Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի կողմէ ճանչցուա՞ծ ես

Եհովայի կողմէ ճանչցուա՞ծ ես

Եհովայի կողմէ ճանչցուա՞ծ ես

«Տէրը կը ճանչնայ զանոնք, որ իրն են» (Բ. ՏԻՄ. 2։19

1, 2. ա) Յիսուս ի՞նչ բանով հետաքրքրուած էր։ բ) Ի՞նչ հարցումներ պէտք է նկատի առնենք։

ՕՐ ՄԸ փարիսեցի մը Յիսուսի մօտենալով հարցուց. «Ո՞ր պատուիրանքը մեծ է օրէնքին մէջ»։ Յիսուս պատասխանեց. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ» (Մատ. 22։35-37)։ Յիսուս իր երկնաւոր Հօր հանդէպ մեծ սէր ունէր, եւ իրապէս այդ խօսքերուն համաձայն ապրեցաւ։ Ան նաեւ հետաքրքրուած էր Եհովայի առջեւ իր կեցուածքով, եւ ասիկա իր հաւատարիմ կենցաղով ցոյց տուաւ։ Ուստի, իր մահուընէ քիչ առաջ, ան կրցաւ ըսել թէ Աստուած զինք կը ճանչնար որպէս Իր պատուէրներուն հաւատարմօրէն հնազանդող անհատ մը։ Այսպէս, Յիսուս Եհովայի սիրոյն մէջ մնաց (Յովհ. 15։10

2 Շատեր այսօր կը դաւանին թէ Աստուած կը սիրեն։ Անշուշտ մենք ալ նոյնը կ’ըսենք։ Սակայն, կարգ մը կարեւոր հարցումներու մասին պէտք է մտածենք. ‘Աստուծոյ կողմէ ճանչցուա՞ծ եմ։Եհովա ինչպէ՞ս կը նկատէ զիս։ Ճանչցուա՞ծ եմ որպէս իրը’ (Բ. Տիմ. 2։19)։ Ի՜նչ առանձնաշնորհում է պատեհութիւն ունենալ տիեզերքի Գերիշխանին հետ սերտ յարաբերութիւն վայելելու։

3. Ոմանք ինչո՞ւ Եհովայի պատկանիլը հարցականի տակ կը դնեն, եւ ի՞նչ բան կ’օգնէ այս մտածելակերպը փոխելու։

3 Բայց եւ այնպէս, ոմանք՝ որոնք Եհովան շատ կը սիրեն, դժուար կը գտնեն հաւատալ թէ Աստուած զիրենք դրական կերպով կրնայ ճանչնալ։ Անարժանաւորութեան զգացում ունենալով, ոմանք հարցականի տակ կը դնեն Եհովայի պատկանելու գաղափարը։ Սակայն, ո՜րքան ուրախ կրնանք ըլլալ, որ Աստուած մեզ տարբեր տեսանկիւնէ կը դիտէ (Ա. Թագ. 16։7)։ Պօղոս առաքեալ իր հաւատակիցներուն ըսաւ. «Եթէ մէկը Աստուած կը սիրէ, ինք անկէ ճանչցուած է» (Ա. Կոր. 8։3)։ Աստուծոյ հանդէպ սէրդ կարեւոր նախապայման մըն է՝ իրմէ ճանչցուելու համար։ Նկատի առ. ինչո՞ւ այս պարբերաթերթը կը կարդաս։ Ինչո՞ւ ջանք կը թափես որ ամբողջ սրտով, հոգիով, մտքով եւ զօրութիւնով Եհովային ծառայես։ Եթէ Աստուծոյ նուիրուած եւ մկրտուած ես, ի՞նչ բան քեզ մղեց այդ քայլերը առնելու։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ թէ Եհովա, որ սրտերը կը քննէ, ցանկալի անհատները իրեն կը քաշէ (կարդա՛ Անգէ 2։7. Յովհաննէս 6։44Հետեւաբար, կրնաս եզրակացնել թէ Եհովայի կը ծառայես, քանի որ քեզ իրեն քաշեց։ Ան բնա՛ւ պիտի չձգէ իրեն քաշած անհատները, եթէ հաւատարիմ մնան։ Աստուած զիրենք թանկագին կը նկատէ եւ շա՜տ կը սիրէ (Սաղ. 94։14

