Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բարի լուր մը՝ որուն բոլորը պէտք ունին

Բարի լուր մը՝ որուն բոլորը պէտք ունին

Բարի լուր մը՝ որուն բոլորը պէտք ունին

‘Աւետարանը Աստուծոյ զօրութիւնն է՝ բոլոր հաւատացեալներուն փրկութեան համար’ (ՀՌՈՎ. 1։16

1, 2. Ինչո՞ւ «Արքայութեան այս աւետարանը» կը քարոզես, եւ անոր ո՞ր երեսակները կը շեշտես։

‘ՈՒՐԱ՛Խ եմ որ ամէն օր բարի լուրը կը քարոզեմ’։ Հաւանաբար այդ զգացումը ունեցած ես կամ՝ արտայայտած։ Որպէս Եհովայի նուիրուած վկայ, գիտես թէ որքա՜ն կարեւոր է «Արքայութեան այս աւետարանը» կամ բարի լուրը քարոզել։ Թերեւս գոց կրնաս ըսել ասոր վերաբերեալ Յիսուսի մարգարէութիւնը (Մատ. 24։14

2 ‘Թագաւորութեան’ բարի լուրը քարոզելով, դուն կը շարունակես՝ ինչ որ Յիսուս սկսաւ (կարդա՛ Ղուկաս 4։44Անկասկած, կէտ մը որ կը շեշտես այն է, թէ շուտով Աստուած մարդկային հարցերուն պիտի միջամտէ։ «Մեծ նեղութիւն»ով ան սուտ կրօնքին վերջ պիտի դնէ եւ երկրագունդը ամբարշտութենէ պիտի մաքրէ (Մատ. 24։21)։ Հաւանաբար ցցուն կ’ընես նաեւ թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, երկրի վրայ Դրախտը պիտի վերահաստատէ, այնպէս որ խաղաղութիւնը եւ ուրախութիւնը կրնան ուռճանալ։ Իրականութեան մէջ, «Արքայութեան այս աւետարանը» կամ բարի լուրը՝ ‘կանուխէն Աբրահամին տրուած աւետիսին’ մէկ մասն է, թէ «քեզմով պիտի օրհնուին բոլոր ազգերը» (Գաղ. 3։8

3. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ Հռովմայեցիս նամակին մէջ Պօղոս աւետարանը ընդգծեց։

3 Սակայն կրնա՞յ ըլլալ որ շատ ուշադրութիւն չընծայենք «աւետարան»ի բանալի մէկ երեսակին, որուն մարդիկ պէտք ունին։ Հռոմայեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ «արքայութիւն» բառը միայն մէկ անգամ նշեց, իսկ «աւետարան» բառը՝ 12 անգամ (կարդա՛ Հռովմայեցիս 14։17Աւետարանին ո՞ր երեսակին Պօղոս յաճախ ակնարկեց այդ նամակին մէջ։ Ինչո՞ւ այդ մասնայատուկ աւետարանը կամ բարի լուրը կարեւոր է։ Եւ ինչո՞ւ զայն մեր մտքին մէջ պէտք է պահենք, մինչ «Աստուծոյ աւետարանը» մեր թաղամասի մարդոց կը քարոզենք (Մար. 1։14. Հռով. 15։16. Ա. Թես. 2։2

Ինչ որ հռոմայեցիները պէտք ունէին

4. Հռոմի մէջ իր առաջին բանտարկութեան ընթացքին, Պօղոս ի՞նչ բաներու մասին քարոզեց։

4 Օգտակար է նկատի առնել այն նիւթերը, զորս Պօղոս ուշադրութեան յանձնեց, երբ Հռոմի մէջ առաջին անգամ բանտարկուեցաւ։ Կը կարդանք որ երբ կարգ մը հրեաներ իրեն այցելեցին, ան «1) Աստուծոյ թագաւորութիւնը կը ծանուցանէր վկայութիւնով եւ կը համոզէր զանոնք 2) Յիսուսին վրայով»։ Արդի՞ւնքը։ «Ոմանք հաւատացին ըսածներուն, ոմանք չհաւատացին»։ Անկէ ետք, Պօղոս «բոլոր եկողները կ’ընդունէր։ Կը քարոզէր 1) Աստուծոյ թագաւորութիւնը։ 2) Տէր Յիսուս Քրիստոսին վրայով՝ առանց արգիլուելու՝ կը սորվեցնէր» (Գործք 28։17, 23-32)։ Յստակ է որ Պօղոս ուշադրութիւն ընծայեց Աստուծոյ Թագաւորութեան։ Բայց ան ուրիշ ի՞նչ բան շեշտեց։ Բան մը որ հիմնական է Թագաւորութեան համար,– Յիսուսին դերը Աստուծոյ նպատակին մէջ։

