Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ հանգիստը մտա՞ծ ես

Աստուծոյ հանգիստը մտա՞ծ ես

Աստուծոյ հանգիստը մտա՞ծ ես

«Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ» (ԵԲ. 4։12

1. Աստուծոյ հանգիստը այսօր ինչպէ՞ս կը մտնենք, սակայն ինչո՞ւ խօսիլը գործելէն աւելի դիւրին է։

ՆԱԽՈՐԴ յօդուածին մէջ տեսանք, թէ կրնա՛նք Աստուծոյ հանգիստը մտնել, հնազանդօրէն գործելով՝ իր նպատակներուն հետ ներդաշնակ։ Սակայն խօսիլը՝ գործելէն աւելի դիւրին է։ Երբ գիտնանք թէ մեր ըրած մէկ բանը Եհովայի հաճելի չէ, զոր օրինակ, թերեւս մեր առաջին հակազդեցութիւնը ըլլայ՝ ըմբոստանալ։ Այս պարագային, հարկ է որ սորվինք աւելի «հլու» ըլլալ (Յակ. 3։17)։ Սոյն յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք կարգ մը պարագաներ, որոնք մեզի պատեհութիւն կ’ընծայեն ցոյց տալու, թէ իրապէս պատրա՞ստ ենք ամէն ատեն հնազանդ գտնուելու կամ ոչ։

2, 3. Եհովան հաճեցնելու համար, ի՞նչ բան պէտք է շարունակենք ընել։

2 Երբ Աստուածաշունչէն կը սորվիս, թէ հարկ է որ կեանքիդ մէջ փոփոխութիւն մը մտցնես, պատրա՞ստ ես հնազանդ գտնուելու։ Սուրբ Գրութիւնները ցոյց կու տան թէ Աստուծոյ կամքն է՝ «ազգերուն ցանկալի բաները» իրեն համար հաւաքել (Ան. 2։7)։ Անշուշտ, մեզմէ շատեր երբ առաջին անգամ սկսան ճշմարտութիւնը սորվիլ, սխալ բաներ կ’ընէին։ Սակայն Աստուծոյ եւ իր սիրելի Որդիին հանդէպ մեր սէրը, մեզ մղեց որ կարեւոր փոփոխութիւններ մտցնենք մեր կեցուածքին եւ սովորութիւններուն մէջ, որպէսզի Աստուծոյ աչքին լիովին հաճելի ըլլանք։ Աղօթքով Եհովայի օգնութիւնը խնդրեցինք, եւ ապա ջանացինք հարկ եղած փոփոխութիւնները ընել։ Ի վերջոյ, կրցանք մկրտուիլ եւ Աստուծոյ հաճութիւնը վայելել (կարդա՛ Կողոսացիս 1։9, 10

3 Այսուհանդերձ, անկատարութեան դէմ մղուած պայքարը, մեր մկրտութեամբ վերջ չգտաւ։ Պայքարը շարունակուեցաւ եւ պիտի շարունակուի ա՛յնքան ատեն որ անկատար ենք։ Սակայն երաշխիք ունինք, որ եթէ շարունակենք մաքառիլ եւ որեւէ ժամանակէ աւելի վճռենք Աստուծոյ աչքին ցանկալի ըլլալ, Ան մեր ջանքերը պիտի օրհնէ։

Երբ խրատի կարիք ըլլայ

4. Ի՞նչ երեք կերպերով կրնանք աստուածաշնչական խրատ ստանալ։

4 Մեր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնելէ առաջ, պէտք է գիտնանք թէ ի՛նչ բան հարկ է որ փոխենք։ Թագաւորութեան սրահին մէջ՝ սիրտը քննութեան ենթարկող դասախօսութիւն մը, կամ մեր հրատարակութիւններէն միտք–գրգռող յօդուած մը, թերեւս լուրջ թերութիւն մը քօղազերծէ։ Միւս կողմէ, եթէ ներկայացուած դասախօսութեան նշած կէտը չըմբռնենք կամ գրաւոր խրատը չիւրացնենք, Եհովա կրնայ հաւատակից մը գործածել, որ մեր թերութիւնը մեր ուշադրութեան յանձնէ (կարդա՛ Գաղատացիս 6։1

5. Երբ մէկը մեզ խրատէ, երբեմն ի՞նչ կերպերով կը հակազդենք։ Ինչո՞ւ երէցները պէտք է շարունակեն փորձել մեզի օգնել։

