Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Անոնք Մեսիային սպասեցին

Անոնք Մեսիային սպասեցին

Անոնք Մեսիային սպասեցին

«Ժողովուրդը կը սպասէր եւ ամէնքը իրենց սրտերնուն մէջ կը մտածէին Յովհաննէսին համար՝ թէ ‘Ա՞ս է արդեօք Քրիստոսը’» (ՂՈՒԿ. 3։15

1. Կարգ մը հովիւներ հրեշտակային ի՞նչ յայտարարութիւն լսեցին։

ԳԻՇԵՐ է։ Դաշտին մէջ՝ հովիւները իրենց հօտերուն վրայ կը հսկեն։ Ո՜րքան կը ցնցուին անոնք, երբ Եհովային հրեշտակը իրենց մօտ կը կայնի եւ Աստուծոյ փառքը իրենց շուրջը կը շողայ։ Լսէ՛։ Հրեշտակը հետեւեալ շշմեցուցիչ ծանուցումը կ’ընէ. «Մի՛ վախնաք, վասն զի ահա ես ձեզի մեծ ուրախութեան աւետիս մը կու տամ, որ բոլոր ժողովուրդին պիտի ըլլայ։ Վասն զի այսօր Փրկիչ մը ծնաւ. . . որ Օծեալ Տէր է», ա՛յն՝ որ Մեսիան պիտի ըլլայ։ Հովիւները կրնան այս մանուկը մսուրին մէջ պառկած գտնել, մօտակայ գիւղաքաղաքին մէջ։ Յանկարծ «երկնային զօրքերու բազմութիւն մը» կը սկսի Եհովային գովերգել՝ ըսելով. «Երկնքի բարձրութեան մէջ Աստուծոյ փառք, երկրի վրայ խաղաղութիւն, մարդոց մէջ հաճութիւն» (Ղուկ. 2։8-14

2. Ի՞նչ կը նշանակէ «Մեսիա», եւ ան ինչպէ՞ս կրնայ բնորոշուիլ։

2 Անշուշտ, հրեայ հովիւները գիտեն թէ «Մեսիա»՝ կամ «Քրիստոս»՝ կ’ակնարկէ Աստուծոյ «Օծեալ»ին (Ել. 29։5-7)։ Սակայն անոնք ինչպէ՞ս կրնան աւելին տեղեկանալ եւ ուրիշները համոզել, թէ հրեշտակին նշած մանկիկը, Եհովային նշանակած Մեսիան պիտի ըլլայ։ Եբրայերէն Գրութիւններուն մարգարէութիւնները քննելով եւ զանոնք այս մանկիկին գործունէութիւններուն եւ կենցաղին հետ բաղդատելով։

Ժողովուրդը ինչո՞ւ ակնկալութեան մէջ էր

3, 4. Դանիէլ 9։24, 25–ի մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կատարուեցաւ։

3 Երբ տարիներ ետք Յովհաննէս Մկրտիչ եկաւ, անոր խօսքերն ու արարքները մղեցին ոմանք խորհելու, թէ արդեօք Մեսիան եկա՛ծ էր (կարդա՛ Ղուկաս 3։15Հաւանական է որ ոմանք «եօթանասուն եօթնեակ»ի մեսիական մարգարէութիւնը ճշգրտօրէն հասկցան եւ կրնային գիտնալ թէ Մեսիան ե՛րբ պիտի յայտնուէր։ Մասամբ, մարգարէութիւնը նշեց. «Երուսաղէմը նորէն շինելու հրամանը ելլելէն մինչեւ Օծեալ իշխանին գալը եօթը եօթնեակ ու վաթսուներկու եօթնեակ կայ» (Դան. 9։24, 25)։ Բազմաթիւ ուսումնականներ կը համաձայնին թէ ասոնք տարիներու շաբաթներ են։ Օրինակ՝ Աստուածաշունչի թարգմանութիւն մը կ’ըսէ. «Տարիներու եօթանասուն շաբաթ որոշուած է» (Revised Standard Version

4 Ներկայիս Եհովայի ծառաները կը գիտակցին, թէ Դանիէլ 9։25–ի 69 եօթնեակները կամ 483 տարիները, մ.թ.ա. 455–ին սկսան, երբ պարսիկներու Արտաշէս թագաւորը Նէեմիայի արտօնութիւն տուաւ որ Երուսաղէմը վերաշինէ (Նէ. 2։1-8)։ Այդ եօթնեակները վերջ գտան 483 տարի ետք՝ մ.թ. 29–ին, երբ նազովրեցի Յիսուս մկրտուեցաւ ու սուրբ հոգիով օծուեցաւ, եւ այսպէս Մեսիան եղաւ (Մատ. 3։13-17 *

