Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

‘Ձեր մէջ ժրաջան աշխատողները յարգեցէք’

‘Ձեր մէջ ժրաջան աշխատողները յարգեցէք’

‘Ձեր մէջ ժրաջան աշխատողները յարգեցէք’

«Ձեզի կ’աղաչենք, եղբա՛յրներ, որ յարգէք ձեր գործաւորներն [«ձեր մէջ ժրաջան աշխատողներն», ՆԱ] ու վերակացուները Տէրոջմով ու ձեզի խրատ տուողները» (Ա. ԹԵՍ. 5։12

1, 2. ա) Թեսաղոնիկէի ժողովքը ի՞նչ վիճակի մէջ էր, երբ Պօղոս իրենց ուղղուած առաջին նամակը գրեց։ բ) Պօղոս թեսաղոնիկեցիները քաջալերեց որ ի՞նչ ընեն։

ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ թէ Եւրոպայի մէջ հաստատուած առաջին ժողովքներէն մէկուն, այսինքն՝ առաջին դարու Թեսաղոնիկէի ժողովքին մէկ անդամն ես։ Պօղոս առաքեալ բաւական ժամանակ տրամադրած էր՝ այդ ժողովքին եղբայրները կերտելու համար։ Ան երէցներ նշանակած ըլլալու էր, որպէսզի առաջնորդութիւն առնէին, ինչպէս որ էր պարագան միւս ժողովքներուն (Գործք 14։22)։ Բայց ժողովքը կազմուելէ ետք, հրեաները խուժան մը կազմակերպեցին՝ Պօղոսն ու Շիղան քաղաքէն դուրս հանելու համար։ Մնացեալ քրիստոնեաները թերեւս ինքզինքնին լքուած զգացին կամ նոյնիսկ՝ վախի մէջ։

2 Չենք զարմանար որ Պօղոս Թեսաղոնիկէէն մեկնելէ ետք, նորաբողբոջ ժողովքին նկատմամբ մտահոգուեցաւ։ Ան փորձեց վերադառնալ, բայց «Սատանան արգիլեց» զինք։ Ուստի ան Տիմոթէոսը ղրկեց՝ ժողովքը քաջալերելու համար (Ա. Թես. 2։18. 3։2)։ Երբ Տիմոթէոս լաւ տեղեկագրութիւն մը բերաւ, Պօղոս մղուեցաւ նամակ մը գրելու թեսաղոնիկեցիներուն։ Ուրիշ բաներու կողքին, Պօղոս զանոնք քաջալերեց որ ‘յարգեն իրենց վերակացուները’ (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։12, 13

3. Թեսաղոնիկեցի քրիստոնեաները երէցները մեծապէս պատուելու ի՞նչ պատճառներ ունէին։

3 Թեսաղոնիկեցի քրիստոնեաներուն մէջ առաջնորդութիւն առնող եղբայրները, Պօղոսին եւ անոր ճամբորդակիցներուն պէս փորձառու չէին, ոչ ալ Երուսաղէմի երէցներուն ունեցած ճոխ հոգեւոր ժառանգը ունէին։ Եւ ժողովքին հաստատուելուն վրայ դեռ տարի մը իսկ չէր անցած։ Ասով հանդերձ, ժողովքին անդամները պատճառ ունէին երախտապարտ ըլլալու իրենց երէցներուն համար, որոնք ‘ժրաջանօրէն կ’աշխատէին’, ժողովքին վրայ ‘վերակացութիւն կ’ընէին’ եւ եղբայրներուն ‘խրատ կու տային’։ Արդարեւ, անոնք վաւերական պատճառ ունէին երէցները ‘մեծ սիրով պատուելու’։ Այս պատուէրը տալէն ետք, Պօղոս յորդորեց որ ‘իրարու հետ խաղաղութիւն ունենան’։ Եթէ Թեսաղոնիկէի մէջ ըլլայիր, երէցներու աշխատանքը խորապէս պիտի գնահատէի՞ր։ Քրիստոսի միջոցով Աստուծոյ կողմէ ժողովքիդ մէջ ‘որպէս պարգեւ տրուած տղամարդիկը’ ինչպէ՞ս կը նկատես (Եփ. 4։8ՆԱ

