւորաբար ժողովքային հանդիպումներուն ներկայ պիտի գտնուիս (Եբ. 10։23-25)։
9, 10. Հակառակ Սաղմոս 3։6, 7–ի խօսքերուն, ինչո՞ւ կրնաս ըսել թէ Դաւիթ վրէժխնդրութեան հոգի չունէր։
9 Աբիսողոմի նենգութիւնը եւ շատերուն անհաւատարմութիւնը դիմագրաւելով հանդերձ, Դաւիթ կը տաղերգէ. «Ես պիտի չվախնամ բիւրաւոր ժողովուրդներէն, որոնք իմ չորս կողմս պատեցին։ Ելի՛ր, ո՛վ Տէր, զիս փրկէ, ո՛վ իմ Աստուածս, վասն զի դուն զարկիր իմ բոլոր թշնամիներուս թուշը։ Ամբարիշտներուն ակռաները փշրեցիր» (Սաղ. 3։6, 7)։
10 Դաւիթ վրէժխնդրութեան հոգի չունի։ Եթէ հարկ ըլլայ, Աստուա՛ծ իր թշնամիներուն «թուշը» կամ այտը պիտի զարնէ։ Դաւիթ թագաւոր Օրէնքը ընդօրինակած է եւ գիտէ թէ անոր մէջ Եհովան կը յայտարարէ. «Իմս է վրէժխնդրութիւնը ու հատուցումը» (Բ. Օր. 17։14, 15, 18. 32։35)։ Նաեւ Աստուծոյ կ’իյնայ ‘ամբարիշտներուն ակռաները փշրելը’։ Անոնց ակռաները փշրելը կը նշանակէ՝ վնաս հասցնելու անոնց ուժը խլել։ Եհովա գիտէ թէ ամբարիշտները որո՛նք են, քանի որ «սրտին կը նայի» (Ա. Թագ. 16։7)։ Ո՜րքան երախտապարտ ենք որ Աստուած մեզի հաւատք ու զօրութիւն կու տայ, որպէսզի հաստատուն կայնինք գլխաւոր ամբարիշտին՝ Սատանային՝ դէմ, որ շուտով անդունդը պիտի նետուի՝ մռնչող բայց անատամ առիւծի մը պէս, որ միայն կործանուելու յարմար է (Ա. Պետ. 5։8, 9. Յայտ. 20։1, 2, 7-10)։
«Փրկութիւնը Տէրոջն է»
11. Հաւատակիցներուն համար ինչո՞ւ պէտք է աղօթենք։
11 Դաւիթ կը գիտակցի թէ միայն Եհովա՛ն կրնայ բերել այն ազատումը, որուն մեծապէս կարիք ունի։ Բայց սաղմոսերգուն միայն իր մասին չի մտածեր, հապա նաեւ՝ Եհովայի ընդունելի ժողովուրդին մասին որպէս ամբողջութիւն։ Տեղին ըլլալով, Դաւիթ ներշնչման ներքեւ իր յօրինած սաղմոսը սա խօսքերով կ’եզրափակէ. «Փրկութիւնը Տէրոջն է։ Քու օրհնութիւնդ քու ժողովուրդիդ վրայ է» (Սաղ. 3։8)։ Մեծ խնդիրներ ունենալով հանդերձ, Դաւիթ Եհովայի ժողովուրդը որպէս ամբողջութիւն ի մտի ունի եւ վստահ է թէ Աստուած զիրենք պիտի օրհնէ։ Մենք ալ պէտք չէ՞ մեր հաւատակիցները ի մտի ունենանք։ Յիշենք զանոնք մեր աղօթքներուն մէջ, Եհովայէն խնդրելով որ իր սուրբ հոգին տայ անոնց, որպէսզի կարենան քաջութեամբ լեցուիլ ու բարի լուրը վստահութեամբ հռչակել (Եփ. 6։17-20)։
12, 13. Աբիսողոմին ի՞նչ պատահեցաւ, եւ Դաւիթ ինչպէ՞ս հակազդեց։
12 Աբիսողոմ անարգաբար կը մեռնի,– ազդարարութիւն մը բոլոր անոնց, որոնք գէշ կերպով կը վարուին ուրիշներու հետ, յատկապէս Աստուծոյ օծեալներուն հետ, ինչպէս որ էր Դաւիթ (կարդա՛ Առակաց 3։31-35)։ Պատերազմ մը տեղի կ’ունենայ եւ Աբիսողոմի զօրքը կը պարտուի։ Մինչ Աբիսողոմ ջորիի վրայ հեծած կը փախչի, իր խիտ մազերը բեւեկնիի մը թաւ ճիւղերէն կը բռնուին։ Ան հոն կախուած կը մնայ,– ողջ բայց անօգնական,– մինչեւ որ Յովաբ զինք կը սպաննէ՝ երեք գեղարդներով սիրտը խոցելով (Բ. Թագ. 18։6-17)։