5. Ի՞նչ մարգարէութիւններ այժմ նկատի պիտի առնենք։

5 Այժմ նկատի առնենք Մեսիային առնչութեամբ կարգ մը մարգարէութիւններ, որոնք կատարուեցան Յիսուսի ծնունդին, մանկութեան եւ ծառայութեան ատեն։ Ասիկա անկասկած Աստուծոյ մարգարէական խօսքին նկատմամբ մեր հաւատքը պիտի զօրացնէ եւ յստակ ապացոյց պիտի տայ, թէ Յիսուս արդարեւ երկար ատենէ սպասուած Մեսիան էր։

Իր մանկութեան մասին մարգարէութիւններ

6. Ծննդոց 49։10–ի մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կատարուեցաւ։

6 Մեսիան իսրայէլի Յուդա տոհմէն պիտի ծնէր։ Իր մահէն քիչ առաջ, Յակոբ իր զաւակները օրհնելով՝ Յուդային ըսաւ. «Իշխանութիւնը Յուդայէն պիտի չպակսի, ո՛չ ալ անոր ոտքերուն մէջտեղէն՝ օրէնսդիրը, մինչեւ որ Սելովը գայ ու ժողովուրդները անոր հնազանդին» (Ծն. 49։10)։ Հրեայ ուսումնականներ միշտ հաւատացած են, թէ Յուդայի ուղղուած Յակոբի խօսքերը Մեսիային մասին էին։ Դաւիթ թագաւորին իշխանութենէն սկսեալ, արքայական իշխանութիւնը եւ հրամայելու հեղինակութիւնը Յուդայի տոհմին հետ եղան։ «Սելով» կը նշանակէ «Ան՝ որուն կը վայելէ. Ան՝ որուն կը պատկանի»։ Յուդայի արքայական զարմը վերջ պիտի գտնէր «Սելով»ով՝ որպէս մնայուն թագաւորական Ժառանգ, քանի որ Աստուած Յուդայի վերջին թագաւորին՝ Սեդեկիային ըսաւ, թէ թագաւորութիւնը պիտի տրուէր անոր որ օրինական իրաւունք ունի (Եզեկ. 21։26, 27)։ Սեդեկիայէն ետք, Յիսուս Դաւիթի միակ զարմն էր, որուն թագաւորութիւն խոստացուած էր։ Յիսուսի ծնունդէն առաջ, Գաբրիէլ հրեշտակը Մարիամին ըսաւ. «Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը Դաւիթին աթոռը ու Յակոբին տանը վրայ յաւիտեան պիտի թագաւորէ։ Անոր թագաւորութիւնը վերջ պիտի չունենայ» (Ղուկ. 1։32, 33)։ Ուրեմն Սելովը Յիսուս Քրիստոսն է, որ Յուդայէն եւ Դաւիթէն սերած էր (Մատ. 1։1-3, 6. Ղուկ. 3։23, 31-34

7. Մեսիային ծնունդին վերաբերեալ մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կատարուեցաւ։

7 Մեսիան Բեթլեհէմի մէջ պիտի ծնէր։ Միքիա մարգարէն գրեց. «Դո՛ւն, ո՛վ Բեթլեհէմ Եփրաթա, թէեւ Յուդայի հազարաւորներուն մէջ պզտիկ ես, բայց քեզմէ պիտի ելլէ Ան, որ Իսրայէլի վրայ իշխան պիտի ըլլայ։ Ու անոր ելքը հինէն, յաւիտենական օրերէն է» (Միք. 5։2)։ Մեսիան պիտի ծնէր Յուդայի Բեթլեհէմ գիւղաքաղաքին մէջ, որ ըստ երեւոյթին ատեն մը Եփրաթա կը կոչուէր։ Թէեւ Յիսուսի մայրը՝ Մարիամ եւ հայրագիրը՝ Յովսէփ, Նազարէթի մէջ ապրեցան, սակայն աշխարհագիր ըլլալու հռոմէական հրամանագիր մը պատճառ դարձաւ որ Բեթլեհէմ երթան, եւ այսպէս մ.թ.ա. 2–ին հոն Յիսուս ծնաւ (Մատ. 2։1, 5, 6)։ Մարգարէութեան ի՜նչ արտակարգ կատարում։