5. Հռովմայեցիս նամակին մէջ, Պօղոս ի՞նչ իսկական կարիք նկատի առաւ։

5 Բոլոր մարդիկ պէտք ունին որ Յիսուսին մասին գիտնան եւ իրեն հաւատան։ Հռովմայեցիս նամակին մէջ, Պօղոս այս կարիքին ակնարկեց։ Սկիզբէն իսկ, ան գրեց. «Վկայ է ինծի Աստուած, որ ես կը պաշտեմ իմ հոգիովս անոր Որդիին աւետարանին մէջ»։ Ան աւելցուց. «Ամօթ չեմ սեպեր աւետարանը քանզի Աստուծոյ զօրութիւնն է ան՝ բոլոր հաւատացեալներուն փրկութեան համար»։ Ապա, ան ակնարկեց այն ժամանակին՝ «երբ Աստուած մարդոց ծածուկ բաները դատէ Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով իմ քարոզած աւետարանիս համեմատ»։ Եւ ան նշեց. «Երուսաղէմէն սկսած եւ շրջան ընելով մինչեւ Լիւրիկացիներու կողմերը Քրիստոսին աւետարանը լեցուցի» (Հռով. 1։9, 16. 2։16. 15։19 * Քու կարծիքովդ, Պօղոս հռոմայեցիներուն ինչո՞ւ Յիսուս Քրիստոսը շեշտեց։

6, 7. Հռոմի ժողովքը ինչպէ՞ս հաստատուեցաւ եւ որոնցմէ՞ բաղկացաւ։

6 Չենք գիտեր թէ ինչպէ՛ս Հռոմի ժողովքը հաստատուեցաւ։ Արդեօք մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէին ներկայ եղող հրեաներ կամ նորահաւատներ քրիստոնէութիւնը ընդունելո՞վ Հռոմ վերադարձան (Գործք 2։10)։ Կամ, կրնա՞յ ըլլալ որ քրիստոնեայ վաճառականներ եւ ճամբորդներ ճշմարտութիւնը տարածեցին Հռոմի մէջ։ Յամենայնդէպս, երբ Պօղոս շուրջ մ.թ. 56–ին գրեց նամակը, ժողովքը երկար ժամանակէ հաստատուած էր (Հռով. 1։8)։ Ինչպիսի՞ անհատներ այդ ժողովքը կազմեցին։

7 Ոմանք հրէական ենթահողէ եկած էին։ Պօղոս Անդրոնիկոսին ու Յունիային բարեւներ ուղարկեց, զանոնք կոչելով ‘ազգականներս’, հաւանաբար ըսել ուզելով ազգականներ, որոնք հրեայ էին։ Վրանագործ Ակիւղաս, որ իր կնոջ՝ Պրիսկիղայի հետ Հռոմի մէջ էր, նաեւ հրեայ էր (Հռով. 4։1. 9։3, 4. 16։3, 7. Գործք 18։2)։ Բայց եղբայրներէն եւ քոյրերէն շատեր, որոնց Պօղոս բարեւներ ուղարկեց, հաւանաբար հեթանոսութենէ դարձած քրիստոնեաներ էին։ Կրնայ ըլլալ որ ոմանք «Կայսրին տունէն» էին, թերեւս կայսրին ծառաներ եւ ստորադաս պաշտօնեաներ (Փլպ. 4։23. Հռով. 1։5, 6. 11։13

