Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովա «խաղաղութեան Աստուած» է

Եհովա «խաղաղութեան Աստուած» է

Եհովա «խաղաղութեան Աստուած» է

«Խաղաղութեան Աստուածը ձեր ամենուն հետ ըլլայ» (ՀՌՈՎ. 15։32բ

1, 2. Ծննդոց 32 եւ 33–րդ գլուխներուն մէջ ի՞նչ լարուած կացութիւն մը նկարագրուած է, իսկ ի՞նչ էր արդիւնքը։

ՎԱՅՐԸ՝ Փանուէլի մօտակայքն է, որ Յորդանան գետի արեւելեան կողմը՝ Յաբոկ հեղեղատին մօտ կը գտնուի։ Եսաւ լսած է որ իր երկուորեակ եղբայրը՝ Յակոբ, տուն կը վերադառնայ։ Թէեւ 20 տարի անցած է այն օրէն, երբ Եսաւ անդրանկութեան իրաւունքը իր եղբօր ծախեց, սակայն Յակոբ կը վախնայ որ Եսաւ տակաւին ատելավառ ոխ ունի իրեն դէմ։ Մինչ Եսաւ 400 մարդոց հետ իրեն կը մօտենայ, Յակոբ թշնամական ընդունելութիւն ակնկալելով, իրարայաջորդ նուէրներ կը ղրկէ իր եղբօր. աւելի քան 550 անասուն։ Ամէն անգամ որ Յակոբի ծառաները խումբ մը անասուններ կը բերեն, Եսաւի կ’ըսեն թէ ատոնք իր եղբօր կողմէ նուէր են։

2 Ի վերջոյ պահը կը ժամանէ։ Մինչ Յակոբ խիզախօրէն Եսաւի ուղղութեամբ կը քալէ, ան մինչեւ գետին խոնարհելով կ’երկրպագէ,– ոչ թէ մէկ անգամ, այլ՝ եօթը անգամ։ Իր եղբօր սիրտը կակուղցնելու համար, Յակոբ արդէն ամէնէն կարեւոր քայլը առած է։ Ան Եհովայի աղօթած է, որպէսզի Եսաւի ձեռքէն զինք ազատէ։ Արդարեւ Եհովա այս աղօթքին կը պատասխանէ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Եսաւ զանիկա դիմաւորելու վազեց ու գրկեց զանիկա եւ անոր պարանոցին վրայ ինկաւ ու համբուրեց զանիկա» (Ծն. 32։11-20. 33։1-4

3. Յակոբի եւ Եսաւի պատմութենէն ի՞նչ կը սորվինք։

3 Յակոբի եւ Եսաւի արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ պէտք է լուրջ եւ գործնական ջանքեր թափենք հարցեր լուծելու համար, երբ քրիստոնէական ժողովքին մէջ մեր վայելած խաղաղութեան սպառնացող խնդիրներ ծագին։ Յակոբ ջանաց Եսաւի հետ խաղաղութիւն ունենալ, բայց ոչ թէ քանի որ անոր դէմ սխալած էր ու ներողութիւն կը պարտէր։ Եսաւ իր ծննդեան իրաւունքը անարգած էր եւ ապուրի համար զայն ծախած էր (Ծն. 25։31-34. Եբ. 12։16)։ Յակոբի օրինակը կը յայտնէ, թէ ո՜րքան ջանք պէտք է թափենք որ եղբայրներուն հետ խաղաղութիւն ունենանք։ Ատիկա նաեւ ցոյց կու տայ, թէ ճշմարիտ Աստուածը կ’օրհնէ խաղաղութիւն ընելու մեր անկեղծ ջանքերը։ Աստուածաշունչը բազմաթիւ ուրիշ օրինակներ կը բովանդակէ, որոնք մեզի կ’օգնեն խաղաղարար ըլլալու։