4. Ինչո՞ւ պէտք է շարունակ խոկանք Աստուծոյ առջեւ մեր ունեցած թանկագին կեցուածքին մասին։

4 Մէյ մը որ Եհովա մեզ իրեն քաշած է, պէտք է ջանանք իր սիրոյն մէջ մնալ (կարդա՛ Յուդա 20, 21Յիշէ՛ թէ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ կարելի է աստիճանաբար շեղիլ կամ հեռանալ Աստուծմէ (Եբ. 2։1. 3։12, 13)։ Օրինակ՝ Բ. Տիմոթէոս 2։19–ի արտայայտութենէն առաջ, Պօղոս առաքեալ նշեց Հիմենոսն ու Փիղետոսը։ Բացայայտօրէն, այդ երկուքը որոշ մէկ հանգրուանին Եհովայի կը պատկանէին, բայց յետագային ճշմարտութենէն խոտորեցան (Բ. Տիմ. 2։16-18)։ Յիշէ՛ նաեւ թէ Գաղատիոյ ժողովքներուն մէջ, ոմանք՝ որոնք Աստուծոյ կողմէ ճանչցուած էին, իրենց վայելած հոգեւոր լոյսին մէջ չմնացին (Գաղ. 4։9)։ Թող որ բնա՛ւ թեթեւի չառնենք Աստուծոյ առջեւ մեր ունեցած թանկագին կեցուածքը։

5. ա) Ի՞նչ են կարգ մը յատկութիւններ, որոնք Եհովա կ’արժեւորէ։ բ) Ի՞նչ օրինակներ նկատի պիտի առնենք։

5 Կան որոշ յատկութիւններ, որոնք Եհովա մասնաւորաբար կ’արժեւորէ (Սաղ. 15։1-5. Ա. Պետ. 3։4)։ Հաւատքն ու խոնարհութիւնը զատորոշեցին Աստուծոյ կողմէ ճանչցուած կարգ մը անհատները։ Քննարկենք երկու անհատներու օրինակները, որպէսզի տեսնենք թէ ինչպէ՛ս այս յատկութիւնները զիրենք Եհովայի սիրելի դարձուցին։ Նաեւ նկատի պիտի առնենք անհատ մը, որ խորհեցաւ թէ Աստուծոյ կողմէ ճանչցուած էր, սակայն հպարտ ընթացքի հետեւելով տեսաւ թէ Եհովա զինք մերժած էր։ Այս օրինակներէն կրնանք արժէքաւոր դասեր սորվիլ։

Հաւատացողներուն հայրը

6. ա) Աբրահամ Եհովայի խոստումներուն հանդէպ ի՞նչ հաւատք ցուցաբերեց։ բ) Աբրահամ Եհովայի կողմէ ինչպէ՞ս ճանչցուած էր։

6 Աբրահամ «հաւատաց Տէրոջը»։ Իրականութեան մէջ, ան կոչուած է «հայր. . . բոլոր հաւատացողներուն» (Ծն. 15։6. Հռով. 4։11)։ Հաւատքով՝ Աբրահամ իր տունը, բարեկամները եւ ստացուածքները ձգեց, հեռաւոր երկիր երթալու համար (Ծն. 12։1-4. Եբ. 11։8-10)։ Տարիներ ետք, անոր հաւատքը տակաւին զօրաւոր էր, քանի որ յայտնեց թէ ինք պատրաստ էր Աստուծոյ պատուէրին համաձայն իր որդին՝ ‘Իսահակը, պատարագ մատուցանելու’ (Եբ. 11։17-19)։ Աբրահամ Եհովայի խոստումներուն հանդէպ հաւատք ցուցաբերեց, ատոր համար Աստուած զինք յատուկ անհատ մը նկատեց. ան ի՛րապէս Աբրահամը կը ճանչնար (կարդա՛ Ծննդոց 18։19Եհովա պարզապէս Աբրահամի գոյութեան տեղեակ չէր. ան զինք որպէս բարեկամ արժեւորեց (Յակ. 2։22, 23

