Որո՞նք երեխաներուն պէտք է սորվեցնեն Աստուծոյ մասին
Որո՞նք երեխաներուն պէտք է սորվեցնեն Աստուծոյ մասին
«Աշակերտը իր վարդապետէն մեծ չէ, իսկ ամէն կատարելապէս վարժուածը իր վարդապետին պէս կրնայ ըլլալ» (ՂՈՒԿԱՍ 6։40)։
ԿԱՐԳ մը ծնողներ Աստուծոյ մասին իրենց զաւակներուն սորվեցնելու անորակեալ կը զգան։ Անոնք թերեւս խորհին թէ հարկ եղած ուսումը չունին կամ կրօնքի մասին բաւական գիտելիքներ չունին, որ ազդու ուսուցիչներ ըլլան։ Առ ի արդիւնք, անոնք հակամէտ կ’ըլլան այս կենսական պարտականութիւնը ազգականի մը կամ կրօնական առաջնորդի մը ձգելու։
Սակայն որո՞նք լաւագոյնս ի վիճակի են երեխաներուն կրօնական ճշմարտութիւններ եւ բարոյական սկզբունքներ սորվեցնելու։ Նկատի առ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ այս նիւթին շուրջ, եւ բաղդատէ զայն հետազօտիչներու յայտնաբերումներուն հետ։
Ի՞նչ է հօր դերը
Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ. «Հայրե՛ր, ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, հապա զանոնք մեծցուցէք Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը» (Եփեսացիս 6։4)։
Ինչ որ հետազօտիչները յայտնաբերած են. Հայրերը ինչպէ՞ս կ’օգտուին, եթէ կրօնական զօրաւոր համոզումներ զարգացնեն։ 2009–ին հրատարակուած յօդուած մը նշեց. «Կրօնական համայնքի մը մէկ մասը ըլլալը կրնայ տղամարդոց օգնել որ աւելի լաւ հայրեր ըլլան։ Կրօնքը անհատներու կը հայթայթէ ընկերային օժանդակութիւն եւ հաւասարակշռութիւն, ինչպէս նաեւ շարք
մը ուսուցումներ եւ ուղեգիծներ՝ կեանքը ինչպէ՛ս վարելու մասին» (Fathers’ Religious Involvement and Early Childhood Behavior)։Աստուածաշունչը մեծ շեշտ կը դնէ, երեխաները մեծցնելու եւ մարզելու մէջ հօր դերին կարեւորութեան վրայ (Առակաց 4։1. Կողոսացիս 3։21. Եբրայեցիս 12։9)։ Բայց այդ խրատը այսօր գործնակա՞ն է։ 2009–ին, Ֆլորիտայի Համալսարանը հրատարակեց յօդուած մը, որ քննարկեց հայրերուն ունեցած ազդեցութիւնը իրենց զաւակներուն վրայ։ Հետազօտիչները նկատեցին, թէ այն երեխաները՝ որոնց հայրերը գործօն կերպով իրենց կրթութեան մէջ բաժին բերած էին, աւելի հաւանականութիւն ունէին կարեկից ըլլալու եւ արժանապատուութեան աւելի լաւ զգացում ունենալու։ Նուազ հաւանականութիւն կար որ տղաքը վատ վարք ունենային, իսկ մեծ հաւանականութիւն կար որ աղջիկները աւելի լաւ մտային առողջութիւն ունենային։ Արդարեւ Աստուածաշունչի խրատը տակաւի՛ն գործնական է։
Մօր դերը ո՞րքան կարեւոր է
Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ. «Քու մօրդ օրէնքը մի՛ մերժեր» (Առակաց 1։8)։
Ինչ որ հետազօտիչները յայտնաբերած են. 2006–ին, գիրք մը նշեց. «Միջին հաշուով, մայրերը 65-80 տոկոսով աւելի ժամանակ կ’անցընեն քան հայրերը, իրենց փոքր զաւակներուն հետ ուղղակի հաղորդակցելով։ Եւ այս համեմատութիւնը բազմաթիւ երկիրներու մէջ նոյնն է» (Handbook of Child Psychology)։ Այսքան ժամանակ հաղորդակցելով, մօր խօսքերը, արարքներն ու կեցուածքները խորապէս կ’ազդեն զաւկին աճման։
Երբ հայրն ու մայրը միասնաբար կ’աշխատին, որ իրենց զաւակներուն սորվեցնեն ճշմարտութիւնը Աստուծոյ մասին, առնուազն երկու թանկագին նուէրներ կու տան անոնց։ Առաջին, երեխաները իրենց երկնաւոր Հօր հետ բարեկամութիւն հաստատելու պատեհութիւնը կ’ունենան, բարեկամութիւն մը՝ որ ամբողջ կեանքի տեւողութեան կրնայ իրենց օգտել։ Երկրորդ, երեխաները օրինակով կը սորվին թէ ինչպէ՛ս ամուսինն ու կինը պէտք է համագործակցին կարեւոր նպատակակէտերու հասնելու համար (Կողոսացիս 3։18-20)։ Մինչ ուրիշներ թերեւս կրնան հօր ու մօր աջակցիլ, ծնողներո՛ւն պատասխանատուութիւնն է զաւակներուն սորվեցնել Աստուծոյ մասին եւ թէ ան ինչպէ՛ս կ’ուզէ որ ընտանիքը գործէ։
Սակայն, ծնողները իրենց զաւակներուն ինչպէ՞ս պէտք է սորվեցնեն։ Ի՞նչ մեթոտներ հաւանաբար աւելի ազդեցիկ են։