Եհովա իմ բաժինս է
Եհովա իմ բաժինս է
«Իսրայէլի որդիներուն մէջ քու բաժինդ ու ժառանգութիւնդ ես եմ» (ԹՈՒՈՑ 18։20)։
1, 2. ա) Կալուածի ժառանգութեան նկատմամբ, ղեւտացիներուն պարագան ի՞նչ էր։ բ) Եհովա ղեւտացիներուն ի՞նչ երաշխիք տուաւ։
ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻՆԵՐԸ Խոստացեալ երկրին մեծ մասին տիրելէ ետք, Յեսու իր ուշադրութիւնը դարձուց երկիրը վիճակով բաժնելու։ Ասիկա ընելու համար, ան Եղիազար քահանայապետին եւ տոհմապետներուն հետ աշխատեցաւ (Թուոց 34։13-29)։ Ղեւտացիներուն պարագային, անոնք միւս տոհմերուն պէս կալուած չստացան (Յես. 14։1-5)։ Ղեւտացիները ինչո՞ւ Խոստացեալ երկրին մէջ տոհմային հողամաս կամ բաժին չունեցան։ Անոնք անտեսուեցա՞ն։
2 Պատասխանը կը գտնենք ղեւտացիներուն ուղղուած Եհովայի խօսքին մէջ։ Ընդգծելով այն իրողութիւնը թէ անոնք լքուած չէին, Եհովա ըսաւ. «Իսրայէլի որդիներուն մէջ քու բաժինդ ու ժառանգութիւնդ ես եմ» (Թուոց 18։20)։ Ի՜նչ խորիմաստ երաշխիք. ‘Քու բաժինդ ե՛ս եմ’։ Ինչպէ՞ս պիտի զգայիր, եթէ Եհովան այս խօսքը քեզի՛ ուղղէր։ Թերեւս առաջին հակազդեցութիւնդ ըլլար՝ ‘Ամենակալին տուած այս երաշխիքին արժանի՞ եմ’։ Նաեւ, թերեւս հարց տայիր. ‘Այսօր, Եհովան իրապէս կրնա՞յ ոեւէ անկատար քրիստոնեայի բաժինը ըլլալ’։ Այս հարցումները քեզ ու քու սիրելիներդ կը պարփակեն։ Ուստի, քննարկենք թէ այդ աստուածային խօսքը ի՛նչ կը նշանակէ։ Ատիկա մեզի պիտի օգնէ հասկնալու, թէ Եհովա ինչպէ՛ս կրնայ այսօր քրիստոնեաներուն բաժինը ըլլալ։ Աւելի մասնայատուկ կերպով, ան կրնա՛յ քու բաժինդ ըլլալ, ի՛նչ որ ալ ըլլայ յոյսդ՝ երկնային կամ երկրային։
Եհովա ղեւտացիներուն կարիքները կը հոգայ
3. Ինչպէ՞ս եղաւ որ Աստուած ղեւտացիները ընտրեց իրեն ծառայելու համար։
3 Եհովա Օրէնքը իսրայէլ ազգին տալէ առաջ, ընտանիքի գլուխները որպէս քահանաներ ծառայեցին։ Օրէնքը հայթայթելով, Աստուած Ղեւիի տոհմէն լիաժամ քահանայութիւն եւ օգնականներ կարգադրեց։ Ասիկա ինչպէ՞ս եղաւ։ Երբ Աստուած Եգիպտոսի անդրանիկները ոչնչացուց, ան իսրայէլի անդրանիկները սրբեց, զանոնք անջատելով որպէս իրը։ Յետոյ Աստուած հետեւեալ յատկանշական փոփոխութիւնը ըրաւ. «Ղեւտացիները առի, Իսրայէլի որդիներուն մէջ ամէն մօրը արգանդը բացող անդրանիկին տեղը»։ Որովհետեւ մարդահամար մը ցոյց տուաւ որ իսրայէլի անդրանիկներուն թիւը ղեւտացիներուն թիւէն աւելի էր, փրկանքի գին վճարուեցաւ այդ տարբերութիւնը գոցելու համար (Թուոց 3։11-13, 41, 46, 47)։ Այսպէս անոնք կրնային սկսիլ իսրայէլի Աստուծոյ ծառայել։
