Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի սիրալիր առաջնորդութեան պիտի հետեւի՞ս

Եհովայի սիրալիր առաջնորդութեան պիտի հետեւի՞ս

Եհովայի սիրալիր առաջնորդութեան պիտի հետեւի՞ս

«Ստութեան ամէն ճամբայ կ’ատեմ» (ՍԱՂ. 119։128

1, 2. ա) Երբ որոշ վայր մը հասնելու համար առաջնորդութիւն կը խնդրես, ինչպիսի՞ ազդարարութիւն կրնաս գնահատել եւ ինչո՞ւ։ բ) Եհովա իրեն ծառայողներուն ինչպիսի՞ ազդարարութիւններ կու տայ եւ ինչո՞ւ։

ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ թէ անծանօթ տեղ մը պիտի ճամբորդես։ Առաջնորդութեան համար, վստահելի բարեկամի մը կը դիմես, որ ճամբան գիտէ։ Ան քեզի հարկ եղած ուղղութիւնները կու տայ, ինչպէս նաեւ՝ կարգ մը խրատներ, որպէսզի վտանգներէ խուսափիս։ Օրինակի համար, ան քեզ կը զգուշացնէ, թէ ճամբուն վրայ անյստակ ուղենշան մը կայ, որուն շատեր հետեւելով կորսուեցան։ Անոր մտահոգութիւնը պիտի գնահատէի՞ր եւ ազդարարութեան ականջ պիտի տայի՞ր։ Կարգ մը կերպերով, Եհովան այդ բարեկամին նման է։ Յաւիտենական կեանքին հասնելու համար, Ան մեզի մանրամասն ուղղութիւններ կու տայ, բայց նաեւ կը զգուշացնէ գէշ ազդեցութիւններէ, որոնք պատճառ կրնան դառնալ որ սխալ ճամբայ բռնենք (Բ. Օր. 5։32. Եսա. 30։21

2 Այս եւ յաջորդ յօդուածին մէջ, պիտի քննարկենք կարգ մը ազդեցութիւններ, որոնցմէ մեր Բարեկամը՝ Եհովա Աստուած մեզ կը զգուշացնէ։ Թող որ ի մտի ունենանք, թէ սէրէ՛ մղուած՝ Եհովա այսպիսի ազդարարութիւններ կու տայ։ Ան կ’ուզէ՛ որ մեր որոշեալ տեղը հասնինք։ Ան կը տխրի երբ տեսնէ մարդիկ գէշ ազդեցութիւններու տեղի կու տան եւ իրենց ճամբան կը կորսնցնեն (Եզեկ. 33։11)։ Այս յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք երեք բացասական ազդեցութիւններ։ Առաջինը՝ արտաքին ոյժ մըն է, երկրորդը՝ ներքին, իսկ երրորդը նոյնիսկ իրական չըլլալով հանդերձ՝ շա՛տ վտանգաւոր է։ Հարկ է որ գիտնանք թէ ի՛նչ են այս ազդեցութիւնները եւ ինչպէ՛ս մեր երկնաւոր Հայրը մեզի կը սորվեցնէ անոնց դէմ դնել։ Ներշնչեալ մէկ սաղմոսերգուն Եհովային ըսաւ. «Ստութեան ամէն ճամբայ կ’ատեմ» (Սաղ. 119։128)։ Նոյն կերպով կը զգա՞ս։ Տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք այսպիսի զգացումներ զօրացնել եւ անոնց համաձայն գործել։

«Բազմութեան մի՛ հետեւիր»

3. ա) Ինչո՞ւ վտանգաւոր կրնայ ըլլալ ուրիշ ուղեւորներու հետեւիլ, երբ վստահ չենք թէ ո՛ր ճամբան բռնենք։ բ) Ելից 23։2–ի մէջ ի՞նչ կարեւոր սկզբունք կը գտնենք։

