«Աստուծոյ հօտը որ ձեր մէջ է՝ արածեցէք»
«Աստուծոյ հօտը որ ձեր մէջ է՝ արածեցէք»
«Աստուծոյ հօտը որ ձեր մէջ է՝ արածեցէք. . . ո՛չ թէ ակամայ՝ հապա կամաւ» (Ա. ՊԵՏ. 5։2)։
1. Քրիստոնեաները ի՞նչ կացութիւն կը դիմագրաւէին, երբ Պետրոս իր առաջին նամակը գրեց։
ՀՌՈՄԻ քրիստոնեաներուն դէմ Ներոնի հալածանքը սկսելէն որոշ ժամանակ մը առաջ, Պետրոս առաքեալ իր առաջին նամակը գրեց։ Ան կ’ուզէր իր հաւատակիցները զօրացնել, քանի որ Բանսարկուն ‘կը պտըտէր’ քրիստոնեաները կլլելու համար։ Անոր դէմ հաստատուն կայնելու համար, անոնք պէտք էր ‘արթուն կենային’ եւ ‘Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհէին’ (Ա. Պետ. 5։6, 8)։ Նաեւ պէտք էր միացած մնային, ‘իրար խածնելէ եւ ուտելէ’ խուսափելով, որպէսզի ‘իրար չսպառէին’ (Գաղ. 5։15)։
2, 3. Որո՞ւ դէմ պէտք է պայքարինք, եւ այս երկու յօդուածներուն մէջ ի՞նչ բաներ նկատի պիտի առնենք։
2 Այսօր, համանման կացութիւն կը դիմագրաւենք։ Բանսարկուն մեզ կլլելու պատեհութիւններ կը փնտռէ (Յայտ. 12։12)։ Իսկ մօտ ապագային «մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ, որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ» (Մատ. 24։21)։ Առաջին դարու քրիստոնեաներուն նման, պէտք է իրարու հետ բախումներ ունենալէ զգուշանանք։ Ասիկա իրագործելու համար, երբեմն երէցներու օգնութեան կարիքը ունինք, քանի որ որակեալ են։
3 Նկատի առնենք թէ երէցները «Աստուծոյ հօտը» հովուելու իրենց առանձնաշնորհումը ինչպէ՛ս կրնան աւելի գնահատել (Ա. Պետ. 5։2)։ Անկէ ետք, պիտի խոկանք հովուական գործը պատշաճօրէն կատարելու կերպին վրայ։ Յաջորդ յօդուածին մէջ, պիտի քննարկենք թէ ժողովքը ինչպէ՛ս կրնայ ժրաջան աշխատողները եւ «վերակացուները» յարգել (Ա. Թես. 5։12)։ Այս հարցերը քննելը մեզի պիտի օգնէ, որ հաստատ դիրք բռնենք մեր գլխաւոր Հակառակորդին դէմ, գիտակցելով որ մեր պատերազմը անոր դէմ է (Եփ. 6։12)։
Աստուծոյ հօտը հովուեցէ՛ք
4, 5. Երէցները ինչպէ՞ս պէտք է նկատեն հօտը. լուսաբանէ՛։
4 Պետրոս առաջին դարու քրիստոնեայ երէցները քաջալերեց, որ իրենց վստահուած հօտին հանդէպ աստուածային տեսակէտ ունենան (կարդա՛ Ա. Պետրոս 5։1, 2)։ Պետրոս ժողովքին մէկ սիւնը նկատուած ըլլալով հանդերձ, ան ինքզինք գերադաս սեպելով չխօսեցաւ երէցներուն։ Փոխարէն, ան խրատեց զանոնք որպէս պաշտօնակիցներ (Գաղ. 2։9)։ Պետրոսի ունեցած կեցուածքին պէս, այսօր Կառավարիչ մարմինը ժողովքի երէցները կը յորդորէ, որ Աստուծոյ հօտը հովուելու ծանր պատասխանատուութիւնը ջանասիրութեամբ կատարեն։