8, 9. Մեսիային ծնունդին եւ անոր յաջորդող դէպքերուն մասին ի՞նչ նախագուշակուած էր։

8 Մեսիան կոյսէ մը պիտի ծնէր (կարդա՛  Եսայի 7։14Եսայի կ’ըսէ թէ կոյս մը որդի պիտի ծնանէր։ Եբրայերէն երկու բառեր՝ պէթու·լա եւ ալ·մա, կոյս կը նշանակեն։ Այս համարին մէջ կը գործածուի ալ·մա բառը, որ նաեւ կը նշանակէ «աղջիկ» կամ «օրիորդ» (ԱԾ). այս բառը գործածուեցաւ Ռեբեկային ակնարկելու, իր ամուսնութենէն առաջ (Ծն. 24։16, 43)։ Ներշնչման ներքեւ Մատթէոս գրեց, թէ Եսայի 7։14–ը կատարուեցաւ երբ Յիսուս ծնաւ։ Այս համարին մէջ, Մատթէոս կը գործածէ «կոյս» բառին յունարէնը՝ բար·թենոս։ Թէ՛ Մատթէոս եւ թէ Ղուկաս աւետարանագիրները կ’ըսեն թէ Մարիամ կոյս էր եւ թէ ան Աստուծոյ սուրբ հոգիին միջոցաւ յղացաւ (Մատ. 1։18-25. Ղուկ. 1։26-35

9 Մեսիային ծնունդէն ետք, մանուկներ պիտի սպաննուէին։ Դարեր առաջ, նոյնանման բան մը պատահեցաւ, երբ Եգիպտոսի փարաւոնը հրամայեց եբրայեցի արու նորածինները Նեղոս գետը նետել (Ել. 1։22)։ Սակայն յատկապէս ուշադրութեան արժանի է Երեմիա 31։15, 16–ը, ուր Ռաքէլ կը պատկերացուի որպէս թէ իր տղոցը համար կու լայ, որոնք ‘թշնամիին երկիրը’ տարուեցան։ Իր ողբը լսուեցաւ հեռաւոր Ռամային մէջ, որ կը գտնուէր Երուսաղէմի հիւսիսը՝ Բենիամինի շրջանին մէջ։ Մատթէոս ցոյց կու տայ, թէ Երեմիայի խօսքերը կատարուեցան, երբ Հերովդէս թագաւոր հրամայեց, որ Բեթլեհէմի եւ անոր ամբողջ հողամասին մէջ եղող բոլոր արու մանուկները ջարդուին (կարդա՛ Մատթէոս 2։16-18Երեւակայէ այդ շրջանի մարդոց վիշտը։

10. Ովսէէ 11։1–ի մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կատարուեցաւ։

10 Իսրայէլացիներուն նման, Մեսիան Եգիպտոսէն պիտի կանչուէր (Ով. 11։1)։ Հերովդէսի մահացու հրամանագիրէն առաջ, հրեշտակ մը պահանջեց որ Յովսէփը, Մարիամը եւ Յիսուսը Եգիպտոս երթան։ Անոնք հոն մնացին «մինչեւ Հերովդէսի մահը. . . Որպէս զի մարգարէին [Ովսէէ] միջոցով Տէրոջմէն ըսուածը կատարուի, որ կ’ըսէ. ‘Եգիպտոսէն կանչեցի իմ որդիս’» (Մատ. 2։13-15)։ Անշուշտ, անկարելի էր որ Յիսուս կարգադրէր այն բաները, որոնք իր ծնունդին եւ մանկութեան ատեն պատահեցան։

Մեսիան գործի կը լծուի

11. Եհովայի Օծեալին առջեւ ճամբան ինչպէ՞ս պատրաստուեցաւ։

11 Աստուծոյ Օծեալին առջեւ ճամբան պիտի պատրաստուէր։ Մաղաքիա նախագուշակեց թէ «Եղիա մարգարէն» պիտի կատարէր այս գործը, Մեսիային գալուն համար մարդոց սրտերը պատրաստելով (կարդա՛ Մաղաքիա 4։5, 6Յիսուս ինք այս «Եղիա»ն բնորոշեց որպէս Յովհաննէս Մկրտիչը (Մատ. 11։12-14)։ Իսկ Մարկոս ցոյց տուաւ թէ Յովհաննէսի ծառայութիւնը Եսայիի մարգարէական խօսքերը կատարեց (Եսա. 40։3. Մար. 1։1-4)։ Յիսուս չկարգադրեց որ Յովհաննէս Եղիայի նման գործէր որպէս Իր նախակարապետը։ Այս նախագուշակուած «Եղիա»յին գործունէութիւնը կատարուեցաւ Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակ, որպէս Մեսիան բնորոշելու միջոց մը։