Հետեւելիք լաւագոյն օրինակը

4. Մարդկութիւնը մեղքէն ու մահէն ազատելու Աստուծոյ կարգադրութիւնը ի՞նչ է։

4 Խաղաղարար ըլլալու ամէնէն ուշագրաւ օրինակը՝ Եհովան է,– «խաղաղութեան Աստուածը» (Հռով. 15։32բ)։ Պահ մը խորհէ՛ այն բոլոր բաներուն մասին զորս Եհովա ըրաւ, որպէսզի կարենանք իրեն հետ խաղաղ փոխյարաբերութիւն ունենալ։ Ադամի ու Եւայի մեղաւոր զարմը ըլլալով՝ մենք «մեղքին վարձք»ին արժանի ենք (Հռով. 6։23)։ Սակայն, իր մեծ սիրոյն պատճառաւ, Եհովա մեր փրկութիւնը կարգադրեց, երկնքէն իր սիրելի Որդին ղրկելով՝ որպէսզի ծնի որպէս կատարեալ մարդ։ Եւ Որդին սիրայօժար համակերպեցաւ։ Ան թոյլ տուաւ որ Աստուծոյ թշնամիները զինք մեռցնեն (Յովհ. 10։17, 18)։ Ճշմարիտ Աստուածը իր սիրելի Որդին յարուցանեց, եւ ան Հօր ներկայացուց իր թափուած արեան արժէքը, որ զղջացող մեղաւորները յաւերժական մահէն ազատելու փրկանք պիտի ըլլար (կարդա՛ Եբրայեցիս 9։14, 24

5, 6. Յիսուսի թափուած արիւնը, Աստուծոյ եւ մեղաւոր մարդկութեան միջեւ եղած վնասուած փոխյարաբերութեան ինչպէ՞ս կ’ազդէ։

5 Աստուծոյ Որդիին փրկանքի զոհի կարգադրութիւնը ինչպէ՞ս Աստուծոյ եւ մեղաւոր մարդկութեան միջեւ եղած վնասուած փոխյարաբերութեան կ’ազդէ։ Եսայի նշեց. «Մեր խաղաղութեան պատիժը անոր վրայ եղաւ եւ անոր վէրքերովը մենք բժշկուեցանք» (Եսա. 53։5)։ Փոխանակ Աստուծոյ թշնամիները նկատուելու, հնազանդ մարդիկ այժմ կրնան անոր հետ խաղաղ փոխյարաբերութիւն ունենալ։ «Փրկութիւն ունինք մենք [Յիսուսի] արեանը միջոցով, մեղքի թողութիւն» (Եփ. 1։7

6 Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ Եհովա Յիսուսը կը գործածէ իր նպատակը իրագործելու համար։ Իսկ Եհովայի նպատակն է որ «ամէնքը հաշտեցնէ իրեն հետ, խաղաղութիւն ընելով խաչին վրայ [Յիսուսի] թափած արիւնովը»։ Այսպէս, Աստուած իրեն հետ խաղաղ փոխյարաբերութեան մէջ կը բերէ «երկրի վրայ» եւ «երկնքի մէջ եղողներ»ը։ Որո՞նք են անոնք (կարդա՛ Կողոսացիս 1։19, 20

7. Որո՞նք են «երկնքի մէջ» եւ «երկրի վրայ» եղողները, որոնք Աստուծոյ հետ խաղաղ փոխյարաբերութեան մէջ կը բերուին։

7 Փրկանքի կարգադրութիւնը կարելի կը դարձնէ օծեալ քրիստոնեաներուն,– որոնք որպէս Աստուծոյ որդիներ «արդարացած» են,– որ ‘խաղաղութիւն ունենան Աստուծոյ հետ’ (կարդա՛ Հռովմայեցիս 5։1Անոնց կ’ակնարկուի որպէս «երկնքի մէջ եղողներ», քանի որ երկնային յոյս ունին եւ իբրեւ ‘թագաւորներ ու քահանաներ. . . երկրի վրայ պիտի թագաւորեն’ (Յայտ. 5։10)։ Միւս կողմէ, ‘երկրի վրայ եղողներ’ արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ զղջացող մարդոց, որոնք ի վերջոյ երկրագունդին վրայ յաւիտենական կեանքը ձեռք պիտի ձգեն (Սաղ. 37։29