4, 5. ա) Ղեւտացիներուն համար Աստուած որպէս բաժին ունենալը ի՞նչ նշանակեց։ բ) Աստուած ինչպէ՞ս ղեւտացիներուն կարիքներուն հոգ տարաւ։
4 Այդ նշանակումը ի՞նչ նշանակեց ղեւտացիներուն։ Եհովա ըսաւ թէ ինք իրենց բաժինը պիտի ըլլար, այն առումով որ փոխանակ կալուած ստանալու, իրենց պիտի վստահուէր ծառայութեան անգին առանձնաշնորհում մը։ «Տէրոջը քահանայութիւնը» ըլլալը անոնց ժառանգն էր (Յես. 18։7)։ Թուոց 18։20–ին բովանդակութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ասիկա ղեւտացիները աղքատութեան չառաջնորդեց (կարդա՛ Թուոց 18։19, 21, 24)։ Ղեւտացիներուն պիտի տրուէր ‘իսրայէլի բոլոր տասանորդը. . . ժառանգութեան համար իրենց ծառայութեան որպէս հատուցում’։ Անոնք իսրայէլի բերքին եւ ընտանի կենդանիներուն յաւելման 10 տոկոսը պիտի ստանային։ Իրենց կարգին, ղեւտացիները քահանայութեան աջակցութեան համար պիտի մատուցանէին իրենց ստացածին տասանորդը՝ «ամենալաւ»ը (Թուոց 18։25-29)։ * Քահանաները նաեւ կը ստանային «սուրբ բաներէն բոլոր բարձրացնելու ընծաները», որոնք իսրայէլի որդիները Աստուծոյ պաշտամունքի վայրը կը բերէին։ Ուստի, քահանայութեան անդամները լաւ պատճառներ ունէին հաւատալու, թէ Եհովան իրենց կարիքները պիտի հոգար։
5 Այնպէս կը թուի թէ մովսիսական օրէնքը կարգադրեց երկրորդ տասանորդ մը, որ մէկ կողմ կը դրուէր, իւրաքանչիւր տարի սրբազան տօներուն ընթացքին՝ ընտանիքին ապրուստին եւ հաճոյքին համար (Բ. Օր. 14։22-27)։ Սակայն, եօթնամեայ շաբաթական շրջանի ամէն երրորդ եւ վեցերորդ տարիներուն աւարտին, իսրայէլացիները այս տասանորդը գործածեցին աղքատներուն ե՛ւ ղեւտացիներուն օգնելու։ Այս կարգադրութիւնը ինչո՞ւ ղեւտացիները պարփակեց։ Քանի որ իսրայէլի մէջ «բաժին ու ժառանգութիւն» չունէին (Բ. Օր. 14։28, 29)։
6. Թէեւ ղեւտացիները Իսրայէլի մէջ տոհմային բաժին չունէին, անոնք ո՞ւր պիտի բնակէին։
6 Թերեւս հարց տաս. ‘Եթէ ղեւտացիներուն հողամաս չէր նշանակուած, անոնք ո՞ւր պիտի բնակէին’։ Աստուած անոնց համար կարգադրեց 48 քաղաքներ իրենց արուարձաններով, որոնք ապաստանի վեց քաղաքները պարփակեցին (Թուոց 35։6-8)։ Ուստի, ղեւտացիները բնակելու տեղ ունէին, երբ Աստուծոյ սրբարանին մէջ չէին ծառայեր։ Եհովա շատ լաւ կերպով հոգ տարաւ անոնց կարիքներուն՝ որոնք իրենց անձերը իր ծառայութեան տրամադրեցին։ Յստակ է որ ղեւտացիները կրնային ցոյց տալ, թէ Եհովա իրենց բաժինն էր, վստահ ըլլալով թէ Ան իրենց կարիքները գոհացնելու ոյժ ունէր եւ թէ կ’ուզէ՛ր իրենց հոգ տանիլ։