5 Առաքեալը գրեց որ երէցները պէտք էր ‘արածէին Աստուծոյ հօտը որ իրենց մէջ է’։ Շատ կարեւոր էր որ անոնք գիտակցէին, թէ հօտը Եհովային եւ Յիսուս Քրիստոսին կը պատկանի։ Երէցները հաշիւ պիտի տային թէ Աստուծոյ ոչխարներուն վրայ ինչպէ՛ս հսկեցին։ Ենթադրենք որ քու մտերիմ մէկ բարեկամդ քեզմէ կը խնդրէ որ իր զաւակներուն հոգ տանիս, մինչ ճամբորդած է։ Վստահաբար անոնց լաւ հոգ պիտի տանէիր, պիտի կերակրէիր եւ եթէ անոնցմէ մէկը հիւանդանար, պէտք եղած բժշկական օգնութիւնը պիտի ապահովէիր։ Նմանապէս, երէցները նշանակուած են «Աստուծոյ եկեղեցին հովուելու զոր իր [«Որդիին», ՆԱ] արիւնովը ստացաւ» (Գործք 20։28)։ Անոնք իրենց միտքը կը պահեն թէ իւրաքանչիւր ոչխար, Քրիստոս Յիսուսի թանկարժէք արիւնով գնուեցաւ։ Համարատու ըլլալով, երէցները հօտը կը սնուցանեն, կը պաշտպանեն եւ հոգ կը տանին։
6. Վաղեմի հովիւները ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունէին։
6 Պահ մը խորհէ այն պատասխանատուութիւններուն վրայ, զորս բառացի հովիւները Աստուածաշունչի ժամանակներուն ունէին։ Անոնք ստիպուած էին ցերեկուան տաքը ու գիշերուան ցուրտը տանիլ, որպէսզի հօտին հոգ տանէին (Ծն. 31։40)։ Անոնք նոյնիսկ իրենց կեանքը կը վտանգէին ոչխարներուն համար։ Պատանի հովիւը՝ Դաւիթ, իր հօտը ազատեց գազաններէ, ի ներառեալ՝ առիւծ եւ արջ։ Իւրաքանչիւր գազանի առնչութեամբ, Դաւիթ ըսաւ թէ «զանիկա մօրուքէն կը բռնէի, կը զարնէի ու կը մեռցնէի» (Ա. Թագ. 17։34, 35)։ Ի՜նչ քաջագործութիւն։ Ան որքա՜ն մօտեցած ըլլալու էր գազանին ժանիքներուն։ Այսուհանդերձ ան ետ չկեցաւ ոչխարները ազատելէ։
7. Երէցները ինչպէ՞ս կրնան ոչխարները այլաբանօրէն Բանսարկուին ժանիքներէն յափշտակել։
7 Ներկայիս, հարկ է որ երէցները Բանսարկուին առիւծանման յարձակումներէն զգուշանան։ Ասիկա կրնայ պարփակել, ոչխարները այլաբանօրէն Բանսարկուին ժանիքներէն յափշտակելու քաջարի արարք մը։ Երէցները կրնան ոչխարները ազատել, այլաբանօրէն գազանին մօրուքէն բռնելով։ Անոնք կրնան պատճառաբանել անզգոյշ եղբայրներու հետ, որոնք Սատանային թակարդներէն կը փորձուին (կարդա՛ Յուդա 22, 23)։ Անշուշտ երէցները ասիկա չեն իրագործեր առանց Եհովայի օգնութեան։ Անոնք քնքշօրէն վիրաւոր ոչխարին հոգ կը տանին, վէրքերը փաթթելով եւ Աստուծոյ Խօսքին ամոքիչ բալասանը կիրարկելով։
8. Երէցները հօտը դէպի ո՞ւր կ’առաջնորդեն եւ ինչպէ՞ս։
8 Բառացի հովիւը նաեւ հօտը կ’առաջնորդէր դէպի յարմար արօտավայրեր եւ ջուր խմելու վայրեր։ Նմանապէս, երէցները հօտը դէպի ժողովք կ’ուղղեն, քաջալերելով ժողովներու կանոնաւոր ներկայութիւնը, որպէսզի հօտը կարենայ սնուցանուիլ եւ ‘ատենին կերակուր’ ստանալ (Մատ. 24։45)։ Թերեւս հարկ ըլլայ, որ երէցները յաւելեալ ժամանակ տրամադրեն հոգեւորապէս հիւանդներուն օգնելու, որ Աստուծոյ Խօսքէն սնունդ ստանան։ Մոլորած ոչխար մը թերեւս կը փորձէ հօտին վերադառնալ։ Փոխանակ իրենց եղբայրը վհատեցնելու, երէցները քնքշօրէն աստուածաշնչական սկզբունքներ կը բացատրեն եւ անոր ցոյց կու տան զանոնք գործադրելու կերպը։
9, 10. Երէցները հոգեւորապէս հիւանդներուն ինչպէ՞ս պէտք է հոգ տանին։