8. Եհովայի օրինակը ինչպէ՞ս քեզի կ’օգնէ, երբ ժողովքին մէջ խնդիրներ ըլլան։

8 Պօղոս, Եհովայի կարգադրութեան հանդէպ իր սրտագին երախտագիտութիւնը արտայայտելով, Եփեսոսի օծեալ քրիստոնեաներուն գրեց. «Աստուած, որ մեծ է ողորմութիւնով. . . երբ յանցանքներու մէջ մեռած էինք, մեզ Քրիստոսին հետ կենդանացուց. դուք շնորհքով փրկուած էք» (Եփ. 2։4, 5)։ Մեր յոյսը ըլլա՛յ երկնային թէ երկրային, մեծապէս Աստուծոյ պարտական ենք, իր ողորմութեան եւ անարժան բարութեան համար։ Երախտապարտ ենք այն բոլոր բաներուն համար, զորս Եհովա ըրաւ որպէսզի մարդիկ կարենան իրեն հետ խաղաղութիւն ունենալ։ Երբ ժողովքին խաղաղ միութեան սպառնացող պարագաներ դիմագրաւենք, պէտք է Աստուծոյ օրինակին մասին խոկանք եւ մեր եղբայրներուն հետ խաղաղութիւն պահպանենք։

Աբրահամի եւ Իսահակի օրինակներէն սորվէ՛

9, 10. Աբրահամ ինչպէ՞ս ապացուցանեց իր խաղաղարար ըլլալը, երբ իր ու Ղովտի հովիւներուն միջեւ լարուածութիւն եղաւ։

9 Աբրահամ նահապետի առնչութեամբ, Աստուածաշունչը կը նշէ. «Աբրահամ Աստուծոյ հաւատաց ու ան իրեն արդարութիւն սեպուեցաւ եւ ինք Աստուծոյ բարեկամ կոչուեցաւ» (Յակ. 2։23)։ Աբրահամի հաւատքը իր խաղաղասէր արարքներով բացայայտ դարձաւ։ Օրինակի համար, մինչ Աբրահամի հօտերն ու արջառները շատցան, իր հովիւներուն եւ իր եղբօրորդիին՝ Ղովտի հովիւներուն միջեւ լարուածութիւն եղաւ (Ծն. 12։5. 13։7)։ Բացայայտ լուծումն էր որ Աբրահամ եւ Ղովտ բաժնուէին։ Աբրահամ այս դժուար կացութեան հետ ինչպէ՞ս պիտի վարուէր։ Փոխանակ իր տարիքը եւ Աստուծոյ առջեւ իր ունեցած դիրքը օգտագործելու, որպէսզի իր եղբօրորդիին ըսէ ի՛նչ ընել, Աբրահամ ապացուցանեց իր խաղաղարար ըլլալը։

10 Աբրահամ իր եղբօրորդիին ըսաւ. «Կ’աղաչեմ քեզի, իմ ու քու մէջտեղ եւ իմ հովիւներուս ու քու հովիւներուդ մէջտեղ վէճ թող չըլլայ, վասն զի մենք եղբայր ենք։ Բոլոր երկիրը քու առջեւդ չէ՞. կ’աղաչեմ, զատուէ ինձմէ. եթէ դուն ձախ կողմը երթաս, ես աջ կողմը կ’երթամ եւ եթէ աջ կողմը երթաս, ես ձախ կողմը կ’երթամ»։ Ղովտ երկրին ամէնէն բարեբեր շրջանը ընտրեց. Աբրահամ ընդունեց Ղովտի ընտրութիւնը եւ անոր դէմ չզայրացաւ (Ծն. 13։8-11)։ Յետագային, երբ ներխուժող բանակներու կողմէ Ղովտ գերի տարուեցաւ, Աբրահամ իր եղբօրորդին ազատելու չվարանեցաւ (Ծն. 14։14-16