«Ժրաջան աշխատողներ»

4, 5. Պօղոսի օրերուն՝ ժողովքին սորվեցնելը երէցներէն ինչո՞ւ ժրաջան աշխատանք կը պահանջէր, եւ ներկայիս պարագան ինչո՞ւ չէ փոխուած։

4 Պօղոսն ու Շիղան Բերիա ղրկելէ ետք, Թեսաղոնիկէի երէցները ինչպէ՞ս ‘ժրաջանօրէն կ’աշխատէին’։ Պօղոսը ընդօրինակելով, անկասկած անոնք ժողովքին սորվեցուցին՝ գործածելով Սուրբ Գրութիւնները։ Թերեւս հարց տաս թէ արդեօք Թեսաղոնիկէի քրիստոնեաները Աստուծոյ Խօսքը կը գնահատէի՞ն։ Ի վերջոյ՝ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ բերիացիները «Թեսաղոնիկէի մէջ եղողներէն աւելի ազնիւ մարդիկ էին, որոնք. . . ամէն օր գրքերը կը քննէին» (Գործք 17։11)։ Սակայն, այս համեմատութիւնը քրիստոնեաներուն հետ չէր, հապա ընդհանուր թեսաղոնիկեցի հրեաներուն հետ։ Անոնք որոնք հաւատացեալներ դարձան, ‘Աստուծոյ խօսքը ընդունեցին ո՛չ թէ իբրեւ մարդոց խօսք, հապա՝ որպէս Աստուծոյ խօսք’ (Ա. Թես. 2։13)։ Երէցները ժրաջանօրէն աշխատած ըլլալու էին, որպէսզի այդպիսիները հոգեւորապէս կերակրեն։

5 Ներկայիս, հաւատարիմ եւ իմաստուն ծառայ դասակարգը «ատենին» Աստուծոյ հօտին «կերակուր» կու տայ (Մատ. 24։45)։ Ծառային ուղղութեան ներքեւ՝ ժողովքին երէցները ժրաջանօրէն կ’աշխատին, որպէսզի իրենց եղբայրները հոգեւորապէս կերակրեն։ Ժողովքին մէջ եղողները կրնան բազմաթիւ աստուածաշնչական հրատարակութիւններ ունենալ, եւ կարգ մը լեզուներով մատչելի են գործիքներ, ինչպէս՝ Դիտարանի հրատարակութիւններու նիւթերու ցանկ–ը եւ Դիտարանի գրադարան–ի խտասկաւառակը։ Ժողովքին հոգեւոր կարիքներուն գոհացում տալու համար, երէցները ժամեր կը տրամադրեն ժողովի բաժիններ պատրաստելու համար, որպէսզի կարենան նշանակուած տեղեկութիւնը իմաստալից կերպով ներկայացնել։ Երբեք մտածա՞ծ ես թէ երէցները ո՛րքան ժամանակ կը տրամադրեն՝ ժողովներու եւ համաժողովներու իրենց բաժինները պատրաստելու համար։

6, 7. ա) Պօղոս ի՞նչ ընտիր օրինակ թողուց Թեսաղոնիկէի երէցներուն։ բ) Ներկայիս, Պօղոսն ընդօրինակելը երէցներու համար ինչո՞ւ կրնայ դժուար ըլլալ։

6 Հօտը հովուելու առնչութեամբ, Թեսաղոնիկէի երէցները մտաբերեցին Պօղոսի հանդիսացած ընտիր օրինակը։ Պօղոս մեքենայական կերպով կամ անհոգութեամբ չէր որ այցելութիւններ կ’ընէր։ Ինչպէս որ նախորդ յօդուածին մէջ քննարկուեցաւ, ան ‘համեստ եղաւ ինչպէս դայեակ մը որ իր երեխաները կը խնամէ’ (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։7, 8Ան նոյնիսկ յօժար էր ‘իր ա՛նձը տալու’։ Հովուելու ժամանակ, երէցները իրեն պէս պէտք էր ըլլային։

