Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դրախտին մէջ յաւիտենական կեանքը ձանձրանալի պիտի ըլլա՞յ

Դրախտին մէջ յաւիտենական կեանքը ձանձրանալի պիտի ըլլա՞յ

Ընթերցողները կը հարցնեն

Դրախտին մէջ յաւիտենական կեանքը ձանձրանալի պիտի ըլլա՞յ

▪ Աստուածաշունչը մեզի յոյս կու տայ, թէ կրնանք յաւիտեան ապրիլ Դրախտին մէջ երկրի վրայ (Սաղմոս 37։29. Ղուկաս 23։43)։ Կատարեալ միջավայրի մը մէջ անվերջ ապրիլը ձանձրանալի պիտի ըլլա՞յ։

Այս հարցումը ուշադրութեան արժանի է։ Հետազօտողներ նկատած են թէ յարատեւ ձանձրոյթը կրնայ պատճառ ըլլալ, որ անհատ մը սկսի մտահոգուիլ, վհատիլ եւ հակամէտ ըլլալ ինքզինք վտանգի ենթարկելու։ Անոնք որոնք կեանքին մէջ նպատակ չեն տեսներ կամ իրենց առօրեայ սովորամոլութենէն կը յոգնին, թերեւս ձանձրոյթի յանձնուին։ Դրախտին մէջ եղողներուն կեանքը նպատակ պիտի չունենա՞յ։ Առօրեայ սովորամոլութիւնը անհետաքրքրական պիտի ըլլա՞յ։

Նա՛խ նկատի առ թէ յաւիտենական կեանք առաջարկողը Եհովա Աստուածն է՝ Աստուածաշունչին Հեղինակը (Յովհաննէս 3։16. Բ. Տիմոթէոս 3։16)։ Աստուծոյ գլխաւոր յատկութիւնը սէրն է (Ա. Յովհաննէս 4։8)։ Եհովա մեզ խորապէս կը սիրէ եւ մեզի տուած է մեր վայելած բոլոր բարի բաները (Յակոբոս 1։17

Մեր Ստեղծիչը գիտէ թէ երջանիկ ըլլալու համար, նպատակալից աշխատանքի կարիք ունինք (Սաղմոս 139։14-16. Ժողովող 3։12)։ Դրախտին մէջ, աշխատողները ինքզինքնին մեքենաներու պէս պիտի չզգան։ Իրենց կատարելիք աշխատանքը ուղղակիօրէն իրենց եւ իրենց սիրելիներուն պիտի օգտէ (Եսայի 65։22-24)։ Եթէ հետաքրքրական, խրթին ու լիաժամ գործ մը ունենայիր, կեանքը ձանձրանալի պիտի նկատէի՞ր։

Նաեւ նկատի առ, թէ Եհովա Աստուած միայն որոշ անհատներու թոյլ պիտի տայ որ Դրախտին մէջ գտնուին։ Ան յաւիտենական կեանքի պարգեւը կ’առաջարկէ միայն անո՛նց, որոնք իր Որդին՝ Յիսուսը, կ’ընդօրինակեն (Յովհաննէս 17։3)։ Մինչ երկրի վրայ էր, Յիսուս իր Հօր կամքը կատարելէն հաճոյք առաւ։ Թէ՛ խօսքով ու թէ օրինակ հանդիսանալով, ան իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ տալը աւելի մնայուն երջանկութիւն կը բերէ քան՝ առնելը (Գործք 20։35)։ Վերահաստատուած Դրախտին մէջ, բոլորն ալ պիտի ապրին երկու մեծագոյն պատուիրաններուն համաձայն,– Աստուած սիրել եւ ընկերը սիրել (Մատթէոս 22։36-40)։ Երեւակայէ թէ շրջապատուած ես անշահախնդիր մարդոցմով, որոնք կը սիրեն քեզ եւ իրենց աշխատանքը։ Կը կարծե՞ս թէ այդպիսի միջավայրի մը մէջ պիտի ձանձրանաս։

Դրախտին մէջ կեանքը ուրիշ ի՞նչ պիտի պարփակէ։ Ամէն օր, պիտի կարենանք մեր Ստեղծիչին մասին նոր բան մը սորվիլ։ Հետազօտողներ արդէն բազմաթիւ ուշագրաւ յայտնաբերումներ ըրած են Եհովայի ստեղծագործութեան մասին (Հռովմայեցիս 1։20)։ Այսուհանդերձ, այս ուղղութեամբ տակաւին չնչին հասկացողութիւն ունինք։ Հազարաւոր տարիներ առաջ, հաւատարիմ Յոբ վերաքաղ ըրաւ թէ Աստուծոյ ստեղծագործութեան մասին ի՛նչ գիտէր, եւ իր եզրակացութիւնը տակաւին ճշմարիտ է։ Ան ըսաւ. «Ահա՛ ասոնք են [Աստուծոյ] ճամբաներուն ծայրերը, եւ ո՜րչափ տկար է անոր մասին մեր լսած շշունջը. հապա ո՞վ կրնայ հասկնալ անոր զօրութեան որոտումը» (Յոբ 26։14, ԱԾ

Որքան ալ երկար ապրինք, բնաւ պիտի չկարենանք Եհովա Աստուծոյ եւ իր գործերուն մասին ամէն բան գիտնալ։ Աստուածաշունչը կը նշէ թէ Աստուած մեր սրտին մէջ յաւիտեան ապրելու փափաքը դրած է։ Բայց ատիկա նաեւ կ’ըսէ, թէ «Աստուծոյ ըրած գործը» բնաւ պիտի չկարենանք «սկիզբէն մինչեւ վերջը հասկնալ» (Ժողովող 3։10, 11)։ Կը խորհի՞ս թէ Ստեղծիչիդ մասին նոր բաներ սորվելէ պիտի ձանձրանաս։

Նոյնիսկ հիմա, անոնք որոնք Աստուած փառաբանող եւ ուրիշներուն օգուտ բերող գործով կը զբաղին, յաճախ չեն ձանձրանար։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ եթէ նոյնանման գործով զբաղած մնանք, բնաւ պիտի չձանձրանանք,– նո՛յնիսկ եթէ յաւիտեան ապրինք։

[Նկարին աղբիւրները՝ էջ 11]

Earth: Image Science and Analysis Laboratory NASA-Johnson Space Center; Galaxy: The Hubble Heritage Team (AURA/STScI/NASA)