11. Աբրահամ ինչպէ՞ս ջանաց փղշտացի դրացիներուն հետ խաղաղութեան մէջ մնալ։

11 Նաեւ մտածէ թէ Քանանի երկրին մէջ Աբրահամ ինչպէ՛ս ջանաց փղշտացի դրացիներուն հետ խաղաղութեան մէջ մնալ։ Բերսաբէէի մէջ, փղշտացիները «բռնութեամբ առած էին» Աբրահամի ծառաներուն կողմէ փորուած ջրհոր մը։ Այս արարքին ինչպէ՞ս պիտի հակադարձէր Աբրահամ, որ իր եղբօրորդին չորս թագաւորներու ձեռքէն ազատած էր։ Պատերազմելու եւ իր ջրհորը ետ ձեռք ձգելու փոխարէն, Աբրահամ ընտրեց հարցին շուրջ լուռ մնալ։ Ժամանակի ընթացքին, փղշտացի թագաւորը Աբրահամին այցելեց՝ խաղաղութեան ուխտ մը կնքելու համար։ Աբրահամ թագաւորին զարմին հետ ազնիւ ըլլալ խոստացաւ, ապա գողցուած ջրհորին նիւթը բացաւ։ Այս բանը լսելով թագաւորը ցնցուեցաւ, եւ ջրհորը իրեն վերադարձուց։ Աբրահամ շարունակեց որպէս օտարական խաղաղութեամբ ապրիլ Քանանի երկրին մէջ (Ծն. 21։22-31, 34

12, 13. ա) Իսահակ իր հօր օրինակին ինչպէ՞ս հետեւեցաւ։ բ) Եհովա ինչպէ՞ս օրհնեց խաղաղութեան մէջ մնալու Իսահակի ջանքերը։

12 Աբրահամի որդին՝ Իսահակ, իր հօր նման խաղաղասէր էր։ Ասիկա բացայայտ է փղշտացիներուն հետ անոր վարուելու կերպէն։ Երկրին մէջ եղած սովի մը պատճառով, Իսահակ իր ընտանիքը փոխադրեց անջրդի Նագեբի Լահայրոյի շրջանէն դէպի հիւսիս՝ փղշտացիներուն աւելի բարեբեր Գերարա շրջանը։ Հոն՝ Եհովա Իսահակը առատ բերքերով օրհնեց եւ անոր խաշինքը շատցուց։ Փղշտացիները սկսան անկէ նախանձիլ։ Չուզելով որ Իսահակ իր հօր նման բարգաւաճի, անոնք Աբրահամի ծառաներուն փորած ջրհորը գոցեցին։ Ի վերջոյ փղշտացի թագաւորը Իսահակին ըսաւ որ ‘իրենց քովէն երթայ’։ Խաղաղարար Իսահակը համակերպեցաւ (Ծն. 24։62. 26։1, 12-17

13 Իսահակ իր բանակավայրը աւելի հեռու շրջան մը փոխադրելէ ետք, իր հովիւները ջրհոր մը փորեցին։ Փղշտացի հովիւները դաւանեցան որ այդ ջրհորը իրենցն էր։ Իր հօր՝ Աբրահամի նման, Իսահակ ջրհորի մը համար չպատերազմեցաւ։ Փոխարէն, ան իր ծառաներուն դարձեալ ջրհոր մը փորել տուաւ։ Փղշտացիները նորէն դաւանեցան որ այս ջրհորը իրենցն էր։ Խաղաղութիւն պահպանելու համար, Իսահակ իր հսկայ բանակավայրը ուրիշ վայր փոխադրեց։ Հոն՝ իր ծառաները ջրհոր մը փորեցին, զոր Իսահակ Ռոբովթ անուանեց։ Ժամանակի ընթացքին, ան փոխադրուեցաւ Բերսաբէէի բարեբեր շրջանը, ուր Եհովա զինք օրհնեց եւ ըսաւ. «Մի՛ վախնար, վասն զի ես քեզի հետ եմ եւ իմ ծառայիս Աբրահամին համար քեզ պիտի օրհնեմ ու քու սերունդդ պիտի շատցնեմ» (Ծն. 26։17-25

