Աղքատութեան վերջ դնելու ջանքեր
Աղքատութեան վերջ դնելու ջանքեր
ՀԱՐՈՒՍՏՆԵՐԸ արդէն իսկ աղքատութեան վերջ դրած են, բայց միայն իրենց համար։ Սակայն, ամբո՛ղջ մարդկութիւնը աղքատութենէ դուրս հանելու ջանքերը միշտ ալ ձախողած են։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ հարուստները ընդհանրապէս չեն ուզեր որ ոեւէ անձ կամ որեւէ բան իրենց առանձնաշնորհումը աւերէ։ Վաղեմի իսրայէլի Սողոմոն թագաւորը գրեց. «Զրկուածներուն աչքը արցունք կար, բայց անոնք մխիթարող չունէին. անոնց զրկանք ընողներուն ձեռքը ոյժ կար» (Ժողովող 4։1)։
Հեղինակաւոր մարդիկ կրնա՞ն ընկերութիւնը փոխել՝ համաշխարհային աղքատութիւնը վերացնելու համար։ Սողոմոն ներշնչման ներքեւ գրեց. «Ահա ամէնքն ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք են։ Այն որ ծուռ է, չի կրնար շտկուիլ» (Ժողովող 1։14, 15)։ Աղքատութեան վերջ դնելու արդի ջանքերուն վրայ ակնարկ մը նետելը, շատ լաւ կերպով կը լուսաբանէ այս կէտը։
Տեսութիւններ. բարգաւաճութիւն բոլորին համար
19–րդ դարուն, մինչ քանի մը ազգեր առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի միջոցով աննախադէպ հարստութիւն դիզեցին, կարգ մը հեղինակաւոր անհատներ աղքատութեան հարցը լրջօրէն նկատի առին։ Երկրագունդին հարստութիւնները կրնա՞ն աւելի հաւասար կերպով բաժնուիլ։
Ոմանց տեսութիւնն էր, թէ ընկերվարութիւնը կամ համայնավարութիւնը կրնա՛ր կերտել միջազգային անդասակարգ ընկերութիւն մը, որուն մէջ հարստութիւնը արդարացիօրէն կը բաժնուի։ Անշուշտ, այս գաղափարները խորապէս անհանգստացուցին հարուստները։ Բայց նշանաբանը՝ «Իւրաքանչիւրէն՝ իր կարողութեան համեմատ, իւրաքանչիւրին՝ իր կարիքներուն համեմատ», բազմաթիւ անհատներ հրապուրեց։ Շատեր յուսացին որ բոլոր ազգերը ընկերվարութիւնը որդեգրէին, այնպէս որ աշխարհը իտէալական կատարելութեան հասնէր։ Կարգ մը հարուստ ազգեր ընկերվարութեան երեսակներէն ոմանք որդեգրեցին եւ հաստատեցին աղքատախնամ հիմնարկներ, որոնք խոստացան հոգ տանիլ բոլոր քաղաքացիներուն, «օրօրոցէն մինչեւ գերեզման»։ Անոնք կը դաւանին որ իրենց ժողովուրդին մէջ, կեանքի սպառնացող աղքատութիւնը ջնջած են։
Սակայն, ընկերվարութիւնը անշահախնդիր ընկերութեան իր նպատակակէտը բնաւ չիրագործեց։ Այն նպատակը թէ քաղաքացիները փոխանակ Ժողովող 7։20, 29)։
իրենց անձին համար աշխատելու՝ համայնքին օգտին ծառայեն, խաբուսիկ ելաւ։ Աղքատներուն օգնողներէն ոմանք դժգոհեցան, նշմարելով որ առատաձեռն կարգադրութիւնները պատճառ կ’ըլլան, որ աղքատներէն ոմանք հակամէտ ըլլան չաշխատելու։ Աստուածաշունչի խօսքերը ճշմարիտ են. «Երկրի վրայ արդար մարդ չկայ, որ աղէկութիւն ընէ ու մեղք չգործէ։ . . .Աստուած մարդը ուղիղ ստեղծեց, բայց անոնք շատ հնարքներ փնտռեցին» (Ուրիշ յոյս մըն էր Ամերիկեան երազը,– երազ վայրի մը մասին, ուր ոեւէ անձ որ յօժար է ծանր աշխատելու, կրնա՛յ բարգաւաճիլ։ Աշխարհի տարածքին, բազմաթիւ ազգեր որդեգրեցին այն քաղաքականութիւնները, որոնք Միացեալ Նահանգները երեւութապէս հարստացուցին,– ժողովրդավարութիւն, ազատ ձեռնարկ եւ ազատ շուկայ։ Բայց բոլոր ազգերը չկրցան Ամերիկեան երազը կրկնել, քանի որ Հիւսիսային Ամերիկայի հարստութեան պատճառը միայն իր քաղաքական դրութիւնը չէր։ Իր հսկայածաւալ բնական աղբիւրները եւ միջազգային առեւտուրի ուղիները դիւրաւ օգտագործելը կարեւոր ազդակներ էին։ Ասկէ զատ, մրցակցական համաշխարհային տնտեսական դրութիւնը յառաջ կը բերէ ոչ միայն շահողներ՝ որոնք կը բարգաւաճին, այլ նաեւ պարտուողներ՝ որոնք կը տառապին։ Բարգաւաճ երկիրներուն կրնա՞յ քաջալերութիւն տրուիլ, որ օգնեն անոնց՝ որոնք տակաւին աղքատ են։