13 Արդեօք Դաւիթ կ’ուրախանա՞յ, երբ կը գիտնայ թէ ի՛նչ պատահեցաւ իր որդիին։ Ո՛չ։ Փոխարէն, ան քալելով կու լայ եւ կ’աղաղակէ. «Որդեա՜կ իմ Աբիսողոմ, երանի՜ թէ քու տեղդ ես մեռնէի. Աբիսողո՜մ որդեակ իմ, որդեա՜կ իմ» (Բ. Թագ. 18։24-33)։ Միայն Յովաբի խօսքերը Դաւիթը իր ճնշող ու վշտահար վիճակէն դուրս կը հանեն։ Ի՜նչ ողբերգական վախճան մը Աբիսողոմի համար, որուն կոյր փառասիրութիւնը զինք դրդեց որ իր հօր դէմ,– Եհովայի օծեալին դէմ,– պատերազմի եւ իր անձին վրայ չարիք բերէ (Բ. Թագ. 19։1-8. Առ. 12։21. 24։21, 22)։
Դաւիթ դարձեալ Աստուծոյ հանդէպ վստահութիւն կ’արտայայտէ
14. Չորրորդ սաղմոսի յօրինման մասին ի՞նչ կարելի է ըսել։
14 Երրորդ սաղմոսին նման, 4–րդ սաղմոսը Դաւիթի անկեղծ մէկ աղօթքն է, որ Եհովայի հանդէպ իր կատարեալ վստահութիւնը կ’ապացուցանէ (Սաղ. 3։4. 4։3)։ Թերեւս Դաւիթ այս երգը յօրինեց, որպէսզի Աբիսողոմի անյաջող յեղաշրջումէն ետք իր ունեցած ամոքումը եւ Աստուծոյ հանդէպ իր երախտագիտութիւնը արտայայտէ։ Կամ՝ կրնայ ըլլալ որ ան ղեւտացի երգիչները ի մտի ունենալով գրեց զայն։ Երկու պարագաներուն ալ, այս սաղմոսին վրայ խոկալը Եհովայի հանդէպ մեր վստահութիւնը կրնայ զօրացնել։
15. Ինչո՞ւ կրնանք լման համոզումով Եհովային աղօթել իր Որդիին միջոցով։
15 Դաւիթ դարձեալ Աստուծոյ հանդէպ եւ աղօթքի ազդեցութեան նկատմամբ իր լման վստահութիւնը կը դրսեւորէ։ Ան կը տաղերգէ. «Կանչելու ատենս ինծի պատասխան տուր, ո՛վ իմ արդարութեանս Աստուածը։ Նեղութեան մէջ զիս ընդարձակեցիր. ողորմէ՛ ինծի ու լսէ՛ իմ աղօթքս» (Սաղ. 4։1)։ Կրնանք նոյնանման վստահութիւն ունենալ, եթէ արդարութիւն գործենք։ Գիտակցելով որ Եհովան՝ «արդարութեան Աստուածը»՝ իր պարկեշտ ծառաները կ’օրհնէ, կրնա՛նք լման համոզումով իրեն աղօթել իր Որդիին միջոցով՝ Յիսուսի փրկանքի զոհաբերութեան հաւատալով (Յովհ. 3։16, 36)։ Ասիկա ի՜նչ խաղաղութիւն կու տայ մեզի։
16. Դաւիթ ինչո՞ւ վհատած ըլլալու էր։
16 Ատեն–ատեն թերեւս դիմագրաւենք վհատեցուցիչ կացութիւն մը, որ մեր խաղաղութիւնը կը խլէ։ Դաւիթի պարագան ալ ժամանակաւորապէս այսպէս եղած ըլլալու էր, քանի որ ան կը տաղերգէ. «Մարդո՛ց որդիներ, մինչեւ ե՞րբ իմ փառքս ամօթի պիտի դարձնէք եւ ունայնութիւն պիտի սիրէք ու ստութիւն փնտռէք» (Սաղ. 4։2)։ «Մարդո՛ց որդիներ» արտայայտութիւնը որոշապէս կ’ակնարկէ մարդկութեան՝ աննպաստ իմաստով։ Դաւիթի թշնամիները ‘ունայնութիւն կը սիրէին’։ Ուրիշ թարգմանութիւն մը կ’ըսէ. «Մինչեւ ե՞րբ խաբէութիւնը պիտի սիրէք եւ չաստուածներ փնտռէք» (New International Version)։ Նոյնիսկ եթէ ուրիշներու արարքներուն պատճառով վհատելու ըլլանք, թող որ շարունակենք ջերմեռանդօրէն աղօթել եւ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ հանդէպ կատարեալ վստահութիւն դրսեւորել։