5 Ո՛րքան ալ խրատը փափկանկատօրէն եւ սիրալիր կերպով տրուի, դիւրին չէ զայն անկատար մարդէ մը ստանալ։ Բայց եւ այնպէս, Գաղատացիս 6։1–ը ցոյց կու տայ թէ Եհովա հոգեւոր որակումներ ունեցողներուն կը պատուիրէ, որ մեզ «հեզութեան հոգիով» փորձեն ուղղել։ Եթէ նպաստաւոր կերպով ընդառաջենք, Աստուծոյ աչքին ա՛լ աւելի ցանկալի պիտի ըլլանք։ Հետաքրքրական է որ երբ կ’աղօթենք, իսկոյն կը խոստովանինք թէ անկատար ենք։ Սակայն, երբ մէկը որոշ թերութիւն մը մեր ուշադրութեան յանձնէ, կը հակինք մենք մեզ արդարացնել, հարցը թեթեւի առնել, խրատատուին շարժառիթը հարցականի տակ դնել, կամ խրատին տրուած կերպը քննադատել (Դ. Թագ. 5։11)։ Եւ կրնանք շատ բացասականօրէն հակազդել՝ մասնաւորաբար զգայուն նիւթերու շուրջ տրուած խրատներուն,– ընտանիքի մէկ անդամին արարքները, մեր հագուելակերպը եւ յարդարանքը, մեր անձնական մաքրութիւնը, կամ ժամանցի տեսակը՝ զոր կը վայելենք բայց Եհովան կ’ատէ,– մենք մեզ եւ խրատատուն տրտմեցնելով։ Սակայն հանդարտելէ ետք, յաճախ կ’ընդունինք թէ խրատը տեղին էր։

6. Աստուծոյ խօսքը ինչպէ՞ս «սրտին խորհուրդները ու մտածումները» կը յայտնէ։

6 Այս յօդուածին գլխաւոր համարը մեզի կը յիշեցնէ, թէ Աստուծոյ խօսքը «զօրեղ» է։ Արդարեւ Աստուծոյ խօսքը կեանքեր փոխելու զօրութիւն ունի։ Անիկա մկրտութենէն ետք կարո՛ղ է մեզի օգնել փոփոխութիւններ ընելու, ինչպէս որ էր պարագան այդ քայլը առնելէ առաջ։ Եբրայեցիներուն յղած իր նամակին մէջ, Պօղոս նաեւ կը գրէ թէ Աստուծոյ խօսքը «կը թափանցէ մինչեւ շունչը ու ոգին եւ յօդուածները ու ծուծը։ Կը քննէ սրտին խորհուրդները ու մտածումները» (Եբ. 4։12)։ Հոս նշուած «շունչ» բառը կը նշանակէ մեր արտաքին անձնաւորութիւնը, ինչ որ մարդիկ կը տեսնեն՝ երբ մեզի կը նային։ Իսկ հոս նշուած «ոգի» բառը կը նշանակէ մեր ներքին անձնաւորութիւնը, ինչ որ մարդիկ չեն տեսներ՝ երբ մեզի կը նային։ Ուստի, Պօղոս կ’ըսէր թէ երբ Աստուածաշունչէն կը հասկնանք, թէ Աստուած մեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ, մեր արարքները ցոյց պիտի տան մեր ներքին անձնաւորութիւնը։ Արդեօք ատեններ տարբերութիւն կա՞յ մարդոց տեսածին եւ մեր ներքին անձնաւորութեան միջեւ (կարդա՛ Մատթէոս 23։27, 28Նկատի առ թէ հետեւեալ պարագաներուն ներքեւ դուն ինչպէ՛ս պիտի հակազդէիր։

Եհովայի կազմակերպութեան հետ քայլ պահէ՛

7, 8. ա) Ի՞նչ բան թերեւս մղեց կարգ մը հրեայ քրիստոնեաներ, որ մովսիսական օրէնքի որոշ սովորութիւններու կառչին։ բ) Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ անոնք Եհովայի նպատակին դէմ կը գործէին։

7 Մեզմէ շատեր գոց կրնան ըսել Առակաց 4։18–ի խօսքերը. «Արդարներուն ճամբան ծագող լոյսի պէս է, որ երթալով կը լուսաւորուի, մինչեւ կատարեալ օր ըլլայ»։ Ասիկա կը նշանակէ, թէ մեր վարքը եւ Աստուծոյ նպատակներուն մեր հասկացողութիւնը ժամանակի ընթացքին պիտի բարելաւուին։