7 Ներկայիս, քրիստոնեայ հովիւներ Պօղոսը կ’ընդօրինակեն՝ հօտը խնամելով։ Ոչխարներէն ոմանք բնոյթով կրնան ջերմեռանդ եւ բարեկամական չըլլալ։ Այսուհանդերձ, երէցները կը ջանան խորատես ըլլալ եւ անոնց մէջ ‘բարիք գտնել’ (Առ. 16։20)։ Շիտակ է որ երէց մը կրնայ անկատարութեան պատճառով մաքառիլ՝ իւրաքանչիւր անհատի հանդէպ դրական տեսակէտ մը ունենալու համար։ Սակայն՝ մինչ ան իր լաւագոյնը կ’ընէ բոլորին հանդէպ համեստ ըլլալու, Քրիստոսի ներքեւ լաւ հովիւ մը ըլլալու իր ջանքերը գովասանքի չե՞ն արժանանար։

8, 9. Այժմու երէցները ի՞նչ կերպերով ‘մեր հոգիներուն համար կը հսկեն’։

8 Իւրաքանչիւրս պատճառ ունինք երէցներուն ‘հնազանդելու’։ Ինչպէս որ Պօղոս գրեց, ‘անոնք մեր հոգիներուն համար կը հսկեն’ (Եբ. 13։17)։ Այս արտայայտութիւնը մեզի կը յիշեցնէ բառացի հովիւը, որ իր հօտը պաշտպանելու համար անքուն կը մնայ։ Ներկայիս, կրնայ ըլլալ որ երէցները նոյն կերպով անքուն մնան, որպէսզի հոգ տանին անո՛նց կարիքներուն, որոնք վատառողջ են, կամ ունին զգացական կամ հոգեւոր խնդիրներ։ Օրինակի համար, Հիւանդանոցներու հետ հաղորդակցող յանձնախումբէն եղող եղբայրներ իրենց քունէն արթնցած են, որպէսզի բժշկական ստիպողական պարագայի մը նկատմամբ օգնութիւն մատուցանեն։ Երբ այդպիսի կացութիւն մը կը դիմագրաւենք, անոնց ծառայութիւնը որքա՜ն կը գնահատենք։

9 Շրջանային շինարարական յանձնախումբէն եւ օգնութեան յանձնախումբէն եղող երէցները, եղբայրներուն օգնելու համար ժրաջանօրէն կ’աշխատին։ Անոնք մեր անկեղծ աջակցութեան արժանի են։ Նկատի առ մատուցուած օգնութիւնը, 2008–ին Նարկիս պտուտակահողմը Միանմար հարուածելէ ետք։ Պոտինկոնի ժողովքին հասնելու համար, որ կործանումի կեդրոնը եղող Իրիվատի գետաբերանը կը գտնուի, օգնութիւն մատուցանողները անցան շրջաններէ, որոնք դիակներով լեցուն էին։ Երբ բնիկ եղբայրները տեսան թէ Պոտինկոն հասնող առաջին օգնութեան խումբին մէջ կար իրենց նախկին շրջանային տեսուչը, բացագանչեցին. «Տեսէ՛ք. . . մեր շրջանային տեսո՛ւչն է։ Եհովան ազատեց մեզ»։ Գիշեր–ցերեկ երէցներու կատարած ժրաջան աշխատանքը կը գնահատե՞ս։ Երէցներէն ոմանք կը նշանակուին մասնայատուկ յանձնախումբերու մէջ ծառայելու, որպէսզի դատական դժուար խնդիրներ նկատի առնեն։ Այս երէցները իրենց իրագործումներով չեն յոխորտար. իսկ անոնք որոնք իրենց ծառայութենէն կ’օգտուին՝ իրապէս երախտապարտ կ’ըլլան (Մատ. 6։2-4