7. Ղեւտացիներէն ի՞նչ բան պահանջուած էր, որպէսզի Եհովան իրենց բաժինը ըլլար։
7 Օրէնքը չէր պատժեր այն իսրայէլացին որ տասանորդ չէր տար։ Երբ մարդիկ տասանորդ տալու նկատմամբ անհոգ ըլլային, քահանաներն ու ղեւտացիները կը տուժէին։ Ասիկա Նէեմիայի օրերուն պատահեցաւ։ Առ ի արդիւնք, ղեւտացիները ստիպուեցան իրենց դաշտերուն մէջ աշխատիլ՝ իրենց ծառայութիւնը անտեսելով (կարդա՛ Նէեմիա 13։10)։ Յստակ է որ Ղեւիի տոհմին ապրուստը, ազգին հոգեւորութենէն կախեալ էր։ Աւելին, քահանաներն ու ղեւտացիները կարիք ունէին հաւատք ընծայելու Եհովային եւ իրենց հոգ տանելու Իր միջոցին։
Անհատներ՝ որոնց բաժինը Եհովան էր
8. Նկարագրէ ղեւտացի Ասափին դիմագրաւած խնդիրը։
8 Ղեւտացիներուն՝ որպէս տոհմ, բաժինը պիտի ըլլար Եհովան։ Սակայն, ուշադրութեան արժանի է թէ ղեւտացի անհատներ գործածեցին «Տէրը իմ բաժինս է» արտայայտութիւնը, Աստուծոյ հանդէպ նուիրուածութիւն եւ ապաւինութիւն ցոյց տալու համար (Ողբք 3։24)։ Այսպիսի ղեւտացի մը երգող եւ երգագիր էր։ Անոր պիտի ակնարկենք որպէս Ասափ, թէեւ կրնայ ըլլալ որ Ասափի ընտանիքին մէկ անդամն էր,– այն ղեւտացին՝ որ Դաւիթ թագաւորի օրերուն երգիչները առաջնորդեց (Ա. Մն. 6։31-43)։ Սաղմոս 73–ի մէջ կը կարդանք թէ Ասափ (կամ իր զարմէն մէկը) շփոթեցաւ եւ նախանձեցաւ ամբարիշտներուն՝ որոնք բարգաւաճ կեանք կը վարէին։ Ան նոյնիսկ ըսաւ. «Յիրաւի զուր տեղը իմ սիրտս մաքրեցի ու իմ ձեռքերս անմեղութիւնով լուացի»։ Ակներեւաբար, ան իր ծառայութեան առանձնաշնորհումը անտեսեց. ան չգնահատեց թէ Եհովա իր բաժինն էր։ Ան հոգեւորապէս տակնուվրայ էր «մինչեւ որ Աստուծոյ սրբարանը [մտաւ]» (Սաղ. 73։2, 3, 12, 13, 17)։
9, 10. Ասափ ինչո՞ւ կրցաւ Աստուծոյ ակնարկել որպէս ‘յաւիտեան իր բաժինը’։
9 Սրբարանին մէջ, Ասափ սկսաւ հարցերը Եհովայի տեսանկիւնէն դիտել։ Թերեւս դուն նոյն փորձառութիւնը ունեցած ես։ Կրնայ ըլլալ որ որոշ մէկ հանգրուանին, հոգեւոր առանձնաշնորհումներդ անտեսելով՝ սկսար կեդրոնանալ չունեցած նիւթական բաներուդ վրայ։ Բայց Աստուծոյ Խօսքը սերտելով եւ քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուելով, սկսար հարցերը Եհովային կերպով նկատել։ Սաղ. 73։23, 25)։ Ապա ան Աստուծոյ ակնարկեց որպէս իր բաժինը (կարդա՛ Սաղմոս 73։26)։ Թէեւ սաղմոսերգուին ‘մարմինը ու սիրտը մաշին’, Աստուած ‘յաւիտեան իր բաժինը’ պիտի ըլլար։ Սաղմոսերգուն վստահ էր, թէ Եհովան զինք պիտի յիշէր որպէս իր բարեկամը։ Իր հաւատարիմ ծառայութիւնը պիտի չմոռցուէր (Ժող. 7։1)։ Ի՜նչ հաւաստիացուցիչ ըլլալու էր ատիկա Ասափին։ Ան տաղերգեց. «Աստուծոյ մօտենալս բարի է ինծի։ Յոյսս դրեր եմ Տէր Եհովային վրայ» (Սաղ. 73։28)։
