Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Խաղաղութեան հետամո՛ւտ եղիր

Խաղաղութեան հետամո՛ւտ եղիր

Խաղաղութեան հետամո՛ւտ եղիր

«Հետամո՛ւտ ըլլանք այն բաներուն՝ որոնք խաղաղութիւն կը հայթայթեն» (ՀՌՈՎ. 14։19, ԱԾ

1, 2. Եհովայի վկաները ինչո՞ւ խաղաղութիւն կը վայելեն։

ՆԵՐԿԱՅ աշխարհին մէջ, դժուար է իսկական խաղաղութիւն գտնել։ Նո՛յնիսկ նոյն ազգին պատկանող եւ նոյն լեզուն խօսող մարդիկը, յաճախ կրօնական, քաղաքական եւ ընկերային գետնի վրայ բաժնուած են։ Միւս կողմէ, Եհովայի ժողովուրդը միացած է, հակառակ այն իրողութեան որ անոնք «բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն» եկած են (Յայտ. 7։9

2 Մեր վայելած խաղաղութիւնը լաւ պատճառներ ունի։ Գլխաւոր պատճառը այն է, թէ «խաղաղութիւն ունինք Աստուծոյ հետ», հաւատք ընծայելով իր Որդիին, որուն թափուած արիւնը մեր մեղքերը կը քաւէ (Հռով. 5։1. Եփ. 1։7)։ Աւելին, ճշմարիտ Աստուածը իր հաւատարիմ ծառաներուն սուրբ հոգին կու տայ, եւ այդ հոգիին պտուղը կ’ընդգրկէ խաղաղութիւն (Գաղ. 5։22)։ ‘Աշխարհէն չըլլալը’ մեր խաղաղ միութեան յաւելեալ պատճառ մըն է (Յովհ. 15։19)։ Փոխանակ քաղաքական հարցերու մէջ դիրք բռնելու, չէզոք կը մնանք։ Մեր «սուրերէն խոփեր» շինելով՝ քաղաքացիական կամ միջազգային պատերազմներու չենք մասնակցիր (Եսա. 2։4

3. Մեր վայելած խաղաղութիւնը ի՞նչ բան կարելի կը դարձնէ, եւ ի՞նչ պիտի քննարկենք այս յօդուածին մէջ։

3 Իրարու հետ մեր վայելած խաղաղութիւնը, պարզապէս մեր եղբայրներուն վնասելէ ետ կենալէն աւելի՛ն կը պարփակէ։ Թէեւ մեր ժողովքները կազմուած են տարբեր էթնիք խումբերու եւ մշակոյթներու պատկանող անհատներէ, սակայն մենք ‘մէկզմէկ կը սիրենք’ (Յովհ. 15։17)։ Մեր խաղաղութիւնը թոյլ կու տայ որ «բարիք ընենք ամենուն, մանաւանդ հաւատքի ընտանիներուն» (Գաղ. 6։10)։ Մեր խաղաղ հոգեւոր դրախտը պէտք է արժեւորենք եւ պահպանենք։ Ուրեմն, քննարկենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք ժողովքէն ներս խաղաղութեան հետամուտ ըլլալ։

Երբ մե՛նք գայթակղինք

4. Խաղաղութեան հետամուտ ըլլալու համար, ի՞նչ կրնանք ընել եթէ մէկը վիրաւորած ենք։

4 Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Ամէնքս ալ շատ յանցանքներ կ’ընենք. եթէ մէկը խօսքով յանցանք չընէ՝ անիկա կատարեալ մարդ է» (Յակ. 3։2)։ Ուստի, հաւատակիցներուն միջեւ խնդիրներ եւ անհասկացողութիւններ պիտի ծագին (Փլպ. 4։2, 3)։ Սակայն, անհատներու միջեւ եղած խնդիրները կրնան լուծուիլ, առանց ժողովքին խաղաղութիւնը խանգարելու։ Օրինակ՝ նկատի առ այն խրատը՝ զոր պէտք է կիրարկենք, երբ գիտակցինք թէ մէկը վիրաւորած ենք (կարդա՛ Մատթէոս 5։23, 24