10. Երէցները ի՞նչ գործեր կ’ընեն, որոնց շատ տեղեակ չենք։

10 Այսօր, շատ մը երէցներու գործը նաեւ թուղթի վրայ է։ Օրինակի համար, երէցներու մարմինի համակարգողը շաբաթական ժողովներուն յայտագիրները կը պատրաստէ։ Ժողովքի քարտուղարը դաշտի ծառայութեան ամսական եւ տարեկան տեղեկագիրները կը մէկտեղէ։ Դպրոցի տեսուչը ուշադրութեամբ կը նախապատրաստէ դպրոցին յայտագիրը։ Ամէն երեք ամիսը անգամ մը, ժողովքի դրամական հաշիւները կը ստուգուին։ Երէցները մասնաճիւղէն եկած նամակները կը կարդան եւ կը կիրարկեն տրուած ցուցմունքները, որոնք կ’օգնեն ‘հաւատքին միաբանութիւնը’ պահպանելու (Եփ. 4։3, 13)։ Այսպիսի ժրաջան երէցներու ջանքերուն շնորհիւ, «ամէն բան վայելչութեամբ եւ կարգաւ» կ’ըլլայ (Ա. Կոր. 14։40

«Վերակացուներ»

11, 12. Որո՞նք ժողովքին վերակացութիւն կ’ընեն, եւ ասիկա ի՞նչ կը պարփակէ։

11 Պօղոս Թեսաղոնիկէի ջանասէր երէցները նկարագրեց որպէս ժողովքի «վերակացուներ» (Ա. Թես. 5։12)։ Բնագիր յունարէն բառը կրնայ նաեւ նշանակել՝ «առջեւը կեցողներ»։ Պօղոս նոյն երէցներուն ակնարկեց որպէս «ժրաջան աշխատողներ»։ Ան մէկ «վերակացու տեսուչ»ի մասին չէր խօսեր, հապա՝ ժողովքին բոլոր երէցներուն մասին։ Ներկայիս, երէցներուն մեծ մասը ժողովքին առջեւ կը կայնի եւ ժողովներ կը վարէ։ Վերջերս կատարուած ճշդումը, որ «երէցներու մարմինի համակարգող» անուանումը գործածուի, մեզի կ’օգնէ որ բոլոր երէցները միացած մարմինի մը անդամներ նկատենք։

12 Ժողովքին ‘վերակացութիւն ընելը’ աւելին կը պարփակէ, քան՝ միայն սորվեցնելը։ Նոյն արտայայտութիւնը գործածուած է Ա. Տիմոթէոս 3։4–ի մէջ։ Պօղոս ըսաւ որ տեսուչ մը պէտք է «իր տանը աղէկ վերակացութիւն ընէ, իր զաւակները հնազանդութեան եւ պարկեշտութեան մէջ պահելու»։ Հոս՝ «վերակացութիւն ընէ» արտայայտութիւնը բացայայտօրէն կը պարփակէ ոչ միայն իր զաւակներուն սորվեցնելը, հապա նաեւ՝ ընտանիքին մէջ առաջնորդութիւն առնելն ու ‘զաւակները հնազանդութեան մէջ պահելը’։ Այո, երէցները ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն կ’առնեն, բոլորին օգնելով որ Եհովային հնազանդին (Ա. Տիմ. 3։5

13. Երէցներու ժողովին մէջ որոշում կայացնելը ինչո՞ւ կրնայ ժամանակ առնել։

13 Հօտին աղէկ վերակացութիւն ընելու համար, երէցները իրարու հետ կը քննարկեն, թէ ինչպէս նկատի առնեն ժողովքին կարիքները։ Ճիշդ է որ աւելի քիչ ժամանակ կ’առնէ՝ եթէ երէց մը կայացնէ բոլոր որոշումները. բայց, առաջին դարու կառավարիչ մարմինին օրինակին հետեւելով, այժմու երէցներու մարմինները ազատօրէն հարցերը կը քննարկեն՝ Սուրբ Գրութիւններէն ուղղութիւն փնտռելով։ Իրենց նպատակն է՝ աստուածաշնչական սկզբունքները կիրարկել տեղական ժողովքին կարիքներուն։ Ասիկա շա՛տ ազդու կ’ըլլայ, երբ իւրաքանչիւր երէց կը նախապատրաստուի երէցներու ժողովներուն, նկատի առնելով Սուրբ Գրութիւնները եւ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգէն եկած ուղեգիծները։ Անշուշտ ասիկա ժամանակ կ’առնէ։ Երբ կարծիքներու տարբերութիւն ըլլայ, ինչպէս որ եղաւ՝ երբ առաջին դարու կառավարիչ մարմինը նկատի կ’առնէր թլփատութեան հարցը, յաւելեալ ժամանակ ու պրպտում թերեւս պահանջուին՝ Սուրբ Գրութիւններու հիման վրայ համաձայնութեան գալու համար (Գործք 15։2, 6, 7, 12-14, 28

