Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովան զգացումներ ունի՞

Եհովան զգացումներ ունի՞

Աստուծոյ մօտեցիր

Եհովան զգացումներ ունի՞

ԵԹԷ այո՛, ուրեմն ուրիշ հարցում մը կը ծագի. մեր վարմունքը Աստուծոյ զգացումներուն կ’ազդէ՞։ Այսինքն՝ կրնա՞նք մեր արարքներով պատճառ ըլլալ, որ Աստուած ուրախանայ կամ վիրաւորուի։ Վաղեմի կարգ մը փիլիսոփաներ ըսին՝ ո՛չ։ Անոնք պատճառաբանեցին թէ ո՛չ ոք կրնայ Աստուծոյ վրայ ազդեցութիւն բանեցնել, եւ հետեւաբար Աստուած զգացումներու տէր չէ։ Բայց Աստուածաշունչը մեզի տարբեր բան մը կը սորվեցնէ, թէ Եհովան ջերմ զգացումներ ունի եւ մեր արարքներով խորապէս հետաքրքրուած է։ Նկատի առ Սաղմոս 78։40, 41–ի խօսքերը։

78–րդ սաղմոսը կը նշէ Աստուծոյ գործառնութիւնները վաղեմի իսրայէլին հետ։ Ազգը եգիպտական ստրկութենէ ազատագրելէ ետք, Եհովան առաջարկեց անոնց հետ մասնայատուկ փոխյարաբերութեան մը մէջ մտնել։ Ան խոստացաւ որ եթէ անոնք իր օրէնքներուն հնազանդ մնային, իր «սեպհական ժողովուրդ»ը պիտի ըլլային եւ արտասովոր կերպով պիտի գործածուէին՝ իր նպատակը իրագործելու համար։ Ժողովուրդը համաձայնեցաւ եւ Օրէնքի ուխտին մէջ մտաւ։ Անոնք իրենց համաձայնութեան հետ ներդաշնակ ապրեցա՞ն (Ելից 19։3-8

Սաղմոսերգուն կ’ըսէ. «Քանի՜ անգամ անոր դէմ ընդվզեցան անապատին մէջ» (համար 40, ԱԾ)։ Յաջորդ համարը կ’աւելցնէ. «Կրկին ու կրկին Աստուած փորձեցին» (համար 41)։ Նշմարէ թէ գրողը ըմբոստութեան ընթացք մը կը նկարագրէ։ Այս տգեղ կեցուածքը կանուխէն սկսաւ,– անապատին մէջ՝ Եգիպտոսէն ազատագրուելէ քիչ ետք։ Ժողովուրդը սկսաւ Աստուծոյ դէմ տրտունջ ընել, հարց տալով թէ ան իրենց հոգ տանելու կարող ու յօժա՛ր էր թէ ոչ (Թուոց 14։1-4)։ Աստուածաշունչ թարգմանողներու համար պատրաստուած աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ, թէ «անոր դէմ ընդվզեցան» արտայայտութիւնը կրնայ «խօսակցականօրէն սապէս թարգմանուիլ՝ ‘անոնք Աստուծոյ դէմ իրենց սիրտերը կարծրացուցին’ կամ ‘անոնք Աստուծոյ «Ո՛չ» ըսին’»։ Այսուհանդերձ, Եհովան իր ողորմութեան համեմատ կը ներէր իր ժողովուրդին, երբ իրենց զղջումը կը ցուցնէին։ Բայց ետքը, անոնք իրենց հին ճամբաներուն կը վերադառնային ու դարձեալ կ’ըմբոստանային, նոյն ընթացքին մէջ մնալով (Սաղմոս 78։10-19, 38

Եհովան ինչպէ՞ս զգաց ամէն անգամ որ իր անկայուն ժողովուրդը ըմբոստացաւ։ 40–րդ համարը կ’ըսէ թէ անոնք «բարկացուցին» զինք։ Ուրիշ թարգմանութիւն մը կ’ըսէ թէ անոնք «զայն վշտացուցին» (ԱԾ)։ Աստուածաշունչի մէկ աշխատասիրութիւնը կը բացատրէ. «Այս արտայայտութիւնը կը նշանակէ, թէ եբրայեցիներու վարմունքը ցաւ պատճառեց, ինչպէս որ անհնազանդ եւ ըմբոստ զաւակի մը վարմունքը ցաւ կը պատճառէ»։ Ճիշդ ինչպէս որ անկարգապահ զաւակ մը կրնայ իր ծնողքին սիրտը շատ ցաւցնել, ըմբոստ իսրայէլացիները «Իսրայէլի Սուրբը նեղացուցին» (համար 41

Այս սաղմոսէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Կը քաջալերուինք, երբ կը տեսնենք թէ Եհովան իր երկրպագուներուն հանդէպ գորովալից է եւ արագօրէն անոնցմէ վազ չ’անցնիր։ Միեւնոյն ատեն՝ կը զգաստանանք, նկատի առնելով թէ Եհովան զգացումներ ունի եւ մեր վարմունքը կրնայ իր զգացումներուն ազդել։ Ասիկա գիտնալը քեզի ինչպէ՞ս կ’ազդէ. քեզ կը մղէ՞ որ ուզես ընել ինչ որ շիտակ է։

Փոխանակ մեղաւոր ընթացք մը հետապնդելու եւ Եհովային սիրտը ցաւցնելու, կրնա՛նք ուղիղ ընթացքի մը հետեւիլ եւ իր սիրտը ուրախացնել։ Եւ ան իր երկրպագուներէն ճիշդ ասիկա է որ կը խնդրէ. «Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր» (Առակաց 27։11)։ Աւելի թանկագին բան մը չկայ, զոր կրնանք Եհովային տալ, քան՝ ապրիլ այնպիսի կերպով մը, որ իր սիրտը կ’ուրախացնէ։

[Մէջբերում՝ էջ 32]

Աւելի թանկագին բան մը չկայ, զոր կրնանք Եհովային տալ, քան՝ ապրիլ այնպիսի կերպով մը, որ իր սիրտը կ’ուրախացնէ