3 Երկար ճամբորդութեան մը ատեն, ի՞նչ պիտի ընէիր եթէ վստահ չըլլայիր թէ ո՛ր ճամբան բռնես։ Թերեւս հրապուրուէիր ուրիշ ուղեւորներու հետեւելու,– մանաւանդ երբ տեսնէիր որ շատե՜ր նոյն ընտրութիւնը կ’ընեն։ Այսպիսի ընթացք մը վտանգաւո՛ր է։ Արդարեւ, թերեւս այդ ուղեւորները քու գացած վայրդ չե՛ն երթար, կամ կրնայ ըլլալ որ անո՛նք ալ կորսուած են։ Այս առնչութեամբ, նկատի առ սկզբունք մը, որ վաղեմի իսրայէլի տրուած մէկ օրէնքին մէջ պարփակուած էր։ Դատական հարցերու մէջ որպէս դատաւորներ կամ վկաներ ծառայողներուն ըսուեցաւ որ ‘բազմութեան հետեւելու’ վտանգէն զգուշանան (կարդա՛ Ելից 23։2Անկասկած, անկատար մարդոց համար շա՜տ դիւրին է հասակակիցներու ճնշումին տեղի տալ, արդարութիւնը խեղաթիւրելով։ Սակայն, բազմութեան չհետեւելու սկզբունքը դատական հարցերո՞ւ սահմանափակուած է։ Բնա՛ւ երբեք։

4, 5. Յեսու եւ Քաղէբ ե՞րբ բազմութեան հետեւելու վտանգին մէջ էին, եւ ի՞նչ բան իրենց օգնեց քաջութիւն ունենալու։

4 Իրականութեան մէջ, ‘բազմութեան հետեւելու’ ճնշումը կրնայ որեւէ ժամանակ մեզի ազդել։ Ատիկա կրնայ յանկարծ ծագիլ եւ իրեն դէմ դնելը կրնայ դժուար ըլլալ։ Խորհէ՛, զոր օրինակ, այն հասակակիցներու ճնշումին մասին, զոր Յեսու եւ Քաղէբ ատեն մը դիմագրաւեցին։ Անոնք 12 տղամարդոցմէ բաղկացած խումբի մը մէջ էին, որոնք Խոստացեալ երկիրը լրտեսելու գացին։ Երբ անոնք վերադարձան, տասը տղամարդիկ շատ բացասական եւ վհատեցուցիչ տեղեկագրութիւն տուին։ Անոնք նո՛յնիսկ դաւանեցան, թէ այդ երկրին բնակիչներէն ոմանք հսկաներ էին, Նեֆիլիմներէ՝ ըմբոստ հրեշտակներու եւ կիներու սերունդէն՝ սերած (Ծն. 6։4)։ Ասիկա անկարելի էր, քանի որ դարեր առաջ բոլոր Նեֆիլիմները Նոյի օրուան Ջրհեղեղով մահացած էին, եւ անոնք որեւէ զաւակ չունէին։ Բայց նոյնիսկ ամէնէն անհիմն գաղափարները կրնան հաւատքի մէջ տկար եղողներուն վրայ զօրութիւն բանեցնել։ Այդ տասը լրտեսներուն բացասական տեղեկագրութիւնները շուտով ժողովուրդը վախի եւ խուճապի մատնեցին։ Շատ չանցած, մեծամասնութիւնը վստահ էր, թէ սխալ պիտի ըլլար Խոստացեալ երկիրը մտնել, ինչպէս որ Եհովան հրամայած էր։ Այդ դժուար կացութեան մէջ, Յեսու եւ Քաղէբ ի՞նչ ըրին (Թուոց 13։26-34