14. Երէցներու մարմինին միաբանութեամբ աշխատիլը կը գնահատե՞ս, եւ ինչո՞ւ։

14 Ի՞նչ կրնայ պատահիլ, եթէ երէց մը իր ուզածին վրայ պնդէ կամ փորձէ իր անձնական գաղափարները յառաջ մղել. կամ՝ եթէ մէկը,– առաջին դարու Դիոտրեփէսին նման,– գժտութեան սերմեր ցանէ (Գ. Յովհ. 9, 10)։ Վստահաբար ամբողջ ժողովքը պիտի վնասուի։ Եթէ Սատանան փորձեց առաջին դարու ժողովքը տակնուվրայ ընել, կրնանք ստոյգ ըլլալ թէ ան կ’ուզէ այժմու ժողովքին խաղաղութիւնը խանգարել։ Ան կրնայ մարդկային եսասէր հակումներուն կոչ ընել, զոր օրինակ՝ երեւելի ըլլալու ցանկութիւնը։ Ուստի, հարկ է որ երէցները խոնարհութիւն մշակեն եւ միասնաբար աշխատին որպէս միացած մարմին։ Ո՜րքան կը գնահատենք այն երէցներուն խոնարհութիւնը, որոնք կը համագործակցին որպէս մէկ մարմին։

«Խրատ տուողներ»

15. Երէցները ի՞նչ շարժառիթով կը խրատեն եղբայր մը կամ քոյր մը։

15 Ապա Պօղոս երէցներու դժուար բայց կարեւոր մէկ պարտականութիւնը ընդգծեց,– հօտը խրատել։ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ, միայն Պօղոս գործածեց «խրատ տուողներ» թարգմանուած յունարէն արտայայտութիւնը։ Ատիկա կրնայ ակնարկել զօրաւոր խրատին՝ բայց առանց թշնամական ոգի դրսեւորելու (Գործք 20։31. Բ. Թես. 3։15)։ Օրինակ՝ Պօղոս կորնթացիներուն գրեց. «Այս բաները կը գրեմ՝ ո՜չ թէ ձեզ ամչցնելու համար, հապա կը խրատեմ ձեզ սիրելի որդիներուս պէս» (Ա. Կոր. 4։14)։ Խրատ տալու իր շարժառիթը ուրիշներու հանդէպ սիրալիր հոգածութիւնն էր։

16. Լաւ է որ երէցներն ի՞նչ բան ի մտի ունենան, երբ ուրիշները կը խրատեն։

16 Երէցները ի մտի կ’ունենան, թէ ուրիշները խրատելու կերպը կարեւոր է։ Անոնք կը ջանան Պօղոսը ընդօրինակել՝ քաղցր, սիրառատ եւ օգնական ըլլալով (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։11, 12Անշուշտ, անոնք ‘հաստատ կը բռնեն վարդապետութեան հաւատարիմ խօսքը, որպէս զի կարող ըլլան ողջամիտ վարդապետութիւնով յորդորել’ (Տիտ. 1։5-9

17, 18. Ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենաս, եթէ երէց մը քեզ խրատէ։

17 Անշուշտ երէցները կատարեալ չեն եւ կրնան ըսել բաներ, որոնց համար յետոյ կը զղջան (Գ. Թագ. 8։46. Յակ. 3։8)։ Նաեւ՝ երէցները գիտեն թէ խրատ ստանալը հոգեւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն սովորաբար «ուրախարար չի թուիր, հապա տրտմարար» (Եբ. 12։11)։ Ուստի անհատի մը խրատ տալէ առաջ, երէց մը հաւանաբար հարցին շուրջ բաւական կը մտածէ ու կ’աղօթէ։ Եթէ խրատուած ես, կը գնահատե՞ս երէցին սիրալիր հոգածութիւնը։