Ասափ ըմբռնեց թէ ամբարիշտներուն ի վերջոյ ի՛նչ պիտի պատահէր։ Ան իր վիճակին մասին խորհրդածեց եւ գիտակցեցաւ թէ Եհովա իր աջ ձեռքէն պիտի բռնէր եւ զինք առաջնորդէր։ Ուստի, Ասափ կրցաւ Եհովայի ըսել. ‘Երկրի վրայ քեզմէ զատ մէկը չեմ ուզեր’ (10 Եհովան իր բաժինը ըլլալը, աւելի՛ նշանակեց Ասափի քան՝ նիւթական օժանդակութիւնը, որ որպէս ղեւտացի կը ստանար։ Ան գլխաւորաբար կ’ակնարկէր իր ծառայութեան առանձնաշնորհումին եւ Եհովայի հետ իր յարաբերութեան,– Բարձրեալին հետ իր մշակած բարեկամութիւնը (Յակ. 2։21-23)։ Այդ յարաբերութիւնը պահպանելու համար, սաղմոսերգուն պէտք էր Եհովայի հանդէպ հաւատք պահէր՝ իրեն վստահելով։ Ասափ պէտք էր վստահութիւն ունենար, թէ Եհովա երջանիկ ապագայով զինք պիտի վարձատրէր, եթէ աստուածային չափանիշին համաձայն ապրէր։ Ամենակարողին հանդէպ նոյն վստահութիւնը կրնա՛ս ունենալ։
11. Երեմիա ի՞նչ հարցում ունէր եւ ատիկա ինչպէ՞ս պատասխանուեցաւ։
11 Երեմիա մարգարէն ուրիշ ղեւտացի մըն էր, որ Եհովան ընդունեց որպէս իր բաժինը։ Նկատի առնենք թէ ան այս արտայայտութեամբ ի՛նչ ըսել ուզեց։ Երեմիա կ’ապրէր Անաթովթի մէջ, ղեւտացիներու մէկ քաղաքը՝ Երուսաղէմի մօտ (Եր. 1։1)։ Առիթով մը, Երեմիա շփոթեցաւ. ինչո՞ւ ամբարիշտները կը բարգաւաճէին, իսկ արդարները կը տառապէին (Եր. 12։1)։ Տեսնելէ ետք՝ թէ Երուսաղէմի եւ Յուդայի մէջ ի՛նչ կը պատահէր, ան մղուեցաւ իր տեսածին մասին ‘գանգատելու’։ Երեմիա գիտէր թէ Եհովա արդար է։ Մարգարէն իր հարցումին հաստատ պատասխան ստացաւ, երբ Եհովա զինք ներշնչեց որ կործանումի պատգամ մը քարոզէ, եւ ապա այս մարգարէութիւնը կատարեց։ Ի ներդաշնակ աստուածային մարգարէութիւններուն հետ, Եհովայի ուղղութեան հնազանդողները ‘իրենց կեանքը իբրեւ աւար ստացան’, մինչդեռ բարգաւաճ ամբարիշտները ազդարարութիւնը անտեսեցին եւ բնաջնջուեցան (Եր. 21։9)։
12, 13. ա) Ի՞նչ բան մղեց Երեմիան որ յայտարարէ՝ «Տէրը իմ բաժինս է», եւ ան ինչպիսի՞ կեցուածք ունէր։ բ) Իսրայէլի բոլոր տոհմերը ինչո՞ւ յոյս կամ համբերութեամբ սպասելու կեցուածք պէտք էր մշակէին։