5 Անոնք բազմութեան չհետեւեցան։ Հակառակ անոր որ բազմութիւնը չուզեց ճշմարտութիւնը լսել, այդ երկու տղամարդիկը չվախցան զայն փոխանցելէ։ Անոնք շիտակ բանը ըրին, նո՛յնիսկ երբ իսրայէլացիները սպառնացին զիրենք քարկոծել։ Անոնք ուրկէ՞ ունէին այդ քաջութիւնը։ Անկասկած ատիկա մեծաւ մասամբ իրենց հաւատքէն եկաւ։ Հաւատքի տէր անհատները մարդոց անհիմն դաւանութիւններուն եւ Եհովա Աստուծոյ սրբազան խոստումներուն տարբերութիւնը յստակօրէն կը տեսնե՛ն։ Յետագային երկու տղամարդիկը յայտնեցին իրենց համոզումը, թէ Եհովա միշտ իր խոստումները կը կատարէ (կարդա՛ Յեսու 14։6, 8. 23։2, 14Յեսու եւ Քաղէբ իրենց հաւատարիմ Աստուծոյն կապուած էին, եւ չուզեցին զինք տխրեցնել պարզ անոր համար որ ուրիշները հաճեցնէին։ Ուստի անոնք հաստատ կեցան, մեզի ընտիր օրինակ հանդիսանալով (Թուոց 14։1-10

6. Ո՞ր պարագաներուն բազմութեան հետեւելու վտանգին մէջ կրնանք գտնուիլ։

6 Երբեմն կ’ուզե՞ս բազմութեան հետեւիլ։ Անհատներ՝ որոնք Եհովայէ օտարացած են եւ անոր բարոյական չափանիշները կը ծաղրեն, վստահաբար այսօր հսկայ բազմութիւն մը կը կազմեն։ Երբ հարցը առնչուած է ժամանցի եւ զբօսանքի, այդ բազմութիւնը յաճախ անհիմն գաղափարներ յառաջ կը մղէ։ Անոնք թերեւս պնդեն, թէ հեռատեսիլի յայտագիրներուն, ֆիլմերուն եւ տեսաերիզի խաղերուն մէջ շատ տիրական եղող անբարոյութիւնը, բռնութիւնը եւ ոգեհարցութիւնը անվնաս են (Բ. Տիմ. 3։1-5)։ Երբ քեզի կամ ընտանիքիդ համար ժամանց եւ զբօսանք կ’ընտրես, թոյլ կու տա՞ս որ ուրիշներուն անհոգ խղճմտանքը որոշումներուդ ազդէ կամ խիղճդ կաղապարէ։ Արդեօք ասիկա բազմութեան հետեւելուն համահաւասար չէ՞։

7, 8. ա) Մեր ըմբռնողականութիւնը ինչպէ՞ս կը մարզուի, եւ ինչո՞ւ այսպիսի մարզում մը, անթեք կանոններէ աւելի գործնական է։ բ) Բազմաթիւ քրիստոնեայ պատանիներու օրինակը ինչո՞ւ սրտապնդիչ կը գտնես։

7 Եհովա մեզի թանկարժէք պարգեւ մը տուած է, որպէսզի մեզի օգնէ որոշումներ կայացնելու,– մեր «ըմբռնողականութիւնը»։ Սակայն ատիկա ‘գործի դրուելով’ պէտք է մարզուի (Եբ. 5։14, ՆԱ)։ Ո՛չ բազմութեան հետեւիլը, ոչ ալ խղճմտանքի հարցերու վերաբերեալ խումբ մը անթեք կանոններ, մեր ըմբռնողականութիւնը պիտի մարզեն։ Անոր համար է որ, զոր օրինակ, Եհովայի ժողովուրդին չի տրուիր արգիլուած ֆիլմերու, գիրքերու եւ ցանցակայքերու ցանկ մը։ Պատրաստուելէն քիչ ետք, այսպիսի ցանկ մը ժամանակավրէպ պիտի դառնար, քանի որ այս աշխարհը շատ արագ կը փոխուի (Ա. Կոր. 7։31)։ Բայց ամէնէն կարեւոր պատճառը այն է, որ որոշումներ կայացնելու Եհովայի տուած կարողութիւնը կ’ուզե՛նք գործածել։ Եհովա կ’ուզէ որ Աստուածաշունչին ականջ տանք, Իր առաջնորդութեան համար աղօթենք եւ ապա զինք հաճեցնող որոշումներ կայացնենք (Եփ. 5։10