7. Եհովայի խոստումներուն կատարման մասին ի՞նչ բան ուշադրութեան արժանի է, եւ ասիկա ինչպէ՞ս Աբրահամի ազդեց։

7 Ուշադրութեան արժանի է, թէ Աբրահամ իր կեանքի ընթացքին իրեն խոստացուած երկիրը չժառանգեց, ոչ ալ տեսաւ թէ իր սերունդը «երկնքի աստղերուն ու ծովեզերքը եղող աւազին պէս» եղաւ (Ծն. 22։17, 18)։ Թէեւ այս խոստումները իր կեանքի տեւողութեան չկատարուեցան, սակայն Աբրահամ Եհովայի հանդէպ զօրաւոր հաւատք պահպանեց։ Ան գիտէր թէ Աստուծոյ խոստումները մի՛շտ կը կատարուին։ Արդարեւ Աբրահամ այդ հաւատքին համաձայն ապրեցաւ (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։13Եհովա մեզ կը ճանչնա՞յ որպէս անհատներ՝ որոնք Աբրահամի հաւատքին նման հաւատք ունին։

Եհովայի սպասելը՝ հաւատքի նշան է

8. Ոմանք ո՞ր պատշաճ փափաքներու կատարումը կը տենչան տեսնել։

8 Թերեւս ունինք փափաքներ, որոնց կատարումը կը տենչանք տեսնել։ Ամուսնանալը, զաւակներ ունենալը եւ լաւ առողջութիւնը, սովորական եւ պատշաճ փափաքներ են։ Սակայն, շատերու համար կրնայ ըլլալ որ այս փափաքներէն մէկը կամ երկուքը չկատարուին։ Եթէ պարագադ այս է, հարցը ձեռք առնելու կերպդ ցոյց կու տայ, թէ հաւատքդ ո՛րքան զօրաւոր է։

9, 10. ա) Ոմանք իրենց փափաքները իրականացնելու համար, ի՞նչ ըրած են։ բ) Աստուծոյ խոստումներուն կատարման առնչութեամբ ինչպէ՞ս կը զգաս։

9 Ո՜րքան յիմարութիւն է ջանալ այս փափաքները իրականացնել կերպով մը, որ աստուածային իմաստութեան հակառակ է։ Ասիկա անհատին հոգեւորութեան կը վնասէ։ Ոմանք, զոր օրինակ, ընտրած են առողջապահական խնամքի տեսակներ, որոնք Եհովայի խրատին հակառակ են։ Ուրիշներ ընտրած են գործեր, որոնք զիրենք իրենց ընտանիքներէն կամ ժողովներէն հեռու կը պահեն։ Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել անհաւատի մը հետ ռոմանթիկ յարաբերութիւն զարգացնելուն մասին։ Եթէ քրիստոնեայ մը այսպիսի ընթացք բռնէ, արդեօք իրապէս կը ջանա՞յ Եհովայի կողմէ ճանչցուիլ։ Եհովա ինչպէ՞ս պիտի զգար, եթէ Աբրահամ Իր խոստումներուն կատարման նկատմամբ անհամբեր ըլլար։ Ի՞նչ պիտի պատահէր եթէ Աբրահամ իր ուզած կերպով վարուէր ու որոշէր դարձեալ հաստատուիլ ու համբաւ ձեռք ձգել (համեմատէ՛ Ծննդոց 11։4)։ Եհովա պիտի շարունակէ՞ր զինք բարեկամ նկատել։