8 Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ քննարկեցինք, Յիսուսի մահէն ետք բազմաթիւ հրեայ քրիստոնեաներու դժուար եղաւ մովսիսական օրէնքէն ձերբազատուիլը (Գործք 21։20)։ Թէեւ Պօղոս հմտօրէն պատճառաբանեց, թէ քրիստոնեաները այլեւս Օրէնքին տակ չէին, սակայն ոմանք անոր ներշնչեալ պատճառաբանութիւնը մերժեցին (Կող. 2։13-15)։ Անոնք թերեւս խորհեցան, թէ Օրէնքին կարգ մը մասերը պահելով, հալածանքէ պիտի խուսափէին։ Ամէն պարագայի, Պօղոս եբրայեցի քրիստոնեաներուն գրեց եւ յստակ կերպով ըսաւ, թէ ա՛յնքան ատեն որ կը մերժէին Աստուծոյ յառաջդիմական նպատակին հետ ներդաշնակ գործել, Անոր հանգիստը պիտի չկարենային մտնել (Եբ. 4։1, 2, 6. կարդա՛ Եբրայեցիս 4։11 * Եհովայի հաճութիւնը շահելու համար, անոնք պէտք էր ընդունէին այն իրողութիւնը, թէ Ան իր ժողովուրդը ուրիշ ուղղութեամբ կ’առաջնորդէր։

9. Ի՞նչ կեցուածք պէտք է ունենանք, երբ աստուածաշնչական հարցերու շուրջ մեր հասկացողութեան մէջ ճշդումներ ըլլան։

9 Արդի ժամանակներուն, աստուածաշնչական որոշ ուսուցումներու մեր հասկացողութեան մէջ յղկումներ եղած են։ Ասիկա մեզ պէտք չէ նեղացնէ, այլ՝ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգին հանդէպ մեր վստահութիւնը պէտք է աւելցնէ։ Երբ «ծառայ»ին ներկայացուցիչները նշմարեն, թէ ճշմարտութեան որոշ կէտի մը շուրջ մեր տեսակէտը պէտք է յստակացուի կամ սրբագրուի, անոնք ետ չեն կենար ճշդումը ընելէ։ Ծառայ դասակարգը աւելի հետաքրքրուած է Աստուծոյ յառաջդիմական նպատակին հետ համագործակցելով, քան՝ ճշդուած հասկացողութեան համար չքննադատուելով։ Դուն ինչպէ՞ս կը հակազդես, երբ Սուրբ Գրութիւններու մեր հասկացողութեան մէջ ճշդում մը ներկայացուի։ Անշուշտ, չենք ուզեր փարիսեցիներուն նման ըլլալ, որոնք նախընտրեցին հին գինիին կառչիլ, փոխանակ Յիսուսի թարմացուցիչ ուսուցումը ընդունելու, որ նոր գինիի պէս էր (կարդա՛ Ղուկաս 5։39

10, 11. Ի՞նչ կը սորվինք ոմանց հակազդեցութենէն, երբ բարի լուրը քարոզելու նոր մեթոտներ ներկայացուեցան։

10 Ուրիշ օրինակ մը նկատի առնենք։ 19–րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20–րդ դարու սկիզբը, կարգ մը Աստուածաշունչի Աշակերտներ, որոնք հոյակապ հանրային դասախօսներ էին, խորհեցան թէ լաւ–պատրաստուած դասախօսութիւններ ներկայացնելով գնահատող ունկնդիրներու, կրնային քարոզելու յանձնարարութիւնը լաւագոյն կերպով կատարել։ Անոնք ճառախօսելէ հաճոյք կ’առնէին եւ ոմանք ունկնդիրներուն ջերմ գովասանքին արժանացան։ Սակայն, յետագային ի յայտ եկաւ, թէ Եհովա կը փափաքի որ իր ժողովուրդը քարոզչութեան զանազան կերպերու մասնակցի, ի ներառեալ՝ տունէ–տուն ծառայութիւնը։ Հմուտ դասախօսներէն ոմանք բացարձակապէս մերժեցին նոր բան մը փորձել։ Դուրսէն, անոնք հոգեւոր տղամարդիկ երեւցան՝ Տիրոջ լիովին նուիրուած։ Բայց երբ քարոզչութեան առնչութեամբ Աստուծոյ նպատակը յստակացաւ, անոնց իսկական խորհուրդները, դիտաւորութիւնները եւ շարժառիթները յայտնի դարձան։ Եհովա անոնց հանդէպ ինչպէ՞ս զգաց։ Ան զանոնք չօրհնեց։ Անոնք կազմակերպութիւնը ձգեցին (Մատ. 10։1-6. Գործք 5։42. 20։20