12 Երբ Երեմիա իր կործանուած հայրենիքը դիտեց, իրեն թուեցաւ թէ մութին մէջ կը քալէր։ Կարծես թէ Եհովան զինք ‘շատոնց մեռածներու պէս նստեցուցած էր’ (Ողբք 1։1, 16. 3։6)։ Երեմիա կամակոր ազգին ըսած էր որ իրենց երկնաւոր Հօր վերադառնային, բայց անոնց չարութիւնը ա՛յն աստիճան հասած էր, որ Աստուած թոյլ տուաւ որ Երուսաղէմն ու Յուդան կործանուին։ Ատիկա Երեմիայի ցաւ պատճառեց, հակառակ անոր որ ան յանցաւոր չէր։ Իր նեղութիւններուն մէջ, մարգարէն Աստուծոյ գթութիւնը յիշեց ու ըսաւ. «Չհատանք»։ Արդարեւ, Եհովայի գթութիւնը ամէ՛ն առտու կը նորոգուի։ Այն ատեն էր որ Երեմիան յայտարարեց. «Տէրը իմ բաժինս է»։ Ան շարունակեց որպէս մարգարէ Եհովայի ծառայելու առանձնաշնորհումը ունենալ (կարդա՛ Ողբք 3։22-24)։
13 Իսրայէլացիները 70 տարի հայրենիք պիտի չունենային։ Ատիկա ամայի պիտի մնար (Եր. 25։11)։ Սակայն, Երեմիայի արտայայտութիւնը՝ «Տէրը իմ բաժինս է», յայտնեց իր վստահութիւնը աստուածային ողորմութեան վրայ, եւ իրեն պատճառ տուաւ ‘յուսալու’ կամ համբերութեամբ սպասելու։ Իսրայէլի բոլոր տոհմերը իրենց ժառանգութիւնը կորսնցուցած էին, ուստի կարիք ունէին Երեմիայի նոյն կեցուածքը մշակելու։ Անոնց միակ յոյսը Եհովան էր։ 70 տարի ետք, Աստուծոյ ժողովուրդը իր հայրենիքը վերադարձաւ եւ հոն Իրեն ծառայելու առանձնաշնորհումը ունեցաւ (Բ. Մն. 36։20-23)։
Եհովա ուրիշներուն բաժինը կրնար ըլլալ
14, 15. Ղեւտացիներէն զատ, ո՞վ Աստուած իր բաժինը ըրաւ եւ ինչո՞ւ։
14 Թէ՛ Ասափ եւ թէ Երեմիա Ղեւիի տոհմէն էին. բայց միա՞յն ղեւտացիները կրնային Եհովայի ծառայելու առանձնաշնորհումը ունենալ։ Բնա՛ւ երբեք։ Երիտասարդ Դաւիթ՝ Իսրայէլի ապագայ թագաւորը, Աստուծոյ ըսաւ. «Դո՛ւն ես. . . իմ բաժինս կենդանիներու երկրին մէջ» (կարդա՛ Սաղմոս 142։1, 5)։ Երբ Դաւիթ այս սաղմոսը յօրինեց, պալատի կամ նո՛յնիսկ տան մը մէջ չէր։ Ան իր թշնամիներէն պահուըտելով՝ քարայրի մէջ էր։ Առնուազն երկու առիթով Դաւիթ քարայրներու մէջ ապաստանեցաւ,– անգամ մը Ոդողոմի մօտ, իսկ ուրիշ անգամ Ենգադդիի անապատին մէջ։ Թերեւս 142–րդ սաղմոսը այդ քարայրներէն մէկուն մէջ յօրինեց։
15 Եթէ պարագան այդ էր, Սաւուղ թագաւորն էր որ Դաւիթը կը հետապնդէր, ուզելով անոր կեանքը խլել։ Դաւիթ անհասանելի քարայր փախաւ (Ա. Թագ. 22։1, 4)։ Այս հեռաւոր շրջանին մէջ, թերեւս Դաւիթի թուեցաւ թէ ո՛չ մէկ բարեկամ իր կողքին էր՝ զինք պաշտպանելու համար (Սաղ. 142։4)։ Այն ատեն էր որ Դաւիթ Աստուծոյ աղաղակեց։
16, 17. ա) Դաւիթ անօգնական զգալու ի՞նչ պատճառներ ունէր։ բ) Դաւիթ օգնութեան համար որո՞ւ կրնար դիմել։