5. Ինչպէ՞ս կրնանք խաղաղութեան հետամուտ ըլլալ, եթէ մէկը մեզի դէմ մեղանչած է։

5 Իսկ եթէ մէկը աննշան կերպով մեզի դէմ մեղանչէ, պիտի ակնկալե՞նք որ մեզի գայ եւ ներողութիւն խնդրէ։ Ա. Կորնթացիս 13։5–ը (ՆԱ) կը նշէ . «[Սէրը] վիրաւորանքները չի հաշուեր»։ Երբ վիրաւորուինք, խաղաղութեան հետամուտ կ’ըլլանք՝ ներելով եւ մոռնալով, այսինքն՝ ‘վիրաւորանքները չհաշուելով’ (կարդա՛ Կողոսացիս 3։13Առօրեայ կեանքի փոքր յանցանքները այս կերպով լաւագոյնս ձեռք կ’առնուին, քանի որ ասիկա հաւատակիցներու հետ խաղաղ փոխյարաբերութեան կը նպաստէ եւ մեզի մտքի խաղաղութիւն կու տայ։ Իմաստալից առակ մը կը նշէ. «Յանցանքը ներելը [մարդուն] պարծանք է» (Առ. 19։11

6. Ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ վիրաւորանք մը անտեսելը դժուար ըլլայ։

6 Երբ որոշ վիրաւորանք մը անտեսելը դժուար ըլլայ, իմաստութիւն չէ ուրիշներու հետ անոր մասին խօսիլ։ Այսպիսի շատախօսութիւն, միայն ժողովքին խաղաղութիւնը կը քայքայէ։ Հարցը խաղաղութեամբ լուծելու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։ Մատթէոս 18։15–ը կը նշէ. «Եթէ քու եղբայրդ քեզի դէմ մեղանչէ, գնա յանդիմանէ զանիկա երբ դուն եւ ան մինակ էք. եթէ քեզի մտիկ ընէ, շահեցար քու եղբայրդ»։ Թէեւ Մատթէոս 18։15-17–ն լուրջ մեղքի մասին կը խօսի, սակայն 15–րդ համարի սկզբունքը կամ դասը, ուրիշ պարագաներու մէջ ալ կրնանք գործածել։ Ուրեմն առանձին, ազնուութեամբ յանցաւորին պէտք է մօտենանք եւ ջանանք խաղաղ փոխյարաբերութիւնը վերահաստատել։ *

7. Վէճերը լուծելու մէջ ինչո՞ւ արագ պէտք է ըլլանք։

7 Պօղոս առաքեալ գրեց. «Եթէ բարկանաք՝ մեղք մի՛ գործէք, արեւը ձեր բարկութեանը վրայ մարը թող չմտնէ։ Ու Սատանային՝ տեղի մի՛ տաք» (Եփ. 4։26, 27)։ Յիսուս ըսաւ. «Քու ոսոխիդ հետ շուտով միաբանէ» (Մատ. 5։25)։ Ուստի խաղաղութեան հետամուտ ըլլալը կը պահանջէ խնդիրները շուտով լուծել։ Երբ այդպէս չընենք, խնդիրները կը մեծնան եւ աւելի լուրջ կը դառնան, ինչպէս որ վէրք մը կրնայ թարախոտիլ եթէ շուտով չդարմանուի։ Թող որ թոյլ չտանք հպարտութեան, նախանձին կամ դրամասիրութեան որ վէճերը անմիջապէս լուծելու արգելք հանդիսանայ (Յակ. 4։1-6

Երբ տարակարծութիւն մը շատեր կը պարփակէ

8, 9. ա) Հռոմի առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքին մէջ, ի՞նչ տարբեր տեսակէտներ կային։ բ) Հռոմի քրիստոնեաներուն վէճերուն առնչութեամբ, Պօղոս ի՞նչ յորդոր տուաւ։