11 Ասիկա չի նշանակեր թէ հանրապէս քարոզելը դիւրին էր բոլոր անոնց համար, որոնք կազմակերպութեան հաւատարիմ մնացին։ Շատեր զայն մարտահրաւէր նկատեցին, մանաւանդ սկիզբը։ Սակայն անոնք հնազանդ էին։ Ժամանակի ընթացքին, անոնք իրենց ջղագրգռութիւնը յաղթահարեցին, եւ Եհովա զանոնք առատապէս օրհնեց։ Ի՞նչ կ’ընես երբ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան քեզի կը թելադրէ, որ փորձես քարոզելու կերպ մը, զոր բնաւ չես գործածած։ Կը հնազանդի՞ս, նոյնիսկ եթէ քարոզելու այս կերպը քեզի շատ դժուար թուի։

Երբ սիրելի մը լքէ Եհովան

12, 13. ա) Եհովա ի՞նչ նպատակով կ’ըսէ որ անզեղջ յանցագործները վտարուին։ բ) Կարգ մը քրիստոնեայ ծնողներ ի՞նչ փորձութիւն կը դիմագրաւեն, եւ ի՞նչ բան այդ փորձութիւնը շատ դժուար կը դարձնէ։

12 Անկասկած բոլո՛րս կը համաձայնինք այն սկզբունքին հետ, թէ պէտք է ֆիզիքապէս, բարոյապէս եւ հոգեւորապէս մաքուր ըլլանք, որպէսզի Աստուած հաճեցնենք (կարդա՛ Տիտոս 2։14Սակայն, կրնայ պատահիլ որ Աստուծոյ նպատակին այս երեսակին հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը դառնօրէն փորձի ենթարկուի։ Երեւակայէ, զոր օրինակ, թէ օրինակելի քրիստոնեայ ծնողքի մը մէկ հատիկ զաւակը ճշմարտութիւնը կը ձգէ։ Նախընտրելով «մեղքին ժամանակաւոր զուարճութիւնը», քան Եհովայի եւ աստուածավախ ծնողքին հետ իր ունեցած անձնական յարաբերութիւնը, երիտասարդը կը վտարուի (Եբ. 11։25

13 Ծնողքը շա՜տ կը տխրին։ Վտարումի նիւթին շուրջ, անշուշտ անոնք գիտեն թէ Աստուածաշունչը կ’ըսէ՝ «չխառնուիլ, այսինքն եթէ եղբայր մը՝ [«ոեւէ մէկը՝ որ եղբայր կը կոչուի», ԱԾ] կա՛մ պոռնիկ ըլլայ, կա՛մ ագահ, կա՛մ կռապաշտ, կա՛մ նախատող, կա՛մ գինով, կա՛մ յափշտակող, անոր հետ հաց ալ մի՛ ուտէք» (Ա. Կոր. 5։11, 13)։ Անոնք նաեւ կը գիտակցին, թէ այս համարին մէջ «ոեւէ մէկը» արտայայտութիւնը կը պարփակէ ընտանիքի անդամներ, որոնք նոյն տան մէջ չեն բնակիր։ Բայց անոնք իրենց զաւակը շա՛տ կը սիրեն։ Զօրաւոր զգացումները թերեւս մղեն զանոնք որ պատճառաբանեն. ‘Ինչպէ՞ս կրնանք մեր զաւակին օգնել որ Եհովային վերադառնայ, եթէ մեր ընկերակցութիւնը անոր հետ խստօրէն պիտի սահմանափակենք։ Աւելին պիտի չի՞րագործենք, եթէ անոր հետ կանոնաւոր կերպով շփման մէջ մնանք’։ *

14, 15. Ծնողները ի՞նչ պէտք է յիշեն, եթէ իրենց վտարուած զաւակին հետ խօսելու առնչութեամբ որոշում պիտի կայացնեն։