10 Ո՞ր փափաքներու կատարումը կը տենչաս տեսնել։ Հաւատքդ բաւարար չափով զօրաւո՞ր է, որպէսզի սպասես Եհովային, որ կը խոստանայ պատշաճ տենչերդ գոհացնել (Սաղ. 145։16)։ Ինչպէս որ էր պարագան Աբրահամի, աստուածային որոշ խոստումներ թերեւս մեր ուզածին պէս շուտով չկատարուին։ Սակայն, եթէ Աբրահամի հաւատքին նման հաւատք ունենալով շարունակենք ապրիլ, Եհովա մեզ պիտի չմոռնայ, այլ մեզ պիտի վարձատրէ (Եբ. 11։6

Խոնարհութեան եւ հպարտութեան միջեւ հակադրութիւն մը

11. Կորխ թերեւս ի՞նչ առանձնաշնորհումներ վայելած էր, բացայայտօրէն ցոյց տալով ի՞նչ կեցուածք Աստուծոյ հանդէպ։

11 Եհովայի կարգադրութիւնը եւ անոր որոշումները յարգելու առնչութեամբ, նկատի պիտի առնենք երկու անհատներու օրինակները, որոնք տարբեր կերպերով վարուեցան. Մովսէս եւ Կորխ։ Անոնց հակազդեցութիւնները ազդակ մըն էին, թէ Եհովա զիրենք ինչպէ՛ս նկատեց։ Կորխ Կահաթի որդիներէն եղող ղեւտացի մըն էր, որ շատ մը առանձնաշնորհումներ վայելեց, որոնք հաւանաբար պարփակեցին՝ Կարմիր ծովէն ազգին ազատման ականատես ըլլալ, Սինա լերան մօտ անհնազանդ իսրայէլացիներուն դէմ Եհովայի արձակած դատաստանին թիկունք կանգնիլ, եւ ուխտին տապանակը փոխադրելու մէջ բաժին բերել (Ել. 32։26-29. Թուոց 3։30, 31)։ Բացայայտօրէն, ան երկար տարիներ Եհովայի հաւատարիմ մնացած էր, եւ ատոր համար իսրայէլացիներէն շատեր զինք կը յարգէին։

12. Ինչպէս որ էջ 30–ի մէջ պատկերացուած է, Կորխի հպարտութիւնը ինչպէ՞ս Աստուծոյ կողմէ ճանչցուելուն ազդեց։

12 Այսուհանդերձ, մինչ իսրայէլ ազգը ճամբայ ելած էր դէպի Խոստացեալ երկիր, Կորխ ազգին առաջնորդուած կերպին նկատմամբ խնդիրներ նկատեց։ Ապա 250 անուանի տղամարդիկ Կորխին կողքին դիրք բռնեցին, ջանալով փոփոխութիւն մտցնել։ Կորխ եւ միւսները Եհովայի հետ իրենց փոխյարաբերութեան նկատմամբ ինքնավստահ ըլլալու էին։ Անոնք Մովսէսի ըսին. «Ալ հերի՛ք է ըրածնիդ. վասն զի բոլոր ժողովուրդը ամէնքն ալ սուրբ են եւ Տէրը անոնց մէջ է» (Թուոց 16։1-3)։ Ի՜նչ չափազանց ինքնավստահութիւն եւ հպարտ կեցուածք։ Մովսէս անոնց ըսաւ. «Տէրը պիտի ցուցնէ թէ ո՛րն է իրը» (կարդա՛ Թուոց 16։5Յաջորդ օրուան վերջաւորութեան, Կորխ եւ իր կողքին դիրք բռնած բոլոր ըմբոստները մահացած էին (Թուոց 16։31-35