8. Հռոմի մէջ եղողները ի՞նչ դժուար կացութիւն դիմագրաւեցին։

8 Հռոմի մէջ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ դժուար կացութիւն մը դիմագրաւեց, զոր մենք ալ կը դիմակալենք։ Պօղոս զայն հետեւեալ կերպով բացատրեց. «Ամէնքը մեղք գործեցին եւ Աստուծոյ փառքէն պակսեցան» (Հռով. 3։23)։ Յստակ է որ բոլոր անոնք, որոնց Պօղոս գրեց, պէտք էր գիտակցէին թէ մեղաւորներ էին եւ այդ կարիքը գոհացնելու Աստուծոյ միջոցին պէտք էր հաւատք ընծայէին։

Մեղքի խնդրին գիտակցիլ

9. Պօղոս աւետարանին ո՞ր հաւանական արդիւնքին վրայ ուշադրութիւն հրաւիրեց։

9 Հռովմայեցիս նամակին սկիզբը, Պօղոս ուշադրութեան յանձնեց այն հիանալի արդիւնքը, որ իր յարատեւ քարոզած բարի լուրէն կրնայ յառաջ գալ. «Ես ամօթ չեմ սեպեր աւետարանը քանզի Աստուծոյ զօրութիւնն է ան՝ բոլոր հաւատացեալներուն փրկութեան համար՝ առաջ Հրեային ու ետքը Յոյնին»։ Արդարեւ փրկութիւնը կարելի էր։ Այսուհանդերձ, հաւատքը անհրաժեշտ էր, Ամբակում 2։4–էն մէջբերուած հիմնական ճշմարտութեան համաձայն. «Արդարը իր հաւատքովը պիտի ապրի» (Հռով. 1։16, 17. Գաղ. 3։11. Եբ. 10։38)։ Բայց ինչպէ՞ս այդ աւետարանը, որ կրնայ փրկութեան առաջնորդել, կապ ունի այն իրողութեան հետ՝ թէ «ամէնքը մեղք գործեցին»։

10, 11. Հռովմայեցիս 3։23–ի մէջ նշուած գաղափարը, ինչո՞ւ միայն ոմանց ծանօթ է։

10 Փրկաբեր հաւատք զարգացնելէ առաջ, անհատ մը պէտք է ընդունի որ մեղաւոր է։ Մեղաւոր ըլլալու գաղափարը տարօրինակ չէ անոնց, որոնք Աստուծոյ հաւատալով կը մեծնան եւ որոշ չափով Աստուածաշունչը գիտեն (կարդա՛ Ժողովող 7։20Անոնք համաձայնի՛ն կամ ոչ, առնուազն գաղափար մը ունին թէ ի՛նչ ըսել ուզեց Պօղոս երբ նշեց. «Ամէնքը մեղք գործեցին» (Հռով. 3։23)։ Սակայն, կրնայ ըլլալ որ մեր ծառայութեան ընթացքին հանդիպինք շա՜տ անհատներու, որոնք չեն հասկնար այդ խօսքը։

11 Կարգ մը երկիրներու մէջ, սովորական անհատը կը մեծնայ առանց իր ծնողքէն սորվելու թէ մեղաւոր ծնած է, այսինքն՝ մեղքը ժառանգած։ Ճիշդ է որ ան հաւանաբար կը գիտակցի թէ սխալներ կը գործէ, անփափաքելի գիծեր ունի եւ գէշ բաներ ըրած է։ Ան նաեւ կը նկատէ թէ ուրիշներ համանման կացութեան մէջ են։ Բայց իր ենթահողին պատճառով, ան իրապէս չի հասկնար թէ ինչո՛ւ ինք եւ ուրիշներ այդպէս են։ Իրականութեան մէջ, կարգ մը լեզուներու մէջ, եթէ ըսես թէ անհատ մը մեղաւոր է, մարդիկ թերեւս խորհին թէ ըսել կ’ուզես որ ան ոճրագործ է կամ՝ առնուազն անօրէն։ Բացայայտօրէն, անհատ մը որ այսպիսի միջավայրի մէջ կը մեծնայ, իսկոյն չի մտածեր թէ մեղաւոր է ա՛յն իմաստով, որ Պօղոս բացատրեց։