Մարշըլի ծրագիրը կրնա՞ր աղքատութեան վերջ դնել
Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք, Եւրոպան կործանուած էր, եւ անոր բնակիչներէն շատեր սովամահութեան սպառնալիքը կը դիմագրաւէին։ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը՝ Եւրոպայի մէջ ընկերվարութեան ժողովրդականութեամբ մտահոգուած էր։ Ուստի անիկա չորս տարի հսկայական գումարներ տրամադրեց՝ ճարտարարուեստն ու հողագործութիւնը վերահաստատելու այն երկիրներուն մէջ, որոնք պիտի ընդունէին իր քաղաքականութիւնը։ Այս Եւրոպայի վերականգնման ծրագիրը, որ ճանչցուեցաւ որպէս Մարշըլի ծրագիր, յաջողութիւն կը նկատուէր։ Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ, Միացեալ Նահանգներու ազդեցութիւնը աւելցաւ, եւ կեանքի սպառնացող աղքատութիւնը դարձաւ հազուագիւտ։ Աշխարհածաւալ աղքատութեան վերջ դնելու կերպը ասիկա՞ էր արդեօք։
Որովհետեւ Մարշըլի ծրագիրը յաջողեցաւ, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը առաջարկեց օգնել աղքատ երկիրներուն, որ զարգացնեն իրենց հողագործութիւնը, առողջապահական խնամքը, ուսումն ու փոխադրամիջոցներու դրութիւնը։ Միացեալ Նահանգները հրապարակաւ կ’ընդունին, որ իրենց շարժառիթն է՝ իրենց շահերը փնտռել։ Ուրիշ երկիրներ ալ փորձեցին իրենց ազդեցութիւնը ընդարձակել՝ օտարերկրեայ օգնութիւն առաջարկելով։ Վաթսուն տարի ետք, հակառակ անոր որ Մարշըլի ծրագրին տրամադրուած գումարէն շատ աւելին ծախսուեցաւ, արդիւնքը անգոհացուցիչ էր։ Ճիշդ է որ նախապէս աղքատ եղող ազգերէն ոմանք ուշագրաւօրէն հարստացան, մանաւանդ Արեւելեան Ասիոյ մէջ։ Սակայն այլուր, թէեւ օգնութիւնը պատճառ եղաւ որ մանուկներու մահուան դէպքերը նուազին եւ աւելի շատ երեխաներ ուսում ստանան, բայց բազմաթիւ ազգեր տակաւին ծայրայեղօրէն աղքատ էին։
Օտարերկրեայ օգնութիւնը ինչո՛ւ վերջ չէ դրած աղքատութեան
Աղքատ ազգերուն վիճակը բարելաւելը աւելի դժուար եղաւ, քան՝ պատերազմէն տուժուած հարուստ ազգերուն օգնելը։ Եւրոպան արդէն իսկ ունէր ճարտարարուեստ, առեւտուր ու փոխադրամիջոցներ. տնտեսութիւնը պարզապէս նորոգուելու կարիք ունէր։ Իսկ աղքատ երկիրներու մէջ, նոյնիսկ երբ օտարերկրեայ օգնութիւնը ճամբաներ շինեց, դպրոցներ ու դարմանատուներ բացաւ, ժողովուրդը տակաւին ծայրայեղ աղքատութենէ տառապեցաւ, քանի որ այս երկիրները չունէին բաւարար աշխատանք, բնական աղբիւրներ եւ առեւտրական ուղիներու դիւրութիւն։
Աղքատութեան պատճառները ե՛ւ ատոր պատճառած խնդիրները պարզ բաներ չեն։ Օրինակի համար, հիւանդութիւնը աղքատութիւն կը բերէ, բայց
աղքատութիւնն ալ հիւանդութիւն կը պատճառէ։ Թերի սննդառութենէ տառապող երեխաները կրնան ֆիզիքապէս ու մտովին ա՛յնքան տկարանալ, որ չափահաս դառնալէ ետք, չեն կրնար իրենց զաւակներուն հոգ տանիլ։ Նաեւ՝ երբ հարուստ երկիրներ իրենց աւելցած ուտելիքը աղքատ երկիրներու մէջ կը բաժնեն իբրեւ «օգնութիւն», տեղական հողագործներն ու փոքրաքանակ վաճառականները գործ չեն ունենար, յաւելեալ աղքատութեան առաջնորդելով։ Աղքատ երկիրներու կառավարութիւններուն դրամ ղրկելը ուրիշ խնդիրի մը դուռ կը բանայ,– եկած օգնութիւնը դիւրութեամբ կրնայ գողցուիլ, ուստի այս բանը կրնայ առաջնորդել կաշառակերութեան, որ իր կարգին՝ կրնայ առաջնորդել աւելի աղքատութեան։ Հիմնականօրէն, օտարերկրեայ օգնութիւնը չի յաջողիր, քանի որ մատը վէրքին վրայ չի դներ։Աղքատութեան պատճառը