8 Երբեմն ժողովքին մէջ խնդիրները երկուքէ աւելի անհատներ կը պարփակեն։ Ճիշդ ասիկա էր քրիստոնեաներուն պարագան Հռոմի մէջ, որոնց Պօղոս ներշնչեալ նամակ մը ուղարկեց։ Հրեայ եւ հեթանոսութենէ դարձած քրիստոնեաներուն մէջ տարակարծութիւն մը կար։ Բացայայտօրէն, ժողովքին մէջ որոշ անհատներ ցած աչքով կը նայէին անոնց, որոնց խղճմտանքը տկար կամ չափազանց կաշկանդիչ էր։ Անոնք զուտ անձնական հարցերու մէջ, անպատշաճօրէն ուրիշները կը դատէին։ Պօղոս ժողովքին ի՞նչ յորդոր տուաւ (Հռով. 14։1-6

9 Պօղոս վիճող երկու կողմերն ալ յորդորեց։ Ան ըսաւ անոնց, որոնք հասկցած էին թէ մովսիսական օրէնքին տակ չէին, որ իրենց եղբայրներուն ցած աչքով չնային (Հռով. 14։2, 10)։ Այսպիսի կեցուածք մը կրնար գայթակղեցնել այն հաւատակիցները, որոնք Օրէնքին արգիլած բաները ուտելը տակաւին գարշելի կը նկատէին։ Պօղոս զանոնք խրատեց, ըսելով. «Կերակուրի պատճառով Աստուծոյ գործը մի՛ քակէք. . . Աղէկ է միս չուտել եւ գինի չխմել եւ ոեւէ բան չընել՝ որով քու եղբայրդ կրնայ իյնալ կամ գայթակղիլ, կամ տկարանալ» (Հռով. 14։14, 15, 20, 21)։ Միւս կողմէ, Պօղոս աւելի կաշկանդիչ խղճմտանք ունեցող քրիստոնեաները յորդորեց, որ լայն տեսակէտ ունեցողները որպէս անհաւատարիմ չդատեն (Հռով. 14։13)։ Ան նշեց. «Այս կ’ըսեմ ձեր մէջ եղող ամէն մէկուն, որ արժան եղածը մտածելէն աւելի բան չմտածէ» (Հռով. 12։3)։ Վիճող երկու կողմերը այսպէս խրատելով, Պօղոս աւելցուց. «Ուրեմն հետամո՛ւտ ըլլանք այն բաներուն՝ որոնք խաղաղութիւն կը հայթայթեն, եւ այն բաներուն՝ որոնցմով շինութիւն կ’ըլլայ իրարու» (Հռով. 14։19, ԱԾ

10. Առաջին դարու Հռոմի ժողովքին նման, ներկայիս խնդիրները լուծելու համար ի՞նչ բանի կարիք կայ։

10 Կրնանք վստահ ըլլալ, որ Հռոմի ժողովքը Պօղոսի խրատին լաւ կերպով ընդառաջեց եւ հարկ եղած ճշդումները ըրաւ։ Ներկայիս, երբ խնդիրներ ըլլան հաւատակիցներու միջեւ, պէտք չէ՞ որ նմանապէս ազնուաբար հարցերը լուծենք, աստուածաշնչական խրատը խոնարհաբար փնտռելով ու կիրարկելով։ Հռոմայեցիներուն նման, այսօր տարակարծութեան երկու կողմերն ալ հարկ եղած ճշդումները պէտք է ընեն, որպէսզի ‘իրարու հետ խաղաղութիւն ունենան’ (Մար. 9։49

Երէցները ինչպէ՛ս կրնան օգնել

11. Երէցը ի՞նչ պէտք է ընէ, երբ քրիստոնեայ մը հաւատակիցի մը հետ ունեցած խնդիրի մը շուրջ կ’ուզէ խօսիլ։