14 Անշուշտ այդ ծնողքին կը կարեկցինք։ Վերջ ի վերջոյ, իրենց զաւակը ընտրութիւն մը ունէր, եւ ան ընտրեց ոչ–քրիստոնէական ապրելակերպ մը հետապնդել, փոխանակ իր ծնողքին ու հաւատակիցներուն մտերիմ ընկերակցութիւնը վայելելու։ Միւս կողմէ, ծնողքը կ’ուզեն օգնական ըլլալ, բայց զաւակին տուած որոշումները չեն կրնար հակակշռի տակ առնել։ Ուստի զարմանալի չէ որ անոնք կը տառապին։

15 Սակայն այդ սիրելի ծնողքը ի՞նչ պիտի ընեն։ Եհովայի յստակ ուղղութեան պիտի հնազանդի՞ն, թէ ոչ պիտի խորհին թէ իրենց վտարուած զաւակին հետ կրնան կանոնաւոր ընկերակցութիւն ունենալ որպէս «անհրաժեշտ ընտանեկան հարց»։ Որոշում կայացնելու ատեն, անոնք նկատի պէտք է առնեն, թէ իրենց որոշումին նկատմամբ Եհովա ինչպէ՛ս կը զգայ։ Անոր նպատակն է՝ կազմակերպութիւնը մաքուր պահել եւ, եթէ կարելի է, մղել յանցագործները զգաստանալու։ Քրիստոնեայ ծնողներ ինչպէ՞ս կրնան այդ նպատակին աջակցիլ։

16, 17. Ի՞նչ դաս կը քաղենք՝ Ահարոնի օրինակին վրայ խոկալով։

16 Մովսէսին եղբայրը՝ Ահարոն, երկու զաւակներու առնչութեամբ դժուար պարագայ մը դիմագրաւեց։ Պահ մը խորհէ՛ թէ ան ի՛նչ զգացած ըլլալու էր, երբ իր որդիները՝ Նադաբ եւ Աբիուդ, Եհովայի առջեւ անսուրբ կրակ մատուցանեցին եւ Ան զիրենք մահուան մատնեց։ Ահարոն այլեւս չէր կրնար իր զաւակներուն հետ խօսիլ. անոնք մեռած էին։ Աւելի՛ն, Եհովա Ահարոնին եւ անոր հաւատարիմ որդիներուն հրահանգեց, ըսելով. «Գլուխնիդ մի՛ բանաք ու հանդերձնիդ մի՛ պատռէք [սգալով], որպէս զի չմեռնիք եւ բոլոր ժողովուրդին վրայ [Եհովայի] բարկութիւն չգայ» (Ղեւ. 10։1-6)։ Պատգամը յստակ է։ Եհովայի հանդէպ մեր սէրը, ընտանիքի անհաւատարիմ անդամներուն հանդէպ մեր ունեցած սէրէն աւելի զօրաւոր պէտք է ըլլայ։

17 Ներկայիս, Եհովա անմիջապէս մահապատիժի չ’ենթարկեր զանոնք, որոնք իր օրէնքները կը բեկանեն։ Ան սիրալիրօրէն անոնց պատեհութիւն կու տայ, որ իրենց անօրէն գործերուն համար զղջան։ Սակայն, Եհովա ինչպէ՞ս պիտի զգայ եթէ անզեղջ յանցագործի մը ծնողքը Զինք շարունակ փորձեն, անհարկի ընկերակցութիւն ունենալով իրենց վտարուած տղուն կամ աղջկան հետ։

18, 19. Ի՞նչ օրհնութիւններ կրնան գալ այն ընտանիքի անդամներուն, որոնք վտարուածներուն առնչութեամբ, Եհովայի ցուցմունքներուն համաձայն կը գործեն։

18 Ժամանակին վտարուողներէն շատեր այսօր կը խոստովանին, թէ իրենց բարեկամներուն եւ ընտանիքի անդամներուն բռնած հաստատ դիրքը օգնեց որ զգաստանան։ Օրինակ, երիտասարդուհի մը երէցներուն ըսաւ, թէ իր եղբօր վարուելակերպը պատճառ մըն էր զինք մղելու որ իր ապրելակերպը փոխէ։ Իր եղբայրը Եհովայի հաւատարիմ էր եւ Անոր պատուէրին հնազանդեցաւ մինչ ինք վտարուած էր։ Ասիկա պատճառ դարձաւ որ փափաքի ժողովքին վերադառնալ։