13, 14. Ի՞նչ կերպերով Մովսէս խոնարհութիւն ցոյց տուաւ։

13 Միւս կողմէ, Մովսէս «շատ հեզ մարդ մըն էր՝ երկրի վրայ եղած բոլոր մարդոցմէ աւելի» (Թուոց 12։3)։ Ան իր հեզութիւնն ու խոնարհութիւնը ցոյց տուաւ, Եհովայի առաջնորդութեան հետեւելու իր վճռականութեամբ (Ել. 7։6. 40։16)։ Իսկ բան մը չկայ որ ցոյց կու տայ, թէ Մովսէս յաճախ Եհովայի գործելակերպը հարցականի տակ դրաւ կամ Իր որոշած մեթոտները գործադրելէն նեղացաւ։ Օրինակ՝ Եհովա խորանի կառուցման մասին մանրամասն ուղղութիւններ տուաւ, ինչպէս՝ վարագոյրին կտորին գոյնը եւ գործածուելիք օղակներուն քանակը (Ել. 26։1-6)։ Եթէ Աստուծոյ կազմակերպութեան մէջ մարդկային տեսուչ մը, քեզի չափազանց մանրամասն ուղղութիւններ տայ, թերեւս ատեններ վհատիս։ Սակայն Եհովա կատարեալ տեսուչ է, որ իր ծառաներուն պատասխանատուութիւններ կը յանձնէ եւ անոնց կը վստահի։ Ան լաւ պատճառի մը համար մանրամասնութեան կ’երթայ։ Նկատի առ թէ մանրամասնութիւններուն պատճառաւ Մովսէս չզայրացաւ, կարծես թէ Եհովան զինք կը նուաստացնէր կամ իր հնարամտութիւնն ու ազատութիւնը կը կաշկանդէր։ Փոխարէն, Մովսէս վստահ եղաւ որ աշխատաւորները Աստուծոյ «բոլոր պատուիրածին պէս» ընեն (Ել. 39։32)։ Ի՜նչ խոնարհ ընթացք։ Մովսէս գիտակցեցաւ թէ ասիկա Եհովայի գործն էր, եւ ինք պարզապէս միջոց մըն էր զայն կատարելու համար։

14 Մովսէսի խոնարհութիւնը նաեւ բացայայտ էր, երբ բացասական պարագաներ դիմագրաւեց, որոնք իրեն անձնապէս ազդեցին։ Առիթով մը, Մովսէս անժուժկալ ըլլալով Աստուծոյ անունը չսրբացուց տրտնջող ժողովուրդին առջեւ։ Առ ի հետեւանք, Եհովա Մովսէսի ըսաւ թէ ինք ժողովուրդը Խոստացեալ երկիր պիտի չմտցնէր (Թուոց 20։2-12)։ Ան եւ իր եղբայրը՝ Ահարոն, տարիներ իսրայէլացիներուն տրտունջին տոկացած էին։ Յետոյ, քանի որ Մովսէս այդ մէկ առիթով սխալեցաւ, պիտի չվայելէր այն առանձնաշնորհումը՝ որուն շատո՜նց կը սպասէր։ Մովսէս ինչպէ՞ս հակազդեց։ Մինչ հասկնալիօրէն յուսախաբ էր, ան խոնարհաբար Եհովայի որոշումը ընդունեց։ Ան գիտէր թէ Եհովա արդար Աստուած է, որ անիրաւութիւն չունի (Բ. Օր. 3։25-27. 32։4)։ Երբ Մովսէսի մասին կը խորհիս, զինք չե՞ս նկատեր Եհովայի կողմէ ճանչցուած անհատ մը (կարդա՛ Ելից 33։12, 13

Եհովայի ենթարկուիլը խոնարհութիւն կը պահանջէ

15. Կորխի հպարտ ընթացքէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

15 Եհովայի կողմէ մեր ճանչցուիլը կ’ազդուի այն կերպէն, որով կը հակազդենք համաշխարհային քրիստոնէական ժողովքին մէջ եղած ճշդումներուն եւ առաջնորդութիւն առնողներուն տուած որոշումներուն։ Կորխ եւ իր ընկերակիցները իրենց չափազանց ինքնավստահութեամբ, հպարտութեամբ եւ անհաւատութեամբ՝ իրենք զիրենք Աստուծմէ օտարացուցին։ Թէեւ ըստ Կորխի, տարեց Մովսէսն էր որ օրէ օր որոշումներ կը կայացնէր, սակայն իրականութեան մէջ Եհովա՛ն էր որ ազգը կ’առաջնորդէր։ Կորխ այդ իրողութիւնը անտեսեց, եւ հետեւաբար Աստուծոյ գործածած անհատներուն հանդէպ հաւատարմութիւն չցուցաբերեց։ Ո՜րքան աւելի իմաստութիւն պիտի ըլլար, եթէ Կորխ յստակ հասկացողութեան կամ ճշդումներու համար Եհովայի սպասէր։ Այսպէս, Կորխ ի վերջոյ իր հպարտ արարքներով՝ հաւատարիմ ծառայութեան իր արձանագրութիւնը կործանեց։