17. Բացատրէ՛ թէ ինչպէ՛ս կրնանք Սաղմոս 4։3–ի համաձայն գործել։
17 Աստուծոյ հանդէպ Դաւիթի վստահութիւնը ակնյայտ է սա խօսքերէն. «Բայց գիտցէք թէ Տէրը իրեն նուիրուած մարդը որոշեց։ Տէրը պիտի լսէ իրեն կանչելու ատենս» (Սաղ. 4։3)։ Եհովային հաւատարիմ մնալու համար, հարկ է որ քաջ ըլլանք եւ կատարելապէս իրեն վստահինք։ Օրինակի համար, երբ չզղջացող ազգական մը կը վտարուի, քրիստոնեայ ընտանիքի մը համար այս յատկութիւններուն կարիքը կը մեծնայ։ Աստուած իրեն ու իր ճամբաներուն հաւատարիմ եղողները կը պատուէ։ Իսկ Եհովային հաւատարիմ ըլլալն ու կատարելապէս վստահիլը իր ծառաներուն մէջ ուրախութիւն կը յառաջացնեն (Սաղ. 84։11, 12)։
18. Սաղմոս 4։4–ի համաձայն, ի՞նչ պէտք է ընենք եթէ անազնիւ խօսքերու կամ արարքներու առարկայ դարձած ենք։
18 Եթէ մէկը ըսէ կամ ընէ բաներ, որոնք մեզ կը Սաղ. 4։4)։ Եթէ անազնիւ խօսքերու կամ արարքներու առարկայ եղած ենք, թող չմեղանչենք վրէժ լուծելով (Հռով. 12։17-19)։ Կրնանք մեր սրտին մէջ խօսիլ, մինչ անկողնի մէջ ենք։ Եթէ հարցին շուրջ աղօթենք, թերեւս զայն տարբեր տեսանկիւնէ մը դիտենք ու սէրէ մղուած ներենք (Ա. Պետ. 4։8)։ Այս ուղղութեամբ Պօղոս առաքեալի խրատը ուշագրաւ է, որ ակներեւաբար հիմնուած է Սաղմոս 4։4–ի վրայ. «Եթէ բարկանաք՝ մեղք մի՛ գործէք, արեւը ձեր բարկութեանը վրայ մարը թող չմտնէ։ Ու Սատանային՝ տեղի մի՛ տաք» (Եփ. 4։26, 27)։
վիրաւորեն, կրնանք ուրախ մնալ, ընելով ինչ որ Դաւիթ կ’ըսէ. «Դողացէ՛ք ու մեղք մի՛ գործէք. խօսեցէ՛ք սրտերնուդ հետ ձեր անկողիններուն վրայ ու լռեցէ՛ք» (19. Մեր մատուցած հոգեւոր զոհերուն առնչութեամբ, Սաղմոս 4։5–ը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել։
19 Աստուծոյ վստահելու կարիքը ընդգծելով, Դաւիթ կը տաղերգէ. «Արդարութեան զոհեր մատուցանեցէ՛ք, ու Տէրոջը յուսացէ՛ք» (Սաղ. 4։5)։ Իսրայէլացիներուն մատուցած զոհերը արժէք կ’ունենային միայն երբ պատշաճ շարժառիթներով մատուցուէին (Եսա. 1։11-17)։ Որպէսզի մեր մատուցած հոգեւոր զոհերը Աստուծոյ ընդունելի ըլլան, մեր շարժառիթներն ալ պատշաճ պէտք է ըլլան ու իրեն կատարելապէս պէտք է վստահինք (կարդա՛ Առակաց 3։5, 6. Եբրայեցիս 13։15, 16)։
20. ‘Տէրոջ երեսին լոյսը’ արտայայտութեան իմաստը ի՞նչ է։