8 Անշուշտ, Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած մեր որոշումները, ատեններ մեզ անժողովրդական կը դարձնեն։ Դպրոցի մէջ, քրիստոնեայ պատանիներ կրնան բազմութենէն զօրաւոր ճնշում դիմագրաւել, որպէսզի մնացեալ բոլոր աշակերտներուն տեսածները տեսնեն եւ անոնց ըրածները ընեն (Ա. Պետ. 4։4)։ Հետեւաբար, ո՜րքան հաճելի է տեսնել քրիստոնեաներ՝ երիտասարդ եւ տարեց, որոնք Յեսուի եւ Քաղէբի հաւատքը կ’ընդօրինակեն, մերժելով բազմութեան հետեւիլ։

«Ձեր սրտերուն եւ ձեր աչքերուն ցանկութիւններուն չհետեւիք»

9. ա) Մինչ կը ճամբորդես, ինչո՞ւ վտանգաւոր է ընտրել ճամբայ մը, պարզ այն պատճառով որ զայն կը հաւնիս։ բ) Թուոց 15։37-39–ի օրէնքը ինչո՞ւ Աստուծոյ վաղեմի ժողովուրդին համար կարեւոր էր։

9 Երկրորդ վտանգաւոր ազդեցութիւնը՝ զոր պիտի քննարկենք, ներքին ազդեցութիւն մըն է։ Ատիկա հետեւեալ կերպով կարելի է լուսաբանել. որոշ տեղ մը կը ճամբորդես եւ ունիս քարտէս մը, որ քեզի պիտի օգնէ հոն հասնելու։ Ի՞նչ պիտի պատահի եթէ որոշես քարտէսը չգործածել, այլ պարզապէս ամէն գեղեցիկ տեսարան ունեցող ճամբայ բռնել։ Յստակ է որ այսպիսի ներքին դրդումներու տեղի տալը, քեզ ետ պիտի պահէ նպատակակէտիդ հասնելէ։ Այս առնչութեամբ, նկատի առ վաղեմի իսրայէլի տրուած Եհովայի ուրիշ օրէնք մը։ Շատե՜ր այսօր, ծոպեր եւ կապոյտ ժապաւէններ դնելու օրէնքը հասկնալը դժուար կը գտնեն (կարդա՛ Թուոց 15։37-39Սակայն ատոր գործնական ըլլալը կը զատորոշե՞ս։ Այսպիսի օրէնքի մը հնազանդիլը, Աստուծոյ ժողովուրդին օգնեց որ իրենց շուրջը գտնուող հեթանոս ազգերէ տարբեր ու անջատ մնան։ Ասիկա կենսական էր, Եհովայի հաճութիւնը ունենալու ե՛ւ պահպանելու համար (Ղեւ. 18։24, 25)։ Ասկէ զատ, այդ օրէնքը վտանգաւոր ներքին ազդեցութիւն մը կը յայտնէ, որ կրնայ յաւիտենական կեանքին հասնելու նպատակէն մեզ հեռացնել։ Ինչպէ՞ս։

10. Եհովա ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ թէ մարդկային բնոյթը շատ լաւ գիտէ։