Ծայրայեղ աղքատութիւնը մէջտեղ կու գայ, երբ ազգեր, կառավարութիւններ եւ անհատներ կը ձգտին միայն իրենց անձնական շահերը յառաջ տանիլ ու պաշտպանել։ Օրինակի համար, հարուստ երկիրներու կառավարութիւնները համաշխարհային աղքատութեան վերջ դնելուն շատ կարեւորութիւն չեն տար, քանի որ քուէարկութեամբ ընտրուած են ու պէտք է իրենց քուէարկուները ժպտերես պահեն։ Այսպէս, անոնք չեն ձգեր որ աղքատ երկիրներու հողագործները իրենց բերքը ծախեն հարուստ երկիրներու մէջ, որպէսզի հարուստ երկիրներու հողագործներուն գործը պահպանեն։ Նաեւ, հարուստ երկիրներու կառավարիչներ իրենց հողագործներուն դրամական մեծ նպաստներ կու տան, որպէսզի անոնք աղքատ երկիրներու հողագործներէն աւելի ապրանք ծախեն։
Յստակ է որ աղքատութեան պատճառը,– անձնական շահերը պաշտպանելու մարդոց ու կառավարութիւններու հակումը,– մարդակերտ է։ Աստուածաշունչը գրողներէն մէկը՝ Սողոմոն, այս կերպով եզրակացուց. «Մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար» (Ժողովող 8։9)։
Ուստի, աղքատութեան վերջ դնելու յոյս կա՞յ։ Որեւէ կառավարութիւն կրնա՞յ մարդկային բնոյթը փոխել։
[Շրջանակ՝ էջ 6]
Աղքատութիւնը նկատի առնող օրէնքներ
Եհովա Աստուած վաղեմի իսրայէլ ազգին շարք մը օրէնքներ տուաւ, որոնք եթէ կիրարկուէին, աղքատութեան առաջքը պիտի առնէին։ Օրէնքին ներքեւ, Ղեւիի քահանայական տոհմէն զատ, ամէն ընտանիք երկրէն հողաբաժին մը ստացաւ որպէս ժառանգ։ Ընտանեկան ժառանգը ապահով էր, քանի որ իսրայէլացիները երկրին հողը մշտնջենապէս չէին կրնար ծախել։ Ամէն 50 տարին անգամ մը, բոլոր հողամասերը պէտք էր վերադառնային իրենց բուն սեփականատէրերուն կամ անոնց ընտանիքներուն (Ղեւտացւոց 25։10, 23)։ Եթէ ոեւէ մէկը հիւանդութեան, աղէտի կամ ծուլութեան պատճառով ստիպուած ըլլար իր հողաբաժինը ծախել, Յոբելեան տարին զայն ետ կը ստանար՝ առանց վճարումի։ Սերունդէ սերունդ աղքատութենէ տառապող ընտանիք մը պիտի չըլլար։
Աստուծոյ Օրէնքին մէկ այլ գթառատ կարգադրութիւնը թոյլ տուաւ, որ թշուառութեան մէջ եղող անհատը ինքզինք որպէս ստրուկ ծախէր։ Իր պարտքերը վճարելու համար, ան իր անձին գինը կանխաւ պիտի ստանար։ Եթէ եօթներորդ տարին, ան արդէն իր անձը վերագնած չըլլար, ազատ պիտի արձակուէր եւ ստանար հացահատիկ ու կենդանիներ, որպէսզի դարձեալ սկսէր հողագործութիւն ընելու։ Ասկէ զատ, եթէ աղքատ մը ստիպուէր պարտքի դրամ առնել, Օրէնքը չէր արտօներ որ իսրայէլացիները տոկոս պահանջէին։ Օրէնքը մարդոց նաեւ պատուիրեց, որ իրենց դաշտերուն ծայրերը չհնձէին, այնպէս որ աղքատները կարենային ճռաքաղութիւն ընել։ Այս կերպով, ո՛չ մէկ իսրայէլացի պիտի ստիպուէր մուրալ (Բ. Օրինաց 15։1-14. Ղեւտացւոց 23։22)։
Սակայն, պատմութիւնը ցոյց կու տայ թէ իսրայէլացիներէն ոմանք աղքատացան։ Պատճառը ի՞նչ էր։ Իսրայէլ Եհովայի Օրէնքին չհնազանդեցաւ։ Հետեւաբար, ինչպէս որ է պարագան բազմաթիւ երկիրներու, ժողովուրդէն ոմանք հարուստ հողատէրեր դարձան, իսկ ուրիշներ՝ հողազուրկ աղքատներ։ Իսրայէլացիներուն մէջ աղքատութիւն եղաւ, քանի որ կարգ մը անհատներ Աստուծոյ Օրէնքը անտեսեցին, եւ իրենց շահերը ուրիշներու շահերէն առաջ դասեցին (Մատթէոս 22։37-40)։