9 Երբ հիւանդ ես, ինչպիսի՞ բժիշկ կը նախընտրես։ Արդեօք կ’ընտրե՞ս բժիշկ մը, որ քեզի մտիկ ընելու շատ քիչ ժամանակ կը տրամադրէ եւ շուտով դեղագիր կու տայ, որպէսզի յաջորդ հիւանդին անցնի. թէ ոչ՝ կը դիմես բժիշկի մը, որ քեզի լաւ մտիկ կ’ընէ, կը բացատրէ թէ ի՛նչ ունիս եւ հաւանական դարմանումներ կը նշէ։
10 Նմանապէս, երէցները կրնան հոգեւորապէս հիւանդ անհատին մտիկ ընել եւ օգնել վէրքը բուժելու, այսպէս այլաբանօրէն ‘Տէրոջ անունով զինք իւղով օծելով’ (կարդա՛ Յակոբոս 5։14, 15)։ Գաղաադի բալասանին նման, Աստուծոյ Խօսքը կրնայ հիւանդը ամոքել (Եր. 8։22. Եզեկ. 34։16)։ Երբ Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկուին, անոնք կրնան տկար անհատին օգնել, որ հոգեւոր հաւասարակշռութիւնը վերստին ձեռք ձգէ։ Արդարեւ, երէցները մեծապէս օգտակար կը դառնան, երբ հիւանդ ոչխարին հոգերը մտիկ կ’ընեն եւ անոր հետ կ’աղօթեն։
Ո՛չ թէ ակամայ՝ հապա կամաւ
11. Ի՞նչ բան երէցները կը մղէ որ Աստուծոյ հօտը կամաւ հովուեն։
11 Ապա Պետրոս երէցներուն յիշեցուց, թէ հովուական գործը ինչպէ՛ս պէտք է կատարուի։ Երէցները Աստուծոյ հօտը պէտք է հովուեն «ո՛չ թէ ակամայ՝ հապա կամաւ»։ Ի՞նչ բան զիրենք կը մղէ իրենց եղբայրներուն կամաւ ծառայելու։ Լաւ, ի՞նչ բան մղեց Պետրոսը, որ Յիսուսի ոչխարները հովուէ եւ սնուցանէ։ Գլխաւոր մէկ ազդակն էր՝ Տէրոջ հանդէպ իր սէրն ու խանդաղատանքը (Յովհ. 21։15-17)։ Սէրէ մղուած, երէցները ‘իրենց անձերուն համար չեն ապրիր, հապա անոր՝ որ իրենց համար մեռաւ եւ յարութիւն առաւ’ (Բ. Կոր. 5։14, 15)։ Այս սէրը, Աստուծոյ եւ եղբայրներուն հանդէպ իրենց ունեցած սիրոյն հետ մէկտեղ, կը մղէ երէցները որ հօտին ծառայեն, իրենց կորովը, միջոցները եւ ժամանակը տրամադրելով (Մատ. 22։37-39)։ Անոնք զոհողութիւններ կ’ընեն, ոչ թէ դժկամութեամբ, հապա՝ կամաւ։
12. Պօղոս առաքեալ ո՞ր տարողութեամբ իր անձէն տուաւ։
12 Երէցները ո՞ր տարողութեամբ իրենց անձէն պէտք է տան։ Ոչխարները հոգալու համար, անոնք կ’ընդօրինակեն Պօղոսը, որ իր կարգին Յիսուսը ընդօրինակեց (Ա. Կոր. 11։1)։ Թեսաղոնիկեցի եղբայրներուն վրայ գորով ունենալով, Պօղոս եւ իր ուղեկիցները յօժար էին ‘ո՛չ միայն Աստուծոյ աւետարանը անոնց տալու, հապա իրենց անձերն ալ’։ Անոնք քնքշօրէն ասիկա ըրին, «ինչպէս դայեակ մը որ իր երախաները կը խնամէ» (Ա. Թես. 2։7, 8)։ Պօղոս գիտէր թէ կերակրող մայր մը ինչպէ՛ս կը զգայ իր զաւակներուն հանդէպ. ան որեւէ բան կ’ընէ իր զաւակներուն համար, ի ներառեալ՝ կէս գիշերին արթննալ որ զանոնք կերակրէ։
13. Երէցները ի՞նչ հաւասարակշռութիւն պէտք է պահեն։