11 Ի՞նչ կարելի է ըսել եթէ քրիստոնեայ մը ազգականի կամ հաւատակիցի հետ ունեցած խնդիրի մը մասին կ’ուզէ երէցի մը խօսիլ։ Առակաց 21։13–ը կը նշէ. «Ով որ աղքատին աղաղակը չլսելու համար իր ականջը կը գոցէ, ինք ալ պիտի աղաղակէ ու իրեն լսող պիտի չըլլայ»։ Վստահաբար, երէց մը ‘իր ականջը պիտի չգոցէ’։ Սակայն ուրիշ առակ մը կ’ազդարարէ. «Իր դատը առաջուընէ սկսողը իրաւունք ունեցող կը սեպուի. բայց երբ իր ոսոխը գայ՝ զանիկա կը քննէ» (Առ. 18։17)։ Երէցը ազնուաբար պէտք է լսէ. բայց ուշադիր պէտք է ըլլայ որ վիրաւորանքը տեղեկացնողին կողքին դիրք չբռնէ։ Հարցը մտիկ ընելէ ետք, հաւանաբար ան վիրաւորուած անհատին հարցնէ, թէ արդեօք գժտութիւնը պատճառողին հետ անձամբ խօսա՛ծ է։ Նաեւ, երէցը կրնայ վերաքաղ ընել աստուածաշնչական քայլեր, զորս վիրաւորուած անհատը կրնայ առնել՝ խաղաղութեան հետամուտ ըլլալու համար։

12. Նշէ օրինակներ, որոնք ցոյց կու տան գանգատ մը լսելէ ետք՝ հապճեպով քայլ առնելու վտանգը։

12 Աստուածաշնչական երեք օրինակներ կ’ընդգծեն տարակարծութիւն մը միայն մէկ կողմէն լսելէ ետք՝ հապճեպով քայլ առնելու վտանգը։ Պետափրէս իր կնոջ հաւատաց, երբ ան ըսաւ թէ Յովսէփ փորձեց զինք բռնաբարել։ Անարդարանալի բարկութեամբ, Պետափրէս Յովսէփը բանտ նետել տուաւ (Ծն. 39։19, 20)։ Դաւիթ թագաւոր հաւատաց Սիբայի, որ ըսաւ թէ իր տէրը՝ Մեմփիբոսթէ, Դաւիթի թշնամիներուն կողքին դիրք բռնած էր։ Դաւիթի աճապարանօք պատասխանը եղաւ. «Ահա Մեմփիբոսթէին ամէն ունեցածը քեզի ըլլայ» (Բ. Թագ. 16։4. 19։25-27)։ Արտաշէս թագաւորի ըսուեցաւ, որ հրեաները Երուսաղէմի պարիսպը կը վերաշինէին եւ պարսկական կայսրութեան դէմ ըմբոստանալու վրայ էին։ Թագաւորը սուտ տեղեկագրութեան հաւատաց եւ հրամայեց որ Երուսաղէմի մէջ ամէն վերաշինութիւն դադրի։ Առ ի արդիւնք, հրեաները չշարունակեցին Աստուծոյ տաճարը նորոգել (Եզր. 4։11-13, 23, 24)։ Իմաստութիւն է որ երէցները Տիմոթէոսի տրուած Պօղոսի յորդորին հետեւին եւ հարցին լման տուեալները գիտնալէ առաջ որեւէ դատողութիւն չընեն (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 5։21

13, 14. ա) Երբ երկու անհատներու միջեւ վէճ մը կայ, ի՞նչ պէտք է յիշենք։ բ) Ի՞նչ բան երէցներուն կ’օգնէ որ շիտակ դատողութիւններ ընեն։

13 Նոյնիսկ երբ հարցին վերաբերեալ ամէն բան յստակ դառնայ, կարեւոր է գիտակցիլ, թէ «եթէ մէկը կը կարծէ թէ բան մը գիտէ, իրապէս բան մը չի գիտեր՝ ինչպէս պէտք է գիտնար» (Ա. Կոր. 8։2)։ Վէճը պատճառող բոլոր տուեալները իրապէս ունի՞նք։ Խնդրոյ առարկայ անհատներուն ենթահողը լիովին կրնա՞նք հասկնալ։ Երէցները պէտք է շատ ուշադիր ըլլան երբ հարցը կը դատեն, եւ թոյլ չտան սուտերու, խորամանկ ռազմավարութիւններու կամ տարաձայնութիւններու, որ զիրենք մոլորեցնեն։ Աստուծոյ նշանակած Դատաւորը՝ Յիսուս Քրիստոս արդարօրէն կը դատէ։ Ան ‘իր աչքերուն տեսածին համեմատ չի դատեր ու իր ականջներուն լսածին համեմատ չի յանդիմաներ’ (Եսա. 11։3, 4)։ Փոխարէն, Յիսուս Եհովայի հոգիով կ’առաջնորդուի։ Նմանապէս, երէցները Աստուծոյ սուրբ հոգիով առաջնորդուելու օգուտը ունին։