10 Նկատէ թէ Եհովա ինչո՛ւ իր ժողովուրդին այս օրէնքը տուաւ. «Որպէս զի դուք. . . ձեր սրտերուն եւ ձեր աչքերուն ցանկութիւններուն չհետեւիք, որոնց ետեւէն դուք կը մոլորիք»։ Եհովա մարդկային բնոյթին մասին խորատեսութիւն ունի։ Ան շատ լաւ գիտէ, թէ ո՜րքան դիւրաւ մեր սիրտը՝ մեր ներքին անձը, կը հրապուրուի այն բաներով, զորս մեր աչքերով կ’ընկալենք։ Ուստի Աստուածաշունչը մեզ կը զգուշացնէ. «Սիրտը ամէն բանէն աւելի խաբեբայ ու խիստ չար է, զանիկա ո՞վ կրնայ գիտնալ» (Եր. 17։9)։ Ուրեմն ո՜րքան տեղին էր իսրայէլացիներուն տրուած Եհովայի ազդարարութիւնը։ Ան գիտէր թէ երբ իսրայէլացիները դիտէին զինք չպաշտող ազգերը, իրենց տեսածով պիտի հրապուրուէին։ Անոնք թերեւս փափաքէին այդ անհաւատներուն նմանիլ, ապա սկսիլ անոնց պէս մտածել ու գործել (Առ. 13։20

11. Ի՞նչ կերպով կրնանք մեր ֆիզիքական զգայարանքներուն միջոցաւ հրապուրուիլ։

11 Մեր օրերուն ա՛լ աւելի դիւրին է, որ մեր խաբեբայ սիրտը մեր ֆիզիքական զգայարանքներուն միջոցաւ հրապուրուի։ Կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, որ սխալ ցանկութիւններու հետեւիլը կը դիւրացնէ։ Ուրեմն Թուոց 15։39–ի սկզբունքը ինչպէ՞ս կրնանք ի գործ դնել։ Հետեւեալը նկատի առ. որովհետեւ դպրոցին մէջ, աշխատավայրը կամ միջավայրիդ մէջ անհատներ հետզհետէ աւելի գրգռիչ հագուստներ կը հագուին, արդեօք պիտի ազդուի՞ս. տեսածներդ քեզ գրաւելով՝ ‘սրտիդ ու աչքերուդ պիտի հետեւի՞ս’. նոյն կերպով հագուելու համար, անձնական չափանիշներդ պիտի ցածցնե՞ս (Հռով. 12։1, 2

12, 13. ա) Ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ երբեմն ցանկանք գէշ բաներու նայիլ։ բ) Ինչո՞ւ պէտք չէ ընենք բաներ, որոնք ուրիշները կը մղեն սխալ ցանկութիւններ ունենալու։

12 Ժուժկալութիւն մշակելու ստիպողական կարիք ունինք։ Հարկ է որ մեր աչքերը գէշ բաներու նայելէ ե՛տ պահենք։ Յիշենք հաւատարիմ Յոբի հաստատ վճռականութիւնը, որ իր աչքերուն հետ ուխտ ըրաւ,– իր կնոջմէն զատ ուրիշ կնոջ ռոմանթիկ կերպով բնաւ չնայիլ (Յոբ 31։1)։ Դաւիթ թագաւոր նմանապէս վճռեց. «Աչքերուս առջեւ չար բան պիտի չդնեմ» (Սաղ. 101։3)։ Որեւէ բան որ կրնայ մեր մաքուր խղճմտանքին եւ Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութեան վնասել, մեզի համար «չար բան» է։ Ատիկա կը պարփակէ որեւէ փորձութիւն, որ մեր աչքերուն հաճոյ կ’երեւայ եւ մեր սիրտը կը մղէ սխալի մէջ իյնալու։