14. Երբ փղշտացի թագաւորը ջանաց Իսահակի հետ խաղաղութեան ուխտ մը ընել, Իսահակ ինչպէ՞ս փաստեց թէ խաղաղարար է։

14 Վստահաբար, Իսահակ իր ծառաներուն փորած բոլոր ջրհորները գործածելու իր իրաւունքին համար պատերազմելու կարողութիւնը ունէր։ Ասոր ապացոյցը յետագային յայտնի եղաւ, երբ փղշտացի թագաւորը եւ իր բարձրաստիճան պաշտօնեաները Բերսաբէէ եկան, Իսահակին հետ խաղաղութեան ուխտ մը ընելու համար, ըսելով. «Ստուգիւ տեսանք որ Տէրը քեզի հետ է»։ Այսուհանդերձ, խաղաղութիւն պահելու համար, Իսահակ ընտրած էր պատերազմելու փոխարէն քանի մը անգամ փոխադրուիլ։ Այս անգամ ալ Իսահակ փաստեց որ խաղաղարար է, ինչպէս պատմական արձանագրութիւնը կը նշէ. «Ինք անոնց [իր այցելուներուն] խնճոյք ըրաւ։ Անոնք կերան ու խմեցին եւ առտուն կանուխ ելան ու իրարու երդում ըրին եւ Իսահակ ճամբեցուց զանոնք. . . խաղաղութեամբ» (Ծն. 26։26-31

Յովսէփին օրինակէն սորվէ՛

15. Յովսէփի եղբայրները ինչո՞ւ իրեն հետ չկրցան խաղաղութեամբ խօսիլ։

15 Իսահակի որդին՝ Յակոբ, «հանդարտ բարքով մարդ էր» (Ծն. 25։27)։ Ինչպէս յօդուածին սկիզբը նշուեցաւ, Յակոբ ջանաց իր եղբօր՝ Եսաւի հետ խաղաղութիւն ընել։ Անկասկած, Յակոբ իր հօր՝ Իսահակի ընտիր օրինակէն օգտուած էր։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ Յակոբի որդիներուն մասին։ Իր 12 զաւակներէն, Յակոբ ամէնէն շատ Յովսէփը կը սիրէր։ Յովսէփ հնազանդ եւ յարգալից զաւակ էր՝ իր հօր շահերով խորապէս հետաքրքրուած (Ծն. 37։2, 14)։ Բայց Յովսէփի մեծ եղբայրները ա՛յնքան նախանձեցան իրմէ, որ իրեն հետ չկրցան խաղաղութեամբ խօսիլ։ Անգթօրէն, անոնք Յովսէփը ծախեցին որպէս ստրուկ եւ իրենց հօր հաւատալ տուին, որ գազան մը զինք սպաննած էր (Ծն. 37։4, 28, 31-33