14 Հաւատակիցներու առնչութեամբ դատողութիւններ ընելէ առաջ, երէցները պէտք է Եհովայի հոգիին օգնութեան համար աղօթեն եւ անոր առաջնորդութեան վստահին՝ Աստուծոյ Խօսքին եւ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգին հրատարակութիւններուն դիմելով (Մատ. 24։45

Ամէ՞ն գնով խաղաղութիւն

15. Եթէ գիտնանք որ լուրջ մեղք մը գործուած է, ե՞րբ անոր մասին պէտք է տեղեկացնենք։

15 Քրիստոնեաներ ըլլալով, մեզի յորդոր կը տրուի որ խաղաղութեան հետամուտ ըլլանք։ Սակայն Աստուածաշունչը նաեւ կը նշէ. «Վերին իմաստութիւնը նախ՝ սուրբ է, ետքը՝ խաղաղարար» (Յակ. 3։17)։ Խաղաղարար ըլլալը նուազ կարեւոր է քան՝ սրբութիւնը, այսինքն՝ Աստուծոյ մաքուր բարոյական չափանիշները վեր պահել եւ իր արդար պահանջներուն գոհացում տալ։ Եթէ քրիստոնեայ մը գիտնայ որ հաւատակից մը լուրջ մեղք մը գործած է, պէտք է զինք քաջալերէ որ իր մեղքը երէցներուն խոստովանի (Ա. Կոր. 6։9, 10. Յակ. 5։14-16)։ Եթէ յանցաւորը այս մէկը չընէ, այդ քրիստոնեան պէտք է երէցները տեղեակ պահէ։ Եթէ քրիստոնեան մեղանչողին հետ խաղաղութիւն պահելու համար բան մը չխօսի, այն ատեն ինքն ալ մեղսակից կ’ըլլայ (Ղեւ. 5։1. կարդա՛ Առակաց 29։24

16. Յովրամ թագաւորին դէմ Յէուի առած քայլէն ի՞նչ կը սորվինք։

16 Յէուի մասին արձանագրութիւն մը ցոյց կու տայ, թէ Աստուծոյ արդարութիւնը աւելի կարեւոր է քան՝ մեղանչողի մը հետ խաղաղութիւն պահելը։ Աստուած Յէուն ղրկեց, որպէսզի Աքաաբ թագաւորին ընտանիքին վրայ Իր դատաստանը ի գործ դնէ։ Աքաաբի եւ Յեզաբէլի որդին՝ Յովրամ չար թագաւորը, իր կառքով Յէուն դիմաւորեց ու ըսաւ. «Ո՛վ Յէու, խաղաղութի՞ւն է»։ Յէուն պատասխանեց. «Ի՞նչպէս խաղաղութիւն ըլլայ, քանի որ քու մօրդ Յեզաբէլին պոռնկութիւններն ու կախարդութիւնները կը շատնան» (Դ. Թագ. 9։22)։ Ապա Յէուն իր աղեղը քաշեց եւ Յովրամին սրտէն զարկաւ։ Ինչպէս որ Յէու քայլ առաւ, երէցները պէտք չէ զիջումներ ընեն կամայ եւ անզեղջ մեղաւորներու հետ՝ խաղաղութիւն պահելու համար։ Անոնք անզեղջ մեղաւորները կը վտարեն, որպէսզի ժողովքը շարունակէ Աստուծոյ հետ խաղաղութիւն վայելել (Ա. Կոր. 5։1, 2, 11-13