12. Ինչո՞ւ շատեր չեն հաւատար թէ ամէն մարդ մեղաւոր է։

12 Քրիստոնեայ աշխարհի երկիրներուն մէջ ալ շատեր մեղաւոր ըլլալու գաղափարին չեն հաւատար։ Ինչո՞ւ։ Նոյնիսկ եթէ ատեն–ատեն եկեղեցի կ’երթան, անոնք Ադամ ու Եւայի աստուածաշնչական պատմութիւնը պարզապէս հեքիաթ կամ առասպել կը նկատեն։ Ուրիշներ աստուածամերժ միջավայրի մը մէջ մեծնալով, կը կասկածին Աստուծոյ գոյութեան վրայ, եւ հետեւաբար չեն ըմբռներ թէ Գերագոյն Էակ մը մարդոց համար բարոյական չափանիշներ դրած է, եւ թէ այդ չափանիշները չպահելը համահաւասար է մեղանչելուն։ Առումով մը, անոնք առաջին դարու մարդոց նման են, զորս Պօղոս նկարագրեց որպէս առանց «յոյս»ի անհատներ եւ «աշխարհի մէջ անաստուած»ներ (Եփ. 2։12

13, 14. ա) Ի՞նչ է մէկ պատճառը, որ անպատասխանի կը մնան անոնք՝ որոնք Աստուծոյ հաւատք չեն ընծայեր եւ մեղքին չեն հաւատար։ բ) Անհաւատութիւնը շատերը ի՞նչ բանի առաջնորդած է։

13 Հռովմայեցիս նամակին մէջ, Պօղոս երկու պատճառ ներկայացուց թէ ինչո՛ւ այսպիսի ենթահող մը չի կրնար չքմեղանք ըլլալ,– ո՛չ այդ ատեն, ոչ ալ ներկայիս։ Առաջին պատճառը այն է, թէ ստեղծագործութիւնը ինքնին կը վկայէ թէ Արարիչ մը գոյութիւն ունի (կարդա՛ Հռովմայեցիս 1։19, 20Ասիկա ներդաշնակ է Պօղոսի մէկ դիտողութեան հետ, զոր Հռոմէն եբրայեցիներուն գրեց. «Ամէն տուն՝ շինող մը ունի. բայց ան որ բոլոր բաները շինեց՝ Աստուած է» (Եբ. 3։4)։ Այդ պատճառաբանութիւնը կը մատնանշէ թէ կա՛յ Ստեղծիչ մը, որ ամբողջ տիեզերքը շինեց կամ մէջտեղ բերաւ։

14 Ուրեմն հաստատ հիմի վրայ Պօղոս հռոմայեցիներուն գրեց, թէ անկենդան արձաններ պաշտողները,– ի ներառեալ վաղեմի իսրայէլացիները,– «անպատասխանի [կը] մնան» կամ անարդարանալի կ’ըլլան։ Նոյնը կրնայ ըսուիլ անոնց մասին, որոնք սեռային անբարոյ արարքներու անձնատուր եղան, իրենց մարմինները անբնական կերպով գործածելով (Հռով. 1։22-27)։ Ապա Պօղոս տեղին ըլլալով եզրակացուց, թէ ‘բոլոր հրեաներն ու հեթանոսները մեղքի տակ են’ (Հռով. 3։9

‘Վկայութիւն տուող’ մը

15. Բոլոր մարդիկ ի՞նչ ունին, եւ ատիկա ի՞նչ ազդեցութիւն կը բանեցնէ։

15 Հռովմայեցիս նամակը յաւելեալ պատճառ մը կը բնորոշէ, թէ ինչո՛ւ մարդիկ պէտք է գիտակցին թէ մեղաւորներ են եւ այս դժուար կացութենէն դուրս ելլելու համար միջոցի մը պէտք ունին։ Աստուծոյ կողմէ վաղեմի իսրայէլին տրուած օրինագիրքին առնչութեամբ, Պօղոս գրեց. «Անոնք որ օրէնքի տակ մեղք գործեցին, օրէնքով պիտի դատուին» (Հռով. 2։12)։ Իր պատճառաբանութիւնը շարունակելով, ան ուշադրութեան կը յանձնէ թէ ազգերու կամ էթնիք խումբերու պատկանող մարդիկ, որոնք այդ աստուածային կանոնագրին ծանօթ չեն, յաճախ «բնականաբար օրէնքին գործերը կը գործեն»։ Ինչո՞ւ այսպիսիներ սովորաբար կ’արգիլեն ազգապղծութիւնը, ոճիրը եւ գողութիւնը։ Պօղոս մատնանշեց պատճառը. անոնք խղճմտանք ունին (կարդա՛ Հռովմայեցիս 2։14, 15