16 Երբ Դաւիթ 142–րդ սաղմոսը յօրինեց, հաւանաբար գիտցած էր թէ ի՛նչ պատահած էր Աքիմելէք քահանայապետին՝ որ անգիտակցաբար իրեն օգնած էր, մինչ Սաւուղի երեսէն կը փախչէր։ Նախանձոտ Սաւուղ թագաւոր Աքիմելէքն ու իր ընտանիքը սպաննեց (Ա. Թագ. 22։11, 18, 19)։ Դաւիթ անոնց մահուան համար պատասխանատու զգաց. կարծես ինք սպաննած էր իրեն օգնած քահանան։ Եթէ Դաւիթի տեղը ըլլայիր, պատասխանատու պիտի զգայի՞ր։ Ասկէ զատ, Դաւիթի ընկճուածութիւնը կը խորանար, քանի որ Սաւուղ շարունակ զինք կը հետապնդէր։
17 Անկէ քիչ ետք, Սամուէլ մարգարէն մեռաւ, որ Դաւիթը որպէս ապագայ թագաւոր օծած էր (Ա. Թագ. 25։1)։ Ասիկա թերեւս Դաւիթի անօգնական ըլլալու զգացումը աւելցուց։ Սակայն Դաւիթ գիտէր թէ օգնութեան համար կրնար Եհովայի՛ն դիմել։ Ան ղեւտացիներու ծառայութեան նոյն առանձնաշնորհումը չունէր, բայց արդէն ուրիշ տեսակի ծառայութեան համար օծուած էր,– ի վերջոյ Աստուծոյ ժողովուրդին թագաւորը ըլլալ (Ա. Թագ. 16։1, 13)։ Ուստի, Դաւիթ իր սիրտը Եհովայի առջեւ թափեց եւ շարունակեց առաջնորդութեան համար անոր դիմել։ Դուն ալ կրնա՛ս եւ պէ՛տք է որ Եհովան բաժինդ եւ ապաստանդ ընես՝ մինչ իր ծառայութեան մէջ ծանր կ’աշխատիս։
18. Այս յօդուածին մէջ մեր քննարկած անհատները ինչպէ՞ս ցոյց տուին թէ Եհովա իրենց բաժինն էր։
18 Մեր նկատի առած անհատները Եհովան իրենց բաժինը ըրին, այն առումով որ անոնք իր ծառայութեան մէջ նշանակում մը ստացան։ Անոնք ապրուստի համար Աստուծոյ ապաւինեցան, մինչ իրեն կը ծառայէին։ Թէ՛ ղեւտացիները եւ թէ իսրայէլի միւս տոհմերէն անհատներ, ինչպէս՝ Դաւիթ, կրնային թոյլ տալ որ Աստուած իրենց բաժինը ըլլայ։ Նմանապէս, դուն ինչպէ՞ս կրնաս թոյլ տալ որ Եհովա քու բաժինդ ըլլայ։ Ասիկա յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 4 Մանրամասնութեանց համար թէ քահանայութեան ինչպէ՛ս հոգ կը տարուէր, տե՛ս Խորաթափանց ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ, Բ. հատոր, էջ 684։
Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանես
• Եհովա ի՞նչ առումով ղեւտացիներուն բաժինն էր։
• Ասափ, Երեմիա եւ Դաւիթ ի՞նչ ըրին, ցոյց տալով թէ Եհովա իրենց բաժինն էր։
• Աստուած քու բաժինդ ըլլալու համար, ո՞ր յատկութեան պէտք ունիս։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Մէջբերում՝ էջ 13]
Ղեւտացիները կալուած չստացան. փոխարէն՝ Եհովա իրենց բաժինն էր, քանի որ իրեն ծառայելու մեծ առանձնաշնորհումը ունէին
[Նկար՝ էջ 15]
Եհովա ինչպէ՞ս քահանաներուն եւ ղեւտացիներուն բաժինն էր