17. Խաղաղութեան հետամուտ ըլլալու համար, բոլոր քրիստոնեաները ի՞նչ դեր կը խաղան։

17 Եղբայրներուն միջեւ եղած վէճերուն մեծամասնութիւնը, դատական քայլեր պահանջող լուրջ յանցագործութիւն չե՛ն։ Ուստի, ո՜րքան կարեւոր է որ սիրալիրօրէն մեր եղբայրներուն սխալները մոռնանք։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Յանցանքը ծածկողը բարեկամութիւն կը փնտռէ, բայց զանիկա պատմողը մտերիմ բարեկամները կը զատէ» (Առ. 17։9)։ Այս խօսքերուն հետեւիլը, բոլորիս պիտի օգնէ ժողովքին մէջ խաղաղութիւն եւ Եհովայի հետ լաւ փոխյարաբերութիւն մը պահպանելու (Մատ. 6։14, 15

Խաղաղութեան հետամուտ ըլլալը՝ օրհնութիւններ կը բերէ

18, 19. Խաղաղութեան հետամուտ ըլլալը ի՞նչ օգուտներ կը բերէ։

18 Հետամուտ ըլլալը «այն բաներուն՝ որոնք խաղաղութիւն կը հայթայթեն», առատ օրհնութիւններ կը բերէ։ Եհովայի հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն մը կը վայելենք, մինչ իր ուղիները կ’ընդօրինակենք, եւ մեր հոգեւոր դրախտի խաղաղ միութեան կը նպաստենք։ Ժողովքէն ներս խաղաղութեան հետամուտ ըլլալը, նաեւ մեզի կը սորվեցնէ ինչպէ՛ս խաղաղութիւն պահել անոնց հետ, որոնց կը քարոզենք «խաղաղութեան աւետարան»ը (Եփ. 6։15)։ Այսպէս, լաւ պատրաստուած կ’ըլլանք որ ‘բոլորին հետ հեզահոգի ըլլանք եւ ոխ չպահենք’ (Բ. Տիմ. 2։24

19 Նաեւ յիշէ թէ «մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն» (Գործք 24։15)։ Երբ այդ յոյսը երկրի վրայ իրականանայ, տարբեր ենթահողերէ, բնաւորութիւններէ եւ անձնաւորութիւններէ միլիոնաւոր մարդիկ ետ կեանքի պիտի գան։ Անոնք աշխարհի տարբեր վայրերէն եւ տարբեր ժամանակաշրջաններէն պիտի ըլլան, նո՛յնիսկ մարդկութեան պատմութեան սկիզբէն (Ղուկ. 11։50, 51)։ Յարութիւն առնողներուն խաղաղութեան ճամբաները սորվեցնելը, ի՛րապէս մեծ առանձնաշնորհում պիտի ըլլայ։ Ներկայիս խաղաղարար ըլլալու մեր մարզումը, այդ ատեն ի՜նչ մեծ օգնութիւն պիտի ըլլայ մեզի։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 6 Աստուածաշնչական ուղղութեան համար, թէ ինչպէ՛ս վարուիլ զրպարտութեան եւ խարդախութեան նման լուրջ մեղքերու հետ, տե՛ս Դիտարան–ի 15 հոկտեմբեր 1999 թիւը, էջ 17-22։

Ի՞նչ սորվեցար

• Ինչպէ՞ս կրնանք խաղաղութեան հետամուտ ըլլալ, եթէ մէկը վիրաւորած ենք։

• Խաղաղութեան հետամուտ ըլլալու համար ի՞նչ պէտք է ընել, եթէ մէկը մեզի դէմ մեղանչած է։

• Ինչո՞ւ ուրիշներուն վէճերուն մէջ դիրք բռնելը իմաստութիւն չէ։

• Բացատրէ թէ ինչո՛ւ պէտք չէ ամէն գնով խաղաղութեան հետամուտ ըլլալ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 25]

Եհովա կը սիրէ զանոնք, որոնք առատօրէն ուրիշներուն կը ներեն