13 Երէցները պէտք է ուշադիր ըլլան, որ հովուական պատասխանատուութիւններուն եւ իրենց ընտանեկան պարտաւորութիւններուն միջեւ հաւասարակշռութիւն պահեն (Ա. Տիմ. 5։8)։ Արժէքաւոր է այն ժամանակը, զոր երէցները կրնան իրենց ընտանիքին հետ անցընել, բայց ժողովքին կը տրամադրեն։ Երկու պատասխանատուութիւնները հաւասարակշռելու մէկ կերպն է՝ ուրիշները ատեն–ատեն Ընտանեկան պաշտամունքի հրաւիրել։ Տարիներու ընթացքին, Մասանաու՝ որ Ճափոնի մէջ երէց մըն է, ամուրիները եւ հոգեւորապէս որբ ընտանիքները իր ընտանեկան ուսումնասիրութեան հրաւիրեց։ Ժամանակի ընթացքին, օգնութիւն ստացողներէն ոմանք երէցներ եղան եւ Մասանաուի ընտիր օրինակը ընդօրինակեցին։
Անարգ շահախնդրութիւնը մերժեցէ՛ք. հօտը յօժարութեամբ հովուեցէ՛ք
14, 15. Երէցները ինչո՞ւ «անարգ շահախնդրութենէ» պէտք է զգուշանան, եւ ինչպէ՞ս կրնան այս առնչութեամբ Պօղոսը ընդօրինակել։
14 Պետրոս նաեւ երէցները քաջալերեց, որ հօտը հովուեն «ո՛չ թէ անարգ շահախնդրութեամբ՝ Յայտ. 18։2, 3)։ Ներկայիս, երէցները վաւերական պատճառ ունին այդ ուղղութեամբ որեւէ հակումէ զգուշանալու։
հապա յօժարութեամբ»։ Երէցներուն գործը նկատելի ժամանակ կ’առնէ, այսուհանդերձ անոնք որեւէ նիւթական հատուցում չեն ակնկալեր։ Պետրոս կարիքը տեսաւ զանոնք զգուշացնելու «անարգ շահախնդրութեամբ» հօտը հովուելու վտանգէն։ Այդ վտանգը բացայայտ է «մեծ Բաբելոն»ի կրօնական առաջնորդներուն վարած շռայլ կեանքէն, մինչ շատեր ստիպուած են աղքատութեան մէջ ապրիլ (15 Պօղոս քրիստոնեայ երէցներուն ընտիր օրինակ հանդիսացաւ։ Թէեւ ան առաքեալ էր եւ Թեսաղոնիկէի քրիստոնեաներուն «նեղութիւն» կրնար ըլլալ, բայց ‘մէկուն հացը ձրի չկերաւ’։ Փոխարէն, ան ‘ջանքով եւ աշխատանքով գիշեր ու ցորեկ գործեց’ (Բ. Թես. 3։8)։ Այժմու երէցներէն շատեր, ի ներառեալ անոնք՝ որոնք շրջագայական ծառայութեան մէջ են, այս առնչութեամբ լաւ օրինակ կը հանդիսանան։ Հաւատակիցներէն հիւրասիրութիւն ընդունելով հանդերձ, անոնք մէկու մը ‘նեղութիւն չեն տար’ (Ա. Թես. 2։9)։
16. Ի՞նչ կը նշանակէ հօտը «յօժարութեամբ» հովուել։
16 Երէցները «յօժարութեամբ» հօտը կը հովուեն։ Անոնց եռանդը բացայայտ է հօտին օգնելու իրենց անձնազոհ կեցուածքէն։ Սակայն, ասիկա չի նշանակեր թէ անոնք հօտը կը ստիպեն Եհովայի ծառայել. ոչ ալ սիրալիր երէցներ ուրիշները կը քաջալերեն, որ մրցակցութեան հոգիով Աստուծոյ ծառայեն (Գաղ. 5։26)։ Երէցները կը գիտակցին թէ իւրաքանչիւր ոչխար եզական է։ Անոնք յօժար են իրենց եղբայրներուն օգնելու, որ ուրախութեամբ Եհովայի ծառայեն։
Ո՛չ թէ հօտին վրայ տիրելով՝ հապա օրինակ ըլլալով
17, 18. ա) Առաքեալները ինչո՞ւ ատեններ դժուարութիւն ունեցան Յիսուսի՝ խոնարհութեան ուսուցումը ըմբռնելու։ բ) Ի՞նչ համանման կացութեան մէջ կրնանք գտնուիլ։
17 Ինչպէս որ քննարկեցինք, երէցները պէտք է ի մտի ունենան, թէ հօտը Աստուծո՛յ կը պատկանի, ոչ թէ՝ իրենց։ Անոնք ուշադիր են, որ ‘վիճակներուն վրայ չտիրեն’ (կարդա՛ Ա. Պետրոս 5։3)։ Երբեմն Յիսուսին առաքեալները սխալ շարժառիթով ձգտեցան։ Ազգերը իշխողներուն նման, անոնք ուզեցին կարկառուն դիրք ունենալ (կարդա՛ Մարկոս 10։42-45)։