16. Ինչո՞ւ խղճմտանք ունենալը անպայմանօրէն չի նշանակեր մեղքէն խուսափիլ։

16 Բայց եւ այնպէս, հաւանաբար նկատած ես, թէ որպէս ներքին վկայ գործող խղճմտանք ունենալը չի նշանակեր թէ անհատը պիտի հետեւի անոր ուղղութեան։ Վաղեմի իսրայէլի պարագան ատիկա ցոյց կու տայ։ Թէեւ իսրայէլացիները ունէին թէ՛ աստուածատուր խղճմտանք եւ թէ աստուածային մասնայատուկ օրէնքներ գողութեան եւ շնութեան դէմ, անոնք յաճախ իրենց խղճմտանքը եւ Եհովային Օրէնքը ոտնակոխեցին (Հռով. 2։21-23)։ Անոնք կրկնապատիկ մեղադրելի էին եւ այսպէս վստահաբար՝ մեղաւորներ, Աստուծոյ չափանիշներուն եւ կամքին գոհացում չտալով։ Ասիկա Արարիչին հետ իրենց փոխյարաբերութիւնը լրջօրէն խանգարեց (Ղեւ. 19։11. 20։10. Հռով. 3։20

17. Հռովմայեցիս նամակին մէջ, ի՞նչ քաջալերութիւն կը գտնենք։

17 Ինչ որ նկատի առինք Հռովմայեցիս նամակէն, Ամենակալին առջեւ մարդկային կացութեան մռայլ մէկ պատկերը կրնայ թուիլ։ Բայց Պօղոս հոն կանգ չառաւ։ Սաղմոս 32։1, 2–էն Դաւիթի խօսքերը մէջբերելով, առաքեալը գրեց. «Երանի՜ անոր, որուն յանցանքներուն թողութիւն եղաւ ու անոր մեղքերը ծածկուեցան։ Երանի՜ այն մարդուն՝ որուն՝ Տէրը անօրէնութիւն չի սեպեր» (Հռով. 4։7, 8)։ Արդ՝ Աստուած մեղքերու ներումը կարելի դարձուցած է, առանց իր արդար չափանիշները բեկանելու։

Յիսուսի վրայ կեդրոնացած բարի լուր

18, 19. ա) Հռովմայեցիս նամակին մէջ, Պօղոս աւետարանին ո՞ր երեսակին վրայ կեդրոնացաւ։ բ) Ի՞նչ բաներու պէտք է գիտակցինք, Թագաւորութեան օրհնութիւնները ստանալու համար։

18 Թերեւս հակազդես. ‘Ատիկա ի՛րապէս բարի լուր է’։ Արդարեւ այդպէս է. ինչ որ մեզ կը վերադարձնէ բարի լուրի այն երեսակին, զոր Պօղոս ցցուն ըրաւ Հռովմայեցիս նամակին մէջ։ Ինչպէս նշուեցաւ, Պօղոս գրեց. «Ես ամօթ չեմ սեպեր աւետարանը քանզի Աստուծոյ զօրութիւնն է ան՝ բոլոր հաւատացեալներուն փրկութեան համար» (Հռով. 1։15, 16

