Մարգարէութիւն 6. Աշխարհածաւալ քարոզչութիւն
Մարգարէութիւն 6. Աշխարհածաւալ քարոզչութիւն
«Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի» (ՄԱՏԹԷՈՍ 24։14)։
● Վայէթիյան կ’ապրի Խաղաղական ովկիանոսի Թուամօթթու կղզեխումբի հեռաւոր մէկ կղզիին մէջ։ Թէեւ Թուամօթթուն կը բաղկանայ շուրջ 80 կղզիներէ, որոնք աւելի քան 802,900 քառակուսի քիլոմեթր տարածութեան մէջ ցրուած են, իր բնակիչներուն թիւը միայն շուրջ 16,000 է։ Այսուհանդերձ, Եհովայի վկաները Վայէթիյային եւ անոր դրացիներուն այցելած են։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Վկաները կը փափաքին Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը բոլորին հաղորդել,– ո՛ւր որ ալ կ’ապրին։
ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՅԱՅՏՆԵՆ։ Թագաւորութեան պատգամը երկրագունդի չորս կողմը կը տարածուի։ Միայն 2010–ին, Եհովայի վկաները աւելի քան 1,6 միլիառ ժամ յատկացուցին այս բարի լուրը 236 երկիրներու մէջ ծանուցանելու համար։ Ինչ որ կը նշանակէ թէ միջին հաշիւով, ամէն Վկայ օրական 30 վայրկեան բաժին բերաւ քարոզչութեան մէջ։ Վերջին տասնամեակին, անոնք աւելի քան 20 միլիառ աստուածաշնչական հրատարակութիւններ արտադրած ու բաշխած են։
ԸՆԴՀԱՆՐԱՑԱԾ ՄԷԿ ԱՌԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ Ի՞ՆՉ Է։ Աստուածաշունչին պատգամը հազարաւոր տարիներէ ի վեր կը քարոզուի։
ԱՅԴ ԱՌԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՒԵՐԱԿԱ՞Ն Է։ Ճիշդ է որ շատեր Աստուածաշունչին պատգամին մասին բան մը քարոզած են, սակայն անոնց մեծամասնութեան աշխատանքը կարճատեւ ու սահմանափակ եղած է։ Առ ի հակապատկեր, Եհովայի վկաները կազմակերպուած, աշխարհածաւալ քարոզչական արշաւ մը կ’իրագործեն, որ հարիւր միլիոնաւոր անհատներու կը հասնի։ Պատմութեան մէջ ամենազօրաւոր ու դաժան կազմակերպութիւններէ ոմանց խիստ հակառակութեան դիմաց, Վկաները յարատեւած են իրենց քարոզչութեան մէջ (Մարկոս 13։13)։ * Ասկէ զատ, Եհովայի վկաները դրամով չեն քարոզեր։ Փոխարէն, անոնք իրենց ժամանակը յօժարութեամբ կը տրամադրեն եւ իրենց հրատարակութիւնները ձրիաբար կ’առաջարկեն։ Իրենց գործը ամբողջութեամբ կ’օժանդակուի կամաւոր նուիրատուութիւններով։
Ի՞ՆՉ ԿԸ ԽՈՐՀԻՍ։ «Արքայութեան այս աւետարանը» համայն աշխարհին մէջ կը քարոզուի՞։ Այս մարգարէութեան կատարումը կրնա՞յ նշանակել, թէ աւելի լաւ բան մը մօտալուտ է։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 6 Յաւելեալ տեղեկութեան համար, տե՛ս հետեւեալ երեք վաւերագրական տեսաֆիլմերը՝ «Հաւատարիմ՝ փորձութիւններու ներքեւ», «Մանիշակագոյն եռանկիւններ» եւ «Եհովայի վկաները նացիներու յարձակման դիմաց հաստատ կը մնան», բաշխուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։
[Մէջբերում՝ էջ 9]
«Այնքան ատեն որ Եհովա կը թոյլատրէ, պիտի շարունակենք նախանձախնդրօրէն Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզել, մարդոց հասնելու ամէն միջոց գործածելով» (2010–Ի ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵԳԻՐՔ)։