12. Ի՞նչ յանձնարարութիւն կ’օգնէ Մեսիան բնորոշելու։

12 Աստուածատուր յանձնարարութիւն մը կ’օգնէ Մեսիան բնորոշելու։ Նազարէթի ժողովարանին մէջ, այն գիւղաքաղաքը՝ ուր մեծցած էր, Յիսուս Եսայիի մագաղաթէն կարդաց եւ հետեւեալ խօսքերը իրեն կիրարկեց. «Տէրոջը Հոգին իմ վրաս է. վասն զի զիս օծեց աղքատներուն աւետարան քարոզելու, զիս ղրկեց կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու, գերիներուն ազատութիւն եւ կոյրերուն տեսութիւն քարոզելու, հարստահարութիւն կրողները ազատելու, Տէրոջը ընդունելի տարին քարոզելու»։ Որովհետեւ ի՛րապէս Մեսիան էր, Յիսուս իրաւացիօրէն կրցաւ ըսել. «Այսօր այս գրուածը կատարուեցաւ ու ձեր ականջները լսեցին» (Ղուկ. 4։16-21

13. Եսայի ի՞նչ ըսաւ Յիսուսի ծառայութեան մասին՝ Գալիլիոյ մէջ։

13 Գալիլիոյ մէջ Մեսիային հանրային ծառայութիւնը նախագուշակուեցաւ։ ‘Զաբուղոնի երկրին ու Նեփթաղիմի երկրին. . . հեթանոսներու Գալիլիոյ’ նկատմամբ Եսայի գրեց. «Խաւարի մէջ պտըտող ժողովուրդը մեծ լոյս տեսաւ, մահուան ստուերին երկիրը բնակողներուն լոյս ծագեցաւ» (Եսա. 9։1, 2)։ Յիսուս Կափառնայումի մէջ բնակելով, իր հանրային ծառայութիւնը սկսաւ Գալիլիոյ մէջ, ուր Զաբուղոնի եւ Նեփթաղիմի հողամասերուն բնակիչներէն շատեր անոր հայթայթած հոգեւոր լոյսին օգուտները վայելեցին (Մատ. 4։12-16)։ Գալիլիոյ մէջ, Յիսուս միտք–գրգռող Լերան քարոզը տուաւ, իր առաքեալները ընտրեց, առաջին հրաշքը գործեց եւ հաւանաբար իր յարութենէն ետք՝ աւելի քան 500 աշակերտներու երեւցաւ (Մատ. 5։1–7։27. 28։16-20. Մար. 3։13, 14. Յովհ. 2։8-11. Ա. Կոր. 15։6)։ Այսպէս ան Եսայիին մարգարէութիւնը կատարեց՝ ‘Զաբուղոնի երկրին ու Նեփթաղիմի երկրին’ մէջ քարոզելով։ Անշուշտ, Յիսուս Թագաւորութեան բարի լուրը Իսրայէլի ուրիշ շրջաններու մէջ ալ քարոզեց։

Մեսիային մասին յաւելեալ մարգարէութիւններ

14. Սաղմոս 78։2–ը ինչպէ՞ս կատարուեցաւ։

14 Մեսիան առակներով կամ լուսաբանութիւններով պիտի խօսէր։ Սաղմոսերգու Ասափ տաղերգեց. «Առակով պիտի բանամ իմ բերանս» (Սաղ. 78։2)։ Ինչպէ՞ս գիտենք թէ ասիկա մարգարէաբար Յիսուսին կիրարկուեցաւ։ Մատթէոս ինք կ’ըսէ։ Պատմելէ ետք լուսաբանութիւններ, որոնց մէջ Յիսուս Թագաւորութիւնը մանանեխի հատի եւ թթխմորի նմանցուց, Մատթէոս գրեց. «Առանց առակի բան մը չէր խօսեր [Յիսուս] անոնց, որպէս զի կատարուի մարգարէին միջոցով ըսուած խօսքը. ‘Առակներով պիտի բանամ իմ բերանս ու աշխարհի սկիզբէն ի վեր ծածկուած բաները յառաջ պիտի բերեմ’» (Մատ. 13։31-35)։ Ուսուցանելու համար, առակները Յիսուսի գործածած ամէնէն ազդու միջոցներէն մէկն էին։