19 Կրնանք եզրակացնել թէ աստուածաշնչական խրատին դէմ ըմբոստանալու մեր անկատար սրտին հակումին պէտք է դիմադրենք։ Բացարձակապէս համոզուած պէտք է ըլլանք, թէ հարցերու հետ Աստուծոյ վարուելու կերպը միշտ լաւագոյնն է։

«Աստուծոյ խօսքը կենդանի է»

20. Եբրայեցիս 4։12–ը ի՞նչ երկու կերպերով կրնայ կիրարկուիլ (տե՛ս ստորանիշը)։

20 Երբ Պօղոս գրեց թէ «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է», ան յատկապէս Աստուծոյ գրաւոր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ չէր ակնարկեր։ * Բովանդակութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ան Աստուծոյ խոստումներուն կ’ակնարկէր։ Պօղոս ըսել կ’ուզէր թէ Աստուծոյ խոստումները միշտ կ’իրականանան։ Եսայի մարգարէին միջոցաւ Եհովա ասիկա հաստատեց. «Իմ բերնէս ելած խօսքը. . . ինծի պարապ պիտի չդառնայ, հապա. . . յաջողութեամբ [պիտի] գործադրէ այն բանը, որուն համար զանիկա ղրկեցի» (Եսա. 55։11)։ Հետեւաբար, երբ հարցերը մեր ուզած արագութեամբ չընթանան, հարկ չկայ անհամբեր ըլլալու։ Եհովա կը շարունակէ ‘գործել’՝ իր նպատակը յաջող յանգումի բերելու համար (Յովհ. 5։17

21. Եբրայեցիս 4։12–ը ինչպէ՞ս կրնայ «մեծ բազմութեան» հաւատարիմ տարեց անդամները քաջալերել։

21 «Մեծ բազմութեան» հաւատարիմ տարեց անդամները տասնեակ տարիներ Եհովային ծառայած են (Յայտ. 7։9)։ Շատեր բնաւ չակնկալեցին այս ամբարիշտ աշխարհին մէջ ծերանալ։ Այսուհանդերձ, անոնք վհատութեան անձնատուր չեն եղած (Սաղ. 92։14)։ Անոնք գիտեն թէ Աստուծոյ խօսքը կենդանի է եւ թէ Եհովայի խոստումները պիտի իրականանան (Եբ. 4։12)։ Քանի որ Աստուծոյ նպատակը իրեն համար շատ կարեւոր է, զինք կ’ուրախացնենք երբ ցոյց կու տանք, թէ իր նպատակը մեզի համար ալ կարեւոր է։ Այս եօթներորդ օրուան հանգիստին ընթացքին, ո՛չ մէկ բան արգելք պիտի հանդիսանայ որ Եհովան իր նպատակը իրագործէ։ Եւ Ան գիտէ թէ իր ժողովուրդը, որպէս խումբ, պիտի շարունակէ իր նպատակին հետ համագործակցիլ։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ քու մասիդ։ Աստուծոյ հանգիստը անձամբ մտա՞ծ ես։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 8 Բազմաթիւ հրեայ կրօնական առաջնորդներ բծախնդրաբար մովսիսական օրէնքը պահեցին. բայց երբ Յիսուս երկիր եկաւ, չուզեցին հաւատալ թէ ան Մեսիան էր։ Անոնք Աստուծոյ նպատակին դէմ գործեցին։

^ պարբ. 20 Ներկայիս, Աստուած մեզի կը խօսի իր գրաւոր Խօսքին միջոցաւ, որ մեր կեանքին ազդելու զօրութիւն ունի։ Ուստի, ընդարձակ կիրարկումով, Եբրայեցիս 4։12–ի մէջ արձանագրուած Պօղոսի խօսքերը կրնան պատշաճօրէն Աստուածաշունչին կիրարկուիլ։

Կը յիշե՞ս

• Ի՞նչ պէտք է ընենք, որպէսզի Աստուծոյ հանգիստը այսօր մտնենք։

• Աստուծոյ նպատակին եւ աստուածաշնչական խրատը ընդունելու մեր կամեցողութեան միջեւ ի՞նչ կապ կայ։

• Ո՞ր մարզերուն մէջ աստուածաշնչական ուղղութեան հնազանդիլը դժուար կրնայ ըլլալ, բայց ինչո՞ւ կարեւոր է որ հնազանդինք։

Եբրայեցիս 4։12–ը ի՞նչ երկու կերպերով կրնայ կիրարկուիլ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 31]

Ծնողքը շա՜տ կը տխրին