13 Միւս կողմէ, վստահաբար չենք ուզեր առումով մը ուրիշներուն «չար բան» դառնալ, այսինքն՝ զիրենք մղել սխալ ցանկութիւններ ունենալու։ Ուստի, լուրջի կ’առնենք Աստուածաշունչի ներշնչեալ խրատը, որ կոկիկ ու համեստ կերպով հագուինք (Ա. Տիմ. 2։9)։ Չենք կրնար մեզի յարմար եղող կերպով սահմանել համեստութիւնը։ Հարկ է որ մեր շուրջիններուն խղճմտանքն ու նրբազգացութիւնը հաշուի առնենք, անոնց մտքի խաղաղութիւնը եւ բարօրութիւնը մեր նախընտրութիւններէն առաջ դասելով (Հռով. 15։1, 2)։ Քրիստոնեայ ժողովքը օրհնուած է հազարաւոր երիտասարդներով, որոնք այս առնչութեամբ ընտիր օրինակ կը հանդիսանան։ Անոնք ո՜րքան մեզ կ’ուրախացնեն, երբ կը մերժեն ‘իրենց սրտին ու աչքերուն հետեւիլ’ եւ ամէ՛ն բանի մէջ Եհովան կը հաճեցնեն,– նո՛յնիսկ հագուելակերպին մէջ։

«Ոչինչ բաներու» մի՛ հետեւիր

14. «Ոչինչ բաներու» հետամուտ ըլլալու նկատմամբ Սամուէլ ի՞նչ ազդարարութիւն տուաւ։

14 Այժմ երեւակայէ թէ ճամբորդութեան ընթացքին ընդարձակ անապատի մը մէջէն պիտի անցնիս։ Ի՞նչ կրնայ պատահիլ եթէ ուղղութիւնդ փոխես՝ կրկներեւոյթ մը հետապնդելու համար։ Այդ պատրանքը հետապնդելով կրնաս կորսուիլ եւ անապատին մէջ մեռնիլ։ Եհովան այդ վտանգը շատ լաւ գիտէ։ Նկատի առ օրինակ մը։ Իսրայէլացիները իրենց շուրջի ազգերուն նման, ուզեցին որ մարդկային թագաւորներ իրենց վրայ իշխեն։ Իրականութեան մէջ, այդ փափաքը լուրջ մեղք մըն էր, քանի որ համահաւասար էր Եհովա՛ն մերժելուն որպէս իրենց Թագաւորը։ Թէեւ Եհովա թոյլատրեց որ անոնք մարդկային թագաւոր ունենան, սակայն Սամուէլ մարգարէին միջոցաւ, «ոչինչ բաներու» հետամուտ ըլլալու նկատմամբ շեշտակի ազդարարութիւն տուաւ (կարդա՛ Ա. Թագաւորաց 12։21

15. Ի՞նչ կերպերով իսրայէլացիները «ոչինչ բաներու» հետամուտ եղան։

15 Արդեօք իսրայէլացիները խորհեցա՞ն որ մարդկային թագաւորը ձեւով մը Եհովայէն աւելի իրական եւ վստահելի պիտի ըլլար։ Եթէ այո՛, անոնք ի՛րապէս ոչինչ բանի մը հետամուտ կ’ըլլային, եւ շատ մը ուրիշ սատանայական պատրանքներ հետապնդելու վտանգին մէջ էին։ Մարդկային թագաւորները դիւրութեամբ զիրենք կռապաշտութեան պիտի առաջնորդէին։ Կռապաշտներ կը խորհին թէ ֆիզիքական առարկաներ,– փայտէ կամ քարէ շինուած աստուածներ,– ձեւով մը աւելի իրական ու վստահելի են քան՝ անտեսանելի Աստուածը՝ Եհովան, որ ամէն բան ստեղծեց։ Բայց Պօղոս առաքեալ նշեց, թէ կուռքերը «ոչինչ» են (Ա. Կոր. 8։4)։ Անոնք չեն կրնար տեսնել, լսել, խօսիլ կամ գործել։ Ուրեմն յիմարութիւն է կուռքեր պաշտել, պարզ այն պատճառով որ կրնանք զանոնք տեսնել ու շօշափել։ Կուռքերը ո՛չ ոքի կրնան օգնել։ Անոնք «ոչինչ բաներ» են եւ անոնց վստահիլը միայն աղէտ կը բերէ (Սաղ. 115։4-8