16, 17. Յովսէփ ինչպէ՞ս փաստեց թէ խաղաղասէր եղբայր մըն էր։

16 Եհովա ապացուցանեց թէ Յովսէփի հետ էր։ Ժամանակի ընթացքին, Յովսէփ Եգիպտոսի վարչապետը եղաւ, այսինքն՝ Եգիպտոսի երկրորդ զօրաւոր անձնաւորութիւնը։ Երբ խիստ սով մը Յովսէփի եղբայրները Եգիպտոս բերաւ, անոնք նո՛յնիսկ չճանչցան զինք, հաւանաբար իր պաշտօնական տարազին պատճառաւ (Ծն. 42։5-7)։ Յովսէփի համար ո՜րքան դիւրին էր վրէժ առնել իր եղբայրներէն՝ իրենց անգթութեան համար, բայց ան ջանաց անոնց հետ խաղաղութիւն ընել։ Երբ բացայայտ դարձաւ որ իր եղբայրները զղջացած են, ան ինքզինք ծանօթացուց, ըսելով. «Զիս հոս ծախելնուդ համար մի՛ վշտանաք ու ձեզի ծանր չերեւնայ, վասն զի Աստուած ղրկեց զիս ձեր առջեւէն՝ կեանք պահելու համար»։ Յետոյ, ան իր բոլոր եղբայրները համբուրեց ու անոնց վրայ լացաւ (Ծն. 45։1, 5, 15

17 Իրենց հօր՝ Յակոբի մահէն ետք, Յովսէփի եղբայրները խորհեցան թէ Յովսէփ իրենցմէ վրէժ պիտի առնէր։ Երբ իրենց մտահոգութիւնը Յովսէփի արտայայտեցին, ան «լացաւ» եւ պատասխանեց. «Մի՛ վախնաք, ես ձեզ ու ձեր ընտանիքները պիտի կերակրեմ»։ Խաղաղասէր Յովսէփ «մխիթարեց զանոնք քաղցրութեամբ խօսելով» (Ծն. 50։15-21

«Գրուեցաւ որ սորվիք»

18, 19. ա) Այս յօդուածին մէջ նկատի առնուած խաղաղարար անհատներու օրինակէն ինչպէ՞ս օգտուեցար։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

18 Պօղոս գրեց. «Ինչ որ առաջուընէ գրուեցաւ, գրուեցաւ որ սորվիք, որպէս զի համբերութիւնով ու գրքերուն մխիթարութիւնով մենք յոյս ունենանք» (Հռով. 15։4)։ Ի՞նչ սորվեցանք մեծագոյն օրինակէն՝ Եհովայէն, ինչպէս նաեւ՝ Աբրահամի, Իսահակի, Յակոբի եւ Յովսէփի օրինակներէն։

19 Գնահատութեամբ խոկալը այն բաներուն վրայ զորս Եհովա ըրաւ, որպէսզի կարենանք իր բարեկամները դառնալ, մեզ չի՞ մղեր մեր կարելին ընելու որ խաղաղութեան հետամուտ ըլլանք։ Աբրահամի, Իսահակի, Յակոբի եւ Յովսէփի օրինակները ցոյց կու տան, թէ ծնողներ կրնան լաւ ազդեցութիւն ունենալ իրենց զաւակներուն վրայ։ Աւելին, այս արձանագրութիւնները ցոյց կու տան, թէ Եհովա խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերը կ’օրհնէ։ Զարմանալի չէ որ Պօղոս Եհովայի կ’ակնարկէ որպէս «խաղաղութեան Աստուածը» (կարդա՛ Հռովմայեցիս 15։32բ. 16։20Յաջորդ յօդուածը նկատի պիտի առնէ, թէ Պօղոս ինչո՛ւ շեշտեց որ խաղաղութեան հետամուտ ըլլանք եւ թէ ինչպէ՛ս կրնանք խաղաղարար ըլլալ։

Ի՞նչ սորվեցար

• Երբ Եսաւի պիտի հանդիպէր, Յակոբ ի՞նչ կերպով ջանաց խաղաղութիւն ընել։

• Ի՞նչ վճռած ես ընել այն բոլոր բաներուն ի տես, զորս Եհովա ըրաւ, որպէսզի մարդիկ կարենան իր բարեկամները դառնալ։

• Ի՞նչ սորվեցար խաղաղարար Աբրահամի, Իսահակի, Յակոբի եւ Յովսէփի օրինակներէն։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 19]

Ի՞նչ էր ամէնէն կարեւոր քայլը, զոր Յակոբ առաւ, Եսաւի հետ խաղաղութիւն ընելու համար