18 Եթէ բժշկական գետնի վրայ անբացատրելի խնդիր մը ունենայիր ու ետքը բժիշկ մը ճշգրտօրէն բնորոշէր զայն, բայց ախտաճանաչումը ընդունիլը քեզի համար դժուար ըլլար, բժիշկէն պիտի նեղուէի՞ր։ Ո՛չ։ Նոյնիսկ եթէ ան գործողութիւն մը առաջարկէր, հաւանաբար պիտի ընդունէիր, հաւատալով որ ատիկա քու օգտիդ համար պիտի ըլլար։ Տեղեկութիւնը հաղորդելու բժիշկին կերպը կրնար զգացումներուդ ազդել, բայց թոյլ պիտի տայի՞ր որ որոշումդ ասկէ կախեալ ըլլար։ Հաւանաբար ո՛չ։ Նմանապէս, թոյլ մի՛ տար որ խրատուելու կերպը քեզ ետ պահէ լսելէ զանո՛նք, զորս Եհովան ու Յիսուսը հաւանաբար կը գործածեն քեզի գիտցնելու, թէ ինչպէ՛ս կրնաս հոգեւորապէս դուն քեզի օգնել կամ ինքզինքդ պաշտպանել։

Եհովայի կողմէ եղած երէցներու կարգադրութիւնը գնահատէ

19, 20. ‘Որպէս պարգեւ տրուած տղամարդոց’ համար ինչպէ՞ս կրնաս գնահատութիւն ցուցաբերել։

19 Ի՞նչ պիտի ընէիր, եթէ յատկապէս քեզի համար պատրաստուած նուէր մը ստանայիր։ Գնահատութիւնդ պիտի յայտնէի՞ր՝ զայն գործածելով։ Եհովան Յիսուս Քրիստոսի միջոցով ‘որպէս պարգեւ տրուած տղամարդիկ’ հայթայթած է քեզի համար։ Այս պարգեւներուն հանդէպ երախտագիտութիւնդ ցոյց տալու մէկ կերպն է՝ երէցներուն կողմէ տրուած դասախօսութիւնները ուշադրութեամբ ունկնդրել եւ ջանալ անոնց նշած կէտերը կիրարկել։ Կրնաս երախտագիտութիւնդ ցոյց տալ նաեւ՝ ժողովներուն մէջ իմաստալից մեկնաբանութիւններ ներկայացնելով։ Թիկունք կանգնէ այն գործին, որուն մէջ երէցները առաջնորդութիւն կ’առնեն, զոր օրինակ՝ դաշտի ծառայութիւնը։ Եթէ որոշ երէցի մը խրատէն օգտուած ես, ինչո՞ւ իրեն չիմացնես։ Ասկէ զատ, ինչո՞ւ երէցներուն ընտանիքի անդամները չգնահատես։ Յիշէ՛ թէ երէց մը որպէսզի ժողովքին մէջ ժրաջանօրէն աշխատի, իր ընտանիքը կը զոհէ այն ժամանակը, զոր իրեն հետ կրնայ անցընել։

20 Այո, շատ պատճառներ ունինք երախտագիտութիւն ցոյց տալու երէցներուն համար, որոնք մեր մէջ ժրաջանօրէն կ’աշխատին, վերակացութիւն կ’ընեն եւ մեզ կը խրատեն։ ‘Որպէս պարգեւ տրուած այս տղամարդիկը’ ի՛րապէս Եհովայի կողմէ սիրալիր կարգադրութիւն մըն են։

Կը յիշե՞ս

• Թեսաղոնիկէի քրիստոնեաները իրենց մէջ առաջնորդութիւն առնողները գնահատելու ի՞նչ պատճառներ ունէին։

• Ժողովքիդ երէցները քեզի համար ինչպէ՞ս ժրաջանօրէն կ’աշխատին։

• Երէցներուն վերակացութիւն ընելէն ինչպէ՞ս կ’օգտուիս։

• Եթէ երէց մը քեզի խրատ տայ, ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենաս։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 31]

Կը գնահատե՞ս այն բազմաթիւ կերպերը, որոնցմով երէցները ժողովքը կը հովուեն