20 Դաւիթ կը շարունակէ տաղերգել. «Շատեր կ’ըսեն թէ՝ ‘Ո՞վ մեզի բարութիւն պիտի ցուցնէ’։ Ո՛վ Տէր, քու երեսիդ լոյսը մեր վրայ ծագեցուր» (Սաղ. 4։6)։ ‘Տէրոջ երեսին լոյսը’ աստուածային հաճութեան իմաստը կը կրէ (Սաղ. 89։15)։ Ուստի երբ Դաւիթ կ’աղօթէ. «Քու երեսիդ լոյսը մեր վրայ ծագեցուր», ան ըսել կ’ուզէ. ‘Մեզի հանդէպ հաճութիւն ցուցաբերէ’։ Որովհետեւ Եհովային կը վստահինք, իր հաճութիւնը ունինք ու մեծապէս կ’ուրախանանք՝ մինչ իր կամքը կը կատարենք։
21. Ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ, եթէ ներկայ հոգեւոր հունձքին մէջ լիակատար բաժին կը բերենք։
21 Ակնկալելով աստուածատուր ուրախութիւնները, որոնք հունձքի ատենի ուրախութիւնները կը գերազանցեն, Դաւիթ Եհովային կը գովերգէ. «Իմ սրտիս ուրախութիւն տուիր՝ անոնց ցորենին ու գինիին առատութեան ժամանակէն աւելի» (Սաղ. 4։7)։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ սրտանց պիտի ուրախանանք, եթէ ներկայ հոգեւոր հունձքին մէջ լիակատար բաժին կը բերենք (Ղուկ. 10։2)։ Օծեալներու ‘շատցած ազգը’ առաջնորդութիւնը առնելով, այժմ կը ցնծանք մինչ «մշակներ»ուն թիւը կ’աւելնայ (Եսա. 9։3)։ Այս բերկրալի հունձքին մէջ իրապէս գոհացուցիչ բաժին մը կը բերե՞ս։
Շարունակէ՛ կատարելապէս Աստուծոյ վստահիլ
22. Սաղմոս 4։8–ի համաձայն, իսրայէլացիներուն վիճակը ի՞նչ էր երբ Աստուծոյ Օրէնքը կը պահէին։
22 Դաւիթ այս սաղմոսը սա խօսքերով կ’եզրափակէ. «Խաղաղութեամբ պիտի պառկիմ ու քնանամ, վասն զի դո՛ւն միայն, ո՛վ Տէր, զիս ապահովութեամբ կը բնակեցնես» (Սաղ. 4։8)։ Երբ իսրայէլացիները Եհովայի Օրէնքը կը պահէին, իրեն հետ խաղաղութեան մէջ կ’ըլլային եւ ապահով կը զգային։ Օրինակի համար, Սողոմոնի իշխանութեան ընթացքին, ‘Յուդա ու Իսրայէլ ապահովութեամբ նստան’ կամ բնակեցան (Գ. Թագ. 4։25)։ Նոյնիսկ երբ շրջակայ ազգերը թշնամական էին, Աստուծոյ վստահողները խաղաղութիւն կը վայելէին։ Դաւիթի նման, մենք խաղաղութեամբ կը քնանանք, քանի որ Աստուած մեզի ապահովութեան զգացում կու տայ։
23. Ի՞նչ պիտի վայելենք եթէ կատարելապէս Աստուծոյ վստահինք։
23 Յարատեւե՛նք Եհովայի ծառայութեան մէջ։ Նաեւ հաւատքով աղօթենք ու հետեւաբար վայելենք «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է» (Փլպ. 4։6, 7)։ Ասիկա մեզ որքա՜ն կ’ուրախացնէ։ Եւ վստահաբար կրնանք ապագան մեծ յոյսով դիմագրաւել, եթէ Եհովայի հանդէպ մեր լման վստահութիւնը պահպանենք։
Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանես
• Աբիսողոմի պատճառով, Դաւիթ ի՞նչ խնդիրներ դիմագրաւեց։
• Երրորդ սաղմոսը ինչպէ՞ս ապահովութեան զգացում կը ներշնչէ։
• Չորրորդ սաղմոսը ի՞նչ կերպերով կրնայ Եհովայի հանդէպ մեր վստահութիւնը զօրացնել։
• Կատարելապէս Աստուծոյ վստահելէն ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]