16. ա) Սատանան ինչպէ՞ս շատեր կը հրապուրէ այսօր, որ ոչինչ բաներու հետամուտ ըլլան։ բ) Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ դրամն ու ստացուածքները ոչինչ բաներ են, մանաւանդ Եհովայի հետ համեմատելով։

16 Սատանան տակաւի՛ն հմուտ է մարդիկը համոզելու, որ ոչինչ բաներու հետամուտ ըլլան։ Օրինակի համար, ան անհամար մարդիկ խաբած է, որ ապահովութեան համար նիւթական բաներու դիմեն։ Դրամը, ստացուածքները եւ լաւ–վճարուած պաշտօնները կը թուին թէ առաւելութիւններ կը մատուցանեն։ Սակայն անոնք ի՞նչ կրնան ընել, երբ առողջութիւնը կորսուի, երբ տնտեսութիւնը քայքայուի կամ երբ բնական աղէտ մը հարուածէ։ Անոնք ինչպէ՞ս կրնան մարդոց օգնել, երբ կը զգան թէ իրենց կեանքը նպատակ չունի եւ կեանքի կարեւոր հարցումներուն պատասխանը կը փնտռեն։ Մահուան առջեւ անոնք ի՞նչ մխիթարութիւն կրնան տալ։ Եթէ մեր հոգեւոր կարիքները գոհացնելու համար նիւթական բաներու դիմենք, յուսախաբ պիտի ըլլանք։ Ստացուածքները չե՛ն կրնար ազատել, քանի որ ոչինչ բաներ են։ Ժամանակի ընթացքին, անոնք նոյնիսկ ֆիզիքական ապահովութիւն չեն կրնար հայթայթել, որովհետեւ մնայուն ազդեցութիւն չունին մարդուս կարճատեւ կեանքին կամ հիւանդութեան ու մահուան հաւանականութեան վրայ (Առ. 23։4, 5)։ Արդ՝ ո՜րքան աւելի իրական է մեր Աստուածը՝ Եհովան։ Միա՛յն երբ իրեն հետ զօրաւոր փոխյարաբերութիւն ունենանք, կրնանք իսկական ապահովութիւն գտնել։ Ատիկա ի՜նչ թանկագին օրհնութիւն մըն է։ Բնա՛ւ չենք ուզեր Եհովան ձգելով «ոչինչ բաներու» հետեւիլ։

17. Մեր քննարկած բացասական ազդեցութիւններուն նկատմամբ, ի՞նչ վճռած ես ընել։

17 Օրհնուած չե՞նք որ կեանքի ճանապարհին մէջ Եհովան ունինք որպէս մեր Բարեկամը եւ Ուղեցոյցը։ Յաւիտենական կեանքին հասնելու աւելի հաւանականութիւն պիտի ունենանք, եթէ շարունակենք անսալ իր սիրալիր ազդարարութեան՝ երեք գէշ ազդեցութիւններուն դէմ,– բազմութիւնը, մեր սիրտը եւ ոչինչ բաները։ Յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք երեք այլ ազդարարութիւններ, զորս Եհովա կու տայ՝ մեզի օգնելու որ ատենք ե՛ւ խուսափինք «ստութեան ամէն ճամբայ»է (Սաղ. 119։128

Ի՞նչ կը խորհիս

Ինչպէ՞ս կրնաս հետեւեալ համարներուն մէջ յայտնուած սկզբունքները անձամբ կիրարկել։

Ելից 23։2

Թուոց 15։37-39

Ա. Թագաւորաց 12։21

Սաղմոս 119։128

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 11]

Երբեք կ’ուզե՞ս ‘բազմութեան հետեւիլ’

[Նկար՝ էջ 13]

Ինչո՞ւ վտանգաւոր է սրտիդ եւ աչքերուդ հետեւիլ

[Նկար՝ էջ 14]

«Ոչինչ բաներու» հետամուտ կ’ըլլա՞ս