16. Մովսէսի խոնարհութեան օրինակին հետեւիլը, Եհովայի կողմէ ճանչցուելուն ինչպէ՞ս կ’ազդէ։

16 Ներկայիս, այդ արձանագրութիւնը երէցներուն եւ ժողովքի մնացեալ անդամներուն համար լուրջ ազդարարութիւն մըն է։ Եհովայի սպասելը եւ առաջնորդութիւն առնողներուն ուղղութիւններուն հետեւիլը, խոնարհութիւն կը պահանջէ։ Ցոյց կու տա՞նք թէ Մովսէսի նման խոնարհ ու հեզ ենք։ Մեր մէջ առաջնորդութիւն առնողներուն դիրքը կ’ընդունի՞նք եւ մեր ստացած ցուցմունքներուն կ’ենթարկուի՞նք։ Երբ յուսախաբ կ’ըլլանք, մեր զգացումները կը զսպե՞նք։ Եթէ այո՛, Եհովա մեզ ալ հաճութեամբ պիտի ճանչնայ։ Մեր խոնարհութիւնն ու ենթարկումը մեզ սիրելի պիտի դարձնեն իրեն։

Եհովա կը ճանչնայ անոնք որ իրն են

17, 18. Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որ շարունակենք Եհովայի կողմէ ճանչցուիլ։

17 Օգտակար է խորհրդածել անոնց մասին՝ որոնց Եհովա իրեն քաշեց եւ հաճութեամբ ճանչցաւ։ Աբրահամ եւ Մովսէս մեզի պէս անկատար էին եւ թերութիւններ ունէին։ Բայց եւ այնպէս, անոնք Եհովայի կողմէ ճանչցուած էին որպէս իրը։ Սակայն, Կորխի օրինակը ցոյց կու տայ թէ կարելի է որ մենք Եհովայէն հեռանանք եւ այսպէս անոր հաճութիւնը ունենալէ դադրինք։ Լաւ է որ իւրաքանչիւրս հարց տանք. ‘Եհովա զիս ինչպէ՞ս կը նկատէ։ Այս աստուածաշնչական օրինակներէն ի՞նչ կը սորվիմ’։

18 Մեծ հանգստութիւն կրնաս ունենալ՝ գիտնալով որ Եհովա իրեն քաշող հաւատարիմները իրը կը նկատէ։ Շարունակէ՛ մշակել հաւատք, խոնարհութիւն եւ այլ յատկութիւններ, որոնք կրնան քեզ Աստուծոյ սիրելի դարձնել։ Եհովայի կողմէ ճանչցուիլը ի՛րապէս թանկագին առանձնաշնորհում մըն է, որ ներկայիս մեր կեանքին գոհունակութիւն կու տայ, իսկ ապագային համար հոյակապ օրհնութիւններ կը վերապահէ (Սաղ. 37։18

Կը յիշե՞ս

• Եհովայի առջեւ ի՞նչ թանկագին կեցուածք կրնաս վայելել։

• Աբրահամի հաւատքը ինչպէ՞ս կրնաս ընդօրինակել։

• Կորխի եւ Մովսէսի օրինակներէն ի՞նչ կրնաս սորվիլ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 30]

Կորխ պատրաստ չէր ուղղութեան խոնարհաբար ենթարկուելու

[Նկար՝ էջ 31]

Եհովայի կողմէ ճանչցուա՞ծ ես որպէս մէկը, որ խոնարհաբար ցուցմունքներու կ’ենթարկուի