18 Ներկայիս, այն եղբայրները որոնք վերակացուի պարտականութեան կը ձգտին, լաւ կ’ընեն եթէ քննեն, թէ ինչո՛ւ կը ձգտին (Ա. Տիմ. 3։1)։ Իսկ երէցները կրնան անկեղծօրէն իրենք իրենց հարց տալ, թէ արդեօք կը ցանկա՞ն հեղինակութիւն կամ երեւելիութիւն ունենալ, ինչպէս որ կարգ մը առաքեալներ ցանկացին։ Եթէ առաքեալները այս մարզին մէջ դժուարութիւն ունեցան, ուրեմն երէցները կրնան գիտակցիլ թէ ծանր պէտք է աշխատին, որպէսզի ուրիշներուն վրայ հեղինակութիւն ունենալու աշխարհային որեւէ հակումէ խուսափին։
19. Երէցները ի՞նչ պէտք է յիշեն, երբ հօտը պաշտպանելու համար քայլեր կ’առնեն։
19 Ճիշդ է որ կան ժամանակներ, երբ հարկ է որ երէցները վճռական ըլլան, ինչպէս՝ երբ հօտը կը պաշտպանեն «յափշտակող գայլեր»է (Գործք 20։28-30)։ Պօղոս Տիտոսի ըսաւ. «Յորդորէ՛ ու կշտամբէ՛ ամբողջ հեղինակութեամբ» (Տիտ. 2։15, ԱԾ)։ Սակայն, նոյնիսկ երբ այսպիսի քայլի կը դիմեն, երէցները կը ջանան անհատներուն հետ յարգալից կերպով վարուիլ։ Անոնք կը գիտակցին, թէ անգութ քննադատութեան տեղ, քաղցրօրէն համոզելը սովորաբար աւելի ազդու է՝ սրտին հասնելու եւ անհատը մղելու որ շիտակ ընթացքի հետեւի։
20. Ընտիր օրինակ հանդիսանալուն մէջ, երէցները ինչպէ՞ս կրնան Յիսուսը ընդօրինակել։
20 Քրիստոսի ընտիր օրինակը երէցները կը Յովհ. 13։12-15)։ Մեր սիրտը կը տոգորուի, մինչ կը կարդանք թէ ան ինչպէ՛ս իր աշակերտները մարզեց քարոզելու եւ աշակերտելու գործին մէջ։ Իր խոնարհութիւնը աշակերտներուն սրտին դպաւ, զիրենք մղելով որ ամէն բան ընեն ‘խոնարհութիւնով՝ մէկզմէկ իրենց անձէն լաւ սեպելով’ (Փլպ. 2։3)։ Նմանապէս այսօր, երէցները կը մղուին Յիսուսին օրինակին հետեւելու, եւ իրենց կարգին կ’ուզեն «հօտին օրինակ ըլլալ»։
քաջալերէ, որ հօտը սիրեն (21. Երէցները ի՞նչ վարձատրութիւն կ’ակնկալեն։
21 Պետրոս երէցներուն ուղղած իր յորդորը եզրափակեց՝ ապագայ խոստումի մը ակնարկելով (կարդա՛ Ա. Պետրոս 5։4)։ Օծեալ տեսուչները, Քրիստոսի հետ երկնքին մէջ ‘փառքի անթառամ պսակը պիտի ընդունին’։ «Ուրիշ ոչխարներ»է եղող ենթահովիւները, «հովուապետին» իշխանութեան ներքեւ, երկրի վրայ Աստուծոյ հօտը հովուելու առանձնաշնորհումը պիտի ունենան (Յովհ. 10։16)։ Յաջորդ յօդուածը պիտի քննարկէ կերպեր, որոնցմով ժողովքի անդամները կրնան նեցուկ կանգնիլ անոնց, որոնք առաջնորդութիւն առնելու նշանակուած են։
Վերաքաղի համար
• Ինչո՞ւ յարմար էր որ Պետրոս երէցները խրատէր, որ իրենց վստահուած Աստուծոյ հօտը հովուէին։
• Երէցները ինչպէ՞ս պէտք է հովուեն հոգեւորապէս հիւանդները։
• Ի՞նչ բան երէցները կը մղէ, որ իրենց վստահուած Աստուծոյ հօտը հովուեն։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 25]
Վաղեմի հովիւներուն նման, այսօր երէցները իրենց վստահուած «ոչխարները» պէտք է պաշտպանեն