19 Այդ աւետարանը կեդրոնացաւ Յիսուսի դերին վրայ, Աստուծոյ նպատակին իրագործման մէջ։ Պօղոս կրնար անձկագին սպասել ‘այն օրուան, երբ Աստուած մարդոց ծածուկ բաները դատէ Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով աւետարանին համեմատ’ (Հռով. 2։16)։ Այդ խօսքը ըսելով, ան թեթեւի չէր առներ ‘Քրիստոսին ու Աստուծոյ թագաւորութիւնը’ կամ այն ինչ որ Աստուած Թագաւորութեան միջոցաւ պիտի ընէ (Եփ. 5։5)։ Բայց ան ցոյց տուաւ թէ որպէսզի կարենանք ապրիլ ե՛ւ Աստուծոյ Թագաւորութեան օրհնութիւնները վայելել, հարկ է որ գիտակցինք, թէ 1) Աստուծոյ աչքին մեղաւորներ ենք եւ 2) մեր մեղքերը ներուելու համար՝ ինչո՛ւ պէտք է որ Յիսուս Քրիստոսին հաւատք ընծայենք։ Երբ անհատ մը հասկնայ եւ ընդունի Աստուծոյ նպատակին այդ մասերը, եւ տեսնէ թէ ասիկա ի՛նչ ապագայ իրեն կը հրամցնէ, ան իրաւացիօրէն կրնայ բացագանչել. ‘Այո՛, ատիկա ի՛րապէս բարի լուր է’։

20, 21. Մեր ծառայութեան մէջ, ինչո՞ւ ի մտի պէտք է ունենանք Հռովմայեցիս նամակին մէջ շեշտուած աւետարանը, եւ ի՞նչ արդիւնք կրնանք ակնկալել։

20 Հաստատօրէն պէտք է ի մտի ունենանք բարի լուրի այս երեսակը, մինչ մեր քրիստոնէական ծառայութիւնը կը կատարենք։ Յիսուսին ակնարկելով, Պօղոս Եսայիին խօսքերը մէջբերեց. «Ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ, պիտի չամչնայ» (Հռով. 10։11. Եսա. 28։16)։ Յիսուսի մասին հիմնական պատգամը կրնայ անսովոր չթուիլ անոնց, որոնք տեղեակ են թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ մեղքին նկատմամբ։ Սակայն, ուրիշներու համար, այս պատգամը բոլորովին նոր պիտի ըլլայ,– բան մը որ իրենց մշակոյթին մէջ անծանօթ կամ անհաւատալի է։ Երբ այսպիսիներ սկսին Աստուծոյ հաւատալ եւ Սուրբ Գրութիւններուն վստահիլ, հարկ պիտի ըլլայ որ անոնց բացատրենք Յիսուսին դերը։ Յաջորդ յօդուածը նկատի պիտի առնէ թէ ինչպէ՛ս Հռովմայեցիս 5–րդ գլուխը կը զարգացնէ բարի լուրին այս երեսակը։ Հաւանաբար պիտի նկատես թէ այդ նիւթը օգտակար է ծառայութեանդ մէջ։

21 Ի՜նչ վարձահատոյց է օգնել պարկեշտամիտ անհատներու որ հասկնան բարի լուրը, որ բազմիցս նշուած է Հռովմայեցիս նամակին մէջ. բարի լուրը որ ‘Աստուծոյ զօրութիւնն է. . . բոլոր հաւատացեալներուն փրկութեան համար’ (Հռով. 1։16)։ Աւելին, պիտի տեսնենք թէ ուրիշներ համամիտ կը գտնուին Հռովմայեցիս 10։15–ի մէջ Պօղոսի մէջբերած խօսքին հետ. «Որքա՜ն գեղեցիկ են խաղաղութիւն աւետարանողներուն ու բարի բաներու աւետիս տուողներուն ոտքերը» (Եսա. 52։7

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 5 Նման արտայայտութիւններ կ’երեւին ուրիշ ներշնչեալ գիրքերու մէջ (Մար. 1։1. Գործք 5։42. Ա. Կոր. 9։12. Փլպ. 1։27

Կը յիշե՞ս

• Հռովմայեցիս նամակը աւետարանին ո՞ր երեսակը ցցուն կ’ընէ։

• Ուրիշներուն պէտք է օգնենք որ ի՞նչ իրողութիւն հասկնան։

• Ինչպէ՞ս «Յիսուսին մասին աւետարան»ը օրհնութիւն կրնայ նշանակել մեզի եւ ուրիշներուն։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Մէջբերում՝ էջ 16]

Հռովմայեցիս նամակին մէջ ցցուն եղած աւետարանը կամ բարի լուրը, Աստուծոյ նպատակին մէջ Յիսուսի կենսական դերը պարփակեց

[Նկար՝ էջ 17]

Բոլորս ալ մահացու թերութեամբ ծնած ենք, որ է՝ մեղքը