15. Բացատրէ թէ ինչպէ՛ս Եսայի 53։4–ը կատարուեցաւ։

15 Մեսիան մարդիկը պիտի բժշկէր։ Եսայի նախագուշակեց. «Իրաւցնէ անիկա մեր ցաւերը վերցուց ու մեր վիշտերը իր վրայ առաւ» (Եսա. 53։4)։ Մատթէոս ցոյց տուաւ թէ Պետրոսի կեսուրը բժշկելէն ետք, Յիսուս ուրիշները բժշկեց, որպէսզի «Եսայի մարգարէին միջոցով ըսուած խօսքը կատարուի. ‘Անիկա մեր հիւանդութիւնները վերցուց եւ մեր ցաւերը կրեց’» (Մատ. 8։14-17)։ Եւ ասիկա արձանագրուած բազմաթիւ միջադէպերէն միայն մէկն է, երբ Յիսուս հիւանդները բժշկեց։

16. Յովհաննէս առաքեալ ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ թէ Յիսուս Եսայի 53։1–ը կատարեց։

16 Հակառակ Մեսիային ըրած բոլոր բարիքներուն, շատեր անոր պիտի չհաւատային (կարդա՛  Եսայի 53։1Ցոյց տալով թէ այս մարգարէութիւնը կատարուեցաւ, Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Թէպէտ այնքան հրաշքներ ըրած էր [Յիսուս] անոնց առջեւ, բայց անոնք չէին հաւատար իրեն. որպէս զի կատարուի Եսայի մարգարէին խօսքը, որ ըսաւ. ‘Տէ՛ր, ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին եւ Տէրոջը բազուկը որո՞ւ յայտնուեցաւ’» (Յովհ. 12։37, 38)։ Նաեւ, Պօղոս առաքեալի ծառայութեան ընթացքին, քիչեր Յիսուսի՝ Մեսիային՝ վերաբերեալ բարի լուրին հաւատք ընծայեցին (Հռով. 10։16, 17

17. Սաղմոս 69։4–ի մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կատարուեցաւ։

17 Մեսիան առանց պատճառի պիտի ատուէր (Սաղ. 69։4)։ Ըստ Յովհաննէս առաքեալի, Յիսուս ըսաւ. «Եթէ այն գործերը իրենց մէջ ըրած չըլլայի, որոնք ուրիշ մէկը չէ ըրած, անոնք մեղք չէին ունենար. բայց հիմա տեսան ու ատեցին զիս ալ, իմ Հայրս ալ։ Սակայն այս եղաւ որպէս զի կատարուի այն խօսքը, որ իրենց օրէնքին մէջ գրուած է, թէ՝ ‘Զուր տեղը զիս ատեցին’» (Յովհ. 15։24, 25)։ Հոս նշուած «օրէնք» բառը կ’ակնարկէ բոլոր Սուրբ Գրութիւններուն, որոնք այդ ատեն գոյութիւն ունէին (Յովհ. 10։34. 12։34)։ Աւետարանները կը փաստեն թէ Յիսուս ատուեցաւ, մասնաւորաբար հրեայ կրօնական առաջնորդներուն կողմէ։ Աւելին, Քրիստոս ըսաւ. «Աշխարհ ձեզ չի կրնար ատել, բայց զիս կ’ատէ, վասն զի ես կը վկայեմ թէ իր գործերը չար են» (Յովհ. 7։7

18. Ի՞նչ պիտի սորվինք յաջորդ յօդուածին մէջ։

18 Յիսուսի առաջին դարու հետեւորդները վստահ էին թէ Յիսուս Մեսիան էր, քանի որ ան Եբրայերէն Գրութիւններու մեսիական մարգարէութիւնները իրօք կատարեց (Մատ. 16։16)։ Ինչպէս տեսանք, ատոնցմէ ոմանք նազովրեցի Յիսուսի մանկութեան եւ ծառայութեան ընթացքին կատարուեցան։ Յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք յաւելեալ մեսիական մարգարէութիւններ։ Անոնց վրայ աղօթքով խոկալը, վստահաբար մեր համոզումը պիտի խորացնէ, թէ Յիսուս Քրիստոս ի՛րապէս մեր երկնաւոր Հօր՝ Եհովայի նշանակած Մեսիան է։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 4 «Եօթանասուն եօթնեակ»ի մանրամասն քննարկութեան համար, տե՛ս Ուշադրութիւն ընծայեցէ՛ք Դանիէլի մարգարէութեան գիրքին 11–րդ գլուխը։

Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանես

• Յիսուսի ծնունդին առնչութեամբ ի՞նչ մարգարէութիւններ կատարուեցան։

• Մեսիային առջեւ ճամբան ինչպէ՞ս պատրաստուեցաւ։

Եսայի 53–րդ գլուխին ո՞ր մարգարէական խօսքերը Յիսուսի վրայ կատարուեցան։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]